Search This Blog

Search This Blog

Thursday, September 15, 2022

ANother Victim at the border_Eli Meg Zoh_Zarmine Boghosian

 Այսօր --- September 15, 2022-----երբ կը կարդամ թէ՝ «Սահմանին զոհուել է ազատամարտիկ ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԸ « --- կը վերյիշեմ մեր զգացած ցաւերը բոլոր անոնց՝ որ ԵՌԱԲԼՈՒՐէն հողակոյտի մը տակ բաժին ունենալով հերոսացան ․․․

ԱՅՈ․․․․․ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ․․․ Այս անգամ առիւծասիրտ հայուհի մը ․․ ՄԱՅՐԸ․․․ որ ծնունդ պիտի տար նորանոր առիւծ հայորդիներու
Վարի գրութիւնը գրած էի 2006-ին, ընտանեկան հարազատի մը նահատակութեան ցաւով․․․․
( ԱԶԷԶԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ Հատորէն․․․․․)
* * * * * * *
ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ
(«Սահմանում զինուորական է զոհուել»)
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-
Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006 «Մարմարա», 7 Յունիս, 2006
Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ-ինչ կորուստներ եղան որ թիւերով միայն կը յայտարարուին: Շատ-շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին:
Աղէտին պատկերնե՞- րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս: Եւ... վե՛րջ:
Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ’անցնինք մեր առօրեային:
«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...
Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:
Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն:
Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:
Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է: Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք: Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ: Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:
Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:
Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր.
-Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը... Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:
Աչքերու առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:
Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի: Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ:
Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք: Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:
Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի՝ էլի՛ մէկ զոհ:
Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006 «Մարմարա», 7 Յունիս, 2006
May be an image of 1 person
Zarmine Boghosian

