Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label 2020. Show all posts
Showing posts with label 2020. Show all posts

Friday, June 5, 2026

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

 

«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Springfield, PA- July 21, 2020

            Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօն է մեծարելու իգական սեռի ներկայացուցիչները գրեթէ աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ։

1987-1988 դպրոցական տարեշրջանին երբ Նիւ Եորքի հայ ամէնօրեայ վարժարանին տնօրէնութիւնը ստանձնեցի ծրագիրներէս մին մեր աշակերտութեան ծանօթացնել էր մեր անմիջական համայնքին երախտաւորները։ Դասագիրքերու մէջ տեղադրուած նկարներէն դուրս՝ կ՛ուզէի որ մեր անմիջական համայնքէն ներս արուեստի ու գրականութեան ճամբով մեր կեանքը հարստացնող անձնաւորութիւն-ներու հետ մեր աշակերտները անձամբ ծանօթանան։

Դասագրքերու մէջ երեւցողները միայն անուններ էին իրենց համար։ Բնական է որ տարբեր ազդեցութիւն պիտի ունենար եթէ անոնք մեր շէնքէն ներս անձամբ հանդիպէին, տեսնէին, խօսէին, հարցեր տային եւ մանաւանդ՝ պատասխան ստանային ուղղակի այդ նշանաւոր անձերէն։

Այդ տրամադրութեամբ ամէն տարի հրաւէր նամակներ ուղղած էի շարք մը գրողներու եւ տարբեր մարզերու մէջ համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջակայ համայնքներէն ներս գտնուողներուն, ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիա եւ Քընէթիքէթ նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած շարք մը հայորդիներու։ Հրաւէրներուն մեծ մասամբ սիրայօժար ընդառաջողներ եղան, շատեր ճամբորդական հարցերով եւ այլ անձնական պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ։

Ժամանակի ընթացքին մեր վարժարանին յուշատետրը հարստացաւ հայրենի թէ արտասահմանեան անձնաւորութիւններու արձանագրութիւններով եւ յիշատակներով։ Սովորական կարճ համդիպումներով այցելուներէն անջատ, յատուկ հանդիպման պահերու համար Ս․Ն․Ա․Վ․-ի հիւրեր հանդիսացան երէց սերունդէն նահապետ գրող՝ Յակոբ Ասատուրեան, ՀԲԸՄ-ի այդ օրերուն նորանշանակ նախագահ՝ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, լրագրող եւ գրադարանավար՝ Արմինէ Տիքիճեան, դաշնակահար՝ Արթիւր Փափազեան, նկարչուհի՝ Մարիամ Աթթարեան, հոգեբան, դաստիարակ՝ Պրուքլին Գոլէճի Մանկավարժական Ամպիոնի Վարիչ՝ Դոկտ․ Բերկրուհի Սվաճեան, արձակագիր՝ Լուսիկ Մելիքեան, դաշնակահար Շահան Արծրունի, Հայ ձայնասփիւռի տնօրէն Վարդան Ապտօ, անգլիագիր գրող բանաստեղծ Դաւիթ Խըրտեան, եւ իր արուեստագէտ կողակիցը՝ յատկապէս մանկական գիրքեր պատկերազարդող արուեստագէտ Նօնի Հոկրոկեան (Հողկրողեանէ կրճատուած), հոգեբան՝ Դոկտ․ Անի Գալայճեան, Բժիշկ-Գիւտարար (MRI) Ռէյմընտ-Վահան Տամատեան, արուեստագէտ Վազգէն Գալայճեան, անգլիագիր հեղինակ Մարգարիտ Ահներդ, հեղինակ եւ ծաղրանկարիչ Լուսին Գասպարեան, երիտասարդ անգլիագիր գրողներ՝ Կարին Յովաննիսեան, Այտա Զիլէլեան-Սիլաք, եւ այլ անձնաւորութիւններ։

Այս բոլորին հետ չիրականացուած գործի մը հոգիի պարտքը կը զգամ  այս օրերուն եւ յատկապէս իգական սեռի ներկայացուցիչ մեր երկու յարգարժան եւ իւրայատուկ հայ գիրի նուիրեալներու հանդէպ։

Երկուքն ալ աշխարհագրականօրէն թէեւ մօտ էին դպրոցին, նախկին լիբանանահայեր, որոնք իրենց յատուկ տեղերը գրաւած էին իգական սեռի բարձր պատուանդանին վրայ, մամուլին ընդմէջէն մեր առօրեային մաս կը կազմէին Ֆիլատելֆեա հաստատուած Գիւտցի Միքայէլեանը եւ Նիւ ճըրզի բնակող Վեհանոյշ Թեքեանը։

