Search This Blog

Search This Blog

Saturday, January 13, 2024

2023-dec 30-Jamanag Daily_coffee hour after Church Service-Zarmine Boghosian

 As appeared in JAMANAG Daily from Bolis


ՍՈՒՐՃԻ ՊԱՀԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ ԿԱՄ ՅՈՅՍՈՎ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

 

 

 

 

Քանի-քանի՜ անգամներ ուզեցի պոռալով կրկնել նահատակ մեր բանաստեղծ Սիամանթոյին խօսքը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թո՛ղ որ թքնեմ քու ճակատիդ»։

*

          Գրեթէ երկու-երեք տարիէն աւելի, համավարակի պատճառաւ կարօտ մնացինք կիրակնօրեայ «Սուրճի պահին». ժամուորները ընկերային մթնոլորտի մէջ համախմբելու նպատակով սովորաբար ամէն եկեղեցի պատարագէն ետք կը պահպանէ այդ հիւրասիրութեան ձեւը։

Ամէն ձեւով օգտակար պահ մըն է թէ՛ ստամոքսները լիացնելու եւ թէ ծանօթ-բարեկամ տեսնելու կարելիութիւն ստեղծելու, հոգեհանգիստ խնդրածներուն անձամբ ցաւակցութիւն յայտնելու, «երկու բառ» փոխանակելով «հալ-քէֆ» իրարու որպիսութիւնը հարցնելու եւ ամենէն կարեւորը՝ «մարդու երես տեսնելով» հոգեպէս լիանալու։

            Սուրճի պահը եկեղեցական արարողութենէն ետք նաեւ հանգիստի պահ մըն է։ Մանաւանդ՝ անոնց համար, որոնք հեռու տեղերէ, նուազագոյնը կէս ժամ քշելով կու գան եւ հաւատացեալօրէն ծոմապահութեամբ կը մօտենան հաղորդութիւն ստանալու, անօթի ստամոքսով տուն վերադարձը կրնայ երկար ճանապարհ ենթադրել։

            Այո՛, այդ պահը փնտռուած պահ մըն է։ Բաժակ մը սուրճին հետ լիանալու, այս կամ այն ընտանիքի հանգուցեալի հարազատներուն ցաւակցութիւն յայտնելու, ննջեցեալին հոգւոյն համար տրամադրուած տեսակաւոր ուտելիքներէն օգտուելու եւ, անշուշտ, հարազատ-ծանօթ թէ անծանօթ նոր դէմքեր տեսնելով քիչ մը մարդավայել խօսակցելու։

            Երբեմն շատ համեստ կ՚ըլլան այդ տեսակի հիւրասիրութիւնները, շատ անգամ ալ շատ առատաձեռն ճաշկերոյթի մը չափ սեղան լեցնող համադամ ուտելիքներով եւ անուշեղէններով բեռնաւորուած կ՚ըլլան։

Անցեալին եթէ մեր կլոր սեղաններուն նիւթերն էին՝ ընտանեկան հարցերը, նորապսակներ կամ նշանուելու թեկնածուները, ապա այս օրերուն շատ-շատ մտահոգութիւններ կան, տեսակաւոր, սրտաճմլիկ հրատապ հարցեր մեզ կը յուզեն։

            Սեղանի մը շուրջ համավարակէն պաշտպանուելու համար պատուաստումին հաւատացողներուն եւ թերահաւատներուն տակաւին շատ տաք վիճաբանութիւնները կը շարունակուին՝ մէկը միւսին փաստացի տուեալներով համոզելու ջանքերով հանդերձ։

            Մին կ՚ըսէ. «Չեմ ուզեր, որ իմ մարմինիս մէջ օտար նիւթեր մտնեն եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ըսելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ, այդ պատուստներուն հետեւանքը քսան տարի ետք մէջտեղ կ՚ելլէ»։

            Միւսը կ՚ըսէ. «Եթէ քովիտէն դուն այսօր մահանաս, որո՞ւն հոգն է, թէ քսան տարի ետք որո՛ւն ի՛նչ պիտի պատահի»։

            -Ամա՜ն, ինչեր կը խօսիք… դուք միայն ձեր անձին մասին կը մտածէք… մէյ մը մտածեցէք այդ հազարաւոր որդեկորոյս հայ մայրերուն մասին։ Կաթին հոտը իրենց բերնին, այտերուն վրայ աղուամազ անգամ չբուսած այդ անուշ երիտասարդներուն կորուստը աչքի առաջ բերէք… միայն դուք ձեր անձին մասին մտահոգուելէ առաջ…

            Քովի սեղանին շուրջ հաւաքուածները հարազատներ ունին Սուտանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։

-Ա՜խ, հէչ մի՛ ըսեր, երէկ հազիւ թէ կրցայ գիծ ունենալ եւ Սուտանի մէջ ապրող տալոջս տղուն հետ կրցայ խօսիլ։ Մայրաքաղաք Խարթում կ՚ապրին, «լաւ ենք» ըսաւ։ Լա՞ւ, բայց ի՜նչ լաւ։ «Տունէն դուրս չենք կրնար ելլել», ըսաւ… Աստուած օգնէ… կամաւոր բանտարկեալներ են, տեսնենք մինչեւ երբ… դեռ ուրիշ ահաւոր լուր մըն ալ տուաւ. տակաւին չեմ կրնար հաւատալ։ Հոն կային մեզի ծանօթ երկու քոյրեր, որոնք վտանգաւոր շրջանի մէջ կ՚ապրէին, մերինները շատ փորձեր են համոզել, որ աւելի ապահով տեղ մը երթան, բայց անոնք չեն համոզուած։ Երկու շաբաթ վերջ երկուքն ալ մեռած գտեր են իրենց տան մէջ, մարդ-մարդասանք չունին։ Գահիրէի առաջնորդէն խնդրեր են, որ միջամտէ եւ կերպով մը դիակները թաղել տան…

-Ամա՜ն, ա՜ախ․ մերիններն ալ Պէյրութ են… անոնք դուրս կրնան ելլել, բայց ի՞նչ օգուտ։ Ի՜նչ սղութիւն, ի՜նչ թշուառութիւն, ո՞ւրկէ դրամ ունենան տոմս գնելու։ Մարդիկ իրենց իսկ արիւն քրտինքով շահած, հաւաքած դրամները ապահովութեան համար դրամատուն դրած են, իրենք իրենց դրամին տէրը չեն, պարապ գրպանով շուկայ կ՚երթցուի՞։ Այդ երեխաները ինչպէ՞ս անհրաժեշտ սնունդ պիտի ստանան, երբ ծնողները իրենք իրենց դրամն անգամ չեն կրնար հանել դրամատունէն։ Կողոպուտ է օրը ցերեկով… եւ աշխարհին հոգը չէ՛…

-Ինչո՞ւ… ե՞րբ աշխարհին հոգը եղած է որ։ Մեր երիտասարդները հազարներով զոհուեցան 44-օրեայ պատերազմին, հարիւրաւոր գերիներ մինչեւ հիմա բանտերուն մէջ կը մաշին, ո՞վ ձայն կը հանէ, ո՞վ պաշտպան կը կենայ, ո՞վ կը պաշտպանէ անոնց դատը։

-Հապա, սիրելիս, անհետ կորսուածներուն մասին ի՞նչ կ՚ըսես։ Ծնողք եղիր ու դիմացիր, կ՚աւելցնէ քովը նստած խարտեաշ մազերով, խնամուած եղունգներով կինը։

-Հապա սա վերջին օրերուն Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն գլխուն եկածին ի՛նչ կ՚ըսես։ Ի՜նչ ըսել է պապենական տունդ տեղդ ձգելով, հարիւր հազարներով գաղթական ըլլաս վրայի հագուստներովդ, միայն ու միայն կեանքդ ազատելու մասին մտահոգուիս։

-Լաւ որ հայրս, մայրս ողջ չեն։ Հալէպի երկրաշարժի ահն ու սարսափը չապրեցան։ Մարդիկ օրերով իրենց տուներէն հեռու, եկեղեցիներու կամ ճաշարաններու մէջ մէկտեղուեցան, ինքնաշարժ ունեցողները ինքնաշարժի մէջ քնացան։ Տասը տարի պատերազմէն քաշածնին չէր բաւեր, մէկ ալ երկրաշարժ մը եկաւ ժողովուրդի հոգին աւելի եւս ցնցելու։ Պատերազմի տարիներուն Հռոմի Պապն իսկ ըսած էր. «Հալէպը նահատակներու վկայարանն է եւ ես պիտի աղօթեմ Հալէպի համար»:

