Ծունկիս Գործողութեան Երկրորդ Ամսեդարձը
January 24, 2023 * * * March 24, 2023
Մի զարմանաք, այո՛,
ամսեդարձի մասին պիտի պատմեմ։ Տարիներով գուցէ
նաեւ մինչեւ հասուն տարիքս չեմ յիշեր որ իմ ծննդեան տարեդարձը տօնած ըլլամ կամ
տօնուի մեր տունէն ներս։
Ամուսնութեան տարեդա՞րձ, այո՛, եւ ամուսինս ալ աւանդութիւն մը սկսած էր, ամէն տարի մեր ամուսնութեան
օղակ մատանիները պահել եւ նոր զոյգ մը գնել՝ որ
տեւեց մինչեւ մեր տասնամեակը։
Միացեալ Նահանգներ
հաստատուելէն ամիսներ ետք տարեդարձ տօնելը աւելի յաճախակի եղաւ։ Հաւանաբար կարօտ
կամ առիթ էր հարազատները հաւաքելու եւ միասնաբար մի քանի ժամ զիրար վայելելու, նկարուիլ,
նկարներու կրկնօրինակներ տպել տալ եւ հեռաւոր հարազատներու ղրկել ըսելու որ «լաւ
ենք, հանգիստ ենք․․ տեսէ՛ք ինչ լաւ պահեր կ՛անցընենք
այստեղի հարազատներով»։
Այս երկրին մէջ
փոքր տղուս 4-րդ տարեդարձն էր որ առաջին անգամ տօանակատարութեան վերաշուեցաւ, ազգական,
բարեկամներու մեծ խումբով մը շրջապատուած։
Տարուէ տարի
տարեդարձներուն աւելցաւ ԱՄՍԵԴԱՐՁԵՐԸ ․․․ թոռնիկներուս ծունդէն ետք, առաջին շաբաթ,
երկրորդ շաբաթ․․․ եւլն․․ ամսեդարձերու շարանէ մը ետք վերջ ի վերջոյ
հասնելու տարեդարձներու շարքին։
Իսկ
ես այսօր կեանքիս կարեւոր մէկ փորձառութեան ամսեդարձն է որ կ՛ուզեմ նշել ձեզի հետ։
Ով որ յօդացաւէ կը տառապի շատ լաւ կը հասկնայ թէ ինչո՞ւ կը փափաքիմ նշել այս
ամսեդարձը։ Ինչո՞ւ ոչ,
այո՛, ամսեդարձն է որ կ՛ուզեմ նշել.
Այսօր՝ Մարտ 24, 2023 –ն
է։ Տօնել կամ
յիշատակել երկրորդ ամսեդարձը այնպիսի լուրջ գործողութեան մը որ ես փորձառութիւնը ապրեցայ։ Այսինքն՝ բնական ծունկիս
փոխարինող մը (վստահ չեմ տեղադրուած մետաղին տեսակին անունը) տեղադրելու վիրահատութիւնն էր որ տեղի ունեցաւ
Երքշաբթի՝ Յունուար 24, 2023-ին։
Առաջին տասը օրը
աննկարագրելիօրէն տառապագին, ցաւագին եւ միաժամանակ երեւի օրուան մեծ մասը
կիսաթմրած վիճակի մէջ էի։ Աւելին՝ կարծես աջ սրունքիս տեղ հսկայ ժայռ մը
տեղադրուած էր, որ բնաւ իմ կամքիս չէր կրնար հնազանդիլ։ Օգնականի մը պէտք ունէի որ զայն
ոտքիս մատներուս կողմէն զգուշօրէն բռնած վեր բարձրացնէր ու տեղադրէր որպէսզի
կարենայի քիչ մը հանգստանալ, կամ՝ բնական պէտքերուս համար լուացարան կարենայի
երթալ, եւ կամ՝ ուր որ կարելի է տեղադրել քիչ մը «հանգիստ» զգալու
համար․․․
Յօդացաւի
պատճառաւ տարիներ շարունակ ցաւէն ուղղակի տառապած եմ։ Մօրենական
մեծ մօրմէս յօդացաւով հարստացած եմ ․․․ ժառանգականօրէն ․․․
Այո՛, մօրենական մօրմէս հասած էր նաեւ ինծի։ Պատանի
օրերէս կը յիշեմ թէ ինչպէս մեծ մայրս սիսեռ կապելով ծակ մը կը բանար ճիշդ ծունկին
ներսի կողմէն եւ ամէն առաւօտ կը մաքրէր դեղնաւուն արիւնախառն բամպակները որ
ծունկէն արտահոսող ցաւը մեղմացնող թարախ մը տեւական կ՛արտադրէր։ Տնային բուժումի
ձեւ մըն էր երեւի, որուն գաղտնիքը եւ կամ օգտակարութիւնը մինչեւ հիմա չեմ կրցած
հասկնալ։ Մեծ մայրս
մահացաւ ինծի համար գաղտնիքը առանց լուծուելու։
Մայրս չէր
տառապեր յօդացաւէ եւ կ՛արգիլէր ինծի նման միջոցներու դիմել, ոչ ալ արտօնութիւն կու
տար «դանակի տակ պառկելու», այսինքն՝
թմրեցուցիչ առնելով գործողութեան ենթարկուելու բացարձակ հակառակ էր։
Տարուէ տարի ուժս
տուած էի շուկան գտնուող, յօդացաւի օգնող նորատեսակ դեղահատերու եւ քսուքներու։
Անպակաս են անոնք, եւ մանաւանդ տարուէ տարի «նոր եւ բարելաւուած» (new & improved) խոստմնալից արտադրութիւններով կ՛ողողեն
շուկան։ Բազմազան անուններու հոտաւէտ կամ առանց հոտի քսուքներու ծանօթացած են խեղճ
ծունկերս եւ ես, ցաւը «մեղմելու» եւ
մխիթարուելու համար հետեւած եմ շարք մը «փորձառուներու» ցուցմունքներուն, բայց՝ ի
զուր։
Առաջին անգամ «դանակի տակ պառկիլս» տասնամեակներ
առաջ, կուրաղիքի գործողութեան համար էր, հալէպեան պայմաններով։ Բաւական երիտասարդ
էի եւ երկրորդ որդիս հազիւ երկու տարեկան։ Ցաւէն աւելի իմ տկար վիճակէս տղուս
մտահոգութիւնը զիս կը զարմացնէր։ Մի քանի օր հիւանդանոց մնալէ ետք տուն վերադարձիս
տակաւին թմրած պահեր կ՛ունենայի։ Երբ կոպերս գոց թմրած վիճակով երկնցած ըլլայի «սոֆային» վրայ
չէր ուզեր զիս այդպէս տեսնել։ Իր
խաղը կիսատ ձգելով մօտս կու գար, մինչ ես կը կարծէի թէ խաղով տարուած է, կամացուկ
մը թեւիս կը զարնէր եւ փոքրիկ մատիկներով կոպս վեր բարձրացնելով կ՛ըսէր-
- Մամա՛, չեմ
ուզեր որ աչքերդ գոց պառկիս հոս, աչքերդ բա՛ց պառկիր, ինծի
նայիր ․․․
* * * * * *
Տասնամեակներ անցած են այդ օրուընէ ։ Ծունկիս ցաւը անտանելի դարձած էր։ Չէի կրնար
առանց երկու ձեռքով աստիճաններուն երկու կողմի բազրիքները բռնելու վեր բարձրանալ։
Վերջ ի վերջոյ համոզուեցայ որ ա՛լ ճար չկայ։ Շողանկար, Էմ-Ար-Այ- MRI, վիրահատող բժիշկին հետ եկան վճիռ արձակելու եւ
հաստատելու թէ ալ բառացիօրէն «ոսկորը
ոսկորին կը քսուի» եւ բացայայտ էր թէ պէ՛տք էր «դանակի
տակ պառկէի»․․․
Եւ․․․ պառկեցայ․․. Երեքշաբթի՝ Յունուար 24, 2023-ին, 24 ժամ հիւանդանոց մնալու համաձայնութեամբ «հիւանդ» մնացի։
Ամէնէն
հաճելի օրն էր, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով- այդ քսանչորս ժամն էր կրնամ
ըսել ․․․ զգայազիրկ քնանալս եւ աշխարհէն լրիւ
անջատուած ըլլալս էր - կարծես ոչ մէկ բան ուղեղիս բջիջներուն մէջ մնացած էր որ
կարենար քունս խանգարել․․․
- Ո՞ւր գացին ուղեղիս մէջէն․․․ Հայաստան, Արցախ, անհամար որդեկորոյս
մայրեր, թշնամիին ճիրաններուն տակ չարչարուող
գերիներ, սիրելի հարազատներ։
Ո՞ւր
գացին մեր լուսաւոր ապագայի համար ծնած, մամայի կաթին հոտը իրենց շրթներուն,
փայլուն դէմքերը սփրուելու չափ չմրոտած դեռատի հերոս նահատակները։ Երիտասարդներու
ամբողջ բանակ մըն էին անոնք որ պիտի դառնային մեր փայլուն եւ խոստմնալից ապագայի
ջահակիրները, հայրերն ու սիրող ամուսինները մեր նորակազմ ընտանիքներուն։ Հապա
մնացեա՞լ մտմտուքներս․․․ հայերէն
լեզու, աշակերտներս, թոռնիկներս, հայերէնախօսութիւն ․․․ բոլորը մէկ ծրարուած անհետացեր էին․․․ կարծես գոյութիւն չունէին, ինծի հետ չէին
ապրեր, եւ հիմա ․․․ հազիւ քսանչորս ժամ ետք՝ բոլորը
վերադարձած էին խճողելու ուղեղս։
Կէս արթուն կէս
թմրած վիճակիս մէջ բոլորն ալ կը տողանցէին յաջորդաբար․․
Մէկը միւսին
ետեւէ հիւանդապահներ կու գային կ՛երթային «աչք
մը» կը նետէին վրաս, հեռուէն հեռու կարծես կը լսէի իրենց ձայնը -
–How
do you feel? Are you in pain? Do you need anything? Ի՞նչպէս
կը զգաս, ցաւ ունի՞ս, բանի մը պէտք ունի՞ս․․․ պատասխանելու անզօր վիճակէս՝ կը շարունակուէր
խոր քուն մը։
Յաջորդ առաւօտ
նախաճաշէն ետք ուղեղէս հեռացած կարծածներս բոլորը մէկիկ-մէկիկ վերադարձան,
վերստին խճողելու ուղեղս։
Մինչեւ տուն
երթալու պահս հիւանդասենեակիս մէջ անունիս «տարբեր» ըլլալը,
մականունիս երկար ըլլալը նիւթ կը դառնար թէ ինչ «անուշ
անուն է» կ՛ըսէին քաղաքավարօրէն, հասկնալու համար թէ ինչ ազգ եմ։
Եւ․․․ բնականաբար ․․․ լեզուի եւ պատմութեան դասընթացք մըն էր որ
կը սկսէր։ Երեք վանկանի է առաջին անունս- կը բացատրէի իրենց։ Գիտէ՞ք Արմինիա –
Armenia՞- այդ անունին առջեւ «զ» մը աւելցուցէք․․․ կ՛ըլլայ՝ Զար-մի-նէ ․․․ իսկ
մականունիս համար պէտք էր որ սկսէի 1915-էն։ Մեծ հօրս ոտաբոբիկ եւ ոջիլներով
լեցուած խլեակ դարձած մարմինը Հալէպ հասնելէն մինչեւ մեր մականունին փոխուելուն
պատճառը, շարունակուելով հասնելու յաղթական վերջաբանի մը ․․․ որ
մեր վերապրողի ջանքերը, կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ ամենուրեք
վերապրելու կամքը շեշտելու դասով մը- ի վերջոյ․․․ քաղաքավար ու համբերատար հիւանդապահը
զղջալ տալու չափ իր անմեղ հարցումին․․․ հաւանաբար իմ կիսաթմրած վիճակէս
ներողամիտ՝ զառանցանքի մը վերագրելով բոլոր պատմածներս․․․
Հիւանդանոցէն
տուն ղրկուելէն առաջ սայլակով զիս տարին «մարզանքի» սենեակը։ Մինչ այդ կը
կարծէի որ միայն ես եմ այդ ծանր վիրահատութիւնը տանողր։ Մարզանքի սենեակին մէջ
ինձմէ առաջ արդէն շարուած էին ութը այլ սայլակներ, բոլորն ալ ինծի պէս
վիրահատուածներն էին հոն, ոմանք ծունկի, ուրիշներ կոնքի վիրահատութեան պատճառաւ։
Մէկ խօսքով՝ տարիքային
տարբերութիւններով երկսեռ դասարան մըն էինք մեր նոր վիճակին ընտենալու եւ մեր
առօրեային անհրաժեշտ շարժումները սորվելու՝ ինքնաշարժ մտնել-ելլել, աթոռին
նստիլ-ելլել, աստիճան բարձրանալ եւ իջնել- ճիշդ ձեւով կատարելու համար։
Վերջապէս հոգատար
ամուսնիս եւ մանրամասնութիւններ հետապնդող բժիշկ տղուս ուշադիր վերաբերմունքին
ենթակայի անբացատրելի վայելքով մը հանգիստ տուն հասայ հիւանդանոցէն։ Երակէս
ներարկուող ցաւազրկող դեղերու ազդեցութեան տակ այդքան ալ դժուար չեղաւ
հիւանդանոցէն տուն հասնիլս։
Սակայն, առաջին
տասը օրերուն մանաւանդ, կրնամ
ըսել որ իսկապէս շատ դժուար էր աջ սրունքիս տասնապատիկ ծանրութեան զուգընթաց ցաւին
հաշտուիլը։ Պէտք էր որ հաշտուէի նոր կացութեանս։ Ամէնէն աննշան ու մանրուք
կարծուած տնային աշխատանքներ ընելու անկարողութեան մատնուիլը ինծի պէս յարատեւ
վազքի մէջ եղող մէկու մը համար տանջալից էր։ Բարեբախտաբար 24 ժամնոց հիւանդապահի
պաշտօն առած ամուսինս քովս էր ամէն մէկ շարժումիս հոգատարութեամբ հետեւելու եւ
օգնելու։
Շաբաթ մը այցելու
հիւանդապահուհիով ալ ցուցմունքներ ստանալէս ետք բաւական
ընտելացայ կացութեանս։ Առաջին տասը օրէն ետք անհրաժեշտ էր որ շաբաթը երեք անգամ յատուկ
մարզանքներու համար մարզանքի կեդրոն երթայի։
Ահա հոս էր որ
քիչ մը մխիթարուեցայ, գանգատելու տեղ չէր, որովհետեւ
ինծի պէս քանիներ կային այնտեղ, որոնք տարբեր դժուարութիւններով հոն էին։ Թեւի,
դաստակի, վիզի, կոնքի գործողութիւն անցուցած կամ արկածի մը հետեւանքով
դժուարութիւններ ունեցողներ՝ իւրաքանչիւրը իր ցաւին յատուկ մասնագէտի մը խնամքին
յանձնուած՝ հարկ եղած շարժումներն ու մարզանքները կատարելու։
Շաբաթը երեք
անգամ մէկական ժամ ինքզինքս յանձնեցի հոգատարութեանը երիտասարդուհիի մը որ յաւուր
պատշաճի խնամքով մարզանքներ կատարելու ցուցմունքներ տալով կը ստիպէր, որ հետեւիմ
իր թելադրութեան, որպէսզի ծունկիս
շուրջի մկանները իրենց առանձգականութիւնը վերագտնեն։
Մի քանի շաբթուայ
մարզանքներէն ետք, արգիլեց որ այլեւս սայլակ գործածեմ։ Միայն գաւազանով սկսայ
քալել իր հսկողութեան տակ ամէն անգամ 10 վայրկեան, յետոյ տասը վայրկեան ալ
հեծանիւի վրայ նստելով եւ այլ մարզանքներով շարունակելու ծունկերուս շարժումը։ Իսկ
մէկ ժամուայ աւարտին ծունկիս սառոյց կապելով 10 վայրկեան հանգստանալէ ետք տուն
մեկնելու արտօնութիւն կը ստանայի։
Կեանքիս անցնող
տասնամեակները շարժանկարային արագութեամբ տողանցեցին յիշողութեանս պաստառէն։ Ե՞րբ
այսքան ժամանակ կրցած էի տրամադրել ես ինծի, մարմնիս այս կամ այն անկիւնին ցաւը
մտիկ ընելու, ճար ու դարման որոնելու կամ հարկ եղած մարզանքները օրը օրին
կատարելու։
Հիմա անցնող
տարիներու կեանքիս ստիպողական առօրեայէն շատ հեռու եմ, մարմինս սկսած է գանգատիլ
ու խօսիլ ինծի հետ, իր արդար բաժին հոգատարութիւնը պահանջելու։
Տայ Աստուած որ
ասկէ աւելի պահանջկոտ չդառնայ։
Զարմինէ
Գ․ Պօղոսեան, Մարտ 24,
2023, Փենսիլվանեա
No comments:
Post a Comment