Search This Blog

Search This Blog

Wednesday, July 30, 2025

2017_Ongoing Concern about the future of Armenian schools -Education, by Zarmine Boghosian

 

 

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ-

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ՄՂՁԱՒԱՆՉԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Գուցէ տագնապ կա՞յ իմ այս խօսքերի մէջ: Գուցէ:

Բայց դա ընդամէնը տագնապ է եւ ոչ թէ խուճապ: Եւ դա այն տագնապն է, որ ունենում է գնացքից կամ օդանաւից ուշացողը: Տագնապն է այն շախմատիստի, որ ցայտնոտի մէջ է։

 Մենք իրաւունք չունենք ուշանալ գնացքից կամ օդանաւից:

            Մենք պարտաւոր ենք շահել շախմատային մեր այն խաղը, որ սկսել ենք ո՛չ թէ մենք, այլ՝ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ»:      

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝  ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԵՐՈՒ  ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

 «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»  պատգամած է Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան որուն ծննդեան 180-ամեակն էր 28 Յնվ. 2017-ին (1837-1884)։ Պատրիարք Հայրը կեանքի երազ մը ունեցած էր, որ իր մահէն միայն երկու տարի յետոյ կ՛իրականանայ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադրութիւնը 1886-ին:

& ˜

Գրեթէ երկու դար առաջուայ Ներսէս Պատրիարքին այս պատգամը գաղութէ գաղութ, համայնքէ համայնք կը կարծենք որ ականջի օղն է բոլոր մեր հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատու անհատներուն: Պանդուխտ հայը ուր որ ալ վերահաստատուած է, միշտ ալ ներքին մղումով մը կրցած է հիմնել եւ պահպանել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ Հայ մանուկին ճիշդ դաստիարակութեան եւ մանաւանդ՝ հայեցիութիւնն ու մեսրոպեանը վառ պահելու մտահոգութեամբ:

Այս օրերուն մանաւանդ՝  քիչ մը աւելիով մտահոգ ենք... նկատի առնելով գոյութիւն պահպանելու մէջ յամառօրէն յարատեւող միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններուն աշակերտութեան թիւին նուազումը քիչ մը ամենուրեք:

  Իրերայաջորդ քանի մը դպրոցներու փակուիլը եւ մանաւանդ հայախօս սերունդին նուազումը տագնապի կը մատնէ դաստիարակչական եւ ժառանգութիւններու պահպանման գծով մտահոգ բոլոր հայ համայնքներուն:

«Պանդխտութիւնը մարտահրաւէրի պէս է, վերընձիւղումի ոյժ կու տայ, կեանքդ զերօյէն վերսկսելու առիթ կը ստեղծէ հարկադրաբար», գրած է վիպագիր եւ արուեստներու մեկնաբան եւ քննադատ՝ Սարգիս Վահագն: Դժբախտաբար կամ պայմաններու բերումով մէկ սերունդէն միւսը հայը որքանո՞վ հետեւողական եղած է այդ մարտահրաւէրին եւ հաւատքով փառած է այդ աշխատանքին երբ մանաւանդ՝ իր վրայէն թօթափելէն ետք «պանդուխտի» հոգեբանութիւնը եւ փորձել սկսած է «շաղուիլ», նոյնիսկ նոյնանալ կամ կապկել հաստատուած միջավայրին պարտադրած առօրեայ կեանքը:

Կրկնուած իրողութիւն է երբ կը լսենք հետեւեալը- «Վերապրող սերունդը հինգ կամ վեց զաւակով եւ սահմանափակ եկամուտով աւելի նախանձախնդիր էր... իր բոլոր զաւակներուն հայ դպրոց ղրկելու կապակցութեամբ քան թէ այսօրուայ բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող ծնողքը մէկ կամ երկու զաւակով»:  

Երբ «մարտահրաւէրի» մը ընդառաջելու եռանդով եւ հաւատքով կը սկսուի գործ մը դիւրութեամբ արտաքին երեւոյթներն ու առօրեայի դժուարութիւնները կը յաղթահարուին երազներու ճամբւն վրայ: Սակայն, երբ այդ ներքին հրայրքը կը չեզոքանայ առօրեայի մանրուքներով եւ կեանքը միւս բոլորին պէս ապրելու մարմաջով – հայութեան հետ կապ պահելու հաւատքը կը նուազի, կ՛անհետանայ, չըսելու համար մէկդի ծրարուելով կը թաղուի:

Կեդրոնանալով միմիայն Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզիի հայ դպրոցներուն վրայ կը տեսնենք թէ իւրաքանչիւր հայահոծ այս նահանգներուն մէջ գործող միմիայն երկու ամէնօրեայ վարժարան գոյութուն ունին: Մին՝ Նիւ ճըրզի նահանգի Նիւ-Միլֆըրտ շրջանին մէջ մինչեւ միջնակարգ  ութերորդ դասարան ունեցող, սեփական շէնքով (շնորհիւ ազգասէր նուիրատուի) Յովնանեան Վարժարանն է,  իսկ միւսը՝ Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ Սրբոց Նահատակաց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանափակ շէնքին մէջ ծուարած մինչեւ նախակրթարան վեցերորդ դասարանի տարածքը ունեցող Նիւ Եորք Նահանգի Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուած Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանն է-ՍՆԱՎ-ը:  (Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուիլ կը նշանակէ – ոեւէ կրօնական կամ կուսակցական հովանաւարութեան ենթակայ չըլլալ է եւ թէ վարժարանը պէտք է ընդունի ամէն ազգի եւ կրօնքի պատկանող ընտանիքի զաւակ- որ կը նշանակէ- թէեւ դպրոցը Հայ եկեղեցւոյ անունը կը կրէ սակայն Հայ եկեղեցին ոեւէ պարտաւորութիւն չունի անոր նիւթական դժուարութիւնները հոգալու):

Յովնանեան Վարժարանը վերջերս տօնեց իր Քառասնամեակը, իսկ ՍՆԱՎ այս տարի պատրաստութեան մէջ է իր Ոսկեայ Տարիքը պանծացնելու Յիսնամեակի տօնախմբութիւններով:

            Նիւ Եորքի Էջմիածնական եւ Անթիլեասական թեմերու հովանիին տակ են Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի մէջ կեանք պահպանող շարք մը միօրեայ վարժարաններ, թիւով՝  բոլորը միասին գումարած՝ հազիւ 15 – տասնըհինգ միօրեայ վարժարաններ, ինչպէս նաեւ նոր հաստատուած, մեծ մասամբ ռուսախօս պզտիկներուն համար Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանին մէջ ոչ Հայ եկեղեղեցիի մը յարմարութիւնները վարձող, եւ Կիրակի յետմիջօրէին հանդիպող միօրեան:

Նիւ Ճըրզիի Փարամըս շըրջանին մէջ ալ  գոյութիւն ունի Հայ Աւետարանական համայնքի պատկանող Միօրեայ դպրոց մը՝ լրիւ իր ուսուցչական կազմով եւ տնօրէնութեամբ: 

            Այս վարժարաններուն պատասխանատու անհատներուն հետ մեր մտերմիկ հարցախոյզէն երեւան եկաւ որ բոլոր 15-տասնըհինգ միօրեայ դպրոցներուն (Այս դպրոցները շաբաթը մէկ անգամ կը հանդիպին- մեծ մասամբ Շաբաթ օրերուն, ոմանք՝Ուրբաթ երեկոյեան ուրիշներ Կիրակի առաւօտներուն) ուսուցչական կազմին թիւը ի մի գումարած 120 ուսուցիչ կը հաշուէ իրենց համապատասխան տնօրէն-տնօրէնուհիներով եւ կամաւոր ծառայողներով: Իսկ աշակերտութեան թիւը իրար գումարած հազար (1000) աշակերտ հազիւ թէ կը հաշուըուի, ներառեալ՝ երկու տարեկաններու համար բացուած դասարանները եւ պատանիներու համար (13-16 տարեկաններու խումբը), որոնք ամիսը անգամ մը կը հանդիպին հաղորդուելու համար հայերէն լեզուով եւ մշակոյթով  (խօսելավարժութիւն, տառաճանաչում, պար, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն–աղօթք շարական.. եւլն): 