-Է՛հ, որո՞ւ համար պիտի աղօթեն հիմա… Հալէպի՞, Պէյրութի՞, թէ Արցախի ժողովուրդին համար։

Կարծես շշուկով խօսակցութեան մասնակից դարձաւ՝ մինչ այդ ըսուածները լուռ ունկնդրած տիկին մը։

-Ծնողքս մանկութեան տարիներուն այդ գաղթականութեան եւ որբութեան այդ արհաւիրքը ապրած են արդէն։ Հիմա բնաւ պիտի չդիմանային այս եղածներուն։ Հաւատացէք, անցեալին քանի մը առիթներով շատ փափաքած էի, որ ողջ ըլլային ու իրենց աչքով-ականջով վայելէին, տեսած ըլլային իրենց երազած Հայաստանի անկախութեան ուրախութիւնը։ Հիմա պիտի չուզէի, որ այդ շատ յառաջացած տարիքին վերապրէին իրենց մանկութեան արհաւիրքը։

-Հալէ՞պը յիշեցիք, խօսակցութեան մէջ մտաւ քովի սեղանէն ուրիշ տիկին մը, ոտքի՝ սուրճի գաւաթը ձեռքին։ Ես ալ երկու օր առաջ «մէսինճըր»ով խօսեցայ զարմիկիս հետ։ Խեղճը իրենց շէնքին վեց թէ եօթներորդ յարկը կ՚ապրի։ Արդէն ութսուն տարեկան է։ Ըսաւ, թէ մէկ հատիկ տղան գլուխը առեր գացեր է Պէյրութ՝ այն յոյսով, որ վիզա ձեռք պիտի բերէ Գանատա երթալու համար… Ըսաւ, թէ հազիւ շաբաթը անգամ մը կրնայ վար իջնել, որովհետեւ ելեկտրական հոսանքը անորոշ եւ տարբեր ժամերով կ՚ունենան, կը վախնայ, որ վերելակին մէջ մնայ։

Քովի սեղանէն՝ ազատ աթոռ փնտռող ուրիշ տիկին մըն ալ կը մօտենայ տաք խօսակցութեամբ ուշադրութիւն գրաւած սեղանին, որուն շուրջ իրեն ծանօթ տիկին մը տեսնելով կը բացագանչէ.

-Ա՜խ, քա՜… ո՞ւր ես, ձայնդ չ՚ելլեր, խոհանոցիս սեղանի անկիւնդ պատրաստ քեզի կը սպասէ, սուրճդ ալ կրակին վրան է, եռալէն մէկ եղաւ… ինչո՞ւ չես երեւիր…

-Հոգ չէ, ես արդէն սուրճս շատ եռացած կը սիրեմ՝ առանց փրփուրի, ժպիտով կը պատասխանէ մինչ այդ լուռ ունկնդիր եղած տիկինը, հիմա ո՞վ, որո՞ւն տունը կ՚երթայ-կու գայ, որ դուն ինծի ձեր տան մէջ կը սպասես…

-Է՜էհ, ես ալ փրփուրով կը սիրեմ, կ՚աւելցնէ նորեկ տիկինը իր գտած աթոռին բազմելով։

-Գալ շաբաթ դուն սուրճդ փրփուրովդ ա՛ռ, նստի՛ր․ ես ալ իմ սուրճի գաւաթս կ՚առնեմ ու կը նստիմ «ֆէյսթայմ»ով զիրար դիտելով կը խմենք։

Տարբեր տասնամեակներու շրջանին Միացեալ Նահանգներ հաստատուած տիկիններու այս խմբակները ինչե՜ր ունէին պատմելիք ու խօսելիք։

Մեծ մասամբ անցեալ տասնամեակներու ընթացքին ծանօթացած էին, զանազան մշակոյթներէ գաղթած, ովկիանոսներէն անդին եկեր, հասեր էին հոս. Իրաք, Պարսկաստան, Սուտան, Սուրիա, Պոլիս, Լիբանան թէ Պուլկարիա։ Կենդանութիւն կ՚առնէին կարծես հոս իրենց երազային աւանդութիւններով, մշակութային կեանքով, զաւակներուն յաճախած դպրոցներուն պատմութիւններով։

Գրեթէ բոլորն ալ իրենց կեանքի երանելի առաջին երեսուն տարիները ծննդավայրի մէջ ձգած, դպրոցական տարիքի զաւակներուն ձեռքէն բռնած եկեր, հասեր էին այս «աւետեաց երկիրը»՝ նոր յոյսերով, զաւակներուն աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու ակնկալիքով։

-Ի՞նչ ընենք, մենք ըլլալիքնիս եղեր ենք արդէն, ըսինք գոնէ մեր զաւակներուն ապագան ապահովենք… եղած էր շատերուն գաղթելու բուն պատճառը եւ այս երկրին մէջ հաստատուելու նպատակը։ Որքան դժուար էր իրենց համար այս նոր երկրի նոր պայմաններուն, մշակոյթի հսկայական տարբերութեան հետ հաշտուիլը, ըմբռնելը, զաւակներուն սիրոյն «անդիէն եկածի» կամ «ովկիանոսի միւս կողմէն եկածի» հովերը իրենց վրայէն թօթափելու առօրեայ ապրումները։ Անմիջապէս դասընթացքներու արձանագրուեցան, դպրոցի ծնողական ժողովներուն ներկայութիւն հաստատեցին՝ անցած-դարձածը լաւ մը հասկնալու… զաւակներուն հետ տեղւոյն ապրելակերպով կեանքին պարտադրած ակնկալութիւնները լաւ ըմբռնելու։

Ապագա՞յ ապահովել։ Այո՛, ապագայ։

Հիմա այդ «ապագայ»ն իրենց համար եկեր, անցեր էր։

Չէ՞ք հաւատար…

Մէյ մը նայեցէք… գրեթէ բոլոր սեղանակիցներուն ալ գլուխները Արարատի ձիւնէն ա՛լ աւելի ճերմկած էին հիմա։ Իրենց զաւակներուն ունեցած պարմանիական ըմբոստութիւնը կարծես փոխանցուած էր իրենց։

«Ես այսպէ՛ս կը սիրեմ»ի մտածելակերպով՝ որոշած էին բնաւ չխաբել իրենք զիրենք եւ ոչ ալ շուրջինները՝ ճերմակները ծածկող գոյներու դիմելով։ Ձգած էին, որ բնութիւնը ցուցադրէ իրենց գլխուն վրայ աճող, անվերադարձ տասնամեակներու արագավազ սահանքին հետ մարմնի մէն մի բջիջին մէջ ծուարած, գոյն կորսնցուցած խոնջէնքը։

Ո՜ւր էին այդ օրերը։ Այդ փոքրիկ դպրոցական տարիքի զաւակները հիմա իրե՛նք դարձած էին քառասունը անց ծնողներ… եւ մէկ համալսարանէն միւսը, նահանգէ նահանգ կը վազվզեն՝ գոհացնելու իրենց մէջ արմատացած, համոզումին վրայ յամառօրէն պնդող պահանջկոտ զաւակներուն համալսարանի ընտրութիւնը։ Մին կ՚ուզէր իր ուսումը շարունակել այսինչ նահանգի համալսարանը, որ հինգ-վեց ժամուան ճամբայ է։ Մի՞ւսը, երեք, երրորդը օդանաւով երկու կամ երեք ժամուան հեռաւորութեամբ մէկ այլ նահանգ։ Հապա տարեկան վճարումնե՞րը, առանձին սենեակ կահաւորելու անհրաժեշտ պիտոյքներու շարա՞նը… Մէկ խօսքով տուն փոխադրելու չափ գլխացաւանք պատճառող յոգնութեան հետ ծախսալից վազվզուք մը սկսած էր եւ իրենք մեծ մայր դարձած՝ դիտողի ու լսողի հանգամանքէն անդին չէին կրնար երթալ։

