Search This Blog

Search This Blog

Saturday, July 29, 2023

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ,Zarmine_2008 Article Published in Mrmara and book

 

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ

            («Սահմանում զինուորական է զոհուել»)

Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ ինչ կորուստներ թիւերով միայն կը յայտարարուին:

Շատ շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին: Աղէտին պատկերնե՞րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս:

Եւ... վե՛րջ:

Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ՛անցնինք մեր առօրեային:

«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...

Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:

Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն: Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:

Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է:

Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք:

Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ:

Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:

Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:

Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր. ․ ․

- Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը...   

Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:

Մեր աչքերուն առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:

Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի:

Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ: Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք:

Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:

Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի էլի՛ մէկ զոհ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան- Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006

«Մարմարա», 7 Յունիս, 2006, Չորեքշաբթի

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...