Ուշադրութիւնս գրաւած էր մեր համայնքի մշակութային ձեռնարկներուն ընթացքին, մասնաւորաբար պատուոյ սեղանի ետին տեղ գրաւած կ՛ըլլային շարք մը պատկառելի արական սեռի ներկայացուցիչներ եւ ․․․ երբեմն ալ միակ ծաղիկի մը պէս հրաւիրեալներու շարքին․․․ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը։

Մամուլէն կը հետեւէի անուններուն Գուտցի Միքայէլեանը- «Նոր Կեանք» Շաբաթաթերթի կանոնաւոր աշխատակիցն էր։ Առաջին անձամբ հանդիպումս հայրենի գրող, պատմավիպագիր Սերօ Խանզատեանի այցելութեան առթիւ էր, 1980-ականի սկիզբին Նիւ Եորքի մէջ։ Երջանկայիշատակ Թորգոմ սրբազանին հովանաւորութեամբ հայրենի գրողին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ինք, պատուոյ սեղանին երկար շարքով նստած տղամարդ գրողներու շարքին միա՛կ կինը, էն վերջինը նստած – (Տե՛ս նկարը)։

Այդ օրուընէ ասդին ընկերային, քաղաքական ազգային հարցեր շօշափող իր երկարաշունչ ու խիզախ յօդուածներուն կը հետեւէի։ «ԹՈՒԼԲԱՆ» Գուտցիին յատուկ հերոս մըն էր, որուն միջոցաւ իր ընթերցողները ամէն շաբաթ մասնակից կը դառնային իր ճամբորդութիւններուն հետ օրուան հարցեր վերլուծելող իր մօտեցու-մին, անհատականութիւն եւ համարձակ ջիղ ունեցող իր անձին։

2003-ին Նոր Կեանքի իր սիւնակէն կը կարդանք օրուան քաղաքական կեանքի վերլուծումները․․․ ․ «․․այսօր ո՞վ  իրաւասութիւն ունի արդարութիւն բաշխելու, եթէ ոչ հզօրագոյն երկիր մը, որ դարերէ ի վեր բնաջնջած ըլլալով բնիկ ժողովուրդը եւ անտեսելով ներկայիս անոր իրաւունքները կը դատապարտէ, կ՛օղակէ, կ՛անջատէ այն երկիրները որոնք իր առօրեայ տնտեսական հաշիւներուն աննպաստ կը թուին ըլլալ։  Հոգ չէ թէ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահան կ՛ըլլան, հոգ չէ թէ 1․5 միլիոն հայեր բնաջնջուած ըլլան․․․ եւ անտեսուած մինչեւ այսօր․․․․․․» գրած էր Գուտցի միքայէլեան 17  տարի առաջ Յունուարին։

Ի՞նչ փոխուած է մինչեւ հիմա․․․ կարդանք դարձեալ 2003-էն իր տողերը․․․․

«Հանգստեան կոչուածները մղձաւանջով կը դիտեն ապագան։ Միջին դասակարգը որ դրամատիրական կարգերու սիւնն է, հետզհետէ կը հիւծի, մինչ հարուստը ա՛լ աւելի կը հարստանայ։»

Այսօր Նոր Կեանքը չկայ, քանի մը տարիէ ալ լռած էր նաեւ Գուտցիին գրիչը։ Կը փնտռէի զինքը։ Մի քանի հեռաձայնային փնտռտուքէ ետք դադրեցայ իր թիւին հեռաձայնելէ։

Զինք ճանչցող համաքաղաքացիներուն թիւերը փորձեցի,  խուսափողական պատասխաններ ստանալէ ետք յուսախաբ էի։ Մեր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին խոստացած էի որ հարցազրոյցով մը պիտի անդրադառնամ իր վաստակին։ Կը զարմանայի որ թերթերը զինք չէին փնտռեր։ Ի վերջոյ կարդացի իր մահազդը անգլիատառ շաբաթաթերթ, Հայ կեանքը ցոլացնող “Միրըրին» մէջ (The Armenian Mirror Spectator)։

Այո՛, Ապրիլ 19, 2020-ին վկայեալ հիւանդապահուհին, սուր գրիչի տէր հասարակական գործիչը, հեղինակը բազում յօդուածներու եւ թատերական գործերու,  մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի նահանգներու մէջ ճանչցուած մտաւորական Տիկին Գուտցի Միքայէլեանը որոշած էր ֆիզիքապէս հեռանալ այս աշխարհէն, սակայն – ցաւօք՝ անկէ շատ առաջ արդէն լռած էր իր բեղուն գրիչը,  (Alzheimer’s)-ի հիւանդութեան պատճառով։

Օր մը անպայման երկար պէտք է գրուի այս հայուհիին մասին։ Չեմ ալ յիշեր կարդացած ըլլալ երբեւէ յատուկ գնահատանքի ձեռնարկ մը նուիրուա՞ծ էր արդեօք յատուկ իրեն համար։

Իմ երկրորդ խղճի պարտքս է հիացումս եւ գնահատանքս յայտնել մէկ այլ յարգարժան հեղինակի։  Ով որ կարօտն ունի արեւմտահայերէնի շքեղութեան վայելքը ըմբոշխնելու, անպայմա՛ն պէտք է կարդայ ու վերստին կարդայ Վեհանոյշ Թեքեանի իրերայաջորդ տասը հատորները-սկսած՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»-էն հասնելու համար «ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ»-ին։     

Արտասահմանեան գրական երկնակամարին վրայ թռիչք ունեցող իր փայլով, Մեսրոպեան բառապաշարի իւրայատուկ գանձանակով, շքեղ երեւակայութեան տէր բանաստեղծն է Վեհանոյշ Թեքեանը։

Իմ առաջին ծանօթութիւնս իր սքանչելի ոճին սկսաւ «ՆՇԱՆԱԳԻՐ» հատորով որ տեսնել տուաւ նոր օրերու հա՛յը իր «Մոխիրէ Ծառ» ով- ահաւասիկ մի քանի տող՝ միմիայն համտեսանքի համար Հայ սփիւռքի մասին իր ախտաճանաչումը կարդալու եւ իր հետ ․․․խոկալու․․․

«Ստուերի պէս բաժանելի

          լոյսի նման ինքնասլաց

Լոյս նման ընթեռնելի

          եւ ստուերի պէս անտիպ

Լոյսի նման յաւերժական

          Ստուերի պէս կարճատեւ․․․․․․»

Հիացումս շարունակուեցաւ իրար յաջորդող, զիրար գերազանցող հատորներով։ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթոն կազմակերպուած գրական ձեռնարկներու ընթացքին ունկընդիրները հմայեց աւեւմտահայերէնը գլգլացնող իր զուլալ ու գեղեցիկ ելոյթներու շարքով՝ Աբրահամ Ալիքեան, Ժիրայր Աթթարեան, Մովսէս Պչաքճեան, Վահան Թէքէեան, Ժագ Ս․ Յակոբեան եւ շատ այլ հեղինակներու մասին իր խնամեալ ելոյթներով։

Կարդանք մի քանի տող միմիայն մեր նահապետ բանաստեղծին նուիրուած իր ձօնէն, ինչպէս ինք վերնագրած է․․․ «Սփիւռքի Բանաստեղծին» տողերէն մի քանին-

«․․․ քամահրելով սով ու սառցակոյտեր

դարուն կիզահար պատրոյգը բռնած ձեռքերուդ մէջ

մեր պատմութեան կարօտէն անհիւծ

մեր լինելութեան առասպելներէն

յանձնեցի՛ր Լեզուին

սեւ գիշերներուդ շափրակները լոյս․․․․»

Թէեւ Ս․Ն․Ա․Վ․-ի հիւր եղած էր 1990-ականներուն, Հայրենի Բանաստեղծուհի՝ Սիլվա Կապուտիկեանին եւ երգչուհի Մելանիա Աբովեանին հետ, սակայն առիթ չէր եղած որ ան հարցազրոյցի նստած ըլլայ վարժարանի աշակերտութեան հետ։

Այսօր մեր ընթերցասէրներէն կ՛ակընկալուի որ ան ըլլայ ամէնէն շատ ընթերցող ունեցող արեւմտահայ բանաստեղծուհին, որ միշտ ըսելիք ունի, ոչ միայն կը հիացնէ այլ՝  իր երեւակայութեամբ ընթերցողին նորանոր  թռիչքներու կ՛առաջնորդէ։

Ահաւասիկ մի քանի տող իր Մօրը նուիրուած Ձօնէն – որուն միջոցաւ կարծէք  ամէն Հայ մօր դիմանկարը մեսրոպատառով կրցած է քանդակել–

«․․․ Քու ժպիտդ նոյնն է, ակօս չունի, թէեւ
Լռիկ լացերը քեզ շա՜տ ակօսներ տուին,
Իմ վարդագո՛յն մամաս, կրակին մէջ սիրոյ
Ծուխ ու մոխիր դարձար որ զաւակներդ ապրին։

․․․ Մամա՛, ինչպէ՞ս դիմացար,

                                                ինչպէս այսքա՜ն մայրացար»։

Տասէն աւելի իր հատորներով Թեքեան այն սփիւռքահայ խիզախ մտաւորական բանաստեղծուհին է, որ սկսած է իր աղօթքները համախմբել ուռկանի մէջ 2015-ին լոյս տեած հատորին մէջ պահելու․․ Իր ուռկանին մէջ բռնուած աղօթքնե՜՜րը կարդալով Դանիէլ Վարուժան կարծէք վերստին կը կենդանանայ-

–        «Դարձած է նշխար․․

         Ամայութեան մէջ ամրակուռ քերթողութեան մայր տաճար․․․։

Իսկ Արշիլ Կորքիին կը ձօնէ ․․ սա հիասքանչ ու փշաքաղուելիք տողերը-

«․․․ երկինքներէն գոյներ բերիր՝ ձեւին իմաստ սրսկեցիր։․․․․․

«․․․ Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց

դուն ընդմիշտ պահպանեցիր

Գոգնոցը մօրդ սովահալած լուսախտիղ Խորգոմի»։

Որքան իրատես է իր արտասահմանեան «Ընկերային Հաւաքոյթ»-ի մը բնորոշումը․․․․

            «Է՜՜, Հայ ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,

Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ

Տուն մնացողին հաց ապահովէ,

․․․Պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ,

Պիտի չաղաչէ, այլ՝ աղաղակէ։

Ցեղասպանութիւն  բառն ուրացողը

Դատի դուռ կանչէ․․

Ապակեդրոն արտերկրի մէջ ՝

Կեդրոն դպրոց, եկեղեցի պիտի կանգնէ։

Ինչ որ իյնայ իր հոգիին՝ պիտի պաշտէ,

Ինչ որ անցնի իր ուղեղէն՝ պիտի մաղէ

Մէկ բան սակայն անկարելի պիտի ըլլայ-

          Ընթեռնելի՛ պիտի չըլլայ։»

          Հիանալի են միաժամանակ  ե՛ւ ուսուցանող, երեւակայութիւն խռովող միտքերով, պատկերներով հարուստ են Թեքեանի ընթեռնելի տողերը։ Այս օրերուն եթէ իր հատորները չունիք կրնաք ըմբոշխնել իր տողերը դիմատետրի իր տեղադրումներէն։

            Փունջ մը ծաղիկ ու մշտավառ մոմով յարգանքս կը փոխանցեմ Գուտցի Միքայէլեանին յիշատակին, իսկ մշտահոս գրիչի մաղթանքով հիացումս կը յղեմ մեր օրերու բացառիկ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանին։

                                    Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Springfield, PA- July 21, 2020

 

 

 

 Vartkes Bedrossian with Zarmine Boghosian -Receiving HMADS T-Shirt


 

Inventor of MRI Dr. Raymond Vahan Damadian
Writer from Armenia _Vartkes Bedrossian

Anahid Charents
Dr Pergrouhi N. Svajian

Writer Lucik Melikian
Poet David Kherdian
Poetess Alicia Giragossian
Armenian Radio Hour of NJ- Founder- Director Vartan abdo
100 years old Armenian Survivor -Writer Hagop Asadourian
Sahan Arzruni _HMADS Guest 
Ida Zilelian Silak Book Signing 
Cartoonist Loucin Kasbarian


Watercolorist Mariam Attarian
Writer Margaret Ahnert-Ajemian- Author

Garin Hovhannisyan- Author -HMADS Guest
Louise Simone _HMADS Guest


Friday, August 4, 2023

Beirut Explosion-Nurse saving 3 babies-2020, August 4-by Zarmine Boghosian

 

ՀՐԵՇՏԱԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱՐԱՐ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐ

          Remembering August 4, 2020-explosion in Beirut Lebanon

                         Գրեց՝ Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

 

Մութը ետիդ թողած լոյսին բերիր,

Ով նուիրեալ հոգատար աղջի՛կ,

Անանուն, բարեգութ, ազնիւ հոգի.

Հիւանդապահուհիի վկայականդ չէր

Որ քեզ մղեց ազատարարն ըլլալու

Երեք նորածին՝ ԱՅՈ՛,

Նորածի՛ն

Հոգիներուն այս մանրիկ ու նորածին

Նոր աշխարհ եկած՝ երեք անմեղ

Թեւերուդ մէջ գրկած ապահով

Հասցուցիր լոյսի՛ն,

Խնայեցիր որ անոնք մնան անտես

Ետիդ մնացած գեհենին,

Կուրծքիդ սեղմեցիր, լոյսի՛ն բերիր

Փաստելու, յայտարարելու

Աշխարհին ի լուր թէ անոնք

Կ’ԱՊՐԻ՛Ն

Երեք նորածին, երեք փափուկ մարմին,

Երեք զոյգ աչք եւ ականջ

Աշխարհ չտեսած՝ խլացա՛ն անոնք

Ահաւոր պայթիւնէն անմարդկային

Մարդ արարածին գեհենային քայլով,

Արհաւիրք սփռող արարքով,

Քանդելո՛ւ միտումով...

Երե՛ք ՀՈԳԻ, եւ նորածի՛ն

–        Չհասցուցին տեսնել թէ

–        Ինչե՜ր կը կատարուին իրենց ետին,

Նո՛յն սենեակին մէջ ուր աչք բացին..

Երեք նորածին

–        ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ

Ներարկելու աշխարհին

Ազատարար հրեշտակին թեւերուն մէջ,

Երեք նորածին՝ շնորհուած այս կեանքով,

Երեք պատգամ ունին տալիք աշխարհին,

Անգութ ու խուլ այս աշխարհին,

ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ

Մէ՞կը՝ Ապրելու կամքն ու իրաւունքը մարդկային

ՀԱՒԱ՛ՏՔԸ

–        Որ ոչ ո՛ք իրաւունք ունի խլելու

–        Երկրորդը ՅՈՅՍՆ է՝

վերացնելու ԱԹՈՌՆԵՐԸ աննպատակ,

Ոչնչացնելու բոլոր գամերը ամրապնդող,

ԵՐՐՈՐԴԸ՞՝

Աշխարհին ընծայել ՍԷՐ

ու միմիայն ՍԷՐ,

Սահմանազանց ծառայողներ եւ անձնուրաց,

Փայփայող, հոգատար բազուկներ ամենուրեք,

Ապրելո՛ւ, ապրեցնելո՛ւ իրաւունքին հաւատացողներ,

Հրեշտակային ազատարարներ,

ԿԵԱ՛ՆՔ ապահովող հոգիներ:

7 Օգոստոս, 2020- Springfield- PA

 

PS: Hero nurse saves THREE NEWBORNS from devastating Beirut blast – August 4, 2020- Tuesday’s explosion killed at least 135 people, injured more than 5,000 others and damaged up to 300,000 homes in Lebanon’s capital.




Saturday, October 16, 2021

2020-THanksgiving Salute-NARREC-by Zarmine Boghosian

 

ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՏՕՆ

            Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ թէ «Եթէ ոսկի մը պարտական ես կրնաս վճառելով ազատիլ պարտական ըլլալու զգացումէն, սակայն՝ հոգեպէս յաւիտեան պարտական կը մնանք անոնց հանդէպ, որ ազնիւ վերաբերմունք ունեցած են մեզի հանդէպ»։

Երախտագիտութիւն, երախտապարտ ըլլալ ու մանաւանդ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ըլլալով անմիջապես արտայայտուիլ կարենալը մարդ արարածին մօտ յատուկ նկարագրի տէր ըլլալու լաւագոյն ապացոյցն է։

Մեր շուրջը յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք «մէկ հատ դառնալով- շնորհակալ եմ- մըն ալ չըսաւ․․» արտայայտութիւններու: Սակայն, կը հիանանք երբ մարդիկ մեր շուրջը շնորհակալութիւն յայտնելու ժեստը իւրացուցած են,  իրենց անձով կը մարմնացնեն խոնարհութեան եւ հասկացողութեան վեհագոյն օրինակը։ Ամերիկացի հեղինակ Ալիս Ուոքըր կ՛ըսէ թէ «Շնորհակալ եմ»  կարենալ ըսելը լաւագոյն աղօթքն է, որ մարդ արարածը կրնայ բարձրաձայն արտասանել։

Որքան կարեւոր է փոքր տարիքէն մեր զաւակներուն սորվեցնել շնորհակալ ըլլալ ամէնէն փոքր նուէրին կամ նոյնիսկ մէկ քաջալերական խօսքին համար։  

Այս ամիս Երկուշաբթի՝  Նոյ․ 11-ին Վեթերաններու յարգանքի օրն է։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը – Զինադադար- հրադադարը նշող թուականն է այդ, որ 1954-էն սկսեալ աւանդութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ յիշել, յարգել բոլոր պատերազմ-ներու ընթացքին զոհուած զինուորները-ե՛ւ Վեթերանները։ Բոլոր անոնց՝ որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար իրենց կեանքը զոհած են։ Կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առաջ եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛ապրին, կը գոյատեւեն պատերազմներու ընթացքին իրենց կորուստներն ու ապրուած արհաւիրքը ամէն օր յիշելով։

Ամէնօրեայ մեր կեանքին վազվզուքին մէջ շատ յաճախ կը մոռնանք մեր առօրեային ամէնէն կարեւոր բաները, եւ յիշեցումի կը սպասենք կարծես որպէսզի պահ մը կանգ առնենք, գոհութեան զգացումով շնոր-հակալ եւ երախտապարտ ըլլալու մեզի ընծայուած բարիքներուն համար։ Ահա այդ օրն է Գոհաբանութեան Օրը, որ այս տարի Հինգ․ Նոյեմբեր 28-ին է, ինչպէս միշտ՝ ամսուան չորրորդ Հինգշաբթիին կը նշուի։ 

Եկէք ամփոփուինք Նոյեմբերի առաջին օրէն իսկ, վերյիշելու տարուան սկիզբէն սկսեալ բոլոր պատահածները, շնորհակալ ըլլանք բոլոր այն բարիքներուն համար որ մենք վայելած ենք ե՛ւ կը վայելենք– ըլլայ վերուստ շնորհուած կամ մեր շրջապատէն մեզի հասած։ Մէկ առ մէկ թուենք, յիշենք հրաշալի անհամար այն պահերը որ վայելած ենք մեր սիրելիներուն հետ, յիշենք կորուստը մեր անվերադարձ սիրելիներուն եւ շնորհակալ ըլլանք բոլոր այն բարի յուշերուն որ մեզի ընծայած են, մեր կեանքը հարստացնելով։

Այս առթիւ անձնապէս իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի իմ բոլոր բարեկամներուս, յատկապէս ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱ-ԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ ընտանիքին, Եկեղեցւոյ եւ երեք վարժարաննե-ու պատասխանատու մարմիններուն եւ ընտանիքներուն՝ անցնող երե-սուն տարիներու ընթացքին առօրեաս եւ կեանքս իմաստաւորող եւ հարստացնող իրենց ներկայութեան համար։ Շատ հեռու չեմ տեղափոխ-ւած, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն ձեր բոլորին կը մաղթեմ ընտանեկան երջանիկ յիշատակներով լեցուն բոյն, յաջողութիւն՝ ձեր անհատական եւ ընտանեկան երազներուն։

Որքան ալ աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլամ ձեզմէ, կը խոստա-նամ ամէն ամիս այս էջը ձեզի հասցնել – այնքան ատեն որ ընթերցող եւ հետաքրքրուողներ կան։

Եկէ՛ք այսօր մինչեւ յաջորդ Նոյեմբեր

Ապրուած օրերէն ետք այս հրաշալի                     ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ  ԸՍԵՆՔ

Անպայման յիշենք անցած պահերը

Արժեւորենք անվերադարձ յիշատակները

Յարգենք՝ եւ հազար փառք տալով

Ըսենք ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ բոլոր անոնց՝

Որ կը պահպանեն Եկեղեցիները մեր

Հոգատար են Հայ Դպրոցին ու մանուկին

Կրթութեան Օճախը սուրբ պահողին:

Եւ վերստին յիշենք այսօր թէ՝

Գոհաբանութեան Օրը ՄԷԿ օր է

Սակայն՝ շնորհակալութիւն յայտնելը

Տասնըերկու ամիս՝ տարին բոլոր է:

ՈՒՐԱԽ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ *  HAPPY THANKSGIVING Զարմինէ Պօղոսեան – Springfield, PA

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...