Search This Blog

Search This Blog

Friday, October 13, 2023

Jacques S Hagopian _tribute by Zarmine Bofghosian = 2023-Oct 12-2019

 

ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆ ՀԱՍԱԾ՝ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՎԿԱՆ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան 

            Նահապետ բանաստեղծ, Ուլունքաշարողը Մեսրոպեանին, Յիսուսահարը, Ուսուցանող Ժագ Ս. Յակոբեանին հետ վերջին հանդիպում մը պիտի ըլլար Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գրասէր հասարակութեան համար Մայիս 14, 2010 թուականը:   

            Չէինք գիտեր, որ մեր վերջին անձամբ հանդիպումը պիտի ըլլար այդ օրը:   

            Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ-ի կազմակերպած շարք մը ողջունահանդէսներու շարքին Նահապետ բանաստեղծը Նիւ Ճըրզի հրաւիրուած էր յատկապէս ներկայացնելու իր հեղինակած «Վահան Թէքէեան՝ Աստուածախոյզը» հատորը, որ լոյս տեսած էր 2009-ի աշնան՝ ԹՄՄ Երուանդ Ազատեան Գրական Հիմնադրամ-ի օժանդակութեամբ:

            Այդ օր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նահապետ բանաստեղծին մօտէն ծանօթ, նոր օրերու անկրկնելի բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանը, իսկ օրուան հանդիսավարն էր հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեանը:

            Մեր պատուական հիւրը ուշի ուշով կը հետեւէր ելոյթներուն եւ իր դէմքի արտայայտութիւններով կը քաջալերէր խօսողները:

Սակայն երբ Ն.Ե.-Ն.Ճ-ի շրջանէն խումբ մը աշակերտներ իր գործերէն արտասանեցին, տեսնել պէտք էր իր աչքերուն մէջ փայլող մանկավարժի եւ հեղինակի աննկարագրելի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը:

Դարաշրջան մը ամբողջ իր ետին ձգած Նահապետը այսպէս կը բնութագրէր իր ծնունդը «Մայրատօն» հատորիկին մէջ (էջ 6).

1917 – Պատմական Աշխարհացունց թուական մը հանդիսացաւ

Ա – Ռուսական Կարմիր Յեղափոխութեան պայթումով

Բ – Պաղեստինի ազատագրումով

Գ – եւ..ինչու չէ,– քիչ մը խնդալո՜ւ սիրոյն... Ժագ Ս. Յակոբեանի ծնունդով...

Առաջ ես մուտք կը գործէի Երուսաղէմ, Օգոստոսին (1-ին) եւ ինձմէ ետք՝ Զօրավարը պիտի մտնէր – Դեկտեմբերին...

Հաւատացուցա՛ծ էր մեզի, որ մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլար: Վկայ՝ իր երկտող-քաջալերական նամակները իւրաքանչիւր դպրոցական վերամուտին (իր անձնական փողգիր նուէրով մը), որ կը հասնէր ինծի՝ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի-ՍՆԱՎ-ի հասցէով – զի Ան կը հաւատա՛ր որ

        Դպրոցն ահա Հայկական... յուշարձան մըն է

        Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛,

        – Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած

        Նոր ժառա՛նգ հայ, որ կը ծովանայ...:

            Մասնագիտութեամբ դեղագործ, 35 հատորներու բանաստեղծ-հեղինակ, բազմահարիւր աշակերտներու ուսուցիչ, անհամար երկրպագուներու համար տիպար ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅն էր Ժագ Ս․ Յակոբեան։  

Երուսաղէմ ծնած, Եգիպտոս ապրած, Աւստրալիա համտեսած, ուսուցիչ դարձած Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանին մէջ եւ վերջ ի վերջոյ Լոս Անճելըսի մէջ որոշած էր շարունակել ուսուցչական ասպարէզը, Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին մէջ եւ վերջնականապէս հոն հաստատելով ընտանիքին ճիւղաւորումը իր յաւէտ սիրահար կեանքի ընկերոջ՝ Լիլօշին հետ:

Իր իսկ տողերով բնութագրած է սփիւռքահայուն երկրէ երկիր իր տեղափոխութիւնները.

Ոտքե՜րը այս...

Ո՜ւր չեն գացեր

Իրենց քալած օրէն ի վեր

Ու տակաւին ո՞ւր, ո՞վ գիտէ...

Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս չհաւատալ, որ ան որոշած է աւելի եւս մօտենալ իրմէ առաջ պանթէոն հասած տիտաններուն.

Նարեկացի՛ Գրիգոր,

Ողջո՜յն, արքա՛յ հայ Գիրի,

Որ արեւու պէս փառաւոր

Կը յայտնուիս այսօր մեզի՝

Քու Նարեկով տիտանական:

Հապա սա ոգեշունչ-հրաշունչ տողե՞րը,

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱԹՈՒՂԹ-ի իր պատգամով.

Մենք այսօր ՀՈՆ չենք:

Բայց եղե՛ր ենք հոն:

        Հեռու չէ, երէ՛կ

        Դեռ, մենք հո՛ն էինք:

        Մեր հողի՛ն վրայ,

        Ուրկէ մեզ փրցուց մրրիկ մը կարմիր,

        – Եւ նետեց մեզ գորշ ու չոր հողերուն,

        Որ ցրուած փշրանք

        Ու փոշի ըլլանք,

        Փոշիի պէս ալ կե՛ր դառնանք հովուն:

...Ո՞վ կ’ըսէ հոն չենք,

Ինչպէ՞ս հոն չըլլանք,

... Հոն ունինք կորչած

Որբ հայկակներու հոգի՛ն ադամանդ՝

Ոսոխին գերի՛,

Ունինք գահի պես խաչեր կործանած,

Հարսի պէս թաղուած լոյսեր մագաղաթ՝

Թաթին տակ խոզի...

Երէկ էր կարծես... որ Նահապետին ծննդեան դարադարձը նշող յայտագրին

մասին տեղեկացանք հայ մամուլէն թէ՝ Հոկտեմբեր 30, 2016-ին լոսանճելըսահայ մշակութասէր կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած:

Իսկ երկու տարի առաջ հեռաձայնի ժապաւէնէն տակաւ հնչող իր առոյգ ձայնը չեմ ջնջած, որուն արձագանգը շօշափելի ներկայութիւն է մեր տան պատերէն ներս:

Օրին շատ ուրախացած էր, որ ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտ-աշակերտներով մասնակցեր էինք իր 100-ամեակին նուիրուած Նիւ Եորքի «Համազգային»ի կազմակերպած յայտագրին, եւ երբ նկարներու եւ տեսերիզի հետ, մասնակիցներուն անուններն ու արտասանուած կտորներուն ցանկը ղրկած էի, անմիջապէս հեռաձայնելով ուրախութիւնը յայտնած էր:

Զիս տունը չգտնելով՝ չէր վարանած իր գնահատանքը արձանագրելու հեռաձայնի ձայնագրիչին:

Եւ ահա... անսպասելի լուրը ․․․ երբ Նոյեմբեր 2, 2019-ին յաջորդող օրերուն լրատուները սկսան յայտարարել այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ աշխարհային կեանքէն հեռանալը, վերստին կարդալով 2005-ին գրածը, զարմանալի չէր անդրադառնալ, որ արդէն իսկ պատրաստած ու թուղթին յանձնած էր հայ բանաստեղծի իր ԻՂՁԸ.

Երբ այս աստղավառ կամարին ներքեւ

Մարի՜ աստղս, ու զայն կնքէ հո՛ղը սեւ,

Արդէն դասարա՛նը պիտի ըլլաք

Դուք, հայ դպրոցի Հայկուհի՛ եւ Հա՛յկ:

...Եւ երբ դուք էջերս երգէք կարկաչող

Ջուրերու հանգոյն, ձեր հա՛յ շրթերով

Ապրի՛մ պիտի ես, եւ անմահանամ

Հայահամ բերնո՛վ ձեր յաւերժաձայն...

 

Այո՛, Նոյեմբեր 2-ին աստղավառ կամարին ներքեւ աստղ մը շիջեցաւ եւ հասաւ անմահներու պանթէոնին. մեզի կը մնայ ամէն ճիգ գործադրել, որ հայ դպրոցի Հայկուհի՛նեևրն ու Հա՛յկերը իրենց հայահամ շրթներով աշխարհով մէկ իր անուան հետ իր «Ժագաբարբառ» տողերը «մութէն լոյսին հանելով» յաւերժացնեն անմահներու պանթէոն հասած, սակայն մեզի հետ միշտ ներկա՛յ,

Բանաստեղծութեան Նահապետ՝  Ժագ Ս. Յակոբեանը:

Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

Սփրինկֆիլտ, 14 Նոյեմբեր, 2019



Ձախէն աջ՝ Գայանէ Ժամկոչեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Նահապետը՝ Ժագ Ս․ Յակոբեան, Նայիրի եւ Անի Ճըրճըրեաններ, Ալին Ոսկերիչեան


Aleppo - Grtasieats is 90 years old=by zarmine K. Boghosian- 2014

  ՈՂՋՈՅՆ 90-ԱՄԵԱՅ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻՆ (1924-2014) .   ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԸ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԱՄԱՐ (Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեաննե...