Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label my. Show all posts
Showing posts with label my. Show all posts

Tuesday, April 15, 2025

Reflections in Aravodm Chake Mangasarian_Western Armenian from Danielianm Anna Tavtian,

 

https://nt.am/am/news/307752/?fbclid=IwY2xjawJidrNleHRuA2FlbQIxMAABHtk7NmUXhd9Os5YgNthnkcStnIWOCOGr-MQ6HZ3F5V-E4FpGORwzFrbDZh5-_aem_gheazmVhA_ggKM0hIduaDA

 

Ժամանակին Զարմինէ Պօղոսեանը անսաց աւագ եղբօր՝ Ուաշինկթընի հովիւ Վրթանէս Աւ. Քահանայի՝ Արփիար Արփիարեանէն ածանցուած իմաստուն խօսքին, որ յայտարարեր էր, թէ գաղութ չէ Ամերիկան, այլ «օրհնեալ երկիր»։ Եղբայրը խորհուրդ տուեր էր բազմանդամ ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն համախմբուելու, կազմելու ընտանիքներ, բայց ծառայելու հայ մշակոյթին, հայ կրթութեանը, եկեղեցիին։ Եթէ չլինէր պատգամի երկրորդ բաղադրիչը, Զարմինէ Պօղոսեանի ճակատագիրը շատ շատ կը նմանէր ամերիկահայ նորահաս սերնդակիցներուն եւ աւելի աւագներուն, որոնք կու գային երկրի արեւելեան կամ արեւմտեան ափերը առօրեայով ապրելու: 

 

Այս գիրքը ուսուցիչի եւ մշակութային գործիչի համայն աշխարհին ընդդէմ վկայագիրն է եւ վկայութիւնը։ Նման ենթաժանրը արդէն արմատ նետեր էր ամերիկեան երկրամասի վրայ։ 

 

1993-ին Սուրէն Աբրահամեանը, համանման խորագրի ատաղձ պահելով, գրեր էր եղեռնէն փրկուածի իր կենսագրութիւնը. «Վանէն դէպի Տիտրոյիթ. հայկական ցեղասպանութիւնէն փրկուածը»։ Մէկ էական տարբերութիւն մը կար երկու կենսապատումներու միջեւ. մէկ տեղ հայ յամառութիւնն է, ֆիզիքապէս ապրելու ջիղը իբրեւ գոյատեւութեան նշան, երկրորդին մէջ՝ դաստիարակի, ուսուցիչի առաքելութեան առջեւ մեր հիացմունքի եւ խոնարհումի փաստը։

 Անկրկնելի է վերելքի ճանապարհը, որ կտրեր է Զարմինէ Պօղոսեանը ուսուցչութեան եւ մշակոյթի իւրացման ճանապարհին։ Եւ ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, ուր 1978-էն սկսաւ քալել, այլ շատ առաջ, երբ դեռ Ազէզի Սահակեան վարժարանի նստարանէն ծանօթացեր էր հայ տառաշարի գանձերուն, երբ 1956-էն Հալէպի մէջ կը յաճախէր Բեթէլ Աւետարանական վարժարանը, ապա ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարժարանի միջնակարգով ու երկրորդականով, երբ նոյն Հալէպի մէջ սկսեր էր դասաւանդել Կրթասիրացի մէջ իբրեւ ուսուցիչ եւ կազմակերպիչ եռանդուն տնօրէն։ 

 Կրթասիրացի մէջ եղեր եմ, բայց չեմ հանդիպեր իրեն, եղեր եմ Նիւ Եորք, ուր ինքը Պէյսայտի ՍՆԱՎ-ի երկարամեայ տնօրէնն էր, անձանձիր ղեկավար։

 Բարձրագոյն պարգեւներու կողքին ամենաբաղձալին եւ պատուաբերը «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» կաթողիկոսական շքանշանն էր (2014)։ 

Իր համար կարծես նոր իմաստ  ձեռք բերեր էին Դանիէլ Վարուժանի տողերը՝ 

Դաստիարակն է։ ……….

 Ձայնն այստեղէն լոյսէն կու գայ։

 Բայց կ’ելլէ, թռիչներուն վրայ հուր կայ.

Ձայն կ’արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք։

 «Ազէզէն Ամերիկա»ի յօդուածները փորձագրութիւններ են, յուշագրութիւններ, հերոսները՝ գրողներ, գիտնականներ, ուսուցիչներ եւ ուսուցչապետեր՝ կարծես անվերջանալի շղթայ կազմող բնութագրումներ, անկիւնադարձային դէմքեր՝ Վազգէն Շուշանեանէն ձգուող ճանապարհ, որ կը հասնի Երուանդ Ակիշեան, Արա Գալայճեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Հրանդ Մարգարեան, Սարգիս Վահագն, Երուանդ Ազատեան, բանաստեղծական ներշնչումներու յորձանք՝ Զահրատ ու Խրախունի, Մարօ Մարգարեան, Յակոբ Միքայէլեան, Վարուժան Աճէմեան, Սիրվարդ Գարամանուկ, մինչեւ Շահան Արծրունի։ 

 Այստեղ տեղ բռներ են համայնքային կեանքի դրուագները, հայաստանեան արձագանգները: Այս միայն թուարկում չէ, այլեւ իմացութիւններու հսկայական պաշար, այն, ինչով հարստացեր է ինքը եւ հարստացրեր իր միջավայրը եւ մեզ։

 Կարճ ասած՝ ի՛ր կեանքը, ի՛ր հոգեղէն լիցքերը կազմած նուիրական անուններ։ Այսօր հարկ է, որ մեզ շրջապատող անուններու մէջ վարժուինք տալ եւ իր նուիրական ու զարմահրաշ անունը։ 

 Շնորհակալ ենք, որ կը հարստանանք քու լինելութեամբ, սիրելի՛ Զարմինէ Պօղոսեան։ 

 Վարձքդ կատա՛ր։

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

*   *   *   *  *

ԱՆՆԱ ԴԱՒԹԵԱՆ

Խ. Աբովեանի ան. ՀՊՄՀ

Բանասիրական բաժանմունքի մագիստրատուրայի

2-րդ լսարանի ուսանողուհի

 «– Ի՞նչ նոր բան գրած ես:

Ամչնալով եւ արդարանալու փորձով, մինչեւ ականջներս կարմրելով` կ'ըսէի.

