Search This Blog

Search This Blog

Friday, August 9, 2024

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

 

ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

ԿԱՐՕՏԻ  ՇՇՈՒՆՋ

Օգոստոս 5-էն 12, 2016

 Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես  

Ութը տարի առաջ, եօթը օր շարունակ

Յուսացինք որ մեզի պիտի վերադառնաս

Ճիշդ այն օրուան պէս երբ

Հալէպէն Երուսաղէմ պիտի երթայիր

Քեզ ճանապարհեցինք

Զսպուած արցունքով

Կարօտի ցաւը զսպելով

Մէկ ժամ չանցած դուռը զարկիր

Դո՛ւն էիր դրան առաջ

Այդ պահուն վերստին հանդիպումի մը

Անկրկնելի անակնկալն էր որ մեզի տուիր

Այո՛, վերադարձ մը չէր․․․․

Ցաւօք ․․․

Մոռցուած իր մը առնելու եկած էիր

Հիմա մե՛նք դարձած ենք մոռցուած իրեր,

Ե՛տ դարձ, եկո՜ւր վերստին մեր դուռը զարկ

Ա՜խ որքան կը յուսամ որ գաս վերստին․․

*   *   *   *   *

Կը կարծուի թէ քովս չես,

Այո՛, կը կարծուի, ինչպէ՞ս թէ

Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Մեր տան հեռաձայնին

Լսափողին միւս ծայրէն

Հոգատար ու փայլատակող շեշտովդ

«Պատմէ՛,  Տեսնեմ» - ը․․․

*   *   *   *   *

Այս բառերով կը բացուէր

Կծիկը մեր գիշերային զրոյցին

Այնքան յաճախ որ մինչեւ այսօր

Ութը անգամ 365 օր ետք իսկ

Օրեր ժամեր ցերեկ եւ գիշեր

Ամէն գիշեր ուշ ժամերուն

Ձեռքս կ՛երկարեմ հեռախօսի ընկալուչին

Վստահ ըլլալով որ դուն հո՛ն ես

Պիտի՛ որ պատասխանես,

Եղբայր իմ երէց․․․

Լսելու համար ձայնդ ․․․

Որ կ՛ըսէ՝

Պատմէ՛ տեսնեմ

Ի՞նչ գրեցիր

Խօսիլ տալու զիս․․․

Ի՜նչ գրեցի ու

ի՜նչ կրնամ գրել եղբայր իմ

Չէի գիտեր որ

Երազային էին այդ պահերը բոլոր

Իրաւ երազ պիտի դառնային

Չէի՜ գիտեր,

Որ օր մը անպայման լռութիւն

Պիտի տիրէր ընկալուչին միւս կողմը

Առանց արձագանգի  

Բայց հոգ չէ

Դուն մտիկ ըրէ զիս հիմա

Ինչեր ունիմ պատմելիք

Յաւերժի ճամբորդ դարձած եղբայր իմ սիրելի

Մանկութեան միակ ու թանկագին ընկերս,

Կեաքիս խորհրդատո՜ւն,

Կը յիշե՞ս Ազէզի մեր ուշ գիշերները

Երբ հեռատեսիլ չկար

 Ու մենք յոգնած կարդալէ

Կը դիմէինք թղթախաղի

«Բինէկ» խաղալու

Մեր մեծ բակին մէկ կողմը

Գաղտագողի առանց ձայն ծպտուն հանելու

Մամային ու պապային առանց արթնցնելու

Ի՜նչ կարեւոր էր թէ ով կը յաղթէր

Միշտ յիշեցնելիք ու սորվեցնելիք բաներ ունէիր

Պարզ թղթախաղի թուղթերու փոխարէն

Գրողներու եւ իրենց գործերու չորս անուններով

Թղթախաղի տրցակ պատրաստեր էիր

Ուր մեր ձեռքերուն մէջ կը տողանցէին

Վազգէն Շուշանեանէն Վահան Թոթովենցը,

Ակսել Բակունցէն՝ Աւետիս Ահարոնեանը,

Շահան Շահնուրէն Պարոյր Սեւակը

Շարան շարան մեր գրողներու պանթէոնէն

Արեւմտահայ թէ արեւելահայ փաղանգը

Մեզ ոգեշնչող սիրելիներուն

Իրենց գիրքերուն անուններովը

Որ յաջորդ օր յիշողութիւնս քննելու

Թէ ո՞ր հեղինակէն

Քանի՞ գիրքի անուն կրնամ յիշել

Եղբայր իմ երէց․․․

Պաշտպանողս,

Գրադարանս,

Գրական ճաշակ ներարկողս,

Բանաստեղծութիւն սիրցնողս

Բառերու նրբերանքին աւիշը քիմքիս ներարկողը

Միշտ քովս ես՝ ներկա՛յ

Հաւատքի սիւնս ես

Դուն քովս ես ընդմիշտ,

* * * *

Միայն թէ

Կը ներես, որ քեզմէ գաղտնի պահած եմ

Հայրենիքէն հոսող ցաւն ու մորմոքը

44 օրեայ պատերազմին մեր նահատակներուն թիւը

Արցախեան պաշարումը

Հալէպի երկրաշարժի ցնցումը․․․

Ու տակաւին․․․

Մեր արցախեան կորուստներէն

Որ մէկը յիշեմ  ․․․

Ալ արցունքս չորցաւ

Չեմ ուզեր խոստովանիլ

Ներէ՛՛ ինծի եղբայր իմ,

Դարձեալ տեսնուելու յոյսով․․․

Աղօթէ որ լաւ լուրեր ամբարած

Կարենամ հասնիլ

Յաջորդ մեր տեսութեան:




 



                     ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՆԳՉԻՍ․․․․

ՄԻՆՉ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԻՐԵԼԻ ԵՐԷՑ ԵՂԲԱՅՐՍ-

No comments:

Post a Comment

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

  ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ ԿԱՐՕՏԻ   ՇՇՈՒՆՋ Օգոստոս 5-էն 12, 2016   Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես   Ութը տարի ա...