Ուսուցիչներուն գերակշիռ տոկոսը Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն այս ափերը հաստատուածներն են: Որոնց մէջ ուրախութեամբ կարելի է նշել Միացեալ Նահանգներ ծնած եւ այս կամ այն հայկական վարժարանէն շրջանաւարտ «օգնական ուսուցիչները» որոնց հայերէնի պաշարն ու գիտութիւնը բացարձակապէս չենք ուզեր թերագնահատել- բայց՝ հարց տալ որքա՞ն խոր է գէթ իրենց գիտութիւնը սահուն խօսելու եւ գրելու:

            Եղերամայրի գուժկանութեամբ ահազանգի բարձրախօսին մօտենալէն հեռու եմ: Սակայն, մտահոգութիւնս շատ խորունկ է, տխուր ու հոգի կրծող, երբ մանաւանդ աչքի առաջ կը պարզուի ներկայ պատկերը:

            Լոս Անճելոսաբնակ մանկավարժ,  հրապարակախօս եւ հեղինակ Յովսէփ Նալպանտեանին լուրջ ուսումնասիրութեամբ լոյս ընծայած ահազանգող յայտարարութեան հետեւելով լուրջ հարցական մը բոլորիս խիղճէն ներս պէտք է թափանցէ հայապահպանման լուրջ գործին մէջ իւրաքանչիւրիս դերը որոշելու:

Յովսէփ Նալպանտեան կը գրէ թէ - «Վերջին 45 տարուայ ընթացքին փակուած են 206 ամէնօրեայ դպրոց Սփիւռքի մէջ, առանց հաշուելու Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները։ Նախորդ քանի մը տարիները եւ այս տարի հայկական դպրոց կը յաճախեն միայն 3 %֊-ը, մենք մեծապէս ձախողած ենք հայապահպանման լուրջ գործին մէջ»։

Անուրանալի կարեւոր երրորդութիւն է Ծնողք-Ուսուցիչ-Դասագիրք անբաժան եւ համախոհ գործակցութիւնը հայապահպանութեամբ մտահոգ բոլոր անհատներուն համար:

Նախակրթարանի տարիքի աշակերտներու հետ աշխատանքս սկսած է 1966-էն Հալէպի մէջ: Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք առիթ ունեցած եմ տասը տարի դասաւանդելու Միօրեայ վարժարանի մը մէջ, չորսական տարի ալ պատանիներու հետ-ամիսը անգամ մը – եւ երեկոյեան ալ չափահասներու համար շաբաթական դասընթացքներով դասաւանդելու:

1987-էն ի վեր ծանօթ եմ Նիւ Եորքի-Պէյսայտ շրջանի մէջ իր գոյութիւնը պահպանող Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին: Անցնող երեք տասնամեակներուն մանաւանդ՝ վարչական գործին մէջ ըլլալով բաւական մօտէն ծանօթ եմ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ....

Մեր զաւակները դպրոց առաջնորդողները մենք՝ ծնողներս ենք – մե՛ր պարտականութիւնն է գիտակցաբար յանձն առնել զոհողութիւնները եւ սէրը սերմանել հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ մեր զաւակներուն արեան մէջ ե՛ւ ներառկել է:  

Դպրոցին շէնքը, ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, դասագիրքերու համակարգը ապահովելը համայնքին հետ մօտէն աշխատող եւ մտահոգ հոգեւոր դասուն եւ կազմակերպութիւններուն պարտաւորութիւնն է:

Քանի տասնամեակներ առաջ Լեւոն Շանթ իր ախտաճանաչումը հնչեցուցած է երբ վաստակաշատ դաստիարակն ու գրողը ըսած է-

            «Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներուն մէջ, նոր սերունդի հոգիով հայ մնալու, պայքար մղելու եւ նամանաւա՛նդ հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակը պատրաստելու համար երկու միջոց կայ՝  ԴՊՐՈՑ ԵՒ ԳԻՐՔ:  Իսկ ես պիտի աւելցնէի՝ մասնագէտ եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ:

