ՍՓԻՒՌՔՒ ՀԱՅԵԼԻՆ՝
ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Վարպետին 125-ամեակին առթիւ
1898-1977
«Շնորհաւորելի է ՍՓԻՒՌՔԸ որ Ալեքսանտր Սարուխան մը
ունի իր մէջ»։
Միքայէլ Կիւրճեան
2023-ին ողջերթ մաղթելէ առաջ
կ՛անդրադառնամ թէ այս տարի ծննդեան 125-ամեակը բոլորուեցաւ հայ թէ համայն աշխարհի արուետի աշխարհին
իր անմոռանալի ու պատուաբեր ներդրումը կատարած այս մեծ ծաղրանկարիչին։ Ան ոչ միայն
պարծանքն է իր երակներուն մէջ վազող հայու ինքնութեան, այլեւ՝ իր ստացած
համաշխարհային ճանաչումով Եգիպտոսէն մինչեւ եւրոպական երկիրները հայուն անունը
պանծացնող արուեստագէտն է։
Այո՛, ո՞վ է Սարուխանը․․․
Ի զուր չէ որ 1957-ին Իտալական «ՍԹԻՒՏԻՕ»
պարբերաթերթը զինք դասած էր 20-րդ դարու 100 լաւագոյն
արուեստագէտներու շարքին ։
Ալեքսանդր Սարուխան անունին ծանօթացած եմ երբ
տակաւին Հալէպի դպրոցական սեղաններուն վրայ էինք։ Հալէպի աշակերտական օրերուս, վաթսունականներու սկիզբը երբ յաճախակի կառավարութիւն կը
փոխուէր ուրիշ երկիրներու «մեծերու- Քենետի-1963- եւլն»
սպաննութեան պատճառով դպրոցը կը փակուէր եւ տուն կը ղրկուէինք, դասերէն ազատուած
ըլլալու ուրախութեան չափ ալ կը մտահոգուէինք մեր գալիքով․․․ ապագայով։
Այդ օրերու անմոռանալի յիշատակներէն մին է նաեւ հայրենի
թէ արտասահմանեան ակնառու անձնաւորութիւններու այցը մեր դպրոցէն ներս։
Անշուշտ, երեւելի անձնաւորութիւններու այցը որքան
որ ալ մեր մտահորիզոնը ընդլայնող այցեր էին, նոյնքան նաեւ ուրախառիթ պատճառներ էին
աշակերտներուս համար կարգ մը դասապահերը կրճատելու։
Անոնց շարքին էր Եգիպտոսէն ժամանած Ալեքսանդր
Սարուխանի տուած այցը մեր վարժարանին։
Այսօր չեմ կրնար յիշել վեց տասնամեակ առաջ նշանաւոր
հիւրի մը ներկայութեան մանրամասնութիւնները։ Սակայն, գիտեմ մէկ բան պարզ է այդ
օրուընէ, որ իր անունը դրոշմուած է մէջս- առանց «եան» ի նշանաւոր հայ մը։
Գուցէ գրչանուն մը․․․ Երուխան-թէ՞ Սարուխան․․․
Ան ոչ միայն մեր աշակերտական յիշողութեան մէջ անուն
արձանագրեց այլ նաեւ՝ մեր վարժարանի յուշամատեանին արձանագրած իր քաջալերական մի
քանի տողով մնաց մեր վարժարանի պատմութեան մէկ մասը։ Հայ
դպրոցի գոյութիւնը ծափահարող եւ իր ուրախութիւնը գրաւոր բանաձեւող երգիծանկարիչ թէ
ծաղրանկարիչ Սարուխանը ամենայն լրջութեամբ կ՛արձանագրէր իր գոհունակութիւնը թէ մեր
վարժարանէն ներս «ապագայ սերունդը կը գտնուի գիտակից եւ
ազգային նուիրականութեանց նախանձախնդիր, կարող ձեռքերու մէջ․․․»։
Այս օրերուն աւելի եւս կ՛իմաստաւորուի այդ խօսքը
