Search This Blog

Search This Blog

Friday, August 6, 2021

Armenian Interests-Armenian Poem-page-Zarmine-Boghosian

 

 

 



Remembering Arch-Priest Der Vertanes-5th Anniversary- August 5, 2016_2021- Zarmine Boghosian

 ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԶԱՒԱԿԸ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆԸ

                                 Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի Վախճանումին առթիւ

                                         12 August 1939 Aleppo - Syria - 5 August, 2016 Wayne. New Jersey

«Երեւի ամէն մարդ թանկ մէկին պիտի կորցնի, որ յետոյ ամբողջ կեանքում որոնի, քանի ապրում է... »                                     Վարդգէս Պետրոսեան                                

            «Թանկ» բառը  չեմ գիտեր թէ իսկապէս պիտի կարենա՞յ պարփակել մէ՛կ անհատի մէջ ամփոփուած բոլոր այն առաքինի ծառայութիւնները, որ Արժ. Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանը կը մարմնաւորէր իր ողջութեան: Հոգեւորական մը՝ որ իր ֆիզիքական երկրային գոյութիւնը յանձնեց Նիւ Ճըրզիի Ճօրճ Ուաշինկթըն Յիշատակի Այգիին՝ միանալու համար երկնային կապոյտին մէջ թեւածող իր հօր՝ Տիրահայր Գէորգին հոգիին:

            Օգոստոս Հինգէն ի վեր իրար յաջորդող ցաւակցական խօսքերն ու վշտակից գրութիւնները բոլորն ալ եկան ընգծելու մեր եղբօր արժանիքները թէ ան հաւասարապէս ե՛ւ հայրենասէր էր եւ եկեղեցասէր, հայ լեզուի ջատագովն էր եւ ընտանիքը սիրող զաւակ:

Գրեթէ անհաւատալի կը թուի թէ արդէն կէս դարէն աւելի -63 տարի անցած է այն օրէն՝ երբ առաջին անգամ տասներեք տարեկան Զաւէն եղբայրս յանձնուեցաւ Դերենիկ Սրբազանին, բարձրագոյն ուսում ստանալու երազով դառնար Անթիլեաս Դպրեվանքի սան:

Երբ շրջանաւարտ ըլլալէն ետք տուն դարձաւ եղբայրս հօրս յայտնեց թէ որոշած է ազգին ծառայել հոգեւորական դառնալով: Հայրս մէկ պատասխան ունէր տալիք – «Ըրէ՛ այնպէս որ յետոյ չըսես թէ հայրս ապագայի իմ ծրագիրներուս արգելք եղաւ»:

Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած հօրս համար, մանաւանդ՝ այդ օրերուն անդրանիկ մանչ զաւակը նիւթական մեծ ապահովութիւն կը նշանակէր հ՛ոն Հալէպի – Ազէզի մէջ: ԱՆգիր օրէնք էր, կամ՝ սովորութիւն, որ ընտանիքին անդրանիկ զաւակը նախակրթարան աւարտելէ ետք անմիջապէս «աղուոր» արհեստ մը սորվելով շուտ եւ շատ դրամ շահելու (շինելու) ձեւը գտնէր: Հինգ զաւակի տէր հայս այս բոլորը զգալով հանդերձ անձնասէր չեղաւ: Իր ընտանիքին յուսատու այդ ապահովութիւնը, իր անդրանիկ զաւակը կը զիջէր Հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցիին:

Անկէ ետք մենք-քոյր եղբայրներով տարուէ տարի զգացինք թէ մեր երէց եղբայրը մեզ հարստացուց իր հոգեւոր ազդեցութեամբ, իր կեանքին օրինակով եւ իր երկու քոյրերուն եւ երկու եղբայրներուն հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեամբ: Բնականաբար, աղբիւրը այդ հոգատարութեան կը բխէր ծնողքէս- հանգուցեալ հօրս՝ Գէորգէն եւ 93-ամեայ մօրս՝ Տիրամայր Զապէլ Գալայճեանէն:

Հիմա ես ալ որպէս մայր եւ մեծ մայր կը զգամ թէ ի՜՜նչ ըսել է տասնըերեք տարեկան անդրանիկ զաւակդ ընտանիքէն հեռու ուրիշ երկիր, գիշերօթիկ ղրկել,  յանուն՝ բարձրագոյն կրթութեան, հոգեւոր եւ մտային զարգացման, այն ալ տասնըերեք տարեկանին եւ ... այսօրոայ  հաղորդակցութեան կապերու չգոյութեան:

Ուրբաթ՝ Օգոստոս 12-ին Տան Կարգի արարողութիւնը Տէր Վրթանէսին 77-րդ տարեդարձը նշէր: Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցին լեցնող սգակիրները – երկու օրերուն ալ - եկան փաստելու, որ իր անմիջական ընտանիքէն հեռու մնալով քահանայ եղբայրս այսքան մեծ թուով ընտանիքի մը գուրգուրանքին եւ յարգանքին արժանի դարձած էր: Աշակերտներ, գործակիցներ, ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր, նպաստընկալներ բոլորն ալ ըսելիք ունէին, թէ ինչպէս եւ ինչ պայմաններու տակ Տէր Վրթանէսը իրենց կեանքէն ներս ներդրում մը ունեցած էր:  

Տէր Հօր Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովուական շրջանին կարճ ժամանակի մէջ եկեղեցիէն ներս տեղի ունեցած բարելաւումները կը թուէին,  Հ.Ե.Ե.Կ.-ACYOA-ի ձեռնարկներէն «Հայ Քլապ»  երիտասարդացի, «Արարատ» երէցներու խումբի կազմութենէն  մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին Նոր Շէնքի Սրահին շինութիւնը, Կիրակնօրեայ եւ Հայ Դպրոցներուն նոր դասարաններով օժտուիլը:  Իսկ Տէր Վրթանէսին հովուական օրերուն ծխական խորհուրդի ատենապետը կը թելադրէր - Ի պահանջել հարկին Տէր Հօր օգնութեան կարիքը ունեցող ծխականին, զայն փնտռել եւ գտնել-  «եկեղեցիէն ու տունէն ետք, հիւանդանոցներէն, գործի ապահովութեան եւ կամ «իմիկրէյշըն»ի  գրասենեակներէն եւ կամ՝ շրջանի դատարաններէն- ուր Տէր Հօր հոգատար գործունէութիւնը իր ծխականներուն համար կը տարածուէր իբրեւ մխիթարիչ, խորհրդական ու թարգման, իր  կոչումին եւ պաշտօնին հաւատարիմ անձը, հաւատքով  եւ հայրենասիրութեամբ ծառայող հոգեւորականը, միշտ ալ իրեն գործակից ունենալով նոյնքան հաւատացեալ եւ ծառայասէր Երէցկին Անահիտը»:

Այո, Գալայճեան Տիրահայր Գէորգին եւ Տիրամայր Զապէլին անդրանիկ որդին տասներեք տարեկանէն սկսեալ (1953) Հայց. Եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին նուիրեալ զաւակն էր:  Աշխարհագրական անուններով լեցուն լայնածաւալ քարտէս մըն է որ գծած է ան իր կեանքին շրջանին, ամենուրեք իր հոգիէն ու սէրէն բաժին հանելով բոլոր անոնց որ իր օգնութիւնը փնտռած են այս կամ այն պատճառով: Իր անմոռանալի յիշատակները տարածուած են- Լիբանանաի մէջ՝ Անթիլեաս, Պէյթ Մէրի, Պիքֆայա, Յորդանանի մէջ՝ Երուսաղէմ, Ամման, Հրեշտակապետաց, Թարգմանչաց Վարժարան, Սիոն Ամսագիր,Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ- Ս. Վարդան, Կիլիկեան Վարժարան, Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Ուոքիկըն, Էլպէրոն, Եունեըն Սիթի, Ճամբար Նուպար, Ճամբար Վարդան, եւ ապա վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հովուական ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային, բարեսիրական գործունէութիւններու շարանով մը՝ Հայրենիքէն ներս:

Ուաշինկթընի ծխականներէն Տօքթ. Գումգուգումեանին վկայակոչումը շատ բան կ՛ըսէր Տէր Վրթանէսին անձին ու նուիրումին հանդէպ հանդիսութեան մը ընթացքին-  Տէր Վրթանէսը- ըսաւ Գումգումեանը-« հաւատալով թէ այսօրուան պատանին վաղուայ առաջնորդն է Հայ եկեղեցիին ու կազմակերպութիւններէն ներս, զանազան հետաքրքրական ձեռնարկներով, պաշտօնի հարկադրանքէն անդին մինչեւ իսկ անհատական զոհողութիւններով, փաստեց թէ տարիքային տարբերութիւն բնաւ գոյութուն չունենար եթէ հասկացողութեամբ մօտեցում ըլլայ», «ան մեզի համար –շարունակեց Գումգումեան – իրա՛ւ ուսուցիչն էր ամէն բանէ առաջ, որ մեզի ուսուցած է ո՛չ այնքան քարոզչական խօսքերով այլ՝ իր անձին օրինակովը- ան մեզի սորվեցուց ինչպէս ներել գիտնալ, ու հաւատալ՝ նոյնիսկ շարունակական, անվերջ թուացող յուսախաբութիւններէ ետք իսկ»:

Այո՛, Տէր Վրթանէսն ալ իր հովուական զանազան շրջաններուն իր կարգին շատ մը յուսախաբութիւններ ունեցած էր: Սակայն անոնք բնաւ չկրցան արգելք հանդիսանալ իր առաքելութենէն շեղելու եւ իր հաւատացեալ ժողովուրդէն հեռանալու:

Վերջին օծումի եւ թաղման արարողութիւններուն կը նախագահէր Առաջնորդ Սրբազան հայր՝ Բարձ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը: Սրբազան հայրը իր դամբանականին մէջ ընդգծեց Տէր հօր բազամազան բարոյական եւ մտաւորական արժանիքները, ի մասնաւորի Տէր Հօր երկլեզու (Անգլ եւ Հայերէն) բարձր ոճով արտայայտուելու եւ գրելու շնորհքը:

Վկայութուններու շարանը երկար է, որ պիտի ամփոփուի Տէր Հօր Քառասունքին նուիրուած գրքոյկին մէջ: Ամէնէն կարեւորը հոգիներէն ներս թափանցող իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հաւատքն էր իր ժողովուրդին հանդէպ:

Ստորեւ անոնցմէ մի քանին- Լոս Անճելոսէն հոգեւոր հայր՝ Տ. Ղեւոնդ Քահանան կը գրէր- «Կան Մարդիկ, որ աշխարհ գալով իրենց հետ լոյս եւ ջերմութիւն կը բերեն: Անոնք կ՛ապրին իրենց կեանքը սերմանելով բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը: Ապա Անեղին հրամանով հրաժեշտ կու տան իրենց երկրաւոր կեանքին, լուսաւոր յուշ եւ անսփոփ կարօտ թողնելով բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք բախտը ունեցած են զինք ճանչնալու, տեսնելու եւ կամ լսելու: Ահա այդպիսին էր մեր բոլորին սիրելի եւ բոլորիս յարգանքը վայելող հոգելոյս Տէր Վրթանէս Ա. քհնյ. Գալայճեանը: Ան եղաւ յոյսը, լոյսը եւ ճշգրիտ ուղեցոյցը ոչ միայն իր հարազատներուն, այլեւ իր խնամքին յանձնուած հաւատաւոր հօտին»: 

            Իսկ Ֆիլատելֆիայէն Տ. Ներսէս Ա. Քահանան ցաւակցական նամակով կը փոխանցէր իր ջերմ մխիթարական խօսքերը- «Հեռուէն աղօթակից եղայ ձեր բոլորին հետ ի հանգիստ եկեղեցականի մը, որ իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան բացառիկ աշխուժութեամբ տքնեցաւ Աստուծոյ անդաստանին մէջ՝ իր լաւագոյնը եւ ունեցածէն շատ աւելին տալու մարմաջով եւ պատրաստակամութեամբ, միշտ յիշեցնելով շրջապատին՝ Քրիստոսի իտէալ ծառային պատկերը: ... Անցեալին մի քանի առիթներով պատիւը ունեցած եմ երջանկայիշատակ եղբօրդ հետ զանազան եկեղեցիներու մէջ միասնաբար խորհուրդներ կատարելու եւ մօտէն զգալու իր սիրահամբոյր նկարագիրը եւ մարդոց մօտենալու անուշ նկարագիրը, ինչու չէ նաեւ իր Հայ եկեղեցւոյ ծէսին հանդէպ ունեցած բացառիկ բծախնդրութիւնը: Այս բոլորին վրայ անշուշտ պէտք է աւելցնել իր մասնայատուկ ժպիտը, որ կու գար ամբողջացնելու սիրալիր ու տաքուկ ընկերային պահ մը»:

Իսկ Տօքթ. Արտաշէս նշանեան կը վկայէր թէ- «Վերջին շրջանի եզակի հոգեւորական ներկայացուցիչն էր ան՝ վախճանեալ Տէր Վրթանէսը, որ երկար տարիներու ծաւալուն ու բազմաբեղուն համայնքային գործունէութեամբ վստահութիւնն ու յարգանքը կը վայելէր ողջ հայ եկեղեցականութեան ու աշխարհական դասուն»:

Ընտանիքիս բոլոր անդամներուն անունով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազան հօր, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեաց Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանին եւ Ծխական Խորհուրդին, ուր Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրուայ Տան Կարգի եւ Վերջին Օծումի արարողութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր: Շնորհակալութիւն՝ բոլոր ներկայ հոգեւորական դասուն, միութենական եւ ազգային ներկայացուցիչներուն, մեր ընտանիքին վշտակից հեռու ու մօտիկ բոլոր սգակիրներուն:

Եթէ մի քանի բառով փորձէի բնորոշել եղբօրս ներդրումը ընտանեկան եւ ազգային կեանքէն ներս այդ պիտի ըլլար կրկնել սգակիրներէն քաղուած հետեւեալ խօսքերը-   

- Սիրուած ուսուցիչ, ցաւակից, անձնուէր, արդարամիտ, ազգասէր, բարեսէր, ազգանպաստ, առատաձեռն, անվախ ու քաջակորով՝ որ իր կաշին փրկելու կամ՝ փառքի համար չէր զիջէր իր անկեղծութիւնը, ըսուելիքը կ՛ըսէր առ որ անկ է: 

Ահա այդպիսին էր մեր հարազատ երէց եղբայր Զաւէնը, ժողովուրդէն ճանչցուած եւ յարգուած Տէր Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանը, որուն բարեհամբոյր հոգին իր լուսաւոր ժպիտով տակաւ պիտի թեւածէ մեր առօրեայէն ներս:  Մշտնջենական լոյս իր անձնուէր հոգիին:

Կրկին շնորհակալութիւն՝ եւ բիւր երախտագիտութիւն բոլոր անոնց՝ որ վշտակից դարձան մեր կորուստին - Տիրամայր Զապէլին, Երէցկին Անահիտին եւ Տէր Վրթանէսին երեք որդիներուն՝ Դոկտ. Զաւէնին, Պերճին, կրտսեր որդւոյն՝ նորօծ Տէր Աւետիսին,  քոյրը՝ Դոկտ. Անի եւ եղբայրները՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն:

Ընտանիքին անունով՝  երէց քոյրը ընտանիքին, Զարմինէ Գալայճեան-Պօղոսեան,

Նիւ Եորք, Օգոստոս 28, 2016

ՅԳ- Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանին վախճանման քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութլիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ- Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 18, 2016-ին:

Monday, July 26, 2021

Zarmine - Poetry Page for Armenian Radio Hour-Armenian Interests


 

NARREC_Armenian Page by Zarmine Boghosian_June 1, 2021

 

ՅՈՒՆԻՍԸ  ․․․ ԱՐԵՒ ՈՒ ԼՈՅՍԸ ՄԵՐ ՏԱՆ - ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

 

Աստուած ըսաւ ․ «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ  լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար(Արեւ) ու պզտիկ լուսաւորը (Լուսին )գիշերուան իշխելու համար։ Ծննդոց 1։4 

Առաւօտ լուսոյ ․․․

Արեգակն արդար․․․․

Առ իս լոյս ծագեա․․․

            Ներսէս Շնորհալիի դասական, շատ իմաստալից եւ սքանչելի, այբենական կարգով գրուած վերոյիշեալ բանաստեղծութեան առաջին վեց համարները երգելով կը բացուէր մեր դպրոցական օրերու իւրաքանչեիւր առաւօտը։ Մեր ուսուցիչները կը բացատրէին, որ ամէն առաւօտ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ առաւօտեան ԱՐԵԳԱԿ-ԱՐԵՒ-ին հետ լոյս ծագի մեր վրան։ Լոյսը՝ խորհրդանիշը գիտութեան եւ իմաստութեան։

Արեւի պաշտամունքը- կամ երկրպագութիւնը նախաքրիստոնէական շրջաններէն սկսած՝ գրեթէ բոլոր մշակոյթներու մէջ ընգրկուած է որպէս մութը-չարը վանող ուժ եւ զօրութիւն բաշխող։ Այդ ժամանակներուն գրեթէ բոլոր աստուածները ունէին արեւի նման յատկութիւններ։

Հին Հայկական դիցաբանութեան համաձայն Միհրը լոյսի եւ ներդաշնակութեան աստուածն էր, նաեւ ճշմարտութեան աստուածը որ Արամազդի որդին կը համարուի։

Միհրի պաշտամունքը կեդրոնացած էր պատմական Հայաստանի Դերջան շրջանին մէջ։ Միհրին նուիրուած տաճարը վերափոխուած է Բագարիչ գիւղին մէջ,

(Սողոմոն Թէհլիրեանի ծննդավայրը), բայց՝  Տրդատ երրորդ արքան քրիստոնէութիւն ընդունելէն ետք քանդուած: Հայաստանի մէջ գտնուող Գառնիի տաճարը, որ վերջին կանգուն հեթանոսական տաճարն է, նուիրուած էր Միհրին՝ նոր հեթանոսները զայն վերաօծեցին Վահագնին։  Միհրը կը կապեն նաեւ առասպելական Առիւծ Մհերին հետ։

Բնիկ ամերիկացի-հնդիկներէն սկսեալ, եգիպտական եւ հռոմէական մշակոյթներու մէջ բացայատ են արեւի պաշտամունքի ծէսերը։ Հիւսիսային ամերիկայի բնիկները նշանաւոր են իրենց «Արեւի Պար»-ով։ Հռոմէացիներուն համար պատմութեան վերջին շրջաններուն արեւի երկրպագութիւնը շատ կարեւոր դարձած էր, այն աստիճան որ շատ մը պատմաբաններ այդ շրջանը բնութագրեցին որպէս «արեւի միաստուածութիւն», կամ մէկ խօսքով՝ արեւի գրեթէ ամբողջական երկրպագութիւն:

            Իսկ քրիստոնէական շրջանէն սկսեալ հոս անպայման յիշենք - Մեծ Պահքի շրջանին ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ շարականներէն մին, որ  ի՜նչ թովիչ, ներշնչող յատկութիւն ունի «Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյս»- շարականին իւրաքանչիւր համարէն ետք կրկնուող տողը- «ի ծագել լուսոյ առաւօտուս, ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»․․

Անկրկնելի բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակ, իր բանաստեղծութիւններու շարքով հատոր մը վերնագրած է՝ ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ – երբ կ՛երգէ ․․․ Լո՛յս, Լո՜յս զուարթ․․ Եւ ոչ թէ լոյս երեկոյի, Ի մտանել արեգական, - Այլ լոյս զուարթ արդար գոյի՝ Շաղաւոտն առաւօտի․․․

            Մեր աւանդական շարք մը մաղթանքները, գնահատանքի խօսքերը-  երբեմն ալ անէծքները- շատ յաճախ արեւի հետ կը կապուին։ «Արեւի պէս փայլուն դէմք ունի»։

Եթէ ընտանիքէն մէկը մահանայ «մնացած արեւը քեզի» կ՛ըսենք։ «Արեւիդ մատաղ ըլլամ» կ՛ըսեն մեծ-մայրերը հասակ առնող իրենց թոռնիկներուն հասակին նայելով։ Երբ տան տղամարդը անժամանակ մահանայ կ՛ըսեն «Տան արեւը խաւարեցաւ»։  Մէկը անիծելու համար կ՛ըսէին «արեւի երես չտեսնես»․․․  եւլն․ 

            Եթէ մէկը շուրջիններուն զարմացնելու համար վերամբարձ, բառարանային բառեր գործածէ կ՛ըսեն «արեւ չտեսած բառեր կը գործածէ»։

            Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ «Արեւ մտած տունը բժիշկը գործ չունի»- այսինքն արեւը նաեւ բուժիչ յատկութիւն ունի։ Սակայն, այս օրերուն երբ համավարակի պատճառով մարմնին դիմադրողականութիւնը զօրացնող կարեւոր կենսանիւթ կը համարուի  (Vitamin D) «Տի»ն, արեւին ճառագայթները - միաժամանակ՝  մորթի մասնագէտները կը թելադրեն չափաւորել ուղիղ արեւի ճառագայթներուն տակ մնալը- մորթային քաղցկեղէն խուսափելու համար։

            Հայրենասիրական մեր երգերուն մէջ միշտ յիշուած է Արեւ-Արեգակը, իսկ առաւօտեան արեւածագին հետ բացուող լոյսը՝ գործի անցնելու, պայքարելու որպէս սկիզբ կը համարուի։ Կան Ժողովրդական այլ ասոյթներ  նաեւ, որ շատ հետաքրքրական են-յիշենք մի քանին- 

«Արեւը աղբով չի պղծուիր։ Արեւը վատ տեղն է մար մտել։ Արեւուդ դերձանը կտրի։

Արեւը չծագած՝ ինչե՜ր կը կը ծագին։ Արեգակը չարըխը կը սխմէ, չարըխն ալ ոտքը»։

Հայրենասիրական երգերէն կարելի է քայլերգի ռիթմով յիշել այն երգը որ քաջալերական եւ պայքարի հրաւիրող խօսքեր ունի այսպէս-  Զէյթունցիներու երգին առաջին տողերը-  

            «Արեւ ելաւ Զէյթունցիներ․ դե՛հ ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր գնանք յառաջ․․․»

Մաղթենք որ ԱՐԵՒԸ ՄԻՇՏ ՓԱՅԼԻ մեր ժողովուրդի երկնակամարին վրայ եւ․․․

«Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյսը ծագի մեր վրայ ամէ՛ն օր․․  ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»․․

Այս Յունիս ամսուն մեր բոլոր դպրոցներէն շրջանաւարտ եղող զաւակները ԱՐԵՒԻ ՊԷՍ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻՆ ամենուրեք, ինչ ասպարէզէն ներս որ մուտք գործեն, յատկապէս մեր հայրենիքէն ներս։ Իսկ Հայրերու Տօնին առթիւ յարգանքով եւ երախտագիտութամբ յիշենք եւ մաղթենք որ մեր հայրերուն ԱՐԵՒԸ անպակաս ըլլայ մեր ընտանիքներուն երկնակամարին վրայ։

Հայ ժողովուրդը իր ամէնէն մեծ տիտղոսը ՀԱՅՐԻԿ- բառով շնորհած է ազգանուէր, ժողովրդական ու շատ սիրուած ու յարգուած կրօնապետին, յանձինս՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսին։ Իսկ Մովսէս Խորենացին կը յիշուի որպէս ՊԱՏՄԱՀԱՅՐ։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր մեր հոգեւոր Հայրերը, որոնք Խրիմեան Հայրիկի օրինակով կը հետեւին իրենց հօտին հոգեւոր կարիքներուն ու կը հոգան ՀԱՅՐԱԲԱՐ։

Իսկ իւրաքանչիւրիս յարկէն ներս մեր հայրիկներուն Արեւը բնաւ թող չխաւարի, այլ՝ շարունակէ պայծառացնէլ մեր հոգիները։

Դանիէլ Վարուժանի տողերէն փոխ առնելով ըսենք՝

Հա՛յր իմ, օրհնէ՛, դողդոջ ձեռքերդ գլխուս դիր,

Թող մատներէդ կաթի վար

Աղօթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։

Զարմինէ Պօղոսեան- Springfield, PA, Յունիս 1, 2021

Thursday, July 22, 2021

Herand Markarian_"Yentayesen Pushruvads"- ԵՆԹԱԵՍԷՆ ՓՇՐՈՒԱԾ- Հատորին առթիւ - Զարմինէ Պօղոսեան

 ՏՈՔԹ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ «ԵՆԹԱԵՍԷՆ ՓՇՐՈՒԱԾ»

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՏՈՐԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԹԻՒ

(ՀԳՄ հրատ., 2004)

Հրանդ Մարգարեանը մեր Նիւ Եորք հաստատուելէն առաջ իսկ ծանօթ անուն մըն էր մեզի հա մար՝ որ պէս նիւեոր քաբ նակ թա տե րա սէր անձ նաւո րու[1]թիւն: Յա ջոր դող 26 տա րի նե րը ե կան հաս տա տե լու, ինչ որ հա կիրճ նկա րա[1]գրա կա նով մե զի հա սած էր մեր Հա լէպ գտնուած տա րի նե րուն՝ մեր ըն տա նե[1]կան – ք րոջս՝ Ա նիին, եւ եղ բօրս՝ Գէոր գին – նա մակ նե րէն: Ի րա քէն ե կած, ԱՄՆ հաս տա տուած ի րաւ հայ մը, որ թէեւ տար րա բա նու[1]թեան մէջ մաս նա գի տա ցած է, սա կայն իր հո գին ու նուի րու մը ազ գա յին կեանքն է եւ գիրն ու գրա կա նու թիւ նը: Անտոն Չեխով, որ մաս նա գի տու թեամբ բժիշկ էր, սակայն ամբողջ աշխար հին այսօր իր անունը ծանօթ է որ պէս արձա կագիր եւ կարճ պատմուած քի վար պետ, ուշագրաւ խոստովանութիւն մը ըրած է նմա նօրինակ հանգամանքի մը առթիւ – յայտարարած է թէ՝ «Բժշկութիւնը իր կինն է, իսկ գրա կանութիւնը՝ սիրուհին»:

Այս տեղ, Պրն. Մար գա րեա նին պա րա գա յին ալ նոյնն է կար ծէք՝ մէկ տար բե[1]րու թեամբ – երբ կը տես նենք թէ իր սի րու հիին տրա մադ րուած ժա մե րուն ու աշ[1]խա տան քին մաս նա կից կը դառ նայ նաեւ իր կո ղա կի ցը՝ յան ձինս Տոքթ. Ժա նէթ Մար գա րեա նին – ա նոր գի տակ ցուած քա ջա լե րանքն ու օ ժան դա կու թիւ նը վա յե[1]լե լով գի րի ու գրա կա նու թեան իր յոր դա ռատ նուի րու մին մէջ:

Ս փիւռ քեան մեր կեան քին մէջ մա նաւանդ շատ բախ տաւոր է մշա կոյ թի ու ա րուես տի այն նուի րեա լը, ո րուն ապ րուս տը կա խեալ չէ իր ա րուես տէն: Աս պա[1]րէզ ու ա րուեստ հա մա տեղ յա ջո ղու թեամբ հա մադ րե լու եւ հաւա սա րակշ ռե լու վար պե տու թիւ նը քի չե րու շնոր հուած է: Հ րանդ Մար գա րեան ա հա այդ շնոր հա[1]լի եւ բախ տաւոր անձ նաւո րու թիւն նե րէն մին է: Տարրաբանի բծախնդրութեամբ մաս նա հա տուած իր ա ռօ րեա յին հետ ու ա նոր շուրջ՝ իր ժա մե րը վստա հօ րէն կ’եր կա րին 24 ժա մէն աւե լի: Ա հա հո՜ն է գաղտ նի քը իր են թաե սէն յոր դող ու ժին: 24 ժա մուայ մէջ ու րիշ 24 ժամ եւ աւե լին ներդ նել ի շահ հայ գի րին ու մշա կոյ թին:

Ա պա թէ ոչ ուր կէ՞ պի[1]տի գար այս քան ա ռատ բեր քը: 21 թա տե րա խաղ, եօ թը հրա տա րա կու թիւն ներ, բա նաս տեղ ծա կան թէ ար ձակ գոր ծե րու բե մա կա նա ցում, թարգ մա նու թիւն եւ յո[1]բե լի նա կան կամ յա տուկ հան դի սու թիւն նե րու առ թիւ ե լոյթ ու նե նալ ինք նա տիպ, տե սալ սո ղա կան, մտա ծուած ու մտա ծել տուող, աչք ու միտք շո յող պատ րաս[1]տու թեամբ: Ու այս բո լո րին հետ՝ կայ տա կաւին ա մէն տա րի թա տե րա կան գործ մը բեմ հա նե լու նա խա պատ րաս տա կան աշ խա տանք նե րուն հետ տրուած հո գե[1]կան ու ֆի զի քա կան սպա ռու մը:

Իր թա տե րա կան ե լոյթ նե րուն գրե թէ բո լո րին – շատ քիչ բա ցա ռու թեամբ – Միսաքին հետ ներ կայ գտնուած ենք եւ այն քան վար ժուած, որ կո րուստ մը կը զգանք, երբ օ րա ցոյ ցէն ա մէն տա րե թիւին հետ Մարտ ա մի սը անց նի ա ռանց մար գա րեա նա կան թա տե րա կան ե լոյ թի մը: Նշա նաւոր ա րուես տա բան մը ը սած է թէ ար ժե թուղ թե րու շու կա յէն եւ գոնկ[1]րէ սի վի ճա բա նու թիւն նե րէն աւե լի ա րուեստն է ճշգրիտ ջեր մա չափն ու նշդրա կը, որ մեր ըն կե րա յին կեան քը կ’ար տա ցո լաց նէ: Մեր հաւա քա կան կեան քի օ րա[1]ցոյ ցին նա յե լով կրնանք տես նել, թէ այս օ րե րուն ո՞ւր հա սած է մեր մշա կու թա յին կեան քը, կամ աւե լի ճիշ դը՝ ո՞ւր հաս ցու ցած ենք մենք զմեզ: Ն ման շնոր հան դէս ներ մե զի ա ռիթ կ’ըն ծա յեն մտա մար զան քին հետ մեր ճա[1]շակ նե րը գրա կա նու թեան ու ա րուես տի նկատ մամբ ար թուն պա հե լու, խնա յե լու, որ չժան գո տինք ու նաեւ, ին չու ոչ, սոր վե լո՛ւ ու մեզ հետ նոր բան մը տա նե լու: Յայտ նի նկա րիչ մը ը սած է, թէ ի խո րոց սրտի իր մաղ թանքն է, որ իր նկար[1]նե րէն գնո ղը զայն գնէ ոչ թէ տան վա րա գոյ րին կամ պա տի տէ քո րին հետ հա[1]մա պա տաս խան ըլ լա լուն հա մար, այլ՝ այդ գոր ծէն բան մը սոր վե լու հա մար:

Վս տահ եմ, որ այ սօր մենք բո լորս հոս ենք բան մը սոր վե լու հա մար եւ ոչ թէ ինչ պէս Մար գա րեան «Մար դը կե նա ցի մէջ» բա նաս տեղ ծու թեամբ կ’ը սէ, «բե րան նե[1]րու մրցոյթի»: Ու այս հաւա քոյ թի աւար տին ե թէ գիրք մը պի տի գնենք, այդ հա տո[1]րը գրա դա րա նին մէջ ու նե ցած ըլ լա լու հպար տու թեան հա մար չըլ լայ թող: Այլ՝ կար[1]դա լո՛ւ եւ ու րի շի մըն ալ փոխ տա լու: Ժա մա նակ մը գիր քի գո ղու թիւ նը գո ղու թիւն չէ կ’ըսէինք: Հի մա այդ գո ղե րը կը փնտռենք սի րա յօ ժար տա լու եւ չենք գտներ: Տար րա բան, դա սա խօս-ու սու ցիչ, թա տե րա գիր, դե րա սան, հրա պա րա կա[1]խօս... եւ բա նաս տեղծ:

Անկեղծօրէն չէի գիտեր, որ Տոքթ. Մարգարեանը նաեւ բանաստեղծ է մին չեւ  ան ցեալ տարի: Առաջին ծա նօ թա ցումս «ԱղօթքԱ մանորի» քեր թուա ծին մի ջո ցաւ ե ղաւ (այս հա տո րին մէջ չէ նե րա ռուած):

Կ ’ա ղօ թեմ Տէր... Սերմե րուն պէս դաշ տին նետուած

Խոհը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մար դու եւ տաս ա նոր գի տակ ցու թիւն՝ վե հին ա նեղծ եւ վսե մին սրբա մա քուր: Կը խնդրէ բա նաս տեղ ծը:

Ու երկրորդ լուրը եկաւ Պոլսոյ «Մարմարա»էն՝ Ռոպէր Հատտէճեանէն, “Cancer” բա նաս տեղ ծու թեան առ թիւ: Զինք ճանչ ցող նե րուն եւ իր ա րուես տը գնա[1]հա տող նե րու խում բին մտա հո գու թեան հետ հիացումը աւելցնելու, ա նակն կա[1]լին հետ, օ տար ու հուր խլիր դին, ան հան դարտ բջի ջին խե լա կո րոյս հեւ քին հետ մարդ կա յին աշ խար հը կի սող դա ժան գոյ ժին հետ գլուխ օ րօ րե լու եւ խմբեր գե լու... Տա րօ րի նակ խաղ է այս... հեգ նանքն է լոկ այս կեան քին... Իր իսկ մարմ նէն բու սած ու բազ մա նա լու սկսած «խելառբջիջին» դէմ պայ[1]քա րող, ընկր կիլ չգիտ ցող Մար գա րեան այդ հո գի երկ փեղ կող պա հուն իսկ իր ըն թեր ցո ղին քա ջա բար կը փո խան ցէ՝ յա րա տեւ պայ քա րին ու ժը կռուի եր թին զօ րու թիւ նը: «Են թաե սէն փշ րուած» հա տո րի կը 74 քեր թուած նե րու փունջ մը կը հրամց նէ մե զի: Վեց բա ժին նե րու տակ հա մադ րուած է, ո րուն իւ րա քան չիւր բա ժի նը բա[1]նաս տեղ ծը փշրանք մկրտած է: Ա յո՛, փշրանք ներ են մի գու ցէ ա նոնք բաղ դա[1]տած իր հսկա յա կան վաս տա կին հետ եւ կամ այն բո լոր ներ քին ա լե կո ծում նե-216 րու ա հագ նու թեան հետ, որ կեան քի խռով քը բա ժին կը հա նէ շրջա պա տին հետ շնչող-զգա ցող ա րուես տա գէ տին հո գիէն ներս: 1969-էն սկսեալ մին չեւ 1995 թուա կա նը եր կա րող ժա մա նա կա մի ջո ցէն քաղուած ապ րում նե րու, խո կում նե րու հա մա նուագ մըն է, որ ամ փո փուած է այս հա տո րի կին մէջ: Այս տեղ մէն մի փշրան քին հետ խոհն յա գեց ման տա նող սե[1]ղան մըն է որ կը պար զուի: Ո՞վ կրցած է ջու րի հոս քին հետ խաղ ցող Լոյ սի շեր տը բան տար կել: Մին չեւ վրձի նը շար ժի Լոյ սի փայլ քը կը փո խուի: Մար գա րեան գի տա կից է ու մեզ ալ մտա ծել կու տայ չոր սա ցուած պա հե րու կո րուս տին: Ա յո՛, ակն թար թա յին պա հեր կան, ո րոնք կա րե լի չէ բռնել, շրջա նա[1]կել, ա փիդ մէջ առ նել կամ զգա ցածդ զգա ցա ծիդ չափ միւ սին փո խան ցել, տես[1]նել տալ տուեալ երկ վայր կեա նին իսկ: Սա կայն բա նաս տեղ ծը կը յա ջո ղի իր հետ ունկնդ րել տա լու «լռու թեան սիմ[1]ֆո նին» կամ հա մա նուա գը թէ՛ «շշու կի մը միայ նակ» եւ թէ՛ «խլա ցու ցիչ լռու թեան» ու նաեւ այ րել փոր ձե լու «սար դոս տայն ներն ե սե րուն»... Վ ճիտ ձայ նե րը խեղ դուած են ա նար ձա գանգ Ես սոր վե ցայ չե րա զել Ինչ ա նո ղոք է կրկէ սը ե սի Ե րա նի ը սի գիւ տով մը հան ճար ակ նոց մը ըլ լար ո րով տես նէի մար դը մեր կա ցած՝ կեղ ծի քէն սու տէն փառ քի տեն չան քէն իր բիրտ մեր կու թեամբ եւ բո՛ւն էու թեամբ: Մար գա րեան, կեան քի «Ծո վուն դի մաց կե ցած՝ / իր ծո վուն մէջ թա ղուած» մեզ ալ իր հետ կը տա նի ի վեր ջոյ անդ րա դառ նա լու թէ՝ մաս նիկ ներն ենք մենք այն մեծ տռա մին ո րուն ա րար ներն ան վերջ կը գրուին («Լա րը»):217 Իւ րա ցու ցած ըլ լա լով կեան քի թատ րո նը ու թատ րո նը կեան քի իր բո լոր նրբու[1]թիւն նե րով՝ Մար գա րեան գլուխ գոր ծոց ար ձան մը կը քան դա կէ ի րաւ դե րա սա[1]նը ներ կա յաց նե լու հա մար. Բ նա կա նի, ի րա կա նի սահ ման նե րէն երբ որ անց նիք, երբ ան ցեալն ու ա պա գան սի րող նե րու պէս հաշ տուին, երբ որ յու զուիք եւ կամ հրճուիք պա տա հա րէն որ ձեր կեան քէն պա տա ռիկ մը կը յի շեց նէ, երբ որ լռէք՝ ըմ բոշխ նե լու միտ քը բա ռին որ կը հնչէ մի ջո ցին մէջ... խո նար հե ցէ՛ք... Մարդ մը այն տեղ կեանքն իր մոռ ցած, ձե զի հի մա նոր կեանք կու տայ... («Դե րա սա նին»): Մարդ ա րա րա ծը Աս տուա ծա յին, ե րա նաւէտ յափշ տա կու թեան մը անձ նա[1]տուր կ’ըլ լայ, երբ ազ նիւ ներշն չու մին ճա ռա գայ թու մը ա ռինք նէ զինք: Մի քէ լան ճե լօն ը սած է. «Մար մա րին մէջ հրեշ տակ մը տե սայ, փո րե ցի, յղկե[1]ցի, քան դա կե ցի, մին չեւ որ թեւեր ա ռաւ ու գնաց»: Ան խօս ու քա րա ցած մար մա[1]րին մէջ հրեշ տակ մը տես նել կա րե նա լու հա մար ալ տեսնող աչք է պէտք եւ կամ բարձ րեա լէն շնոր հուած տա ղանդ: Քեր թուած նե րու այս փուն ջին ծա նօ թա նա լով՝ բա նաս տեղ ծին ապ րուած օ րե[1]րուն հետ են թաե սէն փշրուած մաս նիկ նե րը կը սփռուին մեր առ ջեւ: Խո հի ու խոր հուր դին ա րիւ նէն ծնած, պա րապ է ջե րուն լե զու հա նող, աւիւն տուող է ջեր են: Բա նաս տեղ ծը, ա պաւի նե լով պա րապ է ջին մտեր մու թեան, խոս տո վա նու[1]թեան կը նստի մեզ ալ ի րեն մաս նա կից դարձ նե լով. Վ տա կի մը պէս կը հո սիմ հո գի նե րու ընդ մէ ջէն Ծո վու մը պէս կը սպա սես հո գի նե րը գրկե լու: իսկ երբ կ’ըլ լամ խուլ ջրվէժ, փրփուրն իմ այդ ա հար կու եւ իմ ձայ նը ան կաշ կանդ, կը տա րա ծես ե րե սիդ... Եւ ա պա կը խոս տո վա նի, թէ այդ պա րապ է ջը բնաւ չէ խա բած զինք, ո րով հե տեւ, պա րապ էջ, դուն ա րիւ նէս կը ծնիս: ո րով հե տեւ, պա րապ էջ, երբ աւար տեմ դուն «ես» կ’ըլ լաս, իսկ ես «դուն»:218 Այդ ան կաշ կանդ հո սող, խո րունկ նե րը հաս նող ջրվէ ժի մը ար ձա գանգն է, որ կը լսենք այ սօր: Պի տի ըմ բոշխ նենք այ սօ րուան յայ տագ րին մաս նա կից նոր սե[1]րուն դին բեր նէն՝ ի րենց մա տու ցու մով եւ հաս կա ցո ղու թեամբ: Շ նոր հա կա լու թիւն, Պրն. Մար գա րեան: Վս տա հա բար ան վերջ տո ղան ցող Ձեր մտքին պա տա ռիկ նե րը, թեւեր ա ռած, այ սօր մեր հո գի նե րէն ներս պի տի ներ թա փան ցեն՝ խո նար հե լու հա մար Հ րանդ Մար գա րեան հայ կեան քի նուի[1]րեալ մարդուն վաս տա կին ա ռաջ:

 

Ձեր բառերը փոխառնելով՝ մաղթանքս պիտի ըլլայ. ( Թող) հորիզոնդ երկար աւետէ ծա գող լոյսը արեւիդ:

Ներկայացուած է Նիւ Եորքի Վուտսայտ շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ 18 Նոյեմբեր, 20

Monday, July 19, 2021

1984- Diaspora Armenian Teachers in Armenia-by Zarmine Boghosian

 ՆԱՀԱՆՋԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻՆՔ... 

1984-ին գրուած այս տողերը պէտք է որ կարդան մեր ՀԱՅՐԵՆԻ քոյր-եղբայրները

Արդէն երեք ամիս է, ինչ վերադարձած եմ հայրենիքէն, բայց տակաւին միտքիս եւ հոգիիս մէջ թարմ են իմ ստացած տպաւորու թիւններս, եւ ինծի կը թուի, թէ ոչ թէ մէկ ամիս, այլ ամբողջ կեանք մը ապրած եմ մայր երկրիս մէջ եւ նոր միայն պանդխտացած: 

Էութեանս մէջ խառն են տխրութիւնը եւ ուրախութիւնը: 

Ու րա խու թիւն, որ այ սօր հզօր հայ րե նիք մը ու նինք, ուր ա մէն ինչ վե րելք է, սխրա՜նք, յաղ թա կան երթ, հայ րե նիք, որ կը հո գայ նաեւ հե ռաւոր, օ տար ա փերուն վրայ ապ րող իր զաւակ նե րուն մա սին, եւ տխրու թիւն, որ ին ծի պէս բիւրաւոր ներ դա տա պար տուած են, չգի տեմ թէ որ քան ժա մա նա կով, օ տար ճամբա ներ չա փե լու եւ ա մէն օր զգա լու այն դառն ի րո ղու թիւ նը, որ տա րէց տա րի կ’աղ քա տա նայ մեր նոր սե րուն դի ո գին, հա յու թիւ նը կը պակ սի ա նոնց մէջ: 

Ես ուսուցիչ եմ, սփիւռ քա հայ ուսու ցիչ, եւ այդ հան գա ման քով է, որ այս ա մառ եր ջան կու թիւ նը ու նե ցայ հրաւի րուե լու Հա յաս տան՝ մաս նակ ցե լու հա մար յա տուկ մեզ հա մար կազ մա կեր պուած վե րա պատ րաստ ման դա սըն թացք նե րու: Մ տա ծելն իսկ յու զիչ է, որ տար բեր եր կիր նե րէն՝ Գա նա տա յէն, Ա մե րի կա յի Միա ցեալ Նահանգ նե րու տար բեր քա ղաք նե րէն, Յու նաս տա նէն, Կիպ րո սէն, Յոր դա նա նէն, Սուրիա յէն, Լի բա նա նէն եւ այլ վայ րե րէ, նոյ նիսկ հե ռաւոր Աուստ րա լիա յէն ե կած շուրջ 19 յի սուն հինգ ու սու ցիչ ներ ամ բողջ մէկ ա միս հո գե կան լից քաւոր ման շրջան մը կ ’ապրէին՝ շրջա պա տուած հո գա տա րու թեամբ, սի րով եւ յար գան քով: 

Ա յո՛, սփիւռ քա հայ ուսուցչի համար շատ կարեւոր է հայրե նիքի այս գնահատանքը, ո րով հե տեւ մենք հոս, ար տա սահ մա նի մէջ, կա մաւոր, գի տակ ցա կան նուի րու մով է, որ դարձած ենք Մեսրոպ Մաշտոցի զինուորները՝ հայ ման կան հոգի՛ն պաշտպանե լուծացումէն: 

Շատ դժուար ճակատամարտ է, բայց մենք նահանջելու իրաւունք չունինք, քանի որ հայրենիքի արեւը մեզ կը ջերմացնէ եւ յոյս կը ներշնչէ: 

Եւ հիմա, հայ րե նի քը տես նե լէս ետք, ի րա պէս կը զգամ, թէ ինչ ը սել է հո գեպէս վե րա նո րո գուիլ, իսկ իմ որ դիս՝ Ա րան, որ Հա յաս տան ե կած էր ին ծի հետ եւ հանգս տա ցաւ Կի րո վա կա նի «Հայ կա կան Ար տեկ» ճամ բա րին մէջ, կրնամ ը սել, որ հո գե պէս վե րած նաւ: Փաստ՝ վեր ջերս շա հած իր մրցա նա կը: Ան կը հե տեւի, ա մե րի կեան երկ րոր դա կան վար ժա րան նե րու ու րիշ ա շա կերտ նե րու հետ, Մեթրո փո լի թը նի ա րուես տի թան գա րա նին մէջ կազ մա կեր պուած ա րուես տի դասընթացք նե րուն: Եր կու հո գիի գոր ծը միայն գնա հա տան քի ար ժա նա ցաւ, մէ կը Ա րան էր: Այս մրցա նա կը զիս թե րեւս չու րա խաց նէր, եթէ ա նոր գծածը Սասունցի Դաւի թը չըլլար: Ոչ մէկ բան Ա րա յին կրնար այն քան ներշն չել, որ իր նկար չութեան թե մա յին հա մար հայ կա կան հե րոս մը ընտ րէր, ե թէ մէկ ա միս Հա յաս տանի մէջ որ պէս հայ չապ րէր... Այս է հայ րե նի քի ներ գոր ծու թեան հրաշ քը: Եւ հի մա ես իմ ա շա կերտ նե րուս կը պատ մեմ հայ րե նի քին մէջ իմ տե սած ներուս մա սին՝ Ծի ծեռ նա կա բեր դի Ե ղեռ նի յու շար ձա նի, մար զա հա մեր գա յին մեծ կա ռոյ ցի, սառ նո րակ ցայ տաղ բիւր նե րով զար դա րուած մեր Ե րեւա նի եւ մանաւանդ ի րենց հա սա կա կից նե րու՝ հայ րե նաբ նակ հայ մա նուկ նե րու եր ջա նիկ ճա կա տագ րի մա սին: Կը յի շեմ, թէ ինչ պէս սիրտս թունդ ե լաւ, երբ Ե րեւա նի պիո նե րա կան պա լա տին մէջ ներ կայ ե ղանք փոք րիկ խմբա կի մը ե լոյ թին: Բախտաւոր սե րունդ մը, ար դա րեւ, որ ոտ քե րը հաս տատ ու ա մուր կը դնէ հայ րե նի հո ղին վրայ, կը ծաղ կի խրոխտ ու հզօր: Եւ այս բո լո րը ի պար ծանս հայ րե նի քին ու դիւ ցազ նա կան մեր ժո ղո վուր դին ա մուր հաւատ քին՝ մեր պայ ծառ ա պա գա յին հան դէպ: Շ նոր հա կա լու թիւն հայ րե նի քին՝ մե զի ներշն չած այս հաւատ քին հա մար, ո րը խա րիսխն է մեր ճի գե րուն, մեր մարտն չում նե րուն՝ յա նուն հա յա պահ պա նութեան: Որ քան ալ որ օ տար հող մե րը փչեն մեր շուր ջը, ձեր եւ մեր ճի գե րով պիտի կա րե նանք սփիւռ քա հայ նոր սե րուն դին մէջ պա հել հայ րե նա սի րու թիւ նը, հաւատ քը հա յի ա պա գա յի նկատ մամբ: Հայ րե նա բաղձ զգա ցում նե րով՝ 

Զարմինէ Պօղոսեան 

Մեսրոպ Մաշտոց հիմնարկի պատասխանատու, Ուսուցիչ - Նիւ Եորք 

«Հայրենիքի ձայն», Երեւան, 26 Դեկտեմբեր, 1984, թիւ 52

Friday, July 16, 2021

Remembering Dr. Toros Toranian-on the 40th Day of his passing- June 3, 2021- ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ՝ ՀԱԼԷՊԻ ԹՈՐՈՍԸ

 Արդէն Քառասուն օր ալ անցաւ Հալէպի Թորոսին այս աշխարհէն հրաժեշտ տալուն; Յիշատակը անթառամ մնայ

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ  ԵՐԵՒՈՅԹ՝  ՀԱԼԷՊԻ  ԹՈՐՈՍԸ

Սրտի խօսք՝ Բժիշկ Թորոս Թորանեանին երկրային կեանքին

հրաժեշտ տալուն Տասնօրեակին առթիւ

Զարմինէ Պօղոսեան 

Ուիլեամ Սարոյեան- «Մարդ կայ մեռնի երթայ․․․ մարդ կայ մեռնի գայ․․․Անդրանիկ մեռաւ բայց կայ, ա՛լ չերթար»- Թ․Թորանեանի «Կեանքի Կեռմաններով» հատորէն

 

Տասը օր անցած է արդէն այն գուժէն, որ սրտի կսկիծով կարդացի իր դստեր՝ Անի Թորանեանին դիմատետրի էջէն, որ Հինգշ․ Յունիս 3, 2021-ին երկրային կեանքը թողած գնաց միանալու յաւերժութեան մէջ «փոթորիկէն ծնած իր սիրոյն-ի՛ր Արմինէին»։

Անցնող Փետրուարին 93 տարին բոլորած աշխարհաքաղաքացի, անբասիր այս ՀԱՅԸ, երկրագունդի բոլոր հայակեդրոն ցամաքամասերէն ներս իր դրոշմը ձգած՝ Մեսրոպեանի Մունետիկը, անուղղայ լաւատեսը, արուեստի ու գրականութեան իւրայատուկ դեսպանը, մեր արտասահմանեան կեանքէն անձնաւորութիւններու եւ պատումներու անխոնջ խմբագիրը, ներշնչող հռետոր ազգայինը՝ Բժիշկ Թորոս Թորանեանը, իր հարուստ համբաւ-գանձովը կը կարծուէր թէ մահկանացու ըլլալու համար չէր ծնած։

1920 Փետրուար 29-ին-Նահանջ տարի- ծնած ըլլալուն համար ամէն չորս տարին անգամ մը «կը մեծնար» տարիներու համրանքով, սակայն, իւրաքանչիւր այդ տարին պարզ մահկանացուի մը տասնապատիկը աշխատած եւ արտադրած կ՛ըլլար, յօդուած գրած կ՛ըլլար եւ անհամար գիրքեր հրատարակած կ՛ըլլար։

            2003-ին Հալէպի մէջ նշուած իր 85-ամեակին առթիւ իմ սրտի խօսքս ղրկած էի պատկան Յոբելենական Յանձնախումբին, որմէ պիտի քաղեմ կարգ մը տողեր։

            Հակառակ անոր որ համաքաղաքացի ենք Հալէպեան յուշերով, սակայն մենք ծանօթ էինք իրեն բեմերէն եւ յօդուածներէն։ Մօտէն ճանչնալու հմայքը ապրեցանք երբ Նիւ-Եորք-Նիւ Ճըրզիի իր այցելութիւններուն առթիւ մեր հիւր եղաւ եւ մենք իր հեւքին մասնակից դառցանք՝ 1978-էն սկսեալ։

Միսաքին հետ զինքը մեր ինքնաշարժին մէջ հիւրընկալելով վազեցինք Արամ Հայկազին տունը –Նիւ Եորքի  Ռիկօ Բարք-Քուինզ շրջանը, սուրացինք դէպի Վեհանոյշ Թէքեանին բնակարանը՝ Սթէյթըն Այլընտի մէջ, Նիւ Ճըրզի՝ Վարդան Ապտօյին Նիւ Ճըրզիի Սիթըն Հօլ Համալսարանէն սփռուող Հայկական Ձայնասփիւռէն ելոյթ ունենալու համար՝  Պոլսահայոց Նիւ Ճըրզիի Հայ Տունին մէջ իրեն ի պատիւ տրուած հանդիպումին հասանք եւ ունկընդրեցինք, Պոսթոնի Հայկական թանգարանին մէջ ի պատիւ Մովսէս Պչաքճեանին եւ իրեն տրուած յատուկ երեկոյին ելոյթ ունեցայ․․․եւ այսպէս․․․շարունակ շնչասպառ ըլլալու չափ, կը շրջէր, կը հեռաձայնէր, կը պայմանաւորուէր յաջորդ հանդիպումին մը համար, ե՛ւ այդ բոլորին մասին կը գրէր ։  

Մեր տան մէջ տիրող եռուզերին եւ իր հետ փոթորկանման մեր վազվզուքին ականատես ըլլալով այդ օրերուն իմ տասնամեայ մանչս Արան զինք կոչած էր «Թօրնէտօ Թորանեան»։

Եւ այս բոլորը միայն մեր կողմը –այսինքն՝ Հալէպէն հեռու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափին պատահածներն էին։ Վստահ եմ աշխարհի չորս ծագերուն Աւստրալիայէն Հնդկաստան Անգլիա թէ Ֆրանսա բազմազան եկիրներու մէջ ի՜՜նչ յիշատակներ թողած է ան։

Իր քսանչորս ժամը բնաւ համապատասխան չէր պարզ մահկանացուին 24 ժամուան։ Վկայ՝ իր 2000 թուականին տպուած «Իմ Հրատարակչական Ոդիսականը» հատորին մէջ ցանկագրուած 560-է աւելի իր հրատարակչական գործերուն հսկայական շարքը։ Խօլարշաւ իր վազքին հետ շուրջիններուն յոգնաբեկ անկողին իյնալու կարօտին փոխարէն, ան կը նստէր գրելու, արտադրելու, տեղեկացնելու պատահածներն ու ապրուած զգացումները։ Ականատեսը եղած ենք ուշ գիշերին ձեռնարկէ մը ետք անմիջապէս նստելով գրի առնելու օրուան պատահածը, տաք-տաք, մելանը չչորցած, փռապանի մը փութկոտութեամբ տաք հացը հեռատիպով յաջորդ առաւօտեան թերթերու խմբագրութեան հասցնելու - անշուշտ ներկայ համակարգչային դիւրութիւններու չգոյութեան։

Ուրախ էր որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով հանդերձ Հայ կեանքէն չէինք հեռացած։ Առիթը օգտագործելով քանիցս գրած էր Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին- ՍՆԱՎ-ին մասին, մեր նուիրումին մասին հարցազրոյցի ձեւով յօդուածներ գրած եւ զանոնք «Նոր Կեանք»ին ու «Զարթօնք»ին ղրկելով։  

Երեսուներեք տարի առաջ, Յունիս 13, 1988-ին Թորոս Թորանեան հետեւեալը արձանագրած է ՍՆԱՎ-ի հիւրերու յատկացուած գրքոյկին մէջ- «Այս վարժարանը հիմնողները եւ հայ ծնողները ճշդած են իրենց ընելիքը-Հայ Դպրոց մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայ դպրոցին համար աշխատիլ կը նշանակէ աշխարհի հնագոյն մշակոյթը ունեցող ժողովուրդի մը ծառայել։ Գոհ սրտով կը հեռանամ Նիւ Եորքի այս անմար օճախէն։ Վստահ որ այս հաստատութիւնը կը մնայ կանգուն եւ կ՛ունենայ ութ դասարաններ որպէսզի լաւագոյնս ծառայէ  իր նպատակին։  Կեցցեն այս դպրոցը պահողները։»

Հալէպ ծնած, Մելգոնեան աւարտած, Երեւանի բժշկականէն վկայուած էր, պայմաններու բերումով զանազան երկիրներ ապրելու պարտադրուած էր, սակայն Թորանեանը ընդմիշտ Հայութեամբ ու Հայաստանով Հպարտ Հայը մնաց։

Հակառակ անոր ու մասնագիտութեամբ  բժիշկ էր, հիւանդը գործողութենէն առաջ անզգայացնելու կամ թմրեցնելու համար, սակայն իր ազգային կեանքին ջիղը մեր ազգային կեանքէն ներս անզգայացածները իրենց թմբիրէն արթնցնելու կոչումն ունէր։

Թորանեանին գիրքերը կը յորդին տեղեկութիւններով, հայ մարդոց, երեւոյթներու համայնքներու հանդիպումներով, հրաշալի պատումներով։ Սուրիական պատերազմի օրերուն ամէն շաբաթ Լոս Անճելոսի «Նոր Կեանքին» մէջ լոյս կը տեսնէր հալէպեան օրագրութիւնը։ Ի վերջոյ շատ շատերու նման ինք ալ Հալէպէն Երեւան հաստատուեցաւ, եւ կ՛ապրէր իր մտաւորական դստեր՝ Անի Թորանեանին հետ։ Միեւնոյն խանդավառ պատմողն էր 2019-ի ամրան Երեւանի մէջ տուած մեր այցին առթիւ։ Լսած էր որ պիտի այցելէինք եւ հակառակ երեւութապէս ընկրկող առողջական վիճակին, արդէն վեց գրքոյկ մակագրած պատրաստած էր մեզի համար։  

         Չէինք գիտեր որ իր հետ այդ անձամբ տեսակցութիւնը մեր վերջինը պիտի ըլլար։

            Իր պատմուածքներէն մէկուն մէջ Ուիլեամ Սարոյեանին վերի մէջբերումէն սա միտքը որքան կը համապատասխանէ Թորոս Թորանեանին․․Մարդ կայ մեռնի երթայ․․․ մարդ կայ մեռնի գայ․․․»։

Քաջ գիտենք թէ ան կ՛ապրի ու պիտի ապրի Մեսրոպեանի ու Հայրենիքի ՄՈՒՆԵՏԻԿԸ,  Հայ Գիրի Ջահակիրը, առատաբաշխ այս Հայը, ՀԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ՝ Թորոս որդի Խաչերի Թորանեա՛նը։ Ան գնաց՝ իր իսկ բառերով «դարերն ուսած՝ դարերն ի վեր սուրալու»։

 Մի քանի տողեր՝ իր հարիւրաւոր հատորներէն-

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ * Թորոս Թորանեան

Մեկնակէտս աղեղն Հայկի

            Ու դուն թիրախս էիր միշտ․

Թափառեցայ հազար տարի

Անգոսնեցի ցաւ ու վիշտ․

            Այսօր եկած քեզ եմ հասած

Քեզմով եղած յաղթական․

Ու քեզի հետ դարեր ուսած
Դարերն ի վեր կը սուրամ։

  *  *  *       Իմ թաղարիս մէջ

                        Ծաղիկ մը այսօր

Թօշնեցաւ դարձեալ․

Արդեօք աշունի

Քամի՞ն էր պատճառ․․․

Ու կառք մը անցաւ

Մեր դռնէն այսօր

Դագաղ մը շալկած,

Ղարիպութի՞՞ւնն էր

Պատճառը արդեօք․․

Յ․Գ․ Թորոս Թորանեանի տան կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ Յունիս 4-ին Մալաթիա-Սեբաստիա, Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Շաբաթ՝ Յունիս 5-ին, միեւնոյն եկեղեցիէն դէպի Շահումեանի գերեզմանատուն-իր երազած հայրենի հողը գրկելու։

                                                                              Յունիս 10- Սբրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...