Search This Blog

Search This Blog

Thursday, April 8, 2021

ELMAS Tashjian_Remembered by Photos






 

Elmas Tashjian_ A name Not to Forget-BY Zarmine Boghosian

 

ԷԼՄԱՍ ԹԱՇՃԵԱՆ

ԱՄԷՆ ԱՊՐԻԼ ԱՄՍՈՒՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԱՆՈՒՆ ՄԸ ԵՒՍ

Մայիս 21, 1932 – Նոյեմբեր 30, 2020

 

Տարիներ անցած են այն օրէն։

Դպրոցի գրասենեակին – Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին- ՍՆԱՎ-ին- հեռաձայնի զրնգոցը դադրեցաւ երբ վարժարանին Քարտուղարուհին ընկալուչին մէկ աչքը իր ափով փակելով ինծի դարձաւ փսփսալով ըսելու ․․․

- Էլմաս Թաշճեան․․․ կը ճանչնա՞ս – քեզի կ՛ուզէ․․․կրնաս խօսի՞լ․․ ․

            Երկվայրկեանի արագութեամբ նոյն անուն մականունով Հալէպի մօրաքրոջս աղջիկը աչքիս առջեւ սկսաւ տողանցել ․․․  Միայն թէ, ան Հալէպ կ՛ապրէր տակաւին ․․․ ջարդէն վերապրած իր մեծ մօր անունը Էլմաս էր, բայց միայն մեծ մայրն էր, որ այդ անունով կը կանչէր զինք, մենք բոլորս զինք հայացուած՝ Գոհար ըսելով կը ճանչնայինք։

            Երկվայրկեանի արագութեամբ զարմանքիս հետ ուղեղիս մէջ հարցումներու տարափ մը զիրար հրմշտկեց․․․ նո՞յն անուն մականունով մէկը, հո՞ս, Նիւ Եորքի մէջ կ՛ուզէ հետս խօսիլ․․․Ի՜՜նչ զուգադիպութիւն․․․

-         Շատ լաւ կը պատասխանեմ ըսի․․․

-         Լսափողին միւս ծայրէն խանդավառ անգլերէնով ձայն մը սկսաւ-

-         Ես էլմաս Թաշճեանն եմ․․ Պրուքլինի Միտվուտ Երկրորդական պետական

վարժարանէն թոշակի անցած ուսուցչուհի եմ, Ապրիլեան եղեռնին հետ առնչուող հեղինակ-դասախօս կը փնտռեմ, որպէսզի երկրորդական 11-12-րդ դասարանի տղոց կարենայ խօսիլ եւ գրաւել իրենց հետաքրքրութիւնըԻնծի քու թիւդ տուին, ըսին որ կրնաս օգտակար դառնալ մեզի այս ուղղութեամբ- գրեթէ մէկ շունչով ըսաւ ձայնը․․․․

-         «Մեզի․․․» ․․․ Շուտով պարզուեցաւ թէ խորքին մէջ միայն երկուքով էին այս

ծրագիրը առաջ տանողները։ Մին՝ «Ընկերային Գիտութիւն» նիւթին հետ ամերիկեան եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն դասաւանդող Ճօրճ Հիրօ անունով ուսուցիչն էր, որ կը ջանար իր աշակերտները իրազեկ դարձնել աշխարհի ամէն կողմ գործադրուող անմարդկային արարքներու եւ անարդարութիւններու մասին։ Մանաւա՛նդ՝ Ցեղասպանութեան դէմ։ Ինք ալ Յունաստանէն Միաց Նահանգներ հաստատուած ծնողքի զաւակ, Ճօչճ իր ընտանիքին անցեալէն տեղեակ էր։ Այդ հանգամանքը կը մղէր զինք որ պարզ դասախօսի պաշտօնէն քիչ մը աւելի առաջ երթալով նպատակ դարձնէր ապագայ սերունդը դաստիարակել, տեղեակ պահել աշխարհով մէկ կատարուող անարդարութիւններուն, ջարդերուն՝ դասարան առ դասարան, իր աշակերտներէն սկսելով։

