Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 28. Show all posts
Showing posts with label 28. Show all posts

Saturday, May 23, 2026

Feb,28, 2024, A weekend, of, spiritual,renual, at, St, Sahag, St Mesrob,Zarmine, Boghosian

 

ՀՈԳԵՒՈՐ  ՍՆՈՒՆԴ  ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ  ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ  ՄԸ ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ  Ս ՍԱՀԱԿ-ՍՄԵՍՐՈՊ  ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ  ՆԵՐՍ

 

Զարմինէ Գ Պօղոսեան

 zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Մեծ Պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ Որդիին նուիրուած Կիրակիին նախորդ օրերը Փետրուար 23, 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Ինչպէս որ հոս Հայց եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է որ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբ Գրային սերտողութեամբ, այս եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները  յաջորդաբար -  Դոկտ Գարօլայն Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեան, Ալէքս եւ Դալար Սարաֆեանները, Դոկտ Ճէսի Արլէն, Սարկաւագ Յովհաննէս Խոստեղեանը, եւ Դոկտ Սիլվի Մերեանը։

            Փետրուար 23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով որ երեք օր յաջորդաբար արարողութիւն տեղի ունեցաւ, եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։

            Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի Ժամերու իրիկնային ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք։

Ուրբաթ գիշերուայ ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի Հայ Համայնքի մասին  ի մասնաւորի ներկայ կացութեան մասին։

Օրուան դասախօս Արփի Նագաշեանը, ծնած եւ մեծցած ըլլալով Հին քաղաք Երուսաղէմի մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց մեզ Ս Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնը` որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու օգնութեամբ եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով մեզ փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

            Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին միաժամանակ մտերմացուց մեզ Ս քաղաքի Սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:  

            Ներկաներէն ուղղուած հարցին թէ՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը կրնայ լաւագոյնս աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին»  ի պատասխան Արփին շեշտեց ըսելով-  «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ․․․ Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը հայերուս համար»:    

Հայերը ժամանակին, յետ եղեռնեան տարիներուն, Հայկական թաղամասին մէջ 20 հազարէն աւելի էին, հիմա հազիւ հազար(1,000) կամ հազար հինգ հարիւր (1,500 հոգի) կը հաշուըուի։ «Մենք՝ հայերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն ու հաւատարմութիւնը այդ հողակտորին հանդէպ, քանի որ այդ հողամասը ոչ միայն շատ արժէքաւոր է, այլ եւ դարերէ ի վեր մե՛զի է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է որ այս օրերուն կան այլ խումբեր, որոնք կը ջանան տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին» - ընդգծեց մեր Սաղիմահայ դասախօսը:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ՝ Փետրուար 24-ին  Ս Սահակ եւ Ս Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ դասախօսութիւն՝ նուիրուած՝ Սրբադասուած Հայ Կիներու։  (Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է  նուիրել CASP-ին Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին)։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Իրար քով եկած էին համայնքիս չորս հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը- Արժ ՏԱրմաշ Քհնյ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց Եկեղեցւոյ հովիւ`  Արժ Տ Յակոբ Քհնյ Գէորգեանը, Ս Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ Տ Ասատուր ՔհնյՄինասեանը եւ Ս Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝Պատվելի Հեթհըր Օհանեսօնի հետ:

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող 100-ի մօտ հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ սրահը։ Ս Սահակ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Ժիւլիէթ Տէյիրմէնճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։

Պատվելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը։ 

Ապա եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ Տ Արմաշ Քհնյ Պաղտասարեանը ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ի մասնաւորի օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիներուն։

Տիկին Էմիլի Թերճիմանեանը մտերմիկ ու քնքոյշ խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Օրդ Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլադիմիր ուղղափառ աստուածաբանական ճեմարանները, ստացած ե նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ կ՛աշխատի իր աւարտական թէզին վրայ Դոկտորականի համար, նիւթ ունենալով- «Յոբի գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։

Արփի Նագաշեանի օրուան նիւթն էր 8-րդ դարու հայ կին բանաստեղծ, շարականագիր, երաժիշտ՝ Խոսրովիդուխդը: Արփին շեշտը դրաւ թէ ինչպէս Խոսրովիդուխդը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ»  գեղեցիկ օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց որ իր ունկընդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ, եւ սէր՝ նուիրելու շուրջիններուն, ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն որ անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:

Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Տիկին Բամելա Մամուրեանը մի քանի տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Արժ Տ Բարի Քհնյ Մեթճեանի Երէցկինը  Տիկին Անժէլ Մեթճեանը, որպէս հաղորդավար հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք Երեցկիներ՝ Աննա Գէորգեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս Սահակ-Ս Մեսրոպի Երէցկին ՝ Տիկին Մարան Պաղտասարեանը։

Երեք երիտասարդ Երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք պատմեցին թէ ինչպէս դարձեր են Երէցկին։ Անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:

Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած Կիրակիին։  Տէր Արմաշը իր ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին մասին։ Նոյնիսկ այնպիսի հանգամանք-ներուն երբ  մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ Որդիին պէս, եւ կրնանք մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։

Ո՞րն է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր պատկերով: Աստուած իր շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կարող ենք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական բնոյթը չէ. մենք կարող ենք մաքրուիլ Աստուծոյ կողմէ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Ասիկա ԻՐ մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։

Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է որ «Մենք մեր ժամանակը օգտագործենք Մեծ Պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար»:

Արարողութեան յաջորդող Սուրճի պահուն Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին 3-5-րդ դասարանի կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք, որպէս իրենց ուսումնական ծրագրի մաս՝ խոհանոց գացին Տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու Հայկական խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ ապա ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։

Ինչպէս որ Առակը կ՛ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» -  Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր, կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք, եւ շարունակեցէք Աստծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։

 

zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Sunday, July 20, 2025

2012_Jan_28_HMADS Celebrates 45th Anniversary with a Special Concert

 


Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի

45 -ամեակը Համերգով

Յասմիկ Գուլեան- January 18, 2012

  youtube

HMADS, 45th Anniversary Gala Banquet.

Surpazan Arch_Yeghishe Gizirian_Clergy_Ambassador Garen Nazarian Program participants

Եթէ Չարենցը 20-րդ դարում իր պատգամը խօսքով ձեւակերպեց թէ «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը հաւաքական ուժի մէջ է», ապա տառերի գիւտն անողը դերեւս 5-րդ դարում այն իրագործեց մէկ ազգի, մէկ ժողովուրդի համար:

Մտածողութեամբ ու գործով իրար կապելու, միացած շղթայ մնալու թշնամու հանդէպ միտումով:  Զինուորական էր: Նշանակում է  երդուել էր պատուով կատարել իրեն տրուած հրահանգները: Հոգեւորական էր: Առաջիններից՝ որ Աստուածաշնչի հատուածները եկեղեցու բեմից հնչեցրեց մեր ոսկեղնիկով:

Քանի որ բանաւոր  հայերէն լեզուն զարգացած ու մատչելի էր հաւատացեալ ժողովուրդին:  Այստեղից էլ այբուբեն ունենալու պահանջը հասունցած էր:  Մտածումի հետ ծնւում էր գիտնականը, իր ուժերին վստահ մտաւորականը: Օրուայ Վեհափառին հլու հաւատացեալ քրիստոնեան, թագաւորին երդւեալ զինուորական-քաղաքացին՝ այսօր աւելի քան 1600 տարի հայ ժողովուրդին պահում է հաւաքական դրօշի տակ:


            Այսօր Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի 45 –ամեակն է: Համերգ-խրախճանքը իրականացրել են ժրաջան ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ: Ոգին ի բռին աշխատել են լաւագոյնս ներկայացնելու ունկնդրին, եկող սերունդին:      

            Անժխտելիօրէն պարագլուխը  ՏիկԶարմինէ Պօղոսեանն է, վարժարանի տնօրէնուհին: Աւելի գեղեցիկ ու օրուան պատշաճ յղացում չէր կարող լինել, քան օգտագործել եկեղեւոյ սրբազան վայրը,  ուր  ունկնդրին զգօնութիւնը եւ ակնածանքը արթուն է:  

Որտեղ աթոռներների շրխկոց չես լսի:

Կազմակերպուած աշխատանքի արդիւնքը լաւագոյնս կ՛երեւայ եւ որ՝ ամէնակարեւորն է հնչականութիւնը-լսելիութիւնը յատուկ էր: Մուտք է գործում մոմերով ՍՆԱՎ-ի երգչախումբը: Երգի ուսուցչուհի, ղեկավար՝ Անահիտ Պօղոսեանը  կատարում է Կոմիտասի «Ով Մեծասքանչը» խօսք՝ Մեզպուրեանի, Ալ. Հեքիմեանի «Մեսրոպաշունչը» խօսք՝ Գ. Բանդուրեանի: Աշակերտներին ընկերակցում է ուսուցչուհին  որ առանձին ոգի է տալիս կատարմանը: Նուագակցող ուսուցչուհին է Ժանէթ Մարգարեանը եւ Նուարդ Ծ. Տատուրեանը: Ինչպէս միշտ Զարմինէ Պօղոսեանը իր գնահատական պատշաճ խօսքն է ասում: Շեշտում է, որ օրուան եկամտաբեր համերգի մասնակիցները, ովքեր երաժշտական կրթութեամբ որակաւոր կատարողներ են, իրենց ժամանակն ու կարողութիւնը առանց վարձատրութեան նուիրաբերել են շնորհակալ աշխատանքի յաջողութեան: Նրանցից ոմանք նախկին շրջանաւարտներ են,  զաւակները այսօր աշակերտ են ՍՆԱՎ-ի:

Յայտագիրը կազմուած էր հայ եւ օտար երգահանների ստեղծագործութիւններից, որ վկայում էր երգիչ-երգչուհիների ջութակահար-դաշնակահարի կատարման բարձրորակ մակարդակը: Վկայ՝ ծրագիր-յայտագրի գրքոյկում տրուած իւրաքանչիւրի կենսագրական նօթերը:

Այսպէս՝ արդար լինելու համար Ալպերթ Մալոթի «Տէրունական Աղօթքը», «Արփա-Սեւան»ը կատարում է պարիթոն Վաղարշակ Օհանեանը, Պուչինիի Լա Րոնտին, Դոդոխեանի «Ծիծեռնակը» սոփրանօ Անուշ Պարքլին: Ռախմանինովի երկու էտիւթ, Արամ Խաչատուրեանի պոէման՝ դաշնակահարուհի Թանիա Գաբրիէլեանը, Վերտիի «Թրուպատուր», Նիկոլ Գալանտարեանի «Արդեօք ո՞ւր ես» Մեցցօ սոփրանօ Յասմիկ Մէյխանէճեանը: Ալպէնիզ Թանկօ, Կոմիտաս «Ծիրանի Ծառ» ջութակահար Տիանա Վասիլեանը: Կոմիտաս «Երազ», «Սարերի Հովին մեռնեմ» կատարեց ժամանակակից երգչուհի Յուշերը: 

Վերջում կատարուեց Էրնէսթօ Տէ-Գըրթիսի եռեակ երգեցողութիւնը:

        Նման միջոցառումներ ի մի են բերում մարդկանց, վեր հանում բարի տրամադրութիւններ, մղում աւելի ազգօգուտ գործերի:

          Այս է նպատակը հետամուտ լինելու քաջութիւնը ունեցողին երանի:


     Հիւրասիրութեան  Սրահը հրաւիրող   ու ճաշակով ձեւաւորուած, յանձնախումբի անդամները խնդումերես, հիւրամեծար են՝ անկիւնի պաստառը տեխնիկայի վերջին խօսքով լուսանկարներով վկայում է, թէ ովքեր եկան ու անցան այս յարկի տակից: Ովքեր քար-քարի, շիւղ-շիւղի դրին ու կերտեցին այն, ինչ տեսնում ենք այսօր:

             Տարեդարձի կարկանդակը կտրւում է ծափ ու ծիծաղի տակ ու մինչեւ ուշ գիշեր շարունակւում է կերուխումը:



              Բարի երթ սրբազան գործի լծուած մարդկանց՝ ի փառս հայ գիրի, ի փառս Հայ  Դպրոցի, ի փառս հայ ոգու եւ միասնութեան:

Sunday, May 26, 2024

2018-May 28-centennial of first independant Armenia-Zarmine K Boghosian reflections for NARREC

 Սարդարապատի Ճակատամարտը- ՆԱՐԵԿԻ համար Գրեց՝ Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

2018--- Zarminé K Boghosian

–With Battle of Sardarabad let us honor the memory of: Generals Nazarbekian & Zoravar Antranik, Bishop Karekin Hovsepiants, (Later Catholicos of Cilicia), Catholicos Kevork IV and thousands of Armenians young and old, men and women.
First Armenian Independence was declared on May 28, 1918
Դարերու ընթացքին մեր մայրերը իրենց կաթին հետ հայրենասիրութիւն դիեցուցած են իրենց զաւակներուն: Հայ ժողովուրդը ազատու- թեան երազով ինչ-ինչ պայքարներ մղած է, անհամար զոհեր տալով: Հայ բանաստեղծները երգեր յօրինած են ժողովուրդը արթնցնելու:100+ տարի տարբերութեամբ կարդանք երկու տարբեր գործեր` Գամառ Գաթիպայէն եւ Պարոյր Սեւակէն:
Raphael Patkanian (also known as Kamar Katiba; Armenian: Ռափայէլ Պատկանեան+, Doni Rostov-Russia in 1830, his father and grandfather had been known for their poetic gifts. While at the University of Moscow, he created a literary club for his Armenian students and from initials of their names formed his own pen-name of: Kamar Katiba Գամառ-Քաթիպա.
Մայիս 28-ը Հայ ժողովուրդին համար նշանակալից օր մըն է:
Ամենուրեք մեծ շուքով կը տօնուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ-Մայիս 28, 1918-2018: Այդ օրերուն բազմահարիւր հայորդիներ ուխտագնացութեան պէս ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութեանց:
Անձկալից սպասումներէ եւ անհամար զոհաբերութիւններէն ետք, հաւաքական ճիգերով ձեռք-բերուած հպարտառիթ յաղթանակի տօնն է:
Հայ ժողովուրդին ճակատագրական մէկ հանգրուանի տօնախմբութիւնն է այս, որ դարերէ ի վեր անկախութիւն կորսնցուցած Հայը իր հողին վրայ պետութիւն կը հռչակէր: Սարտարապատը վկա՛յ, եւ Պարոյր Սեւակի ներշնչող տողերը-
Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար:
Այսպէս ծագեց արեգակեց, Սարտարապատի մարտը մեծ:
Զանգե՜՜ր , ղօղանջէ՛ք, Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար պատից:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք—Սարդարապատից:
Հոս կ՛արժէ անգամ մը եւս յիշել պատմական եղելութիւն մը որ պատահած էր Սարտարապատի 1918-ի հերոսամարտի նախօրեակին: Այդ օրերուն Էջմիածնի Ճեմարանի տեսուչ - ապա Կիլիկեան Թեմի Գարեգին Ա. Կաթողիկոս - Շնորհազարդ Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց Էջմիածնէն ուղղակի կ՛երթայ Սարտարապատ եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին կը դիմէ իր բոցավառ խօսքերով- «Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել իրեն: Ե՞լքը, եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը: Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ- հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ- նրա հրամանտարները գալիս էին Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ՝ նրա աջը համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մե՜ծ է ե՛ւ ահաւոր, որ ես ահա Սուրբ Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքը համբուրելու, որ փրկէք հայրենիքը... փրկէք ձեր պատիւը, հայի՛ պատիւը .....» ... եւ բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցնել տալով Հայ ժողովուրդին քաջութիւն կու տայ դուրս ելլելու իրենց տուներէն եւ յանուն Հայրենիքի պայքարելու: Մահ-ու-կենաց պայքար էր արդարեւ: Եւ... Հայ ժողովուրդը միս-մինակ թշնամիին առաջ էր:
Երեք ճակատներու վրայ ռազմավարական դասաւորումով կ՛առաջնորդուին հայ խմբակները: Սարտարապատի ճակատամարտի ղեկավարն էր՝ Զօրավար Դանիէլ Բեկ Փիրումեան, Բաշ-Ապարանի հրամանատարն էր՝ Դրաստամատ Կանայեան- Դրօ, Ղարաքիլիսայի զօրավարն էր-Թովմաս Նազարբէգեան:
Ահաւասիկ պատմական իրականութիւնը այն յաղթանակին, որ թշնամին վանելով Հայ ժողովուրդը կրցաւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ հռչակել, առաջին հանրապետութիւնը հիմնել:
ՍՐԲԱԶԱՆ ԽԵՆԹԵՐՈՒ, Անձնազոհ ու Գիտակի՛ց ղեկավարներու առաջնորդութեամբ եւ հայրենասէ՛ր հոգեւորականներու ներշնչումով համայն հայ ժողովուրդը բռնցքուած եւ մեծ հաւատքով պայքարած է, քաջ գիտնալով թէ երբ «ելք ու ճար» կը կարծուի որ չէր մնացած, միասնակամ ջանքերով յաղթական դուրս կարելի՛ է ելլել եւ գոյատեւել դարեր շարունակ:
Ժագ Յակոբեանի կուռ խօսքերով՝
Ամենաքաջ ձեռքերն էին- Հաւատացէք-
Որ մրրիկի պէս աւլեցին
Ներխուժողներն Հայաստանի:
Տէր Աստուծոյ ձեռքերն էին, Որ- հաւատացէ՛ք-
Յաւերժակուռ կոթողեցին – Սարդարապա՛տն Հայաստանին:
Ահա թէ ուր կը կեդրոնանայ Մայիս 28-ի եւ Սարդարապատի ՈԳԻՆ:

ZKB- New York, Մայիս 28, 2018

Thursday, October 28, 2021

My Morning Coffee_Zarmine

 

ՄԵՐ ԱՌՏՈՒԱՅ ՍՈՒՐՃԸ

 

            Նոր միջավայրի մէջ նոր ընթացք առած է մեր առօրեան։ Երկու տարիէ այսօրուայ պէս կանուխ դուրս ելած չունէինք։ Ի՜նչ հաճոյք էր մեր թոռնիկները դպրոց ուղեկցելու համար կանուխ արթննալ իրենց ժպտուն դէմքերը դիտելով դպրոց տանիլ։  

Հասանք դպրոց, որ միմիայն հինգ վեց վայրկեանի ճամբայ էր։ Դպրոցին դրան առաջ արդէն պատասխանատու կիներ կը սպասէին։ Մեր ինքնաշարժէն դուրս ելլելու կարիք չկար։ Իրենք դուռը կը բանան, կը դիմաւորեն, աշակերտին կ՛օգնեն եթէ դպրոցական պայուսակը ծանր է․․․այսպէս, ձգեցինք մեր հոգեհատորը իր ուսման օճախին առաջ․․․ եւ ․․ վերջ։

Ուրիշ ի՞նչ կրնայինք ընել, շատ կանուխ է եւ օրը երկար։ Որոշեցինք սուրճի երթալ մեզի մօտակայ «Տանքին Սուրճի»-ի խանութը։