– Ո՛չ, Պարոն Պարիկեան, կը ցաւիմ, ժամանակ չունիմ...

– Ժամանակը դո՛ւն պէտք է ստեղծես,– կ՛ըլլար պատասխանը»:

Սա մի երկխօսութիւն է «նորամանուկ» «Ազէզեն Ամերիկա»ի հեղինակ Զարմինէ Պօղոսեանի եւ իր հայերէն լեզուի ուսուցիչ, Գիրքին մէջ «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» բաժնի մէջ իր պատուաւոր տեղը զբաղեցուցած Հայկ Պարիկեանի միջեւ:

            Այժմ վաստակաշատ կրթական մշակ տիկին Զարմինէի նման ես ալ, մէկ կողմ դրած բոլոր չակերտաւոր, փոքրիկ արդարացուցիչ պատրուակները, կը ստեղծեմ 

ժամանակն ու կը վերսկսիմ գրել:

Ընթերցողի ուշադրութեանը ներկայացուող գիրքն ունի 3 ճիւղաւորում, այն է՝ խոհագրութիւն, յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ: Ժանրային այս բաժանումը 

գիրքին կու տայ ժողովածուի արժէք, մանկութեան ու պատանեկութեան յուշ-խոհերէն, աշխատանքային գործունէութիւնէն եւ գիտակրթական առօրեայէն 

կը կազմուի «Ազէզեն Ամերիկա» կոչուող իւրատեսակ փունջը: 

 Բայց այս փունջը փունջ չէր կազմեր, եթէ որպէս զարկերակ չդիտարկէր մանկավարժութիւնը: Այո՛, գիրքի իւրաքանչիւր էջով կ՛անցնի մանկավարժութիւն կոչուող կարմիր թելը, որ գործարկուած է Սփիւռքի մէջ իր «կարը կարելու», չէ՞որ «Որքան ալ որ օտար հողմերը փչեն մեր շուրջը, ձեր եւ մեր ճիգերով պիտի կարենանք սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ պահել հայրենասիրութիւնը, հաւատքը հայի ապագայի նկատմամբ»,- նշում է հեղինակը «Ինքնակենսագրութեան փոխարէն» ենթաբաժնի մէջ տեղ գտած «Նահանջելու իրաւունք չունինք» խորագրով յօդուածին մէջ:

 Իսկ ինչպէ՞ս, ի՞նչ սկզբունքով  կառուցուած է մանկավարժական այս փունջը: «Ազէզեն Ամերիկա»ն ընթերցողին կը ներկայանայ «Այբ»էն մինչեւ «Թօ» հետաքրքիր եւ յաջորդական ենթաբաժանումով: Տրոհման այս ձեւը, կը կարծենք,  իւրօրինակ 

երկխօսութիւն մըն  է «Ճամբար Նուպար»ի հայերէն խօսիլ պատգամող պզտիկ ցուցատախտակի գրութեան հետ:

Մայր լեզուով խոսելու, օտար ափերուն այն պահպանելու, սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնն իր դժուարութիւններով ու խնդիրներով «Հայերէն խօսիր» յօդուածէն կը ճիւղաւորուի ու կը հասնի «Մանկավարժի օրագրէն էջեր» ենթաբաժին՝ ընթերցողի առջեւ բանալով մերթ ծիծաղ յարուցող, մէկ ժպիտ պարգեւող, մերթ ալ խիստ մտահոգիչ յուշ- դրուագներ: Ահա մի պատկեր «Վերամուտի մտահոգութիւններ. երեք պատկեր մեր կեանքէն» յօդուածէն. «Գրասենեակին հեռաձայնը կը հնչէ: Ծնողներէն մին գիծի վրայ է: 

-Շատ կը ներէք, տիկին տնօրէնուհի, աղջիկս չպիտի արձանագրեմ այս տարի։ Շատ դժուար է ճամբորդութիւնը, կը քնանայ ինքնաշարժին մէջ, մինչեւ տուն հասնինք, ուժ չ'ունենար դաս սորվելու, հայերէնն ալ շատ դժուարին կու գայ, ուրիշ բաներէն ալ կը զրկուի կոր։

Լուռ կը լսեմ լսափողին միւս կողմէն:

– Օրինակ՝ ինչպիսի բաներէն կը զրկուի Ձեր աղջիկը, տիկին։

– Պալէի (բեմական ներկայացում) դասի չի կրնար երթալ, ճիմնազեումի բնաւ ուժ չի մնար կոր… այսինքն՝ գիտեմ, աւելի կանուխ պէտք էր որ լուր տուած ըլլայի, բայց շատ դրի վերցուցի,մէկ շունչով, լաւ պատրաստուած դասի պէս իրարու ետեւէ կը գեղգեղէ մեր հոգատար մայրը։ Եւ վրան ալ կ'աւելցնէ չքմեղանքի կարագով օծելու իր խօսքը.– Մենք դպրոցը շատշատ կը սիրենք... սխալ մի հասկնաք զիս, տիկին, աղջիկս չ՚ուզեր կոր. հայերէնը շատ դժուարին կու գայ կոր...:

Երբ զրկուողը գիտակից չէ, թէ իսկապէս ինչէն կը զրկուի... Ալ ի՞նչ խօսիլ, ինչ ըսել մօրը, երբ վեց տարեկան աղջնակը կ'որոշէ, իսկ մայրն ալ մտահոգ է, որ իր աղջնակը «ուրիշ բաներէ կը զրկուի... կոր…», կը նկատէ հեղինակը։ 

 Այս պատկերի մեղքը քիչ մը  մեղմելու համար, կարծես, դրուագային շղթային կը միանայ «հայութեան հետ բացարձակ կապ չունեցող քորեացի ընտանիք մը, որ ոչինչ չի խնայեր, որ դասերը դիւրին գան երեխային»: 

