Արդէն Քառասուն օր ալ անցաւ Հալէպի Թորոսին այս աշխարհէն հրաժեշտ տալուն; Յիշատակը անթառամ մնայ
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹ՝ ՀԱԼԷՊԻ ԹՈՐՈՍԸ
Սրտի խօսք՝ Բժիշկ Թորոս Թորանեանին երկրային
կեանքին
հրաժեշտ տալուն Տասնօրեակին առթիւ
Զարմինէ Պօղոսեան
Ուիլեամ Սարոյեան- «Մարդ կայ մեռնի երթայ․․․ մարդ
կայ մեռնի գայ․․․Անդրանիկ մեռաւ բայց կայ, ա՛լ չերթար»- Թ․Թորանեանի «Կեանքի
Կեռմաններով» հատորէն
Տասը օր անցած է արդէն այն գուժէն, որ սրտի կսկիծով կարդացի
իր դստեր՝ Անի Թորանեանին դիմատետրի էջէն, որ Հինգշ․ Յունիս 3, 2021-ին երկրային կեանքը թողած գնաց
միանալու յաւերժութեան մէջ «փոթորիկէն
ծնած իր սիրոյն-ի՛ր Արմինէին»։
Անցնող Փետրուարին 93 տարին բոլորած աշխարհաքաղաքացի,
անբասիր այս ՀԱՅԸ, երկրագունդի բոլոր հայակեդրոն ցամաքամասերէն ներս իր դրոշմը
ձգած՝ Մեսրոպեանի Մունետիկը, անուղղայ լաւատեսը, արուեստի ու գրականութեան իւրայատուկ դեսպանը, մեր արտասահմանեան կեանքէն
անձնաւորութիւններու եւ պատումներու անխոնջ խմբագիրը, ներշնչող հռետոր ազգայինը՝ Բժիշկ Թորոս Թորանեանը, իր հարուստ համբաւ-գանձովը կը կարծուէր թէ մահկանացու ըլլալու
համար չէր ծնած։
1920 Փետրուար
29-ին-Նահանջ տարի- ծնած ըլլալուն համար ամէն չորս տարին անգամ մը «կը մեծնար» տարիներու համրանքով, սակայն,
իւրաքանչիւր այդ տարին պարզ մահկանացուի մը տասնապատիկը աշխատած եւ արտադրած կ՛ըլլար,
յօդուած գրած կ՛ըլլար եւ անհամար գիրքեր հրատարակած կ՛ըլլար։
2003-ին
Հալէպի մէջ նշուած իր 85-ամեակին առթիւ իմ սրտի խօսքս ղրկած էի պատկան Յոբելենական
Յանձնախումբին, որմէ պիտի քաղեմ կարգ մը տողեր։
Հակառակ անոր որ
համաքաղաքացի ենք Հալէպեան յուշերով, սակայն մենք ծանօթ էինք իրեն բեմերէն եւ
յօդուածներէն։ Մօտէն ճանչնալու հմայքը ապրեցանք երբ Նիւ-Եորք-Նիւ Ճըրզիի իր
այցելութիւններուն առթիւ մեր հիւր եղաւ եւ մենք իր հեւքին մասնակից դառցանք՝
1978-էն սկսեալ։
Միսաքին հետ զինքը մեր ինքնաշարժին մէջ հիւրընկալելով վազեցինք
Արամ Հայկազին տունը –Նիւ Եորքի Ռիկօ
Բարք-Քուինզ շրջանը, սուրացինք դէպի Վեհանոյշ Թէքեանին բնակարանը՝ Սթէյթըն Այլընտի
մէջ, Նիւ Ճըրզի՝ Վարդան Ապտօյին Նիւ Ճըրզիի Սիթըն Հօլ Համալսարանէն սփռուող Հայկական
Ձայնասփիւռէն ելոյթ ունենալու համար՝ Պոլսահայոց Նիւ Ճըրզիի Հայ Տունին մէջ իրեն ի
պատիւ տրուած հանդիպումին հասանք եւ ունկընդրեցինք, Պոսթոնի Հայկական թանգարանին
մէջ ի պատիւ Մովսէս Պչաքճեանին եւ իրեն տրուած յատուկ երեկոյին ելոյթ ունեցայ․․․եւ այսպէս․․․շարունակ շնչասպառ ըլլալու չափ, կը շրջէր, կը
հեռաձայնէր, կը պայմանաւորուէր յաջորդ հանդիպումին մը համար, ե՛ւ այդ բոլորին
մասին կը գրէր ։
Մեր տան մէջ տիրող եռուզերին եւ իր հետ փոթորկանման մեր վազվզուքին
ականատես ըլլալով այդ օրերուն իմ տասնամեայ մանչս Արան զինք կոչած էր «Թօրնէտօ
Թորանեան»։
Եւ այս բոլորը միայն մեր կողմը –այսինքն՝ Հալէպէն հեռու
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափին պատահածներն էին։ Վստահ եմ աշխարհի չորս
ծագերուն Աւստրալիայէն Հնդկաստան Անգլիա թէ Ֆրանսա բազմազան եկիրներու մէջ ի՜՜նչ
յիշատակներ թողած է ան։
Իր քսանչորս ժամը բնաւ համապատասխան չէր պարզ մահկանացուին
24 ժամուան։ Վկայ՝ իր 2000 թուականին տպուած «Իմ Հրատարակչական Ոդիսականը»
հատորին մէջ ցանկագրուած 560-է աւելի իր հրատարակչական գործերուն
հսկայական շարքը։ Խօլարշաւ իր վազքին հետ շուրջիններուն յոգնաբեկ անկողին իյնալու
կարօտին փոխարէն, ան կը նստէր գրելու, արտադրելու, տեղեկացնելու պատահածներն ու
ապրուած զգացումները։ Ականատեսը եղած ենք ուշ գիշերին ձեռնարկէ մը ետք անմիջապէս
նստելով գրի առնելու օրուան պատահածը, տաք-տաք, մելանը չչորցած, փռապանի մը
