2019- Ապրիլին գրուած - Սրբոց Նահատակաց Հայց․ եկեղեցւոյ ՆԱՐԵԿ Ամսաթերթին համար
Through the Orchards of Armenian Language & Poetry Presented by: Zarminé Boghosian
Search This Blog
Search This Blog
Showing posts with label April. Show all posts
Showing posts with label April. Show all posts
Tuesday, April 15, 2025
April 1- Holidays in April and Aintab herosamard 1920-Zarmine Boghosian
ԱՊՐԻԼ ՄԷԿ, ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ,
ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ապրիլ ՄԷԿ-ը Նախակրթարանի գրասեղաններէն մեզի կը յուշէ մեր անմեղ սուտ-կատակները, զիրար խաբելու «թաշկինակդ ինկած է» ըսելով. .. եւ յետոյ յաղթականօրէն «Ապրիլ ՄԷ՜՜Կ» պոռալու յիշատակները: Այս տեսակ անմեղ կատակով «խաբելու» խաղը հին ժամանակներէն 1500-ական թուականներէն կու գայ: Բայց ամէնէն նշանաւոր եւ բաւական լուրջ կատակ-սուտը կը յիշուի 1957-ի Ապրիլ մէկին (April 1, 1957 by the BBC, reported on its news program Panorama-BBC: Spaghetti-Harvest in Ticino), երբ հեղինակաւոր Լոնտոնի Պի-Պի-Սի լուրերէն կը յայտարարուէր որ Զուեցերիոյ մէջ ծառերէն սպիկէթի-մաքարոնի կը բուսնէր եւ տանտիկիններ չէին հասցնէր զանոնք քաղելու եւ պահելու. . .
Որքան որ Ապրիլ Մէկը զուարճանալու, անմեղ չարութեան եւ կատակներով «խաբելու» օր է, Ապրիլ ամիսը վերածնունդի ու գարնանային ծաղկումի ամիս կը խորհրդանշէ, նոր սերունդը պէտք չէ մոռնայ Հայոց եղեռնի պատմութեան հետ ինքնապաշտպանութեան հերոսական այն պայքարները, որ հայ ժողովուրդը տարած է պատմական Հայաստանի քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Զէյթունի, Մուսա Տաղի, Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ: Այս ամիս յատկապէս պէտք չէ մոռնանք 1920 Ապրիլ 1-ի Այնթապի հերոսական գոյամարտը, եւ Ապրիլ 24-ը:
Տօնական օրերու շարքին յիշենք որ այս տարի Կիրակի՝ Ապրիլ 14-ին Ծաղկազարդ է: Արմաւենեաց Կիրակի՝ որ կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ ան Բեթանիայէն կու գար եւ կը դիմաւորուէր Ձիթենիի եւ Արմաւենիի ճիւղերով: Այս Կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը: Աւագ Երկուշաբթին Մաքրագործման Օր կը նկատուի քանի որ այդ օր Յիսուս գաւազան մը ձեռքին տաճարէն դուրս քշեց բոլոր վաճառականներն ու գնում կատարողները: Աւագ Երեքշաբթի օր Յիսուս կարեւոր պատգամ մը կու տայ ժողովուրդին- ՏԱՍԸ Կոյսերու Առակը պատմելով, որ յաճախ կը բեմականացուի մեր եկեղեցիներէն ներս Հայ դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ երեկոյեան արարողութեան ընթացքին: Աւագ Չորեքշաբթին համեմատաբար աւելի պարզ է կրօնական արարողութեանց տեսակէտէն: Սակայն Աւագ Հինգշաբթին կը հասնի իր ամէնէն ճոխ իրար յաջորդող արարողութիւններով: Անոնցմէ մին՝ ՈՏՆԼՈՒԱՆ է, դաստիարակիչ այս արարողութիւնը որ Յիսուս Մեծութեան մէջ Խոնարհութեան դաս կու տայ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով:
Վերջին ընթրիքին արարողութեան կը յաջորդէ ՀՍԿՈՒՄ-ը, Յիսուսի կալանաւորումն ու հարցաքննութիւնը: Աւագ Ուրբաթը խաչելութեան եւ թաղման կարգով կը յիշուի: Իսկ Աւագ Շաբաթ՝ Խթում-Ճրագալոյց է: Երկար պահեցողութենէ ետք երեկոյեան կը կատարուին Սուրբ Գրային ընթերցումներ, որուն կը յաջորդէ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ:
Կիրակի Ապրիլ 21-ին Ս. Յարութեան Տօնն է: Հայ եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր
տաղաւարներէն ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն շահած տօնն է: Տօ՛նն է Ս. Յարութեան Յիսուս Փրկիչին: Այս տաղաւարին թուականը շարժական է եւ կրնայ հանդիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 եւ որ կը ճշդուի նկատի առնելով գարնանամուտին – Մարտ 21-էն ետք եկող լուսնի լրումը: Այսինքն՝ կը տարուբերի առաւելագոյն 35 օրուայ տարբերութեամբ: Այս տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր Յարութիւն, Յարութ, Արթին անուն կրողները: Զիրար կ’ողջունենք ըսելով՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Զատկուայ աւանդութիւններէն է տուներէն ներս անպայմանօրէն Կարմիր Հաւկիթ ներկելը, հաւկթախաղեր կազմակերպելը:
Զատկուան յաջորդող օրերուն- Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 24-ին- կը յիշենք մեր Ամենայն Հայոց Սրբադասուած Նահատակները: 1915-ի եղեռնը ոչ միայն մեր Պատմական Հայաստանի բնակիչ-հայ ժողովուրդէն խլեց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայոց կեանքը, այլեւ կործանեց, իւրացուց, քանդեց մեր դարաւոր ազգային հարստութիւնները, մշակութային կեդրոնները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները- (եւ. . . տակաւին կը շարունակուին կործանում- քանդումները):
1915-թուականը համայն հայութեան եւ աշխարհի համար կը մնայ անմոռանալի թուական մը: Ահաւասիկ գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը Սիլվա Կապուտիկեանի թարգմանութեամբ թէ ինչ կը նշանակէ այդ թուականը նոյնիսկ ոչ-հայ բանաստեղծի մը համար-
ԻՄ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹԻՒԸ
Ասք Բարեկամութեան - Միքայէլ Մատուսովսկի
Թարգմ. Սիլվա Կապուտիկեան
Սկզբում գլխի չէի ընկել ես,
Երկար տարիներ՝ անգիտակ դաւին,
Գրում էի իմ թղթերում պէս-պէս,
Թէ ծնուել եմ ես ՏԱՍՆԸՀԻՆԳ թուին:
Ծնուել եմ խուլ, հեռաւոր մի տեղ,
Ծնուել եմ, երբ ձեզ՝ արեան մէջ սուզել,
Դժնի մի Թալէաթ կամ Ջեվտէթ մի բէյ
Երկրի երեսից ջնջել է ուզել:
Երբ Գողգոթա են քայլել՝ թոյլ ու մերկ
Ծերեր, մանուկներ՝ խաչերը ուսած,
Երբ Արաբական անապատով մէկ
Օդում կանգնել է աղեկէզ մի լաց:
Ես ուշ իմացայ ձեր խինդ ու ցաւին,
Հիմա ձեր բախտը՝ իմ բախտն է նաեւ,
Ներեցէ՛ք դուք ինձ, ներէ՛ք ինձ ՀԱՅԵ՛Ր,
Որ ծնուել եմ ես Տասնըհինգ թուին:
ՅԳ- Ապրիլեան Եղեռնին նուիրուած յուշարձաններ կան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներու մէջ- Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդը:
Վարի նկարը Հալէպի գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլ Մէկ-ի Այնթապի Հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանն է: (Նկարին վարի ձեռագիրը իմ գործս է)- իսկ միւս նկարը Տէր -Զօրի Յուշարձան -մատուռէն մաս մը -- Գործ՝ Սարգիս Պալմանուկեանին
Զարմինէ Պօղոսեան
Tuesday, May 21, 2024
April 24-2024 Memorable Day at St Sahag and St Mesrob-Masis Artilce - by Zarmine Boghosian
https://massispost.com/am/2024/05/01/%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%81-%d5%b7%d5%a1%
d6%80%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%b8%d5%b2-%d6%81%d5%a5%d5%b2%d5%a1%d5%bd%d5%ba%d5%a1%d5%b6%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%a5%d5%a1%d5%b6-109-%d6%80/?fbclid=IwZXh0bgNhZW0CMTAAAR32P11FUGLCZDfj6xMfTHHaqx2oPMkAZ9GR4HYfvQHiazfWJQcdYeFpUFY_aem_AUveETrKsN-35E10FLDFtd9GRfYDZfpzH_W9OZhGQL58Kq8Rt8V6ZsGf95z5g9spppH_Jip0e9Sic_EauhS2803t
