Օրագրութիւն մը... Կաղանչէքի փոխարէն
«Կեանքի մեծագոյն յաղթանակը ոչ թէ բնաւ չձախողելուն
մէջն է, այլ՝ իւրաքանչիւր ձախորդութենէն ետք ոտքի կարենալ բարձրանալն է:» Նիլսըն Մանտելա
Տօնական օրերու առթիւ հեռու մօտիկ բարեկամներէ սկսած են շնորահաւորական քարթեր հասնիլ արդէն: Տասնամեակ
մը առաջ շատ աւելի թիւով կը տեղային անոնք:
Համակարգիչը – առաւելութիւն է թէ անպատեհութիւն- շատ նուազեցուց նամակագրական ջերմիկ
այդ կապը, երբ մանաւանդ հաճոյքով կը կարդայինք
ենթակային ձեռագրով գրուած մի քանի անձնական
տողեր տպուած քարթին, մաշած-կրկնուած խօսքերուն կողքին: Շաբաթ մը առաջ համակարգիչի հասցէիս եկաւ հասաւ շատ հետաքրքրական
ի-մակ մը՝ (ի-մէյլ) հեռաւոր ծանօթէ մը, մի քանի նկարներով: Կցուած նկարները ձեռագիր
էջեր էին, օրագրութեան տետրակէ մը առնուած: Ղրկողը հայ չէ, իրեն համար անհասկնալի ու
անընթեռնելի գրութիւններով լեցուն տետրակէ մը նկարած էր, որ իր կնոջ «նախահայրերուն» կը պատկանէր: Կը խնդրէր որ
եթէ կարդալ կարենայի եւ մանաւանդ՝ թարգմանել,
իր կնոջ համար, որ հայկական ծագում ունէր եւ որուն «նախահայրերը» ովկիանոսին անդիէն Միացեալ Նահանգներ եկած էին... ջարդէն
ետք ... ամէնէն մեծ անակնկալը եւ յարգի նուէրը պիտի ըլլար:
Օրագիրը կը սկսէր 1929 –ի Փետրուար ամիսէն: Մանակամարդուհի մըն
էր որ կը պարծենար իր մեքենագրելու արագութեան վրայ, եւ տեղական թերթին մէջ լոյս տեսած
կտրօնը ներառած էր, ուր իր անունը կը յիշուէր թէ առաջնութիւն շահած էր վայրկեանը
46 բառ տպելով. . . բոլոր օտար անուններու շարքին «եան»-ով վերջացող իր մականուն ալ ընդգծուած էր: Իւրաքանչիւր օրուան սիւնակին
մէջ կարճ-կտրուկ զուլալ հայերէնով գրուած տողեր էին: Յայտնի էր որ ենթական ոչ միայն
ուսեալ մէկն էր, այլ նաեւ՝ անսխալ հայերէն կը գրէր:
Էջ առ էջ թերթատելով մասնակից դարձայ սիրոյ
պատմութեան մը, որուն նկարագրականը օրէ որ
զարգանալով հասած էր ամուսնութեան: Օրիորդ Պերճուհին կը յիշէր հանրակառքին մէջ իր հանդիպումը
մի ոմն Պարոն Արշամին հետ, Սիրանոյշ մօրաքոյրին քով երթալ-գալերը, պարտէզին մէջ հանդիպումները...
եւլն: Խտացուած բառերով արձանագրուած զգացումները,
երկուքին միջեւ հետզհետէ զարգացող մտերմութիւնը, օրագրի հեղինակին ներքին մտածումները,
մտերմիկ պահերուն ամփոփումը, կախման կէտերով վերջացող նախադասութիւններով... ընդհանուր
գաղափար մը կու տային ենթակային անձնաւորութեան մասին: Պարոն Արշամին եւ Օրիորդ Պերճուհիին
միջեւ Փետրուարին ծլարձակող մտերմութիւնը մինչեւ Յուլիս կը հասնէր ամուսնութեան եւ
մեղրալուսնի:
Մի քանի օր առաջ կրկին նոյն անձէն ի-մակ մը եկաւ յիշեցնելու թէ կարելի՞ է արդեօք Դեկտ. 25-էն առաջ ստանալ օրագիրին թարգմանութիւնը - Անգլերէն անշուշտ:
«Ծննդեան տօներուն առթիւ ամէնէն յարգի
նուէրը պիտի ըլլայ տիկնոջս համար...» կը շեշտէր երկտողը ... «Ան հայկական
ծագում ունի, բայց երրորդ սերունդ ամերիկացի է եւ... բնականաբար Հայերէն չի կրնար կարդալ
կամ խօսիլ, բայց գիտեմ թէ ամէնէն յարգի կաղանդի նուէրը տուած պիտի ըլլամ իրեն.....»
Հայկական
ծագում ունեցող այս տիկնոջ տրուելիք «Ամէնէն յարգի նուէրը» կրնայի՞ զլանալ....այն
ալ տօնական այս օրերուն...
Այս պարտականութեան տրուելիք ժամանակէն աւելի զիս
մտածմունքներու մէջ թաղեց այդ «Ամէնէն յարգի
նուէր» արտայայտութիւնը:
Ուրեմն
այս օրերուն կը գտնուի՛ն մարդիկ որ կրնան ուրախանալ առանց մեծաքանակ գումար պահանջող
նուէրներ ստանալու: Ծնողներ կան, որ նուազագոյնը 200-էն 500 կամ նոյնիսկ աւելի տոլար կը տրամադրեն կաղանդի նուէրներով
ուրախացնելու իրենց իւրաքանչիւր զաւակը:
Կա՛ր ժամանակ մը երբ մենք կ՛ուրախանայինք եւ մանաւանդ՝ գոհ կ՛ըլլայինք
երբ մեծ հայրիկը, հօրեղբայրը եւ կամ մօրեղբայր մը մեզի այցելէր, գրկէր մեզ եւ մեր ականջին փաղաքշական խօսքեր մրմնջելով
25 ղրուշ մը կամ շատ-շատ մէկ կամ երկու դահեկան
մը զետէղէր մեր ափին մէջ: Արդէն դար մը ետին
մնացած է զոյգ մը գուլպայով կամ մի քանի նարինջ, խնձոր, ընկոյզ ծրարելով պատանի մը
իր անուան տօնին կամ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորելով ուրախացնելու շրջանը:
Եթէ
իմ մի քանի ժամուայ աշխատանքս յարգի նուէր մը փոխանցած ըլլալու պիտի ծառայէ, ուրեմն
իւրաքանչիւրը մեզմէ քանի-քանի՜ անձեր կրնայ ուրախացնել իր մէկ արարքով, ժամանակ տրամադրելու
պատրաստակամութեամբ եւ.. այդ մխսուելիք տոլարները խնայելով ա՛լ աւելի կարեւոր տեղեր
յատկացնելու:
Մէջս
զօրաւոր փափաք մը արթնցաւ այդ «գլուխ-գովողներուն» կաղանդչէքի համար տոլար մսխողներուն եւ իրենց նմաններուն
հետ դէմ առ դէմ հանդիպելու, այդ գումարները
մէկ զաւակի համար ծախսելու փոխարէն ըսելու թէ այդ տոլարները ի՜նչ հրաշքներ կրնան գործել
... եթէ...աւելի կարեւոր տեղեր յատկացնելու գիտակցութիւնը ունենայինք ...
Պահ մը
շուարած մնացի: Բայց ո՞ր մէկ կարեւորութենէն սկսիլ: Քաղաքացիական թէ ազգային
պարտաւորութիւններով մեր նամակատուփերը կը խճողուին նուիրատուութիւն խնդրող ծրարներով:
Ամերիկայի բնիկ հնդիկներու դպրոցականներուն օգնութեան ֆոնտ, ամերիկեան բանակին ծառայած
եւ «տուն» վերադարձած վիրաւորներուն, հոգեկան թէ ֆիզիքական հաշմանդամներու ֆոնտին,
սրտային հիւանդներու ֆոնտին, շաքարախտի, քաղցկեղի ուսումնասիրութեան ֆոնտին, քաղցկեղով
տառապող մանուկներու հիւանդանոցի ֆոնտին......
Հապա՞
հայ թերթերը, դպրոցները, հեղինակները, եկեղեցիները, կազմակերպութիւնները, առանց մեկենասի անտիպ մնացած
հայերէն գիրքերու շարանը .... մեր նոր օրերու կրկնակի ցա ՞ւը.......... Հայրենիքէն
Հալէպ երկարող անյետաձգելի հարցերը՞՞................
