Search This Blog

Search This Blog

Tuesday, April 9, 2024

Aleppo - Grtasieats is 90 years old=by zarmine K. Boghosian- 2014

 

ՈՂՋՈՅՆ 90-ԱՄԵԱՅ ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԻՆ (1924-2014).

 

ԿՐԹԱՍԻՐԱՑԸ ՄԵՐ ԵՐԿՈՒՔԻՆ ՀԱՄԱՐ

(Յուշ պատառիկներ եւ սրտի խօսք՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեաններէն)

 

1965-ի Օգոստոսին էր, որ առաջին անգամ Կրթասիրացի հին շէնքին բակէն ներս ոտք կոխեցի:

Տնօրէն Արմէն Տէր Պետրոսեանին հետ հանդիպում ունէի: Նոր շրջանաւարտ դարձած Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդականէն՝ դիմած էի ուսուցչութեան:

Անորոշութեան զգացումէն լարուած, սրտի տրոփիւնով կը սպասէի, թէ ի՞նչպէս պիտի դիմաւորուէի Պարոն տնօրէնին կողմէ: Իրեն յատուկ չափազանց հանդարտ ու մտերմիկ ժեստով մը Սոգագ-էլ Արպայինի հին շէնքին խոշոր քարածածկ բակին փողոցի դռնէն դէպի հանդիպակաց կողմը գտնուող տեսչարանը ուղեկցելով՝ ներս հրաւիրեց զիս:

Դիմումնագիրս, ինքնակենսագրութիւնս եւ պահանջուած թուղթերս աչքէ անցնելէ ետք, մեր հանդիպումը հարց ու փորձէն աւելի երկար զրոյցի բնոյթ առաւ եւ հասաւ գիր ու գրականութեան:

Եւ... նշանակուեցայ հինգերորդ դասարանի պատասխանատու ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններուն հայոց լեզուի, պատմութեան եւ կրօնի դասատու: Այդ օրուընէ սկսեալ Կրթասիրաց վարժարանի դռները բացուած էին ինծի համար: Մանաւանդ որ ապագայ ամուսինս՝ Միսաք Պօղոսեանը, ինչպէս նաեւ իր մայրն ու քոյրերը, շրջանաւարտ էին Կրթասիրաց վարժարանէն եւ գործօն անդամը՝ Կրթասիրաց Շրջանաւարտից Միութեան:

Ուսուցչական ծառայութիւնս շատ երկար չտեւեց, սակայն ամուսնանալէս ետք եւ յաջորդող տարիներուն Կրթասիրացին հետ կապս ամրապնդուեցաւ միութենական աշխատանքներով Միսաքին հետ գործակցաբար եւ մէջ ընդ մէջ, ըստ պահանջի – բացակայ ուսուցիչ մը փոխարինողի հանգամանքով:

1953-ին, նախակրթարանը աւարտելուն յաջորդ տարին իսկ, Միսաքը կ’ընդգրկուի Կրթասիրաց Շրջանաւարտից Միութենէն ներս: Զաւեշտներով, թատերական պատկերներ ներկայացնելով՝ զարկ կու տան շրջանի թատերական կեանքին, ձմրան՝ երկրորդ յարկի վրայ գտնուող մանկապարտէզի երկար դասարանին մէջ, իսկ ամրան՝ բացօթեայ բակին մէջ «Լիվան»ը որպէս բեմ գործածելով:

Տարուէ տարի վարժարանին շրջանաւարտ պատանիները անմիջապէս կը ներառուին միութենէն ներս պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի խումբեր կազմելով: Կը կազմուին նաեւ ընկերա-մշակութային, մարզական, թատերական յանձնախումբեր եւ կը գործադրուին զիրենք հետաքրքրող հաւաքոյթներ եւ պարտիզագնացութիւններ:

1965-1978, մինչեւ մեր ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը, երկուքս ալ գործօն անդամներն էինք Կրթասիրաց Միութեան: Երանելի օրեր էին, ընկերային ջերմ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Տարիներ շարունակ միութենական կեանքի համագործակցութեան տիպար եւ օրինակելի կազմակերպութիւնն էր Հալէպի մէջ Կրթասիրացը՝ իր ժրաջան անդամներուն եւ ծառայասէր ղեկավարներուն շնորհիւ:   

Շատ ու շատ յիշատակներ կան ձեռնարկներէն, ճաշկերոյթներէն (400 հոգիի համար պատրաստուած մածունով քէօֆթէն – այնթապցիական «Եախնիլի քէօֆթէն ; Մածունով քէօֆթէ ն- 12 քէօֆթէ իւրաքանչիւր անձի համար, ճաթլախ քեպապ – թոքի խորոված Սեպիլի բացօթեայ պարտէզին մէջ, իւրաքանչիւր սեղանին համար յատուկ պատրաստուած կրակարան տրամադրելով՝ ենթակային ուզած չափով խորովելու ազատութիւն տալու համար):

Միութենական մեր կեանքը, ընկերային մարզին մէջ մանաւանդ, սքանչելի փորձադաշտ մըն էր երկուքիս համար ալ: Մեր բոլոր ժողովներն ու կատարուելիք ձեռնարկներուն նախապատրաստական աշխատանքները տեղի կ’ունենային Սոգագ-էլ Արպայինի հին շէնքին մէջ: Անձնական փորձառութիւններէն ելլելով եւ հիմա մանաւանդ տարիներու փորձառութեան ակնոցով յետադարձ հայեացք մը նետելով՝ կրկնակի կը հիանամ այն բոլոր ընկերային ձեռնարկներուն եւ մտայղացուած մշակութային ելոյթներուն վրայ, որոնց մասնակից էինք այդ օրերուն խումբ մը ժրաջան ու սիրելի մեր բոլոր ընկերներուն հետ: Նուիրումի եւ կամաւոր աշխատանքի իւրայատուկ ոգի մը կը տիրէր:

Քառասուն տարի առաջ Կրթասիրաց Միութեան Գործադիր Մարմինը ծրագրած էր վարժարանին յիսնամեակին առթիւ Ոսկեայ Յուշամատեան մը լոյս ընծայել (Եղիա Ատուրեան՝ ատենապետ, Միսաք Պօղոսեան՝ փոխ-ատենապետ, Զարմինէ Գ. Պօղոսեան՝ ատենադպրուհի):

Քաղաքական պայմաններու պարտադրանքով եւ որոշ նկատառումներով որոշուած էր տպագրութիւնը Պէյրութ՝ Խայամ տպարանին յանձնել: Թուղթը գնուած էր: Վարժարանի շրջանաւարտներուն խմբանկարները հաւաքուած, անունները կարելի ճշգրտութեամբ գրանցուած էին:

Որպէս ատենադպրուհի՝ պարտականութիւն տրուած էր ինծի բոլոր այդ նիւթերը հաւաքելու եւ դասաւորելու: (Համակարգիչի չգոյութեան տարիներն էին, նոյնիսկ հայերէն գրամեքենայ չունէի – ընթեռնելի ձեռագիրով պէտք էր կրկին ընդօրինակուէին բոլոր նիւթերը – գրաշարին գործը դիւրացնելու): Նոյն ձեւով նաեւ կը գրէի եւ կը ղրկէի Կրթասիրացի ձեռնարկներուն շնորհակալագիրերը պատկան անհատներուն կամ կազմակերպութիւններուն, իսկ թղթակցութիւնները կը ղրկուէին «Զարթօնք»ին եւ «Նոր Անթէպ»ին:

Յուշամատեանին համար տրուած մեր կոչին առաջին պատասխանողը Կրթասիրացի երկարամեայ տնօրէն Գրիգոր Պօղարեանն էր (1929-1957):

Վարժարանին սկզբնական շրջանի պատմական աշխատութիւնը ղրկած էր Պարոն տնօրէնը իրեն յատուկ շատ մանր ձեռագիրով, որ կրկին պէտք էր գրի առնէի դիւրընթեռնելի դարձնելու: Կոչ ուղղուեցաւ «Նոր Անթէպ» պարբերաթերթին միջոցաւ, որպէսզի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տարածուած կրթասիրացականներ իրենց յուշերով եւ վաւերագրական յօդուածներով յուշամատեանին բովանդակու-թիւնը իմաստալից դարձնէին: Միաժամանակ անձնական նամակներ ալ յղուեցան հեռաւոր երկիրներ գտնուողներուն:

Նամակներ եւ նկարներ սկսան հասնիլ Կրթասիրացի սաներէն՝ Գերշ. Բաբգէն Եպս. Վարժապետեանէն (Ուաշինկթըն, Միացեալ Նահանգներ), Մայր Աթոռի պաշտօնական ամսաթերթ՝ «Էջմիածին» ամսագրին օրուան խմբագիր Արթուն Հատիտեանէն, գրականագէտ Գէորգ Հատիտեանէն, վաստակաւոր ուսուցիչ Սարգիս Եափուճեանէն, Բիւրականի գիտաշխատող Արսէն Գալլօղլեանէն, Մոնթէվիտեոյի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան նախագահ Նազարէթ Աթթարեանէն:

Տակաւին շատ անուններ կան յիշատակութեան արժանի, որոնք օրին ընդառաջած էին այս հրաւէրներուն, սակայն մեր Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէն առաջ իմ ձեռքիս տակ գտնուող բոլոր նիւթերը, ժողովներու ատենագրութիւններն ու խնամքով պատրաստուած բոլոր տարեկան ատենագրութիւնները յանձնեցինք օրուան Կրթասիրացի Գործադիր Մարմնին արխիւին:

Պէտք է հոս յիշել նաեւ, որ այդ գրի առնուած նիւթերուն ամփոփ մէկ համադրութիւնը հայերէն լեզուի ուսուցչիս՝ Պարոն Հայկ Պարիկեանին հետապնդումներով լոյս տեսաւ «Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք»ին 1976-1978 միացեալ թիւին մէջ, որուն ընդհանուր խմբագիրն էր Պրն. Պարիկեանը՝ «Պատմութիւն Հալէպի Կրթասիրաց Միութեան եւ Համանուն Վարժարանին» ընդհանուր խորագրի տակ (էջ 405-416):

Ի՜նչ յուշեր կան մեր ժողովներէն, որոնք տեղի կ’ունենային Կրթասիրացի «տախտակէ դասարանին» մէջ, որ միաժամանակ դպրոցի ժամերուն դպրոցին ուսուցչարանն էր: Ոսկեայ Յուշամատեանի համար կազմուած յանձնախումբին անդամներն էին Տօքթ. Ալեքսան Քէշիշեան (Հալէպ), Յակոբ Քիւրքճեան (մահացած՝ Հալէպ), Եղիա Ատուրեան (մահացած՝ Պոսթըն), Սարգիս Պալմանուկեան (կ’ապրի Լոս Անճելըս), Զաւէն Պարսումեան, Անի Ինգնատոսեան, Կարպիս Վարդանեան, կարծեմ տակաւին Հալէպ կ’ապրին, իսկ Զարմինէ եւ Միսաք Պօղոսեան կ’ապրին Նիւ Եորք (տե՛ս 65-ամեակի Կրթասիրացի Յուշամատեան, Հալէպ, 1994, էջ 353):

Մեծ ուրախութեամբ ատենին ստացանք 65-ամեակի Յուշամատեանէն օրինակ մը: Կրթասիրաց Վարժարանի 65-ամեակին (1924-1989) առթիւ լոյս տեսած այս հատորին մէջ այդ նիւթերուն որոշ մէկ մասը շրջանաւարտներուն նկարներով Յիսնամեակի հաւաքածոյէն են, որոնք լոյս տեսած են Տօքթ. Թորոս Թորանեանի խմբագրութեամբ 1994-ին ծաւալուն մանրամասնութիւններով:

Եթէ երբեւիցէ կարելի է եւ կամ արդար է առանձնացնել Կրթասիրաց Միութեան եւ դպրոցին առաքելութիւնը Հալէպի ազգային կեանքէն ներս եւ օգտաշատ ներդրումներէն ընգծել մի քանին միմիայն, ես պիտի ուզէի ծանրանալ հետեւեալ երկու կարեւոր կէտերուն վրայ.

Ա. ԴՊՐՈՑԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ-

 Անբացատրելի կորովով ու քաջութեամբ, Այնթապի հերոսամարտի ոգիով ու անմար ներուժով մը Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Հալէպ հասած այնթապցիները փարած են կրթութիւն եւ լոյս ճառագայթող օճախներ հիմնելու եւ լուսաւորելու վերապրող սերունդը: Միութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք ձեռնարկած են դպրոցաշինութեան:

Առօրեայ հոգերուն, ընտանիք պահելու, գաղթականի հոգեվիճակը թօթափելով դպրոցաշինութեան փարի՞լ: Հերոսական ձեռներէցութիւն կը պահանջէ 1915-ի ջարդէն եւ 1922-ի Այնթապի պարպումէն անմիջապէս ետք, 1924-ին հիմնել վարժարաններ՝ տղոց եւ աղջկանց առանձին բաժիններով, լոյս եւ յոյս սփռելու եւ ներշնչելու արաբական հողերուն վրայ հասակ առնող, ծլարձակող հայ նոր սերունդին:

Փառք ու պատիւ, խունկ ու աղօթք այդ կորովը անմար պահող վերապրող սերունդէն հիմնադիր բոլոր անդամներուն: Նոյն սերունդը հազիւ 20-ամեակ մը բոլորած՝ նուիրահաւաքի ձեռնարկներով կ’իրականացնեն սեփական շէնք ունենալու երազը, Սոգագ էլ Արպայինի շէնքը ԳՆԵԼՈՎ:

Իսկ 1967-ին՝ 2869 քառ. մեթր տարածութեամբ հողաշերտը գնելով – Հալէպի այժմու վիլլաներու շրջանին մէջ – 1971-ին առաջին բահի հարուածով հիմը կը դրուի այսօրուան նորակառոյց շէնքին եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրին:

միեւնո՛յն ոգին ու կորովն է որ կը շարունակուի անցնող քսանամեակէն ի վեր տարուէ տարի բարեզարդելով այնթապցիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Կրթասիրաց վարժարանը իր նորակառոյց արդիական սրահներով, ամառնային պարտէզով, մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բոլոր յարմարութիւններով:

2009-ի ամրան, Հալէպ մեր այցելութեան ընթացքին ականատեսը եղանք աւարտական հանդէսին հիասքանչ գործադրութեան եւ Չէմպէրճեան երկրորդականին ընծայուած (համանուն Գաբրիէլ Չէմպէրճեան բարերարէն) քիմիագիտութեան, ֆիզիքսի համար տրամադրուած նախանձելի արդիական յարմարութիւններով բարեզարդուած դասասենեակներուն:

Այո՛, Կրթասիրացեան ՈԳԻ՛Ն է որ կը շարունակուի սերունդէ սերունդ:

Բ. ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հալէպահայ Միջ-­Միութենական Մարմնի Կազմութիւն 1969-ի նախօրեակին էր, երբ Կրթասիրաց Միութիւնը նամակ մը ստացաւ Հայրենիքէն, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէէն – արտասահմանի հայերուն յիշեցնելու համար, թէ ամենուրեք պատշաճ շուքով պիտի տօնուէր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան 100-ամեակը: Միութեան Գործադիր Մարմնին օրուան ատենապետ Եղիա Ատուրեանին համար ատաղձ էր այս նամակը, որպէսզի իր ստեղծագործ եւ հեռատես արժանիքներուն շնորհիւ ծաւալուն գործունէութիւն մը ծրագրէր եւ գործի լծուէր- շուրջիններն ալ գործի լծելով:

Վարդգէս Համազասպեանի ստորագրութեամբ եկած նամակը լուրջի առնելով՝ ներկայացուց ժողովին եւ մեր բոլորին խանդավառեց: Անմիջապէս Վարչութեան անունով նամակներ խմբագրուեցան եւ ատենադպրուհիի հանգամանքով ձեռագիրովս օրինակներ պատրաստուեցան եւ ղրկուեցան հալէպահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ հայրենակցական միութիւններուն անխտիր՝ իւրաքանչիւր միութենէն երկու ներկայացուցիչ խնդրելով նախապատրաստական առաջին ժողովի մը հրաւիրելու բոլորն ալ:

Նպատակը հալէպահայ մշակութային միութիւններու միջեւ մնայուն համագործակցութիւն ապահովելն էր, մանաւանդ՝ հայրենի արուեստագէտները հիւրընկալելու եւ համայնքէն ներս այլ մշակութային ձեռնարկներ համագործակցաբար ծրագրելու եւ ներկայացնելու ժողովուրդին: Մինչ այդ՝ իւրաքանչիւր միութիւն կը ջանար առանձին առանձին ընդունելութիւն կազմակերպել՝ հիւրընկալելու համար հայրենի հիւրերը:

Բաւական հետապնդումներէ ետք ՈՒԹ միութիւններ ընդառաջեցին այս հրաւէրներուն: Կազմուեցաւ Յովհ. Թումանեանի 100-ամեակի Յոբելենական Միջ-Միութենական Մարմին մը՝ հովանաւորութեամբ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին:

Յանձնախումբը ինքզինք անուանեց Հալէպահայ Միջ-­Միութենական Մարմին՝ իւրաքանչիւր մասնակից միութենէն երկու անդամ նշանակելով եւ նորակազմ մարմնին ատենապետ ընտրելով Կրթասիրացի ներկայացուցիչ՝ Եղիա Ատուրեանը:  

