ՄԱՐՏԻ 8-ԻՆ ՏԵՂ ՉՀԱՍԱԾ ԾԱՂԿԵՓՈՒՆՋԵՐ
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան
11 Մարտ, 2002
Աննան
Յասմիկին եւ Լիանային ծանօթացաւ Զուարթնոց օդակայանէն Նիւ Եորք տանող ճանապարհին:
Բաժանման, անորոշութեան եւ կարօտի խառն զգացումներով լեցուած, արցունքները
այտերուն վրայ սառեցուցած՝ օդանաւին մէջ քով քովի նստած էին: Դաշնակահարուհի,
հիւանդապահուհի եւ ռուսերէն լեզուի ուսուցչուհիի մասնագիտական վկայականներով
աշխատող այս կիները «դիպլոմները տանը պահ տուած» նոր որոնումներու ճանապարհին էին:
Ինքնամոռաց՝ իրարու հետ սկսեր էին բարձրաձայն խօսիլ, կարծես իրենք զիրենք համոզելու
թէ այս քայլը առած էին միայն ու միայն իրենց ընտանիքին ու զաւակներուն «խաթրու» –
անոնց սիրոյն համար միայն:
Ամերիկա
ոտք կոխելուն պէս պատրաստ էին «ինչ գործ որ ուզեն անելու», միայն թէ կարենային
տուն, այսինքն՝ Երեւան, դրամ հասցնել իրենց զաւակներուն, նորածին թոռնիկներուն:
Երեք կիներն ալ արդէն մեծ մայրեր էին: Սակայն երիտասարդ մեծ մայրեր, որոնք եթէ Միացեալ Նահանգներու
մէջ մեծցած ըլլային, ամերիկեան
ըմբռնումներով եւ դաստիարակութեամբ՝ հարսանեկան քօղը
գլխուն դնել-չդնելու որոշում տալու մասին նոր սկսէին մտածել:
Կեանքը,
բարքերը շատ շուտ հասունցուցեր էին զիրենք:
Բայց
այս երեքը Նիւ Եորք հասնելով բնաւ ալ մինակ զգալու պատճառ մը չունէին: Միմիայն Նիւ
Եորք քաղաքին զանազան շրջաններուն մէջ գոնէ ութսունէ աւելի կիներ իրենցմէ շատ առաջ
եկեր եւ աշխատանքի տեղաւորուեր էին: Անոնց մէջ Լարիսան ամէնէն աչքաբացը ելած էր:
Ան սորված էր տեղւոյն ձեւերը եւ նոր հասնող կիներուն օգնելով՝ ինք ալ լաւ դրամ կը
շահէր:
Հիմա
ալ այդ նոյն Լարիսան էր, որ մարդ ղրկած էր զիրենք օդակայանէն իր տունը տանելու:
Պուխարայէն եկած ռուսախօս շարժավար մըն էր զիրենք տուն տանողը: Գիշերուայ մթութեան
մէջ ինքնաշարժին պատուհանէն քաղաքին արագ-արագ թռչող լոյսերէն զատ բան չէին կրնար
տեսնել:
Տուն
հասնելուն՝ տաքուկ թէյը, հայկական սուրճը եւ խաչաբուռին իրենց կը սպասէր: Օդանաւի
օտար համերով ու հոտերով ուտելիքներէն վերջ այս տան պատերէն ներս քիչ մը Երեւան կը
բուրէր:
–
Էստեղ Նիւ Եորք քաղաքի, էս ինչ շրջանի, էս թաղամասն է: Փողոց որ ելլէք, իսկի
բոլորն էլ ռուսերէն են խօսում, դուք ձեզ տանը կը զգաք: Բան-ման, ուտելիք գնելու որ
լինէք, ոչ մի դժուարութիւն չէք ունենայ: Այդ բոլոր յիշուած անունները այնքան
անծանօթ էին, որ Աննան բնաւ չկրցաւ անմիջապէս վերյիշէլ:
–
Ոչինչ. շուտով
էս շշմածութիւնը կը մոռանաք, ամէն ինչ շուտ-շուտ կը սովորէք,– հանգստացուց
Լարիսան:
–
Էսա վաղը որ
եկեղեցի գնանք, պտի տեսնէք: Միայն էս կողմերում ձեզ նման մի
ութսուն կին կը լինի, –
ըսաւ Լարիսան որ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով մէկ տարուայ վիզայով եկած էր եւ միշտ
երկա[1]րացնելու գաղտնիքին
տիրացած: Առաջին գալուն ութսունը անց հիւանդ պապիկի մը հոգ տանելէ ետք հիմա գործին