Հեռաձայնէն եկած եւ նմանատիպ լուրերը, սակայն, հեղինակ-մանկավարժին չեն յուսահատեցներ. Ան կը փորձէ «արտասահմանեան կեանքի բաժակին պարպուած կէսը անտեսել ու լաւատեսօրէն լեցուն կէսը տեսնելով յուսադրուիլ», չէ՞ որ «Կրթական մշակը հայկական կեդրոններէն ներս նուիրում բառին քաջածանօթ է, անով լեցուցած է իր  գործունէութիւնը, իր առօրեան, իր ամբողջ կեանքը»: 

 «Ազէզեն Ամերիկա»ի առաջին էջերուն մէջ տեղ գտած կրթական այս բանաձեւը կենսունակ է գիրքի մաս կազմող բոլոր ենթաբաժիններու համար:

 Մայրենի լեզուի պահպանման եւ փոխանցման թեմայէն զատ «Մանկավարժի օրագրէն էջեր» ենթաբաժնի առանցքին մէջ են նաեւ այնպիսի հարցեր, ինչպէս են՝ ճշդապահութիւնը, սաներուն քաջալերելու միջոցները, դաստիարակութիւնը, Ամերի կայի կրթական համակարգը, անոր խնդիրները, կիրառուող մեթոտները, կրթական ոլորտի մէջ նոր, բանիմաց երիտասարդ ուժերու կարեւորութիւնը:

 Բ-են համարակալումը կրող «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» խորագրով ենթաբաժ Նի մէջ զանազան միջադէպերու ու երկխօսութիւններու միջոցով վեր կը հանուին հեղի նակի կեանքինմէջ  կարեւոր դեր խաղցած ուսուցիչներու կերպարները: «Կեանքիս տարբեր հանգրուաններուն շատ տարբեր առիթներով յիշած եմ ուսուցիչներս։ Իւրաքանչիւրը անոնցմէ անեկդոտ մը, մանրավէպ մը, ժպիտ կամ ափսոսանք բերած է իր հետ եւ քանդակած յուշերուս մէջ», կը նշէ հեղինակը։   

 Այդ յուշերուն մէջ  իր ուրոյն տեղն ունի ամէն ինչ գիտցող Ազէզի Խոճան, նոյն ինքը՝ Համբարձում Պէրպէրեանը, ամբողջ Ազէզի մէկ հատիկ խոճան, որուն հարիւրաւոր մեթր հեռաւորութենէն երեւիլը զգաստութիւն կը պարտադրէր»։ Ազէզի խոճային նուիրուած հատուածը նշանաւոր է Արշակ Չօպանեանի «Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին» կտորով եւ հեղինակի՝ այդ ժամանակներու երկչոտ բնաւորութեամբ: 

 Ենթաբաժնի յօդուածներուն մէջ պակաս կարեւոր դեր չի տանիր հայերէն լեզուի ուսուցիչ Հայկ Պարիկեանը: Վերջինիս նուիրուած հատուածը կը նշանաւորենք Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» հատորով եւ «արեւողող», «մազօթաողող» նորակազմութիւններով: Չմոռնանք յիշատակել նաեւ տնտեսագի-տութիւն դասընթացի ուսուցչուհիին՝ Օրիորդ Ճեմիլէ Նազարեանին, չէ՞որ ան իր աշակերտուհիներու ուսումնական առօրեայի մէջ ուսուցիչէն զատ ունէր մէկ դեր եւս, այն է՝ ընկեր-խորհրդատու:

 «Ազէզեն Ամերիկա» աշխատութիւնն ընթերցողին կը գրաւէ իր ոչ միայն յուշագրա-կան յօդուածային գրելաձեւով, այլեւ գեղարուեստական շաղախով: Վերջինս աւելի գրաւիչ կը դառնայ շնորհիւ դիպուկ ու անկեղծ նկարագրութիւններու եւ համեմատութիւններու: Օր.՝ «Ազէզի Խոճան» հատուածին մէջ անմիջապէս կը  գրաւեն հետեւեալ տողերը.

«Թումանեանի Գիքորը այնքան չէր խեղճացած աղջիկ-պարոնին տան մէջ, որքան ես՝ Լազար Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեանի տանիքը՝ այդ վերամուտի զբօսանքին»:

 Գեղարուեստական մատուցումը նիւթն աւելի թեթեւ կը դարձնէ, որու շնորհիւ ընթերցողը, պատմուող դէպքերէն ելլելով, ինքնաբերաբար, առանց յատուկ ջանքեր գործադրելու մտովի կը տեղափոխուի անցեալ եւ կը յայտնուի դպրոցական նստարանի, ժամանակ անց ալ կրկին կը դառնայ համալսարանական առօրեայի մէկ մասնիկը: Ես ալ «Ինքնակենսագրութեան փոխարէն», «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» եւ «Մանկավարժի օրագիրէն էջեր» ենթաբաժիններն ընթերցեցածս ժամանակ  յիշեր եմ ինչպէս դպրոցական ու համալսարանական, այնպէս ալ ուսումնական վարժութեան օրերուն սիրտ զովացնող ու սիրտ մաշեցնող դէպքերու երկար շարան մը: 

 Տափակ անիւին նմանող պատմութիւն մըն ալ ես ունիմ, զուարճալի  պատմութիւն մը, երբ տափակ անիւի փոխարէն տունը ձգած պայուսակը  դարձեր էր ուսուցիչէն  յետոյ դասարան մտնելու իմ պատճառը: 

 Ազէզի Խոճայի եւ Հայկ Պարիկեանի նման ուսուցիչներու ու դասախօսներու ես նոյնպէս երախտապարտ եմ, քանզի անոնք կրթութեան ու մանկավարժութեան այն մշակներն են եղեր, որոնք երկչոտ ու ամաչկոտ բնաւորութիւն ունեցող սորվորողներու ձայնը ամէն կերպ լսելու դարձնելու կոչեր հնչեցուցեր են: Եւ վերջապես, գիրքի ուշագրաւ հատ-ւածներէն մէկը ամերիկեան կրթական համակարգին մէջ կիրառուող դաստիարակչական մեթոտներու մասին է.

 «Ուսուցիչները երբեք աշակերտներուն չեն ըսեր. «Դուն չես գիտեր», այլ կ'ըսեն. «Եկուր միասին փնտռենք, ես ալ լաւ չեմ յիշեր»՝ ձեւացնելով, թէ իրենք ալ չեն գիտեր»։ Այս ինծի մանկավարժութեան պարտէզներուն մէջ  կատարած առաջին փորձերս եւ սփիւռքահայ գրող, մանկավարժ Յակոբ Օշականի՝ իր սաներէն մէկուն ուղղուած խօսքը յիշեցուց.