Հայոց Շարունակուող Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը * 1915-2024
05/01/2024
Դարձեալ Ապրիլ 24 է։
109 տարիէ շարունակուող ցեղասպանւթեան անմոռանալի վիշտն ու սարսափը, ինչպէս նաեւ կորուստներու անվերջանալի շարանը, աշխարհի չորս ծագերուն վերապրողներու սերունդները չեն մոռնար, չեն լրնար մոռնալ եւ չեն ձգեր որ մոռցուի ահաւոր մարդկային կորուստներուն հետ մեր հողերն ու ազգային հարստութիւնները։ Հայ համայնքներէն ներս ամենուրեք կը շարունակուի յիշատակուիլ եղեռն ու ցեղասպանութիւնը նոր սերունդի հաւաքներով եւ վերապրողներուն գոյատեւելու հաւատքով, պայքարելու, չմոռնալու եւ պահանջատիրութեան ուխտով կենդանի պահելու մեր նախնիներուն ուխտը։
Ինչպէս անցնող տարիներուն Ֆիլատելֆիոյ Միջ-Համայնքային Յանձնախումբը ը- ՖՄԿ- ի մի կը բերէ այս քաղաքի հինգ հայկական եկեղեցիներու ժողովուրդը զանոնք մասնակից դարձնելու եւ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ յիշատակելու Օրը։ Իսկապէս օրինակելի, նախանձելի եւ քաջալերելի երեւոյթ է, միա՛կն է – եթէ չեմ սխալիր- որ կ՛արժէ բոլոր հայ համայնքները հետեւին այս օրինակին։
Այս տարի հիւրընկալ եկեղեցին Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ Հայց․ եկեղեցիին էր կարգը, գլխաւորութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանին։
Ներկայ էին համայնքի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներ՝ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր հովիւ՝ Հոգշ․ Տ․ Պօղոս Վրդ․ Տինքճեանը, Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Յակոբ Քհնյ․Գէորգեանը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Ասատուր Քհնյ․ Մինասեանը, Հայ Քոյրերու Վարժարանէն Տնօրէնուհի Քոյր էմմա Մուսայեանը, Քոյր Գայանէ Թապաքեանը, Երէցկին Անժէլ Մեթճեանը որոնք միասնաբար վարեցին եկեղեցւոյ մէջ հանգստեան շարականներն ու արարողութիւնը։
Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ Յիշատակի Սրահը, ուր Միջ-Համայնքային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Անդրանիկ Քիզիրեանի բարի գալուստի խօսքով ընթացք առաւ յայտագիրը, իրեն գործակից ունենալով Ս․ Սահակ-Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ սարկաւագ՝ Սթիվըն Քէյթանջեանը։
Սրահը զադարուած էր հարիւրէ աւելի զանազան մարզերու մէջ համբաւ շահած վերապրող սերունդին յաջորդող նշանաւոր ամերիկահայերու նկարներով, բոլորին ամփոփ կենսագրական տուեալներով, որոնք զանազան մարզերու մէջ իրենց դրական ներդրումը ունեցած են ամերիկեան կեանքին։
Յայտագիրը ընթացք առաւ երբ Սթիվըն Քէյթանջեանը բեմ հրաւիրց նոր սերունդի ներկայացուցիչ Ս․ Սահակ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներէն՝ պատանի՝ Մառք Գրիգորեանը, որ իր ջութակով հիացուց հանդիսատեսը երկու գեղեցիկ երաժշտական կտոր հրամցնելով ներկաներուն։
Օրուան բանախօսն էր Դոկտ․ Անի Գալայճեան։ Ան շատ ծանօթ մասնագէտ մըն է հայ թէ օտար հոգեբանութեան աշխարհէն ներս։ Անցնող տասնամեակներուն, իր մարդասիրական գործունէութեամբ կրցած է օգնութեան ձեռք երկարել Հայաստանէն մինչեւ Հեյիթի, Բօրթօ-Ռիքօ, Ափրիկէ մարդասիրական եւ հոգեբանական օգնութիւն հասցնելով երկրաշարժէն եւ այլ բնութեան արհաւիրքներէն տուժուած երկրի ժողովուրդներուն։ Մասնագէտ է յետ-եղեռնի, բնութեան եւ մարդկային վայրագութիւններուն յաջորդող, կեանքի դժբախտութիւններն ու ընկճախտը դիմագրաւելու, յաղթահարել կարենալու ապաքինման հարցերով։