գաղտնիքները սորված էր: Իր եւ այլ հայ կիներու բարոյականին մասին փսփսուքները
մինչեւ Երեւան հասած էին: Հայկական թերթերը առանց քաշուելու կը գրէին կարգ մը հայ
կիներուն «շարքից դուրս» ելլելուն մասին:
Աննան
ուսերը թօթուեց: «Իմ ինչ գործն ա»,– մտածեց ան: «Աստուած նրա՛նց հետ: Մարդ իր
պատիւն ու արժանապատուութիւնը ոչ թէ ուրիշի համար է կրում, այլ ինքնիրան համար»:
Լարիսան,
ինչ խօսք, շատ ճարպիկ կին կ’երեւէր: Փոխանակ ուրիշի համար
աշխատելու՝ հիմա ինք եղած
էր գրեթէ գործատէր-տանտէր: Երկու յարկանի տուն
վարձած էր վեց-եօթ սենեակներով: Ամէն մէկ սենեակին մէջ գոնէ չորս-հինգ անկողին
դրած էր եւ գիշերը տասը տոլարի վարձու կու տար նոր հասնողներուն: Յաւելեալ՝ եթէ
զանոնք գործի տեղաւորէր, իր հալալ շահաբաժինը կը ստանար: Ասիկա բաղդատած տեղւոյն
պանդոկներու գիներուն շատ աժան գին մըն էր անշուշտ ուրիշ կարեւոր առաւելութեան մը
հետ: Երեւանեան ջերմ դրացնութիւնը յիշեցնող տաքուկ անկիւն մըն էր Լարիսային «ապարանքը»
ոչ միայ հայ կիներուն համար, այլ նաեւ ռուս, վրացի կամ ուքրաինացի նոր ժամանող,
աշխատանք փնտռող կիներուն համար: Գոնէ շաբթուայ վերջաւորութեան «դարդերը»
պատմելու, սրտին խորը ծրարուած տան կարօտը նմաններուն հետ կիսելու մարդ կ’ըլլար
հոն: Սակայն օրական այդ տասը տոլարը մեծ արժէք կը ներկայացնէր օդանաւէն նոր իջած
հայ կիներուն համար:
–
Գիշերը տա՞սը
տոլար,– սարսափով եւ միաբերան հարց տուին երեք կիները:
–
Մի՛ վախենայ, էտի հէչ բան ա... շուտով շաբաթական երեք հարիւր տոլար
կարաս
բերես եւ էն էլ՝ «քաէշ»:
Յետոյ
ո՞վ ասաց թէ շաբաթը եօթը օր հոս ես մնալու:
–
Եա՜,– Անիին աչքերը բացուեցան շաբաթական երեք հարիւրը լսելով: Բա՜, մէկ որ
այդ գումարը կարենար ղրկել
տո՜ւն: Վա՜յ թէ ինչեր պէտք էր: Ինչե՜ր ասես որ չէին կրնար առնել տնեցիները:
Ալքոհոլիք ամուսինը ձգեր գացեր էր: Ծեր մօրը հետ տասնըվեց տարեկան աղջիկը
տիրութիւն պիտի ընէր իր երեք զաւակներուն եւ երկրաշարժէն ամբողջ ընտանիքը
կորսնցուցած եղբօր երկու որբերուն:
Մէկ խօսքով՝ Ամերիկայի իր
աշխատավարձով Երեւան բնակող եօթը բերան պիտի կերակրուէր: Այս մտածումէն ետք Աննան առաջին անգամ ըլլալով
ինքզինք լաւ զգաց: Ամուսինը որ ըլլար, պիտի գոռար իր վրայ:
-
«Աղջի՛, էդ
ո՞ւր ես գնում, գլուխդ կը ջարդեմ է՜, էդ քանի գլխանի ես, որ մենակդ
Նիւ Եորք ես գնում, ո՞ւմ
տանն ես քնելու»: Լաւ էր, որ այդ ամուսինը գոյութիւն չունէր իրեն համար: Այդ
բոլորը ըսել կարենալէն առաջ ի՛նք չուեր գացեր էր՝ անվերադարձ: --
-
«Թո՛ղ տղամարդ,
լինէր, տիրութիւն անէր»,– ինքնիրեն համոզեց եւ խորունկ
շունչ քաշեց Աննան: «Չեն էլ
ամաչում, մէկ է՛ս, մէկ է՛ն կնկայ վրայ շառ են գցում, բոլոր հայ կանանց պատիւը մի
ջրով լուանամ: Ախր ո՞ւր են մեր հայ տղամարդիկ: Կար ժամանակ, որ հայ տղամարդը թասիպ
(պատիւ) ունէր, կնոջը չէր թողնում, որ աշխատէր, թէ՝ «էլ ի՜նչ տղամարդ, որ մի կին չկարենայ պահի»,– ասում
էին.
