Search This Blog

Search This Blog

Saturday, October 16, 2021

2020-THanksgiving Salute-NARREC-by Zarmine Boghosian

 

ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՏՕՆ

            Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ թէ «Եթէ ոսկի մը պարտական ես կրնաս վճառելով ազատիլ պարտական ըլլալու զգացումէն, սակայն՝ հոգեպէս յաւիտեան պարտական կը մնանք անոնց հանդէպ, որ ազնիւ վերաբերմունք ունեցած են մեզի հանդէպ»։

Երախտագիտութիւն, երախտապարտ ըլլալ ու մանաւանդ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ըլլալով անմիջապես արտայայտուիլ կարենալը մարդ արարածին մօտ յատուկ նկարագրի տէր ըլլալու լաւագոյն ապացոյցն է։

Մեր շուրջը յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք «մէկ հատ դառնալով- շնորհակալ եմ- մըն ալ չըսաւ․․» արտայայտութիւններու: Սակայն, կը հիանանք երբ մարդիկ մեր շուրջը շնորհակալութիւն յայտնելու ժեստը իւրացուցած են,  իրենց անձով կը մարմնացնեն խոնարհութեան եւ հասկացողութեան վեհագոյն օրինակը։ Ամերիկացի հեղինակ Ալիս Ուոքըր կ՛ըսէ թէ «Շնորհակալ եմ»  կարենալ ըսելը լաւագոյն աղօթքն է, որ մարդ արարածը կրնայ բարձրաձայն արտասանել։

Որքան կարեւոր է փոքր տարիքէն մեր զաւակներուն սորվեցնել շնորհակալ ըլլալ ամէնէն փոքր նուէրին կամ նոյնիսկ մէկ քաջալերական խօսքին համար։  

Այս ամիս Երկուշաբթի՝  Նոյ 11-ին Վեթերաններու յարգանքի օրն է։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտը – Զինադադար- հրադադարը նշող թուականն է այդ, որ 1954-էն սկսեալ աւանդութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ յիշել, յարգել բոլոր պատերազմ-ներու ընթացքին զոհուած զինուորները-ե՛ւ Վեթերանները։ Բոլոր անոնց՝ որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար իրենց կեանքը զոհած են։ Կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առաջ եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛ապրին, կը գոյատեւեն պատերազմներու ընթացքին իրենց կորուստներն ու ապրուած արհաւիրքը ամէն օր յիշելով։

Ամէնօրեայ մեր կեանքին վազվզուքին մէջ շատ յաճախ կը մոռնանք մեր առօրեային ամէնէն կարեւոր բաները, եւ յիշեցումի կը սպասենք կարծես որպէսզի պահ մը կանգ առնենք, գոհութեան զգացումով շնոր-հակալ եւ երախտապարտ ըլլալու մեզի ընծայուած բարիքներուն համար։ Ահա այդ օրն է Գոհաբանութեան Օրը, որ այս տարի Հինգ Նոյեմբեր 28-ին է, ինչպէս միշտ՝ ամսուան չորրորդ Հինգշաբթիին կը նշուի։ 

Եկէք ամփոփուինք Նոյեմբերի առաջին օրէն իսկ, վերյիշելու տարուան սկիզբէն սկսեալ բոլոր պատահածները, շնորհակալ ըլլանք բոլոր այն բարիքներուն համար որ մենք վայելած ենք ե՛ւ կը վայելենք– ըլլայ վերուստ շնորհուած կամ մեր շրջապատէն մեզի հասած։ Մէկ առ մէկ թուենք, յիշենք հրաշալի անհամար այն պահերը որ վայելած ենք մեր սիրելիներուն հետ, յիշենք կորուստը մեր անվերադարձ սիրելիներուն եւ շնորհակալ ըլլանք բոլոր այն բարի յուշերուն որ մեզի ընծայած են, մեր կեանքը հարստացնելով։

Այս առթիւ անձնապէս իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի իմ բոլոր բարեկամներուս, յատկապէս ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱ-ԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ ընտանիքին, Եկեղեցւոյ եւ երեք վարժարաննե-ու պատասխանատու մարմիններուն եւ ընտանիքներուն՝ անցնող երե-սուն տարիներու ընթացքին առօրեաս եւ կեանքս իմաստաւորող եւ հարստացնող իրենց ներկայութեան համար։ Շատ հեռու չեմ տեղափոխ-ւած, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն ձեր բոլորին կը մաղթեմ ընտանեկան երջանիկ յիշատակներով լեցուն բոյն, յաջողութիւն՝ ձեր անհատական եւ ընտանեկան երազներուն։

Որքան ալ աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլամ ձեզմէ, կը խոստա-նամ ամէն ամիս այս էջը ձեզի հասցնել – այնքան ատեն որ ընթերցող եւ հետաքրքրուողներ կան։

Եկէ՛ք այսօր մինչեւ յաջորդ Նոյեմբեր

Ապրուած օրերէն ետք այս հրաշալի                     ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ  ԸՍԵՆՔ

Անպայման յիշենք անցած պահերը

Արժեւորենք անվերադարձ յիշատակները

Յարգենք՝ եւ հազար փառք տալով

Ըսենք ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ բոլոր անոնց՝

Որ կը պահպանեն Եկեղեցիները մեր

Հոգատար են Հայ Դպրոցին ու մանուկին

Կրթութեան Օճախը սուրբ պահողին:

Եւ վերստին յիշենք այսօր թէ՝

Գոհաբանութեան Օրը ՄԷԿ օր է

Սակայն՝ շնորհակալութիւն յայտնելը

Տասնըերկու ամիս՝ տարին բոլոր է:

ՈՒՐԱԽ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ *  HAPPY THANKSGIVING Զարմինէ Պօղոսեան – Springfield, PA

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...