Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label Mesrob. Show all posts
Showing posts with label Mesrob. Show all posts

Monday, October 13, 2025

Armenian Cultural Month_Honoring Mesrob Mashdots_Holy Translators- ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍԸ` ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ 2020-ին

 




Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Մարդ արարածը միշտ ալ պահանջք զգացած է իր զգացումները, յուզումները, վախն ու քաջագործութիւնը արտայայտելու խօսքով թէ գիրով։ Դարերէ ի վեր Հայ ժողովուրդն ալ ունեցած է բերնէ-բերան պատմուած բանահիւսութեան հրաշալի օրինակներու շարքը հերոսապատումներու, առասպելներու, առակներու եւ երգերու։

Պատմահայր Մովսէս Խորենացիին շնորհիւ այդ բանահիւսութիւններէն պատառիկներ փրկուած են կորուստէ եւ հասած են մեզի։ Խորենացին Պատմահայր կոչուելու արժանացած է շնորհիւ իր հետեւողկան պրպտումներուն։ Ան կրցած է վերակազմակերպել աւելի քան երկու հազար տարուան մեր ժողովուրդին մութ ու անծանօթ պատմութիւնը։ Այդ հերոսապատումները ժողովուրդին նկարագիրը բացայայտող, ներշնչող, դաստիարակող բնոյթ ունեցող պատումներ են։

Սերունդներ շարունակ Ազատասիրութեան, Խաղաղասիրութեան եւ Քաջութեան դասեր առած ենք «Հայկ եւ Բելի» առասպելէն։ Իսկ «Սասմայ Ծռեր» դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթը մեզի կը սորվեցնէ խորունկ Հայրենասիրութեան հետ Մարդասիրութիւն, Ասպետական ոգի՝ երբ կը սպասէ որ Մսրամելիքը քունէն արթննայ եւ վերջը հարուածելու սկսի։

Իսկ իր ընտանիքի հանդէպ ունեցած սէրը կը բացայայտուի՝ երբ ան կը հրաժարի իր վերջին մահացու հարուածը տալ՝ երբ Մսրամելիքին մայրն ու քոյրը կը պաղատին։

Այս բոլորը դարերու ընթացքին դիւրաւ կարելի պիտի ըլլար բոլորովին կորսնցնել եթէ չհասնէր ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻՆ հանճարը իր Գիրերու Գիւտով։ Ի զուր չէ որ ԱՅԲ ու ԲԵՆԻ տառերը կը համարուին ամէնէն ազդեցիկ ազգային ինքնապաշտպանութեան զէնքն ու վահանը։ Յիշենք թէ ինչպէս Սահակ Պարթեւի բարոյական քաջալերանքով եւՎռամշապուհ Թագաւորի նիւթական հովանաւորութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները ժրաջանութեամբ լծուեցան թարգմանական աշխատանքի, ստեղծելով մշակութային եռուն կեանք մը, որ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է «ՈՍԿԵԴԱՐ» անունով։ Անոնք տեսան թէ դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքին չափ կարեւոր է ինքնուրոյն գիր ու լեզու ունենալը։ Դարերու ընթացքին մանաւանդ քրիստւնեայ Երոպայի արեւելեան երկիրներու մէջ հայեր լուծուած ու կորսուած են մոռնալով լեզուն եւ դաւանելով այլ քրիստոնեայ ճիւղաւորումներ։

Ամէն տարի, մանաւանդ՝Հոկտեմբերին վերաքաղ ընելով մեր պատմութիւնը, վերյիշենք մեր Թարգմանիչներուն անուններն ու իրենց կատարած թարգմանաչական կոթողային աշքատանքը։ Անոնք են- ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ, ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ, ԿՈՐԻՒՆ, ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ, ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ, ՈՐՈՆՑ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԵՆ - ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ, ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ, ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ, ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ, ԵՂԻՇԷ, ԱՊԱ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ- ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ 5-ՐԴ-ԷՆ 7-ՐԴ ԴԱՐ։

Ի զուր չէ որ Ս․ Գիրքի Հայերէն թարգմանութիւնը հռչակուած է անջնջելիօրէն «Թագուհի Թարգմանութեանց» անունով։ Իսկ առաջին նախադասութեան թարգմանութեան իմաստը դարերէ ի վեր պատգամ մըն է մեր բոլորին համար- «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ: To know wisdom and instruction; to perceive the words of understanding.» Proverb 1:2

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Տենիս Տիտերօն (Denis Diderot- Oct․ 5, 1713, Langres, France: July 31, 1784, Paris, France) ըսած է- “Ազգի մը վերելքին համար այդ ազգին մէջ գտնուող գէշ կողմերը ոչնչացնելը բաւարար չէ։ Ազգ մը վերելքի կը հասնի լաւ կրթուած անդամներով եւ մասնաւորաբար լաւ կրթուած մանուկներով»։

Իսկ Վիքթոր Համբարձումեանին պատգամով յիշենք որ- «Իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սորվեցնել յաջորդին հայոց լեզուն։ Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարէ ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ գիտնայ հայերէնը։ Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ՝ գաղափարներ, եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է»։

2020-ի համավարակի տարուան վերամուտի այս շրջանին, երբ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի մանուկներու դաստիարակութեան համար մեր ուսումնական հաստատութիւններուն դռները բաց պահելով, նորանոր ձեւեր որդեգրելով օգնենք որ բոլորին շրթներէն թող որ գլգլայ մեր Մեսրոպեանը Սուրբ։

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Saturday, September 20, 2025

2025-Sept,19,20,21 ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ  ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ

Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

2025 թուականի շարք մը դարադարձիկ տօնակատարութիւններու շարքին ծանօթանանք նաեւ Ֆիլատելֆիոյ հինգ եկեղեցիներէն Սբ․ Սահակ- Սբ․ Մեսրոպ Հայց․ Եկեղեցւոյ պատմութեան։

