Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 2017. Show all posts
Showing posts with label 2017. Show all posts

Friday, September 12, 2025

2017- September- ՈՂՋՈՅՆ ՔՍԱՆՎԵՑԱՄԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ-Zarmine Bogoisian

 

The Armenian Church of the Holy Martyrs- 2017 Narrec  page 8

ՈՂՋՈՅՆ ՔՍԱՆՎԵՑԱՄԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Այս տարի Հինգշաբթի՝ Սեպտեմբեր 21- ին կը նշենք ԱՆԿԱԽ Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը: Անկախութիւն մը՝ որ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կարօտը իրենց սրտերուն հեռացան այս աշխարհէն առանց տեսնելու իրենց երազին իրականանալը: Դարերու ընթացքին մեծ պետութիւններու տիրակալութեան դիմանալով, խուժաններու յարձակումներուն դէմ պայքարելով, անհամար զոհեր տալով Հայը իր ինքնութիւնը կրցած է պահպանել՝ կառչած մնալով իր հոգեւոր կեդրոններուն եւ Մեսրոպեանին:

            Մայիս 28-ի Սարտարապատեան ոգին անգամ մը եւս իր դերը կատարեց երբ Սովետական իշխանութեան փլուզումէն օգտուելով Հայաստանն ալ իր եօթանասունամեայ լուծէն ձերբազատուեցաւ Օգոստոս 23, 1990-ին:

1991 Սեպտեմբեր 21-ին Հայ ժողովուրդը միաբերան քուէարկելով Անկախութիւն հռչակեց: Այդ օրէն սկսեալ Եռագոյնը սկսաւ ծածանիլ մեր պաշտօնական շէնքերու գագաթներէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայերուն հոգիներէն ներս:

Յուլիս 5, 1995-ին հռչակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւնը: Պատմական թուականներ են ասոնք որ իւրաքանչիւրս լրջօրէն մտածենք, արձանագրենք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն, թէ ի՜՜նչ գինով ձեռք բերուած է անկախութիւնը:

Հայրենի հողը սուրբ է եւ շաղախուած է մեր նախահայրերու արիւնով, եւ կը շարունակուի պաշտպանուիլ նորանոր երիտասարդ զոհերու կարմիր արիւնով: Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ պատմական եղելութիւն մը որ պատահած էր Սարտարապատի 1918-ի հերաոսամարտի օրերուն: Այդ օրերուն Էջմիածնի Ճեմարանի տեսուչ (ապա Կիլիկեան Աթոռի Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) Շնորհազարդ Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց Էջմիածնէն ուղղակի կ’երթայ Սարտարապատ եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին կը դիմէ սա խօսքերով-«Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը: Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ- հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ- նրա հրամանտարները գալիս էին Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ՝ նրա աջը համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մեծ է եւ ահաւոր, որ ես ահա սուրբ Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքը համբուրելու, որ փրկէք հայրենիքը... փրկէք ձեր պատիւը, հայի՛ պատիւը .....»   

Հայրենասէր հոգեւորականներու ներշնչումով մեր ժողովուրդը միշտ ալ- Ղեւոնդ Երէցէն սկսեալ - մեծ հաւատքով պայքարած է, միշտ ալ հաւատալով, որ երբ «ելք ու ճար» կը կարծուի որ չէ մնացած, միասնակամ ջանքերով յաղթական դուրս ելած ենք եւ գոյատեւած դարեր շարունակ: Երբ քսանվեցամեայ մեր հայրենիքին անկախութիւնը կը նշենք, յիշենք բոլոր անոնց՝ որոնց թափած արիւնին, նուիրումին, անձնազոհութեան շնորհիւ է որ մեր եռագոյնը այսօր կը ծածանի ոչ միայն Հայաստանի տարածքին, այլ նաեւ Միացեալ ազգերու դրօշներուն շարքին: Իսկ հայրենի հողին գոյութիւնը ապահովելու համար յիշենք նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանին խօսքը թէ - “Երկիրը երկու հարեւանով տուն չէ, որ վատ հարեւանի պատճառով ծախես գնաս մի ուրիշ փողոց կամ քաղաք, նոր տուն առնես կպած ապրում ենք ու պիտի՛ ապրենք մինչեւ Ահեղ Դատաստան։”