Յարգելի դասախօսուհին յատկապէս ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը միայն 1915-ով վերջ չէ գտած, կը շարունակուի քիչ մը ամենուրեք, այսօ՛ր ալ, վկայ ՝մեր Արցախեան քոյր եղբայրներու տեղահանութիւնը տակաւին ամիսներ առաջ 2023-ի աշնան։
Դոկտ․ Գալայճեանը հեղինակ է 6 գիրքերու եւ տասնեակ մը մասնագիտական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ ատենապետուհին է Մարդասիրական Օգնութեան Կազմակերպութեան։ Օրուան նիւթ ընտրած էր «Յետ-աղէտեան Ցաւի եւ Կորուստի Ապաքինման» թեման։
Հանդիսատեսը գոհ էր այս ելոյթէն –մանաւանդ երբ ան իր անձնական կեանքէն վտանգաւոր պահերը, կացութիւնները յաղթահարած ըլլալու մասին ալ արտայայտուեցաւ։
Հանդիսատեսը լարուած հետեւեցաւ օրուան դասախօսին ելոյթին։ Ներկաներէն շատեր մօտենալով իրենց գնահատանքը յայտնեցին ըսելով որ «մենք պարզապէս ձեր բերանէն կախուած էինք», կամ՝ «շատ յուզուած եմ եւ կը հիանամ ձեր քաջութեան», «ձեր ելոյթը շատ ներշնչող է» եւլն․ նմանօրինակ խօսքերով։
Ան ապաքինման 5 տեսակ ներբերելով շեշտեց կարեւորութիւնը – զգացումները բացահայտելու, ինչպէս ձերբազատուիլ այդ կապանքներէն, ստանալ կարեկցանք, դրական դասեր սորվելով շարունակել բուժումը՝ մարմինը շարժման մէջ դնելով, շնչառական աշխատանքով, աղօթքով եւ կեդրոնացած meditation-ի բնական միջոցներով:
Դոկտ․ Գալայճեանը թելադրեց նաեւ, որ որպէս անհատներ կեդրոնանանք բուժման կարելութիւններուն վրայ, որպէսզի մենք չշարունակենք մեր ներքին մտատանջութիւնները յաջորդող 7 սերունդներուն փոխանցելէ: Ան օրինակ բերելով խեցգետիններու զիրար վար քաշքշող վարքը, որ Հորիզոնական բռնութեան կ՛առաջնորդէ, մեզ ալ ազգովին կ՛առաջնորդէ մեր քաղաքական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու պառակտումներուն:
Իր խօսքի աւարտին յարգարժան դասախօսը ընթերցելու համար յանձնարարեց երկու գիրք «Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» ինչպէս նաեւ «Ancestree Align» հատորները, եւ հոգեկան հանգստութեան համար զանազան բնական իւղերու գործածութիւնը։
Կազմակերպութեան անունով Դոկտ․ Գալայճեանին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան հանդիսավար Տիար Անդրանիկ Քիզիրեանը։ Գնահատանքի խօսքեր ուղղուեցան նաեւ Ս․ Սահակ-Ս․Մեսրոպ եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի Տիկին Ժուլիէթ Տէկիրմէնճիին, Տիկնանց Յանձնախումբի անդամներուն եւ Pom Café-ին՝ համադամ հիւրասիրութիւնը, սուրճն ու անուշեղէնները մատակարարող համայնքիս ծանօթ հայկական վաճառատունին տէր՝ Տիկին Անիթա Թորգոմեանին եւ ընտանիքին։
ՅԳ։ Ներկաներուն ուշադրութեան յանձնուած էր նաեւ Մուսա Տաղի Ինքնապաշտպանութենէն վերապրած Տէր Կարապետ Ս․ Թիլքեանի գրքոյկի վերածուած ոդիսականը։
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-Ապրիլ 28, 2024,
Սբրինկֆիլտ- Փենսիլվանիա
Friday, May 13, 2022
2022-April_27- St.Vartan Catheral-NY _Kavookjian Auditorium-Speeches and Messages in Honor of an Armenian Educator
Speeches and Messages in Honor of an Armenian Educator
Last week’s reception at the Diocesan Center for Zarmine Boghosian was an occasion for thoughtful speeches reflecting on the honoree herself, and the cause of Armenian education she has championed throughout her life.
