Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label about. Show all posts
Showing posts with label about. Show all posts

Friday, June 5, 2026

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

 

«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ

Զարմինէ ԳՊօղոսեան

Springfield, PA- July 21, 2020

            Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօն է մեծարելու իգական սեռի ներկայացուցիչները գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ։

1987-1988 դպրոցական տարեշրջանին երբ Նիւ Եորքի հայ ամէնօրեայ վարժարանին տնօրէնութիւնը ստանձնեցի ծրագիրներէս մին մեր աշակերտութեան ծանօթացնել էր մեր անմիջական համայնքին երախտաւորները։ Դասագիրքերու մէջ տեղադրուած նկարներէն դուրս՝ կ՛ուզէի որ մեր անմիջական համայնքէն ներս արուեստի ու գրականութեան ճամբով մեր կեանքը հարստացնող անձնաւորութիւն-ներու հետ մեր աշակերտները անձամբ ծանօթանան։

Դասագրքերու մէջ երեւցողները միայն անուններ էին իրենց համար։ Բնական է որ տարբեր ազդեցութիւն պիտի ունենար եթէ անոնք մեր շէնքէն ներս անձամբ հանդիպէին, տեսնէին, խօսէին, հարցեր տային եւ մանաւանդ՝ պատասխան ստանային ուղղակի այդ նշանաւոր անձերէն։

Այդ տրամադրութեամբ ամէն տարի հրաւէր նամակներ ուղղած էի շարք մը գրողներու եւ տարբեր մարզերու մէջ համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջակայ համայնքներէն ներս գտնուողներուն, ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիա եւ Քընէթիքէթ նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած շարք մը հայորդիներու։ Հրաւէրներուն մեծ մասամբ սիրայօժար ընդառաջողներ եղան, շատեր ճամբորդական հարցերով եւ այլ անձնական պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ։

Ժամանակի ընթացքին մեր վարժարանին յուշատետրը հարստացաւ հայրենի թէ արտասահմանեան անձնաւորութիւններու արձանագրութիւններով եւ յիշատակներով։ Սովորական կարճ համդիպումներով այցելուներէն անջատ, յատուկ հանդիպման պահերու համար ՍՆԱՎ-ի հիւրեր հանդիսացան երէց սերունդէն նահապետ գրող՝ Յակոբ Ասատուրեան, ՀԲԸՄ-ի այդ օրերուն նորանշանակ նախագահ՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, լրագրող եւ գրադարանավար՝ Արմինէ Տիքիճեան, դաշնակահար՝ Արթիւր Փափազեան, նկարչուհի՝ Մարիամ Աթթարեան, հոգեբան, դաստիարակ՝ Պրուքլին Գոլէճի Մանկավարժական Ամպիոնի Վարիչ՝ Դոկտ Բերկրուհի Սվաճեան, արձակագիր՝ Լուսիկ Մելիքեան, դաշնակահար Շահան Արծրունի, Հայ ձայնասփիւռի տնօրէն Վարդան Ապտօ, անգլիագիր գրող բանաստեղծ Դաւիթ Խըրտեան, եւ իր արուեստագէտ կողակիցը՝ յատկապէս մանկական գիրքեր պատկերազարդող արուեստագէտ Նօնի Հոկրոկեան ողկրողեանէ կրճատուած), հոգեբան՝ Դոկտ Անի Գալայճեան, Բժիշկ-Գիւտարար (MRI) Ռէյմընտ-Վահան Տամատեան, արուեստագէտ Վազգէն Գալայճեան, անգլիագիր հեղինակ Մարգարիտ Ահներդ, հեղինակ եւ ծաղրանկարիչ Լուսին Գասպարեան, երիտասարդ անգլիագիր գրողներ՝ Կարին Յովաննիսեան, Այտա Զիլէլեան-Սիլաք, եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Այս բոլորին հետ չիրականացուած գործի մը հոգիի պարտքը կը զգամ  այս օրերուն եւ յատկապէս իգական սեռի ներկայացուցիչ մեր երկու յարգարժան եւ իւրայատուկ հայ գիրի նուիրեալներու հանդէպ։

Երկուքն ալ աշխարհագրականօրէն թէեւ մօտ էին դպրոցին, նախկին լիբանանահայեր, որոնք իրենց յատուկ տեղերը գրաւած էին իգական սեռի բարձր պատուանդանին վրայ, մամուլին ընդմէջէն մեր առօրեային մաս կը կազմէին Ֆիլատելֆեա հաստատուած Գիւտցի Միքայէլեանը եւ Նիւ ճըրզի բնակող Վեհանոյշ Թեքեանը։

Ուշադրութիւնս գրաւած էր մեր համայնքի մշակութային ձեռնարկներուն ընթացքին, մասնաւորաբար պատուոյ սեղանի ետին տեղ գրաւած կ՛ըլլային շարք մը պատկառելի արական սեռի ներկայացուցիչներ եւ ․․․ երբեմն ալ միակ ծաղիկի մը պէս հրաւիրեալներու շարքին․․․ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը։

Մամուլէն կը հետեւէի անուններուն Գուտցի Միքայէլեանը- «Նոր Կեանք» Շաբաթաթերթի կանոնաւոր աշխատակիցն էր։ Առաջին անձամբ հանդիպումս հայրենի գրող, պատմավիպագիր Սերօ Խանզատեանի այցելութեան առթիւ էր, 1980-ականի սկիզբին Նիւ Եորքի մէջ։ Երջանկայիշատակ Թորգոմ սրբազանին հովանաւորութեամբ հայրենի գրողին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ինք, պատուոյ սեղանին երկար շարքով նստած տղամարդ գրողներու շարքին միա՛կ կինը, էն վերջինը նստած – (Տե՛ս նկարը)։

Այդ օրուընէ ասդին ընկերային, քաղաքական ազգային հարցեր շօշափող իր երկարաշունչ ու խիզախ յօդուածներուն կը հետեւէի։ «ԹՈՒԼԲԱՆ» Գուտցիին յատուկ հերոս մըն էր, որուն միջոցաւ իր ընթերցողները ամէն շաբաթ մասնակից կը դառնային իր ճամբորդութիւններուն հետ օրուան հարցեր վերլուծելող իր մօտեցու-մին, անհատականութիւն եւ համարձակ ջիղ ունեցող իր անձին։