Ողջոյն բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքով սկսան անկախութեան պայքարը:

Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց որոնք ջանք չեն խնայեր հայրենի հողին ծաղկման ու անկախութեան գոյատեւման:

Ազատ հայրենիքի քաղաքացի մեր քոյր եղբայրներուն միանալով կը մաղթենք որ սփիւռքի բոլոր տարածքներէն Սարտարապատի զանգակներուն հետ մեր հոգիներէն ներս ղօղանջեն լաւատեսութիւնն ու նուիրումի ոգին ապահովելու յաղթական երթը մեր ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

2017-September

Wednesday, July 30, 2025

2017_Ongoing Concern about the future of Armenian schools -Education, by Zarmine Boghosian

 

 

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ-

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ՄՂՁԱՒԱՆՉԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Գուցէ տագնապ կա՞յ իմ այս խօսքերի մէջ: Գուցէ:

Բայց դա ընդամէնը տագնապ է եւ ոչ թէ խուճապ: Եւ դա այն տագնապն է, որ ունենում է գնացքից կամ օդանաւից ուշացողը: Տագնապն է այն շախմատիստի, որ ցայտնոտի մէջ է։

 Մենք իրաւունք չունենք ուշանալ գնացքից կամ օդանաւից:

            Մենք պարտաւոր ենք շահել շախմատային մեր այն խաղը, որ սկսել ենք ո՛չ թէ մենք, այլ՝ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ»:      

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝  ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԵՐՈՒ  ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

 «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»  պատգամած է Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան որուն ծննդեան 180-ամեակն էր 28 Յնվ. 2017-ին (1837-1884)։ Պատրիարք Հայրը կեանքի երազ մը ունեցած էր, որ իր մահէն միայն երկու տարի յետոյ կ՛իրականանայ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադրութիւնը 1886-ին:

™ & ˜

Գրեթէ երկու դար առաջուայ Ներսէս Պատրիարքին այս պատգամը գաղութէ գաղութ, համայնքէ համայնք կը կարծենք որ ականջի օղն է բոլոր մեր հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատու անհատներուն: Պանդուխտ հայը ուր որ ալ վերահաստատուած է, միշտ ալ ներքին մղումով մը կրցած է հիմնել եւ պահպանել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ Հայ մանուկին ճիշդ դաստիարակութեան եւ մանաւանդ՝ հայեցիութիւնն ու մեսրոպեանը վառ պահելու մտահոգութեամբ:

Այս օրերուն մանաւանդ՝  քիչ մը աւելիով մտահոգ ենք... նկատի առնելով գոյութիւն պահպանելու մէջ յամառօրէն յարատեւող միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններուն աշակերտութեան թիւին նուազումը քիչ մը ամենուրեք:

  Իրերայաջորդ քանի մը դպրոցներու փակուիլը եւ մանաւանդ հայախօս սերունդին նուազումը տագնապի կը մատնէ դաստիարակչական եւ ժառանգութիւններու պահպանման գծով մտահոգ բոլոր հայ համայնքներուն:

«Պանդխտութիւնը մարտահրաւէրի պէս է, վերընձիւղումի ոյժ կու տայ, կեանքդ զերօյէն վերսկսելու առիթ կը ստեղծէ հարկադրաբար», գրած է վիպագիր եւ արուեստներու մեկնաբան եւ քննադատ՝ Սարգիս Վահագն: Դժբախտաբար կամ պայմաններու բերումով մէկ սերունդէն միւսը հայը որքանո՞վ հետեւողական եղած է այդ մարտահրաւէրին եւ հաւատքով փառած է այդ աշխատանքին երբ մանաւանդ՝ իր վրայէն թօթափելէն ետք «պանդուխտի» հոգեբանութիւնը եւ փորձել սկսած է «շաղուիլ», նոյնիսկ նոյնանալ կամ կապկել հաստատուած միջավայրին պարտադրած առօրեայ կեանքը:

Կրկնուած իրողութիւն է երբ կը լսենք հետեւեալը- «Վերապրող սերունդը հինգ կամ վեց զաւակով եւ սահմանափակ եկամուտով աւելի նախանձախնդիր էր... իր բոլոր զաւակներուն հայ դպրոց ղրկելու կապակցութեամբ քան թէ այսօրուայ բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող ծնողքը մէկ կամ երկու զաւակով»:  

Երբ «մարտահրաւէրի» մը ընդառաջելու եռանդով եւ հաւատքով կը սկսուի գործ մը դիւրութեամբ արտաքին երեւոյթներն ու առօրեայի դժուարութիւնները կը յաղթահարուին երազներու ճամբւն վրայ: Սակայն, երբ այդ ներքին հրայրքը կը չեզոքանայ առօրեայի մանրուքներով եւ կեանքը միւս բոլորին պէս ապրելու մարմաջով – հայութեան հետ կապ պահելու հաւատքը կը նուազի, կ՛անհետանայ, չըսելու համար մէկդի ծրարուելով կը թաղուի:

Կեդրոնանալով միմիայն Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզիի հայ դպրոցներուն վրայ կը տեսնենք թէ իւրաքանչիւր հայահոծ այս նահանգներուն մէջ գործող միմիայն երկու ամէնօրեայ վարժարան գոյութուն ունին: Մին՝ Նիւ ճըրզի նահանգի Նիւ-Միլֆըրտ շրջանին մէջ մինչեւ միջնակարգ  ութերորդ դասարան ունեցող, սեփական շէնքով (շնորհիւ ազգասէր նուիրատուի) Յովնանեան Վարժարանն է,  իսկ միւսը՝ Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ Սրբոց Նահատակաց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանափակ շէնքին մէջ ծուարած մինչեւ նախակրթարան վեցերորդ դասարանի տարածքը ունեցող Նիւ Եորք Նահանգի Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուած Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանն է-ՍՆԱՎ-ը:  (Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուիլ կը նշանակէ – ոեւէ կրօնական կամ կուսակցական հովանաւարութեան ենթակայ չըլլալ է եւ թէ վարժարանը պէտք է ընդունի ամէն ազգի եւ կրօնքի պատկանող ընտանիքի զաւակ- որ կը նշանակէ- թէեւ դպրոցը Հայ եկեղեցւոյ անունը կը կրէ սակայն Հայ եկեղեցին ոեւէ պարտաւորութիւն չունի անոր նիւթական դժուարութիւնները հոգալու):

Յովնանեան Վարժարանը վերջերս տօնեց իր Քառասնամեակը, իսկ ՍՆԱՎ այս տարի պատրաստութեան մէջ է իր Ոսկեայ Տարիքը պանծացնելու Յիսնամեակի տօնախմբութիւններով:

            Նիւ Եորքի Էջմիածնական եւ Անթիլեասական թեմերու հովանիին տակ են Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի մէջ կեանք պահպանող շարք մը միօրեայ վարժարաններ, թիւով՝  բոլորը միասին գումարած՝ հազիւ 15 – տասնըհինգ միօրեայ վարժարաններ, ինչպէս նաեւ նոր հաստատուած, մեծ մասամբ ռուսախօս պզտիկներուն համար Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանին մէջ ոչ Հայ եկեղեղեցիի մը յարմարութիւնները վարձող, եւ Կիրակի յետմիջօրէին հանդիպող միօրեան:

Նիւ Ճըրզիի Փարամըս շըրջանին մէջ ալ  գոյութիւն ունի Հայ Աւետարանական համայնքի պատկանող Միօրեայ դպրոց մը՝ լրիւ իր ուսուցչական կազմով եւ տնօրէնութեամբ: 

