Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label St. Show all posts
Showing posts with label St. Show all posts

Saturday, May 23, 2026

Feb,28, 2024, A weekend, of, spiritual,renual, at, St, Sahag, St Mesrob,Zarmine, Boghosian

 

ՀՈԳԵՒՈՐ  ՍՆՈՒՆԴ  ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ  ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ  ՄԸ ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ  Ս․ ՍԱՀԱԿ-Ս․ՄԵՍՐՈՊ  ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ  ՆԵՐՍ

 

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

 zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Մեծ Պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ Որդիին նուիրուած Կիրակիին նախորդ օրերը Փետրուար 23, 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։

Ինչպէս որ հոս Հայց․ եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է որ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբ Գրային սերտողութեամբ, այս եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները  յաջորդաբար -  Դոկտ․ Գարօլայն Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեան, Ալէքս եւ Դալար Սարաֆեանները, Դոկտ․ Ճէսի Արլէն, Սարկաւագ Յովհաննէս Խոստեղեանը, եւ Դոկտ․ Սիլվի Մերեանը։

            Փետրուար 23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով որ երեք օր յաջորդաբար արարողութիւն տեղի ունեցաւ, եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։

            Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի Ժամերու իրիկնային ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք։

Ուրբաթ գիշերուայ ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի Հայ Համայնքի մասին  ի մասնաւորի ներկայ կացութեան մասին։

Օրուան դասախօս Արփի Նագաշեանը, ծնած եւ մեծցած ըլլալով Հին քաղաք Երուսաղէմի մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց մեզ Ս․ Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնը` որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու օգնութեամբ եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով մեզ փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

            Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին միաժամանակ մտերմացուց մեզ Ս․ քաղաքի Սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:  

            Ներկաներէն ուղղուած հարցին թէ՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը կրնայ լաւագոյնս աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին»  ի պատասխան Արփին շեշտեց ըսելով-  «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ․․․ Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը հայերուս համար»:    

Հայերը ժամանակին, յետ եղեռնեան տարիներուն, Հայկական թաղամասին մէջ 20 հազարէն աւելի էին, հիմա հազիւ հազար(1,000) կամ հազար հինգ հարիւր (1,500 հոգի) կը հաշուըուի։ «Մենք՝ հայերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն ու հաւատարմութիւնը այդ հողակտորին հանդէպ, քանի որ այդ հողամասը ոչ միայն շատ արժէքաւոր է, այլ եւ դարերէ ի վեր մե՛զի է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է որ այս օրերուն կան այլ խումբեր, որոնք կը ջանան տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին» - ընդգծեց մեր Սաղիմահայ դասախօսը:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ՝ Փետրուար 24-ին  Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ դասախօսութիւն՝ նուիրուած՝ Սրբադասուած Հայ Կիներու։  (Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է  նուիրել CASP-ին Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին)։

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Իրար քով եկած էին համայնքիս չորս հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը- Արժ․ Տ․Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ Եկեղեցւոյ հովիւ`  Արժ․ Տ․ Յակոբ Քհնյ․ Գէորգեանը, Ս․ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Ասատուր Քհնյ․Մինասեանը եւ Ս․ Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝Պատվելի Հեթհըր Օհանեսօնի հետ:

Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող 100-ի մօտ հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ սրահը։ Ս․ Սահակ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Ժիւլիէթ Տէյիրմէնճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։

Պատվելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը։ 

Ապա եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ․ Տ․ Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանը ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ի մասնաւորի օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիներուն։

Տիկին Էմիլի Թերճիմանեանը մտերմիկ ու քնքոյշ խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս․ Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Օրդ․ Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլադիմիր ուղղափառ աստուածաբանական ճեմարանները, ստացած ե նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ կ՛աշխատի իր աւարտական թէզին վրայ Դոկտորականի համար, նիւթ ունենալով- «Յոբի գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։

Արփի Նագաշեանի օրուան նիւթն էր 8-րդ դարու հայ կին բանաստեղծ, շարականագիր, երաժիշտ՝ Խոսրովիդուխդը: Արփին շեշտը դրաւ թէ ինչպէս Խոսրովիդուխդը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ»  գեղեցիկ օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց որ իր ունկընդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ, եւ սէր՝ նուիրելու շուրջիններուն, ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն որ անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:

Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Տիկին Բամելա Մամուրեանը մի քանի տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Արժ․ Տ․ Բարի Քհնյ․ Մեթճեանի Երէցկինը  Տիկին Անժէլ Մեթճեանը, որպէս հաղորդավար հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք Երեցկիներ՝ Աննա Գէորգեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս․ Սահակ-Ս․ Մեսրոպի Երէցկին ՝ Տիկին Մարան Պաղտասարեանը։

Երեք երիտասարդ Երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք պատմեցին թէ ինչպէս դարձեր են Երէցկին։ Անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։

Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:

Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած Կիրակիին։  Տէր Արմաշը իր ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին մասին։ Նոյնիսկ այնպիսի հանգամանք-ներուն երբ  մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ Որդիին պէս, եւ կրնանք մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։

Ո՞րն է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղծեց ի՛ր պատկերով: Աստուած իր շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կարող ենք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական բնոյթը չէ. մենք կարող ենք մաքրուիլ Աստուծոյ կողմէ: Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ է: Ասիկա ԻՐ մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։

Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է որ «Մենք մեր ժամանակը օգտագործենք Մեծ Պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի մօտենալու համար»:

Արարողութեան յաջորդող Սուրճի պահուն Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին 3-5-րդ դասարանի կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք, որպէս իրենց ուսումնական ծրագրի մաս՝ խոհանոց գացին Տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու Հայկական խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ ապա ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։

Ինչպէս որ Առակը կ՛ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» -  Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր, կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք, եւ շարունակեցէք Աստծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։

 

zarminekb@yahoo.com  Feb 28, 2024, Springfield, PA

Saturday, September 20, 2025

2025-Sept,19,20,21 ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ  ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ

Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

2025 թուականի շարք մը դարադարձիկ տօնակատարութիւններու շարքին ծանօթանանք նաեւ Ֆիլատելֆիոյ հինգ եկեղեցիներէն Սբ․ Սահակ- Սբ․ Մեսրոպ Հայց․ Եկեղեցւոյ պատմութեան։

 

sign.jpgՎերջերս պրպտումներուս ընդմէջէն ընթերցողը եղայ հետեւեալ արժէքաւոր, արխիւային նամակին, որ կը կրէ Հայոց Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Սիոն Արք․ Մանուկեանի ստորագրութիւնը, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի պաշտօնական թուղթով եւ թիւ 2004, Մարտ 23, 1961 թուակիրը, ուղղուած՝  Ֆիլատելֆիոյ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ օրուան հովիւ Արժ․ Տ․ Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանին։

Միասին կարդանք այդ նամակին առաջին պարբերութիւնը-

«Ստացած ենք ձեր Մարտ 8 թուակիր պաշտօնագիրը, որով կը տեղեկացնէք թէ համայնքիդ Բացառիկ Ծխական Ժողովը, որուն ներկայ եղած են 449 տրատու անդամներէն 269 հոգի, եւ 29-ի դէմ 240 քուէով որոշուած է ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը ծախել, գնել Էկնըս Ըրուին դպրոցի կալուածը՝ 196,000 տոլար արժէքով եւ անոր վրայ կատարել հարկ եղած փոփոխութիւնը եւ նորոգութիւնը՝  եկեղեցիի եւ այլ յարակից պէտքերու ծառայեցնելու համար, եւ կը խնդրէք Ձեր Ծխական Ժողովի որոշման հաստատումը։»

Անշուշտ իր կարգին օրուան Առաջնորդ հայրը հարկ եղած պաշտօնականութեամբ հարցը կը ներկայացնէ Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդին եւ անդամները միաձայնութեամբ  կ՛որոշեն «արտօնել» Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ պատուարժան Ծխական Խորհուրդին եւ գնահատելով անոնց նախանձախնդրութեամբ առնուած որոշումը, որուն համաձայն կարելի պիտի ըլլար Ֆիլատելֆիոյ աւելի յարմար թաղամասին մէջ ունենալ «համայնքային տուն մը, մեր բարեպաշտ ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքի յառաջդիմութեան եւ ծաղկումին ի խնդիր»։

Ֆիլատելֆիոյ մէջ հայ համայնքին կազմաւորումը սկսած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբին, նախա-եղեռնեան շրջանէն, երբ հայեր Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հալածանքներէն խուսափելով կը հասնէին Միացեալ Նահանգներ։

Այդ շրջանին, ծուխը իր հոգեւոր սնունդը ստացած է կրօնական արարողութիւններ կատարելով բողոքական եկեղեցւոյ մը մէջ, մինչեւ 1913 թուական։ Ապա, նոր կազմաւորուած համայնքը գնած է նոր եկեղեցի 1917-ին, որ կը գտնուէր Փայն եւ Պրօտ փողոցներու խաչմերուկին։ 1925 Յուլիս 22-ին Արեւմտեան Ֆիլատելֆիայի հայ եկեղեցւոյ համայնքը կը հաստատուի Ուոլնաթ-Walnut փողոցի 6006 հասցով գտնուող մեծ տան մէջ, գնելով զայն իր յարակից հողամասով։

1951 Դեկտեմբերի 9-ին եկեղեցւոյ դահլիճը գրեթէ կ՛աւարտի, եւ Գերշ․ Տիրան Եպս․ Ներսոյեանը կ՛օրհնէ անկիւնաքարը, որ նուէր էր Տէր եւ Տիկ․ Աւետիս Պուրնազեաններու կողմէ։ Օրհնութիւնը կը կատարուի կնքահայրութեամբը բժիշկ Վռամ Նետուրեանին: Հայկական ոճի խորանը կը նուիրուի տիկին Նուարդ Բագրատունիի եւ իր որդիներուն կողմէ՝ ի յիշատակ Հայկ Բագրատունիի:

Խորանը օրհնուած եւ օծուած է Գերշ․ Տիրան Եպս․ Ներսոյանի եւ Գերշ․ Տիրայր Արք․ Յովհաննէսեանի ձեռամբ՝ ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ՝ Հոգշ․ Տ․ Թորգոմ Վրդ․ Մանուկեանի, Տ․ Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանի մի քանի այլ հոգեւորականներու ներկայութեամբ:

1963 թուականէն ի վեր Լէնքէսթըր պողոտայի գլխաւոր գիծին մօտ գտնուող Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Հայց․Առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է հայ համայնքին, եւ Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքի գործող հինգ հայ եկեղեցիներէն մին է։

Յաջորդող տասնամեակներու հոսանքին հետ յաջորդաբար ծխատէր քահանայի պաշտօնով նշանակուած են շարք մը հոգեւոր հայրեր՝ ծուխին  հովիւը դառնալու եւ բնական է, որ համայնքը ապրած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին հետ նորանոր վերիվայրումներու շարան մը։

Կ՛արժէ հոս յիշատակել եւ վերյիշել բոլոր այն հոգեւոր հայրերը որոնք ստանձնած են ծխատէր քահանայի պաշտօնն ու անոր հետ կապուած բոլոր պարտականութիւնները սկսեալ 1912-էն մինչեւ 2025։

1912-1924- Տէր Պետրոս Վարդանեան

1924-1925- Տէր Եղիա Աշճեան

1925-1926- Տէր Եղիշէ Գալչինճեան

1926-1928- Հայր Խորէն Լազարեան

1928-1930- Հայր Արսէն Թորոսեան

1931-1937- Հայր Վահրամ Նազարէթեան

1938-1943- Հայր Մկրտիչ Մինասեան

1943-1944- Հայր Դերենիկ Փոլատեան

1944-1946- Հայր Ղեւոնդ Արապեան

1946-1950- Հայր Մեսրոպ Սեմերճեան

1950-1962- Տէր Լեւոն Առաքելեան

1962-1963- Հայր Վարդան Ասատուրեան

1963-1969- Տ․ Բաբգէն Եպս․ Վարժապետեան

1969-1975- Տ․ Եղիշէ Եպս․ Կիզիրեան

1975-1983- Դոկտ․ Հայր Զաւէն Արզումանեան

1983-1985- Հայր Նուրհան Մանուկեան

1985-2001- Տէր Դոկտ․ Բարի Մեթճեան

2002-2007- Հայր Հայկազուն Նաճարեան

2008-2009- Հայր Մկրտիչ Պռոշեան

2009-2022- Հայր Օշական Կիւլկիւլեան

2023-էն  մինչեւ այսօր՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեան

 

Մի քանի կարեւոր դէպքերու պատումներ եկեղեցւոյ կեանքէն առնուած ոչ միայն շատ հետաքրքրական են ալ նաեւ շատ ուսանելի գտած եմ որ միաժամանակ խորհրդածել կու տայ ժամանակի մտայնութեան, եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած յարգանքին եւ հոգատարութեան շուրջ եւ․․․  կ՛արժէ վերյիշել զանոնք։

Առաջին պատումը որ զիս շատ զարմացուցած է, մտածելով որ, որքա՜՜ն համեստ հոգեւոր հովիւներ ունեցած ենք, որ յօժարած են նման պայմաններու տակ ծխատէր քահանայ ըլլալ։ Առաջին եկեղեցին աղօթատեղի ըլլալու համար յարմարցուած բնակարան մը եղած է, որուն ամէնէն վերի յակը մէկուկէս սենեականոց յարկաբաժնին մէջ բնակած է օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Վարդապետը։

«Յարկաբաժինը» լոգնալու յարմարութեամբ բաղնիք չէ ունեցած եւ մեր համեստ հովիւը շաբաթը անգամ մը, կամ՝ թէ երկու շաբաթը անգամ եկեղեցիիէն երկու տուն վար ծխականի մը տան մէջ կը լոգնայ եւ կը վերադառնայ իր համեստ յարկաբաժինը։

Երկրորդ պատումը Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն համար օրինակ մըն է։ Եկեղեցին կեդրոնական ջեռուցումի յարմարութիւն չունենալուն աշակերտները համաձայն դասաւորումին իրենց կարգին համապատասխան օրին  փոքր տոպրակներով փայտ կը բերէին որպէսզի իրենց դասարանը տաքցընէին։

Երրրդ պատումը- որդեկորոյս Մայր մը- Տիկ․ Հոռմիկ Թեմօյեան Օգոստ 5, 1879-ին, Տիգրանակերտ ծնած որդիին վերջին բաղձանքը կատարած է 1919-ին մահացած ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մ․ ԹԵՄՕՅԵԱՆԻ յիշատակին եւ նուիրած է  $3,000 –երեք հազար ամերիկեան տոլար, «եկեղեցւոյ մնացած պարտքը փակելու համար»։  Գումար մը՝ որ 2025-ի սակարանային արժէքով 54-էն 56 հազարի նուէր մըն այս եկեղեցիին։

Իսկ Չորրորդ պատումը- կեդրոնական Ֆիլատելֆիայէն ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը գնելու առթիւ ծխական անդամներէն մին երբ կ՛անդրադառնան թէ բաւական մեծ գումարի մը պահանջք կայ, եւ ունեցած աղբիւրները ցամքած են․․․   ինք իր տունը գրաւի կը դնէ ( second mortgage- կ՛ըսեն հոս)  որպէսզի իր տան համարժէք մեծ գումարը կարենան ապահովել ներկայ եկեղեցին եւ հողամասը գնելու համար։

Այսօր եկեղեցոյ համայնքը ունի իր երգչախումբը իր նուիրեալ խմբավարով յանձինս Երէցկին Անժէլ Մէթճեանին, Կիրակնօրեայ դպրոցը, պատանեկան ու երիտասարդական խմբակցութիւնները, Տիկնանց Յանձնախումբը եւ Հայրերու-Տղամարդոց յանձնախումբերը որոնք իրենց կարգին ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընտանեկան մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն, միաժամանակ եկամտաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով ի նպաստ եկեղեցւոյ

Պատանեկան եւ Երիտասարդական  խմբակցութիւներ դարձեալ զանազան աշխատանքներով իրար քով կու գան, ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընկերային մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն։

 

Ս․Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպի Խորանի Օծումը պիտի կատարուի Ուրբաթ՝ Սեպտ․ 18-ին ձեռամբ՝ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ․  Տ․ Մեսրոպ եպս․ Պարսամեանի, ներկայութեամբը նախկին հովիւներ՝ Գերշ․ Տ․ Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի –Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայութեան նախկին առաջնորդ, եւ  Գերշ․ Տ․ Օշական Եպս․ Կիւլկիւլեանի- այժմ իրաքահայ համայնքի առաջնորդ, ինչպէս նաեւ շրջանի քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու համայնքի հայոց ներկայացուցիչները։

Պատարագի երգեցողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Կոմիտաս երգչախումբի անդամները խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեանի ղեկավարութեամբ։

Ներկայիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի եւ Ծխական խորհուրդի միասնաբար ջանքերով  2025, Սեպտեմբեր 21-ի շաբաթավերջը կը խոստանայ պարգեւել բացառիկ տօնախմբութիւն մը համայնքի հայութեան համար, միաժամանակ տօնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 34-րդ տարեդարձը եւ  անշուշտ Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ Հայց Եկեղեցւոյ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ։

Բարի երթ Ս․Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպի անունները կրող Հայց․ Առաքելական այս Եկեղեցիին իր Դարադարձին առթիւ։

  Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Սեպտեմբեր 15, 2025

Springfield, PA










About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...