 

sign.jpgՎերջերս պրպտումներուս ընդմէջէն ընթերցողը եղայ հետեւեալ արժէքաւոր, արխիւային նամակին, որ կը կրէ Հայոց Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Սիոն Արք․ Մանուկեանի ստորագրութիւնը, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի պաշտօնական թուղթով եւ թիւ 2004, Մարտ 23, 1961 թուակիրը, ուղղուած՝  Ֆիլատելֆիոյ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ օրուան հովիւ Արժ․ Տ․ Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանին։

Միասին կարդանք այդ նամակին առաջին պարբերութիւնը-

«Ստացած ենք ձեր Մարտ 8 թուակիր պաշտօնագիրը, որով կը տեղեկացնէք թէ համայնքիդ Բացառիկ Ծխական Ժողովը, որուն ներկայ եղած են 449 տրատու անդամներէն 269 հոգի, եւ 29-ի դէմ 240 քուէով որոշուած է ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը ծախել, գնել Էկնըս Ըրուին դպրոցի կալուածը՝ 196,000 տոլար արժէքով եւ անոր վրայ կատարել հարկ եղած փոփոխութիւնը եւ նորոգութիւնը՝  եկեղեցիի եւ այլ յարակից պէտքերու ծառայեցնելու համար, եւ կը խնդրէք Ձեր Ծխական Ժողովի որոշման հաստատումը։»

Անշուշտ իր կարգին օրուան Առաջնորդ հայրը հարկ եղած պաշտօնականութեամբ հարցը կը ներկայացնէ Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդին եւ անդամները միաձայնութեամբ  կ՛որոշեն «արտօնել» Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ պատուարժան Ծխական Խորհուրդին եւ գնահատելով անոնց նախանձախնդրութեամբ առնուած որոշումը, որուն համաձայն կարելի պիտի ըլլար Ֆիլատելֆիոյ աւելի յարմար թաղամասին մէջ ունենալ «համայնքային տուն մը, մեր բարեպաշտ ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքի յառաջդիմութեան եւ ծաղկումին ի խնդիր»։

Ֆիլատելֆիոյ մէջ հայ համայնքին կազմաւորումը սկսած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբին, նախա-եղեռնեան շրջանէն, երբ հայեր Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հալածանքներէն խուսափելով կը հասնէին Միացեալ Նահանգներ։

Այդ շրջանին, ծուխը իր հոգեւոր սնունդը ստացած է կրօնական արարողութիւններ կատարելով բողոքական եկեղեցւոյ մը մէջ, մինչեւ 1913 թուական։ Ապա, նոր կազմաւորուած համայնքը գնած է նոր եկեղեցի 1917-ին, որ կը գտնուէր Փայն եւ Պրօտ փողոցներու խաչմերուկին։ 1925 Յուլիս 22-ին Արեւմտեան Ֆիլատելֆիայի հայ եկեղեցւոյ համայնքը կը հաստատուի Ուոլնաթ-Walnut փողոցի 6006 հասցով գտնուող մեծ տան մէջ, գնելով զայն իր յարակից հողամասով։

1951 Դեկտեմբերի 9-ին եկեղեցւոյ դահլիճը գրեթէ կ՛աւարտի, եւ Գերշ․ Տիրան Եպս․ Ներսոյեանը կ՛օրհնէ անկիւնաքարը, որ նուէր էր Տէր եւ Տիկ․ Աւետիս Պուրնազեաններու կողմէ։ Օրհնութիւնը կը կատարուի կնքահայրութեամբը բժիշկ Վռամ Նետուրեանին: Հայկական ոճի խորանը կը նուիրուի տիկին Նուարդ Բագրատունիի եւ իր որդիներուն կողմէ՝ ի յիշատակ Հայկ Բագրատունիի:

Խորանը օրհնուած եւ օծուած է Գերշ․ Տիրան Եպս․ Ներսոյանի եւ Գերշ․ Տիրայր Արք․ Յովհաննէսեանի ձեռամբ՝ ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ՝ Հոգշ․ Տ․ Թորգոմ Վրդ․ Մանուկեանի, Տ․ Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանի մի քանի այլ հոգեւորականներու ներկայութեամբ:

1963 թուականէն ի վեր Լէնքէսթըր պողոտայի գլխաւոր գիծին մօտ գտնուող Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Հայց․Առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է հայ համայնքին, եւ Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքի գործող հինգ հայ եկեղեցիներէն մին է։

Յաջորդող տասնամեակներու հոսանքին հետ յաջորդաբար ծխատէր քահանայի պաշտօնով նշանակուած են շարք մը հոգեւոր հայրեր՝ ծուխին  հովիւը դառնալու եւ բնական է, որ համայնքը ապրած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին հետ նորանոր վերիվայրումներու շարան մը։

Կ՛արժէ հոս յիշատակել եւ վերյիշել բոլոր այն հոգեւոր հայրերը որոնք ստանձնած են ծխատէր քահանայի պաշտօնն ու անոր հետ կապուած բոլոր պարտականութիւնները սկսեալ 1912-էն մինչեւ 2025։

