Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label K. Show all posts
Showing posts with label K. Show all posts

Friday, August 9, 2024

Midnight conversation with my brother - Fr. Vertanes KalayjianAugust 5, 2016-2024

 

ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

ԿԱՐՕՏԻ  ՇՇՈՒՆՋ

Օգոստոս 5-էն 12, 2016

 Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Գիտեմ ութը տարիէ մեկնած ես  

Ութը տարի առաջ, եօթը օր շարունակ

Յուսացինք որ մեզի պիտի վերադառնաս

Ճիշդ այն օրուան պէս երբ

Հալէպէն Երուսաղէմ պիտի երթայիր

Քեզ ճանապարհեցինք

Զսպուած արցունքով

Կարօտի ցաւը զսպելով

Մէկ ժամ չանցած դուռը զարկիր

Դո՛ւն էիր դրան առաջ

Այդ պահուն վերստին հանդիպումի մը

Անկրկնելի անակնկալն էր որ մեզի տուիր

Այո՛, վերադարձ մը չէր․․․․

Ցաւօք ․․․

Մոռցուած իր մը առնելու եկած էիր

Հիմա մե՛նք դարձած ենք մոռցուած իրեր,

Ե՛տ դարձ, եկո՜ւր վերստին մեր դուռը զարկ

Ա՜խ որքան կը յուսամ որ գաս վերստին․․

*   *   *   *   *

Կը կարծուի թէ քովս չես,

Այո՛, կը կարծուի, ինչպէ՞ս թէ

Ես ամէն գիշեր կը լսեմ ձայնդ

Մեր տան հեռաձայնին

Լսափողին միւս ծայրէն

Հոգատար ու փայլատակող շեշտովդ

«Պատմէ՛,  Տեսնեմ» - ը․․․

*   *   *   *   *

Այս բառերով կը բացուէր

Կծիկը մեր գիշերային զրոյցին

Այնքան յաճախ որ մինչեւ այսօր

Ութը անգամ 365 օր ետք իսկ

Օրեր ժամեր ցերեկ եւ գիշեր

Ամէն գիշեր ուշ ժամերուն

Ձեռքս կ՛երկարեմ հեռախօսի ընկալուչին

Վստահ ըլլալով որ դուն հո՛ն ես

Պիտի՛ որ պատասխանես,

Եղբայր իմ երէց․․․

Լսելու համար ձայնդ ․․․

Որ կ՛ըսէ՝

Պատմէ՛ տեսնեմ

Ի՞նչ գրեցիր

Խօսիլ տալու զիս․․․

Ի՜նչ գրեցի ու

ի՜նչ կրնամ գրել եղբայր իմ

Չէի գիտեր որ

Երազային էին այդ պահերը բոլոր

Իրաւ երազ պիտի դառնային

Չէի՜ գիտեր,

Որ օր մը անպայման լռութիւն

Պիտի տիրէր ընկալուչին միւս կողմը

Առանց արձագանգի  

Բայց հոգ չէ

Դուն մտիկ ըրէ զիս հիմա

Ինչեր ունիմ պատմելիք

Յաւերժի ճամբորդ դարձած եղբայր իմ սիրելի