Եկուր եւ համբերութիւն ունեցիր՝ կարծիքդ դուն քեզի պահելու։

Երկիրը՝ հսկայ իր տարածքով, հրապուրիչ անկիւններ շատ ունէր։ «Անունով համալսարան» ընդունուելու մրցակցութիւնը սահման չունէր։ Իսկ զաւակները մատի թեթեւ հպումով մը համակարգիչէն կը ծանօթանային, կը հրապուրուէին, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին իրենց ծնողներն ալ վարակելու իրենց խանդավառութեամբ։

Է՜հ, մեծ մայր եղիր եւ համբերութեամբ սպասէ, թէ ո՞ր մէկուն եւ ի՞նչ մասնաւոր առիթին պիտի կարենաս ներկայ ըլլալ եւ վայելել թոռնիկիդ յաջողութիւնը կամ վայելել անոնցմէ մէկն ու մէկուն ելոյթը, նկարչական ցուցահանդէսը եւ կամ բժշկական զգեստ հագնելու արարողութիւնը։

-Գալ շաբաթ մեր Լիանան դաշնակի իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ համալսարանի սրահին մէջ։ Ինչպէ՞ս երթալ կամ ներկայ չգտնուիլ։ Լա՛ւ որ սա համակարգիչի «ֆէյսթայմ»ով դիտելու կարելիութիւնը կայ։ Տղաս ըսաւ, որ «պիտի կապէ» մեզի այդ գիծին։ Սիրտէս կ՚երթայ, որ սանկ կուշտ ու կուռ գրկեմ եւ համբուրեմ, կ՚ըսէ ափսոսանքով տիկին Լիլին։

-Է՜հ, ես չխօսիմ ուրեմն, կ՚աւելցնէ տիկին Սեդան, մերինը այս երկրին ամենէն վերը, հիւսիսի ձիւներուն մէջ ուսանելու երթալը ընտրեց։

*

Ահա այսպէս մեր շաբաթները կը սահին, օրացոյցներու տարեթիւերը կը փոխուին ու մենք հայրենի թէ արտասահմանի ցաւերու շարանը այս սուրճի սեղաններուն շուրջ կը թափենք, մենք մեր ցաւովը կ՚ապրինք ու կը փորձենք մխիթարել ու մխիթարուիլ։

Շարժանկար պատրաստելու մասնագիտութիւնը չունիմ, սակայն, շարժանկարային սահանքով ու յաջորդականութեամբ մտային հորիզոնիս վրայ տողանցելու սկսած են անցեալ տարիներու անցուդարձերը։

Անցեալ տարուան ընթացքին ազգովի՛ն մեր շունչը պահած՝ պատմական օրեր ապրեցանք, երբ մեր նախնիներուն տառապանքն ու կորուստը աշխարհի դիւանագէտներու ձեռքին դարձեալ քաղաքական «փինկ-փոնկի»ի սեղանին դրուեցաւ։

Ամիսներով Արցախի մեր քոյր-եղբայրները արգելափակման շրջանի մը մէջ մնացին, զրկուեցան ամենատարրական ապրելակերպի անհրաժեշտ սնունդէ ու բուժումի միջոցներէ։ Քօղարկուած բացայայտութեամբ ամբողջ ժողովուրդ մը սովամահ ընելու միտումով այդ շրջափակումը աւարտեցաւ բռնի տեղահանութեամբ։ Հարիւր հազարաւոր հայորդիներ իրենց պապենական տունն ու կալուածները ետին թողած, միմիայն իրենց կեանքի ապահովութիւնը ունենալու խուճապով հասան Հայաստանի սահմանէն ներս՝ հարիւր հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու, այրիներու եւ որբերու աչքերէն նորանոր արցունքի հեղեղներ հոսեցնելով։

Անձնական կեանքի ֆիզիքական թէ հոգեկան դժուարին անակնկալները մէկդի դրած՝ կ՚անդրադառնամ, թէ ազգովի՛ն ինչպիսի տագնապալից տարի մըն է, որ ետին կը թողունք՝ յուսալով՝ թէ կրկնուելու յանդգնութիւնը չունենայ։

Արդեօք պիտի գա՞յ այն օրը, երբ երկիրներու մեծերը, մեր համայնքային մեծերը պիտի սկսին աշխարհին նայիլ խիղճէն ու սրտէն անցնող ոսպնեակի մը ընդմէջէն՝ վճիտ ու գթառատ տեսողութեամբ։ Պիտի կարենա՞ն տեսնել ու սրբագրել բոլոր այն սխալները, որոնք իրենց ե՛սը կը թելադրէ։ Պիտի կարենա՞ն համոզուիլ՝ թէ իրենց տեսողութիւնը խիղճո՛վ պատրաստուած ոսպնեակներու կարօտ է՝ շուրջը տիրող արցունքն ու զրկանքը իրենց ահաւորութեան չափանիշով կարենալ տեսնելու համար։

Բա՛ւ է ալ։

Համայնական անտարբերութեան շապիկը մէկդի դնելով անհրաժեշտ է զգաստանալ։ Թող վերջ տրուին մեր շուրջի համայնակուլ անտարբերութեա՛ն, պատերազմներուն, շահամոլութենէ եւ եսամոլութենէ բխած անարդարութիւններուն։ Այսօր, 2023-ի դեկտեմբերի օրացոյցը մեր աչքին առաջ մեզ վերստին խորհրդածելու կը մղէ։

Այո՛, ի՞նչ ըրինք, ի՞նչ կորսնցուցինք, ինչպէ՞ս կորսնցուցինք, ի՞նչ շահեցանք եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ կ՚ուզենք, ի՞նչ կ՚ակնկալենք ա՛յս նոր տարիէն։

(…)

Ալ ժամանա՛կն է, ազգովի՛ն խօսքերէն գործնական քայլերու անցնելու։ Մաղթենք, որ մեր ծլող ու ծաղկող սերունդին հետ մեր հասակակիցներուն՝ Արարատի ձիւնէն ալ աւելի ճերմկած մազերով սերունդին նիւթը ա՛լ զրկանքի ու կորուստի մասին չըլլայ։ Յոյսով սպասուած Նոր տարին պիտի ըլլայ՝ 2024-ը։

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ԱՄՆ - Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023

Friday, October 13, 2023

Jacques S Hagopian _tribute by Zarmine Bofghosian = 2023-Oct 12-2019

 

ԱՆՄԱՀՆԵՐՈՒ ՊԱՆԹԷՈՆ ՀԱՍԱԾ՝ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՎԿԱՆ

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան 

            Նահապետ բանաստեղծ, Ուլունքաշարողը Մեսրոպեանին, Յիսուսահարը, Ուսուցանող Ժագ Ս. Յակոբեանին հետ վերջին հանդիպում մը պիտի ըլլար Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի գրասէր հասարակութեան համար Մայիս 14, 2010 թուականը:   

            Չէինք գիտեր, որ մեր վերջին անձամբ հանդիպումը պիտի ըլլար այդ օրը:   

            Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԹՄՄ-ի կազմակերպած շարք մը ողջունահանդէսներու շարքին Նահապետ բանաստեղծը Նիւ Ճըրզի հրաւիրուած էր յատկապէս ներկայացնելու իր հեղինակած «Վահան Թէքէեան՝ Աստուածախոյզը» հատորը, որ լոյս տեսած էր 2009-ի աշնան՝ ԹՄՄ Երուանդ Ազատեան Գրական Հիմնադրամ-ի օժանդակութեամբ:

            Այդ օր սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նահապետ բանաստեղծին մօտէն ծանօթ, նոր օրերու անկրկնելի բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանը, իսկ օրուան հանդիսավարն էր հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեանը:

            Մեր պատուական հիւրը ուշի ուշով կը հետեւէր ելոյթներուն եւ իր դէմքի արտայայտութիւններով կը քաջալերէր խօսողները:

Սակայն երբ Ն.Ե.-Ն.Ճ-ի շրջանէն խումբ մը աշակերտներ իր գործերէն արտասանեցին, տեսնել պէտք էր իր աչքերուն մէջ փայլող մանկավարժի եւ հեղինակի աննկարագրելի ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը:

Դարաշրջան մը ամբողջ իր ետին ձգած Նահապետը այսպէս կը բնութագրէր իր ծնունդը «Մայրատօն» հատորիկին մէջ (էջ 6).

1917 – Պատմական Աշխարհացունց թուական մը հանդիսացաւ

Ա – Ռուսական Կարմիր Յեղափոխութեան պայթումով

Բ – Պաղեստինի ազատագրումով

Գ – եւ..ինչու չէ,– քիչ մը խնդալո՜ւ սիրոյն... Ժագ Ս. Յակոբեանի ծնունդով...

Առաջ ես մուտք կը գործէի Երուսաղէմ, Օգոստոսին (1-ին) եւ ինձմէ ետք՝ Զօրավարը պիտի մտնէր – Դեկտեմբերին...

Հաւատացուցա՛ծ էր մեզի, որ մի՛շտ մեզի հետ պիտի ըլլար: Վկայ՝ իր երկտող-քաջալերական նամակները իւրաքանչիւր դպրոցական վերամուտին (իր անձնական փողգիր նուէրով մը), որ կը հասնէր ինծի՝ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի-ՍՆԱՎ-ի հասցէով – զի Ան կը հաւատա՛ր որ

–        Դպրոցն ահա Հայկական... յուշարձան մըն է

–        Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛,

–        – Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած

–        Նոր ժառա՛նգ հայ, որ կը ծովանայ...:

            Մասնագիտութեամբ դեղագործ, 35 հատորներու բանաստեղծ-հեղինակ, բազմահարիւր աշակերտներու ուսուցիչ, անհամար երկրպագուներու համար տիպար ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍՐՈՊԱՇՈՒՆՉ ՀԱՅն էր Ժագ Ս․ Յակոբեան։  

Երուսաղէմ ծնած, Եգիպտոս ապրած, Աւստրալիա համտեսած, ուսուցիչ դարձած Լիբանանի Կենաց երկրորդական վարժարանին մէջ եւ վերջ ի վերջոյ Լոս Անճելըսի մէջ որոշած էր շարունակել ուսուցչական ասպարէզը, Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանին մէջ եւ վերջնականապէս հոն հաստատելով ընտանիքին ճիւղաւորումը իր յաւէտ սիրահար կեանքի ընկերոջ՝ Լիլօշին հետ:

Իր իսկ տողերով բնութագրած է սփիւռքահայուն երկրէ երկիր իր տեղափոխութիւնները.

Ոտքե՜րը այս...

Ո՜ւր չեն գացեր

Իրենց քալած օրէն ի վեր

Ու տակաւին ո՞ւր, ո՞վ գիտէ...

Այս բոլորէն ետք ինչպէ՞ս չհաւատալ, որ ան որոշած է աւելի եւս մօտենալ իրմէ առաջ պանթէոն հասած տիտաններուն.

Նարեկացի՛ Գրիգոր,

Ողջո՜յն, արքա՛յ հայ Գիրի,

Որ արեւու պէս փառաւոր

Կը յայտնուիս այսօր մեզի՝

Քու Նարեկով տիտանական:

Հապա սա ոգեշունչ-հրաշունչ տողե՞րը,

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՅՈՒՇԱԹՈՒՂԹ-ի իր պատգամով.

Մենք այսօր ՀՈՆ չենք:

Բայց եղե՛ր ենք հոն:

–        Հեռու չէ, երէ՛կ

–        Դեռ, մենք հո՛ն էինք:

–        Մեր հողի՛ն վրայ,

–        Ուրկէ մեզ փրցուց մրրիկ մը կարմիր,

–        – Եւ նետեց մեզ գորշ ու չոր հողերուն,

–        Որ ցրուած փշրանք

–        Ու փոշի ըլլանք,

–        Փոշիի պէս ալ կե՛ր դառնանք հովուն:

...Ո՞վ կ’ըսէ հոն չենք,

Ինչպէ՞ս հոն չըլլանք,

... Հոն ունինք կորչած

Որբ հայկակներու հոգի՛ն ադամանդ՝

Ոսոխին գերի՛,

Ունինք գահի պես խաչեր կործանած,

Հարսի պէս թաղուած լոյսեր մագաղաթ՝

Թաթին տակ խոզի...

Երէկ էր կարծես... որ Նահապետին ծննդեան դարադարձը նշող յայտագրին

մասին տեղեկացանք հայ մամուլէն թէ՝ Հոկտեմբեր 30, 2016-ին լոսանճելըսահայ մշակութասէր կազմակերպութիւններուն կողմէ պատրաստուած:

Իսկ երկու տարի առաջ հեռաձայնի ժապաւէնէն տակաւ հնչող իր առոյգ ձայնը չեմ ջնջած, որուն արձագանգը շօշափելի ներկայութիւն է մեր տան պատերէն ներս:

Օրին շատ ուրախացած էր, որ ՍՆԱՎ-ի շրջանաւարտ-աշակերտներով մասնակցեր էինք իր 100-ամեակին նուիրուած Նիւ Եորքի «Համազգային»ի կազմակերպած յայտագրին, եւ երբ նկարներու եւ տեսերիզի հետ, մասնակիցներուն անուններն ու արտասանուած կտորներուն ցանկը ղրկած էի, անմիջապէս հեռաձայնելով ուրախութիւնը յայտնած էր:

Զիս տունը չգտնելով՝ չէր վարանած իր գնահատանքը արձանագրելու հեռաձայնի ձայնագրիչին:

Եւ ահա... անսպասելի լուրը ․․․ երբ Նոյեմբեր 2, 2019-ին յաջորդող օրերուն լրատուները սկսան յայտարարել այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ աշխարհային կեանքէն հեռանալը, վերստին կարդալով 2005-ին գրածը, զարմանալի չէր անդրադառնալ, որ արդէն իսկ պատրաստած ու թուղթին յանձնած էր հայ բանաստեղծի իր ԻՂՁԸ.

Երբ այս աստղավառ կամարին ներքեւ

Մարի՜ աստղս, ու զայն կնքէ հո՛ղը սեւ,

Արդէն դասարա՛նը պիտի ըլլաք

Դուք, հայ դպրոցի Հայկուհի՛ եւ Հա՛յկ:

...Եւ երբ դուք էջերս երգէք կարկաչող

Ջուրերու հանգոյն, ձեր հա՛յ շրթերով

Ապրի՛մ պիտի ես, եւ անմահանամ

Հայահամ բերնո՛վ ձեր յաւերժաձայն...

 

Այո՛, Նոյեմբեր 2-ին աստղավառ կամարին ներքեւ աստղ մը շիջեցաւ եւ հասաւ անմահներու պանթէոնին. մեզի կը մնայ ամէն ճիգ գործադրել, որ հայ դպրոցի Հայկուհի՛նեևրն ու Հա՛յկերը իրենց հայահամ շրթներով աշխարհով մէկ իր անուան հետ իր «Ժագաբարբառ» տողերը «մութէն լոյսին հանելով» յաւերժացնեն անմահներու պանթէոն հասած, սակայն մեզի հետ միշտ ներկա՛յ,

Բանաստեղծութեան Նահապետ՝  Ժագ Ս. Յակոբեանը:

Զարմինէ Գ․Պօղոսեան

Սփրինկֆիլտ, 14 Նոյեմբեր, 2019



Ձախէն աջ՝ Գայանէ Ժամկոչեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Նահապետը՝ Ժագ Ս․ Յակոբեան, Նայիրի եւ Անի Ճըրճըրեաններ, Ալին Ոսկերիչեան


Thursday, September 7, 2023

Our Journey- from Jerusalem to Aleppo - 1962- Zarmine Boghosian

 

ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԸ՝ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՈՎ 

(Երուսաղէմէն Հալէպ մեր ոդիսականը)

 

            Պատանեկութեան յուշեր կան, որ անմոռանալիօրէն դրոշմուած կը մնան մտքիդ մէջ: Յաճախ յուշիկ քայլերով կ’այցելես ուղեղիդ բջիջներուն եւ սրտիդ լարերուն մէջ ծուարած այդ անկիւնը: Կարգ մը ապրումներ գուրգուրանքով կը թաղես մէկ անկիւնը: Ուրիշներ ընդվզում կը պատճառեն: Մեծ հարցականներու կ’առաջնորդեն քեզ:

Կը զարմանաս:

            Ինչպէ՞ս անցան այդ պահերը վրայէդ, կամ դո՛ւն անոնց ընդմէջէն: Կարելի՞ էր արդեօք այլ կերպ դասաւորել կամ նոյնիսկ շեղեցնել պահերդ, օրերդ, որոնք անկախ քեզմէ յետագայ կեանքդ մնայուն շրջանակի մը մէջ պիտի դնէին:

Այդ յուշերէն մին մասնաւորաբար կապուած է նորոգ վախճանեալ եղբօրս՝ Տէր Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանին հետ, երբ տակաւին կուսակրօն քահանայ էր եւ կը պատկանէր Երուսաղէմի միաբանութեան:

Հալէպի միջնակարգը՝ 9-րդ դասարանը աւարտելէս ետք երազներ ունէի անգլերէնս զօրացնելով Լոնտոն բժշկութեան ընդունուելու համար: Ինչո՞ւ անպայման Լոնտոն՝ մի՛ հարցնէք, եւ ինչո՞ւ բժշկութիւն – պատասխանը հիմա ես ալ չեմ գիտեր:

Հաւանաբար, անուղղակիօրէն ընթերցումներուս ազդեցութիւններն էին – Չարլզ Տիքընզ, Ճէք Լոնտոն եւ... մանաւանդ՝ իմ շատ սիրած գրողս՝ Անտոն Չեխով, որ թէ՛ բժիշկ էր եւ թէ՛ սքանչելի գրող (Անգլերէնս Մոսկուա չէր կրնար տանիլ զիս. Անգլիա կրնայի թէ՛ բժիշկ եւ թէ՛ գրող ըլլալ...):

Նամակագրութիւններս եղբօրս հետ քաջալերեցին, որ Երուսաղէմ երթամ եւ Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանի երկրորդական տասներորդ դասարան արձանագրուիմ: Թարգմանչացին համբաւը վստահութիւն կը ներշնչէր, ուր անպայման անգլերէնս պիտի զօրանար – Ճի.Սի.Ի.–ի քննութիւններէն պիտի յաջողէի եւ շունչս Անգլիա առած՝ համալսարան մը պիտի ընդունուէի:

Պատանեկան վարդագոյն երազներ էին անշուշտ: Այդ օրերուն Երուսաղէմի մէջ տիրող Տիրան եւ Եղիշէ պատրիարքական պայքարի ելեւէջներն էին:

Տիրան Սրբազանը Միացեալ Նահանգներ հասած էր, շարք մը քաղաքական թէ կուսակցական ծուղակ-ամբաստանութիւն-էնթրիքներէ ետք: Յաղթական Եղիշէ Պատրիարքը իր Ռասբութինեան սուր ու զննող նայուածքով իգական սեռին սրտին խորերը թափանցելու հմայքով բամբասանքի շատ առիթ կու տար: Փսփսուքներ շատ կը շրջէին վանքին տարածաշրջանէն ներս եւ դուրս: Պատանի հոգիէս ներս փլուզումներ տեղի կ’ունենային երդուեալ կղերականին վարք ու բարքին, բարոյականին հանդէպ տարածուող կասկածելի «կուսակրօնութեան», սեռային եւ սիրային կապերուն... եւ այլ մարզերու մէջ եղած «ըսի-ըսաւներուն» պատճառով:

Ընդհանուր փսփսուքներէն մին ալ որ ճակատագրական դեր խաղցաւ իմ կեանքիս մէջ, Եղիշէականներու եւ Տիրանականներու յետ-ընտրութեան «ասէկոսներն» էին:

Եղիշէ Պատրիարքը աթոռին նստած ո՞վ կը համարձակէր իր դէմ արտայայտուիլ: Օգոստոսի ամսու Տաղաւարին, Ս. Աստուածածնայ Տօնին – Խաղողօրհնէքին հոն էի, կ’ըսուէր եւ կը սպասուէր, որպէս անգիր օրէնք՝ Պատրիարքը պէտք էր որ պատարագէր, ինչպէս բոլոր միւս չորս տաղաւարներուն: Սակայն Պատրիարքը մէջտեղ չկար... Երուսաղէմ ալ չէր, այլ՝ կ’ըսուէր թէ Իսրայէլի կողմ գացած էր գիշերային կեանք վայելելու եւ հոն մնացած էր: Նոյն շրջանին վանքին մէջ նորընծայ աբեղաներու խումբ մը կար, բոլորն ալ իրենց քսանհինգը չբոլորած երիտասարդ հոգեւորականներ: Անոնցմէ կը յիշեմ Հայր Եզնիկը, Հայր Փառէնը, Հայր Գեղամը, Հայր Վահրիճը եւ եղբայրս՝ Հայր Վրթանէսը:  

Օգոստոս ամիսը Ամմանի մէջ անցընելէ ետք, արդէն 1962-ի վերամուտին սկսած էի Թարգմանչաց երկրորդական յաճախել: Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն վիճակացոյցս առի Թարգմանչացի ուսուցիչներէս, Նոյեմբերին չհասայ: Աշնան լուր տարածուեցաւ, որ Պատրիարքը Հայր Եզնիկը կանչած է Պատրիարքարան ինչպէս նաեւ վանքին սափրիչը: Նոյն այդ սրահին մէջ իր բարկութեան գագաթնակէտին հասած ըլլալով՝ անվայել խօսքերով, անիմանալի հայհոյանքներով երիտասարդ աբեղային փիլոնազուրկ յայտարարած է, սափրել տուած է աբեղայ Հայր Եզնիկին եւ անվայել հայհոյանքով մը «բարի ճանապարհ» մաղթելով՝ (բամբասողները գունաւոր «վեց գիր քաշեր է» ըսին) ղրկեր է վանքէն դուրս:

Լուր տարածուած էր անմիջապէս թէ Հայր Եզնիկը Տիրանական ըլլալով հակա-Եղիշէական արտայայտութիւն մը ունենալուն համար «պատժուած էր»:

Նոյն օրերուն Հայր Փառէն Պէյրութ կը գտնուէր արձակուրդով, իսկ Հայր Վահրիճ նմանօրինակ ամբաստանութեամբ «աքսորուած» էր Բեթղեհէմ, իսկ Հայր Վրթանէսը նշանակուած էր Հրեշտակապետացի հովիւ- Պատրիարքին քիթին տակ․․․:

Սպասողական վիճակ մը կը տիրէր – ո՞վ պիտի ըլլար Հայր Եզնիկին յաջորդող «զոհը»: Եղբայրս ալ Տիրանականներէն մին ճանչցուած ըլլալով ամէն կողմէն թելադրութիւններ կ’ըլլար իրեն, որ «գլուխը ազատէ» Երուսաղէմէն:

Ես՝ Թարգմանչացի աշակերտուհիս, լրջօրէն կը հետեւէի դասերուս, երբ օր մը դասի պահուն դասարանէն դուրս կանչուեցայ: Եղբայրս՝ Վրթանէս Աբեղան էր զիս դուրս կանչողը: Շշուկով ըսաւ. «Չըլլայ որ արտայայտուիս որեւէ տեղ, ամէնէն կարեւոր առարկաներդ առ եւ դուրս եկուր դասարանէն առանց աղմուկի: Մէկու բան չըսես: Ամենամօտիկ ընկերուհիիդ ըսէ որ նամակ պիտի գրես»:

Այդ օրերուն ո՛չ համակարգիչ, ո՛չ համացանց, ո՛չ ալ դիմատետր գոյութիւն ունէր անշուշտ: Մինչեւ հիմա կը զարմանամ թէ ինչպէս ուսուցիչը արտօնութիւն տուաւ դասը կէս ձգելով դպրոցէն դուրս ելլէի: Շրջող լուրերուն հետ հաւանաբար ինք ալ համախոհ էր եղբօրս ցուցմունքներուն: Շատ արագ սենեկակից Սիրանոյշ մայրիկին քովէն անձնական առարկաներուս մէկ մասը առի, բոլորովին ալ պիտի չպարպէինք մեր անձնական իրերը, որպէսզի անվերադարձ մեկնումի մեր որոշումին նշան տուած չըլլայինք: Վանքին մայր մուտքէն ալ դուրս չելանք, այլ կողմնակի՝ Հրեշտակապետացի կողմէն, փոքրիկ դուռը օգտագործելով Վանքէն դուրս ելանք:

Եղբայրս տնօրինած էր, որ յատուկ ինքնաշարժ մը այդ դրան մօտ մեզի սպասէր: Քշեցինք Բեթղեհէմ – եկեղեցի չգացինք՝ հոն ալ աղմուկ չհանելու եւ ուշադրութիւն չգրաւելու համար: Եղբայրս կերպով մը Հայր Վահրիճին հետ կապուած էր եւ համաձայնած, որ Հայր Վահրիճը «քալելու ելած»՝ մեզ սպասէր եկեղեցիէն բաւական հեռու՝ ձիթենիի ծառի մը տակ:

Երեքով ինքնաշարժին մէջ՝ ես ունկնդիր էի երկու հայր սուրբերուն առնելիք որոշումներուն: Անկասկած մեծ վախ ունէին, որ յանկարծ երկու հայր սուրբերուն բացակայութեան Պատրիարքը տեղեակ ըլլալով՝ հրաման տար ոստիկանութեան, որ այս երկու փախստական հոգեւորականները վերադարձուէին Պատրիարքարան: Այդ պարագային ամենամեծ վախը Հայր Եզնիկին ճակատագրին ենթարկուիլն էր:

Երկուքն ալ իրենց ածիլուելիք գործիքները առած էին եւ հաստատակամ որոշած, որ յոռեգոյն պարագային իրենք տեղւոյն վրայ պիտի ածիլուէին եւ յայտարարէին, որ այլեւս այդ միաբանութեան չեն պատկանիր:

Ծրագի՞րը... Երուսաղէմէն Ամման պիտի երթայինք, հոնկէ ալ՝ Դամասկոս եւ անկէ ալ Հալէպ՝ մեր ծննդավայրը, ծնողքիս տունը: Ամէնէն տագնապալի, «վտանգաւոր» պահը Յորդանանէն սուրիական սահման անցնիլն էր, Պատրիարքը յորդանանեան իշխանութեան հետ ունեցած կապերուն պատճառով կրնար վերադարձնել տալ մեզ բոլորս: Հանգստարան մը գտնելու մասին ալ չէինք մտածեր՝ օտար կամ ծանօթ աչքերէն խուսափելու համար: Հայր Վրթանէսը երկու տարի ծառայած էր որպէս Ամմանի առաջնորդ եւ այդ օրերէն շահած էր բարեկամութիւնը շատ վստահելի հայ ընտանիքի մը եւ շարժավարին թելադրելով մեզ անոնց տունը առաջնորդեց:

Արդէն գիշերուայ ութը թէ ինն էր: Անակնկալի եկած տանտէրերը – հեռաձայնի չգոյութեան – շատ լաւ հասկցան դրդապատճառը մեր յանկարծակի յայտնուելուն: Չէինք կրնար հոն գիշերել. պէտք էր շարունակէինք մեր ճամբան, որքան շուտ՝ այնքան լաւ, յորդանանեան սահմանէն դուրս ելած ըլլալու համար:

Սակայն, երախտագիտութեամբ կը յիշեմ այն ընտանիքը, որ մեզ սիրայօժար հիւրընկալեց, թարմացանք: Աւելի ուշ նոր ինքնաշարժ մը ապսպրուեցաւ մեզ ուղղակի Դամասկոս տանելու:

Գիշերը մեր լարուածութիւնը զգալով՝ արաբ վարորդը հեղ մը երկու հոգեւորականներուն կը նայէր, յետոյ ալ ինծի – պատանի աղջիկ մը – ի՜նչ գործ ունէին ասոնք: Եղբայրս անդրադառնալով վարորդին մտքին մէջ պտըտուող տարակուսանքին, հասկցուց, որ ես իր քոյրն էի, եւ Հալէպ արձակուրդի կ’երթայինք իր ընկերոջ հետ, որ Հալէպ բնաւ չէր եղած:

Մի քանի ժամուայ ճանապարհը Ամմանէն Դամասկոս – մանաւանդ սահման անցնիլը – յաւիտենական երկարութիւն թուեցաւ: Վերջապէս, կէս գիշերէն ետք անցանք սահմանը մեծ ցնծութեամբ: Հոն առանց ժամանակ կորսնցնելու տարբեր ինքնաշարժ վարձելով ուղղուեցանք Հալէպ: Ճանապարհին, երբ Հոմս հասանք, արդէն հանգստացած էինք, որ հեռացած էինք պատրիարքական հաւանական սպառնալիք-վտանգէն:

Կանգ առինք հոն, առաւօտեան մօտ էր, նշանաւոր Հոմսի հրուշակավաճառատու-ները բացուելու սկսած էին: Հոմսի համեղ թէյն ու անուշեղէնը ըմբոշխնելէ ետք, լրիւ թարմացած ուղղուեցանք Հալէպ՝ առաւօտ կանուխ անակնկալի բերելով ծնողքս:  

Մնացեա՞լը․․․ մեր կեանքն է։ Ապրուած տարիները, որոնք ընթացան տարբեր հուն ստանալով: Լոնտոնն ու բժշկութիւնը ծալլուած մնացին ուղեղիս մէկ խոր ծալքին մէջ: Հայր Վահրիճը Հալէպէն Պէյրութ գնաց իր ընտանիքին միանալու, անկէ ալ անցաւ Ամերիկա եւ տխուր պատահարով վախճանեցաւ շատ երիտասարդ տարիքին:

Հայր Վրթանէսը տարի մը հովուական ծառայութիւն կատարեց Հալէպի արուարձաններէն Էշրէֆիէի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ ծուխին՝ միաժամանակ ուսուցչական պաշտօն ստանձնելով Հալէպի Կիլիկեան երկրորդական վարժարանէն ներս եւ 1964-ի Դեկտեմբերին մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ օրուայ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Բարձ. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեան Սրբազանին հրաւէրով:

Ես մնացի Հալէպ:

Երկրորդականս աւարտելէ ետք ուսուցչութեան սկսայ Կրթասիրացէն ներս: Ամուսնացայ, Հայր Վահրիճը Պէյրութէն Հալէպ եկաւ ներկայ ըլլալու իմ պսակադրութեանս՝ առ ի յարգանք եղբօրս, որ արդէն Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր եւ չէր կրնար ներկայ ըլլալ: Երուսաղէմեան յուշերը թարմացան: Անդրադարձանք թէ ինչպէս մեր պատանութեան թէ երիտասարդութեան ապրումներուն հետ մեր երազները անբացատրելի իրենց վերիվայրումներով, մտավախութիւններով, անփոխարինելի հետքերով, իրենց անմեղութեամբ, պարզութեամբ եւ բոլոր ապրուած յոյզերով ընթացք առին բոլորովին տարբեր ածուներով:

Տարիները անցան:

Մտքիս մէջ տակաւին հարցում մը կը յամենայ անպատասխան, մանաւանդ՝ 2016-ի Օգոստոսին եղբօրս՝ Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանին վախճանումէն ետք:

Եթէ Եղիշէ-Տիրան պատրիարքական մրցակցութիւն, անձնական վրիժառութեան քէներ չըլլային, այդ օրերու երդուեալ խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներէն իւրաքանչիւրին ճակատագիրը որքա՞ն տարբեր կրնար ըլլալ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան –

Նոյեմբեր 19, 2016, Նիւ Եորք

Ազէզէն Ամերկա Հատորին մէջ լոյս տեսած

Էջ- 71-75

Friday, August 4, 2023

Beirut Explosion-Nurse saving 3 babies-2020, August 4-by Zarmine Boghosian

 

ՀՐԵՇՏԱԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱՐԱՐ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐ

          Remembering August 4, 2020-explosion in Beirut Lebanon

                         Գրեց՝ Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

 

Մութը ետիդ թողած լոյսին բերիր,

Ով նուիրեալ հոգատար աղջի՛կ,

Անանուն, բարեգութ, ազնիւ հոգի.

Հիւանդապահուհիի վկայականդ չէր

Որ քեզ մղեց ազատարարն ըլլալու

Երեք նորածին՝ ԱՅՈ՛,

Նորածի՛ն

Հոգիներուն այս մանրիկ ու նորածին

Նոր աշխարհ եկած՝ երեք անմեղ

Թեւերուդ մէջ գրկած ապահով

Հասցուցիր լոյսի՛ն,

Խնայեցիր որ անոնք մնան անտես

Ետիդ մնացած գեհենին,

Կուրծքիդ սեղմեցիր, լոյսի՛ն բերիր

Փաստելու, յայտարարելու

Աշխարհին ի լուր թէ անոնք

Կ’ԱՊՐԻ՛Ն

Երեք նորածին, երեք փափուկ մարմին,

Երեք զոյգ աչք եւ ականջ

Աշխարհ չտեսած՝ խլացա՛ն անոնք

Ահաւոր պայթիւնէն անմարդկային

Մարդ արարածին գեհենային քայլով,

Արհաւիրք սփռող արարքով,

Քանդելո՛ւ միտումով...

Երե՛ք ՀՈԳԻ, եւ նորածի՛ն

–        Չհասցուցին տեսնել թէ

–        Ինչե՜ր կը կատարուին իրենց ետին,

Նո՛յն սենեակին մէջ ուր աչք բացին..

Երեք նորածին

–        ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ

Ներարկելու աշխարհին

Ազատարար հրեշտակին թեւերուն մէջ,

Երեք նորածին՝ շնորհուած այս կեանքով,

Երեք պատգամ ունին տալիք աշխարհին,

Անգութ ու խուլ այս աշխարհին,

ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ

Մէ՞կը՝ Ապրելու կամքն ու իրաւունքը մարդկային

ՀԱՒԱ՛ՏՔԸ

–        Որ ոչ ո՛ք իրաւունք ունի խլելու

–        Երկրորդը ՅՈՅՍՆ է՝

վերացնելու ԱԹՈՌՆԵՐԸ աննպատակ,

Ոչնչացնելու բոլոր գամերը ամրապնդող,

ԵՐՐՈՐԴԸ՞՝

Աշխարհին ընծայել ՍԷՐ

ու միմիայն ՍԷՐ,

Սահմանազանց ծառայողներ եւ անձնուրաց,

Փայփայող, հոգատար բազուկներ ամենուրեք,

Ապրելո՛ւ, ապրեցնելո՛ւ իրաւունքին հաւատացողներ,

Հրեշտակային ազատարարներ,

ԿԵԱ՛ՆՔ ապահովող հոգիներ:

7 Օգոստոս, 2020- Springfield- PA

 

PS: Hero nurse saves THREE NEWBORNS from devastating Beirut blast – August 4, 2020- Tuesday’s explosion killed at least 135 people, injured more than 5,000 others and damaged up to 300,000 homes in Lebanon’s capital.




Saturday, July 29, 2023

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ,Zarmine_2008 Article Published in Mrmara and book

 

ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ... ԷԼԻ ՄԷԿ ԶՈՀ

            («Սահմանում զինուորական է զոհուել»)

Քանի՜ քանի անգամներ լուրերէն, հեռատեսիլէն, թերթերէն կամ կայքէջէն հանդիպած ենք նման նախադասութեան: Իրաքէն Սուտան, Հնդկաստանէն Ինտոնեզիա, ու հոս մեր կողմն աշխարհի դեռ վերջերս բնութեան պատճառած աղէտին հետեւանքով ինչ ինչ կորուստներ թիւերով միայն կը յայտարարուին:

Շատ շատ զոհուածներուն անունն ու տարիքը կը յիշուին: Աղէտին պատկերնե՞րը... բնականաբար մեզ կը յուզեն ժամանակաւորապէս:

Եւ... վե՛րջ:

Պահ մը ահաւոր լուրին հետ անդրադառնալ կը փորձենք զոհուողին անփոխարինելի կորուստին մասին: Ապա բնական հունով շարունակելի մեր կեանքին վերադառնալով ու մանաւանդ՝ զոհին անմիջական հարազատներուն զգալիք ցաւին, ծովացած վշտի խորութեան վրայ թերեւս պա՛հ մը միայն, գուցէ եւ քիչ մը աւելի դանդաղելէ ետք, կ՛անցնինք մեր առօրեային:

«Կեանքը կը շարունակուի, պիտի շարունակուի»,– կը կրկնենք մեր շուրջիններուն հետ տեսակ մը արդարացումով...

Այդպէս չէ սակայն, երբ ենթական եւ ենթակային պարագաները ինչ-որ ձեւով կապ ունին քեզի հետ, քու հարազատներուդ հետ:

Վերի չակերտուած նախադասութիւնը Մայիս 29-ին կարդացի հայրենի «Ազգ» օրաթերթի կայքէջէն: Հայաստանի Նոյեմբերեան շրջանի սահմանապահ երիտասարդ մը՝ միմիայն քսանմէկ տարեկան զինծառայող մը – 1985-ի ծնունդ երիտասարդ մը – թշնամիին արձակած կրակոցէն կրծքավանդակի հրազէնային վնասուածք կը ստանայ եւ Նոյեմբերեանի հիւանդանոց փոխադրուելու ճանապարհին հոգին կ’աւանդէ:

Պարոյր Սեւակի խօսքը ականջիս արաձագանգելու կը սկսի: «Մեր արեան մի գնդիկն անգամ...» ուրիշ արժէք ունի, անգնահատելիօրէն թանկագին է:

Ինչպէ՞ս թէ կրծքավանդակի վնասուածք:

Ինչո՞ւ սահմանապահ հայ զինուորը փափուշտարգել բաճկոնակ չունենայ:

Օրէ օր տեղեկութիւններս զոհին մասին աւելցան: Գերազանցիկ ուսանող: Համալսարանաւարտ: Բարձրագոյն ուսման համար գիւղէն Երեւան գացած ու վերադարձած՝ իր գիւղին ու հայրենի հողին ծառայելու նպատակով: Ուսուցչուհի մայրն ու բժիշկ հայրը ի՜նչ մեծ հաւատքով ու զոհողութեամբ Երեւանի կեցութեան ծախսերը հոգացած էին, որպէսզի իրենց անդրանիկ որդին համալսարանական կրթութեամբ գիւղ վերադառնայ դարձեա՛լ ծառայելու հայրենիքին, ի՛ր ծննդավայրին մէջ:

Զոհուած զինուորին հայրը – եթէ ուզէր – յարգուած բժիշկի հանգամանքով միգուցէ յաջողէր «մի բան ձեւակերպել» զաւկին գէթ սահմանային ծառայութենէն ազատելու համար, սակայն հողին կապուած հայրենասէր հայուն արժանապատուութեան խոտոր կը համեմատէր նման մտածելակերպն անգամ:

Իսկ զոհուած զինուորին ալեւոր ութսունամեայ մեծ հայրիկը իր անդրանիկ թոռնիկին դամբանական որպէս, երբ բաժակ կը բարձրացնէր իրենց շուրջ հաւաքուած հարիւրաւոր վշտակից հայ գիւղացիներուն, թոռնիկին զինակիցներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներով շրջապատուած... վիշտը ամփոփելով, իր գերդաստանի շառաւիղին կորուստին կսկիծը իր սրտին խորը խեղդելով, ներկաներուն քաջաբար պատգամելու կորովը ունէր. ․ ․

- Եթէ իմ որդին բանակ չգնայ, եթէ իմ թոռնիկը իր կեանքը չվտանգէ, էլ ո՞վ կը պաշտպանի մեր պապենական այս թանկագին հողը, Մեր Հայրենիքը...   