երբ հայրենիքէն թէ Սփիւռքի ամէն մէկ անկիւնէն մէն մի դպրոցի փակման, հող
կորսնցնելու ցաւով «ախ ու վախ»-ի մէջ ենք հիմնովի՛ն։
Մանաւանդ՝ փնտռտուքի մէջ է մեր ազգը Դիոգինէսի լապտերով
գտնելու «ազգային նուիրականութեանց նախանձախնդիր, կարող ձեռքեր» գտնելու
եւ ապաւինելու համար։
Այդ օրերուն Հալէպահայութիւնը հանդիսատեսը եղաւ նաեւ Վահէ Սամուէլեանին
բեմադրութեամբ «Աշակերտական Թատրոն»-ին հրամցուցած Սարուխանին հեղինակած «Մենք
Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութեան-29 Մարտ 1969-ին, հեղինակին իսկ ներկայութեան, եւ իր անձնական
գնահատանքին։
Ապա զինք եւ իր անունը սկսանք
տեսնել յաջորդաբար մէկ այլ մեծութեան՝ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» (1938) հատորին նկարազարդումներու շարանը։ Ինչպէ՞ս չյիշել նաեւ Յակոբ
Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ուն նկարազարդումները։
Սարուխան կը յիշուի նաեւ որպէս պայծառ բանախօս, իր
առինքնող պերճախօսութեամբ եւ պատկերաւոր խօսքին հմայքովը։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ
կնքահայրութիւնը Հալէպի մէջ 1954-ին հիմնադրուած կեդրոնին «ՍԱՐԵԱՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱ» անուանակոչութիւնը։
Արտասահմանեան կեանքին եւ ազգապահպանման իր
երկարամեայ փորձառութիւնը կրցած է ամփոփել քանի մը հատորներու մէջ։ 1963-ին լոյս
կը տեսնէ իր «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» թատրերգութիւնը օրին Հայաստանի մէջ
ֆիլմի վերածուելով կը կրկնուի բազմաթիւ անգամներ։
Սարուխան հեղինակ է նաեւ «Վասն Ոթնուկէսից Մեղայ Մերոց», «Այրէ
Ինչ Որ Պաշտեցիր» հատորներուն։
Յետոյ հասաւ «Տե՛ս
Խօսքերդ» պատկերազարդ գիրքը, որ կ՛ընդգըրկէր մեր ասացուածքներուն եւ
արտայայտութիւններուն զուարճալի, միաժամանակ զգաստութեան հրաւիրող պատկերաւոր շարանը։
Երբ այս օրերուն մեր սրտերը կ՛արիւնին մեր
կորուսեալ հողերուն մասին մտածելով եւ մեր հազարաւոր երիտասարդներուն երակներէն
թափած արիւնլուայ հողերուն մասին սգահանդէսներ կազմակեպելով, կարդացէք անպայման Յակոբ Տիւնեայեանի խմբագրութեամբ լոյս
տեսնող ԱՂԹԱՄԱՐԻ մէջ երեւցած Սարուխանի
գրիչով՝
«ՀԱՅԸ
ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ ՉԷ- Ո՞Ր ԱԶԳՆ Է ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ» Յօդուածը (Աղթամար- թիւ
1, Չորեքշաբթի 25 Յնվ․ 2023)։
«Ի՞նչ է սա ՛Դիւանագիտութիւն՛ ըսուած բանը, զոր ունին ուրիշներ եւ
մենք չունինք» - հարց կու տայ Սարուխան եւ ապա սփոփարար պատասխանը ի՛նք կու