At the links below, find Armenian and English texts of remarks delivered on the occasion, as well as a comprehensive article and photo gallery.
As reported here last week, Diocesan Primate Bishop Daniel presided at the April 27 reception honoring Mrs. Boghosian on the occasion of her newly published book, From Azez to America.
Click the following links to:
At the links below, find Armenian and English texts of remarks delivered on the occasion, as well as a comprehensive article and photo gallery.
As reported here last week, Diocesan Primate Bishop Daniel presided at the April 27 reception honoring Mrs. Boghosian on the occasion of her newly published book, From Azez to America.
Click the following links to:
- READ an extensive article on the reception by Florence Avakian.
- READ the Armenian remarks by Hovhannes Khosdeghian.
- READ the English and Armenian remarks by Fr. Untzag Nalbandian.
- VIEW a gallery of photos by Diran Jebejian.
2022-Wed_April 27 _Rev. Fr. Untzag Nalbandian's Presentation - AZEZEN Ameriga Book- by Zarmine Boghosian
“WHY ARE STORIES SO VITAL?” FR. NALBANDIAN’S
REFLECTIONS ON “AZEZEN AMERICA ”
·
May 4, 2022
At the
tribute for Zarminé Boghosian on April
27, 2022, Fr. Untzag Nalbandian delivered the following remarks on her
memoir,
From Azez
to
* * *
Three days after the 107th anniversary
commemoration of the Armenian Genocide, we gather here under the dome of St.
Vartan Cathedral and auspices of our Primate, Bishop Daniel. Once again, this
testifies we not only survived but we continue to thrive. And we are a creative
people, in this case, also in literary endeavors.
Mrs. Zarminé Boghosian’s newly published
434 page memoir, From Azez to America is beautifully written in Western
Armenian. Although not strictly autobiographical, she has organized the book
under different categories, such as: People Who Influenced My Life,
Unforgettable Meetings, Meeting with literary figures, and writers, from our
community life, to mention the few. The book was published in
We are gathered here to honor the author
for her literary work; however I feel she honors us and future generations by
sharing her stories and honest thoughts in writing. As she told me, “I wrote
this book so that my writings will not be lost.” And of course and also, to
educate the new generation.
Our people and especially intellectuals
have always appreciated its writers. They knew well the “recited words fly by
and it is the writing that stays «խօսքը կը թռչի, գիրը՝ կը մնայ» as we say in
Armenian.
Zarminé Boghosian is familiar to us–as an educator and
school principal of
Zarminé is also a member of the Armenian
Church, to which she refers many times in her book. As she describes, “In Azez,
on the day of the Feast of Dyarnuntarach (the Presentation of
the Lord to the
For sure, all these years she has not
only brought that light, Zarminé has radiated it wherever she went, including
into the minds and hearts of all her students.
