Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 2023. Show all posts
Showing posts with label 2023. Show all posts

Monday, January 29, 2024

2023 January 24,_ knee replacement surgery Zarmine_ 2024 Januar 29

 Ծունկիս Գործողութեան Երկրորդ Ամսեդարձը

January 24, 2023 * * * March 24, 2023

 

Մի զարմանաք, այո՛, ամսեդարձի մասին պիտի պատմեմ։ Տարիներով  գուցէ նաեւ մինչեւ հասուն տարիքս չեմ յիշեր որ իմ ծննդեան տարեդարձը տօնած ըլլամ կամ տօնուի մեր տունէն ներս։ Ամուսնութեան տարեդա՞րձ, այո՛, եւ ամուսինս ալ աւանդութիւն մը սկսած էր,  ամէն տարի մեր ամուսնութեան օղակ մատանիները պահել եւ նոր զոյգ մը գնել՝  որ տեւեց մինչեւ մեր տասնամեակը։

Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ամիսներ ետք տարեդարձ տօնելը աւելի յաճախակի եղաւ։ Հաւանաբար կարօտ կամ առիթ էր հարազատները հաւաքելու եւ միասնաբար մի քանի ժամ զիրար վայելելու, նկարուիլ, նկարներու կրկնօրինակներ տպել տալ եւ հեռաւոր հարազատներու ղրկել ըսելու որ  «լաւ ենք, հանգիստ ենք․․ տեսէ՛ք ինչ լաւ պահեր կ՛անցընենք այստեղի հարազատներով»։

Այս երկրին մէջ փոքր տղուս 4-րդ տարեդարձն էր որ առաջին անգամ տօանակատարութեան վերաշուեցաւ, ազգական, բարեկամներու մեծ խումբով մը շրջապատուած։

Տարուէ տարի տարեդարձներուն աւելցաւ ԱՄՍԵԴԱՐՁԵՐԸ ․․․ թոռնիկներուս ծունդէն ետք, առաջին շաբաթ, երկրորդ շաբաթ․․․ եւլն․․ ամսեդարձերու շարանէ մը ետք վերջ ի վերջոյ հասնելու տարեդարձներու շարքին։

            Իսկ ես այսօր կեանքիս կարեւոր մէկ փորձառութեան ամսեդարձն է որ կ՛ուզեմ նշել ձեզի հետ։ Ով որ յօդացաւէ կը տառապի շատ լաւ կը հասկնայ թէ ինչո՞ւ կը փափաքիմ նշել այս ամսեդարձը։  Ինչո՞ւ ոչ, այո՛, ամսեդարձն է որ կ՛ուզեմ նշել.  

            Այսօր՝ Մարտ 24, 2023 –ն է։ Տօնել կամ յիշատակել երկրորդ ամսեդարձը այնպիսի լուրջ գործողութեան մը որ ես փորձառութիւնը ապրեցայ։ Այսինքն՝ բնական ծունկիս փոխարինող մը (վստահ չեմ տեղադրուած մետաղին տեսակին անունը) տեղադրելու վիրահատութիւնն էր որ տեղի ունեցաւ Երքշաբթի՝ Յունուար 24, 2023-ին։

Առաջին տասը օրը աննկարագրելիօրէն տառապագին, ցաւագին եւ միաժամանակ երեւի օրուան մեծ մասը կիսաթմրած վիճակի մէջ էի։ Աւելին՝ կարծես աջ սրունքիս տեղ հսկայ ժայռ մը տեղադրուած էր, որ բնաւ իմ կամքիս չէր կրնար հնազանդիլ։ Օգնականի մը պէտք ունէի որ զայն ոտքիս մատներուս կողմէն զգուշօրէն բռնած վեր բարձրացնէր ու տեղադրէր որպէսզի կարենայի քիչ մը հանգստանալ, կամ՝ բնական պէտքերուս համար լուացարան կարենայի երթալ, եւ կամ՝ ուր որ կարելի է տեղադրել քիչ մը «հանգիստ» զգալու համար․․․

            Յօդացաւի պատճառաւ տարիներ շարունակ ցաւէն ուղղակի տառապած եմ։  Մօրենական մեծ մօրմէս յօդացաւով հարստացած եմ  ․․․ ժառանգականօրէն ․․․

Այո՛, մօրենական մօրմէս հասած էր նաեւ ինծի։ Պատանի օրերէս կը յիշեմ թէ ինչպէս մեծ մայրս սիսեռ կապելով ծակ մը կը բանար ճիշդ ծունկին ներսի կողմէն եւ ամէն առաւօտ կը մաքրէր դեղնաւուն արիւնախառն բամպակները որ ծունկէն արտահոսող ցաւը մեղմացնող թարախ մը տեւական կ՛արտադրէր։ Տնային բուժումի ձեւ մըն էր երեւի, որուն գաղտնիքը եւ կամ օգտակարութիւնը մինչեւ հիմա չեմ կրցած հասկնալ։  Մեծ մայրս մահացաւ ինծի համար գաղտնիքը առանց լուծուելու։

Մայրս չէր տառապեր յօդացաւէ եւ կ՛արգիլէր ինծի նման միջոցներու դիմել, ոչ ալ արտօնութիւն կու տար «դանակի տակ պառկելու», այսինքն՝ թմրեցուցիչ առնելով գործողութեան ենթարկուելու բացարձակ հակառակ էր։

Տարուէ տարի ուժս տուած էի շուկան գտնուող, յօդացաւի օգնող նորատեսակ դեղահատերու եւ քսուքներու։ Անպակաս են անոնք, եւ մանաւանդ տարուէ տարի «նոր եւ բարելաւուած» (new & improved) խոստմնալից արտադրութիւններով կ՛ողողեն շուկան։ Բազմազան անուններու հոտաւէտ կամ առանց հոտի քսուքներու ծանօթացած են խեղճ ծունկերս եւ ես, ցաւը «մեղմելու» եւ մխիթարուելու համար հետեւած եմ շարք մը «փորձառուներու» ցուցմունքներուն, բայց՝ ի զուր։