փութկոտութեամբ տաք հացը հեռատիպով յաջորդ առաւօտեան թերթերու խմբագրութեան հասցնելու
- անշուշտ ներկայ համակարգչային դիւրութիւններու չգոյութեան։
Ուրախ էր որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելով հանդերձ Հայ
կեանքէն չէինք հեռացած։ Առիթը օգտագործելով քանիցս գրած էր Նիւ Եորքի Սրբոց
Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին- ՍՆԱՎ-ին մասին, մեր նուիրումին մասին հարցազրոյցի
ձեւով յօդուածներ գրած եւ զանոնք «Նոր
Կեանք»ին ու «Զարթօնք»ին ղրկելով։
Երեսուներեք տարի առաջ, Յունիս 13, 1988-ին Թորոս Թորանեան հետեւեալը
արձանագրած է ՍՆԱՎ-ի հիւրերու յատկացուած գրքոյկին մէջ- «Այս վարժարանը հիմնողները եւ հայ ծնողները ճշդած են իրենց ընելիքը-Հայ
Դպրոց մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայ դպրոցին համար աշխատիլ կը նշանակէ
աշխարհի հնագոյն մշակոյթը ունեցող ժողովուրդի մը ծառայել։ Գոհ սրտով կը հեռանամ
Նիւ Եորքի այս անմար օճախէն։ Վստահ որ այս հաստատութիւնը կը մնայ կանգուն եւ
կ՛ունենայ ութ դասարաններ որպէսզի լաւագոյնս ծառայէ իր նպատակին։
Կեցցեն այս դպրոցը պահողները։»
Հալէպ ծնած, Մելգոնեան աւարտած, Երեւանի բժշկականէն
վկայուած էր, պայմաններու բերումով զանազան երկիրներ ապրելու պարտադրուած էր,
սակայն Թորանեանը ընդմիշտ Հայութեամբ ու Հայաստանով Հպարտ Հայը մնաց։
Հակառակ անոր ու մասնագիտութեամբ բժիշկ էր, հիւանդը գործողութենէն առաջ
անզգայացնելու կամ թմրեցնելու համար, սակայն իր ազգային կեանքին ջիղը մեր ազգային
կեանքէն ներս անզգայացածները իրենց թմբիրէն արթնցնելու կոչումն ունէր։
Թորանեանին գիրքերը կը յորդին տեղեկութիւններով, հայ
մարդոց, երեւոյթներու համայնքներու հանդիպումներով, հրաշալի պատումներով։ Սուրիական
պատերազմի օրերուն ամէն շաբաթ Լոս Անճելոսի «Նոր
Կեանքին» մէջ լոյս կը տեսնէր հալէպեան օրագրութիւնը։ Ի վերջոյ շատ շատերու
նման ինք ալ Հալէպէն Երեւան հաստատուեցաւ, եւ կ՛ապրէր իր մտաւորական դստեր՝
Անի Թորանեանին հետ։ Միեւնոյն խանդավառ
պատմողն էր 2019-ի ամրան Երեւանի մէջ տուած մեր այցին առթիւ։
Լսած էր որ պիտի այցելէինք եւ հակառակ երեւութապէս ընկրկող առողջական վիճակին, արդէն
վեց գրքոյկ մակագրած պատրաստած էր մեզի համար։
Չէինք գիտեր որ իր հետ այդ անձամբ
տեսակցութիւնը մեր վերջինը պիտի ըլլար։
Իր պատմուածքներէն մէկուն
մէջ Ուիլեամ Սարոյեանին վերի մէջբերումէն սա միտքը որքան կը համապատասխանէ Թորոս
Թորանեանին․․Մարդ կայ մեռնի երթայ․․․ մարդ
կայ մեռնի գայ․․․»։
Քաջ գիտենք թէ ան
կ՛ապրի ու պիտի ապրի Մեսրոպեանի ու Հայրենիքի ՄՈՒՆԵՏԻԿԸ, Հայ Գիրի Ջահակիրը, առատաբաշխ այս Հայը, ՀԱՅ
ԱՇԽԱՐՀԻ
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ
ԵՐԵՒՈՅԹ՝
Թորոս որդի Խաչերի Թորանեա՛նը։ Ան գնաց՝ իր իսկ բառերով «դարերն ուսած՝ դարերն
ի վեր սուրալու»։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ *
Թորոս Թորանեան
Մեկնակէտս աղեղն Հայկի
Ու դուն թիրախս էիր միշտ․
Թափառեցայ հազար տարի
Անգոսնեցի ցաւ ու վիշտ․
Այսօր եկած քեզ եմ հասած
Քեզմով եղած
յաղթական․
Ու քեզի հետ դարեր ուսած
Դարերն ի վեր կը սուրամ։
Ծաղիկ
մը այսօր
Թօշնեցաւ
դարձեալ․
Արդեօք
աշունի
Քամի՞ն
էր պատճառ․․․
Ու կառք
մը անցաւ
Մեր
դռնէն այսօր
Դագաղ մը
շալկած,
Ղարիպութի՞՞ւնն
էր
Պատճառը արդեօք․․
Յ․Գ․ Թորոս Թորանեանի տան կարգը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ՝ Յունիս 4-ին Մալաթիա-Սեբաստիա, Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Շաբաթ՝ Յունիս 5-ին, միեւնոյն եկեղեցիէն դէպի Շահումեանի գերեզմանատուն-իր երազած հայրենի հողը գրկելու։
No comments:
Post a Comment