Wednesday, September 14, 2022

2002-Old & Ever New -Off the Records Please -Zarmine Boghosian

 ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ

ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՏՐԱԿԷՆ ՆԵ՞ՐՍ ԹԷ ԴՈՒՐՍ
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան- Յունուար 2002, Պրուքլին
Վերջերս ուսանողներէս մէկուն համար փնտռտուքի մը պատճառով երբ հայկական համայնագիտարանէն Ակսէլ Բակունցի, Զապէլ Եսայեանի, Եղիշէ Չարենցի, Վահան Թոթովենցի, Գուրգէն Մահարիի կենսագրականները աչքէ կ’անցընէի, տեսակ մը «նորից նոր» սարսուռ զգացի:
Անոնց կեանքին վերջին շրջանին մասին, երեսունական թուականներուն Սիպերիա կամ բանտ մնալուն մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն, խօսք, կամ գէթ ծածկագրային ինչ-որ մօտեցում կար:
Մենք լսած էինք մեր ուսուցիչներէն, թէ համայնավարական տիրակալութեան շրջանին որպէս «ժողովուրդի թշնամի» բանտերու կամ Սիպերիոյ սառոյցներուն յանձնուած էր անոնց ճակատագիրը:
Տասնամեակներ ետք, գալիք սերունդները ինչպէ՞ս պիտի գիտնային թէ տարբեր ծննդեան տարեթիւերով այս հանճարեղ մարդիկը ինչպէս այսքան երիտասարդ այս նոյն թուականին աշխարհէն մեկնած են, ինչէ՞ն մահացած էին:
Քաղցկե՞ղն էր տանողը, թէ՞ սրտի տագնապը եւ կամ անկողնային բնական մահը: Օրինակ՝ Խաչատուր Աբովեանին նուիրուած Ակսէլ Բակունցի վէպը անաւարտ մնաց, կ’ըսէ համայնագիտարանը, բայց ինչո՞ւ չէ գրուած թէ ինչու չէ ամբողջացած: Ո՛չ մէկ բացատրութիւն կայ հոն: Չարենցին 1937-ին Կոմիտասին նուիրուած «Յաւերժական Կոմիտասը» լոյս կը տեսնէ 1964-ին, ինչո՞ւ:
Բակունցին, Եսայեանին մահուան թուականի մը արձանագրութիւնը կայ եւ սակայն վայրը, ամիսը եւ օրը չէ յիշուած, ինչո՞ւ զանց առնուած է: Ի՞նչ էր անոնց մահուան պատճառը:
Օրին ի՜նչ սարսափ ապրած պէտք է ըլլան օրուան կենսագիրները կամ հեղինակները այդ էջերը համայնագիտարանի խմբագրութեան յանձնելէ առաջ եւ ի՜նչ խղճի խայթ՝ յանձնելէն ետք – հարց կու տամ ես ինծի: Արդեօք մենք՝ այս օրերու ապրողներս, մեզմէ ետք եկողներուն համար ճի՞շդ ձեւով կ՛արձանագրենք ամէն ինչ: Չէ՞ որ այսօրը շատ շուտ վաղը կ՛ըլլայ:
Այսօրուան ու վաղուան պատմութեան համար մե՛նք ենք պատասխանատուն գալիք սերունդին առջեւ: Միութենական կեանքի մէջ, մանաւանդ՝ վարչութեան ատենադպիրները միշտ ալ «փափուկ եւ զգայուն» հարցերու դէմ-յանդիման կը գտնուին, երբ վարչութեան ատենապետին որոշումով այս կամ այն նիւթը քննարկուելէ ետք կամ առաջ – «այս նիւթին շուրջ թէեւ այսօր պէտք է որ խորհրդակցինք, սակայն ատենագրութենէն դուրս պէտք է մնան մանրամասնութիւնները» – կը յայտարարուի: Իսկ անգլերէնով՝ This is off the records նախադասութիւնը շատ ծանօթ է ժողովական կեանք ապրողներուն համար առաւել կամ նուազ չափով քիչ մը ամէն տեղ:
Այս կամ այն անձին կամ մեծամեծին զգացումներուն չդպնալու համար շատ դիւրին է ընդունիլ եւ օրակարգէ դուրս դնել երբեմն շատ հրատապ, կարեւոր հարցեր: Մինչեւ իսկ տուեալ հաստատութեան կամ կազմակերպութեան համար ճակատագրական եղող հարցերը, որոնք կրնան ամբողջ ժողովի մը տեւողութեան իննսուն տոկոս ժամանակ խլած ըլլան, «խղճմտօրէն» քննարկելու համար եւ յետոյ ոչինչ յիշել այդ մասին ատենագրութեան մէջ: Մնացեալ տասը տոկոսը փառաւորապէս կ՛արձանագրուի ու կը պահուի:
Բայց որո՞ւն պէտք է այդ տասը տոկոսը: Մնացողներէն ովքե՞ր պիտի կրնան այդ ծածկագրերը իրականութեան մօտեցնող գուշակութիւններ ընել՝ հասկնալի նիւթի մը վերածելու: Կամ թէ որո՞ւն հոգն է արձանագրուածն ու չարձանագրուածը: Հոգ ընող մը պիտի ըլլա՞յ արդեօք:
Այս օրերու ENRON*** ընկերութեան փլուզումը արդեօ՞ք այդ – off the records – մօտեցումին պատճառով չէ: Ո՞րն է կաշի փրկող “Off the records”ը եւ ո՞րն է խղճի ու պատմութեան դատաստանին համար “On the records” – պահելը:
Իսկապէս շատ դժուար է ժամանակի ատենադպիրը ըլլալը, խիղճ ունենալը եւ գիտակցիլը թէ այսօրուան եւ երէկուան մորթին-կաշիին վրայ զգացուածն է որ ժամանակակից լուրերուն արձանագրութեան հետ գալիք սերունդին պիտի հասնի, գուցէ նաեւ անոնց ճակատագիրը որոշէ:
Իսկ վա՞ղը՝ պարզապէս պատմութեան անցած էջ մը պիտի համարուի:
Off the records, please!! Օֆ տհը րէքըրտս փլի՜զ: Ատենագրութենէն դո՛ւրս, հաճիք...
Յունուար 2002, Պրուքլին, Ն. Ե. «Մարմարա», 7 Փետրուար, 2005, Երկուշաբթի
Յ. Գ. Այո՛, այս մէկը ՔՍԱՆ տարի առաջ գրած էի։ Կարծեմ այժմէական կարելի է նկատել
PS:։ ENRON*** The Enron scandal was an accounting scandal involving Enron Corporation, an American energy company based in Houston, Texas. Upon being publicized in October 2001, the company declared bankruptcy and its accounting firm, Arthur Andersen – then one of the five largest audit and accountancy partnerships in the world – was effectively dissolved. In addition to being the largest bankruptcy reorganization in U.S. history at that time, Enron was cited as the biggest audit failure.
"ԱԶԷԶԷՆ—ԱՄԵՐԻԿԱ" ՀԱՏՈՐԷՆ
You, Varoujan Hejinian, Lydia Baghdassarian and 3 others
1 Comment
Care
Care
Comment
Share

Aleppo - Grtasieats is 90 years old=by zarmine K. Boghosian- 2014

  ՈՂՋՈՅՆ 90-ԱՄԵԱՅ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻՆ (1924-2014) .   ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԸ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԱՄԱՐ (Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեաննե...