*** Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին հետեւելով Յուլիս ամսուն կը տօնենք Քրիստոսի Այլակերպութիւնը- Feast of the Transfiguration, որ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղավարներէն երրորդն է եւ շարժական: Ժողովրդական առումով՝ «Ջուրի Զատիկն է» Վարդավառը:
*** Այս տօնը կը նշուի Ս. Յարութեան տօնէն 14 շաբաթ կամ՝ 98 օր ետք: Այս տարի (2023) կը նշուի Կիրակի ՝ Յուլիս 16-ին: Հայ ժողովուրդը ըստ աւանդութեան միշտ ալ միաձուլած է կրօնականն ու ազգայինը, հետեւաբար այս տօնին ալ ազգային բնոյթ տալով ճանչցուած է որպէս ՎԱՐԴԱՎԱՌ:
*** Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Հայրապետը այս տօնին կրօնական յիշատակումը կը
միացնէ ժողովրդական տօնին՝ հայ դիցուհիներէն Աստղիկի՛ն,
որ գեղեցկութեան, ջուրի եւ սիրոյ աստուածուհին էր, համապատասխան՝ յունական Աֆրոտիդէին: Աստղիկի մեհեանին շուրջ կատարուած
տօնախմբութիւնները այդպէս կը կոչուէին։
*** Ըստ աւանդութեան աղաւնիներ կը թռցնէին, ծաղկեփունջեր կը կազմէին եւ ծառայութեան մէջ գործածուած կենդանիներուն ճակտին վարդափունջեր կը զետեղէին:
*** Իսկ ընտանեկան շրջանակներու մէջ ալ ուրախ տօնախմբութիւններ տեղի կ’ունենային, շնորհաւորելու ընտանիքի անդամներէն անոնց՝ որ մկրտուած են հետեւեալ անուններով-
*** Վարդգէս,
Վարդավառ, Վարդ, Պատրիկ, Ալվարդ, Զարվարդ, Լուսավարդ, Նուարդ, Վարդենի, Պայծառ, Վարդանոյշ, Վարդի, Վարդիթեր,
Վարդուհի եւ Վարվառէ:
No comments:
Post a Comment