Այս Յանձնախումբին եւ Կրթասիրացի այլ անդամներուն գործօն մասնակցութեան ջանքերով լոյս տեսան Նիզար Խալիլիի թարգմանութեամբ Յովհ. Թումանեանի չորս գործերը արաբերէնով: Այս առթիւ հալէպահայ մշակութային կեանքին մէջ ա՛լ աւելի յատկանշական երեւոյթ դարձաւ Արմէն Տիգրանեանի երաժշտութեամբ եւ Յովհ. Թումանեանի խօսքերով «Անոյշ» օփերային 10 յաջորդական ելոյթները Յովհաննէս Կոստանեանի բեմադրութեամբ, իւրաքանչիւր ելոյթին ՀԲԸՄ-ի սրահը լեցնող հանդիսատեսներով: Այս աշխատանքներէն դուրս Միջ-­Միութենական Մարմինը մեծ խանդավառութեամբ, տարիներով հիւրընկալեց հայրենի բանաստեղծներն ու արուեստագէտները՝ յաջորդաբար իւրաքանչիւր մասնակից միութեան ակումբին կամ կեդրոնին մէջ հիւրասիրելով հայրենի հիւրերն ու մասնակից անդամները (Գարեգին Սեւունց, Յովհ. Պատալեան, Օֆէլիա Համբարձումեան եւ շատ-շատ ուրիշներ):

*** Երբ այս օրերուն, այսօրուայ քաղաքական պայմաններուն ընդմէջէն եւ դիմատետրի միջոցաւ կը հետեւիմ Կրթասիրացէն ներս կատարուող աշխատանքներուն, անբացատրելի յուզումով կը կարդամ մեր նոր սերունդին տարած իսկապէս հերոսական աշխատանքին մանրամասնութիւնները: Երիտասարդ ուժեր, որոնցմէ ոմանք ժամանակին իմ աշակերտներս էին եղած եւ այսօր պատնասխանատու եւ հոգածու անհատներն են ե՛ւ Կրթասիրաց վարժարանին, ե՛ւ թէ Միութեան:

Հակառակ երկրին մէջ տիրող քաղաքական վերիվայրումներուն եւ Հալէպի այսօրուայ դժնդակ պայմաններուն՝ Վահան Թէքէեանի խօսքերն են, որ կ՛արձագանգեն հոգիիս խորերէն.

Ի՞նչ է հոգին, Հայու հոգին..... ...

Մերթ կ՛իջնէ վար ու մառախուղ կ՛ըլլայ մերթ

Եւ մերթ ճերմակ ու վարդագոյն թերթ առ թերթ

Կը տարածուի երեսն ամբողջ երկնքին,

Անհո՜ւն Հոգին, Հայո՛ւ հոգին...

Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ...

Բայց զերթ զինուոր մ՛որ կը կռուի անդադա՛ր

        Ցեխն ալ կ՛ըսեմ,– զայն աղտոտել չի՜ կրնար,

Եւ ընդմէջէն իր այդ ցեխին, սարսռագին

Կը համբուրեմ Հայու յոգնած, Սո՜ւրբ հոգին...:

 

*** Սիրելի Հալէպի Կրթասիրացականներ, հետեւելով այս տարուայ շրջանաւարտական հանդէսին, Յուլիս 6-ին, 9-րդ եւ 12-րդ դասարաններուն Կրթասիրացի վկայականաց բաշխման հանդէսին մանրամասնութեան, հրճուանքով կարդացի յաջողութեան լուրերը, կարդացի նաեւ, թէ լռութեան պահով մը յարգեցիք յիշատակը «զոհերուն».

«զոհերո՞ւն»... ո՞ր զոհերուն:

Ու ես անգամի մը համար եւս «սարսռագին» փշաքաղուեցայ՝ մտածելով եւ անդրադառնալով, թէ ո՞ր զոհերուն համար էր այս մատղաշ տղոց յարգանքի պահը:

Չէ՞ որ արդէն 100-ամեակի սեմին ենք,

Ջարդէն վերապրողի, գաղթական կամ որբուկ ըլլալու ծանր փոշին շատոնց թօթափած էինք... պէ՛տք էր թօթափած ըլլայինք:

Կը սթափիմ՝ ի լուր հանդէսին մանրամասնութեան, ներկայացուած յայտագրին որակին, հիանալով, հպարտանալով կը գոչեմ ի լուր աշխարհին...

        Ցեխն ալ կ՛ըսեմ,– զայն – ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻՆ – աղտոտել չի կրնար,

        Եւ... Կը համբուրեմ իւրաքանչիւրիդ, Հայու յոգնած, բայց կորովի, այդ սո՜ւրբ հոգին, մեր սիրելի ու թանկագին Կրթասիրացականներ:

Վստահ եմ, որ Այնթապէն Հալէպ հաստատուած Կրթասիրացի հիմնադիրներուն հոգի՛ն ալ կը հրճուի ձեզմով, եւ մեր բոլոր նախնիներուն ոգին կը շարունակէ յաւէտ ապրիլ ձեզմո՛վ:

 

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան - Նիւ Եորք, 16 Յուլիս, 2014

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...