Մանկութեան միակ ու թանկագին ընկերս,

Կեաքիս խորհրդատո՜ւն,

Կը յիշե՞ս Ազէզի մեր ուշ գիշերները

Երբ հեռատեսիլ չկար

 Ու մենք յոգնած կարդալէ

Կը դիմէինք թղթախաղի

«Բինէկ» խաղալու

Մեր մեծ բակին մէկ կողմը

Գաղտագողի առանց ձայն ծպտուն հանելու

Մամային ու պապային առանց արթնցնելու

Ի՜նչ կարեւոր էր թէ ով կը յաղթէր

Միշտ յիշեցնելիք ու սորվեցնելիք բաներ ունէիր

Պարզ թղթախաղի թուղթերու փոխարէն

Գրողներու եւ իրենց գործերու չորս անուններով

Թղթախաղի տրցակ պատրաստեր էիր

Ուր մեր ձեռքերուն մէջ կը տողանցէին

Վազգէն Շուշանեանէն Վահան Թոթովենցը,

Ակսել Բակունցէն՝ Աւետիս Ահարոնեանը,

Շահան Շահնուրէն Պարոյր Սեւակը

Շարան շարան մեր գրողներու պանթէոնէն

Արեւմտահայ թէ արեւելահայ փաղանգը

Մեզ ոգեշնչող սիրելիներուն

Իրենց գիրքերուն անուններովը

Որ յաջորդ օր յիշողութիւնս քննելու

Թէ ո՞ր հեղինակէն

Քանի՞ գիրքի անուն կրնամ յիշել

Եղբայր իմ երէց․․․

Պաշտպանողս,

Գրադարանս,

Գրական ճաշակ ներարկողս,

Բանաստեղծութիւն սիրցնողս

Բառերու նրբերանքին աւիշը քիմքիս ներարկողը

Միշտ քովս ես՝ ներկա՛յ

Հաւատքի սիւնս ես

Դուն քովս ես ընդմիշտ,

* * * *

Միայն թէ

Կը ներես, որ քեզմէ գաղտնի պահած եմ

Հայրենիքէն հոսող ցաւն ու մորմոքը

44 օրեայ պատերազմին մեր նահատակներուն թիւը

Արցախեան պաշարումը

Հալէպի երկրաշարժի ցնցումը․․․

Ու տակաւին․․․

Մեր արցախեան կորուստներէն

Որ մէկը յիշեմ  ․․․

Ալ արցունքս չորցաւ

Չեմ ուզեր խոստովանիլ

Ներէ՛՛ ինծի եղբայր իմ,

Դարձեալ տեսնուելու յոյսով․․․

Աղօթէ որ լաւ լուրեր ամբարած

Կարենամ հասնիլ

Յաջորդ մեր տեսութեան:




 



                     ԼՈՅՍԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՆԳՉԻՍ․․․․

ՄԻՆՉ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԻՐԵԼԻ ԵՐԷՑ ԵՂԲԱՅՐՍ-

Sunday, May 26, 2024

2018-May 28-centennial of first independant Armenia-Zarmine K Boghosian reflections for NARREC

 Սարդարապատի Ճակատամարտը- ՆԱՐԵԿԻ համար Գրեց՝ Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

2018--- Zarminé K Boghosian

–With Battle of Sardarabad let us honor the memory of: Generals Nazarbekian & Zoravar Antranik, Bishop Karekin Hovsepiants, (Later Catholicos of Cilicia), Catholicos Kevork IV and thousands of Armenians young and old, men and women.
First Armenian Independence was declared on May 28, 1918
Դարերու ընթացքին մեր մայրերը իրենց կաթին հետ հայրենասիրութիւն դիեցուցած են իրենց զաւակներուն: Հայ ժողովուրդը ազատու- թեան երազով ինչ-ինչ պայքարներ մղած է, անհամար զոհեր տալով: Հայ բանաստեղծները երգեր յօրինած են ժողովուրդը արթնցնելու:100+ տարի տարբերութեամբ կարդանք երկու տարբեր գործեր` Գամառ Գաթիպայէն եւ Պարոյր Սեւակէն:
Raphael Patkanian (also known as Kamar Katiba; Armenian: Ռափայէլ Պատկանեան+, Doni Rostov-Russia in 1830, his father and grandfather had been known for their poetic gifts. While at the University of Moscow, he created a literary club for his Armenian students and from initials of their names formed his own pen-name of: Kamar Katiba Գամառ-Քաթիպա.
Մայիս 28-ը Հայ ժողովուրդին համար նշանակալից օր մըն է:
Ամենուրեք մեծ շուքով կը տօնուի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ-Մայիս 28, 1918-2018: Այդ օրերուն բազմահարիւր հայորդիներ ուխտագնացութեան պէս ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տօնակատարութեանց:
Անձկալից սպասումներէ եւ անհամար զոհաբերութիւններէն ետք, հաւաքական ճիգերով ձեռք-բերուած հպարտառիթ յաղթանակի տօնն է:
Հայ ժողովուրդին ճակատագրական մէկ հանգրուանի տօնախմբութիւնն է այս, որ դարերէ ի վեր անկախութիւն կորսնցուցած Հայը իր հողին վրայ պետութիւն կը հռչակէր: Սարտարապատը վկա՛յ, եւ Պարոյր Սեւակի ներշնչող տողերը-
Երբ չի մնում ելք ու ճար, Խենթերն են գտնում հնար:
Այսպէս ծագեց արեգակեց, Սարտարապատի մարտը մեծ:
Զանգե՜՜ր , ղօղանջէ՛ք, Սրբազան քաջերին կանչէք
Այս արդար պատից:
Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք—Սարդարապատից:
Հոս կ՛արժէ անգամ մը եւս յիշել պատմական եղելութիւն մը որ պատահած էր Սարտարապատի 1918-ի հերոսամարտի նախօրեակին: Այդ օրերուն Էջմիածնի Ճեմարանի տեսուչ - ապա Կիլիկեան Թեմի Գարեգին Ա. Կաթողիկոս - Շնորհազարդ Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց Էջմիածնէն ուղղակի կ՛երթայ Սարտարապատ եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին կը դիմէ իր բոցավառ խօսքերով- «Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել իրեն: Ե՞լքը, եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը: Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ- հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ- նրա հրամանտարները գալիս էին Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ՝ նրա աջը համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մե՜ծ է ե՛ւ ահաւոր, որ ես ահա Սուրբ Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքը համբուրելու, որ փրկէք հայրենիքը... փրկէք ձեր պատիւը, հայի՛ պատիւը .....» ... եւ բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը հնչեցնել տալով Հայ ժողովուրդին քաջութիւն կու տայ դուրս ելլելու իրենց տուներէն եւ յանուն Հայրենիքի պայքարելու: Մահ-ու-կենաց պայքար էր արդարեւ: Եւ... Հայ ժողովուրդը միս-մինակ թշնամիին առաջ էր:
Երեք ճակատներու վրայ ռազմավարական դասաւորումով կ՛առաջնորդուին հայ խմբակները: Սարտարապատի ճակատամարտի ղեկավարն էր՝ Զօրավար Դանիէլ Բեկ Փիրումեան, Բաշ-Ապարանի հրամանատարն էր՝ Դրաստամատ Կանայեան- Դրօ, Ղարաքիլիսայի զօրավարն էր-Թովմաս Նազարբէգեան:
Ահաւասիկ պատմական իրականութիւնը այն յաղթանակին, որ թշնամին վանելով Հայ ժողովուրդը կրցաւ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ հռչակել, առաջին հանրապետութիւնը հիմնել:
ՍՐԲԱԶԱՆ ԽԵՆԹԵՐՈՒ, Անձնազոհ ու Գիտակի՛ց ղեկավարներու առաջնորդութեամբ եւ հայրենասէ՛ր հոգեւորականներու ներշնչումով համայն հայ ժողովուրդը բռնցքուած եւ մեծ հաւատքով պայքարած է, քաջ գիտնալով թէ երբ «ելք ու ճար» կը կարծուի որ չէր մնացած, միասնակամ ջանքերով յաղթական դուրս կարելի՛ է ելլել եւ գոյատեւել դարեր շարունակ:
Ժագ Յակոբեանի կուռ խօսքերով՝
Ամենաքաջ ձեռքերն էին- Հաւատացէք-
Որ մրրիկի պէս աւլեցին
Ներխուժողներն Հայաստանի:
Տէր Աստուծոյ ձեռքերն էին, Որ- հաւատացէ՛ք-
Յաւերժակուռ կոթողեցին – Սարդարապա՛տն Հայաստանին:
Ահա թէ ուր կը կեդրոնանայ Մայիս 28-ի եւ Սարդարապատի ՈԳԻՆ:

ZKB- New York, Մայիս 28, 2018

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...