Search This Blog

Search This Blog

Saturday, October 16, 2021

Thanksgiving,November,Zarmine Boghosian,for NARREC

 

ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՏՕՆ

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

 

Նոյեմբեր ամիսը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկու կարեւոր թուականներով կը յատկանշուի- Veteran’s Day-Վաստակաւորները- յատկապէս Զինծառայողները Յարգելու Օր- Չորեքշաբթի՝ Նոյ 11-ին,  եւ Thanksgiving- Գոհաբանութեան Տօն,  Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26-ին , շնորհակալութիւն յայտնելու, յիշելու մեր երախտաւորները, նուիրեալները, կամաւորներն ու  բարերարները։ 

 Այս օրերուն-աւելի քան մէկ ամիսէ Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ- մեր սիրտերը կ՛արիւնին Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու երկայնքին կատարուող բուռն բախումներուն պատճառաւ մեր երիտասարդներուն մեծ թիւով կորուստը, մեր ժողովուրդին կրած ծանր կորուստը։ Որքան ալ արիւնաքամ ըլլալու վտանգը կը ցնցէ մեզ եւ սարսափը կ՛ապրինք, միաժամանակ մեր սիրտերը հպարտութեամբ կը լեցուին աշխարհով մէկ տիրող ՀԱՅ անհատին զոհաբերութեան ոգիին ի տես։

Վեթերաններու- Վաստակաւորներու յարգանքի օրուան առթիւ անգամ  մը եւս կը խոնարհինք իրենց կեանքին գինով հայրենիք պաշտպանողներուն յիշատակին։  Սէր ու յարգանք՝ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար բոլոր զոհուածներուն յիշատակին։ Կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առաջ եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք իրենց ծնողներուն․․․ որոնք կ՛ապրին, կը գոյատեւեն պատերազմներու ընթացքին իրենց կորուստներն ու ապրուած արհաւիրքը ամէ՛ն օր յիշելով։ Ամերիկացի հեղինակ Ալիս Ուոքըր կ՛ըսէ թէ «Շնորհակալ եմ»  կարենալ ըսելը լաւագոյն աղօթքն է, որ մարդ արարածը կրնայ բարձրաձայն արտասանել։

Նոյեմբերին հետ, 2020 տարին գրեթէ իր աւարտին կը հասնի։ Մեր ապրած տարիներու ընթացքին արդեօ՞ք ունեցած ենք նման ահաւոր ու զարհուրելի տարի մը – որ կարծես թէ  չէր բաւեր ամիսներով համավարակէն սարսափած մեր տուներէն ներս բանտարկուիլը, ականատեսներն ըլլայինք ամբողջ աշխարհը մտահոգող տնտեսական տագնապին, եւ այդ բոլորին զուգահեռ՝ տառապէինք թուրքին ու ազըրպէյճանին բորենիական քաղաքականութեան թիրախ դարձած Հայ ժողովուրդին գլխուն թափուող կրակին։

            Երբ երեք տարի առաջ խոստացայ ՆԱՐԵԿ-ին հայերէն էջով մը մասնակցութիւնս բերել, աւելի շատ մեր համայնքին – մանաւանդ՝ այս եկեղեցւոյ շրջանակէն ներս մեր երէց սերունդի երախտաւորներուն մօտէն ծանօթանալու, անոնց մասին գրելու եւ մեր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու համար էր, որպէսզի նոր սերունդը ծանօթանայ հայ համայնքէն ներս անոնց ցուցաբերած բարոյական նեցուկին եւ ներդրումներուն մասին։

            Մեզմէ շատեր գիտեն թէ ո՞վ էր Թէոդիկը- նշանաւոր «Ամէնուն Տարեցոյց» ը պարբերականին բանասէր  խմբագիրն ու համադրողը, որուն իր կեանքը կապած էր Արշակուհի Ճէզվէճեանը- 1875-ին Պոլսոյ Օրթագիւղի մէջ ծնած հայուհին, որ մահացած է 1922-ին, Լոզան-Զուիցերիա։ Անգլիա ուսանած, ֆրանսերէն բառարանի կազմութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած այս ուսեալ հայուհին Հայ ընկերային կեանքէն ներս այդ օրերուն ճանչցուած էր որպէս գործիչ, ուսուցչուհի, հրապարակագիր, գրագէտ եւ թարգմանիչ, որուն ծննդեան 145-ամեակն է այս տարի:   

            Այս մտաւորական կինը 1902-ին իր կեանքը կապած էր Թէոդիկին առանց դադրելու հայ կեանքէն ներս կատարած իր աշխատանքներէն։ 1909 թուականին՝ Ատանայի ջարդի պատահարներուն, Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Ատանա կը մեկնի Տիկին Զապէլ Եսայեանի, Օրդ Սաթենիկ Օհանճանեան հետ, կոտորածէն տուժածներուն օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքին միանալով։ 1910 թուականին, լոյս կ՛ընծայէ ականատեսի իր վկայութիւնները բովանդակող գրքոյկ մը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկիա»- Կցկտուր նօթեր 37 պատկերներով»  ճամբորդական ուղեգրութիւնը:

          Այս օրերուն երբ հեռատեսիլէն եւ լուրերէն կը տեսնենք զոհուած մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն նկարներն ու իրենց ետին թողած որբուկներուն եւ պատերազմի թոհ ու բոհին մէջ աշխարհ եկող մանուկներուն նկարները ․․․․ կը զգանք կարեւոր ներկայութիւնը Արշակուհիին նմանող քաջակորով այսօրուա՛յ հայուհիներուն ոգի՛ն, մեր օրերու հայ մայրերուն ու քոյրերուն մօտ։

Մեր եկեղեցւոյ հաւատաւոր անդամներէն է Տիկին Արշակուհի Չէթինը, որ իր կարգին այնքան լռելեան ներդրումներ կը կատարէ իր առատաձեռն բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ այս եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս։ Ան օրինակելի եւ տիպար մայրն է նոյնքան նուիրեալ եւ օրինակելի այս եկեղեցւոյ գործունեայ մէկ անդամին- յանձինս՝ բժշկուհի Լին Չէթինին։

Անուններու ընտրութեան մէջ դժուար թէ ներկայի մեր նորածին աղջիկ զաւակները մկրտուին Արշակուհի անունով։ Բայց որքա՜ն կարեւոր է ե՛ւ բաղձալի՝ յիշել, ճանչնալ, պատուել Արշակուհի Ճէզվէճեան-Թէոդիկի նման Հայուհիներու յիշատակը։ Միաժամանակ տեղեակ ըլլալ թէ մեր եկեղեցւոյ համայնքն ալ ունի Արշակուհի մը, յանձինս՝  Տիկին Արշակուհի Չէթինին,  որ լռելեան ու համեստօրէն սատար կը կանգնի այս եկեղեցւոյ զանազան մշակութային գործունէութիւններուն։ Դաստիարակած է նուիրեալ դուստր մը – յանձինս՝ Բժշկուհի Լին Չէթինին- որ նոյնքան համեստ ու լռելեան, խիստ կարեւոր գործունէութիւն կը ցուցաբերէ մեր համայնքէն ներս – ներառեալ ՆԱՐԵԿ-ի խմբագիրի պաշտօնը։

Մաղթենք որ իրենց օրինակները վարակիչ դառնան, տիպար հայուհիներու թիւը բազմանայ շարունակելու նման գործունէութիւններ, ի փառս մեր ազգին ու եկեղեցւոյ։ 

Խունկ ու աղօթք մեր զոհուած հայրենի հերոսներու յիշատակին։

Արժեւորենք անվերադարձ յիշատակները բոլոր մեր սիրելիներուն։

Մեր երախտագիտութիւնը փոխանցենք մեր սահմանները պահպանող Հայոց բանակի մէն մի անդամին։

            Յարգենք՝ եւ հազար փառք տալով՝  ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ ըսենք մեր համայնքի Դափնեպսակներու արժանի մէն մի հայորդիին, որ պատրաստ է իր կեանքը զոհել յանուն  հայրենիքի։  Եւ վերստին յիշենք թէ՝

Գոհաբանութեան Օրը ՄԷԿ օր է - Սակայն՝ երախտագէտ ըլլալը բարձր առաքինութեան տէր ըլլալուն հայելին է, իսկ Շնորհակալութիւն յայտնելը

Տասնըերկու ամիս՝ տարին բոլոր է:

 

ՈՒՐԱԽ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ *  HAPPY THANKSGIVING! 

Զարմինէ Պօղոսեան – Springfield, PA- Նոյեմբեր 1, 2020

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...