https://nt.am/am/news/307752/?fbclid=IwAR1YgffYD99-chwycUaiqiES6Hw8Wm08G8wmCdmdsXpSsQlwxYmoxW7076A
Ազէզէն Ամերիկա ու վերջապէս Երեւան. Զարմինէ Պօղոսեանի կրթական-մշակութային տողանցքը
- 25-10-2021 14:43:46 | Հայաստան | Հասարակություն
Ժամանակին Զարմինէ Պօղոսեանը անսաց աւագ եղբօր՝ Ուաշինկթընի հովիւ Վրթանէս Աւ. Քահանայի՝ Արփիար Արփիարեանէն ածանցուած իմաստուն խօսքին, որ յայտարարեր էր, թէ գաղութ չէ Ամերիկան, այլ «օրհնեալ երկիր»։ Եղբայրը խորհուրդ տուեր էր բազմանդամ ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն համախմբուելու, կազմելու ընտանիքներ, բայց ծառայելու հայ մշակոյթին, հայ կրթութեանը, եկեղեցիին։ Եթէ չլինէր պատգամի երկրորդ բաղադրիչը, Զարմինէ Պօղոսեանի ճակատագիրը շատ շատ կը նմանէր ամերիկահայ նորահաս սերնդակիցներուն եւ աւելի աւագներուն, որոնք կու գային երկրի արեւելեան կամ արեւմտեան ափերը առօրեայով ապրելու:
Այս գիրքը ուսուցիչի եւ մշակութային գործիչի համայն աշխարհին ընդդէմ վկայագիրն է եւ վկայութիւնը։ Նման ենթաժանրը արդէն արմատ նետեր էր ամերիկեան երկրամասի վրայ։
1993-ին Սուրէն Աբրահամեանը, համանման խորագրի ատաղձ պահելով, գրեր էր եղեռնէն փրկուածի իր կենսագրութիւնը. «Վանէն դէպի Տիտրոյիթ. հայկական ցեղասպանութիւնէն փրկուածը»։ Մէկ էական տարբերութիւն մը կար երկու կենսապատումներու միջեւ. մէկ տեղ հայ յամառութիւնն է, ֆիզիքապէս ապրելու ջիղը իբրեւ գոյատեւութեան նշան, երկրորդին մէջ՝ դաստիարակի, ուսուցիչի առաքելութեան առջեւ մեր հիացմունքի եւ խոնարհումի փաստը։
Անկրկնելի է վերելքի ճանապարհը, որ կտրեր է Զարմինէ Պօղոսեանը ուսուցչութեան եւ մշակոյթի իւրացման ճանապարհին։ Եւ ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, ուր 1978-էն սկսաւ քալել, այլ շատ առաջ, երբ դեռ Ազէզի Սահակեան վարժարանի նստարանէն ծանօթացեր էր հայ տառաշարի գանձերուն, երբ 1956-էն Հալէպի մէջ կը յաճախէր Բեթէլ Աւետարանական վարժարանը, ապա ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարժարանի միջնակարգով ու երկրորդականով, երբ նոյն Հալէպի մէջ սկսեր էր դասաւանդել Կրթասիրացի մէջ իբրեւ ուսուցիչ եւ կազմակերպիչ եռանդուն տնօրէն։
Կրթասիրացի մէջ եղեր եմ, բայց չեմ հանդիպեր իրեն, եղեր եմ Նիւ Եորք, ուր ինքը Պէյսայտի ՍՆԱՎ-ի երկարամեայ տնօրէնն էր, անձանձիր ղեկավար։
Բարձրագոյն պարգեւներու կողքին ամենաբաղձալին եւ պատուաբերը «Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ» կաթողիկոսական շքանշանն էր (2014)։
Իր համար կարծես նոր իմաստ ձեռք բերեր էին Դանիէլ Վարուժանի տողերը՝
Դաստիարակն է։ ……….
Ձայնն այստեղէն լոյսէն կու գայ։
Բայց կ’ելլէ, թռիչներուն վրայ հուր կայ.
