Search This Blog

Search This Blog

Thursday, January 28, 2021

 ԲՐԹՈՒՃ ՄԸ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՍ

ԼԱՒԱՇ եւ ԼՈԼԻԿԻ ՄԱԾՈՒԿՈՎ ԲՐԹՈՒՃԸ
«Թո՛ղ սորվին, չմոռնան, մենք կ՛երթանք, իրենք եւ իրենց զաւակները օր մը չէ օր մը աշխարհին կը հասկցնեն եղածը․․․» Մօրս՝ Տիրամայր Զապէլին խօսքերէն
Փափուկցած լաւաշին վրայ Արփին զգուշութեամբ տարածեց լոլիկի մածուկը, անանուխի զգլխիչ փոշիին բուրմունքը ռունգերէն ներս ներշնչելով ուշի-ուշով ցանեց կարմիր լոլիկի մածուկին վրայ, քիչ մըն ալ Հալէպի կարմիր պղպեղ աւելցուց, որ մասունքի պէս պահած էր ու մեծ խնայողութեամբ կը գործածէր պահարանին խոր մէկ անկիւնին մէջ, ապա ձիթապտուղի արդար ու «կոյս» (extra Virgin) ձիթաիւղի շիշը մեծ զգուշութեամբ բարձր պահելով համեմուած լաւաշի կտորէն- վերջին օծումով մը ձիթաիւղին կաթկթոցովը ամբողջացուց արարողութիւնը։
Ա՛լ նոյն ախորժակը չունէր։ Երկար տարիներու աշխատանքէ ետք թոշակառուի կեանք կը վարէր։ Առաջուայ ախորժակն ալ չունէր։ Պետք էր բան մը ուտէր որ դեղահատերը կլլէր։ «Պարապ ստամոքսով չըլլար» ըսած էր բժիշկը։ Այս լոլիկի-ջուր մածուկով հացը աշխարհի ճաշերուն հետ չէր փոխեր։ Ամերիկեան կամ իտալական մսեղէնի ու զարմանազան տեսակաւոր պանիրներուն ամենաճոխ խճողումովը պատրաստուած «Սէնտուիչ» ը չէր կրնար մրցիլ այս բրթուճին հետ, որուն համն ու յիշատակը զինք կը փոխադրէր իր մանկութեան երբեմնի գիւղաքաղաքը՝ որ պատմական Ազէզն էր։
Ազէզ․․․Խաչակիրներու արձանագրութեանց մէջ յիշուած՝ որպէս «Hazart-հազարթ»ն էր՝ ըստ իրենց Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան ուսուցչին։ Աւելին` ուսուցիչը յատկապէս կը շեշտէր թէ Կիլիկեան թագաւոր Լեւոն Ա․-ի օրերուն, 1118 թուականին, Ազէզ քաղաքի տարածքը ռազմավարական նկատառումներով կարեւոր վայր ըլլալուն, Հայ իշխաններ Խաչակիրներուն հետ գործակցելով ազատագրեր էին թիւրքմէն- մահմետական Էլ Ղազիի Հալէպի բռնակալ իշխանութենէն եւ պահպաներ էին քաղաքը որպէս ապահով երթուղի՝ դէպի Մէքքէ կամ Երուսաղէմ սրբավայրերը։
Կը յիշէր օր մը դպրոցի ճամբուն մօտակայ թաղի մը երկայնքին փորուած երկար փոսը պատերազմական խրամատի մը պէս բացուած հետաքրքրասէրներու խումբեր կը հաւաքէր շուրջը։ Ուսուցիչը ըսած էր, որ պեղումներ կը կատարուէին հոն, պատմական իրերու հետ նաեւ զինուորականներու գանկեր, կմախքի այլ անդամներ ալ գտեր էին։ Բայց Արփիին խստապահանջ մայրը արտօնութիւն չէր տար իրեն, որ այդ տարիքին կարենար անձամբ երթար եւ տեսներ այդ բոլորը։
Լոլիկ-մածուկի, անանուխի եւ ձիթաիւղի խառնուրդ այդ յատուկ զգլխիչ բոյրը ռունգերուն՝ փոխադրուած էր իր մանկութեան օրերուն։ Սակայն Արմէնը, մեծ եղբայրը, քովը չէր որ ծաղկանոցէն իրենց ցանած կանաչ սոխէն մի քանի հատ հողէն դուրս քաշէր, հողը թօթուէր, մաքրէր, ջրհորէն քաշուած ջուրով լուար, օդին մէջ մի քանի անգամ շարժել-թօթուելով ջուրը ցամքեցնելէ ետք տար իրեն որ լաւաշին երկայնքին տեղաւորէր ու յետոյ կլորիկ մը ոլորէր։
Քոյր եղբայր ի՜նչ խնամքով ցանած էին սոխն ու սխտորը իրենց բակին փոքրիկ ծաղկանոցին մէկ անկիւնը, հոգատարութեամբ մշակուած պարտէզի մը տեսքը տուած էին իրենց բաժանմունքներով, եւ մանաւանդ՝ իրենց տան մօտ գտնուող պարտէզներուն ջրելու ձեւը կապկելով։
Հապա Ազէզի լաւաշ հա՞ցը․․․ Ամէն տարի Մեծ Զատկի նախօրէին մայրը կը կանչէր գնչու այն կինը որ վարպետ էր լաւաշ հաց պատրաստելու մէջ։