 «Մտիկ ըրէ տղաս: Կան մեծ լեռներ եւ կան պզտիկ լեռներ: Մեծ լերան մէջ ենթադրէ որ կայ մեծ քանակութեամբ ոսկի, պզտիկ լերան մէջ՝ քիչ քանակութեամբ: Արդ՝ մեծ լերան շատը կրնա՞յ պատճառ ըլլալ որ պզտիկին քիչը դադրի ոսկի ըլլալէ, կորսնցնէ իր ոսկեղէն արժէքը:  Տո՛ւր առայժմ քու քիչ ոսկիդ, շատին մասին մտածելու դեռ ժամանակ ունիս…»:  

 Խօսքս կ՛ուզեմ եզրափակել գիրքէն առնուած պատգամով մը, որ հնչեցուցեր է Տօքթ. Բերկրուհի Նաճարեանը Հալէպի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան այցի ժամանակ.

 «Եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջինները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»:

 Սիրելի՛ տիկին Զարմինէ, Դուք հասեր եք Ձեր երազին: 

 Շարունակեցէք երթը Ձեր, չէ՞որ մանկավարժի ուղին դեռ նոր սկսող մանկավարժներու համար Ձեր ընթացքը օրինակ է: Հրաժեշտի ժպիտս կը լայննայ

Մնամ յարգանօք՝ Աննա Դաւթեան

*  *   *   *   *   *

Ներկայացուած է Երեւանի Սփիւռք Գիտա-ուսումնական Կեդրոնի մէջ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համլսարան
















Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 7, 2021-ին

Գրեց՝ ԱՆՆԱ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

 Բանասիրական   ֆակուլտետ, 4-րդ  կուրս

 «Ոտքի՛, ժողովուրդ,

Ապագան խորտակուած

Նոր սերունդ դժբախտ

Անկարելի է լռել,

Արթննալու պահն է,

Դանակը ոսկորին հասած է արդէն

Ապահովեցէք

Ապահով կեանք մը ամբողջ աշխարհի

Գէթ ձեր զաւակներուն համար գալիքի»։

 Յախուռն,  ճեպընթաց,  կեցութեան  անակնկալները  յաղթահարելու զարմանալի կորովով   ու ուժով, ազգային ուղիի մայր գիծերէն, գերզգայուն

«փնթփնթոցներու»  փոխարէն  «Ոտքի»-ի  արթնութեամբ հանդէս  կու գայ Զարմինէ  Պողոսեանը՝  «Ազէզէն  Ամերիկա»  գիրքի   «Բանաստեղծական

Ներշնչումներ»  խորագիրը  կրող  ենթաբաժնին մէջ։

 Ազէզ,  Հալէպ,  Նիւ  Յորք,  Նիւ  Ճըրզի  տարագիր  աշխարհի խաչմերուկներուն  կանգնած  Զարմինէ  Պողոսեանը  ծնած  է  Սուրիական

հայաշունչ  գիւղաքաղաք  Ազէզին մէջ։  Աշխատակցեր է «Զարթօնք», «Նոր Այնթէպ»,  «Պայքար»,  «Շիրակ», «Նոր  օր», «Մարմարա», «Ազդակ»,

«Հայրենիք»,   «Նոր  Կեանք»  պարբերականներուն։ 

 Թերթենք  էջերը  ստեղծագործական․․․

Ինչքան  զգայուն  լարերու  վրայ  է  կառուցուած  «Կը  փնտռեմ» պատմութիւնը․  արդէն  իսկ  վերնագիրը  թոյլ  կը շշնջէ  մեր  ականջին․

 «Բոլորը  կարօտը  ունին  իրենց  տունին,  անկողնին,  թէկուզ  ամէնէն աննշան համարուղ ամենամտերիմ իրենց բարձին, որուն վրայ ինչ բարձր

տրամադրութեամբ հանգիստ տուած էին իրենց գլուխներուն եւ հրաշալի երազներ  տեսած  ժամանակին։»

 Հիմա․․․  պատրանաթափ  ընդոստ  կ’արթննան՝  աչք  բանալով  տեսնելու կարծր  իրականութիւնը․․․  կորուստներ  եւ  փնտռտուք՝  ամէնէն  աննշան

կարծուող  մանրուքներուն։  Հոն  չեն  այլեւս։  Ո~ւր էին երէկ եւ կամ անցեալ տարի․․․ Ո՞ւր  են  հիմա։

 Այո՛։  Հարազատներս  կը  փնտռեմ… տեղերը  բոլոր  հարազատներուս,ցիրուցան,  անորոշ  հասցէներով»։

 Տրամադրութիւններու  շղթան կը փոխուի՝  համամարդկային սիրոյ Ակունքներում մէջ ենք․ ես, ան հարազատը, հարազատները, մարդիկ ուղղակի,  դուք,  բոլորս...

 Զարմինէ Պoղոսեանի փնտռտուքներու   մէկ այլ ծայրաթեւ կը յիշեցնէ «Ես  Յղի  Եմ»  ոչ  այնքան  ընդունուած  կարգախօս-արտայայտութիւնը:

 Այնքան  հետաքրքիր  է  տիկին  Զարմինէի՝  վերնագիրի  շուրջ պաշտպանողականը. «Ես յղի եմ» վերնագիրը կը դնէ եւ կը սկսի հետեւեալ վահանով. «Հաւատացէք, իմ մասին չէ, որ կը խօսիմ: Թոռնիկ ունենալու յոյսով  շատ -շատոնց  այդ  պարտականութիւնը  իմ  զաւակներուս

փոխանցած եմ: «Թոռնիկի պէս անուշ բան չկայ այս աշխարհիս մէջ»- կը հաստատեն  շուրջիններս»:  

 Ես  ալ   առաջին  անգամ  կը լսէի  Ճիմիին  վերագրուած  այդ  տեսակ յայտարարութիւնը.   «Ճիմի,  այ  էմ  փրէկնընթ»՝  Ճիմի,  յղի  եմ...

