Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label Zarmine Boghosian. Show all posts
Showing posts with label Zarmine Boghosian. Show all posts

Sunday, January 11, 2026

Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian

 

 

 

 

Այս գրութիւնը լոյս տեսած է  Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը  Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մէջ։ 

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Նիւ Եորքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց Ազգային (Ամէնօրեայ) Վարժարանը (ՍՆԱՎ-HMADS) վերջին քսանամեակին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին իրար ետեւէ բացուող աւելի քան երկոտասնեակ մը հաշուող ամէնօրեայ վարժարաններէն մին է։

Դպրոցին նշանաբանն է լաւ քաղաքացիներ եւ գիտակից հայեր պատրաստել,  հայ դպրոցականը զինել ամերիկեան կեանքի պահանջքներուն համաձայն, անոր հոգիին ու սրտին մէջ սերմանել սէրը լաւին ու գեղեցիկին, ներշնչել պատկանելիութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը ինքզինք տեսնելու որպէս յաջորդականութիւն պահող կարեւոր օղակ մը դարաւոր անցեալէն  քսանմէկերորդ դարը դիմաւորող հարուստ Հայ Մշակոյթին։

Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ամէնօրեայ Վարժարանը Նիւ Եորք Նահանգի կրթական նախարարութենէն պաշտօնապէս վաւերացուած նախակրթարան մըն է – (3 տարեկանէն մինչեւ 11 տարեկան)- մանկամսուրէն մինչեւ վեցերորդ դասարան:

1987-88 ուուսումնական տարեշրջանը կ՛ընդգծուի մի քանի ողջունելի առիթներով։

- «Հայ Պարտէզ» անուամբ Մանկամսուրով սկսած այս նախակրթարանը այս տարի իր Քսանամեակը կը բոլորէ (1967-1987-88)։ Վարժարանին 1982-ի առաջին շրջանաւարտները այս տարի կ՛աւարտեն երկրորդականներ՝ մտնելու համար համալսարանական կեանքի ասպարէզ։

- Դպրոցի շրջանաւարտները այս տարի կը սկսին Շրջանաւարտից Միութիւն մը։ Աւելի քան 60 շրջանաւարտներու կոչ ուղղուցան, որ անոնք գան ու համախմբուին իրենց սիրելի կրթական հայ օճախին շուրջ։

Նուիրեալ անհատներու համախմբումը, յատկապէս հայ դպրոցին շուրջ, ամենագլխաւոր ազդակն է անոր յաջողութեան ու բարգաւաճման համար։

Այս տարի գլխաւոր պաշտօններով համագործակցաբար կ՛աշխատին Տիկին Սառա Տատուրեան՝ որպէս ընդհանուր վերատեսչուհի, Տիկին Զարմինէ Պօղոսեան՝ Տնօրէնուհի, եւ Տիկին Նատիա Իշկիւզար որպէս փոխ-տնօրէնուհի  եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութեանց պատասխանատու։

Դպրոցը կը գտնուի Նիւ Եորք քաղաքի Քուինզ- Պէյսայտ շրջանի մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց Առաքելական եկեղեցւոյ յարակից համալիրին մէջ։ Վարժարանը կը վայելէ մասնակի օժանդակութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, եւ այլեւայլ բարեսիրական ու շրջանաւարտից միութեանց։

Վարժարանը  հիմնադրամ մը հաստատած է նաեւ Հայց․ Եկեղեցւոյ հիմնադրամէն ներս (ACEF-Armenian Church Endowment Fund), առաւել` կ՛օգտուի նաեւ մեր ծնողներուն ու հայ գաղութի առատաձեռն ազգայիններէն գոյացած նուիրատուութիւններէն։

 

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԻՑ ՄԷԿԸ՝

Տօքթ․ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան

 

