Through the Orchards of Armenian Language & Poetry Presented by: Zarminé Boghosian
Search This Blog
Search This Blog
Wednesday, November 3, 2021
Monday, November 1, 2021
Thursday, October 28, 2021
My Morning Coffee_Zarmine
ՄԵՐ ԱՌՏՈՒԱՅ ՍՈՒՐՃԸ
Նոր
միջավայրի մէջ նոր ընթացք առած է մեր առօրեան։ Երկու տարիէ այսօրուայ պէս կանուխ
դուրս ելած չունէինք։ Ի՜նչ հաճոյք էր մեր թոռնիկները դպրոց ուղեկցելու համար կանուխ
արթննալ իրենց ժպտուն դէմքերը դիտելով դպրոց տանիլ։
Հասանք դպրոց, որ միմիայն հինգ վեց վայրկեանի ճամբայ
էր։ Դպրոցին դրան առաջ արդէն պատասխանատու կիներ կը սպասէին։ Մեր ինքնաշարժէն դուրս
ելլելու կարիք չկար։ Իրենք դուռը կը բանան, կը դիմաւորեն, աշակերտին կ՛օգնեն եթէ դպրոցական
պայուսակը ծանր է․․․այսպէս, ձգեցինք մեր հոգեհատորը իր ուսման օճախին առաջ․․․ եւ ․․ վերջ։
Ուրիշ ի՞նչ կրնայինք ընել, շատ կանուխ է եւ օրը
երկար։ Որոշեցինք սուրճի երթալ մեզի մօտակայ
«Տանքին Սուրճի»-ի խանութը։
Ինքնաշարժէն դուրս ելած կը
մօտենայի սուրճի խանութին դրան, խանութին ներսէն դուրս ելլող երիտասարդ մը երկու
ձեռքերը լեցուն սուրճի գաւաթով եւ այլ ուտելիքներով ծանրաբեռնուած, ոտքը դրան դուռին
բաց պահած սպասեց՝ որ ես ներս մտնեմ «Բարի Օր ձեզի» մաղթանք մըն ալ
միացնելով իր ժպտուն դէմքին։
Ապսպրուած սուրճն ու
նախաճաշի բրթուճները առած նստեցանք հանգիստ մը, մենք մեզի վայելելու։ Արդէն մեզմէ
զատ նստող չկար, բոլոր յաճախորդներն ալ արագ գործի վազողներ էին։
Միայն մենք էինք նստելու աթոռ-սեղան պահողը։ Համավարակի
պատճառով,ընդունուած ձեւով սեղանները որոշուած էին իրարմէ հեռու «կրնաս նստիլ կամ չես կրնար» ազդանշաններով։
Մենք անկիւն մը ծուարած, նստած էինք։ Ես հանդարտիկ մը սուրճս կ՛ըմբոշխնէի, յաճախորդներու
եռուզեռին շարանը դիտելով։ Պոչ բռնած շարքէն յանկարծ երիտասարդուհի մը դարձաւ մեզի
նայելով ժպտեցաւ եւ դիմակը կիսով մը վար առնելով ըսաւ․․․
-
Չէք կրնար երեւակայել
ինչ յիշատակ եւ ժպիտ պատճառեցիք ինծի․․․ ինչ
լաւ հանդարտ նստած էք երկուքով եւ
ձեր առաւօտեան սուրճը կը վայելէք․․․ իմ մեծ
հօրս եւ մեծ մօրս յիշեցուցիք որ ․․․․ այլեւս
չկան․․․
Է՜՜հ, այո՛,
այսօր մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկի պարտականութիւն ստանձնած
էինք մեր թոռնիկներուն դպրոց ուղեկցելու։ Այդ ակնարկը միաժամանակ մեզի յիշեցուց,
որ մեր սպիտակած գլուխներով մեծ հայրիկ-մեծ մայրիկ կը յիշեցնենք մեր
շուրջիններուն։
Յաճախ կը մոռնանք որ պապիկ-տատիկի տարազները հագած
ենք, նորանոր կեանքի ապրելակերպ եւ առօրեայ ստանձնելով։
Նման ակնարկնութիւններ կու գան մեզի յուշելու ինչ
որ ներքնապէս տակաւին երեւի չենք ընդունած։
Մի քանի տարիէ մեր առաւօտեան ժամերը ուրիշ ընթացք
ունին։ Համավարակի պատճառաւ աճապարելու պէտք չունինք։ Կ՛արթննանք երբ որ ուզենք։
Զարթուցիչ զանգի պէտք չունինք, երբ ալ ըլլայ կ՛ըլլայ․․․ բացի անշուշտ եթէ բժիշկի ժամադրութիւն մը այդքան կանուխ չէ
նշանակուած։
Ես
աւելի քան երեսուն տարի վարժուած էի առաւօտ կանուխ հինգ երեսունին արթննալ,
բաւարար ժամանակ տալով ես ինծի պատրաստուելու եւ ինքնաշարժին մէջ ըլլալու եօթէն
առաջ, գործի ժամանակին հասնելու, կամ այնպիսի ժամու մը որ զիս դպրոցի դրան առաջ
հասցնէր բոլորէն առաջ, ամէնէն ուշը առաւօտեան ութին։
Առաւօտեան սուրճի պահը ինծի
համար վայելք էր հիմա։ Աճապարելու, ժամանակին տեղ հասնելու անհանգստութիւնը
ներքնապէս կ՛ուտէր զիս եւ հաւանաբար այս աստիճան չէի ալ կրնար վայելել խմած
սուրճիս համը։
Այսօր սուրճիս համը տեղն էր․․․
Բայց այդ «պապիկ ու տատիկ» դարձած ըլլալու մասին պէտք
է քիչ մըն ալ ժամանակ տամ հաշտուելու․․․
Հինգշաբթի՝ Հոկտեմբեր 28․ 2021 – Springfield, PA
Monday, October 25, 2021
Azezen-Ameriga_Noyan Daban_Armenian_reflections
https://nt.am/am/news/307752/?fbclid=IwAR1YgffYD99-chwycUaiqiES6Hw8Wm08G8wmCdmdsXpSsQlwxYmoxW7076A
- 25-10-2021 14:43:46 | Հայաստան | Հասարակություն








Saturday, October 16, 2021
Thanksgiving,November,Zarmine Boghosian,for NARREC
ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՏՕՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ
Նոյեմբեր ամիսը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ,
երկու կարեւոր թուականներով կը յատկանշուի- Veteran’s Day-Վաստակաւորները- յատկապէս Զինծառայողները Յարգելու Օր- Չորեքշաբթի՝ Նոյ․ 11-ին, եւ
Thanksgiving- Գոհաբանութեան Տօն, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26-ին , շնորհակալութիւն
յայտնելու, յիշելու մեր երախտաւորները, նուիրեալները, կամաւորներն ու բարերարները։
Այս
օրերուն-աւելի քան մէկ ամիսէ Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ- մեր սիրտերը կ՛արիւնին
Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու երկայնքին կատարուող բուռն բախումներուն պատճառաւ
մեր երիտասարդներուն մեծ թիւով կորուստը, մեր ժողովուրդին
կրած ծանր կորուստը։ Որքան ալ արիւնաքամ ըլլալու վտանգը կը ցնցէ մեզ եւ սարսափը կ՛ապրինք,
միաժամանակ մեր սիրտերը հպարտութեամբ կը լեցուին աշխարհով մէկ տիրող ՀԱՅ անհատին զոհաբերութեան ոգիին ի տես։
Վեթերաններու-
Վաստակաւորներու յարգանքի օրուան առթիւ անգամ մը եւս
կը խոնարհինք իրենց կեանքին գինով հայրենիք պաշտպանողներուն յիշատակին։ Սէր ու յարգանք՝ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր
մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար բոլոր զոհուածներուն յիշատակին։ Կը
խոնարհինք անոնց յիշատակին առաջ եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք իրենց
ծնողներուն․․․ որոնք կ՛ապրին, կը
գոյատեւեն պատերազմներու ընթացքին իրենց կորուստներն ու ապրուած արհաւիրքը ամէ՛ն
օր յիշելով։ Ամերիկացի հեղինակ Ալիս Ուոքըր կ՛ըսէ թէ «Շնորհակալ
եմ» կարենալ ըսելը լաւագոյն աղօթքն է, որ մարդ արարածը կրնայ
բարձրաձայն արտասանել։
Նոյեմբերին հետ, 2020 տարին գրեթէ իր աւարտին կը
հասնի։ Մեր ապրած տարիներու ընթացքին արդեօ՞ք ունեցած ենք նման ահաւոր ու
զարհուրելի տարի մը – որ կարծես թէ չէր
բաւեր ամիսներով համավարակէն սարսափած մեր տուներէն ներս բանտարկուիլը, ականատեսներն
ըլլայինք ամբողջ աշխարհը մտահոգող տնտեսական տագնապին, եւ այդ բոլորին զուգահեռ՝ տառապէինք
թուրքին ու ազըրպէյճանին բորենիական քաղաքականութեան թիրախ դարձած Հայ ժողովուրդին
գլխուն թափուող կրակին։
Երբ
երեք տարի առաջ խոստացայ ՆԱՐԵԿ-ին
հայերէն էջով մը մասնակցութիւնս բերել, աւելի շատ մեր համայնքին – մանաւանդ՝ այս եկեղեցւոյ շրջանակէն ներս մեր երէց սերունդի
երախտաւորներուն մօտէն ծանօթանալու, անոնց մասին գրելու եւ մեր շնորհակալութիւնն
ու երախտագիտութիւնը յայտնելու համար էր, որպէսզի նոր սերունդը ծանօթանայ հայ
համայնքէն ներս անոնց ցուցաբերած բարոյական նեցուկին եւ ներդրումներուն մասին։
Մեզմէ
շատեր գիտեն թէ ո՞վ էր Թէոդիկը- նշանաւոր «Ամէնուն Տարեցոյց» ը
պարբերականին բանասէր խմբագիրն ու համադրողը,
որուն իր կեանքը կապած էր Արշակուհի Ճէզվէճեանը- 1875-ին
Պոլսոյ Օրթագիւղի մէջ ծնած հայուհին, որ մահացած է 1922-ին, Լոզան-Զուիցերիա։ Անգլիա
ուսանած, ֆրանսերէն բառարանի կազմութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած այս ուսեալ
հայուհին Հայ
ընկերային կեանքէն ներս այդ օրերուն ճանչցուած էր որպէս գործիչ, ուսուցչուհի,
հրապարակագիր, գրագէտ եւ թարգմանիչ, որուն ծննդեան 145-ամեակն
է այս տարի:
Այս
մտաւորական կինը 1902-ին իր կեանքը կապած էր Թէոդիկին առանց դադրելու հայ կեանքէն
ներս կատարած իր աշխատանքներէն։ 1909 թուականին՝ Ատանայի ջարդի
պատահարներուն,
Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան նախաձեռնութեամբ
Ատանա կը մեկնի Տիկին Զապէլ Եսայեանի, Օրդ․ Սաթենիկ Օհանճանեան հետ,
կոտորածէն
տուժածներուն օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքին
միանալով։
1910 թուականին, լոյս կ՛ընծայէ
ականատեսի իր վկայութիւնները բովանդակող գրքոյկ մը՝ «Ամիս մը ի Կիլիկիա»- Կցկտուր
նօթեր 37 պատկերներով» ճամբորդական ուղեգրութիւնը:
Այս օրերուն երբ հեռատեսիլէն
եւ լուրերէն կը տեսնենք զոհուած մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն նկարներն ու
իրենց ետին թողած որբուկներուն եւ պատերազմի թոհ ու բոհին մէջ աշխարհ եկող
մանուկներուն նկարները ․․․․ կը զգանք կարեւոր ներկայութիւնը
Արշակուհիին նմանող քաջակորով այսօրուա՛յ
հայուհիներուն ոգի՛ն, մեր օրերու հայ մայրերուն ու քոյրերուն մօտ։
Մեր
եկեղեցւոյ հաւատաւոր անդամներէն է Տիկին
Արշակուհի Չէթինը, որ իր կարգին այնքան լռելեան ներդրումներ կը կատարէ իր
առատաձեռն բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ այս եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս։ Ան
օրինակելի եւ տիպար մայրն է նոյնքան նուիրեալ եւ օրինակելի այս եկեղեցւոյ
գործունեայ մէկ անդամին- յանձինս՝ բժշկուհի Լին Չէթինին։
Անուններու
ընտրութեան մէջ դժուար թէ ներկայի մեր նորածին աղջիկ զաւակները մկրտուին Արշակուհի անունով։ Բայց որքա՜ն կարեւոր
է ե՛ւ բաղձալի՝ յիշել, ճանչնալ, պատուել Արշակուհի
Ճէզվէճեան-Թէոդիկի նման Հայուհիներու յիշատակը։ Միաժամանակ տեղեակ
ըլլալ թէ մեր եկեղեցւոյ համայնքն ալ ունի Արշակուհի մը, յանձինս՝ Տիկին
Արշակուհի Չէթինին, որ լռելեան ու
համեստօրէն սատար կը կանգնի այս եկեղեցւոյ զանազան մշակութային
գործունէութիւններուն։ Դաստիարակած է նուիրեալ դուստր մը – յանձինս՝ Բժշկուհի Լին Չէթինին- որ նոյնքան համեստ
ու լռելեան, խիստ կարեւոր գործունէութիւն կը ցուցաբերէ մեր համայնքէն ներս –
ներառեալ ՆԱՐԵԿ-ի խմբագիրի պաշտօնը։
Մաղթենք
որ իրենց օրինակները վարակիչ դառնան, տիպար հայուհիներու թիւը բազմանայ
շարունակելու նման գործունէութիւններ, ի փառս մեր ազգին ու եկեղեցւոյ։
Խունկ ու աղօթք մեր զոհուած հայրենի հերոսներու
յիշատակին։
Արժեւորենք անվերադարձ
յիշատակները բոլոր մեր սիրելիներուն։
Մեր երախտագիտութիւնը փոխանցենք մեր սահմանները
պահպանող Հայոց բանակի մէն մի անդամին։
Յարգենք՝ եւ հազար փառք տալով՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ ըսենք մեր համայնքի Դափնեպսակներու
արժանի մէն մի հայորդիին, որ պատրաստ է իր կեանքը զոհել յանուն հայրենիքի։ Եւ վերստին յիշենք թէ՝
Գոհաբանութեան Օրը ՄԷԿ օր է - Սակայն՝ երախտագէտ ըլլալը բարձր առաքինութեան տէր ըլլալուն հայելին է, իսկ Շնորհակալութիւն
յայտնելը
Տասնըերկու ամիս՝ տարին բոլոր է:
ՈՒՐԱԽ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ * HAPPY THANKSGIVING!
Զարմինէ Պօղոսեան – Springfield, PA- Նոյեմբեր 1, 2020
2020-THanksgiving Salute-NARREC-by Zarmine Boghosian
ՆՈՅԵՄԲԵՐԸ՝ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ՏՕՆ
Ժողովրդական
առածը կ՛ըսէ թէ «Եթէ ոսկի մը պարտական ես կրնաս վճառելով ազատիլ պարտական ըլլալու
զգացումէն, սակայն՝ հոգեպէս յաւիտեան պարտական կը մնանք անոնց հանդէպ, որ ազնիւ
վերաբերմունք ունեցած են մեզի հանդէպ»։
Երախտագիտութիւն, երախտապարտ
ըլլալ ու մանաւանդ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ըլլալով անմիջապես արտայայտուիլ
կարենալը մարդ արարածին մօտ յատուկ նկարագրի տէր ըլլալու լաւագոյն ապացոյցն է։
Մեր շուրջը յաճախ ականջալուր
կ՛ըլլանք «մէկ հատ դառնալով- շնորհակալ եմ- մըն ալ չըսաւ․․» արտայայտութիւններու: Սակայն, կը
հիանանք երբ մարդիկ մեր շուրջը շնորհակալութիւն յայտնելու ժեստը իւրացուցած
են, իրենց անձով կը մարմնացնեն
խոնարհութեան եւ հասկացողութեան վեհագոյն օրինակը։ Ամերիկացի հեղինակ Ալիս Ուոքըր
կ՛ըսէ թէ «Շնորհակալ եմ» կարենալ ըսելը լաւագոյն աղօթքն է, որ
մարդ արարածը կրնայ բարձրաձայն արտասանել։
Որքան կարեւոր է փոքր տարիքէն
մեր զաւակներուն սորվեցնել շնորհակալ ըլլալ ամէնէն փոքր նուէրին կամ նոյնիսկ մէկ
քաջալերական խօսքին համար։
Այս ամիս Երկուշաբթի՝ Նոյ․ 11-ին Վեթերաններու յարգանքի օրն է։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի
աւարտը – Զինադադար- հրադադարը նշող թուականն է այդ, որ 1954-էն սկսեալ աւանդութիւն
դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ յիշել, յարգել բոլոր պատերազմ-ներու ընթացքին զոհուած
զինուորները-ե՛ւ Վեթերանները։ Բոլոր անոնց՝ որոնք հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր
մարդկային իրաւունքները ապահովելու համար իրենց կեանքը զոհած են։ Կը խոնարհինք
անոնց յիշատակին առաջ եւ մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց՝ որոնք
կ՛ապրին, կը գոյատեւեն պատերազմներու ընթացքին իրենց կորուստներն ու ապրուած
արհաւիրքը ամէն օր յիշելով։
Ամէնօրեայ մեր կեանքին վազվզուքին մէջ շատ յաճախ կը մոռնանք մեր
առօրեային ամէնէն կարեւոր
բաները, եւ
յիշեցումի կը սպասենք կարծես որպէսզի պահ մը կանգ առնենք, գոհութեան զգացումով
շնոր-հակալ եւ երախտապարտ ըլլալու մեզի ընծայուած բարիքներուն համար։ Ահա այդ օրն
է Գոհաբանութեան Օրը, որ այս տարի Հինգ․ Նոյեմբեր 28-ին է, ինչպէս միշտ՝
ամսուան չորրորդ Հինգշաբթիին կը նշուի։
Եկէք ամփոփուինք Նոյեմբերի
առաջին օրէն իսկ, վերյիշելու տարուան սկիզբէն սկսեալ բոլոր պատահածները, շնորհակալ
ըլլանք բոլոր այն բարիքներուն համար որ մենք վայելած ենք ե՛ւ կը վայելենք– ըլլայ
վերուստ շնորհուած կամ մեր շրջապատէն մեզի հասած։ Մէկ առ մէկ թուենք, յիշենք
հրաշալի անհամար այն պահերը որ վայելած ենք մեր սիրելիներուն հետ, յիշենք կորուստը
մեր անվերադարձ սիրելիներուն եւ շնորհակալ ըլլանք բոլոր այն բարի յուշերուն որ
մեզի ընծայած են, մեր կեանքը հարստացնելով։
Այս առթիւ անձնապէս իմ
երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի իմ բոլոր բարեկամներուս,
յատկապէս ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱ-ԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾ
ընտանիքին, Եկեղեցւոյ եւ երեք վարժարաննե-ու պատասխանատու մարմիններուն եւ
ընտանիքներուն՝ անցնող երե-սուն տարիներու ընթացքին առօրեաս եւ կեանքս իմաստաւորող
եւ հարստացնող իրենց ներկայութեան համար։ Շատ հեռու չեմ տեղափոխ-ւած, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն ձեր բոլորին կը
մաղթեմ ընտանեկան երջանիկ յիշատակներով լեցուն բոյն, յաջողութիւն՝ ձեր անհատական
եւ ընտանեկան երազներուն։
Որքան ալ աշխարհագրականօրէն
հեռու ըլլամ ձեզմէ, կը խոստա-նամ ամէն ամիս այս էջը ձեզի հասցնել – այնքան ատեն որ
ընթերցող եւ հետաքրքրուողներ կան։
Եկէ՛ք
այսօր մինչեւ յաջորդ Նոյեմբեր
Ապրուած օրերէն ետք այս հրաշալի ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ԸՍԵՆՔ
Անպայման յիշենք անցած պահերը
Արժեւորենք անվերադարձ յիշատակները ![]()
Յարգենք՝ եւ հազար փառք տալով
Ըսենք ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ բոլոր անոնց՝
Որ կը պահպանեն Եկեղեցիները
մեր
Հոգատար են Հայ Դպրոցին
ու մանուկին
Կրթութեան Օճախը սուրբ պահողին:
Եւ վերստին յիշենք այսօր թէ՝
Գոհաբանութեան Օրը ՄԷԿ օր է
Սակայն՝ շնորհակալութիւն յայտնելը
Տասնըերկու ամիս՝ տարին բոլոր է:
ՈՒՐԱԽ ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐ * HAPPY THANKSGIVING Զարմինէ Պօղոսեան – Springfield, PA
About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...
-
ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ (Փետ րո ւար 23-24, 2024) Մեծ Պահքի շրջանի կի...
-
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...
