Search This Blog

Search This Blog

Monday, July 26, 2021

NARREC_Armenian Page by Zarmine Boghosian_June 1, 2021

 

ՅՈՒՆԻՍԸ  ․․․ ԱՐԵՒ ՈՒ ԼՈՅՍԸ ՄԵՐ ՏԱՆ - ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

 

Աստուած ըսաւ ․ «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ  լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար(Արեւ) ու պզտիկ լուսաւորը (Լուսին )գիշերուան իշխելու համար։ Ծննդոց 1։4 

Առաւօտ լուսոյ ․․․

Արեգակն արդար․․․․

Առ իս լոյս ծագեա․․․

            Ներսէս Շնորհալիի դասական, շատ իմաստալից եւ սքանչելի, այբենական կարգով գրուած վերոյիշեալ բանաստեղծութեան առաջին վեց համարները երգելով կը բացուէր մեր դպրոցական օրերու իւրաքանչեիւր առաւօտը։ Մեր ուսուցիչները կը բացատրէին, որ ամէն առաւօտ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ առաւօտեան ԱՐԵԳԱԿ-ԱՐԵՒ-ին հետ լոյս ծագի մեր վրան։ Լոյսը՝ խորհրդանիշը գիտութեան եւ իմաստութեան։

Արեւի պաշտամունքը- կամ երկրպագութիւնը նախաքրիստոնէական շրջաններէն սկսած՝ գրեթէ բոլոր մշակոյթներու մէջ ընգրկուած է որպէս մութը-չարը վանող ուժ եւ զօրութիւն բաշխող։ Այդ ժամանակներուն գրեթէ բոլոր աստուածները ունէին արեւի նման յատկութիւններ։

Հին Հայկական դիցաբանութեան համաձայն Միհրը լոյսի եւ ներդաշնակութեան աստուածն էր, նաեւ ճշմարտութեան աստուածը որ Արամազդի որդին կը համարուի։

Միհրի պաշտամունքը կեդրոնացած էր պատմական Հայաստանի Դերջան շրջանին մէջ։ Միհրին նուիրուած տաճարը վերափոխուած է Բագարիչ գիւղին մէջ,

(Սողոմոն Թէհլիրեանի ծննդավայրը), բայց՝  Տրդատ երրորդ արքան քրիստոնէութիւն ընդունելէն ետք քանդուած: Հայաստանի մէջ գտնուող Գառնիի տաճարը, որ վերջին կանգուն հեթանոսական տաճարն է, նուիրուած էր Միհրին՝ նոր հեթանոսները զայն վերաօծեցին Վահագնին։  Միհրը կը կապեն նաեւ առասպելական Առիւծ Մհերին հետ։

Բնիկ ամերիկացի-հնդիկներէն սկսեալ, եգիպտական եւ հռոմէական մշակոյթներու մէջ բացայատ են արեւի պաշտամունքի ծէսերը։ Հիւսիսային ամերիկայի բնիկները նշանաւոր են իրենց «Արեւի Պար»-ով։ Հռոմէացիներուն համար պատմութեան վերջին շրջաններուն արեւի երկրպագութիւնը շատ կարեւոր դարձած էր, այն աստիճան որ շատ մը պատմաբաններ այդ շրջանը բնութագրեցին որպէս «արեւի միաստուածութիւն», կամ մէկ խօսքով՝ արեւի գրեթէ ամբողջական երկրպագութիւն:

            Իսկ քրիստոնէական շրջանէն սկսեալ հոս անպայման յիշենք - Մեծ Պահքի շրջանին ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ շարականներէն մին, որ  ի՜նչ թովիչ, ներշնչող յատկութիւն ունի «Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյս»- շարականին իւրաքանչիւր համարէն ետք կրկնուող տողը- «ի ծագել լուսոյ առաւօտուս, ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»․․

Անկրկնելի բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակ, իր բանաստեղծութիւններու շարքով հատոր մը վերնագրած է՝ ԵՂԻՑԻ ԼՈՅՍ – երբ կ՛երգէ ․․․ Լո՛յս, Լո՜յս զուարթ․․ Եւ ոչ թէ լոյս երեկոյի, Ի մտանել արեգական, - Այլ լոյս զուարթ արդար գոյի՝ Շաղաւոտն առաւօտի․․․

            Մեր աւանդական շարք մը մաղթանքները, գնահատանքի խօսքերը-  երբեմն ալ անէծքները- շատ յաճախ արեւի հետ կը կապուին։ «Արեւի պէս փայլուն դէմք ունի»։