Ձայն կ’արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք։
«Ազէզէն Ամերիկա»ի յօդուածները փորձագրութիւններ են, յուշագրութիւններ, հերոսները՝ գրողներ, գիտնականներ, ուսուցիչներ եւ ուսուցչապետեր՝ կարծես անվերջանալի շղթայ կազմող բնութագրումներ, անկիւնադարձային դէմքեր՝ Վազգէն Շուշանեանէն ձգուող ճանապարհ, որ կը հասնի Երուանդ Ակիշեան, Արա Գալայճեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Հրանդ Մարգարեան, Սարգիս Վահագն, Երուանդ Ազատեան, բանաստեղծական ներշնչումներու յորձանք՝ Զահրատ ու Խրախունի, Մարօ Մարգարեան, Յակոբ Միքայէլեան, Վարուժան Աճէմեան, Սիրվարդ Գարամանուկ, մինչեւ Շահան Արծրունի։
Այստեղ տեղ բռներ են համայնքային կեանքի դրուագները, հայաստանեան արձագանգները: Այս միայն թուարկում չէ, այլեւ իմացութիւններու հսկայական պաշար, այն, ինչով հարստացեր է ինքը եւ հարստացրեր իր միջավայրը եւ մեզ։
Կարճ ասած՝ ի՛ր կեանքը, ի՛ր հոգեղէն լիցքերը կազմած նուիրական անուններ։ Այսօր հարկ է, որ մեզ շրջապատող անուններու մէջ վարժուինք տալ եւ իր նուիրական ու զարմահրաշ անունը։
Շնորհակալ ենք, որ կը հարստանանք քու լինելութեամբ, սիրելի՛ Զարմինէ Պօղոսեան։
Վարձքդ կատա՛ր։
ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
* * * * *
ԱՆՆԱ ԴԱՒԹԵԱՆ
Խ. Աբովեանի ան. ՀՊՄՀ
Բանասիրական բաժանմունքի մագիստրատուրայի
2-րդ լսարանի ուսանողուհի
«– Ի՞նչ նոր բան գրած ես:
Ամչնալով եւ արդարանալու փորձով, մինչեւ ականջներս կարմրելով` կ'ըսէի.
– Ո՛չ, Պարոն Պարիկեան, կը ցաւիմ, ժամանակ չունիմ...
– Ժամանակը դո՛ւն պէտք է ստեղծես,– կ՛ըլլար պատասխանը»:
Սա մի երկխօսութիւն է «նորամանուկ» «Ազէզեն Ամերիկա»ի հեղինակ Զարմինէ Պօղոսեանի եւ իր հայերէն լեզուի ուսուցիչ,
Գիրքին մէջ «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» բաժնի մէջ իր պատուաւոր տեղը զբաղեցուցած
Հայկ Պարիկեանի միջեւ:
Այժմ վաստակաշատ կրթական մշակ տիկին Զարմինէի նման ես ալ, մէկ կողմ
դրած բոլոր չակերտաւոր, փոքրիկ արդարացուցիչ պատրուակները, կը ստեղծեմ
ժամանակն ու կը վերսկսիմ գրել:
Ընթերցողի ուշադրութեանը ներկայացուող գիրքն ունի 3 ճիւղաւորում, այն է՝ խոհագրութիւն, յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ: Ժանրային այս բաժանումը
գիրքին կու տայ ժողովածուի արժէք, մանկութեան ու պատանեկութեան յուշ-խոհերէն, աշխատանքային գործունէութիւնէն եւ գիտակրթական առօրեայէն
կը կազմուի «Ազէզեն Ամերիկա» կոչուող իւրատեսակ փունջը:
Բայց այս փունջը փունջ չէր կազմեր, եթէ որպէս զարկերակ չդիտարկէր մանկավարժութիւնը: Այո՛, գիրքի իւրաքանչիւր էջով կ՛անցնի մանկավարժութիւն կոչուող կարմիր թելը, որ գործարկուած է Սփիւռքի մէջ իր «կարը կարելու», չէ՞որ «Որքան ալ որ օտար
հողմերը փչեն մեր շուրջը, ձեր եւ մեր ճիգերով պիտի կարենանք սփիւռքահայ նոր
սերունդին մէջ պահել հայրենասիրութիւնը, հաւատքը հայի ապագայի նկատմամբ»,- նշում է հեղինակը «Ինքնակենսագրութեան փոխարէն» ենթաբաժնի մէջ տեղ գտած
«Նահանջելու իրաւունք չունինք» խորագրով յօդուածին մէջ:
