ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ
ՀԱՄԱՅՆՔԻ
Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ
ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
2025
թուականի շարք մը
դարադարձիկ տօնակատարութիւններու շարքին
ծանօթանանք նաեւ Ֆիլատելֆիոյ հինգ
եկեղեցիներէն Սբ․ Սահակ- Սբ․ Մեսրոպ Հայց․
Եկեղեցւոյ պատմութեան։
Վերջերս պրպտումներուս
ընդմէջէն ընթերցողը եղայ հետեւեալ արժէքաւոր, արխիւային նամակին, որ կը կրէ Հայոց
Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Սիոն Արք․
Մանուկեանի ստորագրութիւնը, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի պաշտօնական թուղթով եւ թիւ
2004, Մարտ 23, 1961 թուակիրը, ուղղուած՝
Ֆիլատելֆիոյ Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ օրուան հովիւ Արժ․ Տ․
Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանին։
Միասին կարդանք այդ նամակին առաջին պարբերութիւնը-
«Ստացած ենք ձեր Մարտ 8
թուակիր պաշտօնագիրը, որով կը տեղեկացնէք թէ համայնքիդ Բացառիկ Ծխական Ժողովը,
որուն ներկայ եղած են 449
տրատու անդամներէն 269 հոգի, եւ
29-ի դէմ 240 քուէով որոշուած է ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը ծախել,
գնել Էկնըս Ըրուին դպրոցի կալուածը՝ 196,000
տոլար արժէքով եւ անոր վրայ կատարել հարկ եղած փոփոխութիւնը եւ
նորոգութիւնը՝ եկեղեցիի եւ այլ յարակից
պէտքերու ծառայեցնելու համար, եւ կը խնդրէք Ձեր Ծխական Ժողովի որոշման
հաստատումը։»
Անշուշտ իր կարգին օրուան Առաջնորդ հայրը հարկ եղած
պաշտօնականութեամբ հարցը կը ներկայացնէ Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդին եւ
անդամները միաձայնութեամբ կ՛որոշեն «արտօնել» Սբ․ Սահակ եւ Սբ․ Մեսրոպ եկեղեցւոյ պատուարժան Ծխական Խորհուրդին եւ
գնահատելով անոնց նախանձախնդրութեամբ առնուած որոշումը, որուն համաձայն կարելի
պիտի ըլլար Ֆիլատելֆիոյ աւելի յարմար թաղամասին մէջ ունենալ «համայնքային տուն մը, մեր
բարեպաշտ ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքի յառաջդիմութեան եւ
ծաղկումին ի խնդիր»։
Ֆիլատելֆիոյ մէջ հայ համայնքին կազմաւորումը սկսած
է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբին, նախա-եղեռնեան շրջանէն, երբ հայեր Օսմանեան
կայսրութեան շրջանի հալածանքներէն խուսափելով կը հասնէին Միացեալ Նահանգներ։
Այդ շրջանին, ծուխը իր հոգեւոր սնունդը ստացած է կրօնական
արարողութիւններ կատարելով բողոքական եկեղեցւոյ մը մէջ, մինչեւ 1913 թուական։ Ապա,
նոր կազմաւորուած համայնքը գնած է նոր եկեղեցի 1917-ին, որ կը գտնուէր Փայն եւ Պրօտ
փողոցներու խաչմերուկին։ 1925 Յուլիս 22-ին Արեւմտեան Ֆիլատելֆիայի հայ եկեղեցւոյ
համայնքը կը հաստատուի Ուոլնաթ-Walnut փողոցի 6006 հասցով գտնուող մեծ տան մէջ, գնելով զայն իր յարակից
հողամասով։
1951 Դեկտեմբերի 9-ին եկեղեցւոյ դահլիճը գրեթէ կ՛աւարտի,
եւ Գերշ․ Տիրան Եպս․ Ներսոյեանը կ՛օրհնէ անկիւնաքարը, որ նուէր էր Տէր
եւ Տիկ․ Աւետիս Պուրնազեաններու կողմէ։
Օրհնութիւնը կը կատարուի կնքահայրութեամբը բժիշկ Վռամ Նետուրեանին: Հայկական ոճի
խորանը կը նուիրուի տիկին Նուարդ Բագրատունիի եւ իր որդիներուն կողմէ՝ ի յիշատակ
Հայկ Բագրատունիի:
Խորանը օրհնուած եւ օծուած է Գերշ․ Տիրան Եպս․
Ներսոյանի եւ Գերշ․ Տիրայր Արք․ Յովհաննէսեանի ձեռամբ՝ ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ՝
Հոգշ․ Տ․ Թորգոմ Վրդ․ Մանուկեանի,
Տ․ Լեւոն Քհնյ․ Առաքելեանի մի քանի այլ հոգեւորականներու ներկայութեամբ:
1963 թուականէն ի վեր Լէնքէսթըր պողոտայի գլխաւոր գիծին
մօտ գտնուող Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Հայց․Առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է հայ համայնքին, եւ Ֆիլատելֆիոյ
հայ համայնքի գործող հինգ հայ եկեղեցիներէն մին է։
Յաջորդող տասնամեակներու հոսանքին հետ յաջորդաբար ծխատէր
քահանայի պաշտօնով նշանակուած են շարք մը հոգեւոր հայրեր՝ ծուխին հովիւը դառնալու եւ բնական է, որ համայնքը
ապրած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին հետ նորանոր վերիվայրումներու շարան մը։
Կ՛արժէ հոս յիշատակել եւ
վերյիշել բոլոր այն հոգեւոր հայրերը որոնք ստանձնած են ծխատէր քահանայի պաշտօնն ու
անոր հետ կապուած բոլոր պարտականութիւնները սկսեալ 1912-էն մինչեւ 2025։
1912-1924-
Տէր Պետրոս Վարդանեան
1924-1925- Տէր Եղիա Աշճեան
1925-1926- Տէր Եղիշէ Գալչինճեան
1926-1928- Հայր Խորէն Լազարեան
1928-1930- Հայր Արսէն Թորոսեան
1931-1937- Հայր Վահրամ
Նազարէթեան
1938-1943- Հայր Մկրտիչ Մինասեան
1943-1944- Հայր Դերենիկ
Փոլատեան
1944-1946- Հայր Ղեւոնդ Արապեան
1946-1950- Հայր Մեսրոպ
Սեմերճեան
1950-1962- Տէր Լեւոն Առաքելեան
1962-1963- Հայր Վարդան
Ասատուրեան
1963-1969- Տ․ Բաբգէն Եպս․
Վարժապետեան
1969-1975- Տ․ Եղիշէ Եպս․ Կիզիրեան
1975-1983- Դոկտ․ Հայր Զաւէն Արզումանեան
1983-1985- Հայր Նուրհան
Մանուկեան
1985-2001- Տէր Դոկտ․ Բարի Մեթճեան
2002-2007- Հայր Հայկազուն
Նաճարեան
2008-2009- Հայր Մկրտիչ Պռոշեան
2009-2022- Հայր Օշական Կիւլկիւլեան
2023-էն մինչեւ այսօր՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեան
Մի քանի կարեւոր դէպքերու պատումներ եկեղեցւոյ
կեանքէն առնուած ոչ միայն շատ հետաքրքրական են ալ նաեւ շատ ուսանելի գտած եմ որ
միաժամանակ խորհրդածել կու տայ ժամանակի մտայնութեան, եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած
յարգանքին եւ հոգատարութեան շուրջ եւ․․․ կ՛արժէ վերյիշել զանոնք։
Առաջին
պատումը որ զիս շատ զարմացուցած է, մտածելով որ, որքա՜՜ն համեստ հոգեւոր հովիւներ
ունեցած ենք, որ յօժարած են նման պայմաններու տակ ծխատէր քահանայ ըլլալ։ Առաջին
եկեղեցին աղօթատեղի ըլլալու համար յարմարցուած բնակարան մը եղած է, որուն ամէնէն
վերի յակը մէկուկէս սենեականոց յարկաբաժնին մէջ բնակած է օրուան հոգեւոր հովիւ՝
Վարդապետը։
«Յարկաբաժինը» լոգնալու յարմարութեամբ բաղնիք չէ
ունեցած եւ մեր համեստ հովիւը շաբաթը անգամ մը, կամ՝ թէ երկու շաբաթը անգամ եկեղեցիիէն երկու տուն վար ծխականի մը տան
մէջ կը լոգնայ եւ կը վերադառնայ իր համեստ յարկաբաժինը։
Երկրորդ
պատումը Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն համար օրինակ մըն է։ Եկեղեցին
կեդրոնական ջեռուցումի յարմարութիւն չունենալուն աշակերտները համաձայն
դասաւորումին իրենց կարգին համապատասխան օրին փոքր տոպրակներով փայտ կը բերէին որպէսզի իրենց
դասարանը տաքցընէին։
Երրրդ
պատումը- որդեկորոյս Մայր մը- Տիկ․ Հոռմիկ Թեմօյեան Օգոստ
5, 1879-ին, Տիգրանակերտ ծնած որդիին վերջին բաղձանքը կատարած է 1919-ին մահացած ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
Մ․ ԹԵՄՕՅԵԱՆԻ յիշատակին եւ նուիրած է
$3,000 –երեք հազար ամերիկեան տոլար, «եկեղեցւոյ մնացած պարտքը փակելու համար»։ Գումար մը՝ որ 2025-ի սակարանային արժէքով
54-էն 56 հազարի նուէր մըն այս եկեղեցիին։
Իսկ
Չորրորդ պատումը- կեդրոնական Ֆիլատելֆիայէն ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը գնելու առթիւ ծխական
անդամներէն մին երբ կ՛անդրադառնան թէ բաւական մեծ գումարի մը պահանջք կայ, եւ
ունեցած աղբիւրները ցամքած են․․․
ինք իր
տունը գրաւի կը դնէ ( second mortgage-
կ՛ըսեն հոս) որպէսզի իր տան
համարժէք մեծ գումարը կարենան ապահովել ներկայ եկեղեցին եւ հողամասը գնելու համար։
Այսօր եկեղեցոյ համայնքը ունի
իր երգչախումբը իր նուիրեալ խմբավարով յանձինս Երէցկին Անժէլ Մէթճեանին,
Կիրակնօրեայ դպրոցը, պատանեկան ու երիտասարդական խմբակցութիւնները, Տիկնանց Յանձնախումբը
եւ Հայրերու-Տղամարդոց յանձնախումբերը որոնք իրենց կարգին ձեռնարկեր կը
կազմակերպեն ընտանեկան մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն, միաժամանակ եկամտաբեր
ձեռնարկներ կազմակերպելով ի նպաստ եկեղեցւոյ
Պատանեկան եւ
Երիտասարդական խմբակցութիւներ դարձեալ
զանազան աշխատանքներով իրար քով կու գան, ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընկերային
մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն։
Ս․Սահակ
եւ Ս․ Մեսրոպի Խորանի Օծումը
պիտի կատարուի Ուրբաթ՝ Սեպտ․ 18-ին ձեռամբ՝
Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Մեսրոպ եպս․
Պարսամեանի, ներկայութեամբը նախկին հովիւներ՝ Գերշ․ Տ․ Հայկազուն Արք․ Նաճարեանի –Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայութեան
նախկին առաջնորդ, եւ Գերշ․ Տ․
Օշական Եպս․ Կիւլկիւլեանի- այժմ
իրաքահայ համայնքի առաջնորդ, ինչպէս
նաեւ շրջանի քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու համայնքի հայոց ներկայացուցիչները։
Պատարագի երգեցողութեան պիտի մասնակցին նաեւ
Կոմիտաս երգչախումբի անդամները խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեանի ղեկավարութեամբ։
Ներկայիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արմաշ Քհնյ․ Պաղտասարեանի եւ Ծխական խորհուրդի միասնաբար
ջանքերով 2025, Սեպտեմբեր 21-ի շաբաթավերջը կը
խոստանայ պարգեւել բացառիկ տօնախմբութիւն մը համայնքի հայութեան համար, միաժամանակ
տօնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 34-րդ տարեդարձը եւ անշուշտ Ս․ Սահակ եւ Ս․
Մեսրոպ Հայց Եկեղեցւոյ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ։
Բարի երթ Ս․Սահակ
եւ Ս․ Մեսրոպի անունները կրող Հայց․ Առաքելական այս Եկեղեցիին իր Դարադարձին առթիւ։
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան
Սեպտեմբեր 15, 2025
No comments:
Post a Comment