Եթէ ընտանիքէն մէկը մահանայ «մնացած արեւը քեզի» կ՛ըսենք։ «Արեւիդ մատաղ ըլլամ» կ՛ըսեն մեծ-մայրերը հասակ առնող իրենց թոռնիկներուն հասակին նայելով։ Երբ տան տղամարդը անժամանակ մահանայ կ՛ըսեն «Տան արեւը խաւարեցաւ»։  Մէկը անիծելու համար կ՛ըսէին «արեւի երես չտեսնես»․․․  եւլն 

            Եթէ մէկը շուրջիններուն զարմացնելու համար վերամբարձ, բառարանային բառեր գործածէ կ՛ըսեն «արեւ չտեսած բառեր կը գործածէ»։

            Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ «Արեւ մտած տունը բժիշկը գործ չունի»- այսինքն արեւը նաեւ բուժիչ յատկութիւն ունի։ Սակայն, այս օրերուն երբ համավարակի պատճառով մարմնին դիմադրողականութիւնը զօրացնող կարեւոր կենսանիւթ կը համարուի  (Vitamin D) «Տի»ն, արեւին ճառագայթները - միաժամանակ՝  մորթի մասնագէտները կը թելադրեն չափաւորել ուղիղ արեւի ճառագայթներուն տակ մնալը- մորթային քաղցկեղէն խուսափելու համար։

            Հայրենասիրական մեր երգերուն մէջ միշտ յիշուած է Արեւ-Արեգակը, իսկ առաւօտեան արեւածագին հետ բացուող լոյսը՝ գործի անցնելու, պայքարելու որպէս սկիզբ կը համարուի։ Կան Ժողովրդական այլ ասոյթներ  նաեւ, որ շատ հետաքրքրական են-յիշենք մի քանին- 

«Արեւը աղբով չի պղծուիր։ Արեւը վատ տեղն է մար մտել։ Արեւուդ դերձանը կտրի։

Արեւը չծագած՝ ինչե՜ր կը կը ծագին։ Արեգակը չարըխը կը սխմէ, չարըխն ալ ոտքը»։

Հայրենասիրական երգերէն կարելի է քայլերգի ռիթմով յիշել այն երգը որ քաջալերական եւ պայքարի հրաւիրող խօսքեր ունի այսպէս-  Զէյթունցիներու երգին առաջին տողերը-  

            «Արեւ ելաւ Զէյթունցիներ դե՛հ ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր գնանք յառաջ․․․»

Մաղթենք որ ԱՐԵՒԸ ՄԻՇՏ ՓԱՅԼԻ մեր ժողովուրդի երկնակամարին վրայ եւ․․․

«Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյսը ծագի մեր վրայ ամէ՛ն օր․․  ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»․․

Այս Յունիս ամսուն մեր բոլոր դպրոցներէն շրջանաւարտ եղող զաւակները ԱՐԵՒԻ ՊԷՍ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻՆ ամենուրեք, ինչ ասպարէզէն ներս որ մուտք գործեն, յատկապէս մեր հայրենիքէն ներս։ Իսկ Հայրերու Տօնին առթիւ յարգանքով եւ երախտագիտութամբ յիշենք եւ մաղթենք որ մեր հայրերուն ԱՐԵՒԸ անպակաս ըլլայ մեր ընտանիքներուն երկնակամարին վրայ։

Հայ ժողովուրդը իր ամէնէն մեծ տիտղոսը ՀԱՅՐԻԿ- բառով շնորհած է ազգանուէր, ժողովրդական ու շատ սիրուած ու յարգուած կրօնապետին, յանձինս՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Մկրտիչ Խրիմեան Կաթողիկոսին։ Իսկ Մովսէս Խորենացին կը յիշուի որպէս ՊԱՏՄԱՀԱՅՐ։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք բոլոր մեր հոգեւոր Հայրերը, որոնք Խրիմեան Հայրիկի օրինակով կը հետեւին իրենց հօտին հոգեւոր կարիքներուն ու կը հոգան ՀԱՅՐԱԲԱՐ։

Իսկ իւրաքանչիւրիս յարկէն ներս մեր հայրիկներուն Արեւը բնաւ թող չխաւարի, այլ՝ շարունակէ պայծառացնէլ մեր հոգիները։

Դանիէլ Վարուժանի տողերէն փոխ առնելով ըսենք՝

Հա՛յր իմ, օրհնէ՛, դողդոջ ձեռքերդ գլխուս դիր,

Թող մատներէդ կաթի վար

Աղօթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։

Զարմինէ Պօղոսեան- Springfield, PA, Յունիս 1, 2021

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...