            Այս վարժարաններուն պատասխանատու անհատներուն հետ մեր մտերմիկ հարցախոյզէն երեւան եկաւ որ բոլոր 15-տասնըհինգ միօրեայ դպրոցներուն (Այս դպրոցները շաբաթը մէկ անգամ կը հանդիպին- մեծ մասամբ Շաբաթ օրերուն, ոմանք՝Ուրբաթ երեկոյեան ուրիշներ Կիրակի առաւօտներուն) ուսուցչական կազմին թիւը ի մի գումարած 120 ուսուցիչ կը հաշուէ իրենց համապատասխան տնօրէն-տնօրէնուհիներով եւ կամաւոր ծառայողներով: Իսկ աշակերտութեան թիւը իրար գումարած հազար (1000) աշակերտ հազիւ թէ կը հաշուըուի, ներառեալ՝ երկու տարեկաններու համար բացուած դասարանները եւ պատանիներու համար (13-16 տարեկաններու խումբը), որոնք ամիսը անգամ մը կը հանդիպին հաղորդուելու համար հայերէն լեզուով եւ մշակոյթով  (խօսելավարժութիւն, տառաճանաչում, պար, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն–աղօթք շարական.. եւլն): 

Ուսուցիչներուն գերակշիռ տոկոսը Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն այս ափերը հաստատուածներն են: Որոնց մէջ ուրախութեամբ կարելի է նշել Միացեալ Նահանգներ ծնած եւ այս կամ այն հայկական վարժարանէն շրջանաւարտ «օգնական ուսուցիչները» որոնց հայերէնի պաշարն ու գիտութիւնը բացարձակապէս չենք ուզեր թերագնահատել- բայց՝ հարց տալ որքա՞ն խոր է գէթ իրենց գիտութիւնը սահուն խօսելու եւ գրելու:

            Եղերամայրի գուժկանութեամբ ահազանգի բարձրախօսին մօտենալէն հեռու եմ: Սակայն, մտահոգութիւնս շատ խորունկ է, տխուր ու հոգի կրծող, երբ մանաւանդ աչքի առաջ կը պարզուի ներկայ պատկերը:

            Լոս Անճելոսաբնակ մանկավարժ,  հրապարակախօս եւ հեղինակ Յովսէփ Նալպանտեանին լուրջ ուսումնասիրութեամբ լոյս ընծայած ահազանգող յայտարարութեան հետեւելով լուրջ հարցական մը բոլորիս խիղճէն ներս պէտք է թափանցէ հայապահպանման լուրջ գործին մէջ իւրաքանչիւրիս դերը որոշելու:

Յովսէփ Նալպանտեան կը գրէ թէ - «Վերջին 45 տարուայ ընթացքին փակուած են 206 ամէնօրեայ դպրոց Սփիւռքի մէջ, առանց հաշուելու Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները։ Նախորդ քանի մը տարիները եւ այս տարի հայկական դպրոց կը յաճախեն միայն 3 %֊-ը, մենք մեծապէս ձախողած ենք հայապահպանման լուրջ գործին մէջ»։

Անուրանալի կարեւոր երրորդութիւն է Ծնողք-Ուսուցիչ-Դասագիրք անբաժան եւ համախոհ գործակցութիւնը հայապահպանութեամբ մտահոգ բոլոր անհատներուն համար:

Նախակրթարանի տարիքի աշակերտներու հետ աշխատանքս սկսած է 1966-էն Հալէպի մէջ: Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք առիթ ունեցած եմ տասը տարի դասաւանդելու Միօրեայ վարժարանի մը մէջ, չորսական տարի ալ պատանիներու հետ-ամիսը անգամ մը – եւ երեկոյեան ալ չափահասներու համար շաբաթական դասընթացքներով դասաւանդելու:

1987-էն ի վեր ծանօթ եմ Նիւ Եորքի-Պէյսայտ շրջանի մէջ իր գոյութիւնը պահպանող Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին: Անցնող երեք տասնամեակներուն մանաւանդ՝ վարչական գործին մէջ ըլլալով բաւական մօտէն ծանօթ եմ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ....