2003-ին Նոր Կեանքի իր սիւնակէն կը կարդանք օրուան քաղաքական կեանքի վերլուծումները․․․ «․․այսօր ո՞վ  իրաւասութիւն ունի արդարութիւն բաշխելու, եթէ ոչ հզօրագոյն երկիր մը, որ դարերէ ի վեր բնաջնջած ըլլալով բնիկ ժողովուրդը եւ անտեսելով ներկայիս անոր իրաւունքները կը դատապարտէ, կ՛օղակէ, կ՛անջատէ այն երկիրները որոնք իր առօրեայ տնտեսական հաշիւներուն աննպաստ կը թուին ըլլալ։  Հոգ չէ թէ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահան կ՛ըլլան, հոգ չէ թէ 15 միլիոն հայեր բնաջնջուած ըլլան․․ եւ անտեսուած մինչեւ այսօր․․․․․․» գրած էր Գուտցի միքայէլեան 17  տարի առաջ Յունուարին։

Ի՞նչ փոխուած է մինչեւ հիմա․․․ կարդանք դարձեալ 2003-էն իր տողերը․․․․

«Հանգստեան կոչուածները մղձաւանջով կը դիտեն ապագան։ Միջին դասակարգը որ դրամատիրական կարգերու սիւնն է, հետզհետէ կը հիւծի, մինչ հարուստը ա՛լ աւելի կը հարստանայ։»

Այսօր Նոր Կեանքը չկայ, քանի մը տարիէ ալ լռած էր նաեւ Գուտցիին գրիչը։ Կը փնտռէի զինքը։ Մի քանի հեռաձայնային փնտռտուքէ ետք դադրեցայ իր թիւին հեռաձայնելէ։

Զինք ճանչցող համաքաղաքացիներուն թիւերը փորձեցի,  խուսափողական պատասխաններ ստանալէ ետք յուսախաբ էի։ Մեր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին խոստացած էի որ հարցազրոյցով մը պիտի անդրադառնամ իր վաստակին։ Կը զարմանայի որ թերթերը զինք չէին փնտռեր։ Ի վերջոյ կարդացի իր մահազդը անգլիատառ շաբաթաթերթ, Հայ կեանքը ցոլացնող Միրըրին» մէջ (The Armenian Mirror Spectator

Այո՛, Ապրիլ 19, 2020-ին վկայեալ հիւանդապահուհին, սուր գրիչի տէր հասարակական գործիչը, հեղինակը բազում յօդուածներու եւ թատերական գործերու,  մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի նահանգներու մէջ ճանչցուած մտաւորական Տիկին Գուտցի Միքայէլեանը որոշած էր ֆիզիքապէս հեռանալ այս աշխարհէն, սակայն – ցաւօք՝ անկէ շատ առաջ արդէն լռած էր իր բեղուն գրիչը,  (Alzheimer’s)-ի հիւանդութեան պատճառով։

Օր մը անպայման երկար պէտք է գրուի այս հայուհիին մասին։ Չեմ ալ յիշեր կարդացած ըլլալ երբեւէ յատուկ գնահատանքի ձեռնարկ մը նուիրուա՞ծ էր արդեօք յատուկ իրեն համար։

Իմ երկրորդ խղճի պարտքս է հիացումս եւ գնահատանքս յայտնել մէկ այլ յարգարժան հեղինակի։  Ով որ կարօտն ունի արեւմտահայերէնի շքեղութեան վայելքը ըմբոշխնելու, անպայմա՛ն պէտք է կարդայ ու վերստին կարդայ Վեհանոյշ Թեքեանի իրերայաջորդ տասը հատորները-սկսած՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»-էն հասնելու համար «ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ»-ին։     

Արտասահմանեան գրական երկնակամարին վրայ թռիչք ունեցող իր փայլով, Մեսրոպեան բառապաշարի իւրայատուկ գանձանակով, շքեղ երեւակայութեան տէր բանաստեղծն է Վեհանոյշ Թեքեանը։

Իմ առաջին ծանօթութիւնս իր սքանչելի ոճին սկսաւ «ՆՇԱՆԱԳԻՐ» հատորով որ տեսնել տուաւ նոր օրերու հա՛յը իր «Մոխիրէ Ծառ» ով- ահաւասիկ մի քանի տող՝ միմիայն համտեսանքի համար Հայ սփիւռքի մասին իր ախտաճանաչումը կարդալու եւ իր հետ ․․․խոկալու․․․

«Ստուերի պէս բաժանելի

          լոյսի նման ինքնասլաց

Լոյս նման ընթեռնելի

          եւ ստուերի պէս անտիպ

Լոյսի նման յաւերժական

          Ստուերի պէս կարճատեւ․․․․․․»

Հիացումս շարունակուեցաւ իրար յաջորդող, զիրար գերազանցող հատորներով։ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթոն կազմակերպուած գրական ձեռնարկներու ընթացքին ունկընդիրները հմայեց աւեւմտահայերէնը գլգլացնող իր զուլալ ու գեղեցիկ ելոյթներու շարքով՝ Աբրահամ Ալիքեան, Ժիրայր Աթթարեան, Մովսէս Պչաքճեան, Վահան Թէքէեան, Ժագ Ս․ Յակոբեան եւ շատ այլ հեղինակներու մասին իր խնամեալ ելոյթներով։

Կարդանք մի քանի տող միմիայն մեր նահապետ բանաստեղծին նուիրուած իր ձօնէն, ինչպէս ինք վերնագրած է․․․ «Սփիւռքի Բանաստեղծին» տողերէն մի քանին-

«․․․ քամահրելով սով ու սառցակոյտեր

դարուն կիզահար պատրոյգը բռնած ձեռքերուդ մէջ

մեր պատմութեան կարօտէն անհիւծ

մեր լինելութեան առասպելներէն

յանձնեցի՛ր Լեզուին

սեւ գիշերներուդ շափրակները լոյս․․․․»

Թէեւ ՍՆԱՎ-ի հիւր եղած էր 1990-ականներուն, Հայրենի Բանաստեղծուհի՝ Սիլվա Կապուտիկեանին եւ երգչուհի Մելանիա Աբովեանին հետ, սակայն առիթ չէր եղած որ ան հարցազրոյցի նստած ըլլայ վարժարանի աշակերտութեան հետ։

Այսօր մեր ընթերցասէրներէն կ՛ակընկալուի որ ան ըլլայ ամէնէն շատ ընթերցող ունեցող արեւմտահայ բանաստեղծուհին, որ միշտ ըսելիք ունի, ոչ միայն կը հիացնէ այլ՝  իր երեւակայութեամբ ընթերցողին նորանոր  թռիչքներու կ՛առաջնորդէ։

Ահաւասիկ մի քանի տող իր Մօրը նուիրուած Ձօնէն – որուն միջոցաւ կարծէք  ամէն Հայ մօր դիմանկարը մեսրոպատառով կրցած է քանդակել–

«․․․ Քու ժպիտդ նոյնն է, ակօս չունի, թէեւ
Լռիկ լացերը քեզ շա՜տ ակօսներ տուին,
Իմ վարդագո՛յն մամաս, կրակին մէջ սիրոյ
Ծուխ ու մոխիր դարձար որ զաւակներդ ապրին։

․․․ Մամա՛, ինչպէ՞ս դիմացար,

                                                ինչպէս այսքա՜ն մայրացար»։

Տասէն աւելի իր հատորներով Թեքեան այն սփիւռքահայ խիզախ մտաւորական բանաստեղծուհին է, որ սկսած է իր աղօթքները համախմբել ուռկանի մէջ 2015-ին լոյս տեած հատորին մէջ պահելու․․ Իր ուռկանին մէջ բռնուած աղօթքնե՜՜րը կարդալով Դանիէլ Վարուժան կարծէք վերստին կը կենդանանայ-

        «Դարձած է նշխար․․

         Ամայութեան մէջ ամրակուռ քերթողութեան մայր տաճար․․․։

Իսկ Արշիլ Կորքիին կը ձօնէ ․․ սա հիասքանչ ու փշաքաղուելիք տողերը-

«․․․ երկինքներէն գոյներ բերիր՝ ձեւին իմաստ սրսկեցիր։․․․․․

«․․․ Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց

դուն ընդմիշտ պահպանեցիր

Գոգնոցը մօրդ սովահալած լուսախտիղ Խորգոմի»։

Որքան իրատես է իր արտասահմանեան «Ընկերային Հաւաքոյթ»-ի մը բնորոշումը․․․․

            «Է՜՜, Հայ ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,

Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ

Տուն մնացողին հաց ապահովէ,

․․․Պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ,

Պիտի չաղաչէ, այլ՝ աղաղակէ։

Ցեղասպանութիւն  բառն ուրացողը

Դատի դուռ կանչէ․․

Ապակեդրոն արտերկրի մէջ ՝

Կեդրոն դպրոց, եկեղեցի պիտի կանգնէ։

Ինչ որ իյնայ իր հոգիին՝ պիտի պաշտէ,

Ինչ որ անցնի իր ուղեղէն՝ պիտի մաղէ

Մէկ բան սակայն անկարելի պիտի ըլլայ-

          Ընթեռնելի՛ պիտի չըլլայ։»

          Հիանալի են միաժամանակ  ե՛ւ ուսուցանող, երեւակայութիւն խռովող միտքերով, պատկերներով հարուստ են Թեքեանի ընթեռնելի տողերը։ Այս օրերուն եթէ իր հատորները չունիք կրնաք ըմբոշխնել իր տողերը դիմատետրի իր տեղադրումներէն։

            Փունջ մը ծաղիկ ու մշտավառ մոմով յարգանքս կը փոխանցեմ Գուտցի Միքայէլեանին յիշատակին, իսկ մշտահոս գրիչի մաղթանքով հիացումս կը յղեմ մեր օրերու բացառիկ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանին։

                                    Զարմինէ ԳՊօղոսեան

Springfield, PA- July 21, 2020

 

 

 

 Vartkes Bedrossian with Zarmine Boghosian -Receiving HMADS T-Shirt


 

Inventor of MRI Dr. Raymond Vahan Damadian
Writer from Armenia _Vartkes Bedrossian

Anahid Charents
Dr Pergrouhi N. Svajian

Writer Lucik Melikian
Poet David Kherdian
Poetess Alicia Giragossian
Armenian Radio Hour of NJ- Founder- Director Vartan abdo
100 years old Armenian Survivor -Writer Hagop Asadourian
Sahan Arzruni _HMADS Guest 
Ida Zilelian Silak Book Signing 
Cartoonist Loucin Kasbarian


Watercolorist Mariam Attarian
Writer Margaret Ahnert-Ajemian- Author

Garin Hovhannisyan- Author -HMADS Guest
Louise Simone _HMADS Guest


Wednesday, July 30, 2025

2017_Ongoing Concern about the future of Armenian schools -Education, by Zarmine Boghosian

 

 

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑ-

ԿՐԿՆՈՒՈՂ ՄՂՁԱՒԱՆՉԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Գուցէ տագնապ կա՞յ իմ այս խօսքերի մէջ: Գուցէ:

Բայց դա ընդամէնը տագնապ է եւ ոչ թէ խուճապ: Եւ դա այն տագնապն է, որ ունենում է գնացքից կամ օդանաւից ուշացողը: Տագնապն է այն շախմատիստի, որ ցայտնոտի մէջ է։

 Մենք իրաւունք չունենք ուշանալ գնացքից կամ օդանաւից:

            Մենք պարտաւոր ենք շահել շախմատային մեր այն խաղը, որ սկսել ենք ո՛չ թէ մենք, այլ՝ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԸ»:      

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

ԱԿՆԱՐԿ ՄԸ՝  ՆԻՒ ԵՈՐՔ - ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԵՐՈՒ  ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

 «Ես դպրոցներէն կը սպասեմ ազգին փրկութիւնը»  պատգամած է Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան որուն ծննդեան 180-ամեակն էր 28 Յնվ. 2017-ին (1837-1884)։ Պատրիարք Հայրը կեանքի երազ մը ունեցած էր, որ իր մահէն միայն երկու տարի յետոյ կ՛իրականանայ՝ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանի հիմնադրութիւնը 1886-ին:

& ˜

Գրեթէ երկու դար առաջուայ Ներսէս Պատրիարքին այս պատգամը գաղութէ գաղութ, համայնքէ համայնք կը կարծենք որ ականջի օղն է բոլոր մեր հոգեւոր եւ աշխարհական պատասխանատու անհատներուն: Պանդուխտ հայը ուր որ ալ վերահաստատուած է, միշտ ալ ներքին մղումով մը կրցած է հիմնել եւ պահպանել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ Հայ մանուկին ճիշդ դաստիարակութեան եւ մանաւանդ՝ հայեցիութիւնն ու մեսրոպեանը վառ պահելու մտահոգութեամբ:

Այս օրերուն մանաւանդ՝  քիչ մը աւելիով մտահոգ ենք... նկատի առնելով գոյութիւն պահպանելու մէջ յամառօրէն յարատեւող միօրեայ եւ ամէնօրեայ վարժարաններուն աշակերտութեան թիւին նուազումը քիչ մը ամենուրեք:

  Իրերայաջորդ քանի մը դպրոցներու փակուիլը եւ մանաւանդ հայախօս սերունդին նուազումը տագնապի կը մատնէ դաստիարակչական եւ ժառանգութիւններու պահպանման գծով մտահոգ բոլոր հայ համայնքներուն:

«Պանդխտութիւնը մարտահրաւէրի պէս է, վերընձիւղումի ոյժ կու տայ, կեանքդ զերօյէն վերսկսելու առիթ կը ստեղծէ հարկադրաբար», գրած է վիպագիր եւ արուեստներու մեկնաբան եւ քննադատ՝ Սարգիս Վահագն: Դժբախտաբար կամ պայմաններու բերումով մէկ սերունդէն միւսը հայը որքանո՞վ հետեւողական եղած է այդ մարտահրաւէրին եւ հաւատքով փառած է այդ աշխատանքին երբ մանաւանդ՝ իր վրայէն թօթափելէն ետք «պանդուխտի» հոգեբանութիւնը եւ փորձել սկսած է «շաղուիլ», նոյնիսկ նոյնանալ կամ կապկել հաստատուած միջավայրին պարտադրած առօրեայ կեանքը:

Կրկնուած իրողութիւն է երբ կը լսենք հետեւեալը- «Վերապրող սերունդը հինգ կամ վեց զաւակով եւ սահմանափակ եկամուտով աւելի նախանձախնդիր էր... իր բոլոր զաւակներուն հայ դպրոց ղրկելու կապակցութեամբ քան թէ այսօրուայ բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող ծնողքը մէկ կամ երկու զաւակով»:  

Երբ «մարտահրաւէրի» մը ընդառաջելու եռանդով եւ հաւատքով կը սկսուի գործ մը դիւրութեամբ արտաքին երեւոյթներն ու առօրեայի դժուարութիւնները կը յաղթահարուին երազներու ճամբւն վրայ: Սակայն, երբ այդ ներքին հրայրքը կը չեզոքանայ առօրեայի մանրուքներով եւ կեանքը միւս բոլորին պէս ապրելու մարմաջով – հայութեան հետ կապ պահելու հաւատքը կը նուազի, կ՛անհետանայ, չըսելու համար մէկդի ծրարուելով կը թաղուի:

Կեդրոնանալով միմիայն Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզիի հայ դպրոցներուն վրայ կը տեսնենք թէ իւրաքանչիւր հայահոծ այս նահանգներուն մէջ գործող միմիայն երկու ամէնօրեայ վարժարան գոյութուն ունին: Մին՝ Նիւ ճըրզի նահանգի Նիւ-Միլֆըրտ շրջանին մէջ մինչեւ միջնակարգ  ութերորդ դասարան ունեցող, սեփական շէնքով (շնորհիւ ազգասէր նուիրատուի) Յովնանեան Վարժարանն է,  իսկ միւսը՝ Նիւ Եորք քաղաքի Պէյսայտ շրջանին մէջ Սրբոց Նահատակաց Առաքելական Եկեղեցւոյ սահմանափակ շէնքին մէջ ծուարած մինչեւ նախակրթարան վեցերորդ դասարանի տարածքը ունեցող Նիւ Եորք Նահանգի Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուած Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանն է-ՍՆԱՎ-ը:  (Կրթական Նախարարութեան մօտ ԱՆԿԱԽ արձանագրուիլ կը նշանակէ – ոեւէ կրօնական կամ կուսակցական հովանաւարութեան ենթակայ չըլլալ է եւ թէ վարժարանը պէտք է ընդունի ամէն ազգի եւ կրօնքի պատկանող ընտանիքի զաւակ- որ կը նշանակէ- թէեւ դպրոցը Հայ եկեղեցւոյ անունը կը կրէ սակայն Հայ եկեղեցին ոեւէ պարտաւորութիւն չունի անոր նիւթական դժուարութիւնները հոգալու):

Յովնանեան Վարժարանը վերջերս տօնեց իր Քառասնամեակը, իսկ ՍՆԱՎ այս տարի պատրաստութեան մէջ է իր Ոսկեայ Տարիքը պանծացնելու Յիսնամեակի տօնախմբութիւններով:

            Նիւ Եորքի Էջմիածնական եւ Անթիլեասական թեմերու հովանիին տակ են Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի մէջ կեանք պահպանող շարք մը միօրեայ վարժարաններ, թիւով՝  բոլորը միասին գումարած՝ հազիւ 15 – տասնըհինգ միօրեայ վարժարաններ, ինչպէս նաեւ նոր հաստատուած, մեծ մասամբ ռուսախօս պզտիկներուն համար Նիւ Եորքի Պրուքլին շրջանին մէջ ոչ Հայ եկեղեղեցիի մը յարմարութիւնները վարձող, եւ Կիրակի յետմիջօրէին հանդիպող միօրեան:

Նիւ Ճըրզիի Փարամըս շըրջանին մէջ ալ  գոյութիւն ունի Հայ Աւետարանական համայնքի պատկանող Միօրեայ դպրոց մը՝ լրիւ իր ուսուցչական կազմով եւ տնօրէնութեամբ: 

            Այս վարժարաններուն պատասխանատու անհատներուն հետ մեր մտերմիկ հարցախոյզէն երեւան եկաւ որ բոլոր 15-տասնըհինգ միօրեայ դպրոցներուն (Այս դպրոցները շաբաթը մէկ անգամ կը հանդիպին- մեծ մասամբ Շաբաթ օրերուն, ոմանք՝Ուրբաթ երեկոյեան ուրիշներ Կիրակի առաւօտներուն) ուսուցչական կազմին թիւը ի մի գումարած 120 ուսուցիչ կը հաշուէ իրենց համապատասխան տնօրէն-տնօրէնուհիներով եւ կամաւոր ծառայողներով: Իսկ աշակերտութեան թիւը իրար գումարած հազար (1000) աշակերտ հազիւ թէ կը հաշուըուի, ներառեալ՝ երկու տարեկաններու համար բացուած դասարանները եւ պատանիներու համար (13-16 տարեկաններու խումբը), որոնք ամիսը անգամ մը կը հանդիպին հաղորդուելու համար հայերէն լեզուով եւ մշակոյթով  (խօսելավարժութիւն, տառաճանաչում, պար, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն–աղօթք շարական.. եւլն): 

Ուսուցիչներուն գերակշիռ տոկոսը Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներէն այս ափերը հաստատուածներն են: Որոնց մէջ ուրախութեամբ կարելի է նշել Միացեալ Նահանգներ ծնած եւ այս կամ այն հայկական վարժարանէն շրջանաւարտ «օգնական ուսուցիչները» որոնց հայերէնի պաշարն ու գիտութիւնը բացարձակապէս չենք ուզեր թերագնահատել- բայց՝ հարց տալ որքա՞ն խոր է գէթ իրենց գիտութիւնը սահուն խօսելու եւ գրելու:

            Եղերամայրի գուժկանութեամբ ահազանգի բարձրախօսին մօտենալէն հեռու եմ: Սակայն, մտահոգութիւնս շատ խորունկ է, տխուր ու հոգի կրծող, երբ մանաւանդ աչքի առաջ կը պարզուի ներկայ պատկերը:

            Լոս Անճելոսաբնակ մանկավարժ,  հրապարակախօս եւ հեղինակ Յովսէփ Նալպանտեանին լուրջ ուսումնասիրութեամբ լոյս ընծայած ահազանգող յայտարարութեան հետեւելով լուրջ հարցական մը բոլորիս խիղճէն ներս պէտք է թափանցէ հայապահպանման լուրջ գործին մէջ իւրաքանչիւրիս դերը որոշելու:

Յովսէփ Նալպանտեան կը գրէ թէ - «Վերջին 45 տարուայ ընթացքին փակուած են 206 ամէնօրեայ դպրոց Սփիւռքի մէջ, առանց հաշուելու Սուրիոյ վերջին պատերազմին փակուածները։ Նախորդ քանի մը տարիները եւ այս տարի հայկական դպրոց կը յաճախեն միայն 3 %֊-ը, մենք մեծապէս ձախողած ենք հայապահպանման լուրջ գործին մէջ»։

Անուրանալի կարեւոր երրորդութիւն է Ծնողք-Ուսուցիչ-Դասագիրք անբաժան եւ համախոհ գործակցութիւնը հայապահպանութեամբ մտահոգ բոլոր անհատներուն համար:

Նախակրթարանի տարիքի աշակերտներու հետ աշխատանքս սկսած է 1966-էն Հալէպի մէջ: Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն ետք առիթ ունեցած եմ տասը տարի դասաւանդելու Միօրեայ վարժարանի մը մէջ, չորսական տարի ալ պատանիներու հետ-ամիսը անգամ մը – եւ երեկոյեան ալ չափահասներու համար շաբաթական դասընթացքներով դասաւանդելու:

1987-էն ի վեր ծանօթ եմ Նիւ Եորքի-Պէյսայտ շրջանի մէջ իր գոյութիւնը պահպանող Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին: Անցնող երեք տասնամեակներուն մանաւանդ՝ վարչական գործին մէջ ըլլալով բաւական մօտէն ծանօթ եմ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ....

Մեր զաւակները դպրոց առաջնորդողները մենք՝ ծնողներս ենք – մե՛ր պարտականութիւնն է գիտակցաբար յանձն առնել զոհողութիւնները եւ սէրը սերմանել հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ մեր զաւակներուն արեան մէջ ե՛ւ ներառկել է:  

Դպրոցին շէնքը, ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, դասագիրքերու համակարգը ապահովելը համայնքին հետ մօտէն աշխատող եւ մտահոգ հոգեւոր դասուն եւ կազմակերպութիւններուն պարտաւորութիւնն է:

Քանի տասնամեակներ առաջ Լեւոն Շանթ իր ախտաճանաչումը հնչեցուցած է երբ վաստակաշատ դաստիարակն ու գրողը ըսած է-

            «Օտար գաղութներու մէջ, շրջապատի այլասերող եւ ապազգայնացնող հազար ու մէկ վտանգներուն մէջ, նոր սերունդի հոգիով հայ մնալու, պայքար մղելու եւ նամանաւա՛նդ հայ հոգիներուն մէջ ազգային մակարդակը պատրաստելու համար երկու միջոց կայ՝  ԴՊՐՈՑ ԵՒ ԳԻՐՔ:  Իսկ ես պիտի աւելցնէի՝ մասնագէտ եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ:

            Դպրոցը՝ ՀԱՒԱՏՔՈՎ կը հիմնուի- Դպրոցին շէնքը  ԴՐԱՄՈՎ կը կառուցուի եւ ԴՐԱՄՈՎ կը պահպանուի: Գի՞րքը, հայ գիրքը տունէն ներս լեցնելու  պարտականութիւնը ծնողներունն է,  իսկ Դասագի՞րքը մասնագէտներու պատրաստութեամբ եւ հրատարակչական աշխատանքները հովանաւորող կազմակերպութիւններով միմիայն կարելի է իրականացնել:

            «Կէթօ»-ի հոգեբանութեան պիտակաւորումէն հեռու մնալու եւ իրենց տուներուն շքեղութեամբ հպարտանալու համար մեր երիտասարդ ընտանիքները իրենց բարեկեցիկ եկամուտով կը հաստատուին շքեղ յարմարութիւններով տարածուն բնակարաններու մէջ, հայ հոգիի տարածքէն հեռանալով: Այս անգամ կը սկսի միւս դժուարութիւնը- ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋՈՑԸ: Երբ իր տան շրջանի դպրոցը բոլոր շլացուցիչ յարմարութիւններով մէկ թաղ անդին է միայն, ո՞վ պիտի յանձն առնէ երեխային Հայ Դպրոց «տանիլ-բերելը»: Վերջ ի վերջոյ երեխան պէտք ունի իր թաղակիցներուն հետ ալ ընկերութիւն ընելու.....

            Ո՞վ պիտի կարենայ այս փոխադրամիջոցի հարցը լուծել երիտասարդ ընտանիքներուն այս պատճառաբանութիւնն ալ ձեւով մը լուծելու: Կա՛ն կարգ մը դպրոցներ որ կրցած են այդ հարցը լուծել բարերար մը գտնելով եւ կամ զանազան հանգանակութեան ձեւերու դիմելով: Վերջ ի վերջոյ հանգանակութեան յանձնախումբի անդամներն ալ դժուարութեան առաջ են բարերարներու նօսրացող թիւին եւ կամ նուիրատուներու առատաձեռնութեան նախընտրութիւնը տարբեր ոււղղութիւն բռնած ըլլալուն համար: Սերունդ մը կար որ իսկապէ՛ս  խորունկ հաւատք ունէր եկեղեցիի կողքին հայերէն լեզուի ճռուողիւնով զաւակներու խումբեր տեսնելու, դպրոցներ հիմնելու: 

Յաջորդող սերունդը ընկալուած առօրեայի պահանջքներէն, ո՞րքանով նոյն հաւատքով պիտի կարենայ  շարունակել հայեցիութեան պատկանելիութիւնն ու նուիրումը հայ դպրոցին հանդէպ:     

            Շատ մտահոգիչ է նաեւ արեւելեան այս ափին գոնէ, դասագիրքերու հարցը: Նկատի առնելով իւրաքանչիւր դասարանին մէջ հաւաքուած աշակերտներու խումբին ունեցած իրարմէ շատ տարբեր հայերէն լեզուի իմացութեան կամ ծանօթութեան մակարդակին: Ուսուցիչը ո՜րքան մասնագիտացած եւ փորձառու պէտք է ըլլայ, որ կարենայ ճանչնալ իւրաքանչիւրին մակարդակը եւ ըստ այնմ ձեւաւորել, մշակել եւ պատշաճեցնել աշակերտին ամէնօրեայ սորվելիքին:

            Մօտաւորապէս չորս տասնամեակէ ի վեր արեւելեան ափի միօրեայ վարժարաններդու համար Սիլվա Տէր Ստեփանեանին ծրագրած-պատրաստած շարքը ի զօրու է տակաւին շարք մը վարժարաններէն ներս:

Սակայն, Ամէնօրեայ վարժարանները կ՛ապաւինին տարբեր հեղինակներու պատրաստած դասագիրքերուն, (Զարեհ Մելքոնեան, Արմէն Քիւրքճեան, Անահիտ Սարգիսեան, Արմենակ Եղիայեան, Մեր Լեզուի շարքը, Կարմիր Ձուկ-Դեղին Ձուկ- Ծիածան, եւ այլ շարքեր) աւելին՝ Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մենաշնորհը չունի – ինչպէս բնական է որ բոլոր Անգլերէն դասագիրքերուն հետ ուսուցիչին համար պատրաստուած «ուսուցիչին ուղեցոյցը»  ունենալու: Անգլերէն դասագիրքերուն ընկերակիցն է, այնքան դիւրութիւններով եւ օրինակներով պատրաստուած այդ ուղեցոյցները, որ սկսնակ ոեւէ ուսուցիչ դժուարութիւն չունենար դասարան ստանձնելու:

            Կարգ մը հաստատութիւններ համակարգչային նոր ծրագիրներով կը փորձեն հայերէն լեզուն տուներէն ներս մտցնել: Քանի՞ ծնողք իր բազմազբաղ առօրեայէն հաւատարմօրէն գէթ օրը կէս ժամ ժամանակ կը տրամադրէ, կամ կրնայ տրամադրել համակարգիչի առջեւ անցնելով իր զաւկին հետ ՀԱՅԵՐԷ՛Ն  սորվելու: Կամ քանի՞ ծնողք իր զաւկին համակարգիչին վրայ ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՌԵՐՈՎ գրելու ծրագիրը կ՛աւելցնէ կամ աւելցուցած է:

            Վերը նշեցինք թէ երկու ամէնօրեայ վարժարանները արդէն իրենց Քառասնամեայ եւ Յիսնամեայ տարիները կը յայտարարեն հայ աշխարհին: Եկէք հարցնենք թէ մինչեւ այս անկիւնադարձը քանի՞ բարերարներ այդ վերելքին սատարած են ... եւ թէ կա՞ն արդեօք նոյն թիւով նուիրեալներ որոնք ջահը ձեռքին զանոնք դարադարձի հասցնելու չափ հաւատացեալ են ե՛ւ առատաձեռն:

            Հայ ամէնօրեայ վարժարաններուն գլխաւոր դժուարութիւնը միշտ ալ անբաւարար եկամուտի պատճառով պիւտճէն հաւասարակշռելու հարցն է ,

սահմանափակութիւնն է, որուն համար ոչ միայն շէնքին գոյութիւնը պահպանելու եւ այլ յարակից անհրաժեշտ պէտքերուն հասնելու հարցը կայ, այլ նաեւ՝ կարգ մը դժուարութիւններու շարքին - հայերէն լեզուի դասատու գտնելու հարցն է: 

            Հայերէն լեզուի ուսուցիչը մի քանի դասարաններու հայ լեզուի դասատու կը նշանակուի: Հետեւաբար՝ աշակերտներու կարողութեան տեսակաւորումը եւ զանազանութիւնը կը բազմապատկուի: Ներկայ պայմաններով քիչ մը աւելիով այդ դժուարութիւնը առկայ է երբ վարժարանը պիւտճէ չունի առանձին դասարան բանալու (եթէ – անշուշտ՝ նոյնի՛սկ յաւելեալ սենեակ ունի տրամադրելու) եւ յատուկ ուսուցիչ նշանակելու սահմանափակ հայերէնով եւ կամ խառն մշակոյթի եւ ազգութեան պատկանող ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն կարողութեան համեմատ հայերէն մատուցելու:

            Դարձեալ ամփոփելու սիրոյն կրկնենք որ Ծնողքի Հաւատք, Դպրոցի Կառոյց, Ուսուցիչի պատրաստութիւն, Բարերարներու Առատաձեռնութիւն, Կամաւորներու Հոյլ ու մանաւանդ եւ ամէնէն կարեւորը՝ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ Հոգեւոր եւ Ազգային ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՒԱՏՔ Ներշնչող քարոզչութիւն, անհրաժեշտ նախապայմաններ են ծաղկող սերունդին հոգիին մէջ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը ներարկելու որպէսզի անոնք խորապէս հաւատան թէ՝ ինչպէս Վահագն Դաւթեան կը պատգամէ-

Տեսիլքից են ծնուել տառերը մեր,
Հողմերով են սնուել տառերը մեր,
Ջրդեղուել են, դարձել երկաթագիր,
Քարերին են գրուել տառերը մեր...
Երբ փորձել են ջնջել ու եղծանել,
Կայծակին են տուել տառերը մեր...

Զարմինէ ԳՊօղոսեան

New York, Մարտ 25, 2017

Saturday, June 8, 2024

2024-June 8 -Zarmine Boghosian about 2 artists of Sts. Sahag-Mesrob parish-PETER PAONE & MANIA ARABATLIAN

 ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Հինգ տարիէ ի վեր Նիւ Եորքեան բազմազբաղ կեանքը մեր ետին թողած՝ հաստատուած ենք – թոշակառու ըլլալէ ետք- մեր երկու որդիներէն գէթ մէկուն քով ըլլալու երազով «Գարնանային Դաշտ- Springfield» կոչուած այս շրջանը։

Մեր հաստատուելէն ետք, վեց ամիս չանցած թագաժահրը մեզ բանտարկեց մեր յարկէն ներս։ Արդէն ամերիկայի մէջ դրացնութեան կապը այնքան ալ հետաքրքրական չէ։ Եթէ նոյնիսկ տեսնենք մեր դրացիները քաղաքավարական կուտ մօռնինկ մը կամ «հայ, հաու ար եու» մը կը լսես ու կ՛անցնիս։ Մեր փողոցին անցուդարձն ալ մեծ մասամբ իրենց շուներուն պէտքերը հոգալու համար ճեմողներն են- շան աղտը խոտին մէջէն վերցնելու ձեռքին մէջ պահած տոպրակներով։

Այդ ալ առիթ կու տայ որ շան տէրերը դանդաղին, զիրար բարեւեն, առիթ տալով որ իրենց կենդանիները առանց աճապարելու իրենց պէտքերը հոգան։ Միաժամանակ տէրերն ալ հաճոյքով խօսակցութեան կը բռնուին իրարու հետ  պատշաճ հեռաւորութիւն պահպանելով թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սիրասուն զաւկի չափ յարգի շուներուն համար։

Վերջապէս մեր պատեաններէն դուրս ելլելու սկսանք։ Առաջին հերթին մեր ապրած քաղաքին հայկական հաստատութիւններն ու մանաւանդ եկեղեցիները սկսանք այցելել։ Փառք մեր ինքնաշարժերուն մէջ տեղադրուած ուղենիշ տուող կարելիութեան մեր առաջին գործը ծանօթանալ էր Հայկական եկեղեցիներուն։

Փառք Աստուծոյ որ այս համայնքը ունի ՀԻՆԳ հայկական եկեղեցի, եւ ՄԷԿ ՀԱՅ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ Վարժարան՝ Հայ Քոյրերու Վարժարան- մանկամսուրէն մինչեւ միջնակարգ ութերորդ դասարան, եւ ՀԻՆԳ ՀԱՅ Եկեղեցի- երկու էջմիածնական՝ Սբ Սահակ-ՍբՄեսրոպ եւ Սբ Երրորդութիւն, մէկ անթիլիասական՝ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մէկ հայ կաթողիկէ՝ Սբ Մարկոս եկեղեցի, եւ մէկ Հայ Աւետարանական եկեղեցի՝ Սրբոց Նահատակաց Հայ Աւետարանական եկեղեցի։ Այցելեցինք իւրաքանչիւր եկեղեցի եւ քանի որ իւրաքանչիւրը տարբեր շրջանի մէջ կը գտնուէր որոշեցինք աշխարհագրականօրէն մեր տան ամենամօտիկ եկեղեցին- Սբ Սահակ եւ Սբ Մեսրոպ յաճախել։ 

Այս շրջանէն Սբ Մարկոս Կաթողիկէ եկեղեցին իր հարիւրամեակը տօնեց վերջերս։ Իսկ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․Մեսրոպ եկեղեցին իր հարիւրամեակը պիտի նշէ այս տարիէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Այս եկեղեցւոյ արխիւային աշխատանքներուն համար իմ համեստ բաժինս կը բերեմ «Արխիւի Յանձնախումբին» մաս կազմելով։  

 

Հայ ընտանիքներու հետ մեր ծանօթութիւնները ընդլայնիլ սկսան։

Այս առթիւ ես պիտի կեդրոնանամ այս մեծ ընտանիքէն երկու արուեստագէտներու մասին անդրադառնալով։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

The artist couple: Peter Paone and Alma Alabilikian

 

Առաջինը՝ Փիթըր Փէոնը-Peter Paone-ն է, որուն ես «Մեր Հայ Փեսայ – Պատուաւոր քաղաքացի»  ըսելով կը ծանօթացնեմ, որովհետեւ ան ամուսինն է այս եկեղեցւոյ սիւներէն համարուող -հիմնադրութեան օրերէն- Ալապիլիքեան ընտանիքին դստեր՝ Ալմա Ալապիլիքեանին հետ։

Ալապիլիքեանը գեղարուեստական ճարտարապետ է, մանկավարժ եւ համայնքային եւ եկեղեցական գործունեայ անդամ: Ալմայի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռք բերած եր անմիջական յաջողութիւնները 1965-ին զինք մեծարեցին որպէս «Ամերիկայի նշանաւոր երիտասարդ կիներէն մէկը»:  Իր մասնագիտական ոլորտին մէջ Ալապիլիքեանը որոշած է իր ջանքերը կեդրոնացնել պատասխանատու նախագիծերու վրայ, որոնցմէ շատերը արժանացած են մրցանակներու իրենց ակնառու ծրագրաւորական (Designer) լուծումներուն համար:

Vitetta Group -ՎիտեթաԿրուբին միանալէն ետք, (որ անուանի յաջողակ ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական ​​ընկերութիւն մըն է), Ալապիլիքեանը կը սկսի աշխատիլ պատմական վերականգնողական նախագծերու վրայ, ինչպիսիք են Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահը, Ֆիլատելֆիոյ երաժշտական ​​ակադեմիան, Ֆրանքլինի ինստիտուտը, քաղաքապետարանը, Քըրթիս երաժշտական ​​ինստիտուտը եւ Walt Disney-ի Նիւ Եորքեան գրասենեակէն ներս: Ալմային ստեղծագործական ներդրումները շուտով կը պարգեւատրուին, Ալման նշանակուելով ընկերութեան առաջին կինը, որ բարձրացած էր գործընկերոջ կոչման:

1960-ականներուն Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանը երբ նախաձեռնեց կամաւոր ուղեցոյցի ծրագիրը, եւ Ալապիլիքեանէն խնդրեցին միանալ, 16 տարի շարունակ ան կամաւոր աշխատեցաւ ամիսը երկու շաբաթ օր եւ այնուհետեւ դարձաւ Շրջանաւարտներու ուղեցոյցի խումբին մէկ անդամը: Թանգարանի հանդէպ իր նուիրուածութիւնը շեշտուեցաւ, երբ ան ամուսնացաւ նկարիչ Փիթըր Փէոնի հետ, որուն արուեստի գործերը կը գտնուին թանգարանայինն մշտական ​​հաւաքածոներուն մէջ:

Փիթըր Փէոնը-Peter Paone- ծնած է 1936 –ին։ Ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Ֆիլատելֆիոյ մէջ, առաջին սերնդի պատկանող իտալա-ամերիկեան ընտանիքի մէջ, ուր պատերուն վրայ երեւցող միակ արուեստը կրօնական պատկերներ էին:

1950-ականներուն Փիթըր Փէոնը կը յաճախէ Ֆիլատելֆիոյ թանգարանի արուեստի դպրոցը (այժմ՝ Արուեստի համալսարան), ուր կը ստանայ գեղարուեստ-կերպարվեստի Պսակաւոր աստիճանի վկայական, ականաւոր պատմողական արուեստագէտ-նկարազարդիչներու շունչին տակ:

Փիթըր Փէոն կը խոստովանի որ  «Իմ արուեստի սկզբնական օրերուն ես հասկցայ, որ իմ ուժերը իսկապէս իմ երեւակայութեան մէջ են: Ես բնութիւնէն չեմ աշխատիր. Ես նատիւրմորտներ չեմ նկարեր ոչ ալ մոտէլներ ունիմ։ Ես այգի դուրս գալով նկարելու չեմ ելլեր. Ես կ՛աշխատիմ յիշողութեամբ. Ես կ՛աշխատիմ այն ​​ամէն ինչէն, ինչ կը յիշեմ իմ տեսածներէս»։

            Փիթըր Փէոնի աշխատանքները ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր հաստատութիւններէն ներս։ Միաժամանակ ան վարած է բարձր դասախօսական պաշտօններ ինչպէս Նիւ Եորքի արուեստի նշանաւոր PRATT համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Փենսիլվանիոյ Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս (PAFA):

Ան ավելի քան հինգ տասնամեակ ոգեւորութեամբ ներգրաւուած է Ֆիլատելֆիոյ արուեստի համայնքէն ներս որպէս նկարիչ, հաւաքածոյի տէր եւ ուսուցիչ:

1980 թուականին ան կը հիմնէ PAFA-ի տպագրութեան բաժինը, ու նաեւ կը դասաւանդէ 1978-2009 թուականներուն եւ ծառայած է որպէս բաժնի առաջին ամպիոնի վարիչ:

Փիթըր Փէոն եղած է Print Club-ի (այժմ՝ Print Center) փոխ-նախագահը վեց տարի եւ կը ծառայէ Woodmere's հաւաքածոյի կառավարման Յանձնախումբին:

Վերջերս ներկայ եղանք իր ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուէր իր (etchings) տպագրական հաւաքածոն նուիրուած այս թանգարանին։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

*   *   *

 

 

Տիկին Մանիա Արապաթլեան  Արուեստագիտուհին

 

 

 

 

 

 

 

Ս Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ ընտանիքէն երկրորդ արուեստագէտն է եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամներէն, եւ խորանին ծառայող սարկաւագներէն՝ Լութֆի Արապաթլեանին կեանքի ընկեր Մանիան։

Այս նուիրեալ զոյգը նախկին հալէպահայեր են, որ ընտանիք կազմած են Ֆիլատելֆիոյ այս շրջանին մէջ։

Տիկին Մանիա Արապաթլեանը, գեղեցիկ իր ձայնով ամէն կիրակի եկեղեցւոյ մէջ ներկաներուն հոգիներէն ներս պատարագի շարականները քաղցրօրէն հնչեցնել կու տայ՝ միաժամանակ հետեւելով արուեստի դասընթացքներուն, իր ունեցած սէրը կատարելագործելու համար։

Մասնագիտացած է իւղաներկով աշխատելու եւ իր իւղաներկերու գեղեցիկ հաւաքածոյով հպարտացող արուեստագիտուհի մըն է։

Տիկին Արապաթլեան վերջերս իր անհատական ցուցահանդէսը ներկայացուց նորաբաց  Հայկական կեդրոն համարուող Քաֆէ-Փօմ-ի յատուկ առիթներ եւ ձեռնարկներ քաջալերող սրահին մէջ։

Այս կապը այցելելով -  https://www.youtube.com/watch?v=cY3qSBRWatE

պիտի կարենաք ամբողջական գաղափար մը ստանալ, աւելի եւս գնահատելու Մանիային արուեստի հանդէպ ունեցած սէրն ու նուիրումը։

 

Խումբ մը այցելուներ Մանիային ցուցահանդէսին

 

 

 





 

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան  -  June 7, 2024 -Springfield, PA 



About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...