Հայ կնոջ
արժանապատութեան հետ խաղացող էդ լրագրողները. մի հատ այստեղ գային եւ մէկ էլ էս
կեանքը տեսնէին...»:
–
«Աղջի, երեք
հարիւրն ի՜նչ ա որ: Դու կարաս չորս հարիւր էլ բերես»: Աննային իր
մտածումներէն սթափեցուց վեց
ամիսէ արդէն ինքզինք փորձառու-բնագէտ համարող թիֆլիսեցի Վալիան իր երգեցիկ
ձայնովը:
–
«Մի քիչ որ
մնաս եւ օտար, մանաւա՜նդ՝ մի եէվրէյ (հրեայ) կամ ամերիկացի
հարուստ տուն որ կարաս
ճարես, է՛լ վերջ, չորս-հինգ հարիւրը մաքուր, էսենց կը գայ»:
Աննան մատներուն նայեցաւ: Քանի՜ քանի դասախօս,
հանդիսատես հիացեր էին իր մատներէն ծորող դաշնակին ելեւէջող հնչիւններուն: Կոմիտասի
անուան Երաժշտանոցի պատերը ներծծուած էին եւ իր նման մասնագէտներուն մատներէն
արձագանգող երաժշտութեամբ: Իսկ հիմա՞: Այդ նոյն մատները այդ հարուստ տուներուն
բաղնիքներուն մարմարներուն վրայ քիմիական նիւթերով ներծծուած սպունգներուն հետ
պիտի ելեւէջէին, արդուկ պիտի ընէին, ճաշ պիտի եփէին, անկարող ծերեր պիտի խնամէին:
-«Էս էլ մի նոր տեսակի ղարիպութիւն»,– մտածեց Աննան: Ղարիպի երգերուն ծանօթ էր ան, ինչպէս
նաեւ արտասահմանեան գրականութեան: «Տեսնես պոլսահայ գրող Երուխանը, որ ողջ լինէր,
ո՞նց էր նկարագրելու էս բոլորը: Էն ժամանակ գաւառներէն Պոլիս գացող տղամարդիկ
խաներում, չոր գետնի վրայ անկողին էին սարքում: Իսկ հիմի մե՞նք... քանի՜ բարձ,
քանի՜ անկողին ենք փոխելու, որ մի քիչ փող կարողանանք ուղարկել մեր երեխէքին...»:
– Դէ լաւ, աղջկե՛րք, ուշ է
արդէն: Առաւօտ կանուխ գնում ենք եկեղեցի: Սապուէյը մի ժամից աւելի ա բռնում: Շուտ
որ հասնենք, մի գուցէ ման գալու, քաղաքին ծանօթանալու առիթ էլ կ’ունենաք,– ըսաւ
Լարիսան ու բարի գիշեր մաղթելով՝ գնաց:
Աննան
իր քնանալիք անկիւնին նայեցաւ: Ո՜ւր էր եւ ո՞ւր հասած էր: «Ի՞նչ օր է էսօր»,– հարց
տուաւ ինքնիրեն, եւ ինք ալ պատասխանեց.