տայ մեզի։ Մէկ առ մէկ ան կը թուէ բոլոր այն պատմական անուններն ու Ժամանակաշրջանները
երբ հզօր պետութիւններ աշխարհին տիրանալու ծաւալապաշտ ախորժակով իրենց սահմանները
կ՛ընդլայնէին արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ։
Սարուխան յաջորդաբար կը թուէ Դիւանագիտութեամբ կերտուած բոլոր կայսրութիւնները՝ սկսելով ուրարտական,
հին յունական, հռոմէական, բիւզանդական կայսրութիւններէն հասնելու համար՝
աշխարհածաւալ ֆրանսական, աւստրօ –հունգարական գերմանական, օսմանեան եւ բրիտանական
կայսրութիւններուն, որոնց շատերուն սահմաններէն ներս «արեւը մայր չէր մտներ»։
Այդ բոլորին վերելքներուն յաջորդող, այսօրուայ իրենց
վիճակուած ճակատագիրը ո՞ւր հասցուցած է զիրենք։ Ամենազօր դարաշրջան մը կերտելէ ետք
ո՞ւր հասցուցած է զիրենք այսպէս կոչուած «Դիւանագիտութիւնը»։
Այս օրերուն, մեր ազգին սպառնացող տագնապալի
օրերուն մխիթարանք մը չէ այս թուարկումը մեր կոտտացող հոգիներուն պալասան մը
ցնցուղելու, այլ՝ համբերութեամբ մեր նոր սերունդին դաստիարակելու հին սխալներէն նոր
ճամբաներ որոնելու։
Վերադառնալով Սարուխանին եւ կեդրոնանալու համար
երգիծական աշխարհին մէջ բացառիկ երեւոյթ համարուող Սարուխանեան ներկայութեան եւ իր
գործերու հսկայ ժառանգին – աւելի քան 40 հազար գծագրութիւններու- դասաւորման համար
հետեւեալ ամփոփումով կը փորձեմ ներկայացնել-
Ա- Կենսագրական գիծեր
Բ- Եգիպտահայ մամուլէն ներս իր դիրքը
Գ- Ոչ հայ մամուլէն ներս իր համբաւը
Դ- Հայ կեանքէն ներս իր ներդրումը
Ա-
Կենսագրական գիծեր-Ալեքսանտր Յակոբի Սարուխան
Ծնած է Արտանուջ կամ Արտանոյշ –Արեւմտեան Հայաստան,
1 Հոկտ․ 1898-ին, իր երեւակայութեան հետ
այս արուեստագէտին ստեղծագործ գրիչը դադրած է ստեղծագործելէ երբ ան իր երկրային կեանքը կնքեց Յունուար 1, 1977-ին,
Գահիրէ-Եգիպտոսի մէջ, աշխարհին ժառանգ ձգելով
իր հազարաւոր երգիծանկարներու անկորնչելի հարստութիւնը։
1909-ին ընտանիքով Պաթումէն կը տեղափոխուին Պոլիս-Թուրքիա։
1922-ին զինք կը գտնենք Վիեննա-Աւստրիոյ արուեստի
վարժարանէն ներս, որուն չորս տարուայ
ծրագիրը ԵՐԿՈՒ տարուայ մէջ
ամբողջացնելէ ետք վերջնականապէս կը հաստատուի Գահիրէ 1924-ին։
1925-1926 ին կը հրատարակէ երգիծական
«ԵԳԻՊՏԱ»-ՀԱՅՈՑ «ՍԻՆԵՄԱՆ» ՏԵՍ՝ նկար էջ 53․
Կ՛արժէ
տեսնել եւ թերթատելով խորհրդածել ամէն
մէկ էջին վրայ, մանաւանդ՝ կ՛արժէ օրինակ մը ունենալ սքանչելի եւ բացառիկ խնամքով
պատրաստուած այս հատորէն։
2017-ին
լոյս տեսած գեղատիպ, գունաւոր այս հատորին Հայերէն բաժնի հեղինակն է սփիւռքահայ