Առաջին անգամ «դանակի տակ պառկիլս» տասնամեակներ առաջ, կուրաղիքի գործողութեան համար էր, հալէպեան պայմաններով։ Բաւական երիտասարդ էի եւ երկրորդ որդիս հազիւ երկու տարեկան։ Ցաւէն աւելի իմ տկար վիճակէս տղուս մտահոգութիւնը զիս կը զարմացնէր։ Մի քանի օր հիւանդանոց մնալէ ետք տուն վերադարձիս տակաւին թմրած պահեր կ՛ունենայի։ Երբ կոպերս գոց թմրած վիճակով երկնցած ըլլայի «սոֆային» վրայ չէր ուզեր զիս այդպէս տեսնել։  Իր խաղը կիսատ ձգելով մօտս կու գար, մինչ ես կը կարծէի թէ խաղով տարուած է, կամացուկ մը թեւիս կը զարնէր եւ փոքրիկ մատիկներով կոպս վեր բարձրացնելով կ՛ըսէր-

-         Մամա՛,  չեմ ուզեր որ աչքերդ գոց պառկիս հոս, աչքերդ բա՛ց պառկիր, ինծի

նայիր ․․․

* * * * * *

Տասնամեակներ անցած են այդ օրուընէ ։ Ծունկիս ցաւը անտանելի դարձած էր։ Չէի կրնար առանց երկու ձեռքով աստիճաններուն երկու կողմի բազրիքները բռնելու վեր բարձրանալ։ Վերջ ի վերջոյ համոզուեցայ որ ա՛լ ճար չկայ։  Շողանկար, Էմ-Ար-Այ- MRI, վիրահատող բժիշկին հետ եկան վճիռ արձակելու եւ հաստատելու թէ ալ բառացիօրէն «ոսկորը ոսկորին կը քսուի» եւ բացայայտ էր թէ պէ՛տք էր «դանակի տակ պառկէի»․․․

            Եւ․․․ պառկեցայ․․. Երեքշաբթի՝ Յունուար 24, 2023-ին, 24 ժամ հիւանդանոց մնալու համաձայնութեամբ «հիւանդ» մնացի։

            Ամէնէն հաճելի օրն էր, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով- այդ քսանչորս ժամն էր կրնամ ըսել ․․․ զգայազիրկ քնանալս եւ աշխարհէն լրիւ անջատուած ըլլալս էր - կարծես ոչ մէկ բան ուղեղիս բջիջներուն մէջ մնացած էր որ կարենար քունս խանգարել․․․

-         Ո՞ւր գացին ուղեղիս մէջէն․․․ Հայաստան, Արցախ, անհամար որդեկորոյս

մայրեր, թշնամիին ճիրաններուն տակ չարչարուող գերիներ, սիրելի հարազատներ։

            Ո՞ւր գացին մեր լուսաւոր ապագայի համար ծնած, մամայի կաթին հոտը իրենց շրթներուն, փայլուն դէմքերը սփրուելու չափ չմրոտած դեռատի հերոս նահատակները։ Երիտասարդներու ամբողջ բանակ մըն էին անոնք որ պիտի դառնային մեր փայլուն եւ խոստմնալից ապագայի ջահակիրները, հայրերն ու սիրող ամուսինները մեր նորակազմ ընտանիքներուն։ Հապա մնացեա՞լ մտմտուքներս․․․ հայերէն լեզու, աշակերտներս, թոռնիկներս, հայերէնախօսութիւն ․․․ բոլորը մէկ ծրարուած անհետացեր էին․․․ կարծես գոյութիւն չունէին, ինծի հետ չէին ապրեր, եւ հիմա ․․․ հազիւ քսանչորս ժամ ետք՝ բոլորը վերադարձած էին խճողելու ուղեղս։

Կէս արթուն կէս թմրած վիճակիս մէջ բոլորն ալ կը տողանցէին յաջորդաբար․․

Մէկը միւսին ետեւէ հիւանդապահներ կու գային կ՛երթային «աչք մը» կը նետէին վրաս, հեռուէն հեռու կարծես կը լսէի իրենց ձայնը -

–How do you feel? Are you in pain? Do you need anything?  Ի՞նչպէս կը զգաս, ցաւ ունի՞ս, բանի մը պէտք ունի՞ս․․․ պատասխանելու անզօր վիճակէս՝ կը շարունակուէր խոր քուն մը։

Յաջորդ առաւօտ նախաճաշէն ետք ուղեղէս հեռացած կարծածներս բոլորը մէկիկ-մէկիկ վերադարձան, վերստին խճողելու ուղեղս։

Մինչեւ տուն երթալու պահս հիւանդասենեակիս մէջ անունիս «տարբեր» ըլլալը, մականունիս երկար ըլլալը նիւթ կը դառնար թէ ինչ «անուշ անուն է» կ՛ըսէին քաղաքավարօրէն, հասկնալու համար թէ ինչ ազգ եմ։

Եւ․․․ բնականաբար ․․․ լեզուի եւ պատմութեան դասընթացք մըն էր որ կը սկսէր։ Երեք վանկանի է առաջին անունս- կը բացատրէի իրենց։ Գիտէ՞ք Արմինիա – Armenia՞- այդ անունին առջեւ «զ» մը աւելցուցէք․․․ կ՛ըլլայ՝ Զար-մի-նէ ․․․ իսկ մականունիս համար պէտք էր որ սկսէի 1915-էն։ Մեծ հօրս ոտաբոբիկ եւ ոջիլներով լեցուած խլեակ դարձած մարմինը Հալէպ հասնելէն մինչեւ մեր մականունին փոխուելուն պատճառը, շարունակուելով հասնելու յաղթական վերջաբանի մը ․․․  որ մեր վերապրողի ջանքերը, կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ամենուրեք վերապրելու կամքը շեշտելու դասով մը- ի վերջոյ․․․ քաղաքավար ու համբերատար հիւանդապահը զղջալ տալու չափ իր անմեղ հարցումին․․․ հաւանաբար իմ կիսաթմրած վիճակէս ներողամիտ՝ զառանցանքի մը վերագրելով բոլոր պատմածներս․․․