Տարիներու ընթացքին այդ վարժարանէն ներս հրաւիրուեցան նիւթին տեղեակ, եւ մասնագէտ հիւր դասախօսներ, որոնք յաջորդաբար նման նիւթերով ներկայացան, որոնցմէ կարելի է յիշել ԴոկտՄարճըրի Յովսէփեան Տապքին, «Այրուող Զմիւռնայի» հեղինակը, Բիթըր Պալաքեան, Ճէյմս Ռասըլ, Դոկտ Բերկրուհի Սվաճեան, Դոկտ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ շատ ուրիշներ․․․

            Այս բոլորին ճանապարհածախս, հիւրասիրութիւն, հեղինակած գիրքերէն նուազագոյն 50 օրինակ ապահովող եւ ուսանողներուն նուէր բաժնողն էր Էլմասը։

            Շատ փորձեցի զինք համոզել, որ իր մասին եւ իր այս իւրայատուկ դաստիարակչական եւ առատաձեռն գործունէութիւնը գէթ հարցազրոյցով մը ներկայացնեմ մեր համայնքին։  Կտրականապէս կը մերժէր։

Էլմասին «ոչը» ո՛չ կը մնար տարիներ շարունակ։  Միշտ կասկած ունէր որ մօրը յիշատակին նուիրուած այս յայտագիրը եթէ բացայայտուի, անպայմա՛ն դպրոցէն դուրս «խափանողներ» պիտի ըլլան։ Ցեղասպանութեան թողած սարսափը մօրմէն անցած էր իրեն, եւ ծուարած՝ հոգիին խորքը։

- Մեռնելէս վերջ ի՜՜նչ կ՛ուզես ըրէ ․․ վերջապէս օր մը ըսաւ ան․․․ բայց այնքան ատեն որ ողջ եմ, մօրս յիշատակին սկսած այս գործս վայրենի-ուրիշներուն պատճառաւ (անգլերէն զսպուած անէծք-հայհոյանք մըն ալ խառնելով) կէս պիտի չձգեմ․․․

Մեր գործակցութիւնը ծաւալեցաւ- «Ցեղասպանութեան մասին դասախօս գտնելէն» շատ աւելի անդին։ Հայկական հարցերու վերաբերեալ մշակութային ձեռնարկներու, դասախօութիւններու միասին կ՛երթայինք, ՍՆԱՎ-ի հաւաքոյթները կը քաջալերէր, ամավերջի հանդէսներուն աւարտական դասարանի տղոց իր ապահոված գիրքերէն նուէր կու տար։

Քաղաքէն դուրս փոխադրուիլս ու իր քաղցկեղով տառապիլը, համավարակի իրար յաջորդող ամիսները պատճառ դարձան, որ նոյնիսկ հեռաձայնային կապով չկարենամ զինք իր տան մէջ գտնել։ Գիտէի որ ազգականուհի մը ունէր Պոսթոնի մէջ եւ յաճախ հոն կ՛երթար։

2020-ի Նոյեմբերեան առաւօտ մըն էր, երբ բջջայինէս անծանօթ թիւ մը հնչեց։  Տարակուսանքով մը պատասխանեցի ․․․  «Ես Էլիզն եմ»  ըսաւ ձայնը –ընկալուչին միւս կողմէն ․ ․․ «Մօրաքոյր Էլմասը այս թիւը ձգած էր որ հետդ խօսիմ ․․․վերջապէս յանձնուեցաւ,  քաղցկեղը տարաւ զինք իր մօրը քով ․․․ աւելցուց Էլիզ զսպուած յուզումնախառն, լալկան շեշտով մը»։

Այո՛, յաձնուած էր քաղցկեղի քմահաճոյքին, քաջ ու ինքնուրոյն այս հայուհին։

Բնական է համավարակի պատճառով չկրցայ ներկայ ըլլալ իր թաղման արարողութեան, մանաւանդ որ նոյն քաղաքէն ալ հեռացած էի։

Ամիսներ անցած են արդէն այս ՀԱՅՈՒՀԻԻՆ մահուընէն, որ պատահեցաւ Նոյեմբեր 30, 2020-ին։ Զարմուհիէն խնդրեցի որ ինծի իր կենսագրական գիծերը փոխանցէ, որովհետեւ ան բնաւ չէր ուզեր ինք իր մասին խօսիլ, «I am a very private person»- կ՛ըսէր եւ վերջակէտ։