            Ինքնաշարժէն դուրս ելած կը մօտենայի սուրճի խանութին դրան, խանութին ներսէն դուրս ելլող երիտասարդ մը երկու ձեռքերը լեցուն սուրճի գաւաթով եւ այլ ուտելիքներով ծանրաբեռնուած, ոտքը դրան դուռին բաց պահած սպասեց՝ որ ես ներս մտնեմ «Բարի Օր ձեզի» մաղթանք մըն ալ միացնելով իր ժպտուն դէմքին։

            Ապսպրուած սուրճն ու նախաճաշի բրթուճները առած նստեցանք հանգիստ մը, մենք մեզի վայելելու։ Արդէն մեզմէ զատ նստող չկար, բոլոր յաճախորդներն ալ արագ գործի վազողներ էին։  

Միայն մենք էինք նստելու աթոռ-սեղան պահողը։ Համավարակի պատճառով,ընդունուած ձեւով սեղանները որոշուած էին իրարմէ հեռու «կրնաս նստիլ կամ չես կրնար» ազդանշաններով։ Մենք անկիւն մը ծուարած, նստած էինք։ Ես հանդարտիկ մը սուրճս կ՛ըմբոշխնէի, յաճախորդներու եռուզեռին շարանը դիտելով։ Պոչ բռնած շարքէն յանկարծ երիտասարդուհի մը դարձաւ մեզի նայելով ժպտեցաւ եւ դիմակը կիսով մը վար առնելով ըսաւ․․․

-         Չէք կրնար երեւակայել ինչ յիշատակ եւ ժպիտ պատճառեցիք ինծի․․․ ինչ

լաւ հանդարտ նստած էք երկուքով եւ ձեր առաւօտեան սուրճը կը վայելէք․․․ իմ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս յիշեցուցիք որ ․․․․ այլեւս չկան․․․

 Է՜՜հ, այո՛, այսօր մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկի պարտականութիւն ստանձնած

էինք մեր թոռնիկներուն դպրոց ուղեկցելու։ Այդ ակնարկը միաժամանակ մեզի յիշեցուց, որ մեր սպիտակած գլուխներով մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկ կը յիշեցնենք մեր շուրջիններուն։ 

Յաճախ կը մոռնանք որ պապիկ-տատիկի տարազները հագած ենք, նորանոր կեանքի ապրելակերպ եւ առօրեայ ստանձնելով։

Նման ակնարկնութիւններ կու գան մեզի յուշելու ինչ որ ներքնապէս տակաւին երեւի չենք ընդունած։

Մի քանի տարիէ մեր առաւօտեան ժամերը ուրիշ ընթացք ունին։ Համավարակի պատճառաւ աճապարելու պէտք չունինք։ Կ՛արթննանք երբ որ ուզենք։ Զարթուցիչ զանգի պէտք չունինք, երբ ալ ըլլայ կ՛ըլլայ․․․ բացի անշուշտ եթէ բժիշկի ժամադրութիւն մը այդքան կանուխ չէ նշանակուած։

            Ես աւելի քան երեսուն տարի վարժուած էի առաւօտ կանուխ հինգ երեսունին արթննալ, բաւարար ժամանակ տալով ես ինծի պատրաստուելու եւ ինքնաշարժին մէջ ըլլալու եօթէն առաջ, գործի ժամանակին հասնելու, կամ այնպիսի ժամու մը որ զիս դպրոցի դրան առաջ հասցնէր բոլորէն առաջ, ամէնէն ուշը առաւօտեան ութին։

            Առաւօտեան սուրճի պահը ինծի համար վայելք էր հիմա։ Աճապարելու, ժամանակին տեղ հասնելու անհանգստութիւնը ներքնապէս կ՛ուտէր զիս եւ հաւանաբար այս աստիճան չէի ալ կրնար վայելել խմած սուրճիս համը։

Այսօր սուրճիս համը տեղն էր․․․

Բայց այդ «պապիկ ու տատիկ» դարձած ըլլալու մասին պէտք է քիչ մըն ալ ժամանակ տամ հաշտուելու․․․

Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 28 2021 – Springfield, PA

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...