1912-1924- Տէր Պետրոս Վարդանեան

1924-1925- Տէր Եղիա Աշճեան

1925-1926- Տէր Եղիշէ Գալչինճեան

1926-1928- Հայր Խորէն Լազարեան

1928-1930- Հայր Արսէն Թորոսեան

1931-1937- Հայր Վահրամ Նազարէթեան

1938-1943- Հայր Մկրտիչ Մինասեան

1943-1944- Հայր Դերենիկ Փոլատեան

1944-1946- Հայր Ղեւոնդ Արապեան

1946-1950- Հայր Մեսրոպ Սեմերճեան

1950-1962- Տէր Լեւոն Առաքելեան

1962-1963- Հայր Վարդան Ասատուրեան

1963-1969- Տ․ Բաբգէն Եպս․ Վարժապետեան

1969-1975- Տ․ Եղիշէ Եպս․ Կիզիրեան

1975-1983- Դոկտ․ Հայր Զաւէն Արզումանեան

1983-1985- Հայր Նուրհան Մանուկեան

1985-2001- Տէր Դոկտ․ Բարի Մեթճեան

2002-2007- Հայր Հայկազուն Նաճարեան

2008-2009- Հայր Մկրտիչ Պռոշեան

2009-2022- Հայր Օշական Կիւլկիւլեան

2023-էն  մինչեւ այսօր՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեան

 

Մի քանի կարեւոր դէպքերու պատումներ եկեղեցւոյ կեանքէն առնուած ոչ միայն շատ հետաքրքրական են ալ նաեւ շատ ուսանելի գտած եմ որ միաժամանակ խորհրդածել կու տայ ժամանակի մտայնութեան, եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած յարգանքին եւ հոգատարութեան շուրջ եւ․․․  կ՛արժէ վերյիշել զանոնք։

Առաջին պատումը որ զիս շատ զարմացուցած է, մտածելով որ, որքա՜՜ն համեստ հոգեւոր հովիւներ ունեցած ենք, որ յօժարած են նման պայմաններու տակ ծխատէր քահանայ ըլլալ։ Առաջին եկեղեցին աղօթատեղի ըլլալու համար յարմարցուած բնակարան մը եղած է, որուն ամէնէն վերի յակը մէկուկէս սենեականոց յարկաբաժնին մէջ բնակած է օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Վարդապետը։

«Յարկաբաժինը» լոգնալու յարմարութեամբ բաղնիք չէ ունեցած եւ մեր համեստ հովիւը շաբաթը անգամ մը, կամ՝ թէ երկու շաբաթը անգամ եկեղեցիիէն երկու տուն վար ծխականի մը տան մէջ կը լոգնայ եւ կը վերադառնայ իր համեստ յարկաբաժինը։

Երկրորդ պատումը Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն համար օրինակ մըն է։ Եկեղեցին կեդրոնական ջեռուցումի յարմարութիւն չունենալուն աշակերտները համաձայն դասաւորումին իրենց կարգին համապատասխան օրին  փոքր տոպրակներով փայտ կը բերէին որպէսզի իրենց դասարանը տաքցընէին։

Երրրդ պատումը- որդեկորոյս Մայր մը- Տիկ․ Հոռմիկ Թեմօյեան Օգոստ 5, 1879-ին, Տիգրանակերտ ծնած որդիին վերջին բաղձանքը կատարած է 1919-ին մահացած ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մ․ ԹԵՄՕՅԵԱՆԻ յիշատակին եւ նուիրած է  $3,000 –երեք հազար ամերիկեան տոլար, «եկեղեցւոյ մնացած պարտքը փակելու համար»։  Գումար մը՝ որ 2025-ի սակարանային արժէքով 54-էն 56 հազարի նուէր մըն այս եկեղեցիին։

Իսկ Չորրորդ պատումը- կեդրոնական Ֆիլատելֆիայէն ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը գնելու առթիւ ծխական անդամներէն մին երբ կ՛անդրադառնան թէ բաւական մեծ գումարի մը պահանջք կայ, եւ ունեցած աղբիւրները ցամքած են․․․   ինք իր տունը գրաւի կը դնէ ( second mortgage- կ՛ըսեն հոս)  որպէսզի իր տան համարժէք մեծ գումարը կարենան ապահովել ներկայ եկեղեցին եւ հողամասը գնելու համար։

Այսօր եկեղեցոյ համայնքը ունի իր երգչախումբը իր նուիրեալ խմբավարով յանձինս Երէցկին Անժէլ Մէթճեանին, Կիրակնօրեայ դպրոցը, պատանեկան ու երիտասարդական խմբակցութիւնները, Տիկնանց Յանձնախումբը եւ Հայրերու-Տղամարդոց յանձնախումբերը որոնք իրենց կարգին ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընտանեկան մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն, միաժամանակ եկամտաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով ի նպաստ եկեղեցւոյ

Պատանեկան եւ Երիտասարդական  խմբակցութիւներ դարձեալ զանազան աշխատանքներով իրար քով կու գան, ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընկերային մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն։

 

Ս․Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպի Խորանի Օծումը պիտի կատարուի Ուրբաթ՝ Սեպտ․ 18-ին ձեռամբ՝ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ․  Տ․ Մեսրոպ եպս․ Պարսամեանի, ներկայութեամբը նախկին հովիւներ՝ Գերշ․ Տ․ Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի –Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայութեան նախկին առաջնորդ, եւ  Գերշ․ Տ․ Օշական Եպս․ Կիւլկիւլեանի- այժմ իրաքահայ համայնքի առաջնորդ, ինչպէս նաեւ շրջանի քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու համայնքի հայոց ներկայացուցիչները։

Պատարագի երգեցողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Կոմիտաս երգչախումբի անդամները խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեանի ղեկավարութեամբ։

Ներկայիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի եւ Ծխական խորհուրդի միասնաբար ջանքերով  2025, Սեպտեմբեր 21-ի շաբաթավերջը կը խոստանայ պարգեւել բացառիկ տօնախմբութիւն մը համայնքի հայութեան համար, միաժամանակ տօնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 34-րդ տարեդարձը եւ  անշուշտ Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ Հայց Եկեղեցւոյ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ։