Հիւանդանոցէն տուն ղրկուելէն առաջ սայլակով զիս տարին «մարզանքի» սենեակը։ Մինչ այդ կը կարծէի որ միայն ես եմ այդ ծանր վիրահատութիւնը տանողր։ Մարզանքի սենեակին մէջ ինձմէ առաջ արդէն շարուած էին ութը այլ սայլակներ, բոլորն ալ ինծի պէս վիրահատուածներն էին հոն, ոմանք ծունկի, ուրիշներ կոնքի վիրահատութեան պատճառաւ։

Մէկ խօսքով՝ տարիքային տարբերութիւններով երկսեռ դասարան մըն էինք մեր նոր վիճակին ընտենալու եւ մեր առօրեային անհրաժեշտ շարժումները սորվելու՝ ինքնաշարժ մտնել-ելլել, աթոռին նստիլ-ելլել, աստիճան բարձրանալ եւ իջնել- ճիշդ ձեւով կատարելու համար։

Վերջապէս հոգատար ամուսնիս եւ մանրամասնութիւններ հետապնդող բժիշկ տղուս ուշադիր վերաբերմունքին ենթակայի անբացատրելի վայելքով մը հանգիստ տուն հասայ հիւանդանոցէն։ Երակէս ներարկուող ցաւազրկող դեղերու ազդեցութեան տակ այդքան ալ դժուար չեղաւ հիւանդանոցէն տուն հասնիլս։

Սակայն, առաջին տասը օրերուն մանաւանդ,  կրնամ ըսել որ իսկապէս շատ դժուար էր աջ սրունքիս տասնապատիկ ծանրութեան զուգընթաց ցաւին հաշտուիլը։ Պէտք էր որ հաշտուէի նոր կացութեանս։ Ամէնէն աննշան ու մանրուք կարծուած տնային աշխատանքներ ընելու անկարողութեան մատնուիլը ինծի պէս յարատեւ վազքի մէջ եղող մէկու մը համար տանջալից էր։ Բարեբախտաբար 24 ժամնոց հիւանդապահի պաշտօն առած ամուսինս քովս էր ամէն մէկ շարժումիս հոգատարութեամբ հետեւելու եւ օգնելու։

Շաբաթ մը այցելու հիւանդապահուհիով ալ ցուցմունքներ ստանալէս ետք  բաւական ընտելացայ կացութեանս։ Առաջին տասը օրէն ետք անհրաժեշտ էր որ  շաբաթը երեք անգամ յատուկ մարզանքներու համար մարզանքի կեդրոն երթայի։

Ահա հոս էր որ քիչ մը մխիթարուեցայ, գանգատելու տեղ չէր,  որովհետեւ ինծի պէս քանիներ կային այնտեղ, որոնք տարբեր դժուարութիւններով հոն էին։ Թեւի, դաստակի, վիզի, կոնքի գործողութիւն անցուցած կամ արկածի մը հետեւանքով դժուարութիւններ ունեցողներ՝ իւրաքանչիւրը իր ցաւին յատուկ մասնագէտի մը խնամքին յանձնուած՝ հարկ եղած շարժումներն ու մարզանքները կատարելու։

Շաբաթը երեք անգամ մէկական ժամ ինքզինքս յանձնեցի հոգատարութեանը երիտասարդուհիի մը որ յաւուր պատշաճի խնամքով մարզանքներ կատարելու ցուցմունքներ տալով կը ստիպէր, որ հետեւիմ իր թելադրութեան, որպէսզի  ծունկիս շուրջի մկանները իրենց առանձգականութիւնը վերագտնեն։

Մի քանի շաբթուայ մարզանքներէն ետք, արգիլեց որ այլեւս սայլակ գործածեմ։ Միայն գաւազանով սկսայ քալել իր հսկողութեան տակ ամէն անգամ 10 վայրկեան, յետոյ տասը վայրկեան ալ հեծանիւի վրայ նստելով եւ այլ մարզանքներով շարունակելու ծունկերուս շարժումը։ Իսկ մէկ ժամուայ աւարտին ծունկիս սառոյց կապելով 10 վայրկեան հանգստանալէ ետք տուն մեկնելու արտօնութիւն կը ստանայի։

Կեանքիս անցնող տասնամեակները շարժանկարային արագութեամբ տողանցեցին յիշողութեանս պաստառէն։ Ե՞րբ այսքան ժամանակ կրցած էի տրամադրել ես ինծի, մարմնիս այս կամ այն անկիւնին ցաւը մտիկ ընելու, ճար ու դարման որոնելու կամ հարկ եղած մարզանքները օրը օրին կատարելու։

Հիմա անցնող տարիներու կեանքիս ստիպողական առօրեայէն շատ հեռու եմ, մարմինս սկսած է գանգատիլ ու խօսիլ ինծի հետ, իր արդար բաժին հոգատարութիւնը պահանջելու։

Տայ Աստուած որ ասկէ աւելի պահանջկոտ չդառնայ։

  Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան, Մարտ  24, 2023, Փենսիլվանեա

Friday, October 13, 2023

Jacques S Hagopian _tribute by Zarmine Bofghosian = 2023-Oct 12-2019

 

ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆ ՀԱՍԱԾ՝ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՎԿԱՆ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան 

            Նահապետ բանաստեղծ, Ուլունքաշարողը Մեսրոպեանին, Յիսուսահարը, Ուսուցանող Ժագ Ս. Յակոբեանին հետ վերջին հանդիպում մը պիտի ըլլար Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գրասէր հասարակութեան համար Մայիս 14, 2010 թուականը:   

            Չէինք գիտեր, որ մեր վերջին անձամբ հանդիպումը պիտի ըլլար այդ օրը:   

            Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ-ի կազմակերպած շարք մը ողջունահանդէսներու շարքին Նահապետ բանաստեղծը Նիւ Ճըրզի հրաւիրուած էր յատկապէս ներկայացնելու իր հեղինակած «Վահան Թէքէեան՝ Աստուածախոյզը» հատորը, որ լոյս տեսած էր 2009-ի աշնան՝ ԹՄՄ Երուանդ Ազատեան Գրական Հիմնադրամ-ի օժանդակութեամբ:

            Այդ օր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նահապետ բանաստեղծին մօտէն ծանօթ, նոր օրերու անկրկնելի բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանը, իսկ օրուան հանդիսավարն էր հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեանը:

            Մեր պատուական հիւրը ուշի ուշով կը հետեւէր ելոյթներուն եւ իր դէմքի արտայայտութիւններով կը քաջալերէր խօսողները:

Սակայն երբ Ն.Ե.-Ն.Ճ-ի շրջանէն խումբ մը աշակերտներ իր գործերէն արտասանեցին, տեսնել պէտք էր իր աչքերուն մէջ փայլող մանկավարժի եւ հեղինակի աննկարագրելի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը:

Դարաշրջան մը ամբողջ իր ետին ձգած Նահապետը այսպէս կը բնութագրէր իր ծնունդը «Մայրատօն» հատորիկին մէջ (էջ 6).

1917 – Պատմական Աշխարհացունց թուական մը հանդիսացաւ

Ա – Ռուսական Կարմիր Յեղափոխութեան պայթումով

Բ – Պաղեստինի ազատագրումով

Գ – եւ..ինչու չէ,– քիչ մը խնդալո՜ւ սիրոյն... Ժագ Ս. Յակոբեանի ծնունդով...

Առաջ ես մուտք կը գործէի Երուսաղէմ, Օգոստոսին (1-ին) եւ ինձմէ ետք՝ Զօրավարը պիտի մտնէր – Դեկտեմբերին...

Հաւատացուցա՛ծ էր մեզի, որ մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլար: Վկայ՝ իր երկտող-քաջալերական նամակները իւրաքանչիւր դպրոցական վերամուտին (իր անձնական փողգիր նուէրով մը), որ կը հասնէր ինծի՝ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի-ՍՆԱՎ-ի հասցէով – զի Ան կը հաւատա՛ր որ

–        Դպրոցն ահա Հայկական... յուշարձան մըն է

–        Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛,

–        – Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած

–        Նոր ժառա՛նգ հայ, որ կը ծովանայ...:

            Մասնագիտութեամբ դեղագործ, 35 հատորներու բանաստեղծ-հեղինակ, բազմահարիւր աշակերտներու ուսուցիչ, անհամար երկրպագուներու համար տիպար ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅն էր Ժագ Ս․ Յակոբեան։  

Երուսաղէմ ծնած, Եգիպտոս ապրած, Աւստրալիա համտեսած, ուսուցիչ դարձած Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանին մէջ եւ վերջ ի վերջոյ Լոս Անճելըսի մէջ որոշած էր շարունակել ուսուցչական ասպարէզը, Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին մէջ եւ վերջնականապէս հոն հաստատելով ընտանիքին ճիւղաւորումը իր յաւէտ սիրահար կեանքի ընկերոջ՝ Լիլօշին հետ:

Իր իսկ տողերով բնութագրած է սփիւռքահայուն երկրէ երկիր իր տեղափոխութիւնները.

Ոտքե՜րը այս...

Ո՜ւր չեն գացեր

Իրենց քալած օրէն ի վեր

Ու տակաւին ո՞ւր, ո՞վ գիտէ...

Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս չհաւատալ, որ ան որոշած է աւելի եւս մօտենալ իրմէ առաջ պանթէոն հասած տիտաններուն.

Նարեկացի՛ Գրիգոր,

Ողջո՜յն, արքա՛յ հայ Գիրի,

Որ արեւու պէս փառաւոր

Կը յայտնուիս այսօր մեզի՝

Քու Նարեկով տիտանական:

Հապա սա ոգեշունչ-հրաշունչ տողե՞րը,

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱԹՈՒՂԹ-ի իր պատգամով.

Մենք այսօր ՀՈՆ չենք:

Բայց եղե՛ր ենք հոն:

–        Հեռու չէ, երէ՛կ

–        Դեռ, մենք հո՛ն էինք:

–        Մեր հողի՛ն վրայ,

–        Ուրկէ մեզ փրցուց մրրիկ մը կարմիր,

–        – Եւ նետեց մեզ գորշ ու չոր հողերուն,

–        Որ ցրուած փշրանք

–        Ու փոշի ըլլանք,

–        Փոշիի պէս ալ կե՛ր դառնանք հովուն:

...Ո՞վ կ’ըսէ հոն չենք,

Ինչպէ՞ս հոն չըլլանք,

... Հոն ունինք կորչած

Որբ հայկակներու հոգի՛ն ադամանդ՝

Ոսոխին գերի՛,

Ունինք գահի պես խաչեր կործանած,

Հարսի պէս թաղուած լոյսեր մագաղաթ՝

Թաթին տակ խոզի...

Երէկ էր կարծես... որ Նահապետին ծննդեան դարադարձը նշող յայտագրին

մասին տեղեկացանք հայ մամուլէն թէ՝ Հոկտեմբեր 30, 2016-ին լոսանճելըսահայ մշակութասէր կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած:

Իսկ երկու տարի առաջ հեռաձայնի ժապաւէնէն տակաւ հնչող իր առոյգ ձայնը չեմ ջնջած, որուն արձագանգը շօշափելի ներկայութիւն է մեր տան պատերէն ներս:

Օրին շատ ուրախացած էր, որ ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտ-աշակերտներով մասնակցեր էինք իր 100-ամեակին նուիրուած Նիւ Եորքի «Համազգային»ի կազմակերպած յայտագրին, եւ երբ նկարներու եւ տեսերիզի հետ, մասնակիցներուն անուններն ու արտասանուած կտորներուն ցանկը ղրկած էի, անմիջապէս հեռաձայնելով ուրախութիւնը յայտնած էր:

Զիս տունը չգտնելով՝ չէր վարանած իր գնահատանքը արձանագրելու հեռաձայնի ձայնագրիչին:

Եւ ահա... անսպասելի լուրը ․․․ երբ Նոյեմբեր 2, 2019-ին յաջորդող օրերուն լրատուները սկսան յայտարարել այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ աշխարհային կեանքէն հեռանալը, վերստին կարդալով 2005-ին գրածը, զարմանալի չէր անդրադառնալ, որ արդէն իսկ պատրաստած ու թուղթին յանձնած էր հայ բանաստեղծի իր ԻՂՁԸ.