Մեր զաւակները դպրոց առաջնորդողները մենք՝ ծնողներս ենք – մե՛ր պարտականութիւնն է գիտակցաբար յանձն առնել զոհողութիւնները եւ սէրը սերմանել հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ մեր զաւակներուն արեան մէջ ե՛ւ ներառկել է:  

Դպրոցին շէնքը, ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, դասագիրքերու համակարգը ապահովելը համայնքին հետ մօտէն աշխատող եւ մտահոգ հոգեւոր դասուն եւ կազմակերպութիւններուն պարտաւորութիւնն է:

Քանի տասնամեակներ առաջ Լեւոն Շանթ իր ախտաճանաչումը հնչեցուցած է երբ վաստակաշատ դաստիարակն ու գրողը ըսած է-

            «Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներուն մէջ, նոր սերունդի հոգիով հայ մնալու, պայքար մղելու եւ նամանաւա՛նդ հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակը պատրաստելու համար երկու միջոց կայ՝  ԴՊՐՈՑ ԵՒ ԳԻՐՔ:  Իսկ ես պիտի աւելցնէի՝ մասնագէտ եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ:

            Դպրոցը՝ ՀԱՒԱՏՔՈՎ կը հիմնուի- Դպրոցին շէնքը  ԴՐԱՄՈՎ կը կառուցուի եւ ԴՐԱՄՈՎ կը պահպանուի: Գի՞րքը, հայ գիրքը տունէն ներս լեցնելու  պարտականութիւնը ծնողներունն է,  իսկ Դասագի՞րքը մասնագէտներու պատրաստութեամբ եւ հրատարակչական աշխատանքները հովանաւորող կազմակերպութիւններով միմիայն կարելի է իրականացնել:

            «Կէթօ»-ի հոգեբանութեան պիտակաւորումէն հեռու մնալու եւ իրենց տուներուն շքեղութեամբ հպարտանալու համար մեր երիտասարդ ընտանիքները իրենց բարեկեցիկ եկամուտով կը հաստատուին շքեղ յարմարութիւններով տարածուն բնակարաններու մէջ, հայ հոգիի տարածքէն հեռանալով: Այս անգամ կը սկսի միւս դժուարութիւնը- ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԸ: Երբ իր տան շրջանի դպրոցը բոլոր շլացուցիչ յարմարութիւններով մէկ թաղ անդին է միայն, ո՞վ պիտի յանձն առնէ երեխային Հայ Դպրոց «տանիլ-բերելը»: Վերջ ի վերջոյ երեխան պէտք ունի իր թաղակիցներուն հետ ալ ընկերութիւն ընելու.....

            Ո՞վ պիտի կարենայ այս փոխադրամիջոցի հարցը լուծել երիտասարդ ընտանիքներուն այս պատճառաբանութիւնն ալ ձեւով մը լուծելու: Կա՛ն կարգ մը դպրոցներ որ կրցած են այդ հարցը լուծել բարերար մը գտնելով եւ կամ զանազան հանգանակութեան ձեւերու դիմելով: Վերջ ի վերջոյ հանգանակութեան յանձնախումբի անդամներն ալ դժուարութեան առաջ են բարերարներու նօսրացող թիւին եւ կամ նուիրատուներու առատաձեռնութեան նախընտրութիւնը տարբեր ոււղղութիւն բռնած ըլլալուն համար: Սերունդ մը կար որ իսկապէ՛ս  խորունկ հաւատք ունէր եկեղեցիի կողքին հայերէն լեզուի ճռուողիւնով զաւակներու խումբեր տեսնելու, դպրոցներ հիմնելու: 

Յաջորդող սերունդը ընկալուած առօրեայի պահանջքներէն, ո՞րքանով նոյն հաւատքով պիտի կարենայ  շարունակել հայեցիութեան պատկանելիութիւնն ու նուիրումը հայ դպրոցին հանդէպ:     

            Շատ մտահոգիչ է նաեւ արեւելեան այս ափին գոնէ, դասագիրքերու հարցը: Նկատի առնելով իւրաքանչիւր դասարանին մէջ հաւաքուած աշակերտներու խումբին ունեցած իրարմէ շատ տարբեր հայերէն լեզուի իմացութեան կամ ծանօթութեան մակարդակին: Ուսուցիչը ո՜րքան մասնագիտացած եւ փորձառու պէտք է ըլլայ, որ կարենայ ճանչնալ իւրաքանչիւրին մակարդակը եւ ըստ այնմ ձեւաւորել, մշակել եւ պատշաճեցնել աշակերտին ամէնօրեայ սորվելիքին:

            Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր արեւելեան ափի միօրեայ վարժարաններդու համար Սիլվա Տէր Ստեփանեանին ծրագրած-պատրաստած շարքը ի զօրու է տակաւին շարք մը վարժարաններէն ներս:

Սակայն, Ամէնօրեայ վարժարանները կ՛ապաւինին տարբեր հեղինակներու պատրաստած դասագիրքերուն, (Զարեհ Մելքոնեան, Արմէն Քիւրքճեան, Անահիտ Սարգիսեան, Արմենակ Եղիայեան, Մեր Լեզուի շարքը, Կարմիր Ձուկ-Դեղին Ձուկ- Ծիածան, եւ այլ շարքեր) աւելին՝ Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մենաշնորհը չունի – ինչպէս բնական է որ բոլոր Անգլերէն դասագիրքերուն հետ ուսուցիչին համար պատրաստուած «ուսուցիչին ուղեցոյցը»  ունենալու: Անգլերէն դասագիրքերուն ընկերակիցն է, այնքան դիւրութիւններով եւ օրինակներով պատրաստուած այդ ուղեցոյցները, որ սկսնակ ոեւէ ուսուցիչ դժուարութիւն չունենար դասարան ստանձնելու:

            Կարգ մը հաստատութիւններ համակարգչային նոր ծրագիրներով կը փորձեն հայերէն լեզուն տուներէն ներս մտցնել: Քանի՞ ծնողք իր բազմազբաղ առօրեայէն հաւատարմօրէն գէթ օրը կէս ժամ ժամանակ կը տրամադրէ, կամ կրնայ տրամադրել համակարգիչի առջեւ անցնելով իր զաւկին հետ ՀԱՅԵՐԷ՛Ն  սորվելու: Կամ քանի՞ ծնողք իր զաւկին համակարգիչին վրայ ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԵՐՈՎ գրելու ծրագիրը կ՛աւելցնէ կամ աւելցուցած է:

            Վերը նշեցինք թէ երկու ամէնօրեայ վարժարանները արդէն իրենց Քառասնամեայ եւ Յիսնամեայ տարիները կը յայտարարեն հայ աշխարհին: Եկէք հարցնենք թէ մինչեւ այս անկիւնադարձը քանի՞ բարերարներ այդ վերելքին սատարած են ... եւ թէ կա՞ն արդեօք նոյն թիւով նուիրեալներ որոնք ջահը ձեռքին զանոնք դարադարձի հասցնելու չափ հաւատացեալ են ե՛ւ առատաձեռն:

            Հայ ամէնօրեայ վարժարաններուն գլխաւոր դժուարութիւնը միշտ ալ անբաւարար եկամուտի պատճառով պիւտճէն հաւասարակշռելու հարցն է ,

սահմանափակութիւնն է, որուն համար ոչ միայն շէնքին գոյութիւնը պահպանելու եւ այլ յարակից անհրաժեշտ պէտքերուն հասնելու հարցը կայ, այլ նաեւ՝ կարգ մը դժուարութիւններու շարքին - հայերէն լեզուի դասատու գտնելու հարցն է: 

            Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մի քանի դասարաններու հայ լեզուի դասատու կը նշանակուի: Հետեւաբար՝ աշակերտներու կարողութեան տեսակաւորումը եւ զանազանութիւնը կը բազմապատկուի: Ներկայ պայմաններով քիչ մը աւելիով այդ դժուարութիւնը առկայ է երբ վարժարանը պիւտճէ չունի առանձին դասարան բանալու (եթէ – անշուշտ՝ նոյնի՛սկ յաւելեալ սենեակ ունի տրամադրելու) եւ յատուկ ուսուցիչ նշանակելու սահմանափակ հայերէնով եւ կամ խառն մշակոյթի եւ ազգութեան պատկանող ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն կարողութեան համեմատ հայերէն մատուցելու:

            Դարձեալ ամփոփելու սիրոյն կրկնենք որ Ծնողքի Հաւատք, Դպրոցի Կառոյց, Ուսուցիչի պատրաստութիւն, Բարերարներու Առատաձեռնութիւն, Կամաւորներու Հոյլ ու մանաւանդ եւ ամէնէն կարեւորը՝ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ Հոգեւոր եւ Ազգային ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՒԱՏՔ Ներշնչող քարոզչութիւն, անհրաժեշտ նախապայմաններ են ծաղկող սերունդին հոգիին մէջ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը ներարկելու որպէսզի անոնք խորապէս հաւատան թէ՝ ինչպէս Վահագն Դաւթեան կը պատգամէ-

Տեսիլքից են ծնուել տառերը մեր,
Հողմերով են սնուել տառերը մեր,
Ջրդեղուել են, դարձել երկաթագիր,
Քարերին են գրուել տառերը մեր...
Երբ փորձել են ջնջել ու եղծանել,
Կայծակին են տուել տառերը մեր...

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

New York, Մարտ 25, 2017

Wednesday, July 17, 2024

2017 August,Thank you Letter to Gabriel Chenberjyan, from, Zarmine Boghosian

 

 

 

 2017 August

"A teacher affects eternity; he can never tell where his influence stops."

 «Ուսուցիչին ազդեցութիւնը յաւերժ է, ան երբեք չի կրնար գիտնալ, թէ ուր  եւ երբ կը դադրի իր ազդեցութիւնը»:

 

Սիրելի Գաբրիէլ,  ահաւասիկ այս գրութիւնը լոյս պիտի տեսնէ մեր վարժարանի պարբերաթերթին մէջ։

*  *   *

          Ուսուցչական ասպարէզի նուիրուելուս հինգ տասնամեակներու յիշեցումը եկաւ իրաւամբ շեշտելու այս խօսքին իմաստը: Իսկապէս երբ դասարանի չորս պատերուն մէջ քեզի վստահուած աշակերտներուն անմեղ աչքերուն պատուհանէն, մանուկ հոգիներէն ներս կը փորձես թափանցել . . .օրին անկարելի է գուշակել թափած ճիգերուդ արդիւնքը: Իրաւամբ ինչ որ անգլերէն առածը կ՛ըսէ ուսուցիչ մը բնաւ «երբեք չի կրնար գիտնալ, թէ ուր  եւ երբ կը սահմանափակուի իր ազդեցութիւնը»:

            Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի ուսուցչութեան օրերէս, առաջին տարուայ աշակերտներէս մին՝ Տիար Գաբրիէլ Չէնպէրճեանը մէկ ամիս առաջ, յիշելով զիս եւ իմ Նիւ Եորքի մէջ ծառայած վարժարանիս Յիսուն  տարիներու վաստակը, մեծահոգաբար հինգ հազար տոլար նուիրեց Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին:

Կեանքիս ամէնէն մեծ բարենիշն է որ կը ստանամ՝ ի՛մ իսկ աշակերտէս, որուն համար անսահման երջանիկ եմ եւ լիովին վարձատրուած կը զգամ:

Սիրելի աշակերտս Գաբրիէլ, երախտագիտութեանս խորութունը անկարելի է սահմանափակել այս մի քանի տողերով: Հպարտ եմ ոչ միայն երբեմնի ուսուցչուհիդ յիշելուդ համար, այլ՝ ՀԱՅ դպրոցն ու մանկավարժը այսքան տարիներ ետք քաջալերելուդ համար:

Քու բարեսիրութիւնդ ինքնին լաւագոյն ապցոյցն է Հայ դպրոցէն ներս հոգիիդ մէջ դրոշմուած հոգատարութեան ոգիին- ազգիդ եւ հայ  դպրոցին հանդէպ:  

Որքա՜՜ն հպարտ եմ քեզմով: Կը մաղթեմ որ օրինակդ  ըլլայ վարակիչ նաեւ այլ շրջանաւարտներու: 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Զարմինէ  Գալայճեան-Պօղոսեան

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...