The Armenian
Church of the Holy Martyrs- 2017 Narrec
page 8
ՈՂՋՈՅՆ
ՔՍԱՆՎԵՑԱՄԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Այս տարի Հինգշաբթի՝ Սեպտեմբեր 21- ին կը նշենք ԱՆԿԱԽ
Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը: Անկախութիւն մը՝ որ մեր հայրերն ու մեծ
հայրերը կարօտը իրենց սրտերուն հեռացան այս աշխարհէն առանց տեսնելու իրենց երազին
իրականանալը: Դարերու ընթացքին մեծ պետութիւններու տիրակալութեան դիմանալով,
խուժաններու յարձակումներուն դէմ պայքարելով, անհամար զոհեր տալով Հայը իր
ինքնութիւնը կրցած է պահպանել՝ կառչած մնալով իր հոգեւոր կեդրոններուն եւ
Մեսրոպեանին:
Մայիս
28-ի Սարտարապատեան ոգին անգամ մը եւս իր դերը կատարեց երբ Սովետական իշխանութեան
փլուզումէն օգտուելով Հայաստանն ալ իր եօթանասունամեայ լուծէն ձերբազատուեցաւ
Օգոստոս 23, 1990-ին:
1991 Սեպտեմբեր 21-ին Հայ ժողովուրդը միաբերան
քուէարկելով Անկախութիւն հռչակեց: Այդ օրէն սկսեալ Եռագոյնը սկսաւ ծածանիլ մեր
պաշտօնական շէնքերու գագաթներէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայերուն հոգիներէն ներս:
Յուլիս 5, 1995-ին հռչակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի
Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւնը: Պատմական թուականներ են ասոնք որ
իւրաքանչիւրս լրջօրէն մտածենք, արձանագրենք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն, թէ
ի՜՜նչ գինով ձեռք բերուած է անկախութիւնը:
Հայրենի հողը սուրբ է եւ շաղախուած է մեր
նախահայրերու արիւնով, եւ կը շարունակուի պաշտպանուիլ նորանոր երիտասարդ զոհերու կարմիր
արիւնով: Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ պատմական եղելութիւն մը որ պատահած էր Սարտարապատի
1918-ի հերաոսամարտի օրերուն: Այդ օրերուն Էջմիածնի Ճեմարանի տեսուչ (ապա Կիլիկեան
Աթոռի Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) Շնորհազարդ Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց Էջմիածնէն
ուղղակի կ’երթայ Սարտարապատ եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին կը դիմէ սա խօսքերով-«Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է
ունեցել եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը:
Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ- հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում
էր գնալ թշնամու դէմ- նրա հրամանտարները գալիս էին Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ՝ նրա
աջը համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մեծ է եւ
ահաւոր, որ ես ահա սուրբ Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքը համբուրելու, որ
փրկէք հայրենիքը... փրկէք ձեր պատիւը, հայի՛ պատիւը .....»
Հայրենասէր հոգեւորականներու ներշնչումով մեր
ժողովուրդը միշտ ալ- Ղեւոնդ Երէցէն սկսեալ - մեծ հաւատքով պայքարած է, միշտ ալ
հաւատալով, որ երբ «ելք ու ճար» կը
կարծուի որ չէ մնացած, միասնակամ ջանքերով յաղթական դուրս ելած ենք եւ գոյատեւած
դարեր շարունակ: Երբ քսանվեցամեայ մեր հայրենիքին անկախութիւնը կը նշենք, յիշենք
բոլոր անոնց՝ որոնց թափած արիւնին, նուիրումին, անձնազոհութեան շնորհիւ է որ մեր
եռագոյնը այսօր կը ծածանի ոչ միայն Հայաստանի տարածքին, այլ նաեւ Միացեալ ազգերու
դրօշներուն շարքին: Իսկ հայրենի հողին գոյութիւնը ապահովելու համար յիշենք նաեւ
Վարդգէս Պետրոսեանին խօսքը թէ - “Երկիրը
երկու հարեւանով տուն չէ, որ վատ հարեւանի պատճառով ծախես գնաս մի ուրիշ փողոց կամ
քաղաք, նոր տուն առնես կպած
ապրում ենք ու պիտի՛ ապրենք մինչեւ Ահեղ Դատաստան։”
Ողջոյն
բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքով սկսան անկախութեան պայքարը:
Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց որոնք
ջանք չեն խնայեր հայրենի հողին ծաղկման ու անկախութեան գոյատեւման:
Ազատ հայրենիքի քաղաքացի մեր քոյր եղբայրներուն միանալով կը մաղթենք որ սփիւռքի բոլոր տարածքներէն Սարտարապատի զանգակներուն հետ մեր հոգիներէն ներս ղօղանջեն լաւատեսութիւնն ու նուիրումի ոգին ապահովելու յաղթական երթը մեր ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:
Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան
2017-September
No comments:
Post a Comment