Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 2019. Show all posts
Showing posts with label 2019. Show all posts

Tuesday, April 15, 2025

April 1- Holidays in April and Aintab herosamard 1920-Zarmine Boghosian

 2019- Ապրիլին գրուած - Սրբոց Նահատակաց Հայց․ եկեղեցւոյ ՆԱՐԵԿ Ամսաթերթին համար

ԱՊՐԻԼ ՄԷԿ, ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ,
ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ապրիլ ՄԷԿ-ը Նախակրթարանի գրասեղաններէն մեզի կը յուշէ մեր անմեղ սուտ-կատակները, զիրար խաբելու «թաշկինակդ ինկած է» ըսելով. .. եւ յետոյ յաղթականօրէն «Ապրիլ ՄԷ՜՜Կ» պոռալու յիշատակները: Այս տեսակ անմեղ կատակով «խաբելու» խաղը հին ժամանակներէն 1500-ական թուականներէն կու գայ: Բայց ամէնէն նշանաւոր եւ բաւական լուրջ կատակ-սուտը կը յիշուի 1957-ի Ապրիլ մէկին (April 1, 1957 by the BBC, reported on its news program Panorama-BBC: Spaghetti-Harvest in Ticino), երբ հեղինակաւոր Լոնտոնի Պի-Պի-Սի լուրերէն կը յայտարարուէր որ Զուեցերիոյ մէջ ծառերէն սպիկէթի-մաքարոնի կը բուսնէր եւ տանտիկիններ չէին հասցնէր զանոնք քաղելու եւ պահելու. . .
Որքան որ Ապրիլ Մէկը զուարճանալու, անմեղ չարութեան եւ կատակներով «խաբելու» օր է, Ապրիլ ամիսը վերածնունդի ու գարնանային ծաղկումի ամիս կը խորհրդանշէ, նոր սերունդը պէտք չէ մոռնայ Հայոց եղեռնի պատմութեան հետ ինքնապաշտպանութեան հերոսական այն պայքարները, որ հայ ժողովուրդը տարած է պատմական Հայաստանի քաղաքներու մէջ, ինչպէս՝ Զէյթունի, Մուսա Տաղի, Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ Այնթապի մէջ: Այս ամիս յատկապէս պէտք չէ մոռնանք 1920 Ապրիլ 1-ի Այնթապի հերոսական գոյամարտը, եւ Ապրիլ 24-ը:
Տօնական օրերու շարքին յիշենք որ այս տարի Կիրակի՝ Ապրիլ 14-ին Ծաղկազարդ է: Արմաւենեաց Կիրակի՝ որ կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, երբ ան Բեթանիայէն կու գար եւ կը դիմաւորուէր Ձիթենիի եւ Արմաւենիի ճիւղերով: Այս Կիրակիին կը յաջորդէ Աւագ Շաբաթը: Աւագ Երկուշաբթին Մաքրագործման Օր կը նկատուի քանի որ այդ օր Յիսուս գաւազան մը ձեռքին տաճարէն դուրս քշեց բոլոր վաճառականներն ու գնում կատարողները: Աւագ Երեքշաբթի օր Յիսուս կարեւոր պատգամ մը կու տայ ժողովուրդին- ՏԱՍԸ Կոյսերու Առակը պատմելով, որ յաճախ կը բեմականացուի մեր եկեղեցիներէն ներս Հայ դպրոցի աշակերտներուն մասնակցութեամբ երեկոյեան արարողութեան ընթացքին: Աւագ Չորեքշաբթին համեմատաբար աւելի պարզ է կրօնական արարողութեանց տեսակէտէն: Սակայն Աւագ Հինգշաբթին կը հասնի իր ամէնէն ճոխ իրար յաջորդող արարողութիւններով: Անոնցմէ մին՝ ՈՏՆԼՈՒԱՆ է, դաստիարակիչ այս արարողութիւնը որ Յիսուս Մեծութեան մէջ Խոնարհութեան դաս կու տայ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով:
Վերջին ընթրիքին արարողութեան կը յաջորդէ ՀՍԿՈՒՄ-ը, Յիսուսի կալանաւորումն ու հարցաքննութիւնը: Աւագ Ուրբաթը խաչելութեան եւ թաղման կարգով կը յիշուի: Իսկ Աւագ Շաբաթ՝ Խթում-Ճրագալոյց է: Երկար պահեցողութենէ ետք երեկոյեան կը կատարուին Սուրբ Գրային ընթերցումներ, որուն կը յաջորդէ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ:
Կիրակի Ապրիլ 21-ին Ս. Յարութեան Տօնն է: Հայ եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր
տաղաւարներէն ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն շահած տօնն է: Տօ՛նն է Ս. Յարութեան Յիսուս Փրկիչին: Այս տաղաւարին թուականը շարժական է եւ կրնայ հանդիպիլ Մարտ 22-էն մինչեւ Ապրիլ 25 եւ որ կը ճշդուի նկատի առնելով գարնանամուտին – Մարտ 21-էն ետք եկող լուսնի լրումը: Այսինքն՝ կը տարուբերի առաւելագոյն 35 օրուայ տարբերութեամբ: Այս տօնին առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր Յարութիւն, Յարութ, Արթին անուն կրողները: Զիրար կ’ողջունենք ըսելով՝ ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ, ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Զատկուայ աւանդութիւններէն է տուներէն ներս անպայմանօրէն Կարմիր Հաւկիթ ներկելը, հաւկթախաղեր կազմակերպելը:
Զատկուան յաջորդող օրերուն- Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 24-ին- կը յիշենք մեր Ամենայն Հայոց Սրբադասուած Նահատակները: 1915-ի եղեռնը ոչ միայն մեր Պատմական Հայաստանի բնակիչ-հայ ժողովուրդէն խլեց աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայոց կեանքը, այլեւ կործանեց, իւրացուց, քանդեց մեր դարաւոր ազգային հարստութիւնները, մշակութային կեդրոնները, մեր վանքերն ու եկեղեցիները- (եւ. . . տակաւին կը շարունակուին կործանում- քանդումները):
1915-թուականը համայն հայութեան եւ աշխարհի համար կը մնայ անմոռանալի թուական մը: Ահաւասիկ գեղեցիկ բանաստեղծութիւն մը Սիլվա Կապուտիկեանի թարգմանութեամբ թէ ինչ կը նշանակէ այդ թուականը նոյնիսկ ոչ-հայ բանաստեղծի մը համար-
ԻՄ ԾՆՆԴԵԱՆ ԹԻՒԸ
Ասք Բարեկամութեան - Միքայէլ Մատուսովսկի
Թարգմ. Սիլվա Կապուտիկեան
Սկզբում գլխի չէի ընկել ես,
Երկար տարիներ՝ անգիտակ դաւին,
Գրում էի իմ թղթերում պէս-պէս,
Թէ ծնուել եմ ես ՏԱՍՆԸՀԻՆԳ թուին:
Ծնուել եմ խուլ, հեռաւոր մի տեղ,
Ծնուել եմ, երբ ձեզ՝ արեան մէջ սուզել,
Դժնի մի Թալէաթ կամ Ջեվտէթ մի բէյ
Երկրի երեսից ջնջել է ուզել:
Երբ Գողգոթա են քայլել՝ թոյլ ու մերկ
Ծերեր, մանուկներ՝ խաչերը ուսած,
Երբ Արաբական անապատով մէկ
Օդում կանգնել է աղեկէզ մի լաց:
Ես ուշ իմացայ ձեր խինդ ու ցաւին,
Հիմա ձեր բախտը՝ իմ բախտն է նաեւ,
Ներեցէ՛ք դուք ինձ, ներէ՛ք ինձ ՀԱՅԵ՛Ր,
Որ ծնուել եմ ես Տասնըհինգ թուին:
ՅԳ- Ապրիլեան Եղեռնին նուիրուած յուշարձաններ կան աշխարհի գրեթէ բոլոր հայահոծ գաղութներու մէջ- Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Երեւանի Ծիծեռնակաբերդը:
Վարի նկարը Հալէպի գերեզմանատան մէջ գտնուող Ապրիլ Մէկ-ի Այնթապի Հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանն է: (Նկարին վարի ձեռագիրը իմ գործս է)- իսկ միւս նկարը Տէր -Զօրի Յուշարձան -մատուռէն մաս մը -- Գործ՝ Սարգիս Պալմանուկեանին
Զարմինէ Պօղոսեան
All reactions:
You, Salpie Tamzarian Manoukian, Harout Topjian and 4 others

Friday, October 13, 2023

Jacques S Hagopian _tribute by Zarmine Bofghosian = 2023-Oct 12-2019

 

ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆ ՀԱՍԱԾ՝ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՎԿԱՆ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան 

            Նահապետ բանաստեղծ, Ուլունքաշարողը Մեսրոպեանին, Յիսուսահարը, Ուսուցանող Ժագ Ս. Յակոբեանին հետ վերջին հանդիպում մը պիտի ըլլար Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գրասէր հասարակութեան համար Մայիս 14, 2010 թուականը:   

            Չէինք գիտեր, որ մեր վերջին անձամբ հանդիպումը պիտի ըլլար այդ օրը:   

            Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ-ի կազմակերպած շարք մը ողջունահանդէսներու շարքին Նահապետ բանաստեղծը Նիւ Ճըրզի հրաւիրուած էր յատկապէս ներկայացնելու իր հեղինակած «Վահան Թէքէեան՝ Աստուածախոյզը» հատորը, որ լոյս տեսած էր 2009-ի աշնան՝ ԹՄՄ Երուանդ Ազատեան Գրական Հիմնադրամ-ի օժանդակութեամբ:

            Այդ օր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նահապետ բանաստեղծին մօտէն ծանօթ, նոր օրերու անկրկնելի բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանը, իսկ օրուան հանդիսավարն էր հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեանը:

            Մեր պատուական հիւրը ուշի ուշով կը հետեւէր ելոյթներուն եւ իր դէմքի արտայայտութիւններով կը քաջալերէր խօսողները:

Սակայն երբ Ն.Ե.-Ն.Ճ-ի շրջանէն խումբ մը աշակերտներ իր գործերէն արտասանեցին, տեսնել պէտք էր իր աչքերուն մէջ փայլող մանկավարժի եւ հեղինակի աննկարագրելի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը:

Դարաշրջան մը ամբողջ իր ետին ձգած Նահապետը այսպէս կը բնութագրէր իր ծնունդը «Մայրատօն» հատորիկին մէջ (էջ 6).

1917 – Պատմական Աշխարհացունց թուական մը հանդիսացաւ

Ա – Ռուսական Կարմիր Յեղափոխութեան պայթումով

Բ – Պաղեստինի ազատագրումով

Գ – եւ..ինչու չէ,– քիչ մը խնդալո՜ւ սիրոյն... Ժագ Ս. Յակոբեանի ծնունդով...

Առաջ ես մուտք կը գործէի Երուսաղէմ, Օգոստոսին (1-ին) եւ ինձմէ ետք՝ Զօրավարը պիտի մտնէր – Դեկտեմբերին...

Հաւատացուցա՛ծ էր մեզի, որ մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլար: Վկայ՝ իր երկտող-քաջալերական նամակները իւրաքանչիւր դպրոցական վերամուտին (իր անձնական փողգիր նուէրով մը), որ կը հասնէր ինծի՝ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի-ՍՆԱՎ-ի հասցէով – զի Ան կը հաւատա՛ր որ

–        Դպրոցն ահա Հայկական... յուշարձան մըն է

–        Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛,

–        – Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած

–        Նոր ժառա՛նգ հայ, որ կը ծովանայ...:

            Մասնագիտութեամբ դեղագործ, 35 հատորներու բանաստեղծ-հեղինակ, բազմահարիւր աշակերտներու ուսուցիչ, անհամար երկրպագուներու համար տիպար ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅն էր Ժագ Ս․ Յակոբեան։  

Երուսաղէմ ծնած, Եգիպտոս ապրած, Աւստրալիա համտեսած, ուսուցիչ դարձած Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանին մէջ եւ վերջ ի վերջոյ Լոս Անճելըսի մէջ որոշած էր շարունակել ուսուցչական ասպարէզը, Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին մէջ եւ վերջնականապէս հոն հաստատելով ընտանիքին ճիւղաւորումը իր յաւէտ սիրահար կեանքի ընկերոջ՝ Լիլօշին հետ:

Իր իսկ տողերով բնութագրած է սփիւռքահայուն երկրէ երկիր իր տեղափոխութիւնները.

Ոտքե՜րը այս...

Ո՜ւր չեն գացեր

Իրենց քալած օրէն ի վեր

Ու տակաւին ո՞ւր, ո՞վ գիտէ...

Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս չհաւատալ, որ ան որոշած է աւելի եւս մօտենալ իրմէ առաջ պանթէոն հասած տիտաններուն.

Նարեկացի՛ Գրիգոր,

Ողջո՜յն, արքա՛յ հայ Գիրի,

Որ արեւու պէս փառաւոր

Կը յայտնուիս այսօր մեզի՝

Քու Նարեկով տիտանական:

Հապա սա ոգեշունչ-հրաշունչ տողե՞րը,

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱԹՈՒՂԹ-ի իր պատգամով.

Մենք այսօր ՀՈՆ չենք:

Բայց եղե՛ր ենք հոն:

–        Հեռու չէ, երէ՛կ

–        Դեռ, մենք հո՛ն էինք:

–        Մեր հողի՛ն վրայ,

–        Ուրկէ մեզ փրցուց մրրիկ մը կարմիր,

–        – Եւ նետեց մեզ գորշ ու չոր հողերուն,

–        Որ ցրուած փշրանք

–        Ու փոշի ըլլանք,

–        Փոշիի պէս ալ կե՛ր դառնանք հովուն:

...Ո՞վ կ’ըսէ հոն չենք,

Ինչպէ՞ս հոն չըլլանք,

... Հոն ունինք կորչած

Որբ հայկակներու հոգի՛ն ադամանդ՝

Ոսոխին գերի՛,

Ունինք գահի պես խաչեր կործանած,

Հարսի պէս թաղուած լոյսեր մագաղաթ՝

Թաթին տակ խոզի...

Երէկ էր կարծես... որ Նահապետին ծննդեան դարադարձը նշող յայտագրին

մասին տեղեկացանք հայ մամուլէն թէ՝ Հոկտեմբեր 30, 2016-ին լոսանճելըսահայ մշակութասէր կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած:

Իսկ երկու տարի առաջ հեռաձայնի ժապաւէնէն տակաւ հնչող իր առոյգ ձայնը չեմ ջնջած, որուն արձագանգը շօշափելի ներկայութիւն է մեր տան պատերէն ներս:

Օրին շատ ուրախացած էր, որ ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտ-աշակերտներով մասնակցեր էինք իր 100-ամեակին նուիրուած Նիւ Եորքի «Համազգային»ի կազմակերպած յայտագրին, եւ երբ նկարներու եւ տեսերիզի հետ, մասնակիցներուն անուններն ու արտասանուած կտորներուն ցանկը ղրկած էի, անմիջապէս հեռաձայնելով ուրախութիւնը յայտնած էր:

Զիս տունը չգտնելով՝ չէր վարանած իր գնահատանքը արձանագրելու հեռաձայնի ձայնագրիչին:

Եւ ահա... անսպասելի լուրը ․․․ երբ Նոյեմբեր 2, 2019-ին յաջորդող օրերուն լրատուները սկսան յայտարարել այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ աշխարհային կեանքէն հեռանալը, վերստին կարդալով 2005-ին գրածը, զարմանալի չէր անդրադառնալ, որ արդէն իսկ պատրաստած ու թուղթին յանձնած էր հայ բանաստեղծի իր ԻՂՁԸ.

Երբ այս աստղավառ կամարին ներքեւ

Մարի՜ աստղս, ու զայն կնքէ հո՛ղը սեւ,

Արդէն դասարա՛նը պիտի ըլլաք

Դուք, հայ դպրոցի Հայկուհի՛ եւ Հա՛յկ:

...Եւ երբ դուք էջերս երգէք կարկաչող

Ջուրերու հանգոյն, ձեր հա՛յ շրթերով

Ապրի՛մ պիտի ես, եւ անմահանամ

Հայահամ բերնո՛վ ձեր յաւերժաձայն...

 

Այո՛, Նոյեմբեր 2-ին աստղավառ կամարին ներքեւ աստղ մը շիջեցաւ եւ հասաւ անմահներու պանթէոնին. մեզի կը մնայ ամէն ճիգ գործադրել, որ հայ դպրոցի Հայկուհի՛նեևրն ու Հա՛յկերը իրենց հայահամ շրթներով աշխարհով մէկ իր անուան հետ իր «Ժագաբարբառ» տողերը «մութէն լոյսին հանելով» յաւերժացնեն անմահներու պանթէոն հասած, սակայն մեզի հետ միշտ ներկա՛յ,

Բանաստեղծութեան Նահապետ՝  Ժագ Ս. Յակոբեանը:

Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

Սփրինկֆիլտ, 14 Նոյեմբեր, 2019



Ձախէն աջ՝ Գայանէ Ժամկոչեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Նահապետը՝ Ժագ Ս․ Յակոբեան, Նայիրի եւ Անի Ճըրճըրեաններ, Ալին Ոսկերիչեան


About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...