Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label at. Show all posts
Showing posts with label at. Show all posts

Saturday, May 23, 2026

Feb,28, 2024, A weekend, of, spiritual,renual, at, St, Sahag, St Mesrob,Zarmine, Boghosian

 

ՀՈԳԵՒՈՐ  ՍՆՈՒՆԴ  ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ  ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ  ՄԸ ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ  Ս ՍԱՀԱԿ-ՍՄԵՍՐՈՊ  ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ  ՆԵՐՍ

 

Զարմինէ Գ Պօղոսեան

 zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Մեծ Պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ Որդիին նուիրուած Կիրակիին նախորդ օրերը Փետրուար 23, 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Ինչպէս որ հոս Հայց եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է որ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբ Գրային սերտողութեամբ, այս եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները  յաջորդաբար -  Դոկտ Գարօլայն Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեան, Ալէքս եւ Դալար Սարաֆեանները, Դոկտ Ճէսի Արլէն, Սարկաւագ Յովհաննէս Խոստեղեանը, եւ Դոկտ Սիլվի Մերեանը։

            Փետրուար 23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով որ երեք օր յաջորդաբար արարողութիւն տեղի ունեցաւ, եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։

            Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի Ժամերու իրիկնային ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք։

Ուրբաթ գիշերուայ ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի Հայ Համայնքի մասին  ի մասնաւորի ներկայ կացութեան մասին։

Օրուան դասախօս Արփի Նագաշեանը, ծնած եւ մեծցած ըլլալով Հին քաղաք Երուսաղէմի մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց մեզ Ս Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնը` որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու օգնութեամբ եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով մեզ փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

            Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին միաժամանակ մտերմացուց մեզ Ս քաղաքի Սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:  

            Ներկաներէն ուղղուած հարցին թէ՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը կրնայ լաւագոյնս աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին»  ի պատասխան Արփին շեշտեց ըսելով-  «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ․․․ Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը հայերուս համար»:    

Հայերը ժամանակին, յետ եղեռնեան տարիներուն, Հայկական թաղամասին մէջ 20 հազարէն աւելի էին, հիմա հազիւ հազար(1,000) կամ հազար հինգ հարիւր (1,500 հոգի) կը հաշուըուի։ «Մենք՝ հայերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն ու հաւատարմութիւնը այդ հողակտորին հանդէպ, քանի որ այդ հողամասը ոչ միայն շատ արժէքաւոր է, այլ եւ դարերէ ի վեր մե՛զի է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է որ այս օրերուն կան այլ խումբեր, որոնք կը ջանան տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին» - ընդգծեց մեր Սաղիմահայ դասախօսը:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ՝ Փետրուար 24-ին  Ս Սահակ եւ Ս Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ դասախօսութիւն՝ նուիրուած՝ Սրբադասուած Հայ Կիներու։  (Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է  նուիրել CASP-ին Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին)։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Իրար քով եկած էին համայնքիս չորս հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը- Արժ ՏԱրմաշ Քհնյ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց Եկեղեցւոյ հովիւ`  Արժ Տ Յակոբ Քհնյ Գէորգեանը, Ս Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ Տ Ասատուր ՔհնյՄինասեանը եւ Ս Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝Պատվելի Հեթհըր Օհանեսօնի հետ:

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող 100-ի մօտ հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ սրահը։ Ս Սահակ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Ժիւլիէթ Տէյիրմէնճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։

Պատվելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը։ 

Ապա եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ Տ Արմաշ Քհնյ Պաղտասարեանը ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ի մասնաւորի օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիներուն։

Տիկին Էմիլի Թերճիմանեանը մտերմիկ ու քնքոյշ խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Օրդ Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլադիմիր ուղղափառ աստուածաբանական ճեմարանները, ստացած ե նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ կ՛աշխատի իր աւարտական թէզին վրայ Դոկտորականի համար, նիւթ ունենալով- «Յոբի գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։