Օրուան վերջաւորութեան իր հասակին կրկնակի բարձրութեամբ, արեւնամուտի արեւին խոշորութեամբ լաւաշի կլորակները կը դիզուէին։ Անհամբեր, մեծ զգուշութեամբ «կը փախցնէին»թարմ-թարմ, փափուկ ու զգլխիչ բոյրով այդ լաւաշը յափշտակութեամբ կուլ տալու։ Յաջորդ օրը նոյնը համը չէր, կը փշրուէր, պէտք էր սպասէին, որ մաման ճերմակ սաւանին կէսը բանալով զգուշօրէն մէկ-մէկ թրջէր, ծածկէր որպէսզի կարենային ոլորել պանիր կամ այլ բաներ փաթթելով։
Երեկոյեան հայրիկին գործէն վերադարձին մաման պատմելիք կ՛ունենար գնչու-քիւրտ կնոջ իրարու մէջ անցած-դարձած խօսակցութենէն-
-Չե՛ս կրնար հաւատալ այսօր ինչ ըսաւ Այշէն, մեր հացթուխ կնիկը․․․ սկսաւ մայրը
-Ի՜՜նչ է նորէն․․․, յոգնած պիտի բացագանչէր հայրիկը, նորէն պատմութեան դաս տուի՞ր իրեն․․
-Չէ՜՜, դուն ալ․․ խօսքը խօսք բերաւ, հարցուց որ կէսուր ունիմ կամ չունիմ, ես ալ ըսի հազիւ ազատած են 1915-ի թուրքերուն ջարդէն, հիմա ալ Հայաստան գացին, մենք ալ պիտի երթայինք չեղաւ․․․
- Գիտե՞՞ս որ անպիտան կնիկը ծանօթ էր եղածին եւ ինչ ըսէ նէ կը հաւնիս․․․
- Ի՜՜նչ, արդէն յոգնած հայրիկը կը շարունակէր խօսակցութեան հետեւիլ․
- Կեննէրտէն ղույրուխ աճըսը ունութուլմազ, սիզտէն տէ ճան աղրըսը կիթմէզ․ ․․ «Անոնք իրենց պոչին ցաւը պիտի չմոռնան դուք ալ ձեր սրտի ցաւը․․․ հայերը անոնց պոչին եթէ չկոխէին ատանկ բաներ չէր պատահեր․․․ եւ - եւ երբ ըսի որ անոնք մեր տուները հարստութիւնները թալանեցին․․․ետ պէտք է տան մեր Քիլիսի այգիները, թզենիները․․․
- Աման Եավրում, կիւզէլ խանըմ․․ նեֆեսընը սանա պաղըշլա․․․ թոփրաք վէրիլմէզ․․․ ալընըր․․ «Սիրելի զաւակս, անուշիկ հանըմըս շունչդ քեզի պահէ, առնուած հողը չի տրուիր, այլ՝ կ՛առնուի՛․․․․» կը հաւատա՞ս, պապանձում եղայ մնացի, աչքիս արցունքը տեսաւ եւ աւելցուց իբր թէ ցաւակցելով ըսաւ․․․
- Եալան Տիւնեա․․․ եավրում ․․․ օ կիւզէլ պօնճուխխ կիպի կէօզլէրինէ եազըք տըր․․․ վուրան-վուրանա, ալան ալանա․․․ սուտ աշխարհ է ․․․․ այդ աղոուր կապոյտ հլունի պէս աչքերուդ մեղք են․․․ զարնող-զարնողի, յափշտակող-յափշտակողի․․․
Հայրիկը շատ յոգնած էր․․․ ան անգամ մը եւս գլուխը տխրութեամբ օրօրելով ինչե՜ր ըսաւ կնոջը ․․․ ա՛լ Արփիին հասկնալու կարողութենէն վեր բաներ էին, երբ շարունակեցին նիւթը։
Հայրիկը իր ծնողքին կարօտին մասին կը խօսէր, կորսնցուցած ձիթենիի ծառերուն համրանքը մտաբերել կ՛ուզէր․․․ մայրը լուռ կը հետեւէր, իսկ Արփին պատուհանէն դուրս երկինքին մէջ փայլող կլոր լուսինին նայելով դարձեալ նոր եփած լաւաշ տեսնել սկսած էր ու համը բերանը՝ որոճալով խոր քունի անցաւ։
- Ա՛լ սա չօճուխին քով ասանկ տխուր բաներ մի՛ պատմեր․․․ հեռուէն կարծես երազի մէջ լսեց հայրիկին արձագանգող ձայնը։
- Թող սորվի՛ն, չմոռնան, մենք կ՛երթանք, իրենք եւ իրենց զաւակները օր մը չէ օր մը աշխարհին կը հասկցնեն եղածը․․․
Արփին լոլիկով, սոխով, Նանէ-անանուխով, ձիթաիւղով օծուած լաւաշ-բրթուճը ձեռքին մէջ կարծելով մատները ամուր սեղմեց։
Խոր քունի մտած էր արդէն, չհասցուց յիշել թէ հայրիկը ի՞նչ պատասխան տուած էր մայրիկին։
Ցերեկուայ կարճ մրափէն սթափած, աշխուժացած աչքերը բացաւ եւ ձեռքին մէջ գտաւ ամերիկեան հացի կտոր մը, քչիկ մը լոլիկի ջուրի քսուկով եւ ցանցնուած կանաչ անանուխի փոշիին հատիկներով․․․․․ որքան հեռու տարեր էին զինք այդ յուշերը․
է՜՜հ․․․ ուր էր թէ Ազէզի ձիթաիւղն ալ ըլլար։
Զարմինէ Պօղոսեան
Յուլիս 14, 2020- Սբրինկֆիլտ

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

  ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ԿԱՐՕՏԻ   ՇՇՈՒՆՋ Օգոստոս 5-էն 12, 2016   Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես   Ութը տարի ա...