Search This Blog

Search This Blog

Friday, August 14, 2020

2015-Apri l0-1915-2015- Remembering Zemrookhd Nene - The survivor of the Armenian Genocide...

 ԵՐԲ ՀԱՅԸ կը վերապրի Անցեալի արհաւիրքները․․․․

«ՊԻՏԻ ԳԱՆ, ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՆՔ...  ԿԷԼԻՃԻԼԷՐ, ԿԷՏԻՃԻՔ...»

Զմրուխտ Նէնէն եւ Այնթապի Տունին Թափուները- Փաստաթուղթերը

            Հալէպի չոր ու տաք ամրան օրերէն մին էր:  Տնեցիները ամէն մէկը իր գործով դուրս ելած էին: Կէսուր մայրս օրուան ճաշին վերաբերեալ գնումներ կատարելու համար ելած էր: Երկրորդ յարկի վրայ ապրող մեր երէցկին քեռկինը «շիրքէթի» գացած էր ինծի կարգ մը ապսպրանքեր կատարելէ ետք թէ՝  «Նէնէն մինակ է, աչքդ վրան պահէ...»:

«Նէնէն» ամուսնոյս մօրենական մեծ մայրն էր. Այնթապէն գաղթական հասած Հալէպ, ճամբուն վրայ 1916-ի ծնունդ կեսրոջս՝  Մարի Մամային Պէրիճիկի մօտերը, ծառի մը տակ, ափ մը ջուրով,  հապճեպ կնքելէ ետք, որպէսզի յանկարծ եթէ «բան մը» պատահի գաղթականութեան ճամբուն վրայ եւ անմեղ մանուկը մեռնի, անդենական հասնի որպէս մկրտուած եւ ներկայանայ որպէս հա՛յ եւ քրիստոնեա՛յ:

Անշուշտ, փառք տիրոջ, Մարի Մաման ողջ մնացածներէն էր:  Ողջ մնացած էր նաեւ 6-7 տարեկան Նիկտէյէն գաղթական որբուկ Կիրակոս Մավլեան-Պօղոսեանը: Ինչ բախտաւորութեամբ գաղթականութեան ճամբուն վրայ շուարած տղեկին իրենց համաքաղաքացի մէկը կը ճանչնայ որպէս «Նիյտէյի Սաաթճի Օվանէս Պօղոսեանին քրոջը տղան»  եւ ձեռքէն բռնած կը հասցնէ Սաաթճի Օվանէսին կարաւանին:

Որբուկ Կիրակոսը վստահ չէր կրնար յիշել թէ քանի՞ եղբայր, քանի քոյր ունէր: Ուրախ էր որ քեռին զինք գրանցած էր իր ընտանիքին եւ դարձուցած Պօղոսեան, յաւերժ կորսնցուցած ըլլալով իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ նաեւ ընտանեկան Մավլեան մականունը:  Ահաւասիկ այդ որբուկը, քեռիին պէս ժամագործ դարձած, եւ ծառի տակ մկրտուած հայ քրիստոնեայ  աղջնակը ամուսնանալով ծնունդ տուած էին չորս դուստր եւ մէկ մանչ զաւակի որուն հարսն էի ես...:

Օրերը փոխուած էին: Մեր սերունդին համար հէքիաթային դրուագներ էին գաղթականութեան օրերու ապրուածները: Սէպիլի վրաններէն, Կիւրինցիներու քէմբէն, Զէյթունցիներու Խանէն, թիթեղածածկ տուներէն հայ ընտանիքներ քարաշէն տուներ պատել տուած էին, շէնքերու կամ անձնական տուներու մէջ կ՛ապրէին հիմա, եւ ծառին տակ մկրտուող աղջնակը՝  կէսուր մայրս էր որ այդ օր ի՛ր  ալ  շիրքէթ-ի օրն էր, պիտի երթար իր գնումներէն ետք:

Շիրքէթը խմբակցութիւն մըն էր կիներու,  նոյն ձեւով ալ երեկոյեան տղամարդիկ կը հաւաքուէին միեւնոյն նպատակով- ժամանց եւ խնայողութիւն: Այս առիթներով կիներուն նիւթը ճաշատեսակներու փոխանակումէն ետք կը դառնար թաղին յարմարագոյն թեկնածուները ամուսնացնելու, խնամախօսութեան կամ նշանտուքի ձեւերը խծբծելու, տունի կահ կարասիներու փոփոխութիւններ ընելու եւայլն...: Իսկ տղամարդիկ՝ իրենց յատուկ խօսակցութեան կողքին  «Պլօթ կամ փօքէր խաղալու»  թղթախաղի հաճոյքը կը վայելէին:  Այս հանդիպումները  շաբաթը անգամ մը կը պատահէին կարգով, իւրաքանչիւր շաբաթ մէկ անդամին տունը:

Երկու պարագային ալ գլխաւոր նպատակը դրամահաւաքն էր: Դրամատուներու չգոյութեան խնայասէր հայ տանտիկինները այս ձեւը ընտրած էին ամէն շաբաթ իրենց շաբաթական խնայողութենէն  որոշ գումար մէկդի կը դնէին, խումբին գանձապահին տալով տարեվերջի հաշուեփակին կոկիկ գումար մը ձեռք կարենալ անցնելու: Եթէ խումբի անդամներէն մէկն ու մէկը տարւոյն ընթացքին որոշ գումարի պէտք ունենար իրաւունք ունէր մէջ-ընդ-մէջ փոխ առնելու- տոկոս վճարելու պայմանով-  եւ մինչեւ փոխ առած գումարը վերադարձնելը ամսական տոկոս կու տար, տարեվերջին տոկոսներէն հաւաքուած գումարը հաւասարապէս անդամներուն կը բաժնուէր:

            «Նոր հարս»  ըլլալով հլու հնազանդ տունը մնալու շրջանս էր: Պարտականութի՞՞ւնս,  չորս կողմը հաւաքել, Հալէպի անվերջանալի փոշիներէն փոշոտած կարասիներուն «փոշին առնել» տունը կարգապահ պահել, եկող հիւրին սուրճ հրամցնել:  Հեռաձայնի չգոյութեան այդպէս էին ակնկալութիւնները-- կազմ պատրաստ պէտք էր ըլլալ՝  կոկիկ հագուած, տունը մաքուր, սուրճը պատրաստ ըլլալու էր: Ոեւէ տուեալ պահուն կարելի էր մէկն ու մէկը դուռը զարնէր եւ սուրճ խմելու համար ներս մտնէր: Կը յիշեմ օրեր կային որ սուրճի բաժակները պահարանի հանգիստը չէին տեսներ: Հազիւ խումբ մը ճամբու դրած՝ գաւաթները կը լուացուէին եւ կրկին ափսէին կը շարուէին յաջորդ եկուորը հիւրասիրելու:

Այնթապէն գաղթական Հալէպ հասած Մարի Մամային մայրը Զմրուխտ –Երանիկ Նէնէն՝  յիշողութիւնը կորսնցուցած էր այլեւս: Հսկողութիւն կ՛ուզէր: Ո՜ւր էին այն օրերը: Ա՛լ բան չէր մնացած այդ չարքաշ եւ գործունեայ կնոջմէն: Հալէպ հասնելէն ետք կորովի ձեռներէցութեամբ մը Զմրուխտ Խանըմը գործի մղուած էր եւ իր հետ խումբ մը հայ երիտասարդ մայրեր: Այնպիսի մէկն էր որ ի՛նք կը հսկէր քսանէ աւելի երիտասարդ աղջիկներու, որոնք «Քէրկահին»  առջեւ նստած Այնթապի գործ կ՛աշխատէին,  որպէսզի Զմրուխտ Խանըմը իր կապերուն միջոցաւ ամերիկացի միսիոնարներուն ղրկէր եւ ամերիկայի մէջ ծախուելէն ետք տոլար ստանար, թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ այդ ընտանիքներուն օրապահիկ ապահովելով:  Այս օրերուն նման գործնական իգական սեռի ներկայացուցիչ մը կը պիտակաւորուի որպէս իսկական «Պիզնէս մայնտըտ Վումըն» Business Minded Woman!!:

            Հալէպեան օրեր... վերապրողներու սերունդը... կիզիչ աւազներէն, վրաններու խլեակներէն, թիթեղածածկ սենեակներէն, քարաշէն տուներու մէջ սկսան ապրիլ, բարձրագոյն ուսման հետեւող զաւակներներ ունենալ, թատրոն, երգահանդէսներ, ամառնային ակումբային պարտէզներու ելոյթներ կազմակերպել....

Ա՛յս էր կեանքը 60-70-ականներուն մեր երազային Հալէպին մէջ քանի մը տասնեակ նախակրթարաններով, եկեղեցիներով, հայրենակցական եւ կուսակցական անհամար ակումբներով, Սարեան Արուեստի դպրոցով, հայո՛ւ անուն կրող հիւանդանոցով ...

            Պարտականութիւնս չէի մոռցած:  Զմրուխտ Նէնէին աչք պահելու համար մէկ վերի յարկ կը վազէի, տեսնելու որ ի՞նչ գործի վրայ է Նէնէն, կրկին վարի յարկին գործիս վերադառնալու:

Երեւի կէս ժամ անց էր ձայն մը լսեցի վերէն եւ աճապարանօք վեր վազեցի: Ի՜՜նչ տեսնեմ:

            Զմրուխտ Նէնէն իր դարակը պարպած էր,  ճերմակեղէնները «ՊՕԽՃԱ» ըրած, ծրարած էր սաւանի մը մէջ չորս անկիւնները իրար հանգուցելով,  գլխուն գլխաշորը-եազման- ճիշդ հին օրերու ձեւով կզակին տակ կապած նստած էր իր ծրարին մօտ վախուորած-սառած աչքերը սեւեռած դուռին:

Իմ բացականչութեանս եւ թրքերէնով հարցիս վրայ թէ՝

-         Նէնէ ի՞նչ ըրիր-  ո՞ւր կ՛երթաս... զգուշացնող ձայնով մը, մատը շուրթներուն դրած,  թուրքերէնով  անշուշտ պատասխանեց,

-         Սո՜՜ւս, կէլի՛ն, կէլիճիլէր.. կէտիճիք – Սուս կեցիր հարս, պիտի գան պիտի երթանք...