Արփի Նագաշեանի օրուան նիւթն էր 8-րդ դարու հայ կին բանաստեղծ, շարականագիր, երաժիշտ՝ Խոսրովիդուխդը: Արփին շեշտը դրաւ թէ ինչպէս Խոսրովիդուխդը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ»  գեղեցիկ օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց որ իր ունկընդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ, եւ սէր՝ նուիրելու շուրջիններուն, ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն որ անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:

Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Տիկին Բամելա Մամուրեանը մի քանի տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Արժ Տ Բարի Քհնյ Մեթճեանի Երէցկինը  Տիկին Անժէլ Մեթճեանը, որպէս հաղորդավար հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք Երեցկիներ՝ Աննա Գէորգեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս Սահակ-Ս Մեսրոպի Երէցկին ՝ Տիկին Մարան Պաղտասարեանը։

Երեք երիտասարդ Երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք պատմեցին թէ ինչպէս դարձեր են Երէցկին։ Անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:

Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած Կիրակիին։  Տէր Արմաշը իր ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին մասին։ Նոյնիսկ այնպիսի հանգամանք-ներուն երբ  մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ Որդիին պէս, եւ կրնանք մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։

Ո՞րն է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր պատկերով: Աստուած իր շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կարող ենք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական բնոյթը չէ. մենք կարող ենք մաքրուիլ Աստուծոյ կողմէ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Ասիկա ԻՐ մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։

Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է որ «Մենք մեր ժամանակը օգտագործենք Մեծ Պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար»:

Արարողութեան յաջորդող Սուրճի պահուն Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին 3-5-րդ դասարանի կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք, որպէս իրենց ուսումնական ծրագրի մաս՝ խոհանոց գացին Տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու Հայկական խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ ապա ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։

Ինչպէս որ Առակը կ՛ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» -  Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր, կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք, եւ շարունակեցէք Աստծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։

 

zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Tuesday, May 21, 2024

April 24-2024 Memorable Day at St Sahag and St Mesrob-Masis Artilce - by Zarmine Boghosian

 https://massispost.com/am/2024/05/01/%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%81-%d5%b7%d5%a1%

d6%80%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%b8%d5%b2-%d6%81%d5%a5%d5%b2%d5%a1%d5%bd%d5%ba%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b6-109-%d6%80/?fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTAAAR32P11FUGLCZDfj6xMfTHHaqx2oPMkAZ9GR4HYfvQHiazfWJQcdYeFpUFY_aem_AUveETrKsN-35E10FLDFtd9GRfYDZfpzH_W9OZhGQL58Kq8Rt8V6ZsGf95z5g9spppH_Jip0e9Sic_EauhS2803t

Հայոց Շարունակուող Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը * 1915-2024

05/01/2024

Դարձեալ Ապրիլ 24 է։

109 տարիէ շարունակուող ցեղասպանւթեան անմոռանալի վիշտն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ կորուստներու անվերջանալի շարանը, աշխարհի չորս ծագերուն վերապրողներու սերունդները չեն մոռնար, չեն լրնար մոռնալ եւ չեն ձգեր որ մոռցուի ահաւոր մարդկային կորուստներուն հետ մեր հողերն ու ազգային հարստութիւնները։ Հայ համայնքներէն ներս ամենուրեք կը շարունակուի յիշատակուիլ եղեռն ու ցեղասպանութիւնը նոր սերունդի հաւաքներով եւ վերապրողներուն գոյատեւելու հաւատքով, պայքարելու, չմոռնալու եւ պահանջատիրութեան ուխտով կենդանի պահելու մեր նախնիներուն ուխտը։

Ինչպէս անցնող տարիներուն Ֆիլատելֆիոյ Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը ը- ՖՄԿ- ի մի կը բերէ այս քաղաքի հինգ հայկական եկեղեցիներու ժողովուրդը զանոնք մասնակից դարձնելու եւ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ յիշատակելու Օրը։ Իսկապէս օրինակելի, նախանձելի եւ քաջալերելի երեւոյթ է, միա՛կն է – եթէ չեմ սխալիր- որ կ՛արժէ բոլոր հայ համայնքները հետեւին այս օրինակին։