 «Ես յղի  եմ»  յայտարարել  ամբողջ  աշխարհին:  Չէ,  այս  մէկը  առաջին անգամն  էր  որ  կը  լսէինք»:  

 Յետոյ իմ մեծերէն շատ անգամ լսած արտահայտութեան շարքը կու գայ՝ «Է~~, մեր ատենը ամեն բան ուրիշ էր: Ժամանակները որքան փոխուած են: Ամօթ կար, յարգանք կար:»  

 

Այսպէս,  հինի  ու  նորի  պայքարով,  երբեմն  համատեղելով  ու ներդաշնակելով  հեղինակը  կու գայ  ամենակարեւոր  մաղթանքին.

 «...փոխանցեցէք անհամար բարեկամներուս եւ ազգակիցներուս՝ ի սրտէ խաղաղութիւն  կը  մաղթեմ  աշխարհին, բոլոր բոլորին, եւ ինչպէս որ մեր աշակերտներուն  շրթունքներէն  կը  լսենք,  Հիւսիս-  Արեւելք  երգին  տողերուն մաղթանքները,  կը  ձայնակցիմ  իրենց  հետ  երգելով,  մաղթելով  որ  մեր ձայնի  ալիքները  հասնին  բոլոր  տեղահան եւ կայք փնտռող ազգակիցներուս»։   

 Իսկ  իր  համար  խաղաղութեան  գլխաւոր  կռուանը  բարութիւնն  է.

 «Ծննդեան  տօներու  առթիւ  սրտաբուխ  նուէր  մը»  ստեղծագործութեան մէջ կը նկատենք մշտարթուն,  անուղղելի լաւատեսութիւն․ «Ով կ՛ըսէ թէ աշխարհ անտարբեր,  անգութ,  անշնորհակալ  ու  չարակամ  մարդոցմով լեցուած  է։  Միմիայն մէկ ազնիւ  արարք,  առանց  անմիջական ակնկալութեան  մէկ  գեղեցիկ  ժեսթ,  մեզի  տրուած  նուէր-բարիքը  մեզ ինչպէս  լաւատեսութեան  փոխադրեց »։ 

 Պատմութիւնը կ՛եզրափակուի  աւելի  ընդգծելի գիրով․ «Այո, աշխարհի  մէջ  տակաւին  կան  լաւ  մարդիկ»։

 Այդ լաւ մարդկանց մէջ մենք այսօր կը տեսնենք Ձեր ներկայութիւնը...

 Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան

  Նոյյան տապան  -   Հասարակություն

Friday, August 9, 2024

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

 

ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

ԿԱՐՕՏԻ  ՇՇՈՒՆՋ

Օգոստոս 5-էն 12, 2016

 Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես  

Ութը տարի առաջ, եօթը օր շարունակ

Յուսացինք որ մեզի պիտի վերադառնաս

Ճիշդ այն օրուան պէս երբ

Հալէպէն Երուսաղէմ պիտի երթայիր

Քեզ ճանապարհեցինք

Զսպուած արցունքով

Կարօտի ցաւը զսպելով

Մէկ ժամ չանցած դուռը զարկիր

Դո՛ւն էիր դրան առաջ

Այդ պահուն վերստին հանդիպումի մը

Անկրկնելի անակնկալն էր որ մեզի տուիր

Այո՛, վերադարձ մը չէր․․․․

Ցաւօք ․․․

Մոռցուած իր մը առնելու եկած էիր

Հիմա մե՛նք դարձած ենք մոռցուած իրեր,

Ե՛տ դարձ, եկո՜ւր վերստին մեր դուռը զարկ

Ա՜խ որքան կը յուսամ որ գաս վերստին․․

*   *   *   *   *

Կը կարծուի թէ քովս չես,

Այո՛, կը կարծուի, ինչպէ՞ս թէ

Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Մեր տան հեռաձայնին

Լսափողին միւս ծայրէն

Հոգատար ու փայլատակող շեշտովդ

«Պատմէ՛,  Տեսնեմ» - ը․․․

*   *   *   *   *

Այս բառերով կը բացուէր

Կծիկը մեր գիշերային զրոյցին

Այնքան յաճախ որ մինչեւ այսօր

Ութը անգամ 365 օր ետք իսկ

Օրեր ժամեր ցերեկ եւ գիշեր

Ամէն գիշեր ուշ ժամերուն

Ձեռքս կ՛երկարեմ հեռախօսի ընկալուչին

Վստահ ըլլալով որ դուն հո՛ն ես

Պիտի՛ որ պատասխանես,

Եղբայր իմ երէց․․․

Լսելու համար ձայնդ ․․․

Որ կ՛ըսէ՝

Պատմէ՛ տեսնեմ

Ի՞նչ գրեցիր

Խօսիլ տալու զիս․․․

Ի՜նչ գրեցի ու

ի՜նչ կրնամ գրել եղբայր իմ

Չէի գիտեր որ

Երազային էին այդ պահերը բոլոր

Իրաւ երազ պիտի դառնային

Չէի՜ գիտեր,

Որ օր մը անպայման լռութիւն

Պիտի տիրէր ընկալուչին միւս կողմը

Առանց արձագանգի  

Բայց հոգ չէ

Դուն մտիկ ըրէ զիս հիմա

Ինչեր ունիմ պատմելիք

Յաւերժի ճամբորդ դարձած եղբայր իմ սիրելի

Մանկութեան միակ ու թանկագին ընկերս,

Կեաքիս խորհրդատո՜ւն,

Կը յիշե՞ս Ազէզի մեր ուշ գիշերները

Երբ հեռատեսիլ չկար

 Ու մենք յոգնած կարդալէ

Կը դիմէինք թղթախաղի

«Բինէկ» խաղալու

Մեր մեծ բակին մէկ կողմը

Գաղտագողի առանց ձայն ծպտուն հանելու

Մամային ու պապային առանց արթնցնելու

Ի՜նչ կարեւոր էր թէ ով կը յաղթէր

Միշտ յիշեցնելիք ու սորվեցնելիք բաներ ունէիր

Պարզ թղթախաղի թուղթերու փոխարէն

Գրողներու եւ իրենց գործերու չորս անուններով

Թղթախաղի տրցակ պատրաստեր էիր

Ուր մեր ձեռքերուն մէջ կը տողանցէին

Վազգէն Շուշանեանէն Վահան Թոթովենցը,

Ակսել Բակունցէն՝ Աւետիս Ահարոնեանը,

Շահան Շահնուրէն Պարոյր Սեւակը

Շարան շարան մեր գրողներու պանթէոնէն

Արեւմտահայ թէ արեւելահայ փաղանգը

Մեզ ոգեշնչող սիրելիներուն

Իրենց գիրքերուն անուններովը

Որ յաջորդ օր յիշողութիւնս քննելու

Թէ ո՞ր հեղինակէն

Քանի՞ գիրքի անուն կրնամ յիշել

Եղբայր իմ երէց․․․

Պաշտպանողս,

Գրադարանս,

Գրական ճաշակ ներարկողս,

Բանաստեղծութիւն սիրցնողս

Բառերու նրբերանքին աւիշը քիմքիս ներարկողը

Միշտ քովս ես՝ ներկա՛յ

Հաւատքի սիւնս ես

Դուն քովս ես ընդմիշտ,

* * * *

Միայն թէ

Կը ներես, որ քեզմէ գաղտնի պահած եմ

Հայրենիքէն հոսող ցաւն ու մորմոքը

44 օրեայ պատերազմին մեր նահատակներուն թիւը

Արցախեան պաշարումը

Հալէպի երկրաշարժի ցնցումը․․․

Ու տակաւին․․․

Մեր արցախեան կորուստներէն

Որ մէկը յիշեմ  ․․․

Ալ արցունքս չորցաւ

Չեմ ուզեր խոստովանիլ

Ներէ՛՛ ինծի եղբայր իմ,

Դարձեալ տեսնուելու յոյսով․․․

Աղօթէ որ լաւ լուրեր ամբարած

Կարենամ հասնիլ

Յաջորդ մեր տեսութեան:




 



                     ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՆԳՉԻՍ․․․․

ՄԻՆՉ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԻՐԵԼԻ ԵՐԷՑ ԵՂԲԱՅՐՍ-

Thursday, October 28, 2021

My Morning Coffee_Zarmine

 

ՄԵՐ ԱՌՏՈՒԱՅ ՍՈՒՐՃԸ

 

            Նոր միջավայրի մէջ նոր ընթացք առած է մեր առօրեան։ Երկու տարիէ այսօրուայ պէս կանուխ դուրս ելած չունէինք։ Ի՜նչ հաճոյք էր մեր թոռնիկները դպրոց ուղեկցելու համար կանուխ արթննալ իրենց ժպտուն դէմքերը դիտելով դպրոց տանիլ։  

Հասանք դպրոց, որ միմիայն հինգ վեց վայրկեանի ճամբայ էր։ Դպրոցին դրան առաջ արդէն պատասխանատու կիներ կը սպասէին։ Մեր ինքնաշարժէն դուրս ելլելու կարիք չկար։ Իրենք դուռը կը բանան, կը դիմաւորեն, աշակերտին կ՛օգնեն եթէ դպրոցական պայուսակը ծանր է․․․այսպէս, ձգեցինք մեր հոգեհատորը իր ուսման օճախին առաջ․․․ եւ ․․ վերջ։

Ուրիշ ի՞նչ կրնայինք ընել, շատ կանուխ է եւ օրը երկար։ Որոշեցինք սուրճի երթալ մեզի մօտակայ «Տանքին Սուրճի»-ի խանութը։

            Ինքնաշարժէն դուրս ելած կը մօտենայի սուրճի խանութին դրան, խանութին ներսէն դուրս ելլող երիտասարդ մը երկու ձեռքերը լեցուն սուրճի գաւաթով եւ այլ ուտելիքներով ծանրաբեռնուած, ոտքը դրան դուռին բաց պահած սպասեց՝ որ ես ներս մտնեմ «Բարի Օր ձեզի» մաղթանք մըն ալ միացնելով իր ժպտուն դէմքին։

            Ապսպրուած սուրճն ու նախաճաշի բրթուճները առած նստեցանք հանգիստ մը, մենք մեզի վայելելու։ Արդէն մեզմէ զատ նստող չկար, բոլոր յաճախորդներն ալ արագ գործի վազողներ էին։  

Միայն մենք էինք նստելու աթոռ-սեղան պահողը։ Համավարակի պատճառով,ընդունուած ձեւով սեղանները որոշուած էին իրարմէ հեռու «կրնաս նստիլ կամ չես կրնար» ազդանշաններով։ Մենք անկիւն մը ծուարած, նստած էինք։ Ես հանդարտիկ մը սուրճս կ՛ըմբոշխնէի, յաճախորդներու եռուզեռին շարանը դիտելով։ Պոչ բռնած շարքէն յանկարծ երիտասարդուհի մը դարձաւ մեզի նայելով ժպտեցաւ եւ դիմակը կիսով մը վար առնելով ըսաւ․․․

-         Չէք կրնար երեւակայել ինչ յիշատակ եւ ժպիտ պատճառեցիք ինծի․․․ ինչ

լաւ հանդարտ նստած էք երկուքով եւ ձեր առաւօտեան սուրճը կը վայելէք․․․ իմ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս յիշեցուցիք որ ․․․․ այլեւս չկան․․․

 Է՜՜հ, այո՛, այսօր մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկի պարտականութիւն ստանձնած

էինք մեր թոռնիկներուն դպրոց ուղեկցելու։ Այդ ակնարկը միաժամանակ մեզի յիշեցուց, որ մեր սպիտակած գլուխներով մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկ կը յիշեցնենք մեր շուրջիններուն։ 

Յաճախ կը մոռնանք որ պապիկ-տատիկի տարազները հագած ենք, նորանոր կեանքի ապրելակերպ եւ առօրեայ ստանձնելով։

Նման ակնարկնութիւններ կու գան մեզի յուշելու ինչ որ ներքնապէս տակաւին երեւի չենք ընդունած։

Մի քանի տարիէ մեր առաւօտեան ժամերը ուրիշ ընթացք ունին։ Համավարակի պատճառաւ աճապարելու պէտք չունինք։ Կ՛արթննանք երբ որ ուզենք։ Զարթուցիչ զանգի պէտք չունինք, երբ ալ ըլլայ կ՛ըլլայ․․․ բացի անշուշտ եթէ բժիշկի ժամադրութիւն մը այդքան կանուխ չէ նշանակուած։

