Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 2024. Show all posts
Showing posts with label 2024. Show all posts

Saturday, May 23, 2026

Feb,28, 2024, A weekend, of, spiritual,renual, at, St, Sahag, St Mesrob,Zarmine, Boghosian

 

ՀՈԳԵՒՈՐ  ՍՆՈՒՆԴ  ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ  ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ  ՄԸ ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ  Ս ՍԱՀԱԿ-ՍՄԵՍՐՈՊ  ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ  ՆԵՐՍ

 

Զարմինէ Գ Պօղոսեան

 zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Մեծ Պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ Որդիին նուիրուած Կիրակիին նախորդ օրերը Փետրուար 23, 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Ինչպէս որ հոս Հայց եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է որ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբ Գրային սերտողութեամբ, այս եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները  յաջորդաբար -  Դոկտ Գարօլայն Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեան, Ալէքս եւ Դալար Սարաֆեանները, Դոկտ Ճէսի Արլէն, Սարկաւագ Յովհաննէս Խոստեղեանը, եւ Դոկտ Սիլվի Մերեանը։

            Փետրուար 23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով որ երեք օր յաջորդաբար արարողութիւն տեղի ունեցաւ, եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։

            Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի Ժամերու իրիկնային ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք։

Ուրբաթ գիշերուայ ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի Հայ Համայնքի մասին  ի մասնաւորի ներկայ կացութեան մասին։

Օրուան դասախօս Արփի Նագաշեանը, ծնած եւ մեծցած ըլլալով Հին քաղաք Երուսաղէմի մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց մեզ Ս Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնը` որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու օգնութեամբ եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով մեզ փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

            Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին միաժամանակ մտերմացուց մեզ Ս քաղաքի Սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:  

            Ներկաներէն ուղղուած հարցին թէ՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը կրնայ լաւագոյնս աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին»  ի պատասխան Արփին շեշտեց ըսելով-  «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ․․․ Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը հայերուս համար»:    

Հայերը ժամանակին, յետ եղեռնեան տարիներուն, Հայկական թաղամասին մէջ 20 հազարէն աւելի էին, հիմա հազիւ հազար(1,000) կամ հազար հինգ հարիւր (1,500 հոգի) կը հաշուըուի։ «Մենք՝ հայերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն ու հաւատարմութիւնը այդ հողակտորին հանդէպ, քանի որ այդ հողամասը ոչ միայն շատ արժէքաւոր է, այլ եւ դարերէ ի վեր մե՛զի է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է որ այս օրերուն կան այլ խումբեր, որոնք կը ջանան տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին» - ընդգծեց մեր Սաղիմահայ դասախօսը:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ՝ Փետրուար 24-ին  Ս Սահակ եւ Ս Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ դասախօսութիւն՝ նուիրուած՝ Սրբադասուած Հայ Կիներու։  (Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է  նուիրել CASP-ին Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին)։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Իրար քով եկած էին համայնքիս չորս հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը- Արժ ՏԱրմաշ Քհնյ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց Եկեղեցւոյ հովիւ`  Արժ Տ Յակոբ Քհնյ Գէորգեանը, Ս Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ Տ Ասատուր ՔհնյՄինասեանը եւ Ս Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝Պատվելի Հեթհըր Օհանեսօնի հետ:

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող 100-ի մօտ հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ սրահը։ Ս Սահակ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Ժիւլիէթ Տէյիրմէնճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։

Պատվելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը։ 

Ապա եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ Տ Արմաշ Քհնյ Պաղտասարեանը ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ի մասնաւորի օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիներուն։

Տիկին Էմիլի Թերճիմանեանը մտերմիկ ու քնքոյշ խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Օրդ Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլադիմիր ուղղափառ աստուածաբանական ճեմարանները, ստացած ե նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ կ՛աշխատի իր աւարտական թէզին վրայ Դոկտորականի համար, նիւթ ունենալով- «Յոբի գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։

Արփի Նագաշեանի օրուան նիւթն էր 8-րդ դարու հայ կին բանաստեղծ, շարականագիր, երաժիշտ՝ Խոսրովիդուխդը: Արփին շեշտը դրաւ թէ ինչպէս Խոսրովիդուխդը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ»  գեղեցիկ օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց որ իր ունկընդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ, եւ սէր՝ նուիրելու շուրջիններուն, ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն որ անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:

Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Տիկին Բամելա Մամուրեանը մի քանի տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Արժ Տ Բարի Քհնյ Մեթճեանի Երէցկինը  Տիկին Անժէլ Մեթճեանը, որպէս հաղորդավար հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք Երեցկիներ՝ Աննա Գէորգեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս Սահակ-Ս Մեսրոպի Երէցկին ՝ Տիկին Մարան Պաղտասարեանը։

Երեք երիտասարդ Երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք պատմեցին թէ ինչպէս դարձեր են Երէցկին։ Անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:

Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած Կիրակիին։  Տէր Արմաշը իր ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին մասին։ Նոյնիսկ այնպիսի հանգամանք-ներուն երբ  մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ Որդիին պէս, եւ կրնանք մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։

Ո՞րն է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր պատկերով: Աստուած իր շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կարող ենք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական բնոյթը չէ. մենք կարող ենք մաքրուիլ Աստուծոյ կողմէ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Ասիկա ԻՐ մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։

Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է որ «Մենք մեր ժամանակը օգտագործենք Մեծ Պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար»:

Արարողութեան յաջորդող Սուրճի պահուն Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին 3-5-րդ դասարանի կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք, որպէս իրենց ուսումնական ծրագրի մաս՝ խոհանոց գացին Տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու Հայկական խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ ապա ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։

Ինչպէս որ Առակը կ՛ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» -  Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր, կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք, եւ շարունակեցէք Աստծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։

 

zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Saturday, June 8, 2024

2024-June 8 -Zarmine Boghosian about 2 artists of Sts. Sahag-Mesrob parish-PETER PAONE & MANIA ARABATLIAN

 ՄԵՐ ՔԱՂԱՔԻ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ

Հինգ տարիէ ի վեր Նիւ Եորքեան բազմազբաղ կեանքը մեր ետին թողած՝ հաստատուած ենք – թոշակառու ըլլալէ ետք- մեր երկու որդիներէն գէթ մէկուն քով ըլլալու երազով «Գարնանային Դաշտ- Springfield» կոչուած այս շրջանը։

Մեր հաստատուելէն ետք, վեց ամիս չանցած թագաժահրը մեզ բանտարկեց մեր յարկէն ներս։ Արդէն ամերիկայի մէջ դրացնութեան կապը այնքան ալ հետաքրքրական չէ։ Եթէ նոյնիսկ տեսնենք մեր դրացիները քաղաքավարական կուտ մօռնինկ մը կամ «հայ, հաու ար եու» մը կը լսես ու կ՛անցնիս։ Մեր փողոցին անցուդարձն ալ մեծ մասամբ իրենց շուներուն պէտքերը հոգալու համար ճեմողներն են- շան աղտը խոտին մէջէն վերցնելու ձեռքին մէջ պահած տոպրակներով։

Այդ ալ առիթ կու տայ որ շան տէրերը դանդաղին, զիրար բարեւեն, առիթ տալով որ իրենց կենդանիները առանց աճապարելու իրենց պէտքերը հոգան։ Միաժամանակ տէրերն ալ հաճոյքով խօսակցութեան կը բռնուին իրարու հետ  պատշաճ հեռաւորութիւն պահպանելով թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց սիրասուն զաւկի չափ յարգի շուներուն համար։

Վերջապէս մեր պատեաններէն դուրս ելլելու սկսանք։ Առաջին հերթին մեր ապրած քաղաքին հայկական հաստատութիւններն ու մանաւանդ եկեղեցիները սկսանք այցելել։ Փառք մեր ինքնաշարժերուն մէջ տեղադրուած ուղենիշ տուող կարելիութեան մեր առաջին գործը ծանօթանալ էր Հայկական եկեղեցիներուն։

Փառք Աստուծոյ որ այս համայնքը ունի ՀԻՆԳ հայկական եկեղեցի, եւ ՄԷԿ ՀԱՅ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ Վարժարան՝ Հայ Քոյրերու Վարժարան- մանկամսուրէն մինչեւ միջնակարգ ութերորդ դասարան, եւ ՀԻՆԳ ՀԱՅ Եկեղեցի- երկու էջմիածնական՝ Սբ Սահակ-ՍբՄեսրոպ եւ Սբ Երրորդութիւն, մէկ անթիլիասական՝ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մէկ հայ կաթողիկէ՝ Սբ Մարկոս եկեղեցի, եւ մէկ Հայ Աւետարանական եկեղեցի՝ Սրբոց Նահատակաց Հայ Աւետարանական եկեղեցի։ Այցելեցինք իւրաքանչիւր եկեղեցի եւ քանի որ իւրաքանչիւրը տարբեր շրջանի մէջ կը գտնուէր որոշեցինք աշխարհագրականօրէն մեր տան ամենամօտիկ եկեղեցին- Սբ Սահակ եւ Սբ Մեսրոպ յաճախել։ 

Այս շրջանէն Սբ Մարկոս Կաթողիկէ եկեղեցին իր հարիւրամեակը տօնեց վերջերս։ Իսկ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․Մեսրոպ եկեղեցին իր հարիւրամեակը պիտի նշէ այս տարիէ յառաջիկայ Հոկտեմբերին։ Այս եկեղեցւոյ արխիւային աշխատանքներուն համար իմ համեստ բաժինս կը բերեմ «Արխիւի Յանձնախումբին» մաս կազմելով։  

 

Հայ ընտանիքներու հետ մեր ծանօթութիւնները ընդլայնիլ սկսան։

Այս առթիւ ես պիտի կեդրոնանամ այս մեծ ընտանիքէն երկու արուեստագէտներու մասին անդրադառնալով։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

The artist couple: Peter Paone and Alma Alabilikian

 

Առաջինը՝ Փիթըր Փէոնը-Peter Paone-ն է, որուն ես «Մեր Հայ Փեսայ – Պատուաւոր քաղաքացի»  ըսելով կը ծանօթացնեմ, որովհետեւ ան ամուսինն է այս եկեղեցւոյ սիւներէն համարուող -հիմնադրութեան օրերէն- Ալապիլիքեան ընտանիքին դստեր՝ Ալմա Ալապիլիքեանին հետ։

Ալապիլիքեանը գեղարուեստական ճարտարապետ է, մանկավարժ եւ համայնքային եւ եկեղեցական գործունեայ անդամ: Ալմայի բոլոր ոլորտներուն մէջ ձեռք բերած եր անմիջական յաջողութիւնները 1965-ին զինք մեծարեցին որպէս «Ամերիկայի նշանաւոր երիտասարդ կիներէն մէկը»:  Իր մասնագիտական ոլորտին մէջ Ալապիլիքեանը որոշած է իր ջանքերը կեդրոնացնել պատասխանատու նախագիծերու վրայ, որոնցմէ շատերը արժանացած են մրցանակներու իրենց ակնառու ծրագրաւորական (Designer) լուծումներուն համար:

Vitetta Group -ՎիտեթաԿրուբին միանալէն ետք, (որ անուանի յաջողակ ճարտարապետական եւ ճարտարագիտական ​​ընկերութիւն մըն է), Ալապիլիքեանը կը սկսի աշխատիլ պատմական վերականգնողական նախագծերու վրայ, ինչպիսիք են Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահը, Ֆիլատելֆիոյ երաժշտական ​​ակադեմիան, Ֆրանքլինի ինստիտուտը, քաղաքապետարանը, Քըրթիս երաժշտական ​​ինստիտուտը եւ Walt Disney-ի Նիւ Եորքեան գրասենեակէն ներս: Ալմային ստեղծագործական ներդրումները շուտով կը պարգեւատրուին, Ալման նշանակուելով ընկերութեան առաջին կինը, որ բարձրացած էր գործընկերոջ կոչման:

1960-ականներուն Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանը երբ նախաձեռնեց կամաւոր ուղեցոյցի ծրագիրը, եւ Ալապիլիքեանէն խնդրեցին միանալ, 16 տարի շարունակ ան կամաւոր աշխատեցաւ ամիսը երկու շաբաթ օր եւ այնուհետեւ դարձաւ Շրջանաւարտներու ուղեցոյցի խումբին մէկ անդամը: Թանգարանի հանդէպ իր նուիրուածութիւնը շեշտուեցաւ, երբ ան ամուսնացաւ նկարիչ Փիթըր Փէոնի հետ, որուն արուեստի գործերը կը գտնուին թանգարանայինն մշտական ​​հաւաքածոներուն մէջ:

Փիթըր Փէոնը-Peter Paone- ծնած է 1936 –ին։ Ծնած եւ մեծցած է Հարաւային Ֆիլատելֆիոյ մէջ, առաջին սերնդի պատկանող իտալա-ամերիկեան ընտանիքի մէջ, ուր պատերուն վրայ երեւցող միակ արուեստը կրօնական պատկերներ էին:

1950-ականներուն Փիթըր Փէոնը կը յաճախէ Ֆիլատելֆիոյ թանգարանի արուեստի դպրոցը (այժմ՝ Արուեստի համալսարան), ուր կը ստանայ գեղարուեստ-կերպարվեստի Պսակաւոր աստիճանի վկայական, ականաւոր պատմողական արուեստագէտ-նկարազարդիչներու շունչին տակ:

Փիթըր Փէոն կը խոստովանի որ  «Իմ արուեստի սկզբնական օրերուն ես հասկցայ, որ իմ ուժերը իսկապէս իմ երեւակայութեան մէջ են: Ես բնութիւնէն չեմ աշխատիր. Ես նատիւրմորտներ չեմ նկարեր ոչ ալ մոտէլներ ունիմ։ Ես այգի դուրս գալով նկարելու չեմ ելլեր. Ես կ՛աշխատիմ յիշողութեամբ. Ես կ՛աշխատիմ այն ​​ամէն ինչէն, ինչ կը յիշեմ իմ տեսածներէս»։

            Փիթըր Փէոնի աշխատանքները ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի տարբեր հաստատութիւններէն ներս։ Միաժամանակ ան վարած է բարձր դասախօսական պաշտօններ ինչպէս Նիւ Եորքի արուեստի նշանաւոր PRATT համալսարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Փենսիլվանիոյ Գեղարուեստի ակադեմիայէն ներս (PAFA):

Ան ավելի քան հինգ տասնամեակ ոգեւորութեամբ ներգրաւուած է Ֆիլատելֆիոյ արուեստի համայնքէն ներս որպէս նկարիչ, հաւաքածոյի տէր եւ ուսուցիչ:

1980 թուականին ան կը հիմնէ PAFA-ի տպագրութեան բաժինը, ու նաեւ կը դասաւանդէ 1978-2009 թուականներուն եւ ծառայած է որպէս բաժնի առաջին ամպիոնի վարիչ:

Փիթըր Փէոն եղած է Print Club-ի (այժմ՝ Print Center) փոխ-նախագահը վեց տարի եւ կը ծառայէ Woodmere's հաւաքածոյի կառավարման Յանձնախումբին:

Վերջերս ներկայ եղանք իր ցուցահանդէսին, ուր կը ներկայացուէր իր (etchings) տպագրական հաւաքածոն նուիրուած այս թանգարանին։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

*   *   *

 

 

Տիկին Մանիա Արապաթլեան  Արուեստագիտուհին

 

 

 

 

 

 

 

Ս Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ ընտանիքէն երկրորդ արուեստագէտն է եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամներէն, եւ խորանին ծառայող սարկաւագներէն՝ Լութֆի Արապաթլեանին կեանքի ընկեր Մանիան։

Այս նուիրեալ զոյգը նախկին հալէպահայեր են, որ ընտանիք կազմած են Ֆիլատելֆիոյ այս շրջանին մէջ։

Տիկին Մանիա Արապաթլեանը, գեղեցիկ իր ձայնով ամէն կիրակի եկեղեցւոյ մէջ ներկաներուն հոգիներէն ներս պատարագի շարականները քաղցրօրէն հնչեցնել կու տայ՝ միաժամանակ հետեւելով արուեստի դասընթացքներուն, իր ունեցած սէրը կատարելագործելու համար։

Մասնագիտացած է իւղաներկով աշխատելու եւ իր իւղաներկերու գեղեցիկ հաւաքածոյով հպարտացող արուեստագիտուհի մըն է։

Տիկին Արապաթլեան վերջերս իր անհատական ցուցահանդէսը ներկայացուց նորաբաց  Հայկական կեդրոն համարուող Քաֆէ-Փօմ-ի յատուկ առիթներ եւ ձեռնարկներ քաջալերող սրահին մէջ։

Այս կապը այցելելով -  https://www.youtube.com/watch?v=cY3qSBRWatE

պիտի կարենաք ամբողջական գաղափար մը ստանալ, աւելի եւս գնահատելու Մանիային արուեստի հանդէպ ունեցած սէրն ու նուիրումը։

 

Խումբ մը այցելուներ Մանիային ցուցահանդէսին

 

 

 





 

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան  -  June 7, 2024 -Springfield, PA 



About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...