Այնուամենայնիւ տարբեր առիթներով կ՛արտայայտուէր իր ծնողքին մասին։ Մանաւանդ՝ Ցեղասպանութենէն ողջ մնացած մօրը պատմութիւնները։ Անոր համար ալ իր նուէր տուած իւրաքանչիւր գիրքին ներսի կողքին, անպայման յատուկ գրութիւնով մը պիտի ընդգծէր, որ այդ նուէրը ցեղասպանութենէն վերապրած իր մօր՝ Արուսեակին յիշատակին էր։

Էլմաս դուստրն էր Խարբերդցի Մինաս Թաշճեանին եւ Երզնկացի Արուսեակ Նորսիկեան-Թաշճեանին։ Մեծ Հայրը, Յարութիւն Թաշճեանը ժամանակին Օսմանեան կառավարութեան հաշուապահ եղած էր, եւ իր զաւկին – Էլմասին հօրը՝ Մինասին կրցած էր Ամերիկա հասցնել Ցեղասպանութենէն շատ առաջ։ Սակայն մայրը, որ իր հօրմէն շատ աւելի փոքր էր տարիքով, ականատես եղած էր ծնողքին եւ իր մեծ քրոջը սպաննուելուն, գիւղի իր տարեկիցներուն հետ քշուած, երկար քալած էր, իբրեւ թէ որբանոց մը հասնելու համար։  Ճամբու ընթացքին գիշեր մը երբ միզելու պահանջք կը զգայ եւ ծառի մը տակ կը ծուարի, յանկարծ կը լսէ իր խումբէն մանուկ-պատանիներու ճչոցն ու լաց ու կոծը, սառած-քարացած կը մնայ իր եղած տեղը։

Առաւօտեան լոյսին՝ սարսափով կ՛անդրադառնայ թէ իր հասակակիցները ողջ-ողջ թաղուած սպաննուած էին։

Ջարդարարներուն ամէն տեսակի արհաւիրքները տեսած աղջնակը օրերով կը քալէ առանց գիտնալու ուր կամ ինչ ուղղութեամբ, մինչեւ որ հայ մարդ մը կը գտնէ զինք եւ որբանոց կը տանի։ Շատ չանցած – չի յիշեր ուր եւ երբ ․․․ կը խորհի թէ հազիւ 6 թէ 8 տարեկան էր ․ ․Հայ ընտանիք մը զինք կ՛ընտրէ ու կը տանի իրենց տուն որպէս տան գործերու օգնական- ծառայող։

Տարիներ ետք, այդ ընտանիքին ամերիկաբնակ տղան Ամերիկա բերել կու տայ իր մայրն ու իր հետ նաեւ արդէն իսկ 16 տարեկան օրիորդ դարձած Արուսեակը։  Իր տիրուհիին որոշումն էր, որ Արուսեակ «իր ձեռքին մէջ մեծցած աղջիկ մըն էր», եւ պատրաստ հարսնացու մը իր զաւկին՝ Մինաս Թաշճեանին հետ ամուսնանալու։

եւ․․․ այդպիսով Մինաս եւ Արուսեակ կ՛ամուսնանան, ընտանիք կազմելով կը  հաստատուին՝ Պրուքլին-Նիւ Եորք։

            Մինասի եւ Արուսեակի դուստր Էլմաս կը յաճախէ Պրուքլինի պետական լաւ համբաւ ունեցող դպրոցներէն՝ Ճէյմս Մատիսըն։ Հպարտութեամբ կը յիշէր թէ իրեն դասընկերուհի եղած էր ապագայի Ամերիկայի Գերագոյն Դատարանի հռչակաւոր դատաւորներէն՝ Ռութ Կինզպըրկը, որ դասարանին կողմէ փաղաքշաբար ՔԻՔԻ կը կոչուէր։

Հետաքրքիր է որ երկու դասընկերուհիներ նոյն տարին մեկնեցան այս աշխարհէն Քիքի-Ռութը՝ Սեպտ․ 18, 2020-ին, իսկ Էլմասը՝ Նոյեմբեր 30, 2020-ին։

            Մօրաքոյր էլմասը, ինչպէս որ զինք մօտէն ճանչցողներէն շատեր այդպէս կը դիմէին իրեն, համալսարանական ուսումը կը ստանայ Նիւ Եորքի Հանթըր Գոլէճէն, Անգլերէն Լեզու եւ Սննդաբանութեան զոյգ մասնագիտութեամբ, ապա իր Մագիստրոսի վկայականը կը ստանայ՝ Մանկավարժութեան ուղիով։ 44 տարի կը դասաւանդէ Պրուքլինի ՄիտՎուտ-Midwood High  երկրորդականի բարձրագոյն դասարանցիներուն։ 

