ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՝
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս․ ՍԱՀԱԿ-Ս․ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան
Մեծ Պահքի շրջանի կիրակիներէն Անառակ Որդիին
նուիրուած Կիրակիին նախորդ օրերը Փետրուար 23, 24-ը երկար պիտի յիշուի մեր
համայնքէն ներս, մատուցուած հարուստ ու իւրօրինակ յայտագիրներով։
Ինչպէս որ հոս Հայց․ եկեղեցիներէն ներս աւանդութիւն դարձած է որ Մեծ Պահքի իւրաքանչիւր
շաբաթավերջը իմաստաւորել դասախօսութիւններով կամ Սուրբ Գրային սերտողութեամբ, այս
եկեղեցին ալ պատրաստուած է դիմաւորելու հետեւեալ դասախօսները յաջորդաբար -
Դոկտ․ Գարօլայն
Մեսրոպեան-Հիքմէն, Արփի Նագաշեան, Ալէքս եւ Դալար Սարաֆեանները, Դոկտ․ Ճէսի Արլէն, Սարկաւագ Յովհաննէս Խոստեղեանը, եւ
Դոկտ․ Սիլվի Մերեանը։
Փետրուար
23-ի շաբաթավերջը յատկանշական դարձաւ այն հանգամանքով որ երեք օր յաջորդաբար
արարողութիւն տեղի ունեցաւ, եւ երկու օր յաջորդաբար վայելեցինք Արփի Նագաշեանի
բծախնդրօրէն պատրաստած ելոյթները։
Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի շրջանին սպասուած Խաղաղութեան հսկումի Ժամերու
իրիկնային
ժամերգութիւնը, որուն յաջորդեց մեծ պահքի յատուկ համեղ ընթրիք։
Ուրբաթ գիշերուայ ընթրիքին յաջորդող դասախօսութիւնը նուիրուած էր Երուսաղէմի Հայ Համայնքի մասին ի մասնաւորի ներկայ կացութեան մասին։
Օրուան դասախօս Արփի Նագաշեանը, ծնած եւ մեծցած ըլլալով Հին քաղաք Երուսաղէմի մէջ, հանգամանօրէն ծանօթացուց մեզ Ս․ Քաղաք Երուսաղէմի քարտէսին եւ այն անկիւնը` որ կը կոչուի հայկական հողամաս։ Ան սահիկներու
օգնութեամբ
եւ գեղեցիկ նկարներով պատրաստած իր ելոյթով մեզ
փոխադրեց Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմի շրջանները, ծանօթացուց հայկական բաժնին պատմական
կարեւորութեան եւ այս օրերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Հայկական թաղամասին մէջ ապրած իր կեանքի փորձառութիւններով եւ անձնական պատկերացումներով Արփին
միաժամանակ մտերմացուց մեզ Ս․
քաղաքի Սաղիմահայ կեանքին եւ ներկայիս դիմագրաւած դժուարութիւներուն, ինչպէս նաեւ
հայկական տարածքը հայկական պահելու շուրջ ծագած մարտահրաւէրներուն:
Ներկաներէն
ուղղուած հարցին թէ՝ «Ինչպէ՞ս սփիւռքը
կրնայ լաւագոյնս
աջակցիլ Հին քաղաք Երուսաղէմի հայ համայնքին» ի պատասխան Արփին շեշտեց ըսելով- «Ձե՛ր իսկ ներկայութեամբ․․․ Ուխտագնացութիւն կազմակերպեցէք դէպի
Երուսաղէմ, որպէսզի աշխարհ իմանայ թէ որքան կարեւոր է այս անկիւնը
հայերուս համար»:
Հայերը
ժամանակին,
յետ եղեռնեան տարիներուն, Հայկական
թաղամասին
մէջ 20 հազարէն աւելի էին, հիմա հազիւ հազար(1,000) կամ հազար հինգ հարիւր
(1,500 հոգի) կը հաշուըուի։ «Մենք՝ հայերս, պէտք
է ցոյց տանք մեր հոգատարութիւնն
ու հաւատարմութիւնը
այդ հողակտորին հանդէպ,
քանի որ այդ հողամասը ոչ միայն շատ
արժէքաւոր
է, այլ եւ
դարերէ ի վեր մե՛զի է եւ հայերո՛ւս կը պատկանի։ Բնական է որ այս օրերուն կան այլ խումբեր,
որոնք կը ջանան
տիրանալ յատկապէս այդ հողակտորին» - ընդգծեց մեր Սաղիմահայ
դասախօսը:
Յաջորդ օրը, Շաբաթ՝ Փետրուար 24-ին Ս․
Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ Տիկնանցը
կազմակերպած էր իւրայատուկ ճաշկերոյթ դասախօսութիւն՝ նուիրուած՝ Սրբադասուած Հայ Կիներու։ (Օրուան հասոյթին որոշ տոկոսը ծրագրուած է նուիրել CASP-ին
Հայաստանի մանուկներու հովանաւորութեան ծրագրին եւ Վանաձորի ծերանոցին)։
Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցական արարողութեամբ։ Իրար քով եկած էին համայնքիս չորս
հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը- Արժ․ Տ․Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի հրաւէրով, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ Եկեղեցւոյ հովիւ` Արժ․ Տ․
Յակոբ Քհնյ․ Գէորգեանը, Ս․ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Ասատուր Քհնյ․Մինասեանը եւ Ս․ Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝Պատվելի Հեթհըր
Օհանեսօնի հետ:
Եկեղեցւոյ արարողութենէն ետք Ֆիլատելֆիոյ հայկական բոլոր եկեղեցիները ներկայացնող 100-ի մօտ հիւրերը հրաւիրուեցան գեղեցկօրէն ու օրուան պատշաճ յարդարանքով պատրաստուած մեծ
սրահը։ Ս․ Սահակ Եկեղեցւոյ
Ծխական Խորհուրդի ատենապետուհի՝ Տիկին Ժիւլիէթ Տէյիրմէնճիի եւ եկեղեցւոյ ժրաջան
օգնական տիկիններուն պատրաստած Մեծ Պահքի յատուկ ճաշացուցակով հարուստ
համադամ ճաշերը կը սպասէին բոլորին։
Պատվելի Հեթհըրին օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ
յայտագիրը։
Ապա եկեղեցւոյ Հովիւ Արժ․ Տ․ Արմաշ Քհնյ․
Պաղտասարեանը ողջունեց ներկաները բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, ի մասնաւորի
օրուան հրաւէրին ընդառաջած հոգեւոր հայրերուն եւ երէցկիներուն։
Տիկին Էմիլի Թերճիմանեանը մտերմիկ ու քնքոյշ
խօսքերով ներկայացուց իր ընկերուհի եւ Ս․
Ներսէսի դասընկերուհի՝ օրուան պատգամաբեր Օրդ․ Արփի Նագաշեանը։ Արփին աւարտած է Սուրբ Ներսէս եւ Սուրբ Վլադիմիր ուղղափառ աստուածաբանական
ճեմարանները, ստացած ե նաեւ իր Պսակաւոր եւ Մագիստրոս վկայականները եւ այժմ
կ՛աշխատի իր աւարտական թէզին վրայ Դոկտորականի համար, նիւթ ունենալով- «Յոբի
գիրքը հայ աւանդութեան մէջ»։
Արփի
Նագաշեանի օրուան նիւթն էր 8-րդ դարու հայ
կին բանաստեղծ, շարականագիր, երաժիշտ՝ Խոսրովիդուխդը: Արփին շեշտը դրաւ թէ
ինչպէս Խոսրովիդուխդը իր սիրելի եղբօրը՝ Վահանին կորսնցուցած ըլլալու
անսահման վիշտը վերածեց «Զարմանալի է ինձ» գեղեցիկ
օրհներգի եւ քաջալերելով թելադրեց որ իր
ունկընդիրներն ալ ձեւ մը գտնեն իրենց կեանքի վիշտը փոխարինելու ծառայութեամբ, եւ սէր՝ նուիրելու շուրջիններուն,
ինչպէս նաեւ օգնել շուրջիններուն որ անոնք ալ իրենց վիշտը փոխարինելու սեփական ճանապարհը կարենան գտնել:
Արփիին ելոյթէն ետք Տիկնանցի ատենապետուի Տիկին
Բամելա Մամուրեանը մի քանի տողով բացատրեց յայտագրին յաջորդ բաժինը եւ հրաւիրեց
եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն՝ հոգելոյս Արժ․ Տ․ Բարի Քհնյ․
Մեթճեանի Երէցկինը Տիկին
Անժէլ Մեթճեանը, որպէս հաղորդավար
հրաւիրելու ներկայ երէցկինները։ Ան
սիրով ընդառաջելով հրաւէրին ներկայացուց Ֆիլատելֆիոյ շրջանէն ներկայ գտնուող երեք Երեցկիներ՝
Աննա Գէորգեանը՝ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ եկեղեցիէն, Արփի Մինասեանը՝ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ եկեղեցի Ս․ Սահակ-Ս․
Մեսրոպի Երէցկին ՝ Տիկին Մարան
Պաղտասարեանը։
Երեք
երիտասարդ
Երէցկինները, քով-քովի նստած, շարքով ներկայացուցին իրենք զիրենք։ Իրենց տրուած կարճ հարցաթերթիկին պատասխանելով անոնք
պատմեցին թէ ինչպէս դարձեր են Երէցկին։ Անդրադարձան նաեւ իրենց պաշտօնի բերումով համայնքի ակնկալութիւններուն, համայնքի
անդրադարձը՝ իրենց անհատական կեանքի ուրախութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։
Իւրաքանչիւրին պատմութիւնը եզակի էր եւ արտայայտութիւնները մտածուած, որոնք կրցան ներկաներուն անկեղծօրէն ծանօթացնել իրենց աշխարհը: Զիրենք կապող ու ներկայացնող ընդհանուր գիծը անխուսափելիօրէն իրենց անսակարկ նուիրումն է համայնքին ու աջակցութիւնը իրենց ամուսիններուն եւ անոնց հոգեւորական կոչումին:
Վերջապէս, շաբաթավերջը հասցուց մեզ Անառակ որդիին նուիրուած Կիրակիին։ Տէր
Արմաշը իր
ոգեւորիչ քարոզով մեզի հասկցուց Աստուծոյ աչքին առաջ մեր ունեցած կամ գրաւած արժէքին
մասին։ Նոյնիսկ
այնպիսի
հանգամանք-ներուն երբ մենք կը կորսնցնենք մեր ճամբան Անառակ Որդիին պէս, եւ կրնանք
մտածել, թէ «Աստուած, ինչո՞ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսնցուցած եմ իմ ճամբաս»։
Ո՞րն
է մեր արժէքը Աստուծոյ առաջ: Տէր Արմաշը շարունակեց. «Մենք իւրաքանչիւրս Աստուծոյ համար
անգին գոհարի մը պէս ենք։ Ան մեզ
ստեղծեց ի՛ր
պատկերով: Աստուած իր
շունչը փչեց մեր մէջ: Մենք Աստուծոյ զաւակներն
ենք: Եւ հակառակ անոր որ մենք կարող ենք մեղք գործել, մեղքը մեր իսկական
բնոյթը չէ. մենք կարող ենք մաքրուիլ
Աստուծոյ
կողմէ: Աստուած
մեզմէ իւրաքանչիւրին
մէջ է: Ասիկա ԻՐ
մնայուն նշանն է: «Ես քու մէջդ
եմ, եւ դուն
իմ մէջս
ես»։
Տէր Արմաշը եզրափակեց՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ կարեւոր է որ «Մենք մեր
ժամանակը օգտագործենք Մեծ Պահքի շրջանին՝ Աստուծոյ աւելի
մօտենալու համար»:
Արարողութեան յաջորդող Սուրճի պահուն
Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին 3-5-րդ դասարանի կրտսեր աշակերտները օրուան դասէն ետք, որպէս իրենց
ուսումնական ծրագրի մաս՝ խոհանոց գացին Տիկին Ժիւլիէթէն սորվելու Հայկական
խոհանոցին մասին: Աշակերտները նախընտրեցին տիկին Ժիւլիէթին օգնելով սորվիլ ինչպէս ձուազեղ եւ ձաւարով փիլաւ կը պատրաստեն եւ
ապա
ամբողջ ուտելիքը դասաւորելով հրամցնել ժամուորներուն։
Ինչպէս որ Առակը կ՛ըսէ (22:6) «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած
ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» - Նոր սերունդի մատղաշ ձեռքեր, կը սորվին օրինակով եւ գործնական աշխատանքով։ Շատ ապրիք դուք, եւ շարունակեցէք Աստծոյ անունով ծառայութիւն մատուցանել ազգին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին։
zarminekb@yahoo.com Feb 28, 2024,
No comments:
Post a Comment