մտաւորական, Պոսթոնի «Պայքրին» երկարամեայ խմբագիրը՝ Գրիգոր Քէօսէեան, Դոկտ․ Վաչէ Ղազարեանի Անգլերէն թարգմանութեամբ, Զօհրապ-Տօլօրէս
Լիպմըն Հիմնադրամի առատաձեռն շնորհագումարով։
Հատորին
կողքի նկարը ինքնին հարազատ արտացոլումն է Սարուխանին երեւոյթները հարազատօրէն
տեսնելով դիպուկ եւ ինքնուրոյն ձեւով բնութագրելու, ցաւալիին ու ծիծաղելիին զուգորդուած
պատկերացումովը։
Ահաւասիկ
հրաշալի պատկեր մը մեր կեանքէն՝ որ բնա՛ւ չէ հինցած։ Երբ ժողովուրդը ներկայացնող հաստաբուն
ծառը կտրուած է ու կ՛արիւնի, մենք երկու հատուածներով իրարու կռնակ դարձուցած մեզի
յատուկ ողբը կու լանք։
Մէկ թեւը ժողովուրդին՝ ամէն բան սեւ ու մութ
տեսնող, յոռետեսութեամբ լեցուած խումբի ներկայացուցիչ մամուլն է, միւսն ալ ամէն
ինչ պայծառ ու շէնշող տեսնող չափազանցուած լաւատեսութեամբ լեցուած ինքզինք խաբող մամուլին
ներկայացուցիչը։
100 եւ աւելի տարի ետք նոյն
հոգեբանութիւնը կը շարունակուի բազմապատկուող հակոտնեայ հակումներովը խմբաւորուող անհամար
հայ կուսակցակցութիւններու։
Այս նկարով կը տեսնենք թէ ինչպէս ժամանակի ծանր
ոտքի հարուածը Խորհրդային Միութեան հաւասարապէս կը հարուածէ թէ՛ մէկին եւ թէ
միւսին։ Իսկ կուսակցութիւնները մագնիսական դաշտի վրայ են յամառօրէն ետ կը կանգնին եւ
ընկրկելու բացարձակ միտք չունին։
Իսկ մենք․․․ ազգովին տակաւին խարխափումի մէջ ենք եւ չենք կրցած տեսնել
տալ մենք մեզի իրական քաղաքական աշխարհը։
Համայնակուլ Համայնավարութեան համայնացնող ճիգերը ի զուր են - վայրենին մնաց վայրենի իր անասնային ախորժակը
գոհացնող ջարդերով, մշակութասէրը մնաց մշակոյթի փարող, երազող եւ ինքնագոհ երկիր։
Աշխարհը
գլխապտոյտի մէջ դնող համաշխարհային պատերազմներու ժամանակաշրջանին մեր հարիւր
հազարաւոր զոհերուն շարունակութիւնը եղաւ 1915-ի ցեղասպանութիւնն ու
Ստալին-Բերիայի «ժողովուրդի թշնամի»
պիտակող սպաննութիւները մեր աւագանիին։
Որուն աւելցան նաեւ «Նոր Թուրքիա, Նոր
Քաղաքականութեան» անուն շեփորելով նոր ճնշումներու տակ շնչահեղձ դարձող
փոքրամասնութիւններն ու անոնց կարգին նաեւ Հայ ժողովուրդը։
Թիւ 38 ծաղրանկարը դար մը
առաջուընէ արդէն մեզի կը հասկցնէ թէ յոյս չկապենք մեզ եւ մեր ազգային շահերը
անտեսող «Ազգերու դաշնակցութիւնը»․․․ երբ Սարուխան կը կը ներկայացնէ այս պատկերը․․․ Ազգերու Դաշնակցութեան
Փոխատուութիւնը Հայաստանին- «Ա՜խ, մինինիկս
քեզի ղուրպան, գնա՜
թռի՜ր, ահա քեզի երկու պալոններ, աղուոր չօճուխս․․․։»
Իսկ ինչ կը վերաբերի թուրքիոյ եւ խորհրդային