            Մեր միասին եղած առիթներով իր պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը կը կեդրոնանար իր ճամբորդութիւններուն վրայ։ Յիշատակներ ունէր զանազան երկիրներէ – Եւրոպա, Ռուսիա, Մեքսիքօ, Եգիպտոս եւ մանաւանդ ՀԱՅԱՍՏԱն՝ միշտ ալ իր այցելած քաղաքներուն ճամբու ընկերակիցն էր մայրը Արուսեակը։ Այդ ճամբորդութիւններէն մէկուն ընթացքին Եգիպտոսի մէջ կը հանդիպի իր ապագայ ամուսնին, որուն հետ ամուսնութիւնը այնքան ալ երկար չի տեւեր։

            Կը յիշէր թէ որքան յուզիչ էր ու անմոռանալի՝ մօրը հետ իրենց հայրենիք ճամբորդութիւնը։ Մայրը, երկար փնտռտուքէ ետք վերջապէս գտած էր իր եղբայրը, եւ առաջին անգամ ըլլալով քոյր եղբայր, որուն երկու տարեկանէն ի վեր չէր տեսած, պիտի հանդիպէին Հայաստանի մէջ։

            Էլմաս 44 երկար տարիներու մանկավարժական իր կեանքը անցուցած էր Պրուքլինի Միտվուտ երկրորդական վարժարանին մէջ, դասաւանդելով Առտնին Տնտեսագիգտութիւն եւ Թուաբանութիւն։ Իր մասնագիտութեան հաւատարիմ, հոգատար ու նուիրեալ մանկավարժն էր, որ յաւելեալ ժամեր տրամադրելով – առաւօտները աւելի կանուխ եւ արձակուելու պահէն աւելի ուշ տուն մեկնելով «տկար» համարուած աշակերտներուն հետ առանձին աշխատելով կրցած էր զանոնք հասցնել իրենց տարեկիցներու ակնկալուած մակարդակին։ Իր օգնութիւնը միայն դասերու օգնութիւն չէր․․․ երբ զգար որ աշակերտը աղքատ ընտանիքէ կու գար եւ բաւարար ճաշ չէր ունենար, Էլմաս դիտաւորեալ յաւելեալ ճաշ կը տանէր հետը բաժին հանելու նման կարօտեալ աշակերտներուն։

            Սակայն, այս բոլորին հետ եւ աւելին Էլմաս իր կեանքի նպատակը դարձուցած էր ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն վերապրած մօրը արժանաւորապէս յարգել ու պանծացնել թէ՛ ողջութեան եւ թէ մահէն ետք։ Ամէն տարի Ապրիլին, անպայման օր մը կը նուիրէր Ապրիլեան եղեռնին պատմութիւնը պատմել տալու բարձրագոյն դասարանի աշակերտներու, նշանաւոր կամ այդ մարզին մէջ մասնագիտացած անձնաւորութիւն մը հրաւիրելով, խօսելու 1915-ի Ապրիլեան ջարդերուն մասին։

            Այս տարի եւ ամէ՛ն տարի Ապրիլին անպայման պիտի յիշեմ Էլմասին հայրենասէր հայուհիի նուիրումովը, լուռ ու համեստ իր առատաձեռն նուէրները, գիր ու գրականութեան միջոցաւ լուսաւորելու մատաղ սերունդին մտքերը, Հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ոճիրը պատմելու, մարդը մարդուն դէմ աւելի համերաշխ ու հոգատար դարձնելու բաղձանքով ու հաւատքով։

            Վկայ՝ Պրուքլինի աշակերտներուն յանձնուած եւ գրադարաններուն մէջ ննջող իր նուիրած անհամար գիրքերը։

Հանգիստ հայրենասէր- հայասէր թանկարժէք Էլմասին հոգւոյն։

Զարմինէ Պօղոսեան- Մարտ 16, 2021

Սբրինկֆիլտ-Փենսիլվանեա

 

2023 January 24,_ knee replacement surgery Zarmine_ 2024 Januar 29

  Ծունկիս Գործողութեան Երկրորդ Ամսեդարձը January 24, 2023  *   *   *  March 24, 2023   Մի զարմանաք, այո՛, ամսեդարձի մասին պիտի պատմեմ։...