–
«Վա՜յ Մարտի Ութն է
էս շաբաթ: Երնէկ չէի՞ն էն
օրերը»,– մտքով ափսոսաց
Աննան եւ մտաւ իր անկողինը:
Իսկապէս, ո՞ւր էին այն օրերը, երբ ծաղիկներով կ’ողողուէին քաղաքի փողոցները:
Կանանց Միջազգային Օրուայ առթիւ առանց տարիքի խտրութեան բոլոր կիները ծաղիկ կը
ստանային իրենց եղբօրմէն, նշանածէն, ամուսինէն, զաւակէն եւ կամ աշակերտներէն: Չէ՞
որ բոլոր կիներուն տօնն էր, միմիայն մայրերու
տօն չէր: Աննային ամէնէն շատ սիրած տօնն էր Մարտի Ութը: Գարունը պաշտօնապէս չեկած՝ ամէն կողմ Հայաստան
աշխարհը ծաղիկներով կը լեցուէր կարծես: Անկարելի էր տեսնել տղամարդ մը, որ առանց
ծաղիկի տուն երթար:
Ամուսինի կողմէն բախտաւոր
չէր եղած Աննան: Բայց զաւակներն ու աշակերտները միշտ յիշած էին զինք:
Ո՞ւր
են հիմա այդ հայ տղամարդիկը:
Յաջորդ
առաւօտուն մօտաւորապէս տասը կին երկու բաղնիքով այդ յարկաբաժինին մէջ կրցած էին
հասցնել իրենց առաւօտեան լոգանքն ու շպարը:
-«Հայ կինը
միշտ էլ կարող է ե՛ւ հնարամիտ լինել, ե՛ւ գործնական»,– դարձեալ մտքով հաստատեց Աննան: Իրենց իջեւանած
փողոցին երկայնքին ինչ խանութ ըսես որ չկար: Ռուսերէն լեզուով գրուած ցուցափեղկեր,
մայթերուն վրայ շարուած սեղաններուն վրայ ռուսական գիրքեր, զանազան առարկաներ,
նոյնիսկ արեան ճնշումի, փորհարութեան եւ մարմնի ցաւի համար ծանօթ դեղեր: Ռուսերէն
լեզուի տարբեր երանգներով եւ հնչիւններով բարձրաձայն խօսակցութիւնները ռուսական
մեծ քաղաքները յիշեցուցին իրենց: Իսկ խանութներէն առատօրէն դուրս թափուող
ապրանքները, կանաչեղէնի եւ պտուղներու առատութիւնը կը փաստէին արդէն, թէ Երեւանէն
շատ հեռու տեղ մը հասած էր: Փողոցներուն անկիւններու նշաններուն ուշադիր նայելով՝
գրպանի փոքրիկ տետրակին մէջ ընդօրինակեց անունները, որ վերադարձին չմոռնայ:
Լարիսան
նոր հասած երեք կիներուն «Սապուէի նայլոնէ քարտ»եր տուաւ: Յետոյ բացատրեց, թէ
ինչպէս պիտի գործածեն, ո՞ր ուղղութեամբ աստիճաններէն վար պիտի իջնեն եւ ի՞նչ տառով
շոգեկառքի սպասեն: Աննան այսքան մորթի գոյնի եւ դիմագիծերու այլազանութիւն կեանքին
մէջ չէր տեսած: Շոգեկառքի սուլոցները, անգլերէն յայտարարութիւններն ու մարդոց
ժխորը գլխուն մէջ նոթաներու գլխապտոյտ առաջացուցին: Անգլերէն քիչ թէ շատ կը կարծէր
որ գիտէր: Մի քանի լեզուներու ծանօթ էր: Յետոյ Երեւանի մէջ իր շրջապատի հայերէն
խօսողներն անգամ արդէն այնքան ռուսական հնչումով անգլերէնի նմանող բառեր կը
գործածէին, որ բաւական ինքնավստահ էր, որ դժուարութիւն պիտի չունենար հասկնալու:
Բայց՝ այս ամերիկեան անգլերէնին առանց շրթունքները
շարժելու, միայն բերնին մէջ կլոր-կլոր ոլորուող բառերը զինք բոլորովին կը
շուարցնէին:
–
Աղջկե՜րք, էսօր
հոգեհանգիստ կայ: Կարինէի մարդն ա մահացել: Ինֆարկտն ա
խփել թէ ինչ, չգիտեմ: Յիսունչորս
տարեկան կար-չկար: Էն էնտեղ պիտի թաղուի, ինք էստեղ ամուսնուն համար մատաղ պիտի
անի: Դէ՛, ինչ անենք, պէտք է իմանանք՝ թէ՛ մահ ըլի, թէ՛ հարսանիք՝ ձեր վիզայի
ժամանակից առաջ հետ չէք կարայ թողնել գնալ: Ձեր լացն էլ այստեղ պտի լինի, քէֆն
էլ»:
Աննային
քով նստող կիրովականցի Մարգօն շոգեկառքին մէջ ինքզինք չկրցաւ զսպել եւ լալու
սկսաւ: Իր ցաւը նորոգուած էր: Ան ալ հինգ ամիս առաջ մէկ հատիկ եղբայրը կորսնցուցած
էր: Թաղման չէր կրցած երթալ: Հոս եկեղեցին մոմ վառած էր եւ խումբ մը իրեն մօտիկ
կիներուն հետ Կիրակի եկեղեցիէն ետք հոգեճաշի գացած էին: փոխադարձաբար այդ կիները
իրար մէջ հինգ հարիւր տոլար հաւաքելով տուեր էին իրեն, որպէսզի այդ գումարը թաղման
ծախսերուն օգնելու համար եղբօրը այրիին եւ զաւակներուն ղրկուի:
Ծանր
մթնոլորտ էր:
Նիւ
Եորքեան շոգեկառքի – Սապուէյի մէջ ճամբորդող հայ կիներու խումբին հետ քաղաք
կ’իջնէին նաեւ իրենց նման բանուոր մի քանի ռուս, ուքրանիացի ընկերուհիներ: Աննան
նկատեց, որ իր միւս երկու նորընծայ ընկերուհիներն ալ իրեն պէս ֆիզիքապէս միայն հոն
էին, իսկ մտքերով՝ մղոններով հեռո՜ւ հեռուներն էին:
–
Աղջկե՛րք, թազա
լուրեր ունեմ, մէկ ռուսական թերթից մի բան կարդացի,–
շոգեկառքին մէջ տիրող
սգաւոր տրամադրութիւնը փոխելու փորձով ըսաւ կատակասէր ռուս Մարինան:
–
«Ձեր առաջին
տիկինը՝ Պելլան, (այդ օրուան նախագահ Քոչարեանին
Տիկինը)
Մարտի ութի առթիւ Բիզէի
«Գարմէն» օփերայի նախերգանքով ընդունել է Հայաստանի նշանաւոր կանանց եւ ասել է, թէ
կինը մէկ քայլ ամուսնուց հետ պէտք է կանգնած լինի, որ կարենայ ոգեշնչի ու միշտ
առաջ տանի ամուսնուն:
Հիմի
ասացէք խնդրեմ, թէ դուք ձեր ամուսիններից քանի՜ քայլ էք ետ մնացել եւ ո՞նց էք
ստանալու Մարտի ութի ձեր ծաղկեփունջերը:
–
Վա՜յ, Մարինա
ջան, անտէր մնաս դու,– մէջ մտաւ Վալիան,– էդ ի՞նչ մէկ քայլ
երկու քայլի մասին ես
խօսում: Էդ անտէր տղամարդիկ էնպէս հրել, մեզ առաջ քշել, ցիր ու ցան են արել, որ
հիմի նրանք են մնացել անտեսանելի հեռուներում: Էլ որտեղի՞ց մեզ ծաղիկ հասցնեն:
Սպասուած ծիծաղին տեղ դառն ժպիտներ կային դէմքերուն վրայ եւ քար լռութիւն մը՝
շոգեկառքին այդ բաժնին մէջ: Ի՞նչ օփերա, ի՞նչ Գարմէն, ի՜նչ ամուսին եւ ի՜նչ ծաղիկ:
Բարձրախօսէն
կրկին լսուեցաւ շոգեկառքի կայանին անունը: Ա՛յն կայանին, որ զիրենք պիտի հասցնէր
հայկական եկեղեցի: Հայ կիներուն խումբը ոտքի ելաւ: Աննան իր մտքերէն սթափելով վազեց,
արագ բացուող-գոցուող շոգեկառքին դռնէն դուրս նետեց ինքզինք՝ միանալու համար Մարտի
Ութը առանց ծաղկեփունջերու դիմաւորող ընկերուհիներուն:
Հայաստանցի
հայ կնոջ բանուորական հեւքոտ առօրեան սկսած էր: Աննան կրցած էր զինք չարչարող
բոլոր մտքերը ներքին խաղաղութեան թանձր պատեանին տակ առնել, որովհետեւ վստա՛հ էր,
որ այդ վազքով եւ իր հալա՛լ ճակտին քրտինքովը եօթը բերան պիտի կերակրուէր Երեւանի
մէջ:
* * *
Երբ
եկեղեցի հասան, մուտքի դռնէն կը լսուէին արդէն Տէր Ողորմիային փշաքաղող խազերը: Հայու ճակատագրին հետ դարաւոր
ճամբորդ այս շարականը նոյն պատգամը կը շարունակէր կրկնել՝ «Տուր աշխարհիս խաղաղութի՜ւն, Ազգիս հայոց սէ՛ր,
միութի՜ւն...:»
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան-,
11 Մարտ, 2002, Նիւ Եորք
«Նոր օր», 30 Մարտ, 2002, Շաբաթ
No comments:
Post a Comment