Երբ այս աստղավառ կամարին ներքեւ

Մարի՜ աստղս, ու զայն կնքէ հո՛ղը սեւ,

Արդէն դասարա՛նը պիտի ըլլաք

Դուք, հայ դպրոցի Հայկուհի՛ եւ Հա՛յկ:

...Եւ երբ դուք էջերս երգէք կարկաչող

Ջուրերու հանգոյն, ձեր հա՛յ շրթերով

Ապրի՛մ պիտի ես, եւ անմահանամ

Հայահամ բերնո՛վ ձեր յաւերժաձայն...

 

Այո՛, Նոյեմբեր 2-ին աստղավառ կամարին ներքեւ աստղ մը շիջեցաւ եւ հասաւ անմահներու պանթէոնին. մեզի կը մնայ ամէն ճիգ գործադրել, որ հայ դպրոցի Հայկուհի՛նեևրն ու Հա՛յկերը իրենց հայահամ շրթներով աշխարհով մէկ իր անուան հետ իր «Ժագաբարբառ» տողերը «մութէն լոյսին հանելով» յաւերժացնեն անմահներու պանթէոն հասած, սակայն մեզի հետ միշտ ներկա՛յ,

Բանաստեղծութեան Նահապետ՝  Ժագ Ս. Յակոբեանը:

Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

Սփրինկֆիլտ, 14 Նոյեմբեր, 2019



Ձախէն աջ՝ Գայանէ Ժամկոչեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Նահապետը՝ Ժագ Ս․ Յակոբեան, Նայիրի եւ Անի Ճըրճըրեաններ, Ալին Ոսկերիչեան


Friday, March 10, 2023

2002_2023_ March 8_Մարտի Ութին Տեղ չհասած Ծաղկեփունջեր

 

ՄԱՐՏԻ  8-ԻՆ  ՏԵՂ  ՉՀԱՍԱԾ  ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋԵՐ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

 11 Մարտ, 2002 

            Աննան Յասմիկին եւ Լիանային ծանօթացաւ Զուարթնոց օդակայանէն Նիւ Եորք տանող ճանապարհին: Բաժանման, անորոշութեան եւ կարօտի խառն զգացումներով լեցուած, արցունքները այտերուն վրայ սառեցուցած՝ օդանաւին մէջ քով քովի նստած էին: Դաշնակահարուհի, հիւանդապահուհի եւ ռուսերէն լեզուի ուսուցչուհիի մասնագիտական վկայականներով աշխատող այս կիները «դիպլոմները տանը պահ տուած» նոր որոնումներու ճանապարհին էին: Ինքնամոռաց՝ իրարու հետ սկսեր էին բարձրաձայն խօսիլ, կարծես իրենք զիրենք համոզելու թէ այս քայլը առած էին միայն ու միայն իրենց ընտանիքին ու զաւակներուն «խաթրու» – անոնց սիրոյն համար միայն:

Ամերիկա ոտք կոխելուն պէս պատրաստ էին «ինչ գործ որ ուզեն անելու», միայն թէ կարենային տուն, այսինքն՝ Երեւան, դրամ հասցնել իրենց զաւակներուն, նորածին թոռնիկներուն: Երեք կիներն ալ արդէն մեծ մայրեր էին: Սակայն երիտասարդ մեծ մայրեր, որոնք եթէ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծցած ըլլային, ամերիկեան ըմբռնումներով եւ դաստիարակութեամբ՝ հարսանեկան քօղը գլխուն դնել-չդնելու որոշում տալու մասին նոր սկսէին մտածել:

Կեանքը, բարքերը շատ շուտ հասունցուցեր էին զիրենք:

Բայց այս երեքը Նիւ Եորք հասնելով բնաւ ալ մինակ զգալու պատճառ մը չունէին: Միմիայն Նիւ Եորք քաղաքին զանազան շրջաններուն մէջ գոնէ ութսունէ աւելի կիներ իրենցմէ շատ առաջ եկեր եւ աշխատանքի տեղաւորուեր էին: Անոնց մէջ Լարիսան ամէնէն աչքաբացը ելած էր: Ան սորված էր տեղւոյն ձեւերը եւ նոր հասնող կիներուն օգնելով՝ ինք ալ լաւ դրամ կը շահէր:

Հիմա ալ այդ նոյն Լարիսան էր, որ մարդ ղրկած էր զիրենք օդակայանէն իր տունը տանելու: Պուխարայէն եկած ռուսախօս շարժավար մըն էր զիրենք տուն տանողը: Գիշերուայ մթութեան մէջ ինքնաշարժին պատուհանէն քաղաքին արագ-արագ թռչող լոյսերէն զատ բան չէին կրնար տեսնել:

Տուն հասնելուն՝ տաքուկ թէյը, հայկական սուրճը եւ խաչաբուռին իրենց կը սպասէր: Օդանաւի օտար համերով ու հոտերով ուտելիքներէն վերջ այս տան պատերէն ներս քիչ մը Երեւան կը բուրէր:

– Էստեղ Նիւ Եորք քաղաքի, էս ինչ շրջանի, էս թաղամասն է: Փողոց որ ելլէք, իսկի բոլորն էլ ռուսերէն են խօսում, դուք ձեզ տանը կը զգաք: Բան-ման, ուտելիք գնելու որ լինէք, ոչ մի դժուարութիւն չէք ունենայ: Այդ բոլոր յիշուած անունները այնքան անծանօթ էին, որ Աննան բնաւ չկրցաւ անմիջապէս վերյիշէլ:

–        Ոչինչ. շուտով էս շշմածութիւնը կը մոռանաք, ամէն ինչ շուտ-շուտ կը սովորէք,– հանգստացուց Լարիսան:

–        Էսա վաղը որ եկեղեցի գնանք, պտի տեսնէք: Միայն էս կողմերում ձեզ նման մի

ութսուն կին կը լինի, – ըսաւ Լարիսան որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով մէկ տարուայ վիզայով եկած էր եւ միշտ երկա[1]րացնելու գաղտնիքին տիրացած: Առաջին գալուն ութսունը անց հիւանդ պապիկի մը հոգ տանելէ ետք հիմա գործին գաղտնիքները սորված էր: Իր եւ այլ հայ կիներու բարոյականին մասին փսփսուքները մինչեւ Երեւան հասած էին: Հայկական թերթերը առանց քաշուելու կը գրէին կարգ մը հայ կիներուն «շարքից դուրս» ելլելուն մասին:

Աննան ուսերը թօթուեց: «Իմ ինչ գործն ա»,– մտածեց ան: «Աստուած նրա՛նց հետ: Մարդ իր պատիւն ու արժանապատուութիւնը ոչ թէ ուրիշի համար է կրում, այլ ինքնիրան համար»:

Լարիսան, ինչ խօսք, շատ ճարպիկ կին կ’երեւէր: Փոխանակ ուրիշի համար

աշխատելու՝ հիմա ինք եղած էր գրեթէ գործատէր-տանտէր: Երկու յարկանի տուն  վարձած էր վեց-եօթ սենեակներով: Ամէն մէկ սենեակին մէջ գոնէ չորս-հինգ անկողին դրած էր եւ գիշերը տասը տոլարի վարձու կու տար նոր հասնողներուն: Յաւելեալ՝ եթէ զանոնք գործի տեղաւորէր, իր հալալ շահաբաժինը կը ստանար: Ասիկա բաղդատած տեղւոյն պանդոկներու գիներուն շատ աժան գին մըն էր անշուշտ ուրիշ կարեւոր առաւելութեան մը հետ: Երեւանեան ջերմ դրացնութիւնը յիշեցնող տաքուկ անկիւն մըն էր Լարիսային «ապարանքը» ոչ միայ հայ կիներուն համար, այլ նաեւ ռուս, վրացի կամ ուքրաինացի նոր ժամանող, աշխատանք փնտռող կիներուն համար: Գոնէ շաբթուայ վերջաւորութեան «դարդերը» պատմելու, սրտին խորը ծրարուած տան կարօտը նմաններուն հետ կիսելու մարդ կ’ըլլար հոն: Սակայն օրական այդ տասը տոլարը մեծ արժէք կը ներկայացնէր օդանաւէն նոր իջած հայ կիներուն համար:

–        Գիշերը տա՞սը տոլար,– սարսափով եւ միաբերան հարց տուին երեք կիները:

–        Մի՛ վախենայ, էտի հէչ բան ա... շուտով շաբաթական երեք հարիւր տոլար

կարաս բերես եւ էն էլ՝ «քաէշ»:

      Յետոյ ո՞վ ասաց թէ շաբաթը եօթը օր հոս ես մնալու:

– Եա՜,– Անիին աչքերը բացուեցան շաբաթական երեք հարիւրը լսելով: Բա՜, մէկ որ

այդ գումարը կարենար ղրկել տո՜ւն: Վա՜յ թէ ինչեր պէտք էր: Ինչե՜ր ասես որ չէին կրնար առնել տնեցիները: Ալքոհոլիք ամուսինը ձգեր գացեր էր: Ծեր մօրը հետ տասնըվեց տարեկան աղջիկը տիրութիւն պիտի ընէր իր երեք զաւակներուն եւ երկրաշարժէն ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած եղբօր երկու որբերուն:

Մէկ խօսքով՝ Ամերիկայի իր աշխատավարձով Երեւան բնակող եօթը բերան պիտի կերակրուէր: Այս մտածումէն ետք Աննան առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք լաւ զգաց: Ամուսինը որ ըլլար, պիտի գոռար իր վրայ:

-         «Աղջի՛, էդ ո՞ւր ես գնում, գլուխդ կը ջարդեմ է՜, էդ քանի գլխանի ես, որ մենակդ

Նիւ Եորք ես գնում, ո՞ւմ տանն ես քնելու»: Լաւ էր, որ այդ ամուսինը գոյութիւն չունէր իրեն համար: Այդ բոլորը ըսել կարենալէն առաջ ի՛նք չուեր գացեր էր՝ անվերադարձ: --

-         «Թո՛ղ տղամարդ, լինէր, տիրութիւն անէր»,– ինքնիրեն համոզեց եւ խորունկ

շունչ քաշեց Աննան: «Չեն էլ ամաչում, մէկ է՛ս, մէկ է՛ն կնկայ վրայ շառ են գցում, բոլոր հայ կանանց պատիւը մի ջրով լուանամ: Ախր ո՞ւր են մեր հայ տղամարդիկ: Կար ժամանակ, որ հայ տղամարդը թասիպ (պատիւ) ունէր, կնոջը չէր թողնում, որ աշխատէր, թէ՝ «էլ ի՜նչ տղամարդ, որ մի կին չկարենայ պահի»,– ասում էին.