Այս տարի հիւրընկալ եկեղեցին Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ Հայց․ եկեղեցիին էր կարգը, գլխաւորութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանին։

Ներկայ էին համայնքի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ՝  Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Պօղոս Վրդ․ Տինքճեանը, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Յակոբ Քհնյ․Գէորգեանը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Ասատուր Քհնյ․ Մինասեանը, Հայ Քոյրերու Վարժարանէն Տնօրէնուհի Քոյր էմմա Մուսայեանը, Քոյր Գայանէ Թապաքեանը, Երէցկին Անժէլ Մեթճեանը որոնք միասնաբար վարեցին եկեղեցւոյ մէջ հանգստեան շարականներն ու արարողութիւնը։

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ Յիշատակի Սրահը, ուր Միջ-Համայնքային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Անդրանիկ Քիզիրեանի բարի գալուստի խօսքով ընթացք առաւ յայտագիրը, իրեն գործակից ունենալով Ս․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ սարկաւագ՝ Սթիվըն Քէյթանջեանը։

Սրահը զադարուած էր հարիւրէ աւելի զանազան մարզերու մէջ համբաւ շահած վերապրող սերունդին յաջորդող նշանաւոր ամերիկահայերու նկարներով, բոլորին ամփոփ կենսագրական տուեալներով, որոնք զանազան մարզերու մէջ իրենց դրական ներդրումը ունեցած են ամերիկեան կեանքին։

Յայտագիրը ընթացք առաւ երբ Սթիվըն Քէյթանջեանը բեմ հրաւիրց նոր սերունդի ներկայացուցիչ Ս․ Սահակ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներէն՝ պատանի՝ Մառք Գրիգորեանը, որ իր ջութակով հիացուց հանդիսատեսը երկու գեղեցիկ երաժշտական կտոր հրամցնելով ներկաներուն։

Օրուան բանախօսն էր Դոկտ․ Անի Գալայճեան։ Ան շատ ծանօթ մասնագէտ մըն է հայ թէ օտար հոգեբանութեան աշխարհէն ներս։ Անցնող տասնամեակներուն, իր մարդասիրական գործունէութեամբ կրցած է օգնութեան ձեռք երկարել Հայաստանէն մինչեւ Հեյիթի, Բօրթօ-Ռիքօ, Ափրիկէ մարդասիրական եւ հոգեբանական օգնութիւն հասցնելով երկրաշարժէն եւ այլ բնութեան արհաւիրքներէն տուժուած երկրի ժողովուրդներուն։ Մասնագէտ է յետ-եղեռնի, բնութեան եւ մարդկային վայրագութիւններուն յաջորդող, կեանքի դժբախտութիւններն ու ընկճախտը դիմագրաւելու, յաղթահարել կարենալու ապաքինման հարցերով։

Յարգելի դասախօսուհին յատկապէս ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը միայն 1915-ով վերջ չէ գտած, կը շարունակուի քիչ մը ամենուրեք, այսօ՛ր ալ, վկայ ՝մեր Արցախեան քոյր եղբայրներու տեղահանութիւնը տակաւին ամիսներ առաջ 2023-ի աշնան։

Դոկտ․ Գալայճեանը հեղինակ է 6 գիրքերու եւ տասնեակ մը մասնագիտական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ ատենապետուհին է Մարդասիրական Օգնութեան Կազմակերպութեան։ Օրուան նիւթ ընտրած էր «Յետ-աղէտեան Ցաւի եւ Կորուստի Ապաքինման» թեման։

Հանդիսատեսը գոհ էր այս ելոյթէն –մանաւանդ երբ ան իր անձնական կեանքէն վտանգաւոր պահերը, կացութիւնները յաղթահարած ըլլալու մասին ալ արտայայտուեցաւ։

Հանդիսատեսը լարուած հետեւեցաւ օրուան դասախօսին ելոյթին։ Ներկաներէն շատեր մօտենալով իրենց գնահատանքը յայտնեցին ըսելով որ «մենք պարզապէս ձեր բերանէն կախուած էինք», կամ՝ «շատ յուզուած եմ եւ կը հիանամ ձեր քաջութեան», «ձեր ելոյթը շատ ներշնչող է» եւլն․ նմանօրինակ խօսքերով։