            Ես աւելի քան երեսուն տարի վարժուած էի առաւօտ կանուխ հինգ երեսունին արթննալ, բաւարար ժամանակ տալով ես ինծի պատրաստուելու եւ ինքնաշարժին մէջ ըլլալու եօթէն առաջ, գործի ժամանակին հասնելու, կամ այնպիսի ժամու մը որ զիս դպրոցի դրան առաջ հասցնէր բոլորէն առաջ, ամէնէն ուշը առաւօտեան ութին։

            Առաւօտեան սուրճի պահը ինծի համար վայելք էր հիմա։ Աճապարելու, ժամանակին տեղ հասնելու անհանգստութիւնը ներքնապէս կ՛ուտէր զիս եւ հաւանաբար այս աստիճան չէի ալ կրնար վայելել խմած սուրճիս համը։

Այսօր սուրճիս համը տեղն էր․․․

Բայց այդ «պապիկ ու տատիկ» դարձած ըլլալու մասին պէտք է քիչ մըն ալ ժամանակ տամ հաշտուելու․․․

Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 28․ 2021 – Springfield, PA

Thursday, January 28, 2021

 ԲՐԹՈՒՃ ՄԸ՝ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԵՆԷՍ

ԼԱՒԱՇ եւ ԼՈԼԻԿԻ ՄԱԾՈՒԿՈՎ ԲՐԹՈՒՃԸ
«Թո՛ղ սորվին, չմոռնան, մենք կ՛երթանք, իրենք եւ իրենց զաւակները օր մը չէ օր մը աշխարհին կը հասկցնեն եղածը․․․» Մօրս՝ Տիրամայր Զապէլին խօսքերէն
Փափուկցած լաւաշին վրայ Արփին զգուշութեամբ տարածեց լոլիկի մածուկը, անանուխի զգլխիչ փոշիին բուրմունքը ռունգերէն ներս ներշնչելով ուշի-ուշով ցանեց կարմիր լոլիկի մածուկին վրայ, քիչ մըն ալ Հալէպի կարմիր պղպեղ աւելցուց, որ մասունքի պէս պահած էր ու մեծ խնայողութեամբ կը գործածէր պահարանին խոր մէկ անկիւնին մէջ, ապա ձիթապտուղի արդար ու «կոյս» (extra Virgin) ձիթաիւղի շիշը մեծ զգուշութեամբ բարձր պահելով համեմուած լաւաշի կտորէն- վերջին օծումով մը ձիթաիւղին կաթկթոցովը ամբողջացուց արարողութիւնը։
Ա՛լ նոյն ախորժակը չունէր։ Երկար տարիներու աշխատանքէ ետք թոշակառուի կեանք կը վարէր։ Առաջուայ ախորժակն ալ չունէր։ Պետք էր բան մը ուտէր որ դեղահատերը կլլէր։ «Պարապ ստամոքսով չըլլար» ըսած էր բժիշկը։ Այս լոլիկի-ջուր մածուկով հացը աշխարհի ճաշերուն հետ չէր փոխեր։ Ամերիկեան կամ իտալական մսեղէնի ու զարմանազան տեսակաւոր պանիրներուն ամենաճոխ խճողումովը պատրաստուած «Սէնտուիչ» ը չէր կրնար մրցիլ այս բրթուճին հետ, որուն համն ու յիշատակը զինք կը փոխադրէր իր մանկութեան երբեմնի գիւղաքաղաքը՝ որ պատմական Ազէզն էր։
Ազէզ․․․Խաչակիրներու արձանագրութեանց մէջ յիշուած՝ որպէս «Hazart-հազարթ»ն էր՝ ըստ իրենց Ընդհանուր Ազգաց Պատմութեան ուսուցչին։ Աւելին` ուսուցիչը յատկապէս կը շեշտէր թէ Կիլիկեան թագաւոր Լեւոն Ա․-ի օրերուն, 1118 թուականին, Ազէզ քաղաքի տարածքը ռազմավարական նկատառումներով կարեւոր վայր ըլլալուն, Հայ իշխաններ Խաչակիրներուն հետ գործակցելով ազատագրեր էին թիւրքմէն- մահմետական Էլ Ղազիի Հալէպի բռնակալ իշխանութենէն եւ պահպաներ էին քաղաքը որպէս ապահով երթուղի՝ դէպի Մէքքէ կամ Երուսաղէմ սրբավայրերը։
Կը յիշէր օր մը դպրոցի ճամբուն մօտակայ թաղի մը երկայնքին փորուած երկար փոսը պատերազմական խրամատի մը պէս բացուած հետաքրքրասէրներու խումբեր կը հաւաքէր շուրջը։ Ուսուցիչը ըսած էր, որ պեղումներ կը կատարուէին հոն, պատմական իրերու հետ նաեւ զինուորականներու գանկեր, կմախքի այլ անդամներ ալ գտեր էին։ Բայց Արփիին խստապահանջ մայրը արտօնութիւն չէր տար իրեն, որ այդ տարիքին կարենար անձամբ երթար եւ տեսներ այդ բոլորը։
Լոլիկ-մածուկի, անանուխի եւ ձիթաիւղի խառնուրդ այդ յատուկ զգլխիչ բոյրը ռունգերուն՝ փոխադրուած էր իր մանկութեան օրերուն։ Սակայն Արմէնը, մեծ եղբայրը, քովը չէր որ ծաղկանոցէն իրենց ցանած կանաչ սոխէն մի քանի հատ հողէն դուրս քաշէր, հողը թօթուէր, մաքրէր, ջրհորէն քաշուած ջուրով լուար, օդին մէջ մի քանի անգամ շարժել-թօթուելով ջուրը ցամքեցնելէ ետք տար իրեն որ լաւաշին երկայնքին տեղաւորէր ու յետոյ կլորիկ մը ոլորէր։
Քոյր եղբայր ի՜նչ խնամքով ցանած էին սոխն ու սխտորը իրենց բակին փոքրիկ ծաղկանոցին մէկ անկիւնը, հոգատարութեամբ մշակուած պարտէզի մը տեսքը տուած էին իրենց բաժանմունքներով, եւ մանաւանդ՝ իրենց տան մօտ գտնուող պարտէզներուն ջրելու ձեւը կապկելով։
Հապա Ազէզի լաւաշ հա՞ցը․․․ Ամէն տարի Մեծ Զատկի նախօրէին մայրը կը կանչէր գնչու այն կինը որ վարպետ էր լաւաշ հաց պատրաստելու մէջ։
Օրուան վերջաւորութեան իր հասակին կրկնակի բարձրութեամբ, արեւնամուտի արեւին խոշորութեամբ լաւաշի կլորակները կը դիզուէին։ Անհամբեր, մեծ զգուշութեամբ «կը փախցնէին»թարմ-թարմ, փափուկ ու զգլխիչ բոյրով այդ լաւաշը յափշտակութեամբ կուլ տալու։ Յաջորդ օրը նոյնը համը չէր, կը փշրուէր, պէտք էր սպասէին, որ մաման ճերմակ սաւանին կէսը բանալով զգուշօրէն մէկ-մէկ թրջէր, ծածկէր որպէսզի կարենային ոլորել պանիր կամ այլ բաներ փաթթելով։
Երեկոյեան հայրիկին գործէն վերադարձին մաման պատմելիք կ՛ունենար գնչու-քիւրտ կնոջ իրարու մէջ անցած-դարձած խօսակցութենէն-
-Չե՛ս կրնար հաւատալ այսօր ինչ ըսաւ Այշէն, մեր հացթուխ կնիկը․․․ սկսաւ մայրը
-Ի՜՜նչ է նորէն․․․, յոգնած պիտի բացագանչէր հայրիկը, նորէն պատմութեան դաս տուի՞ր իրեն․․
-Չէ՜՜, դուն ալ․․ խօսքը խօսք բերաւ, հարցուց որ կէսուր ունիմ կամ չունիմ, ես ալ ըսի հազիւ ազատած են 1915-ի թուրքերուն ջարդէն, հիմա ալ Հայաստան գացին, մենք ալ պիտի երթայինք չեղաւ․․․
- Գիտե՞՞ս որ անպիտան կնիկը ծանօթ էր եղածին եւ ինչ ըսէ նէ կը հաւնիս․․․
- Ի՜՜նչ, արդէն յոգնած հայրիկը կը շարունակէր խօսակցութեան հետեւիլ․
- Կեննէրտէն ղույրուխ աճըսը ունութուլմազ, սիզտէն տէ ճան աղրըսը կիթմէզ․ ․․ «Անոնք իրենց պոչին ցաւը պիտի չմոռնան դուք ալ ձեր սրտի ցաւը․․․ հայերը անոնց պոչին եթէ չկոխէին ատանկ բաներ չէր պատահեր․․․ եւ - եւ երբ ըսի որ անոնք մեր տուները հարստութիւնները թալանեցին․․․ետ պէտք է տան մեր Քիլիսի այգիները, թզենիները․․․
- Աման Եավրում, կիւզէլ խանըմ․․ նեֆեսընը սանա պաղըշլա․․․ թոփրաք վէրիլմէզ․․․ ալընըր․․ «Սիրելի զաւակս, անուշիկ հանըմըս շունչդ քեզի պահէ, առնուած հողը չի տրուիր, այլ՝ կ՛առնուի՛․․․․» կը հաւատա՞ս, պապանձում եղայ մնացի, աչքիս արցունքը տեսաւ եւ աւելցուց իբր թէ ցաւակցելով ըսաւ․․․
- Եալան Տիւնեա․․․ եավրում ․․․ օ կիւզէլ պօնճուխխ կիպի կէօզլէրինէ եազըք տըր․․․ վուրան-վուրանա, ալան ալանա․․․ սուտ աշխարհ է ․․․․ այդ աղոուր կապոյտ հլունի պէս աչքերուդ մեղք են․․․ զարնող-զարնողի, յափշտակող-յափշտակողի․․․
Հայրիկը շատ յոգնած էր․․․ ան անգամ մը եւս գլուխը տխրութեամբ օրօրելով ինչե՜ր ըսաւ կնոջը ․․․ ա՛լ Արփիին հասկնալու կարողութենէն վեր բաներ էին, երբ շարունակեցին նիւթը։
Հայրիկը իր ծնողքին կարօտին մասին կը խօսէր, կորսնցուցած ձիթենիի ծառերուն համրանքը մտաբերել կ՛ուզէր․․․ մայրը լուռ կը հետեւէր, իսկ Արփին պատուհանէն դուրս երկինքին մէջ փայլող կլոր լուսինին նայելով դարձեալ նոր եփած լաւաշ տեսնել սկսած էր ու համը բերանը՝ որոճալով խոր քունի անցաւ։
- Ա՛լ սա չօճուխին քով ասանկ տխուր բաներ մի՛ պատմեր․․․ հեռուէն կարծես երազի մէջ լսեց հայրիկին արձագանգող ձայնը։
- Թող սորվի՛ն, չմոռնան, մենք կ՛երթանք, իրենք եւ իրենց զաւակները օր մը չէ օր մը աշխարհին կը հասկցնեն եղածը․․․
Արփին լոլիկով, սոխով, Նանէ-անանուխով, ձիթաիւղով օծուած լաւաշ-բրթուճը ձեռքին մէջ կարծելով մատները ամուր սեղմեց։
Խոր քունի մտած էր արդէն, չհասցուց յիշել թէ հայրիկը ի՞նչ պատասխան տուած էր մայրիկին։
Ցերեկուայ կարճ մրափէն սթափած, աշխուժացած աչքերը բացաւ եւ ձեռքին մէջ գտաւ ամերիկեան հացի կտոր մը, քչիկ մը լոլիկի ջուրի քսուկով եւ ցանցնուած կանաչ անանուխի փոշիին հատիկներով․․․․․ որքան հեռու տարեր էին զինք այդ յուշերը․
է՜՜հ․․․ ուր էր թէ Ազէզի ձիթաիւղն ալ ըլլար։
Զարմինէ Պօղոսեան
Յուլիս 14, 2020- Սբրինկֆիլտ

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...