Իսկ ինչպէ՞ս, ի՞նչ սկզբունքով կառուցուած է մանկավարժական այս փունջը: «Ազէզեն Ամերիկա»ն ընթերցողին կը ներկայանայ «Այբ»էն մինչեւ «Թօ» հետաքրքիր եւ յաջորդական ենթաբաժանումով: Տրոհման այս ձեւը, կը կարծենք, իւրօրինակ
երկխօսութիւն մըն է «Ճամբար Նուպար»ի հայերէն խօսիլ պատգամող պզտիկ ցուցատախտակի գրութեան հետ: Մայր լեզուով խոսելու, օտար ափերուն այն պահպանելու,
սերունդներուն փոխանցելու առաքելութիւնն իր դժուարութիւններով ու խնդիրներով
«Հայերէն խօսիր» յօդուածէն կը ճիւղաւորուի ու կը հասնի «Մանկավարժի օրագրէն էջեր» ենթաբաժին՝ ընթերցողի առջեւ բանալով մերթ ծիծաղ յարուցող, մէկ ժպիտ
պարգեւող, մերթ ալ խիստ մտահոգիչ յուշ- դրուագներ: Ահա մի պատկեր «Վերամուտի մտահոգութիւններ.երեք պատկեր մեր
կեանքէն» յօդուածէն. «Գրասենեակին հեռաձայնը կը հնչէ: Ծնողներէն մին գիծի վրայ է:
-Շատ կը ներէք, տիկին տնօրէնուհի, աղջիկս չպիտի արձանագրեմ այս տարի։ Շատ
դժուար է ճամբորդութիւնը, կը քնանայ ինքնաշարժին մէջ, մինչեւ տուն հասնինք, ուժ չ'ունենար դաս սորվելու, հայերէնն ալ շատ դժուարին կու գայ, ուրիշ բաներէն ալ կը
զրկուի կոր։
Լուռ կը լսեմ լսափողին միւս կողմէն:
– Օրինակ՝ ինչպիսի բաներէն կը զրկուի Ձեր աղջիկը, տիկին։
– Պալէի (բեմական ներկայացում) դասի չի կրնար երթալ, ճիմնազեումի բնաւ ուժ չի
– մնար կոր… այսինքն՝ գիտեմ, աւելի կանուխ պէտք էր որ լուր տուած ըլլայի,
բայց շատ դրի վերցուցի,մէկ շունչով, լաւ պատրաստուած դասի պէս իրարու ետեւէ կը գեղգեղէ։ Եւ վրան ալ կ'աւելցնէ չքմեղանքի կարագով օծելու իր խօսքը.– Մենք դպրոցը շատշատ կը սիրենք... սխալ մի հասկնաք զիս, տիկին, աղջիկս
չ՚ուզեր կոր. հայերէնը շատ դժուարին կու գայ կոր...:
Երբ զրկուողը գիտակից չէ, թէ իսկապէս ինչէն կը զրկուի... Ալ ի՞նչ խօսիլ, ինչ ըսել
մօրը, երբ վեց տարեկան աղջնակը կ'որոշէ, իսկ մայրն ալ մտահոգ է, որ իր աղջնակը
«ուրիշ բաներէ կը զրկուի... կոր…», կը նկատէ հեղինակը։
Այս պատկերի մեղքը քիչ մը մեղմելու համար, կարծես, դրուագային շղթային կը միանայ «հայութեան հետ բացարձակ կապ չունեցող քորեացի ընտանիք մը, որ ոչինչ չի խնայեր, որ դասերը դիւրին գան երեխային»: Հեռաձայնէն եկած եւ նմանա-տիպ լուրերը, սակայն, հեղինակ-մանկավարժին չեն յուսահատեցներ. Ան կը փորձէ «արտասահմանեան կեանքի բաժակին պարպուած կէսը անտեսել ու լաւատեսօրէն լեցուն կէսը տեսնելով յուսադրուիլ», չէ՞ որ «Կրթական մշակը հայկական կեդրոններէն ներս նուիրում բառին քաջածանօթ է, անով լեցուցած է իր գործունէութիւնը, իր առօրեան, իր ամբողջ կեանքը»:
«Ազէզեն Ամերիկա»ի առաջին էջերուն մէջ տեղ գտած կրթական այս բանաձեւը կենսունակ է գիրքի մաս կազմող բոլոր ենթաբաժիններու համար:
Մայրենի լեզուի պահպանման եւ փոխանցման թեմայէն զատ «Մանկավարժի օրագրէն էջեր» ենթաբաժնի առանցքին մէջ են նաեւ այնպիսի հարցեր, ինչպէս են՝ ճշդապահութիւնը, սաներուն քաջալերելու միջոցները,դաստիարակութիւնը, Ամերի կայի կրթական համակարգը, անոր խնդիրները, կիրառուող մեթոտները, կրթական ոլորտի մէջ նոր, բանիմաց երիտասարդ ուժերու կարեւորութիւնը:
Բեն համարակալումը կրող «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» խորագրով ենթաբաժ Նի մէջ զանազան միջադէպերու ու երկխօսութիւններու միջոցով վեր կը հանուին հեղի նակի կեանքինմէջ կարեւոր դեր խաղցած ուսուցիչներու կերպարները: «Կեանքիս տարբեր հանգրուաններուն շատ տարբեր առիթներով յիշած եմ ուսուցիչներս։ Իւրաքանչիւրը անոնցմէ անեկդոտ մը, մանրավէպ մը, ժպիտ կամ ափսոսանք բերած է իր հետ եւ
քանդակած յուշերուս մէջ», կը նշէ հեղինակը։
Այդ յուշերուն մէջ իր ուրոյն տեղն ունի ամէն ինչ գիտցող Ազէզի Խոճան, նոյն ինքը՝ Համբարձում Պէրպէրեանը, ամբողջ Ազէզի մէկ հատիկ խոճան, որուն հարիւրաւոր մեթր հեռաւորութենէն երեւիլը զգաստութիւն կը պարտադրէր»։ Ազէզի խոճային նուիրուած հատուածը նշանաւոր է Արշակ Չօպանեանի «Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին» կտորով եւ հեղինակի՝ այդ ժամանակներու երկչոտ բնաւորութեամբ:
Ենթաբաժնի յօդուածներուն մէջ պակաս կարեւոր դեր չի տանիր հայերէն լեզուի ուսուցիչ Հայկ Պարիկեանը: Վերջինիս նուիրուած հատուածը կը նշանաւորենք Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» հատորով եւ «արեւողող», «մազօթաողող» նորակազմութիւններով: Չմոռնանք յիշատակել նաեւ տնտեսագի-տութիւն դասընթացի ուսուցչուհիին՝ Օրիորդ Ճեմիլէ Նազարեանին, չէ՞որ ան իր աշակերտուհիներու ուսումնական առօրեայի մէջ ուսուցիչէն զատ ունէր մէկ դեր եւս, այն է՝ ընկեր-խորհրդատու:
«Ազէզեն Ամերիկա» աշխատութիւնն ընթերցողին կը գրաւէ իր ոչ միայն յուշագրա-կան յօդուածային գրելաձեւով, այլեւ գեղարուեստական շաղախով: Վերջինս աւելի գրաւիչ կը դառնայ շնորհիւ դիպուկ ու անկեղծ նկարագրութիւններու եւ համեմատութիւններու: Օր.՝ «Ազէզի Խոճան» հատուածին մէջ անմիջապէս կը գրաւեն հետեւեալ տողերը.
«Թումանեանի Գիքորը այնքան չէր խեղճացած աղջիկ-պարոնին տան մէջ, որքան ես՝ Լազար Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեանի տանիքը՝ այդ վերամուտի զբօսանքին»:
Գեղարուեստական մատուցումը նիւթն աւելի թեթեւ կը դարձնէ, որու շնորհիւ ընթերցողը, պատմուող դէպքերէն ելլելով, ինքնաբերաբար, առանց յատուկ ջանքեր գործադրելու մտովի կը տեղափոխուի անցեալ եւ կը յայտնուի դպրոցական նստարանի, ժամանակ անց ալ կրկին կը դառնայ համալսարանական առօրեայի մէկ մասնիկը: Ես ալ «Ինքնակենսագրութեան փոխարէն», «Կեանքս դրոշմող անձերու հետ» եւ «Մանկավարժի օրագիրէն էջեր» ենթաբաժիններն ընթերցեցածս ժամանակ յիշեր եմ ինչպէս դպրոցական ու համալսարանական, այնպէս ալ ուսումնական
վարժութեան օրերուն սիրտ զովացնող ու սիրտ մաշեցնող դէպքերու երկար շարան մը:
Տափակ անիւին նմանող պատմութիւն մըն ալ ես ունիմ, զուարճալի պատմութիւն մը, երբ տափակ անիւի փոխարէն տունը ձգած պայուսակը դարձեր էր ուսուցիչէն յետոյ դասարան մտնելու իմ պատճառը:
Ազէզի Խոճայի եւ Հայկ Պարիկեանի նման ուսուցիչներու ու դասախօսներու ես նոյնպէս երախտապարտ եմ, քանզի անոնք կրթութեան ու մանկավարժութեան այն մշակներն են եղեր, որոնք երկչոտ ու ամաչկոտ բնաւորութիւն ունեցող սորվորողներու ձայնը ամէն կերպ լսելու դարձնելու կոչեր հնչեցուցեր են: Եւ վերջապես, գիրքի ուշագրաւ հատ-ւածներէն մէկը ամերիկեան կրթական համակարգին մէջ կիրառուող դաստիարակչական մեթոտներու մասին է.
«Ուսուցիչները երբեք աշակերտներուն չեն ըսեր. «Դուն չես գիտեր», այլ կ'ըսեն. «Եկուր միասին փնտռենք, ես ալ լաւ չեմ յիշեր»՝ ձեւացնելով, թէ իրենք ալ չեն գիտեր»։ Այս ինծի մանկավարժութեան պարտէզներուն մէջ կատարած առաջին փորձերս եւ սփիւռ-քահայ գրող, մանկավարժ Յակոբ Օշականի՝ իր սաներէն մէկուն ուղղուած խօսքը
յիշեցուց.
«Մտիկ ըրէ տղաս: Կան մեծ լեռներ եւ կան պզտիկ լեռներ: Մեծ լերան մէջ ենթադրէ որ կայ մեծ քանակութեամբ ոսկի, պզտիկ լերան մէջ՝ քիչ քանակութեամբ: Արդ՝ մեծ լերան շատը կրնա՞յ պատճառ ըլլալ որ պզտիկին քիչը դադրի ոսկի ըլլալէ, կորսնցնէ իր ոսկեղէն արժէքը:
Տո՛ւր առայժմ քու քիչ ոսկիդ, շատին մասին մտածելու դեռ ժամանակ ունիս…»:
Խօսքս կ՛ուզեմ եզրափակել գիրքէն առնուած պատգամով մը, որ հնչեցուցեր է Տօքթ. Բերկրուհի Նաճարեանը Հալէպի Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան այցի ժամանակ.
«Եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջին-ները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»:
Սիրելի՛ տիկին Զարմինէ, Դուք հասեր եք Ձեր երազին:
Շարունակեցէք երթը Ձեր, չէ՞որ մանկավարժի ուղին դեռ նոր սկսող մանկավարժներու համար Ձեր ընթացքը օրինակ է:
Հրաժեշտի ժպիտս կը լայննայ
Մնամ յարգանօք՝ Աննա Դաւթեան
* * * * * *
Ներկայացուած է Երեւանի Սփիւռք Գիտա-ուսումնական Կեդրոնի մէջ Խաչատուր Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համլսարան
Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 7, 2021-ին
Գրեց՝ ԱՆՆԱ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Բանասիրական ֆակուլտետ, 4-րդ կուրս
«Ոտքի՛, ժողովուրդ,
Ապագան խորտակուած
Նոր սերունդ դժբախտ
Անկարելի է լռել,
Արթննալու պահն է,
Դանակը ոսկորին հասած է արդէն
Ապահովեցէք
Ապահով կեանք մը ամբողջ աշխարհի
Գէթ ձեր զաւակներուն համար գալիքի»։
Յախուռն, ճեպընթաց, կեցութեան անակնկալները յաղթահարելու զարմանալի կորովով ու ուժով, ազգային ուղիի մայր գիծերէն, գերզգայուն
«փնթփնթոցներու» փոխարէն «Ոտքի»-ի արթնութեամբ հանդէս կու գայ Զարմինէ Պողոսեանը՝ «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքի «Բանաստեղծական
Ներշնչումներ» խորագիրը կրող ենթաբաժնին մէջ։
Ազէզ, Հալէպ, Նիւ Յորք, Նիւ Ճըրզի տարագիր աշխարհի խաչմերուկներուն կանգնած Զարմինէ Պողոսեանը ծնած է Սուրիական
հայաշունչ գիւղաքաղաք Ազէզին մէջ։ Աշխատակցեր է «Զարթօնք», «Նոր Այնթէպ», «Պայքար», «Շիրակ», «Նոր օր», «Մարմարա», «Ազդակ»,
«Հայրենիք», «Նոր Կեանք» պարբերականներուն։
Թերթենք էջերը ստեղծագործական․․․
Ինչքան զգայուն լարերու վրայ է կառուցուած «Կը փնտռեմ» պատմութիւնը․ արդէն իսկ վերնագիրը թոյլ կը շշնջէ մեր ականջին․
«Բոլորը կարօտը ունին իրենց տունին, անկողնին, թէկուզ ամէնէն աննշան համարուղ ամենամտերիմ իրենց բարձին, որուն վրայ ինչ բարձր
տրամադրութեամբ հանգիստ տուած էին իրենց գլուխներուն եւ հրաշալի երազներ տեսած ժամանակին։»
Հիմա․․․ պատրանաթափ ընդոստ կ’արթննան՝ աչք բանալով տեսնելու կարծր իրականութիւնը․․․ կորուստներ եւ փնտռտուք՝ ամէնէն աննշան
կարծուող մանրուքներուն։ Հոն չեն այլեւս։ Ո~ւր էին երէկ եւ կամ անցեալ տարի․․․ Ո՞ւր են հիմա։
Այո՛։ Հարազատներս կը փնտռեմ․․․ տեղերը բոլոր հարազատներուս,ցիրուցան, անորոշ հասցէներով»։
Տրամադրութիւններու շղթան կը փոխուի՝ համամարդկային սիրոյ Ակունքներում մէջ ենք․ ես, ան հարազատը, հարազատները, մարդիկ
ուղղակի, դուք, բոլորս...
Զարմինէ Պողոսեանի փնտռտուքներու մէկ այլ ծայրաթեւ կը յիշեցնէ «Ես Յղի Եմ» ոչ այնքան ընդունուած կարգախօս-արտայայտութիւնը:
Այնքան հետաքրքիր է տիկին Զարմինէի՝ վերնագիրի շուրջ պաշտպանողականը. «Ես յղի եմ» վերնագիրը կը դնէ եւ կըսկսի հետեւեալ
վահանով. «Հաւատացէք, իմ մասին չէ, որ կը խօսիմ: Թոռնիկ ունենալու յոյսով շատ -շատոնց այդ պարտականութիւնը իմ զաւակներուս
փոխանցած եմ: «Թոռնիկի պէս անուշ բան չկայ այս աշխարհիս մէջ»- կը հաստատեն շուրջիններս»:
Ես ալ առաջին անգամ կը լսէի Ճիմիին վերագրուած այդ տեսակ յայտարարութիւնը. «Ճիմի, այ էմ փրէկնընթ»՝ Ճիմի, յղի եմ...
«Ես յղի եմ» յայտարարել ամբողջ աշխարհին: Չէ, այս մէկը առաջին անգամն էր որ կը լսէինք»:
Յետոյ իմ մեծերէն շատ անգամ լսած արտահայտութեան շարքը կու գայ՝ «Է, մեր ատենը ամեն բան ուրիշ էր: Ժամանակները որքան փոխուած են:
Ամօթ կար, յարգանք կար:»
Այսպէս, հինի ու նորի պայքարով, երբեմն համատեղելով ու ներդաշնակելով հեղինակը կու գայ ամենակարեւոր մաղթանքին.
«...փոխանցեցէք անհամար բարեկամներուս եւ ազգակիցներուս՝ ի սրտէ խաղաղութիւն կը մաղթեմ աշխարհին, բոլոր բոլորին, եւ ինչպէս որ մեր
աշակերտներուն շրթունքներէն կը լսենք, Հիւսիս- Արեւելք երգին տողերուն մաղթանքները, կը ձայնակցիմ իրենց հետ երգելով, մաղթելով որ մեր ձայնի ալիքները հասնին բոլոր տեղահան եւ կայք փնտռող ազգակիցներուս»։
Իսկ իր համար խաղաղութեան գլխաւոր կռուանը բարութիւնն է.
«Ծննդեան տօներու առթիւ սրտաբուխ նուէր մը» ստեղծագործութեան մէջ կը նկատենք մշտարթուն, անուղղելի լաւատեսութիւն․ «Ով կ՛ըսէ թէ
աշխարհ անտարբեր, անգութ, անշնորհակալ ու չարակամ մարդոցմով լեցուած է։ Միմիայն մէկ ազնիւ արարք, առանց անմիջական
ակնկալութեան մէկ գեղեցիկ ժեսթ, մեզի տրուած նուէր-բարիքը մեզ ինչպէս լաւատեսութեան փոխադրեց »։
Պատմութիւնը կ՛եզրափակուի աւելի ընդգծելի գիրով․ «Այո, աշխարհի մէջ տակաւին կան լաւ մարդիկ»։
Այդ լաւ մարդկանց մէջ մենք այսօր կը տեսնենք Ձեր ներկայութիւնը...
ԱՆՆԱ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ
Բանասիրական բաժանմունք, 4-րդ կարգ - Երեւան
No comments:
Post a Comment