Տօքթ․ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան սփիւռքահայ մեր կեանքէն ներս իր ուրոյն տեղը գրաւած առանձնայատուկ այն անձնաւորութիւններէն մին է, որ ո՛չ միայն պարծանքն է իր սեռին ու պատկանած ժողովուրդին, այլեւ ներշնչման աղբիւր մը յարատեւ աշխատանքին ու բարձր նկրտումներու։ Ազնուազարմ հայ կնոջ այնպիսի տիպար մըն է ան, որ խուսափելով շռնդալից յայտարարութիւններէ իր մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ ամենուրեք հանդարտ ու խոր հունով ներթափանցելով իւրաքանչիւր հարցի բնոյթին։

            Ծնած է 1918-ին՝ Խարբերդ, պատմական Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը սիրէ յայտարարել ինք՝  Տոքթոր Սվաճեան։ Ուսումնատենչ անհատի իր գիծերը յայտնաբերուած են շատ փոքր տարիքէն։ 1928-ին յետ-պատերազմեան օրերուն գաղթական իր ընտանիքը երբ կը վերահաստատուի Հալէպ, ան իր ուումը կը շարունակէ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ապա Հալէպի Ամերիկեան աղջկանց Գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, յաջորդաբար կը դառնան իր ուսման կայանները հասնելու համար Միացեալ Նահանգներ՝ ուր Քորնէլ Համալսարանէն կ՛արժանանայ Մագիստրոս Արուեստից եւ Տոքթորայի վկայականներուն (1952) մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ։  

            Կ՛ամուսնանայ ատամնաբոյժ Տոքթոր Ստեփան Սվաճեանի հետ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պրուքլին- Նիւ Եորք։

            Ուսուցչական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը կը սկսին Հալէպի Ուսումնասիրաց Վարժարանէն,  յաջորդաբար շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան Գոլէճի, Ամերիկեան համալսարանի, մէջ, ուր կարճ ատենուայ մէջ մնայուն ամպիոնի վարիչի տիտղոսին արժանանալով կը հանդիսանայ երկրորդ կին դասախօսը, որ համալսարանի մօաւորապէս 150 տարուայ պատմութեան մէջ նման դիրքի կը տիրանար։

            Տօքթ․ Սվաճեանի կենսագրութիւնը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի տասը ականաւոր կիներու նուիրուած գրքին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Փրոֆ․ Բերկրուհի Սվաճեան դասախօսած է  Գոլոմպիա համալսարանին մէջ։ 1968-էն սկասեալ կը դասախօսէ Պրուքլին Գօլէճի մանկավարժական հոգեբանութեան բաժնին մէջ, ուր կը հանդիսանայ մնայուն ամպիոնի տէր եւ վարիչ՝ ինը տարուայ շրջանով մը։

Ան մասնագիտական դասախօսութիւններով հանդէս ելած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու զանազան կարեւոր համալսարաններու մէջ։ 1984-87 եղած է մասնագէտ խորհրդական։

Փրօֆ․ Սվաճեանի մանկավարժական հոգեբանութեան հարցերով կատարած ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են գիտական բազմաթիւ պարբերաթերթերու մէջ։ Իսկ հոգեբան Ուէյն Տենիսի հետ կատարած ուսումնասիրութիւնը «ԻՆՖԸՆԹ ՏԻՎԵԼՕԲՄԸՆԴ  ԷՆՎԱՅՐԸՄԷՆԹԸԼ ՀԷՆԴԻՔԷՓ - INFANT DEVELOPMENT ENVIRONMENTAL HANDICAP » ՎԵՐՆԱԳՐՈՎ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է 1956-ին։


Saturday, July 29, 2023

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ,Zarmine_2008 Article Published in Mrmara and book

 

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ

            («Սահմանում զինուորական է զոհուել»)

Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ ինչ կորուստներ թիւերով միայն կը յայտարարուին:

Շատ շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին: Աղէտին պատկերնե՞րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս:

Եւ... վե՛րջ:

Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ՛անցնինք մեր առօրեային:

«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...

Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:

Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն: Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:

Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է:

Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք:

Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ:

Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:

Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:

Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր. ․ ․

- Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը...   

Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:

Մեր աչքերուն առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:

Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի:

Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ: Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք:

Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:

Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի էլի՛ մէկ զոհ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան- Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006

«Մարմարա», 7 Յունիս, 2006, Չորեքշաբթի

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...