Ան ապաքինման 5 տեսակ ներբերելով շեշտեց կարեւորութիւնը – զգացումները բացահայտելու, ինչպէս ձերբազատուիլ այդ կապանքներէն, ստանալ կարեկցանք, դրական դասեր սորվելով շարունակել բուժումը՝ մարմինը շարժման մէջ դնելով, շնչառական աշխատանքով, աղօթքով եւ կեդրոնացած meditation-ի բնական միջոցներով:

Դոկտ․ Գալայճեանը թելադրեց նաեւ, որ որպէս անհատներ կեդրոնանանք բուժման կարելութիւններուն վրայ, որպէսզի մենք չշարունակենք մեր ներքին մտատանջութիւնները յաջորդող 7 սերունդներուն փոխանցելէ: Ան օրինակ բերելով խեցգետիններու զիրար վար քաշքշող վարքը, որ Հորիզոնական բռնութեան կ՛առաջնորդէ, մեզ ալ ազգովին կ՛առաջնորդէ  մեր քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու պառակտումներուն:

Իր խօսքի աւարտին յարգարժան դասախօսը ընթերցելու համար յանձնարարեց երկու գիրք «Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» ինչպէս նաեւ «Ancestree Align» հատորները, եւ հոգեկան հանգստութեան համար զանազան բնական իւղերու գործածութիւնը։

Կազմակերպութեան անունով Դոկտ․ Գալայճեանին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան հանդիսավար Տիար Անդրանիկ Քիզիրեանը։  Գնահատանքի խօսքեր ուղղուեցան նաեւ Ս․ Սահակ-Ս․Մեսրոպ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի Տիկին Ժուլիէթ Տէկիրմէնճիին, Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներուն եւ Pom Café-ին՝ համադամ հիւրասիրութիւնը, սուրճն ու անուշեղէնները մատակարարող համայնքիս ծանօթ հայկական վաճառատունին տէր՝ Տիկին Անիթա Թորգոմեանին եւ ընտանիքին։

ՅԳ։ Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուած էր նաեւ Մուսա Տաղի Ինքնապաշտպանութենէն վերապրած Տէր Կարապետ Ս․ Թիլքեանի գրքոյկի վերածուած ոդիսականը։

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-Ապրիլ 28, 2024,
Սբրինկֆիլտ- Փենսիլվանիա

Thursday, September 15, 2022

ANother Victim at the border_Eli Meg Zoh_Zarmine Boghosian

 Այսօր --- September 15, 2022-----երբ կը կարդամ թէ՝ «Սահմանին զոհուել է ազատամարտիկ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԸ « --- կը վերյիշեմ մեր զգացած ցաւերը բոլոր անոնց՝ որ ԵՌԱԲԼՈՒՐէն հողակոյտի մը տակ բաժին ունենալով հերոսացան ․․․

ԱՅՈ․․․․․ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ․․․ Այս անգամ առիւծասիրտ հայուհի մը ․․ ՄԱՅՐԸ․․․ որ ծնունդ պիտի տար նորանոր առիւծ հայորդիներու
Վարի գրութիւնը գրած էի 2006-ին, ընտանեկան հարազատի մը նահատակութեան ցաւով․․․․
( ԱԶԷԶԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ Հատորէն․․․․․)
* * * * * * *
ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ
(«Սահմանում զինուորական է զոհուել»)
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-
Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006 «Մարմարա», 7 Յունիս, 2006
Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ-ինչ կորուստներ եղան որ թիւերով միայն կը յայտարարուին: Շատ-շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին:
Աղէտին պատկերնե՞- րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս: Եւ... վե՛րջ:
Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ’անցնինք մեր առօրեային:
«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...
Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:
Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն:
Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:
Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է: Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք: Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ: Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:
Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:
Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր.
-Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը... Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:
Աչքերու առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:
Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի: Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ:
Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք: Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:
Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի՝ էլի՛ մէկ զոհ:
Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006 «Մարմարա», 7 Յունիս, 2006
May be an image of 1 person
Zarmine Boghosian

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...