Հայ կնոջ արժանապատութեան հետ խաղացող էդ լրագրողները. մի հատ այստեղ գային եւ մէկ էլ էս կեանքը տեսնէին...»:

–        «Աղջի, երեք հարիւրն ի՜նչ ա որ: Դու կարաս չորս հարիւր էլ բերես»: Աննային իր

մտածումներէն սթափեցուց վեց ամիսէ արդէն ինքզինք փորձառու-բնագէտ համարող թիֆլիսեցի Վալիան իր երգեցիկ ձայնովը:

–        «Մի քիչ որ մնաս եւ օտար, մանաւա՜նդ՝ մի եէվրէյ (հրեայ) կամ ամերիկացի

հարուստ տուն որ կարաս ճարես, է՛լ վերջ, չորս-հինգ հարիւրը մաքուր, էսենց կը գայ»:  

            Աննան մատներուն նայեցաւ: Քանի՜ քանի դասախօս, հանդիսատես հիացեր էին իր մատներէն ծորող դաշնակին ելեւէջող հնչիւններուն: Կոմիտասի անուան Երաժշտանոցի պատերը ներծծուած էին եւ իր նման մասնագէտներուն մատներէն արձագանգող երաժշտութեամբ: Իսկ հիմա՞: Այդ նոյն մատները այդ հարուստ տուներուն բաղնիքներուն մարմարներուն վրայ քիմիական նիւթերով ներծծուած սպունգներուն հետ պիտի ելեւէջէին, արդուկ պիտի ընէին, ճաշ պիտի եփէին, անկարող ծերեր պիտի խնամէին:

-«Էս էլ մի նոր տեսակի ղարիպութիւն»,– մտածեց Աննան: Ղարիպի երգերուն ծանօթ էր ան, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան գրականութեան: «Տեսնես պոլսահայ գրող Երուխանը, որ ողջ լինէր, ո՞նց էր նկարագրելու էս բոլորը: Էն ժամանակ գաւառներէն Պոլիս գացող տղամարդիկ խաներում, չոր գետնի վրայ անկողին էին սարքում: Իսկ հիմի մե՞նք... քանի՜ բարձ, քանի՜ անկողին ենք փոխելու, որ մի քիչ փող կարողանանք ուղարկել մեր երեխէքին...»:

– Դէ լաւ, աղջկե՛րք, ուշ է արդէն: Առաւօտ կանուխ գնում ենք եկեղեցի: Սապուէյը մի ժամից աւելի ա բռնում: Շուտ որ հասնենք, մի գուցէ ման գալու, քաղաքին ծանօթանալու առիթ էլ կ’ունենաք,– ըսաւ Լարիսան ու բարի գիշեր մաղթելով՝ գնաց:  

Աննան իր քնանալիք անկիւնին նայեցաւ: Ո՜ւր էր եւ ո՞ւր հասած էր: «Ի՞նչ օր է էսօր»,– հարց տուաւ ինքնիրեն, եւ ինք ալ պատասխանեց.

–        «Վա՜յ Մարտի Ութն է էս շաբաթ: Երնէկ չէի՞ն էն օրերը»,– մտքով ափսոսաց

Աննան եւ մտաւ իր անկողինը: Իսկապէս, ո՞ւր էին այն օրերը, երբ ծաղիկներով կ’ողողուէին քաղաքի փողոցները: Կանանց Միջազգային Օրուայ առթիւ առանց տարիքի խտրութեան բոլոր կիները ծաղիկ կը ստանային իրենց եղբօրմէն, նշանածէն, ամուսինէն, զաւակէն եւ կամ աշակերտներէն: Չէ՞ որ բոլոր կիներուն տօնն էր, միմիայն մայրերու տօն չէր: Աննային ամէնէն շատ սիրած տօնն էր Մարտի Ութը: Գարունը պաշտօնապէս չեկած՝ ամէն կողմ Հայաստան աշխարհը ծաղիկներով կը լեցուէր կարծես: Անկարելի էր տեսնել տղամարդ մը, որ առանց ծաղիկի տուն երթար:

Ամուսինի կողմէն բախտաւոր չէր եղած Աննան: Բայց զաւակներն ու աշակերտները միշտ յիշած էին զինք:

Ո՞ւր են հիմա այդ հայ տղամարդիկը:

Յաջորդ առաւօտուն մօտաւորապէս տասը կին երկու բաղնիքով այդ յարկաբաժինին մէջ կրցած էին հասցնել իրենց առաւօտեան լոգանքն ու շպարը:

-«Հայ կինը միշտ էլ կարող է ե՛ւ հնարամիտ լինել, ե՛ւ գործնական»,– դարձեալ մտքով հաստատեց Աննան: Իրենց իջեւանած փողոցին երկայնքին ինչ խանութ ըսես որ չկար: Ռուսերէն լեզուով գրուած ցուցափեղկեր, մայթերուն վրայ շարուած սեղաններուն վրայ ռուսական գիրքեր, զանազան առարկաներ, նոյնիսկ արեան ճնշումի, փորհարութեան եւ մարմնի ցաւի համար ծանօթ դեղեր: Ռուսերէն լեզուի տարբեր երանգներով եւ հնչիւններով բարձրաձայն խօսակցութիւնները ռուսական մեծ քաղաքները յիշեցուցին իրենց: Իսկ խանութներէն առատօրէն դուրս թափուող ապրանքները, կանաչեղէնի եւ պտուղներու առատութիւնը կը փաստէին արդէն, թէ Երեւանէն շատ հեռու տեղ մը հասած էր: Փողոցներուն անկիւններու նշաններուն ուշադիր նայելով՝ գրպանի փոքրիկ տետրակին մէջ ընդօրինակեց անունները, որ վերադարձին չմոռնայ:

Լարիսան նոր հասած երեք կիներուն «Սապուէի նայլոնէ քարտ»եր տուաւ: Յետոյ բացատրեց, թէ ինչպէս պիտի գործածեն, ո՞ր ուղղութեամբ աստիճաններէն վար պիտի իջնեն եւ ի՞նչ տառով շոգեկառքի սպասեն: Աննան այսքան մորթի գոյնի եւ դիմագիծերու այլազանութիւն կեանքին մէջ չէր տեսած: Շոգեկառքի սուլոցները, անգլերէն յայտարարութիւններն ու մարդոց ժխորը գլխուն մէջ նոթաներու գլխապտոյտ առաջացուցին: Անգլերէն քիչ թէ շատ կը կարծէր որ գիտէր: Մի քանի լեզուներու ծանօթ էր: Յետոյ Երեւանի մէջ իր շրջապատի հայերէն խօսողներն անգամ արդէն այնքան ռուսական հնչումով անգլերէնի նմանող բառեր կը գործածէին, որ բաւական ինքնավստահ էր, որ դժուարութիւն պիտի չունենար հասկնալու:

Բայց՝ այս ամերիկեան անգլերէնին առանց շրթունքները շարժելու, միայն բերնին մէջ կլոր-կլոր ոլորուող բառերը զինք բոլորովին կը շուարցնէին:

–        Աղջկե՜րք, էսօր հոգեհանգիստ կայ: Կարինէի մարդն ա մահացել: Ինֆարկտն ա

խփել թէ ինչ, չգիտեմ: Յիսունչորս տարեկան կար-չկար: Էն էնտեղ պիտի թաղուի, ինք էստեղ ամուսնուն համար մատաղ պիտի անի: Դէ՛, ինչ անենք, պէտք է իմանանք՝ թէ՛ մահ ըլի, թէ՛ հարսանիք՝ ձեր վիզայի ժամանակից առաջ հետ չէք կարայ թողնել գնալ: Ձեր լացն էլ այստեղ պտի լինի, քէֆն էլ»:

Աննային քով նստող կիրովականցի Մարգօն շոգեկառքին մէջ ինքզինք չկրցաւ զսպել եւ լալու սկսաւ: Իր ցաւը նորոգուած էր: Ան ալ հինգ ամիս առաջ մէկ հատիկ եղբայրը կորսնցուցած էր: Թաղման չէր կրցած երթալ: Հոս եկեղեցին մոմ վառած էր եւ խումբ մը իրեն մօտիկ կիներուն հետ Կիրակի եկեղեցիէն ետք հոգեճաշի գացած էին: փոխադարձաբար այդ կիները իրար մէջ հինգ հարիւր տոլար հաւաքելով տուեր էին իրեն, որպէսզի այդ գումարը թաղման ծախսերուն օգնելու համար եղբօրը այրիին եւ զաւակներուն ղրկուի:

Ծանր մթնոլորտ էր:

Նիւ Եորքեան շոգեկառքի – Սապուէյի մէջ ճամբորդող հայ կիներու խումբին հետ քաղաք կ’իջնէին նաեւ իրենց նման բանուոր մի քանի ռուս, ուքրանիացի ընկերուհիներ: Աննան նկատեց, որ իր միւս երկու նորընծայ ընկերուհիներն ալ իրեն պէս ֆիզիքապէս միայն հոն էին, իսկ մտքերով՝ մղոններով հեռո՜ւ հեռուներն էին:

–        Աղջկե՛րք, թազա լուրեր ունեմ, մէկ ռուսական թերթից մի բան կարդացի,–

շոգեկառքին մէջ տիրող սգաւոր տրամադրութիւնը փոխելու փորձով ըսաւ կատակասէր ռուս Մարինան:

–        «Ձեր առաջին տիկինը՝ Պելլան, (այդ օրուան նախագահ Քոչարեանին Տիկինը)

Մարտի ութի առթիւ Բիզէի «Գարմէն» օփերայի նախերգանքով ընդունել է Հայաստանի նշանաւոր կանանց եւ ասել է, թէ կինը մէկ քայլ ամուսնուց հետ պէտք է կանգնած լինի, որ կարենայ ոգեշնչի ու միշտ առաջ տանի ամուսնուն:

Հիմի ասացէք խնդրեմ, թէ դուք ձեր ամուսիններից քանի՜ քայլ էք ետ մնացել եւ ո՞նց էք ստանալու Մարտի ութի ձեր ծաղկեփունջերը:

–        Վա՜յ, Մարինա ջան, անտէր մնաս դու,– մէջ մտաւ Վալիան,– էդ ի՞նչ մէկ քայլ

երկու քայլի մասին ես խօսում: Էդ անտէր տղամարդիկ էնպէս հրել, մեզ առաջ քշել, ցիր ու ցան են արել, որ հիմի նրանք են մնացել անտեսանելի հեռուներում: Էլ որտեղի՞ց մեզ ծաղիկ հասցնեն: Սպասուած ծիծաղին տեղ դառն ժպիտներ կային դէմքերուն վրայ եւ քար լռութիւն մը՝ շոգեկառքին այդ բաժնին մէջ: Ի՞նչ օփերա, ի՞նչ Գարմէն, ի՜նչ ամուսին եւ ի՜նչ ծաղիկ:

Բարձրախօսէն կրկին լսուեցաւ շոգեկառքի կայանին անունը: Ա՛յն կայանին, որ զիրենք պիտի հասցնէր հայկական եկեղեցի: Հայ կիներուն խումբը ոտքի ելաւ: Աննան իր մտքերէն սթափելով վազեց, արագ բացուող-գոցուող շոգեկառքին դռնէն դուրս նետեց ինքզինք՝ միանալու համար Մարտի Ութը առանց ծաղկեփունջերու դիմաւորող ընկերուհիներուն:

Հայաստանցի հայ կնոջ բանուորական հեւքոտ առօրեան սկսած էր: Աննան կրցած էր զինք չարչարող բոլոր մտքերը ներքին խաղաղութեան թանձր պատեանին տակ առնել, որովհետեւ վստա՛հ էր, որ այդ վազքով եւ իր հալա՛լ ճակտին քրտինքովը եօթը բերան պիտի կերակրուէր Երեւանի մէջ:

* * *

Երբ եկեղեցի հասան, մուտքի դռնէն կը լսուէին արդէն Տէր Ողորմիային փշաքաղող խազերը: Հայու ճակատագրին հետ դարաւոր ճամբորդ այս շարականը նոյն պատգամը կը շարունակէր կրկնել՝ «Տուր աշխարհիս խաղաղութի՜ւն, Ազգիս հայոց սէ՛ր, միութի՜ւն...:»

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-, 11 Մարտ, 2002, Նիւ Եորք

«Նոր օր», 30 Մարտ, 2002, Շաբաթ

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...