Search This Blog

Search This Blog

Thursday, October 28, 2021

My Morning Coffee_Zarmine

 

ՄԵՐ ԱՌՏՈՒԱՅ ՍՈՒՐՃԸ

 

            Նոր միջավայրի մէջ նոր ընթացք առած է մեր առօրեան։ Երկու տարիէ այսօրուայ պէս կանուխ դուրս ելած չունէինք։ Ի՜նչ հաճոյք էր մեր թոռնիկները դպրոց ուղեկցելու համար կանուխ արթննալ իրենց ժպտուն դէմքերը դիտելով դպրոց տանիլ։  

Հասանք դպրոց, որ միմիայն հինգ վեց վայրկեանի ճամբայ էր։ Դպրոցին դրան առաջ արդէն պատասխանատու կիներ կը սպասէին։ Մեր ինքնաշարժէն դուրս ելլելու կարիք չկար։ Իրենք դուռը կը բանան, կը դիմաւորեն, աշակերտին կ՛օգնեն եթէ դպրոցական պայուսակը ծանր է․․․այսպէս, ձգեցինք մեր հոգեհատորը իր ուսման օճախին առաջ․․․ եւ ․․ վերջ։

Ուրիշ ի՞նչ կրնայինք ընել, շատ կանուխ է եւ օրը երկար։ Որոշեցինք սուրճի երթալ մեզի մօտակայ «Տանքին Սուրճի»-ի խանութը։

            Ինքնաշարժէն դուրս ելած կը մօտենայի սուրճի խանութին դրան, խանութին ներսէն դուրս ելլող երիտասարդ մը երկու ձեռքերը լեցուն սուրճի գաւաթով եւ այլ ուտելիքներով ծանրաբեռնուած, ոտքը դրան դուռին բաց պահած սպասեց՝ որ ես ներս մտնեմ «Բարի Օր ձեզի» մաղթանք մըն ալ միացնելով իր ժպտուն դէմքին։

            Ապսպրուած սուրճն ու նախաճաշի բրթուճները առած նստեցանք հանգիստ մը, մենք մեզի վայելելու։ Արդէն մեզմէ զատ նստող չկար, բոլոր յաճախորդներն ալ արագ գործի վազողներ էին։  

Միայն մենք էինք նստելու աթոռ-սեղան պահողը։ Համավարակի պատճառով,ընդունուած ձեւով սեղանները որոշուած էին իրարմէ հեռու «կրնաս նստիլ կամ չես կրնար» ազդանշաններով։ Մենք անկիւն մը ծուարած, նստած էինք։ Ես հանդարտիկ մը սուրճս կ՛ըմբոշխնէի, յաճախորդներու եռուզեռին շարանը դիտելով։ Պոչ բռնած շարքէն յանկարծ երիտասարդուհի մը դարձաւ մեզի նայելով ժպտեցաւ եւ դիմակը կիսով մը վար առնելով ըսաւ․․․

-         Չէք կրնար երեւակայել ինչ յիշատակ եւ ժպիտ պատճառեցիք ինծի․․․ ինչ

լաւ հանդարտ նստած էք երկուքով եւ ձեր առաւօտեան սուրճը կը վայելէք․․․ իմ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս յիշեցուցիք որ ․․․․ այլեւս չկան․․․

 Է՜՜հ, այո՛, այսօր մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկի պարտականութիւն ստանձնած

էինք մեր թոռնիկներուն դպրոց ուղեկցելու։ Այդ ակնարկը միաժամանակ մեզի յիշեցուց, որ մեր սպիտակած գլուխներով մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկ կը յիշեցնենք մեր շուրջիններուն։ 

Յաճախ կը մոռնանք որ պապիկ-տատիկի տարազները հագած ենք, նորանոր կեանքի ապրելակերպ եւ առօրեայ ստանձնելով։

Նման ակնարկնութիւններ կու գան մեզի յուշելու ինչ որ ներքնապէս տակաւին երեւի չենք ընդունած։

Մի քանի տարիէ մեր առաւօտեան ժամերը ուրիշ ընթացք ունին։ Համավարակի պատճառաւ աճապարելու պէտք չունինք։ Կ՛արթննանք երբ որ ուզենք։ Զարթուցիչ զանգի պէտք չունինք, երբ ալ ըլլայ կ՛ըլլայ․․․ բացի անշուշտ եթէ բժիշկի ժամադրութիւն մը այդքան կանուխ չէ նշանակուած։

            Ես աւելի քան երեսուն տարի վարժուած էի առաւօտ կանուխ հինգ երեսունին արթննալ, բաւարար ժամանակ տալով ես ինծի պատրաստուելու եւ ինքնաշարժին մէջ ըլլալու եօթէն առաջ, գործի ժամանակին հասնելու, կամ այնպիսի ժամու մը որ զիս դպրոցի դրան առաջ հասցնէր բոլորէն առաջ, ամէնէն ուշը առաւօտեան ութին։

            Առաւօտեան սուրճի պահը ինծի համար վայելք էր հիմա։ Աճապարելու, ժամանակին տեղ հասնելու անհանգստութիւնը ներքնապէս կ՛ուտէր զիս եւ հաւանաբար այս աստիճան չէի ալ կրնար վայելել խմած սուրճիս համը։

Այսօր սուրճիս համը տեղն էր․․․

Բայց այդ «պապիկ ու տատիկ» դարձած ըլլալու մասին պէտք է քիչ մըն ալ ժամանակ տամ հաշտուելու․․․

Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 28 2021 – Springfield, PA

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...