Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label August. Show all posts
Showing posts with label August. Show all posts

Friday, August 9, 2024

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

 

ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

ԿԱՐՕՏԻ  ՇՇՈՒՆՋ

Օգոստոս 5-էն 12, 2016

 Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես  

Ութը տարի առաջ, եօթը օր շարունակ

Յուսացինք որ մեզի պիտի վերադառնաս

Ճիշդ այն օրուան պէս երբ

Հալէպէն Երուսաղէմ պիտի երթայիր

Քեզ ճանապարհեցինք

Զսպուած արցունքով

Կարօտի ցաւը զսպելով

Մէկ ժամ չանցած դուռը զարկիր

Դո՛ւն էիր դրան առաջ

Այդ պահուն վերստին հանդիպումի մը

Անկրկնելի անակնկալն էր որ մեզի տուիր

Այո՛, վերադարձ մը չէր․․․․

Ցաւօք ․․․

Մոռցուած իր մը առնելու եկած էիր

Հիմա մե՛նք դարձած ենք մոռցուած իրեր,

Ե՛տ դարձ, եկո՜ւր վերստին մեր դուռը զարկ

Ա՜խ որքան կը յուսամ որ գաս վերստին․․

*   *   *   *   *

Կը կարծուի թէ քովս չես,

Այո՛, կը կարծուի, ինչպէ՞ս թէ

Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Մեր տան հեռաձայնին

Լսափողին միւս ծայրէն

Հոգատար ու փայլատակող շեշտովդ

«Պատմէ՛,  Տեսնեմ» - ը․․․

*   *   *   *   *

Այս բառերով կը բացուէր

Կծիկը մեր գիշերային զրոյցին

Այնքան յաճախ որ մինչեւ այսօր

Ութը անգամ 365 օր ետք իսկ

Օրեր ժամեր ցերեկ եւ գիշեր

Ամէն գիշեր ուշ ժամերուն

Ձեռքս կ՛երկարեմ հեռախօսի ընկալուչին

Վստահ ըլլալով որ դուն հո՛ն ես

Պիտի՛ որ պատասխանես,

Եղբայր իմ երէց․․․

Լսելու համար ձայնդ ․․․

Որ կ՛ըսէ՝

Պատմէ՛ տեսնեմ

Ի՞նչ գրեցիր

Խօսիլ տալու զիս․․․

Ի՜նչ գրեցի ու

ի՜նչ կրնամ գրել եղբայր իմ

Չէի գիտեր որ

Երազային էին այդ պահերը բոլոր

Իրաւ երազ պիտի դառնային

Չէի՜ գիտեր,

Որ օր մը անպայման լռութիւն

Պիտի տիրէր ընկալուչին միւս կողմը

Առանց արձագանգի  

Բայց հոգ չէ

Դուն մտիկ ըրէ զիս հիմա

Ինչեր ունիմ պատմելիք

Յաւերժի ճամբորդ դարձած եղբայր իմ սիրելի

Մանկութեան միակ ու թանկագին ընկերս,

Կեաքիս խորհրդատո՜ւն,

Կը յիշե՞ս Ազէզի մեր ուշ գիշերները

Երբ հեռատեսիլ չկար

 Ու մենք յոգնած կարդալէ

Կը դիմէինք թղթախաղի

«Բինէկ» խաղալու

Մեր մեծ բակին մէկ կողմը

Գաղտագողի առանց ձայն ծպտուն հանելու

Մամային ու պապային առանց արթնցնելու

Ի՜նչ կարեւոր էր թէ ով կը յաղթէր

Միշտ յիշեցնելիք ու սորվեցնելիք բաներ ունէիր

Պարզ թղթախաղի թուղթերու փոխարէն

Գրողներու եւ իրենց գործերու չորս անուններով

Թղթախաղի տրցակ պատրաստեր էիր

Ուր մեր ձեռքերուն մէջ կը տողանցէին

Վազգէն Շուշանեանէն Վահան Թոթովենցը,

Ակսել Բակունցէն՝ Աւետիս Ահարոնեանը,

Շահան Շահնուրէն Պարոյր Սեւակը

Շարան շարան մեր գրողներու պանթէոնէն

Արեւմտահայ թէ արեւելահայ փաղանգը

Մեզ ոգեշնչող սիրելիներուն

Իրենց գիրքերուն անուններովը

Որ յաջորդ օր յիշողութիւնս քննելու

Թէ ո՞ր հեղինակէն

Քանի՞ գիրքի անուն կրնամ յիշել

Եղբայր իմ երէց․․․

Պաշտպանողս,

Գրադարանս,

Գրական ճաշակ ներարկողս,

Բանաստեղծութիւն սիրցնողս

Բառերու նրբերանքին աւիշը քիմքիս ներարկողը

Միշտ քովս ես՝ ներկա՛յ

Հաւատքի սիւնս ես

Դուն քովս ես ընդմիշտ,

* * * *

Միայն թէ

Կը ներես, որ քեզմէ գաղտնի պահած եմ

Հայրենիքէն հոսող ցաւն ու մորմոքը

44 օրեայ պատերազմին մեր նահատակներուն թիւը

Արցախեան պաշարումը

Հալէպի երկրաշարժի ցնցումը․․․

Ու տակաւին․․․

Մեր արցախեան կորուստներէն

Որ մէկը յիշեմ  ․․․

Ալ արցունքս չորցաւ

Չեմ ուզեր խոստովանիլ

Ներէ՛՛ ինծի եղբայր իմ,

Դարձեալ տեսնուելու յոյսով․․․

Աղօթէ որ լաւ լուրեր ամբարած

Կարենամ հասնիլ

Յաջորդ մեր տեսութեան:




 



                     ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՆԳՉԻՍ․․․․

ՄԻՆՉ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԻՐԵԼԻ ԵՐԷՑ ԵՂԲԱՅՐՍ-

Wednesday, July 17, 2024

2017 August,Thank you Letter to Gabriel Chenberjyan, from, Zarmine Boghosian

 

 

 

 2017 August

"A teacher affects eternity; he can never tell where his influence stops."

 «Ուսուցիչին ազդեցութիւնը յաւերժ է, ան երբեք չի կրնար գիտնալ, թէ ուր  եւ երբ կը դադրի իր ազդեցութիւնը»:

 

Սիրելի Գաբրիէլ,  ահաւասիկ այս գրութիւնը լոյս պիտի տեսնէ մեր վարժարանի պարբերաթերթին մէջ։

*  *   *

          Ուսուցչական ասպարէզի նուիրուելուս հինգ տասնամեակներու յիշեցումը եկաւ իրաւամբ շեշտելու այս խօսքին իմաստը: Իսկապէս երբ դասարանի չորս պատերուն մէջ քեզի վստահուած աշակերտներուն անմեղ աչքերուն պատուհանէն, մանուկ հոգիներէն ներս կը փորձես թափանցել . . .օրին անկարելի է գուշակել թափած ճիգերուդ արդիւնքը: Իրաւամբ ինչ որ անգլերէն առածը կ՛ըսէ ուսուցիչ մը բնաւ «երբեք չի կրնար գիտնալ, թէ ուր  եւ երբ կը սահմանափակուի իր ազդեցութիւնը»:

            Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի ուսուցչութեան օրերէս, առաջին տարուայ աշակերտներէս մին՝ Տիար Գաբրիէլ Չէնպէրճեանը մէկ ամիս առաջ, յիշելով զիս եւ իմ Նիւ Եորքի մէջ ծառայած վարժարանիս Յիսուն  տարիներու վաստակը, մեծահոգաբար հինգ հազար տոլար նուիրեց Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին:

Կեանքիս ամէնէն մեծ բարենիշն է որ կը ստանամ՝ ի՛մ իսկ աշակերտէս, որուն համար անսահման երջանիկ եմ եւ լիովին վարձատրուած կը զգամ:

Սիրելի աշակերտս Գաբրիէլ, երախտագիտութեանս խորութունը անկարելի է սահմանափակել այս մի քանի տողերով: Հպարտ եմ ոչ միայն երբեմնի ուսուցչուհիդ յիշելուդ համար, այլ՝ ՀԱՅ դպրոցն ու մանկավարժը այսքան տարիներ ետք քաջալերելուդ համար:

Քու բարեսիրութիւնդ ինքնին լաւագոյն ապցոյցն է Հայ դպրոցէն ներս հոգիիդ մէջ դրոշմուած հոգատարութեան ոգիին- ազգիդ եւ հայ  դպրոցին հանդէպ:  

Որքա՜՜ն հպարտ եմ քեզմով: Կը մաղթեմ որ օրինակդ  ըլլայ վարակիչ նաեւ այլ շրջանաւարտներու: 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Զարմինէ  Գալայճեան-Պօղոսեան

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...