Բարի երթ Ս․Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպի անունները կրող Հայց․ Առաքելական այս Եկեղեցիին իր Դարադարձին առթիւ։

  Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Սեպտեմբեր 15, 2025

Springfield, PA










Thursday, August 14, 2025

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

 ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ 

 (Փետ րո ւար 23-24, 2024) 

 Մեծ Պահքի շրջանի կիրակի նե րէն Ա նա ռակ որ դիին նո ւի րո ւած Կի րա կիին նա խորդ օ րե րը՝ Փետ րո ւար 23-24-ը, եր կար պի տի յի շո ւին մեր հա մայն քէն ներս՝ մա տու ցո ւած հա րուստ ու իւ րօ րի նակ յայ տա գիր նե րով։ Ինչ պէս որ հոս Հա յաս տա նեայց ե կե ղե ցի նե րէն ներս ա ւան դու թիւն դար ձած է, որ Մեծ Պահ քի իւ րա քան չիւր շա բա թա վեր ջը ի մաս տա ւո րել դա սա խօ սու թիւն նե րով կամ Սուրբ Գ րա յին սեր տո ղու թեամբ, այս ե կե ղե ցին ալ պատ րաս տո ւած է դի մա ւո րե լու հե տե ւեալ դա սա խօս նե րը յա ջոր դա բար՝ Դոկտ. Գա րօ լայն Մես րո պեան- Հիք մէն, Ար փի Նագ գա շեան, Ա լեքս եւ Դա լար Սա րա ֆեան ներ, Դոկտ. Ճէ սի Ար լէն, Սար կա ւագ Յով հան նէս Խոս տե ղեան եւ Դոկտ. Սիլ վի Մե րեան։ Փետ րո ւար 23-ի շա բա թա վեր ջը յատ կան շա կան դար ձաւ այն հան գա ման քով, որ ե րեք օր յա ջոր դա բար ա րա րո ղու թիւն տե ղի ու նե ցաւ, եւ եր կու օր յա ջոր դա բար վա յե լե ցինք Ար փի Նագ գա շեա նի բծախնդ րօ րէն պատ րաս տած ե լոյթ նե րը։ Ուր բաթ ե րե կո յեան տե ղի ու նե ցաւ Մեծ Պահ քի շրջա նին սպա սո ւած Խա ղա ղու թեան հսկու մի Ժա մե րու ի րիկ նա յին ժա մեր գու թիւ նը, ո րուն յա ջոր դեց Մեծ Պահ քի յա տուկ հա մեղ ընթ րիք։ Ուր բաթ գի շե րո ւայ ընթ րի քին յա ջոր դող դա սա խօ սու թիւ նը նո ւի րո ւած էր Ե րու սա ղէ մի հայ հա մայն քին՝ ի մաս նա ւո րի ներ կայ կա ցու թեան։ Օ րո ւան դա սա խօս Ար փի Նագ գա շեա նը, ծնած եւ մեծ ցած ըլ լա լով հին քա ղաք Ե րու սա ղէ մի մէջ, հան գա մա նօ րէն ծա նօ թա ցուց 76 մեզ Ս. քա ղա քի քար տէ սին եւ այն ան կիւ նը, որ կը կո չո ւի հայ կա կան հո ղա մաս։ Ան սա հիկ նե րու օգ նու թեամբ եւ գե ղե ցիկ նկար նե րով պատ րաս տած իր ե լոյ թով մեզ փո խադ րեց Ե րու սա ղէ մի շրջան նե րը, ծա նօ թա ցուց հայ կա կան բաժ նին պատ մա կան կա րե ւո րու թեան։ Հայ կա կան թա ղա մա սին մէջ ապ րած իր կեան քի փոր ձա ռու թիւն նե րով եւ անձ նա կան պատ կե րա ցում նե րով Ար փին միա ժա մա նակ մտեր մա ցուց մեզ սա ղի մա հայ կեան քին եւ ներ կա յիս դի մագ րա ւած դժո ւա րու թիւ նե րուն, ինչ պէս նաեւ հայ կա կան տա րած քը հայ կա կան պա հե լու շուրջ ծա գած մար տահ րա ւէր նե րուն: Ներ կա նե րէն մէ կուն ուղ ղո ւած հար ցին, թէ «Ինչ պէ՞ս Ս փիւռ քը կրնայ լա ւա գոյնս ա ջակ ցիլ հին քա ղաք Ե րու սա ղէ մի հայ հա մայն քին», ի պա տաս խան Ար փին շեշ տեց ը սե լով. « Ձե՛ր իսկ ներ կա յու թեամբ… Ուխ տագ նա ցու թիւն կազ մա կեր պե ցէք դէ պի Ե րու սա ղէմ, որ պէս զի աշ խարհ ի մա նայ թէ որ քան կա րե ւոր է այս ան կիւ նը հա յե րուս հա մար»: Հա յե րը հայ կա կան թա ղա մա սին մէջ 20 հա զա րէն ա ւե լի էին ժա մա նա կին, հի մա հա զիւ 1.000 կամ 1.500 հո գի կը հա շո ւը ւի։ « Մենք՝ հա յերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հո գա տա րու թիւնն ու հա ւա տար մու թիւ նը այդ հո ղակ տո րին հան դէպ, քա նի որ այդ հո ղա մա սը ոչ միայն շատ ար ժէ քա ւոր է, այ լեւ դա րե րէ ի վեր մե՛ զի է եւ հա յե րո՛ւս կը պատ կա նի։ Բ նա կան է, որ այս օ րե րուն կան այլ խում բեր, ո րոնք կը ջա նան տի րա նալ յատ կա պէս այդ հո ղակ տո րին»,- ընդգ ծեց մեր սա ղի մա հայ դա սա խօ սը: Յա ջորդ օ րը, Շա բաթ, Փետ րո ւար 24-ին, Ս. Սա հակ եւ Ս. Մես րոպ ե կե ղեց ւոյ Տիկ նան ցը կազ մա կեր պած էր իւ րա յա տուկ ճաշ կե րոյթ-դա սա խօ սու թիւն՝ նո ւի րո ւած սրբա դա սո ւած հայ կի նե րու։ (Օ րո ւան հա սոյ թին ո րոշ տո կո սը ծրագ րո ւած է նո ւի րել CASP-ին՝ Հա յաս տա նի մա նուկ նե րու հո վա նա ւո րու թեան ծրագ րին, եւ Վա նա ձո րի ծե րա նո ցին)։ 77 Օ րո ւան յայ տա գի րը սկսաւ ե կե ղե ցա կան ա րա րո ղու թեամբ։ Ի րար քով ե կած էին հա մայն քիս չորս հայ կա կան ե կե ղե ցի նե րու հո գե ւոր հայ րե րը՝ Արժ. Տ. Ար մաշ Քհնյ. Պաղ տա սա րեա նի հրա ւէ րով՝ Սուրբ Եր րոր դու թիւն Հայց. Ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Արժ. Տ. Յա կոբ Քհնյ. Գէոր գեա նը, Ս. Մար կոս Հայ Կա թո ղի կէ ե կե ղեց ւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ա սա տուր Քհնյ. Մի նա սեա նը եւ Ս. Նա հա տա կաց Հայ Ա ւե տա րա նա կան ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Պա տո ւե լի Հեթ հըր Օ հա նե սօ նը: Ե կե ղեց ւոյ ա րա րո ղու թե նէն ետք Ֆի լա տել ֆիոյ հայ կա կան բո լոր ե կե ղե ցի նե րը ներ կա յաց նող 100-ի մօտ հիւ րե րը հրա ւի րո ւե ցան գե ղեց կօ րէն ու օ րո ւան պատ շաճ յար դա րան քով պատ րաս տո ւած մեծ սրա հը։ Ս. Սա հակ ե կե ղեց ւոյ Ծ խա կան խոր հուր դի ա տե նա պե տու հի Տի կին Ժիւ լէթ Տէ յիր մէն ճիի եւ ե կե ղեց ւոյ ժրա ջան օգ նա կան տի կին նե րուն պատ րաս տած Մեծ Պահ քի յա տուկ ճա շա ցու ցա կով հա րուստ հա մա դամ ճա շե րը կը սպա սէին բո լո րին։ Պա տո ւե լի Հեթ հը րին օրհ նու թեան ա ղօթ քով ըն թացք ա ռաւ յայ տա գի րը։ Ա պա ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Արժ. Տ. Ար մաշ Քհնյ. Պաղ տա սա րեա նը ող ջու նեց ներ կա նե րը՝ բա րի գա լուստ մաղ թե լով, ի մաս նա ւո րի օ րո ւան հրա ւէ րին ըն դա ռա ջած հո գե ւոր հայ րե րուն եւ ե րէց կին նե րուն։ Տի կին Է մի լի Թեր ճի մա նեա նը մտեր միկ ու քնքոյշ խօս քե րով ներ կա յա ցուց իր ըն կե րու հի եւ Ս. Ներ սէ սի դա սըն կե րու հի օ րո ւան պատ գա մա բեր Օրդ Ար փի Նագ գա շեա նը։ Ար փին ա ւար տած է Սուրբ Ներ սէս եւ Սուրբ Վ լա դի միր ուղ ղա փառ աս տո ւա ծա բա նա կան ճե մա րան նե րը, ստա ցած է նաեւ իր Պ սա կա ւոր եւ Մա գիստ րոս վկա յա կան նե րը եւ այժմ կ’աշ խա տի դոկ տո րա կա նի հա մար իր ա ւար տա կան թէ զին վրայ՝ նիւթ ու նե նա լով « Յո բի գիր քը հայ ա ւան դու թեան մէջ»։ 78 Ար փի Նագ գա շեա նի օ րո ւան նիւթն էր 8-րդ դա րու հայ կին բա նաս տեղծ, շա րա կա նա գիր, ե րա ժիշտ Խոս րո վի դուխ դը: Ար փին շեշ տը դրաւ, թէ ինչ պէս Խոս րո վի դուխ դը իր սի րե լի եղ բօ րը՝ Վա հա նին, կորսն ցու ցած ըլ լա լու ան սահ ման վիշ տը վե րա ծեց « Զար մա նա լի է ինձ» գե ղե ցիկ օրհ ներ գի եւ քա ջա լե րե լով թե լադ րեց, որ իր ունկն դիր ներն ալ ձեւ մը գտնեն ի րենց կեան քի վիշ տը փո խա րի նե լու ծա ռա յու թեամբ եւ սէր նո ւի րե լու շուր ջին նե րուն, ինչ պէս նաեւ օգ նե լու շուր ջին նե րուն, որ ա նոնք ալ ի րենց վիշ տը փո խա րի նե լու սե փա կան ճա նա պար հը կա րե նան գտնել: Ար փիին ե լոյ թէն ետք Տիկ նան ցի ա տե նա պե տո ւի Տի կին Բա մե լա Մա մու րեա նը մի քա նի տո ղով բա ցատ րեց յայ տագ րին յա ջորդ բա ժի նը եւ հրա ւի րեց ե կե ղեց ւոյ նախ կին հո վիւ նե րէն հո գե լոյս Արժ. Տ. Բա րի Քհնյ. Մեթ ճեա նի ե րէց կի նը՝ Տի կին Ան ժէլ Մեթ ճեա նը՝ որ պէս հա ղոր դա վար հրա ւի րե լու ներ կայ ե րէց կին նե րը։ Ան, սի րով ըն դա ռա ջե լով հրա ւէ րին, ներ կա յա ցուց Ֆի լա տել ֆիոյ շրջա նէն ներ կայ գտնո ւող ե րեք ե րէց կին ներ Ան նա Գէոր գեա նը՝ Սուրբ Եր րոր դու թիւն Հա յաս տա նեայց ե կե ղե ցիէն, Ար փի Մի նա սեա նը՝ Սուրբ Մար կոս Հայ Կա թո ղի կէ ե կե ղե ցիէն, ինչ պէս նաեւ հիւ րըն կալ ե կե ղե ցի Ս. Սա հակ - Ս. Մես րո պի ե րէց կին Տի կին Մա րան Պաղ տա սա րեա նը։ Ե րեք ե րի տա սարդ ե րէց կին նե րը, քով քո վի նստած, շար քով ներ կա յա ցու ցին ի րենք զի րենք։ Ի րենց տրո ւած կարճ հար ցա թեր թի կին պա տաս խա նե լով՝ ա նոնք պատ մե ցին, թէ ինչ պէս դար ձեր են ե րէց կին։ Անդ րա դար ձան նաեւ ի րենց պաշ տօ նի բե րու մով հա մայն քի ակն կա լու թիւն նե րուն, հա մայն քի անդ րա դար ձը ի րենց ան հա տա կան կեան քի ու րա խու թիւն նե րուն ու մար տահ րա ւէր նե րուն։ Իւ րա քան չիւ րին պատ մու թիւ նը ե զա կի էր եւ ար տա յայ տու թիւն նե րը մտա ծո ւած, ո րոնք կրցան ներ կա նե րուն ան կեղ ծօ րէն ծա նօ թաց նել ի րենց աշ խար հը: Զի րենք կա պող ու ներ կա յաց նող ընդ 79 հա նուր գի ծը ան խու սա փե լիօ րէն ի րենց ան սա կարկ նո ւի րումն է հա մայն քին ու ա ջակ ցու թիւ նը ի րենց ա մու սին նե րուն եւ ա նոնց քա հա նա յա կան կո չու մին: Վեր ջա պէս, շա բա թա վեր ջը հաս ցուց մեզ Ա նա ռակ որ դիին նո ւի րո ւած Կի րա կիին։ Տէր Ար մա շը իր ո գե ւո րիչ քա րո զով մե զի հասկ ցուց Աս տու ծոյ աչ քին ա ռաջ մեր ու նե ցած կամ գրա ւած ար ժէ քին մա սին։ Նոյ նիսկ այն պի սի հան գա մանք նե րուն, երբ մենք կը կորսնց նենք մեր ճամ բան Ա նա ռակ որ դիին պէս, եւ կրնանք մտա ծել, թէ Աս տո ւած ին չո՛ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսն ցու ցած եմ իմ ճամ բաս։ Ո՞րն է մեր ար ժէ քը Աս տու ծոյ ա ռաջ: Տէր Ար մա շը շա րու նա կեց. « Մենք իւ րա քան չիւրս Աս տու ծոյ հա մար ան գին գո հա րի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղ ծեց ի՛ր պատ կե րով: Աս տո ւած իր շուն չը փչեց մեր մէջ: Մենք Աս տու ծոյ զա ւակ ներն ենք: Եւ հա կա ռակ ա նոր, որ մենք կա րող ենք մեղք գոր ծել, մեղ քը մեր իս կա կան բնոյ թը չէ. մենք կա րող ենք մաք րո ւիլ Աս տու ծոյ կող մէ: Աս տո ւած մեզ մէ իւ րա քան չիւ րին մէջ է: Ա սի կա ԻՐ մնա յուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։ Տէր Ար մա շը եզ րա փա կեց՝ ան գամ մը եւս յի շեց նե լով, որ կա րե ւոր է, որ « Մենք մեր ժա մա նա կը օգ տա գոր ծենք Մեծ Պահ քի շրջա նին՝ Աս տու ծոյ ա ւե լի մօ տե նա լու հա մար»: Ա րա րո ղու թեան յա ջոր դող սուր ճի պա հուն ե կե ղեց ւոյ դպրո ցին 3-5-րդ դա սա րա նի կրտսեր ա շա կերտ նե րը օ րո ւան դա սէն ետք, որ պէս ի րենց ու սում նա կան ծրագ րի մաս, խո հա նոց գա ցին Տի կին Ժիւ լիէ թէն սոր վե լու հայ կա կան խո հա նո ցին մա սին: Ա շա կերտ նե րը նա խընտ րե ցին տի կին Ժիւ լիէ թին օգ նե լով սոր վիլ՝ ինչ պէս ձո ւա զեղ եւ ձա ւա րով փի լաւ կը պատ րաս տեն եւ ա պա ամ բողջ ու տե լի քը դա սա ւո րե լով հրամց նել ժա մո ւոր նե րուն։ Ինչպէս որ Առակը կ’ըսէ (22:6), «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատե նը, որ- պէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի», նոր սե րուն դի մատ ղաշ ձեռ քեր, կը սոր վին օ րի նա կով եւ գործ նա կան աշ խա տան քով։ Շատ ապ րիք դուք եւ շա րու նա կե ցէք Աստ ծոյ ա նու նով ծա ռա յու թիւն մա տու ցա նել ազ գին եւ ե կե ղեց ւոյ ըն տա նի քին։ 

 Փետ րո ւար 28, 2024 

 Սփրինկ ֆիլտ, Փենսիլվանիա 

 « Ժամանակ», Պոլիս, Մարտ 6, 2024

Saturday, June 8, 2024

2024-June 8 -Zarmine Boghosian about 2 artists of Sts. Sahag-Mesrob parish-PETER PAONE & MANIA ARABATLIAN

 ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Հինգ տարիէ ի վեր Նիւ Եորքեան բազմազբաղ կեանքը մեր ետին թողած՝ հաստատուած ենք – թոշակառու ըլլալէ ետք- մեր երկու որդիներէն գէթ մէկուն քով ըլլալու երազով «Գարնանային Դաշտ- Springfield» կոչուած այս շրջանը։

Մեր հաստատուելէն ետք, վեց ամիս չանցած թագաժահրը մեզ բանտարկեց մեր յարկէն ներս։ Արդէն ամերիկայի մէջ դրացնութեան կապը այնքան ալ հետաքրքրական չէ։ Եթէ նոյնիսկ տեսնենք մեր դրացիները քաղաքավարական կուտ մօռնինկ մը կամ «հայ, հաու ար եու» մը կը լսես ու կ՛անցնիս։ Մեր փողոցին անցուդարձն ալ մեծ մասամբ իրենց շուներուն պէտքերը հոգալու համար ճեմողներն են- շան աղտը խոտին մէջէն վերցնելու ձեռքին մէջ պահած տոպրակներով։

Այդ ալ առիթ կու տայ որ շան տէրերը դանդաղին, զիրար բարեւեն, առիթ տալով որ իրենց կենդանիները առանց աճապարելու իրենց պէտքերը հոգան։ Միաժամանակ տէրերն ալ հաճոյքով խօսակցութեան կը բռնուին իրարու հետ  պատշաճ հեռաւորութիւն պահպանելով թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սիրասուն զաւկի չափ յարգի շուներուն համար։

Վերջապէս մեր պատեաններէն դուրս ելլելու սկսանք։ Առաջին հերթին մեր ապրած քաղաքին հայկական հաստատութիւններն ու մանաւանդ եկեղեցիները սկսանք այցելել։ Փառք մեր ինքնաշարժերուն մէջ տեղադրուած ուղենիշ տուող կարելիութեան մեր առաջին գործը ծանօթանալ էր Հայկական եկեղեցիներուն։

Փառք Աստուծոյ որ այս համայնքը ունի ՀԻՆԳ հայկական եկեղեցի, եւ ՄԷԿ ՀԱՅ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ Վարժարան՝ Հայ Քոյրերու Վարժարան- մանկամսուրէն մինչեւ միջնակարգ ութերորդ դասարան, եւ ՀԻՆԳ ՀԱՅ Եկեղեցի- երկու էջմիածնական՝ Սբ․ Սահակ-Սբ․Մեսրոպ եւ Սբ․ Երրորդութիւն, մէկ անթիլիասական՝ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մէկ հայ կաթողիկէ՝ Սբ․ Մարկոս եկեղեցի, եւ մէկ Հայ Աւետարանական եկեղեցի՝ Սրբոց Նահատակաց Հայ Աւետարանական եկեղեցի։ Այցելեցինք իւրաքանչիւր եկեղեցի եւ քանի որ իւրաքանչիւրը տարբեր շրջանի մէջ կը գտնուէր որոշեցինք աշխարհագրականօրէն մեր տան ամենամօտիկ եկեղեցին- Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ յաճախել։ 

Այս շրջանէն Սբ․ Մարկոս Կաթողիկէ եկեղեցին իր հարիւրամեակը տօնեց վերջերս։ Իսկ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․Մեսրոպ եկեղեցին իր հարիւրամեակը պիտի նշէ այս տարիէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Այս եկեղեցւոյ արխիւային աշխատանքներուն համար իմ համեստ բաժինս կը բերեմ «Արխիւի Յանձնախումբին» մաս կազմելով։  

 

Հայ ընտանիքներու հետ մեր ծանօթութիւնները ընդլայնիլ սկսան։

Այս առթիւ ես պիտի կեդրոնանամ այս մեծ ընտանիքէն երկու արուեստագէտներու մասին անդրադառնալով։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

The artist couple: Peter Paone and Alma Alabilikian

 

Առաջինը՝ Փիթըր Փէոնը-Peter Paone-ն է, որուն ես «Մեր Հայ Փեսայ – Պատուաւոր քաղաքացի»  ըսելով կը ծանօթացնեմ, որովհետեւ ան ամուսինն է այս եկեղեցւոյ սիւներէն համարուող -հիմնադրութեան օրերէն- Ալապիլիքեան ընտանիքին դստեր՝ Ալմա Ալապիլիքեանին հետ։

Ալապիլիքեանը գեղարուեստական ճարտարապետ է, մանկավարժ եւ համայնքային եւ եկեղեցական գործունեայ անդամ: Ալմայի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռք բերած եր անմիջական յաջողութիւնները 1965-ին զինք մեծարեցին որպէս «Ամերիկայի նշանաւոր երիտասարդ կիներէն մէկը»:  Իր մասնագիտական ոլորտին մէջ Ալապիլիքեանը որոշած է իր ջանքերը կեդրոնացնել պատասխանատու նախագիծերու վրայ, որոնցմէ շատերը արժանացած են մրցանակներու իրենց ակնառու ծրագրաւորական (Designer) լուծումներուն համար:

Vitetta Group -ՎիտեթաԿրուբին միանալէն ետք, (որ անուանի յաջողակ ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական ​​ընկերութիւն մըն է), Ալապիլիքեանը կը սկսի աշխատիլ պատմական վերականգնողական նախագծերու վրայ, ինչպիսիք են Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահը, Ֆիլատելֆիոյ երաժշտական ​​ակադեմիան, Ֆրանքլինի ինստիտուտը, քաղաքապետարանը, Քըրթիս երաժշտական ​​ինստիտուտը եւ Walt Disney-ի Նիւ Եորքեան գրասենեակէն ներս: Ալմային ստեղծագործական ներդրումները շուտով կը պարգեւատրուին, Ալման նշանակուելով ընկերութեան առաջին կինը, որ բարձրացած էր գործընկերոջ կոչման:

1960-ականներուն Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանը երբ նախաձեռնեց կամաւոր ուղեցոյցի ծրագիրը, եւ Ալապիլիքեանէն խնդրեցին միանալ, 16 տարի շարունակ ան կամաւոր աշխատեցաւ ամիսը երկու շաբաթ օր եւ այնուհետեւ դարձաւ Շրջանաւարտներու ուղեցոյցի խումբին մէկ անդամը: Թանգարանի հանդէպ իր նուիրուածութիւնը շեշտուեցաւ, երբ ան ամուսնացաւ նկարիչ Փիթըր Փէոնի հետ, որուն արուեստի գործերը կը գտնուին թանգարանայինն մշտական ​​հաւաքածոներուն մէջ:

Փիթըր Փէոնը-Peter Paone- ծնած է 1936 –ին։ Ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Ֆիլատելֆիոյ մէջ, առաջին սերնդի պատկանող իտալա-ամերիկեան ընտանիքի մէջ, ուր պատերուն վրայ երեւցող միակ արուեստը կրօնական պատկերներ էին:

1950-ականներուն Փիթըր Փէոնը կը յաճախէ Ֆիլատելֆիոյ թանգարանի արուեստի դպրոցը (այժմ՝ Արուեստի համալսարան), ուր կը ստանայ գեղարուեստ-կերպարվեստի Պսակաւոր աստիճանի վկայական, ականաւոր պատմողական արուեստագէտ-նկարազարդիչներու շունչին տակ:

Փիթըր Փէոն կը խոստովանի որ  «Իմ արուեստի սկզբնական օրերուն ես հասկցայ, որ իմ ուժերը իսկապէս իմ երեւակայութեան մէջ են: Ես բնութիւնէն չեմ աշխատիր. Ես նատիւրմորտներ չեմ նկարեր ոչ ալ մոտէլներ ունիմ։ Ես այգի դուրս գալով նկարելու չեմ ելլեր. Ես կ՛աշխատիմ յիշողութեամբ. Ես կ՛աշխատիմ այն ​​ամէն ինչէն, ինչ կը յիշեմ իմ տեսածներէս»։

            Փիթըր Փէոնի աշխատանքները ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր հաստատութիւններէն ներս։ Միաժամանակ ան վարած է բարձր դասախօսական պաշտօններ ինչպէս Նիւ Եորքի արուեստի նշանաւոր PRATT համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Փենսիլվանիոյ Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս (PAFA):

Ան ավելի քան հինգ տասնամեակ ոգեւորութեամբ ներգրաւուած է Ֆիլատելֆիոյ արուեստի համայնքէն ներս որպէս նկարիչ, հաւաքածոյի տէր եւ ուսուցիչ:

1980 թուականին ան կը հիմնէ PAFA-ի տպագրութեան բաժինը, ու նաեւ կը դասաւանդէ 1978-2009 թուականներուն եւ ծառայած է որպէս բաժնի առաջին ամպիոնի վարիչ:

Փիթըր Փէոն եղած է Print Club-ի (այժմ՝ Print Center) փոխ-նախագահը վեց տարի եւ կը ծառայէ Woodmere's հաւաքածոյի կառավարման Յանձնախումբին:

Վերջերս ներկայ եղանք իր ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուէր իր (etchings) տպագրական հաւաքածոն նուիրուած այս թանգարանին։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

*   *   *

 

 

Տիկին Մանիա Արապաթլեան  Արուեստագիտուհին

 

 

 

 

 

 

 

Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ ընտանիքէն երկրորդ արուեստագէտն է եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամներէն, եւ խորանին ծառայող սարկաւագներէն՝ Լութֆի Արապաթլեանին կեանքի ընկեր Մանիան։

Այս նուիրեալ զոյգը նախկին հալէպահայեր են, որ ընտանիք կազմած են Ֆիլատելֆիոյ այս շրջանին մէջ։

Տիկին Մանիա Արապաթլեանը, գեղեցիկ իր ձայնով ամէն կիրակի եկեղեցւոյ մէջ ներկաներուն հոգիներէն ներս պատարագի շարականները քաղցրօրէն հնչեցնել կու տայ՝ միաժամանակ հետեւելով արուեստի դասընթացքներուն, իր ունեցած սէրը կատարելագործելու համար։

Մասնագիտացած է իւղաներկով աշխատելու եւ իր իւղաներկերու գեղեցիկ հաւաքածոյով հպարտացող արուեստագիտուհի մըն է։

Տիկին Արապաթլեան վերջերս իր անհատական ցուցահանդէսը ներկայացուց նորաբաց  Հայկական կեդրոն համարուող Քաֆէ-Փօմ-ի յատուկ առիթներ եւ ձեռնարկներ քաջալերող սրահին մէջ։

Այս կապը այցելելով -  https://www.youtube.com/watch?v=cY3qSBRWatE

պիտի կարենաք ամբողջական գաղափար մը ստանալ, աւելի եւս գնահատելու Մանիային արուեստի հանդէպ ունեցած սէրն ու նուիրումը։

 

Խումբ մը այցելուներ Մանիային ցուցահանդէսին

 

 

 





 

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան  -  June 7, 2024 -Springfield, PA 



About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...