Չորս կողմի թափթփած վիճակէն, պարպուած դարակներէն դուրս մնացածները հաւաքել փորձեցի,  ի՜՜նչ տեսնեմ գետնին վրայ կտոր-կտոր փռուած պաշտօնական փաստաթուղթերու խունացած-դեղնած ծուէններ էին, բզիկ-բզիկ եղած ամբողջ անցեալի մը իրաւունքին փաստերը:

-         Նէնէ՛,  ի՞նչ են ասոնք, ինչ պատռեր ես ...

Հիստերիք խնդուք մը արձակեց ... միշտ շատ լուրջ եւ խիստ մամա-մեծ մամա –Նէնէ հանգամանքով այս կնոջմէն նման խնդուք բնաւ չէի լսած:

-         Այնթապըն էվլէրիմիզին թափուլարը... քիմէ՞ եարար- Այնթապի մեր տան պաշտօնական փաստաթուղթերն են:  Որո՞ւն է պէտք...ո՞վ է մեզի տուն տուողը...  Ահա կինէ այնըսը ... կէլիճիլէր, կէտիճիք, պէնտէ պիլմիէմ նէրիյէ..

-         Նէնէ տեղ մըն ալ պիտի չերթանք .. Հոս Հալէպ է հիմա,  եւ դուն քու քահանայ տղուդ տունն ես, ամէն ինչ ապահով է հոս, հայերուն լաւ աչքով կը նային, մեզի մեր տուներէն վռնտող կամ տեղահան ընող չկայ...

Լուռ նայեցաւ ինծի ... եւ տխուր աչքերը հեռուն պահած ըսաւ...

-         Կէլին սէն հիչ պիրշէտէն խապարըն եօք տըր...  Կէլիճիլէր- կէտիճիք, սէվքիէթ տըր եաւրում ....  Հարս դուն բանէ մը լուր չունիս .. պիտի գան ..պիտի տանին մեզի, տեղահանութիւն է զաւակս...

***

Հարիւր տարի ետք այսօր երբ կը խօսինք պաշտօնական արտօնագրերու, փաստաթուղթերու, թափուներու մասին,  քառասուն տարի առաջուայ պատահած այս դէպքը,  Զմրուխտ Նէնէն աչքիս առաջ կու գայ իր պօխճայով, եազմայով  եւ մանրուած թուղթի կտորները գետնին որ 100 տարի առաջ Այնթապի իրենց տաքուկ բոյնին օրինական փաստաթուղթերն էին...

Հալէպի իր եւ իր բոլոր հարազատներուն գերեզմանն անգամ ոտնակոխուած է այսօր... ո՜վքեր կան հոն թաղուած... Յակոբ Օշական, Համբարձում Էֆէնտի Պէրպէրեան.. քահանաներու, հոգեւոր հայրերու համար կառուցուած յատուկ դամբարանը- հապա՞ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան յուշարձա՞նը, ուր ամէն Ապրիլ Մէկին կը նշուէր Ապրիլ 1, 1920-ին Այնթապի հերոսամարտը,  հսկայ թափօրով ծաղկեպսակ կը զետեղուէր Ատուր Լեւոնեան, Աւետիս Գալէմքեարեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Թաւուքճեանի նման ինքնապաշպանութեան հերոս ղեկավարներու անունը կրող թամբարանին:

Այո՛, Հալէպի մէջ հիմա միեւնոյն հոգեվիճակները կ՛ապրին մեր հարազատները հոն: Զմրուխտ Նէնէին գերեզման այցելութիւնն անգամ վտանգուած է: Ինչ-ինչ երիտասարդներ կը զոհուին անորոշ գերեզմաններու մէջ:

Իսկ այն եկեղեցին որ իր քահանայ տղան  քառասուն տարի ծառայեց, հարիւրաւոր մանուկներ մկրտեց եւ քանի-քանի տասնեակ երիտասարդներու ամուսնութիւնը օրհնեց հրոյ ճարակ դարձած անգործածելի է այսօր՝ 2015-ին:

 

Կէլիճիլէր .. կէտիճիք... հիմա ո՞ւր երթայ Հալէպահայութիւնը երբ նոյն խորշակը մուտք գործած է հո՛ն,  ուր հիւրընկալ Արաբ երկիրն էր ժամանակին Երազային Հալէպ մը ստեղծելով ցեղասպանութենէն վերապրողներոն համար:

 Զարմինէ Գ. Պօղոսեան

Նիւ Եորք – Ապրիլ 10, 2015

Aleppo - Grtasieats is 90 years old=by zarmine K. Boghosian- 2014

  ՈՂՋՈՅՆ 90-ԱՄԵԱՅ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻՆ (1924-2014) .   ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԸ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԱՄԱՐ (Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեաննե...