Search This Blog

Search This Blog

Tuesday, July 13, 2021

AT my Doctor's Waiting Room- Zarmine Boghosian—— Բժիշկին Սպասման Սրահին մէջ

 

https://hairenikweekly.com/2016/02/11/25713?fbclid=IwAR3sEK4rBLUusYH_yt-KqENs11fZpW8ym4ZIlBR263UOaOW6HYph-eoECMk

Զարմինէ Պօղոսեան
Նիւ Եորք
Փետրուար 5, 2016

Երկար ժամանակէ կատարուելիք ժամադրութիւն մըն էր որ պէտք էր կատարէի մասնագէտ բժիշկի մը հետ: Մարմնիս գանգատները ալ չէի կրնար անտեսել: Յարմարցուցած էի արձակուրդ օրուան մը, գիտնալով որ մէկը միւսին առաջնոդող քննութիւններ կրնան ծագիլ: Այդպէս ալ եղաւ: Առաջինէն երկրորդը գէշ չէր շուտ կատարուեցաւ: Երրորդ քննութեան համար բաւական երկար ընդմիջում մը կար: Չէր արժէր Նիւ Եորքեան ճամբորդութեամբ տուն երթալ եւ ետ գալ: Հաւատացէք ուրախացայ պահ մը: Կտրուած պիտի ըլլայի առօրեայի հեռաձայն-համակարգիչ կապուածութենէն: Տունը չեմ, գործի չեմ- կարճ կտրուկ արդարացում մը պիտի ըլլար զիս փնտռողներուն: Շա՜տ կը ներէք:
Սպասման սենեակին մէջ դիզուած բազմատեսակ ամսագրեր եւ օրաթերթեր կային: Օրուան թերթերու տրցակը քովս մէկ-մէկ աչքէ անցնելու սկսայ: Ի՜նչ նիւթեր ըսես չէին շօշափուէր: Օդանաւային ճամբորդութեան խորհուրդներէն, ծունկի գործողութեան նորանոր դիւրութիւներու բացատրութիւններէն, հանրային-պետական դպրոց յաճախող դպրոցականներու համար յատուկ նորաձեւութեան գաղափարներ ներկայացնող յօդուածներ… (ո՞ւր մնացին դպրոցականի շնորհք տուող համազգեստները. . . արդիական մօտեցում է, շուկայ պէտք է … ծնողներուն շահած դրամը պէտք է ծախսուի…):
Օ՜՜, դեռ ինչ նիւթեր կամ այսօրուայ թիւին մէջ: Հետաքրքրուած է՞ք, եթէ այո, նշանաւոր թէնոր Փաւարօթիի Մէնհէթընի երկու ննջարանոց յարկաբաժինը որ 2014-ին 13.7 միլիոն ամերիկեան տոլարի ծախու դրուած էր այս օրերուն ծախու դրուած է նուազ սակով մը – 11.5 միլիոնի, պայմանաւ որ Փաւարօթիի անձնական դաշնակը ներառեալ չէ:
Միլիոն բառը անմիջապէս ետ կը տանի զիս, ի՜նչ անհասանելի գումար մը արդարեւ: Մենք հայ դպրոցներու կամ սուրիահայութեան օգնութեան դրամահաւաքի համար ոտքի կ՛ելլենք՝ միլիոնն ի՞նչ է , չե՛նք տեսներ: Այս միլիոնները ո՞ր գրպաններէն դուրս կ՛ելլեն արդեօք:
Ընթերցումս կ՛ուզեմ շարունակել: Քաղաքական պայքարի, ընտրութիւններու հետ կապ ունեցող հասարակ ու շուկայիկ յայտարարութիններէն կը խուսափիմ: Չեմ ուզեր աչքերս յոգնեցնել այդ էջերուն վրայ: Սակարանային լուրերն ալ զիս բնաւ չեն հետաքրքրեր: Էջերը կը դարձնեմ միայն վերնագիրներուն նայելով: Շատ կը զարմանանամ: Ինչպէ՞ս ամէ՛ն օր Նիւ Եորք Թայմզը ըլլայ թէ Ուոլ Ըսթրիդ Ճուրնալը կը յաջողին լեցնել այս բոլոր լայնածաւալ էջերը:
Վերջապէ՜ս: Ահաւասի՛կ զիս հետաքրքրող նիւթ մը կը գտնեմ: Յօդուած մըն է՝ ԾԱՆՕԹԱՑԷՔ ՄԷԹ-ին անուան տակ, յօդուածագիրը Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին կը ծանօթացնէ իր ընթերցողները: Ինծի պէս ժամանակ ունեցող մէկն է երեւի որ կ՛որոշէ ակիւնադարձային իր տարեդարձին ամբողջ օրը թանգարանին մէջ անցնել: Ի՜նչ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ ըսես որ չի տար: Ես որ քանիցս այցելած եմ, չեմ կրցած ամբողջութեամբ վայելել այս թանգարանը: Յօդուածագիրը միտքս կը կարդայ կարծէք: Պատասխանը չուշանար: Ան նոյն հարցումը ուղղած է թանգարանին այժմու տնօրէն՝ Թոմաս Գէմփպէլին որ կը հաստատէ թէ երկու տարի կը տեւէ իր ամբողջութեան մէջ «տեսնելու» այն բոլոր գործերու հաւաքածոները որ կը գտնուին հոն: ՄԷԹ-ի մէկուկէս միլիոն հաշուող մնայուն արուեստի գործերը անկարելի է մէկ կամ երկու այցով ամբողջացնել: Պատկերացուցէք բազմայարկ եւ երկու միլիոն քառակուսի ոտք տարածութիւն հաշուող այս թանգարանին 400 հանդիսասրահներու մէջ ինչ-ինչ արուեստի գործեր ու հարստութիւն «դիզուած» է: Հետաքրքրական է որ 1870-ին կառուցուած այս շէնքը Նիւ Եորքի Մէնհէթըն կղզիի ամէնէն յարգի շրջաններէն մէկուն մէջ, իր մէջ կը հիւրընկալէ կամ իւրացուցած է… արուեստի ա՛յնպիսի գործեր որոնց թուականները նշուած են….նախաքրիստոնէութիւնը՝-2381-2323 Ն.Ք.- : Ինչ մեծ հպարտութեամբ կը նշուի թէ աշխարհահռչակ ամէնէն կատարեալ եգիպտական արուեստի հաւաքածոն կը գտնուի ՄԷԹ-ի մէջ: Հոն կը գտնէք Ք.Ա. 2446-2389 թուականներուն մէջ տարածուող արուեստի գործերէն, անձնական զարդեղեններէն մինչեւ իշխանական ընտանիքներէն զմռսուած մարմիններն ու տապանաքարերը: Ընթերցումիս մէջ թաղուած էի եւ կարծես անջատուած անմիջական շրջապատէս: Այդ բոլոր հրաշալի արուեստի գործերուն մանրամասն նկարագրականները կարդալով – Մոնէ- Մանէ- Վան Կոկ- յունական –հռոմէական բաժիններ՝ արձաններու շարքով, աշխարհի բոլոր երկիրներէն- բայց անշուշտ Հայկական խաչքարը չէր նշուած… լրիւ հեռացած էի այդ սենեակէն:zarmine4
Յանկարծ է հեռատեսիլէն լսուող Հալէպ եւ Սուրիա բառերը զիս արթնցուցին ճամբորդութենէս: Բժիշկին սպասման սենեակի հեռատեսիլէն կու գար միեւնոյն կրկնութիւններով: Աչքս կը վերցնեմ .. Հալէպէն թրքական սահմանը անցնիլ ուզող շարան- շարան գաղթականներ, մանուկները գրկին հետիոտն մայրեր, ծերունիներ…..
Արուեստը ո՜ւր մնաց… հազարաւոր տարիներէն մնացած արուսետի գործերուն համար այդ սենեակներուն մէջ լոյս-ջերմութիւն-հաւասարակշռութիւն պահպանող արդիական միջոցառումներուն մասին հոգ տանիլները….: Ո՞ւր են մարդկային միջոցառումները մարդկա՛յին կեանքերը մարդկայնօրէ՛ն հոգ տանելու եւ պահպանելու:zarmine2
2009-ի ամրան ամուսնիս Միսաքին հետ Հալէպ էինք այցելութեամբ: Դպրոցներէն- եկեղեցիներէն, ակումբ-պարտէզներէն անդին հալէպահայութիւնը հասած էր մակարդակի մը ուր արդէն դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, ամառնային պարտէզները արուեստ ու մշակոյթի նոր վերելք մը կը ներկայացնէին: Նոր Գիւղի Հ.Օ.Մ.-ուհիներու փառաւոր շէնքին մէջ ամէն տեսակի յարմարութիւններով զարգացման ու վերելքի արդիական կատարելութիւնը կը փայլէր, բժշկական օգնութեան սենեակներէն, խոհանոցային արուեստէն մինչեւ պատմական Հայաստանի քաղաքներու ձեռագործներուն բազմազան օրինակներու ցուցահանդէսին ի տես հիացմունքով լեցուած էինք: Այցելեցինք նաեւ Եկաւեան տեղեկատու կեդրոնը, Քառասուն Մանկանց եկեղեցին եւ անոր շրջափակին մէջ գտնուող Այնթապցիներու նախկին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տեղ Զարեհեան թանգարանը իր զանազան թանկարժէք իրերով, Ճինիշեան կեդրոնը, Կիւլպէնկեան Մայրանոցն ու արդիական Հայկական Ծերանոցը: Ականատեսը եղանք Կիլիկիա Գրատան հիմնած հայերէն գիրքերու տպագրական եւ մատենաշարային սքանչելի աշխատանքին:zarmine3
Հապա Հալէպի պետական թանգարա՞նը, հոն հաւաքուած ամբողջ պատմութիւնը միջին արեւելքի հարուստ անցեալին ո՜ւր են արդեօք: Հապա ի՜նչ ճակատագրի ենթարկուեցան մեր եկեղեցիներն ու գերեզմաննոցները, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Տէր Զօրի Մատուռ-թանգարան համալիրը….
Անկախ ինձմէ անծանօթ յօդուածագրին հետ վիճաբանիլ սկսայ: Պիտի գա՞յ օր մը որ ՄԷԹ-ը հպարտութեամբ նաեւ ցուցադրէ այդ բոլորը եւ հպարտանայ իր «ազատագրած» Սուրիական արուեստի գործերով:
Կը վերյիշեմ ՄԷԹ-ի իմ այցերս: Հիացմունքս Միջին Արեւելքէն «ազատագրուած» ու արդիական տուփիկներու մէջ կամ փայլուն ցուցափեղկերու ետին ցուցուցադրուած արուեստի գործերուն, մագաղաթներուն, զարդեղէններուն:
Շնչասպառ ըլլալու չափ կոկորդս կը կծկուի «ազատագրուած» բառով: Այս բոլորը տէրեր ունէին, մարդկային արարածներու կը պատկանէին: Ինչպէ՜ս, ի՞նչ ճամբով հոս հասան ասոնք: Ադեօք ո՞ւր են հիմա անոնց տէրերը: Շարժանկարային արագութեամբ 2009-ի Հալէպի մեր այցելած գեղեցիկ կեդրոնները կը հրմշտկեն զիրար- իսկ դիմա՞ցս հեռատեսիլի պաստառին վրայ մէկը միւսին ետեւէն աւերակուած շէնքերը կը տեսնեմ Հոմսի, Հալէպի, Ճարապլուսի, Րագգայի, Գամիշլիի… եւ..երկար թափօրը հազարաւոր ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ հոգիներու որոնք ամէն ինչ ետին ձգած կը քալեն ու կը քալեն. . . դէպի անյայտութիւն… անխիղճ աշխարհի մը անտարբեր աչքերուն առաջ:
Յօդուածը կը ծրարեմ ու մէկդի կը դնեմ: Ի՜նչ փոյթ եթէ օր մը այդ աշխարհէն կորսուած արուեստի պատառիկներ յանկարծ յայտնուէին եւ փառաւորապէս տեղ գտնէին այս հրաշալի շէնքին ուսումնասիրուած եւ հոգատար ցուցափեղկերու ետին: Ես պիտի չտեսնեմ այդ օրը:
Սակայն մեր յաջորդները, ՄԷԹ-ի այցելուները պիտի զգա՞ն թէ ժամանակին անոնք տէր ունէին, խնդալ ու զուարճանալ գիտէին, զգացում, հոգի ու մարմին ունէին:
Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ իրենց ինքնուրոյն ՄՇԱԿՈ՛ՅԹը ունէին:

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...