The author’s life spans two countries,
Why are stories so vital? Because
through our stories, we can educate the new generation about our faith and
Christ-centered culture! Yes, by telling her stories, she educates the reader.
She expresses her thoughts freely, without hesitation. She knows well as an
educator, she must say the things that others may not say, not to criticize,
but to correct, to teach, to make readers aware and think about those things
that need to change.
The first part of her book is about Azez
and
She mentions important and well-known
individuals, to name the few, Silva Gaboudikian, Antranig Poladian,
Raymond Damadian, Aris Sevag, Lousine Zakarian, Sahan Arzruni, Sero Khanzadian,
Maro Markarian, Arshille Gorky, Dr. Hrand Markarian, Zareh Melkonian and many
more.
She also writes about events she has
attended and reflected upon, such as the 100 year old Armenian Students
Association, AGBU, A century old life of Armenians in America, or the 100 year old Grtasirats Armenian school
in Aleppo and her first job as a teacher in that school after her graduation
from Najarian-Gulbenkian High School.
Her book is also didactic. She at times
tries to educate her readers or at least make them stop and reflect. For
example, while describing Dr. Pergrouhi Najarian Svajian’s hospitalization, she
writes that one of the nurses spoke highly of Dr. Svajian saying, “What an
extraordinary woman she is.” When Zarmine told Dr. Svajian, who was on a
stretcher going to surgery, Dr. Svajian responded, “Even though she just met
me, she knew me better than some who worked with me for years.” I think there
is a lesson for us to learn from Dr. Svajian’s short message. First, we must
appreciate what we have.
Unfortunately, often others, foreigners
and strangers admire what we Armenians have more than we do.
She also relates the story of the
She describes how she and others from
abroad attended an Armenian language teachers’ training conference in
Zarminé also mentions the advice
Diramayr Siranoush Baljian the mother of the late Vazken Catholicos, gave to
Armenian mothers: “I want each of you to be an educator in your home. I
too have lived on foreign soil, however I was dedicated to my son’s education.
Dear Armenian mothers, love and teach your children to love the Armenian
Church,
What a simple, but
powerful and timeless message and another brief sermon from Diramyr.
At the end of the
book the author has Բանաստեղծական ներշնչումներ a “Poetic Inspirations” section.
Here, she has included many of her Armenian poems on anniversaries such as the
1600th anniversary of the
invention of the Armenian alphabet, the 50th anniversary of her brother, Fr. Vrtanes’s
ordination, or the 70th anniversary of Arshile Gorky’s death and
others.
In her last two
pages titled Յաւէտ երախտապարտ “Forever grateful,” she mentions the names of her
elementary and high school teachers who encouraged her to write, as did her
brother Fr. Vertanes. He placed the books of well-known Armenian writers in her
hands saying, “Read them and write, I know you can!” What
short, but very effective advice. This book is the result of the advice of
those teachers and her brother. May God bless their souls.
Zarminé acknowledges
this book is not even 10% of her thoughts and feelings of her 70 years of life.
She praises Missak, her husband of 55 years, who has been the pillar and the
true supporter of her life.
In conclusion, I
note in 2014, Zarminé received the Sts. Sahag and Mesrob medal, given by His
Holiness Karekin II, Catholicos of All Armenians.
Today, we too can
only congratulate and appreciate Zarminé, not just for publishing her memoirs,
but also for serving the Armenian community as an educator for the past 50
years. God bless you, your husband Missak and all your loved ones!
You can proudly
repeat the words of the great Armenian poet, Vahan Tekeyan who some 90 years
ago wrote, (which you also included in your book):
«Յաշուեյարդար ի՞նչ
մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն»։
“In the final
accounting what did I get out of life?
Amazingly, only what I gave to others.”
By Fr. Untzag
Nalbandian
* * *
Pictured: Fr. Untzag Nalbandian at
the Diocesan Center in
Subscribe to:
Posts (Atom)
About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...
-
ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ (Փետ րո ւար 23-24, 2024) Մեծ Պահքի շրջանի կի...