            Դպրոցը՝ ՀԱՒԱՏՔՈՎ կը հիմնուի- Դպրոցին շէնքը  ԴՐԱՄՈՎ կը կառուցուի եւ ԴՐԱՄՈՎ կը պահպանուի: Գի՞րքը, հայ գիրքը տունէն ներս լեցնելու  պարտականութիւնը ծնողներունն է,  իսկ Դասագի՞րքը մասնագէտներու պատրաստութեամբ եւ հրատարակչական աշխատանքները հովանաւորող կազմակերպութիւններով միմիայն կարելի է իրականացնել:

            «Կէթօ»-ի հոգեբանութեան պիտակաւորումէն հեռու մնալու եւ իրենց տուներուն շքեղութեամբ հպարտանալու համար մեր երիտասարդ ընտանիքները իրենց բարեկեցիկ եկամուտով կը հաստատուին շքեղ յարմարութիւններով տարածուն բնակարաններու մէջ, հայ հոգիի տարածքէն հեռանալով: Այս անգամ կը սկսի միւս դժուարութիւնը- ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԸ: Երբ իր տան շրջանի դպրոցը բոլոր շլացուցիչ յարմարութիւններով մէկ թաղ անդին է միայն, ո՞վ պիտի յանձն առնէ երեխային Հայ Դպրոց «տանիլ-բերելը»: Վերջ ի վերջոյ երեխան պէտք ունի իր թաղակիցներուն հետ ալ ընկերութիւն ընելու.....

            Ո՞վ պիտի կարենայ այս փոխադրամիջոցի հարցը լուծել երիտասարդ ընտանիքներուն այս պատճառաբանութիւնն ալ ձեւով մը լուծելու: Կա՛ն կարգ մը դպրոցներ որ կրցած են այդ հարցը լուծել բարերար մը գտնելով եւ կամ զանազան հանգանակութեան ձեւերու դիմելով: Վերջ ի վերջոյ հանգանակութեան յանձնախումբի անդամներն ալ դժուարութեան առաջ են բարերարներու նօսրացող թիւին եւ կամ նուիրատուներու առատաձեռնութեան նախընտրութիւնը տարբեր ոււղղութիւն բռնած ըլլալուն համար: Սերունդ մը կար որ իսկապէ՛ս  խորունկ հաւատք ունէր եկեղեցիի կողքին հայերէն լեզուի ճռուողիւնով զաւակներու խումբեր տեսնելու, դպրոցներ հիմնելու: 

Յաջորդող սերունդը ընկալուած առօրեայի պահանջքներէն, ո՞րքանով նոյն հաւատքով պիտի կարենայ  շարունակել հայեցիութեան պատկանելիութիւնն ու նուիրումը հայ դպրոցին հանդէպ:     

            Շատ մտահոգիչ է նաեւ արեւելեան այս ափին գոնէ, դասագիրքերու հարցը: Նկատի առնելով իւրաքանչիւր դասարանին մէջ հաւաքուած աշակերտներու խումբին ունեցած իրարմէ շատ տարբեր հայերէն լեզուի իմացութեան կամ ծանօթութեան մակարդակին: Ուսուցիչը ո՜րքան մասնագիտացած եւ փորձառու պէտք է ըլլայ, որ կարենայ ճանչնալ իւրաքանչիւրին մակարդակը եւ ըստ այնմ ձեւաւորել, մշակել եւ պատշաճեցնել աշակերտին ամէնօրեայ սորվելիքին:

            Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր արեւելեան ափի միօրեայ վարժարաններդու համար Սիլվա Տէր Ստեփանեանին ծրագրած-պատրաստած շարքը ի զօրու է տակաւին շարք մը վարժարաններէն ներս:

Սակայն, Ամէնօրեայ վարժարանները կ՛ապաւինին տարբեր հեղինակներու պատրաստած դասագիրքերուն, (Զարեհ Մելքոնեան, Արմէն Քիւրքճեան, Անահիտ Սարգիսեան, Արմենակ Եղիայեան, Մեր Լեզուի շարքը, Կարմիր Ձուկ-Դեղին Ձուկ- Ծիածան, եւ այլ շարքեր) աւելին՝ Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մենաշնորհը չունի – ինչպէս բնական է որ բոլոր Անգլերէն դասագիրքերուն հետ ուսուցիչին համար պատրաստուած «ուսուցիչին ուղեցոյցը»  ունենալու: Անգլերէն դասագիրքերուն ընկերակիցն է, այնքան դիւրութիւններով եւ օրինակներով պատրաստուած այդ ուղեցոյցները, որ սկսնակ ոեւէ ուսուցիչ դժուարութիւն չունենար դասարան ստանձնելու:

            Կարգ մը հաստատութիւններ համակարգչային նոր ծրագիրներով կը փորձեն հայերէն լեզուն տուներէն ներս մտցնել: Քանի՞ ծնողք իր բազմազբաղ առօրեայէն հաւատարմօրէն գէթ օրը կէս ժամ ժամանակ կը տրամադրէ, կամ կրնայ տրամադրել համակարգիչի առջեւ անցնելով իր զաւկին հետ ՀԱՅԵՐԷ՛Ն  սորվելու: Կամ քանի՞ ծնողք իր զաւկին համակարգիչին վրայ ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԵՐՈՎ գրելու ծրագիրը կ՛աւելցնէ կամ աւելցուցած է:

            Վերը նշեցինք թէ երկու ամէնօրեայ վարժարանները արդէն իրենց Քառասնամեայ եւ Յիսնամեայ տարիները կը յայտարարեն հայ աշխարհին: Եկէք հարցնենք թէ մինչեւ այս անկիւնադարձը քանի՞ բարերարներ այդ վերելքին սատարած են ... եւ թէ կա՞ն արդեօք նոյն թիւով նուիրեալներ որոնք ջահը ձեռքին զանոնք դարադարձի հասցնելու չափ հաւատացեալ են ե՛ւ առատաձեռն:

            Հայ ամէնօրեայ վարժարաններուն գլխաւոր դժուարութիւնը միշտ ալ անբաւարար եկամուտի պատճառով պիւտճէն հաւասարակշռելու հարցն է ,

սահմանափակութիւնն է, որուն համար ոչ միայն շէնքին գոյութիւնը պահպանելու եւ այլ յարակից անհրաժեշտ պէտքերուն հասնելու հարցը կայ, այլ նաեւ՝ կարգ մը դժուարութիւններու շարքին - հայերէն լեզուի դասատու գտնելու հարցն է: 

            Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մի քանի դասարաններու հայ լեզուի դասատու կը նշանակուի: Հետեւաբար՝ աշակերտներու կարողութեան տեսակաւորումը եւ զանազանութիւնը կը բազմապատկուի: Ներկայ պայմաններով քիչ մը աւելիով այդ դժուարութիւնը առկայ է երբ վարժարանը պիւտճէ չունի առանձին դասարան բանալու (եթէ – անշուշտ՝ նոյնի՛սկ յաւելեալ սենեակ ունի տրամադրելու) եւ յատուկ ուսուցիչ նշանակելու սահմանափակ հայերէնով եւ կամ խառն մշակոյթի եւ ազգութեան պատկանող ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն կարողութեան համեմատ հայերէն մատուցելու:

            Դարձեալ ամփոփելու սիրոյն կրկնենք որ Ծնողքի Հաւատք, Դպրոցի Կառոյց, Ուսուցիչի պատրաստութիւն, Բարերարներու Առատաձեռնութիւն, Կամաւորներու Հոյլ ու մանաւանդ եւ ամէնէն կարեւորը՝ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ Հոգեւոր եւ Ազգային ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՒԱՏՔ Ներշնչող քարոզչութիւն, անհրաժեշտ նախապայմաններ են ծաղկող սերունդին հոգիին մէջ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը ներարկելու որպէսզի անոնք խորապէս հաւատան թէ՝ ինչպէս Վահագն Դաւթեան կը պատգամէ-

Տեսիլքից են ծնուել տառերը մեր,
Հողմերով են սնուել տառերը մեր,
Ջրդեղուել են, դարձել երկաթագիր,
Քարերին են գրուել տառերը մեր...
Երբ փորձել են ջնջել ու եղծանել,
Կայծակին են տուել տառերը մեր...

Զարմինէ ԳՊօղոսեան

New York, Մարտ 25, 2017

No comments:

Post a Comment

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

  ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ   (Փետ րո ւար 23-24, 2024)   Մեծ Պահքի շրջանի կի...