Հալէ
՞պ ըսի: Հիւրասէր, գրկաբաց հիւրընկալող հալէպահայուն
օգնութեան կանչերը երկինք կը հասնին այսօր... բաւարար լսող կա՞յ միթէ :
Ո՛չ,
երազ չէ՛ Երազային Հալէպէն եկող կանչը...
անյապաղ օգնութիւն կը խնդրուի:
Այն
վարժարանը ուր ուսուցչական ասպարէզի իմ առաջին քայլերս սկսած էին ... ի հեճուկս երեք
տարիէ տիրող անբացատրելիօրէն վայրագ պայմաններուն, այսօր ունի 500 աշակերտ, որոնց
300-ին ծնողքը ի վիճակի չէ կրթաթոշակ վճառելու: Ուսուցչական կազմ, տնօրէնութիւն թէ
հոգաբարձութիւն հերոսաբար կը շարունակեն դպրոցը բաց պահել եւ մանուկ հոգիները ներշնչել
գալիքին յոյսով գրեթէ երեք տարիէ ի վեր: Եւ
դեռ .. քանի-քանի՜ նման դպրոցներ կան հալէպահայութեան առօրեային վիճակուած մաշեցնող
տառապանքով գոյատեւելու:
Բայց
… ո՞ւր են այս կամ այն տոլար ունեցողները:
Ինչո՞ւ չկարենանք մեր ազգին համար կարեւորագոյն պահանջքը զանազանել եւ օգնութեան հասնիլ:
Ինչո՞ւ
ցիրուցան ըլլան մեր հայակարօտ զաւակները.. մէկ կամ երկու սերունդ կորսնցնելէ ետք հայատառ
գրութիւնները թարգմանող փնտռելո՞ւ համար աշխարհի չորս անկիւններէն...
Դարերու
ընթացքին մեր ազգին գլխուն միշտ ալ կրակ տեղացած է, մեզ ցրուելո՛ւ ու բաժնելու ջանքով:
Ճանչնա՛նք մեր ազգին այսօրուա՛ն համար կարեւորն ու կարեւորագոյնը՝ ի հաշիւ առողջ գոյատեւման:
Այս բոլորին
մէջէն նորոգ հանգուցեալ Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նիլսըն Մանտելային ըսածին
պէս կարեւորը այս բոլոր ձախորդութիւններէն ետք «ոտքի կարենալ բարձրանալն է...» ...ԱԶԳՈՎԻ՛Ն:
Մեր շուրջը բոլոր, ամէ՛ն կողմէ արդէն Ծննդեան տօներու մասին
կը խօսին: Ձայնասփիւռէն թէ հեռատեսիլէն կը նուագուին ծննդեան տօներու վերաբերեալ երգերը
ու կը խօսուին ճաշատեսակներու մասին: Վաճառատուներու
ցուցափեղկերէն մինչեւ փողոցներու լոյսերը տօնական շլացուցիչ գոյներով կը լուսաւորուին:
Ամէն կողմէ կը սկսի լսուիլ «Հէփի Հալիտէյզ»
մը, որ կամայ-ակամայ ընդունուած է՝ իբրեւ թէ ամէն տեսակի կրօնքներու հաւատացողներուն
զգացումները յարգելու համար: Մինչ ամենուրեք
եսասիրութեան, կրօնամոլութեան, քաղաքականութեան ու շահամոլութեան խելագար արարքներու
զոհ կ՛երթան հազարաւոր անմեղ հոգիներ:
1929-ի հայատառ օրագիրը կաղանդչէքի վերածող գաղափարէն կու գամ կը հասնիմ 2014-ի սեմին.... 85 տարի ետք՝ այսօրուա՛ն: Թելադրելու եւ
խնդրելով արթնութեան հրաւիրելու-
-Ձեր կաղանդչէքերը արժեւորե՛լ գիտցէք...... եւ
Ա՜՜՜խ,
մի՛ թողուք, որ ծոռս կամ իր սերունդէն ոեւէ մէկը օր մը ըսէ թէ միայն «Ծագումով Հայ է» եւ հայերէն կարդացող մը կը փնտռէ այս
գրութիւնը թարգմանելու համար......:
Զարմինէ
Գ. Պօղոսեան
Նիւ Եորք, Դեկտեմբեր 10, 2013
No comments:
Post a Comment