միութեան մեր ժողովուրդին հետ առնչուող հարցերուն հանդէպ բռնած դիրքին, տեսէք թէ
այս պատկերները որքան դիպուկ են Սարուխանի գրիչով մեզի հասկցնելու թէ ով է իւրաքանչիւրը
անոնցմէ, եւ թէ մեր ազգին շահերը ինչպէս ոտնակոխուած են կամ մեզ իրար դէմ կը լարեն։
Գ-
Եգիպտահայ Մամուլէն ներս Սարուխանին դիրքը-
Սարուխան մեծ յարգանք կը վայելէր եգիպտական մամուլէն
ներս։ Իր դիպուկ բնութագրումները առօրեայի եւ ժամանակի քաղաքական հարցերու շուրջ հաւասարապէս
կը հիացնէր արաբական մամուլի պատասխանատուներն ու ընթերցողները։
«ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ» թերթին դրօշակը բարձր
պահող այս նկարը որքան խօսուն է եգիպտական մամուլէն ներս իր ունեցած անփոխարինելի
ներդրումով․․․
Ահաւասիկ մէկ այլ բացառիկ պատկերացումը ամբողջ
երկրագունդին գլխապտոյտ պատճառող հոգեվիճակ ստեղծող երկրորդ համաշխարհային
պատերազմին նուիրուած երգիծանկարներու
հաւաքածոյէն-(Cette Guerre, 1945) ․․․ Սարուխանեան
պատկերացումովը։
Քաղաքական հասուն դիտարկումով կարելի է երկար
խորհրդածել Սարուխանեան ախտաճանաչումով ըսուած հետեւեալ խօսքին վրայ․․․
- «Մենք գիտենք որ Քիւրտը ապագայ ունի, եւ թերեւս մերինէն աւելի, ոչ թէ որովհետեւ
իր ետին Անգլիան կայ, այլ որովհետեւ այսպէս ասած ան տգէտ է, իսկ հայուն ետին կը
կանգնի իր Ե՛ՍԸ, ՄԵԾԱՄՏՈՒԹԻՒ՛ՆԸ»։
Իսկ ինչ կը վերաբերի ժամանակի եգիպտա-ֆրանսական
բարեկամութեա՞ն Սարուխանին հեգնանքը նուրբ է եւ սուր–1976-ին թերթերուն մէջ
երեւցող այս ծաղրանկարը շատ բան կ՛ըսէ ․․․
երբ նոյն ծառին արմատները ողողող, առատօրէն թափուող ջուրին հետ իսկական քաղաքական
պատկերը կը բացայայտէ – կարելի չափով շուտ «ծառէն օգտուելու» դիւանագիտական
շահերու ախորժակը․․․ «Այս ծառին պէտք է լաւ հոգ տանինք
որ կարենանք
պտուղը վայելել․․»
Հայ
կեանքէն ներս իր ներդրումը կը բացայայտուի զանազան
երեւոյթներ լուսարձակի տակ առնելով։
Հայկական աւանդութիւններուն գիտակից դիպուկ նկար է
Մեծ Պահքի ապաշխարութեան եօթը շաբթուայ շրջանին եօթը փետուրներու – եօթը
«մեղքերուն վերացումը» «Մօրմօրօզ» - «Ակլատիզի» նկարով- հեռու
վանելու հեեւեալ մեղքերը- «Կին զեխութիւն- գինարբուք, որկրամոլութիւն,
թուալէթ-շպարում, անհաւատութիւն, թղթախաղ, պարահանդէս․․․» -
Իսկ
հոս ահաւասիկ Հայ Կուսակցութիւններ իրար ինկած հաշուեյարդար կը պահանջեն իրարմէ «ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ»
ազգային գանձանակին մէջ ժողովուրդէն հաւաքուած գումարի մը մասին․․․ մին կըսէ՝ «ՀԲԸՄ-ը մէջտեղ պէտք է հանէ դրամները», իսկ միւսը կ՛ըսէ՝ «Ամերիկա հաւաքուած դրամներուդ հաշիւը տուր․․․» նկար 35
Բարերար Մելգոնեան եղբայրներուն եւ Կիպրոսի մէջ
Մելգոնեան հաստատութեան հիմնադրութեան շուրջ ժառանգի տիրանալու վէճերն ու
ագահութեան պատկերները․․․ երբ բարերարը սարսափած
պահանջատէրերու համրանքի առատութենէն կը բացագանչէ ․․․ Մելգոնեան պարարտ տոպրակին շուրջ հաւաքուած մուկերու
համրանքէն սարսափած- «Եթէ ասանկ երթայ, մուկերը կրնան
զիս ալ ուտել, միակ փրկութիւնը կատուին շուտով գալն է․․․»։ Նկար 39
Իսկ այս կթան կովին «Ամերիկացի Հայութեան» անտրտունջ
վիճակը մեզի կը յիշեցնէ ՍՓԻՒՌՔ-ը, որ
կթան կովի պէս կը կթուի տասնամեակներէ ի վեր։ Նկար 36
Այս օրերուն կրկին հրատապ հարց է «Հայ Գաղթականներ» տեղաւորելու եւ
կերակրելու հարցը։
Ազգերու դաշնակցութիւնը ուզածիդ չափ թուղթ կու տայ
ջուր տաքցնելու․․ իսկ մենք ազգովի՛ն գիտենք
թէ «խօսքով
փիլաւ չեփիր»․․․
Այո՛, հայ
գաղթականներու տեղաւորման հարցով այս փշաքաղող տեսարանը շատ ծանօթ է մեզի։
Տօքթ․
Նանսէնին բողոքին որպէս պատասխան Ազգերու
Դաշնակցութիւնը կ՛ըսէ- «Ահա
քեզի ուզածիդ չափ թուղթ փիլաւիդ ջուրը տաքցնելու․․․» բայց օդային
խօսքով եւ թուղթերու տրցակով փիլաւ կ՛եփի՞, երբ ոչ բրինձ ոչ ալ իւղ տրամադրուած է։
Ժողովուրդ, սիրելի հայրենակիցներ, ըսէ՛ք, ինչ փոխուած է այս օրերուն երբ 100 հազարէ աւելի մեր ազգակիցները
պաշարման մէջ մնացին առանց սնունդի եւ առօրեայ անհրաժեշտութիւններու, որուն
աւելցաւ ամէն ինչէ զրկուելով տեղահան ըլլալու պապենական տուն տեղ, պարտէզ ՀՈ՛Ղ կորսնցնեու ահաւորութիւնը․․․
Այո՛, «թուղթով, պարապ խօսքերով փիլաւ չի դրուիր
սեղան․․․»
Սարուխանի երաւակայութեան արգասիքն են մեր կրկնուած խօսքերուն եւ ասացուածքներուն պատկերաւոր ցուցադրութիւնը
այս հատորին մէջ։
Այս
դարուն դժուար թէ կարենանք գտնել – գուցէ համրանքով են անոնք որ գիրքերու աշխարհին
մէջ կը թաղուին կամ հաճոյքով գիրք կը կարդան։
Արուեստի, գրականութեան գիրքերու մէջ թաղուած
ժողովուրդ ենք, առանց ինքնապաշպանութեան զէնքի։
Երանի՜ կարենանք ազգովի՛ն մաղելով կարենանք գտնել
մեր իրա՛ւ բարեկամները։
1977 Յունուար մէկին մեզմէ անվերադարձ հեռացաւ Ալեքսանդր Սարուխանը իր մահով Հայ
ժողովուրդը, յատկապէս սփիւռքահայութիւնը, կորսնցուց իր ժամանակակից բացառիկ
տաղանդով օժտուած անհատականութիւններէն մէկը, ամենաժողովրդականը։
Անմահն Ալեքսանդր Սարուխանի 125 –ամեակին համար ամփոփեց՝
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան
Սփրինկ Ֆիլտ – Փենսիլվանիա –
Դեկտեմբեր-2023
No comments:
Post a Comment