Հայաստան Մայիս քսանութի խանդավառութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր զոհուածները յարգելու համար նշանակուած Յիշատակ Մեռելոցի շաբաթավերջին ահաւասիկ մէ՛կ հայ զինուորին կորուստը անուն, կերպարանք եւ դէմք ունեցաւ մեզի համար:

Մեր աչքերուն առաջ օրէ օր մեծցող աղուոր մանչուկ, ապա պատանի եւ հուսկ ապա Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան վկայականով գերազանցիկ համալսարանաւարտ, հայրենիքի համար զինծառայող աւագ՝ Լեւոն Հմայեակի Ադամեանն է ան:

Այո՛, այո՛, ուրի՜շ տեսակ ցաւ ու խոր կսկիծ կը պատէ քեզ, երբ այդ կորուստը, այդ յայտարարուած թիւը անուն եւ դէմք ունի:

Յարգանքով լսենք այդ լուրերը ու խոնարհինք հաւատքով զոհուածներուն յիշատակին առաջ: Եթէ բնական աղէտներուն հանդէպ անզօր ենք, գէթ որպէս մարդ զգոյշ ըլլանք, խնայե՛նք:

Մարդ արարածը ե՞րբ պիտի կարենայ իր անասնական կիրքերը մարդկայնացնել ու մարդը մարդուն դէմ թշնամութիւնները դադրեցնելով անվերադարձ կորուստներուն վերջ մը դնել:

Մինչ այդ, ի հեճուկս շարք մը շահամոլներու, ահաւասիկ իրաւ հայրենասիրութեամբ տոգորուած, վասն հայրենեաց հաւատքով լի էլի՛ մէկ զոհ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան- Նիւ Եորք, 1 Յունիս, 2006

«Մարմարա», 7 Յունիս, 2006, Չորեքշաբթի

Sunday, July 16, 2023

Vartavar_Feast of the Trasfguration of our Lord- Armenian Tradition- Zarmine Boghosian

 

      *** Հայ եկեղեցւոյ օրացոյցին հետեւելով Յուլիս ամսուն կը տօնենք Քրիստոսի Այլակերպութիւնը- Feast of the Transfiguration, որ Հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղավարներէն երրորդն է եւ շարժական: Ժողովրդական առումով՝ «Ջուրի Զատիկն է» Վարդավառը: 

*** Այս տօնը կը նշուի Ս. Յարութեան տօնէն 14 շաբաթ կամ՝ 98 օր ետք: Այս տարի (2023) կը նշուի Կիրակի ՝ Յուլիս 16-ին: Հայ ժողովուրդը ըստ աւանդութեան միշտ ալ միաձուլած է կրօնականն ու ազգայինը, հետեւաբար այս տօնին ալ ազգային բնոյթ տալով ճանչցուած է որպէս ՎԱՐԴԱՎԱՌ: 

*** Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետը այս տօնին կրօնական յիշատակումը կը միացնէ ժողովրդական տօնին՝ հայ դիցուհիներէն Աստղիկի՛ն, որ գեղեցկութեան, ջուրի եւ սիրոյ աստուածուհին էր, համապատասխան՝ յունական Աֆրոտիդէին: Աստղիկի մեհեանին շուրջ կատարուած տօնախմբութիւնները այդպէս կը կոչուէին։    

       *** Ըստ աւանդութեան աղաւնիներ կը թռցնէին, ծաղկեփունջեր կը կազմէին եւ ծառայութեան մէջ գործածուած կենդանիներուն ճակտին վարդափունջեր կը զետեղէին: 

*** Իսկ ընտանեկան շրջանակներու մէջ ալ ուրախ տօնախմբութիւններ տեղի կ’ունենային, շնորհաւորելու ընտանիքի անդամներէն անոնց՝ որ մկրտուած են հետեւեալ անուններով-

***   Վարդգէս, Վարդավառ, Վարդ, Պատրիկ, Ալվարդ, Զարվարդ, Լուսավարդ, Նուարդ, Վարդենի, Պայծառ, Վարդանոյշ, Վարդի, Վարդիթեր, Վարդուհի եւ Վարվառէ:

Thursday, July 13, 2023

Western-Eastern Armenian- Discussion withArmenian Teachers in Yerevan-2003- Zarmine Boghosian

 

ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՏԱՔՈՒԿ ՇՈՒՆՉԸ

Հանդիպում՝ Հայրենի մանկավարժներու հետ եւ զրոյց՝

արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի գործածութեան շուրջ

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ  Կ՛ԱՊՐԻ՞՞

Սեպտ․- Հոկտ․ 2003

            Պայմաններու բերումուվ մօտաւորապէս քսան տարիէ չէի կրցած Հայաստան այցելել: Անցնող աշնան բախտն ունեցայ Սեպտեմբեր 19-էն Հոկտեմբեր 10 եր[1]կարող ժամանակը անցընելու Հայաստանի մէջ:

*** Ազատ էի:

*** Որեւէ խումբի կամ կազմակերպութեան հետ կապուածութիւն մը չունէի: Բացի մի քանի ընտանեկան յատուկ յայտագիրներէ (հարսանիք, մկրտութիւն եւլն.)՝ օրը օրին հանդի[1]պումներս ես էի, որ պիտի ծրագրէի: Առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք այցելած էի 1984-ի Օգոստոսին: Հայրենի Մանկավարժական Ինստիտուտի վերապատրաստման դասընթացքներուն հետեւելու համար մէկ ամիսով Մշակութային Կապի Կոմիտէին հիւր էինք 50 երկիրներէ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու խումբով մը: Հնազանդ հիւրերն էինք հիւրասէր եւ հիւրընկալ մեր քոյր-եղբայրներուն:

*** Ուրիշ օրեր էին:

*** Երազային օրեր էին: Սակայն մեր այցելութիւնները ծրագրուած ու սահմանափակ էին: Օրինակ՝ որպէս մանկավարժ՝ շատ կը փափաքէի տեղւոյն մանկավարժներուն ծանօթանալ, դասարաններ այցելել: Հակառակ մեր փափաքին՝ տարուան այդ ամսուան արձակուրդի ընթացքին բնական էր որ դպրոց, դասարան ու աշակերտ տեսնելը անհնար էր: Այս այցելութեանս ընթացքին դպրոցներուն հանդէպ իմ ունեցած հետաքրքրութիւնս պիտի կարենայի մասամբ մը գոհացնել. որուն զուգահեռ՝ Երեւանէն դուրս, շրջաններն ու գիւղերը ազատօրէն շրջելու առիթ ալ պիտի ունենայի:   

            Այո՛, շնչասպառ ըլլալու չափ վայելեցի հայրենի հրաշալի բնութիւնը: Ամրան սկիզբը Գալիֆորնիոյ Սանթա Պարպարա շրջանին մէջ էի: Վայր մը, որ իր բարձրաբերձ բլուրներու վրայ բազմած մեծահարուստներու առանձնատներով ամերիկեան ինչ-ինչ գովազդներու կ’արժանանայ: Մինչ աչքերս հայրենի բնութեան յառած կը մնային, անզգալաբար ու ակամայ, մտովի ետ կ’երթայի Սանթա Պարպարա:

            Շրթներս կ’ըսէին՝ ինչո՞վ պակաս է հայրենի բնութեան շքեղութիւնը հոնկէ: Ի՜նչ մեղք ունի մեր ժողովուրդը: Ինչո՞ւ լրիւ չենք կրնար զարգացնել ու վայելել մեզի շնորհուած այս գեղեցկութիւնը: Ինչո՞ւ միայն երգերուն մէջ պէտք է երգենք «Հայաստան Երկիր Դրախտավայրը»:

Դրախտը իսկապէս որ հո՛ս է, ու ներկա՛յ, Հաղպատի բարձունքին, Գուգարքի, Լոռիի սարերուն, Ալահվերտիի երկփեղկուած քաղաքին հովիտին մէջ ու բարձունքին վրայ, Կարմրաւորի կատարին, Գեղադիրի Արարատին նայող, երեւակայութեան անսահմանութիւն պարգեւող լայնածիր տեսադաշտին մէջ:

Ու տակաւին մտածել, թէ տակաւին Ակսել Բակունցին Գորիսն ու Զանգեզուրը տեսնելու ժամանակ չեմ ունեցած:

Պտոյտներէն մէկուն վերադարձիս զարմիկս անակնկալ մը պատրաստած էր: Իր բնակարանին մէջ մօտակահ վարժարանէ մը երկու հայերէն լեզուի ուսուցիչներ զիս կը սպասէին: Դպրոցներ այցելելու հետաքրքրութիւնս գոհացնելու համար դասաւորած էր, որ անոնք այցելեն մեզի: Շատ զարգացած, ընդհանուր գիտելիքներու հարուստ պաշարով, վաստակ ունեցող մանկավարժներ էին:

Խօսքը հասաւ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի գործածութեան: Ուզեցի գիտնալ թէ որքանով կը տարբերի ազատ Հայաստանի հայրենի վարժարաններէն ներս հայերէն լեզուի դասընթացքները: Սովետական կարգերու ժամանակ կեանքի մէջ «յաջողելու» համար ծնողներ ռուսական թեքումով դպրոցներ կը ղրկէին՝ երեխան զրկելով մայրենի լեզուամտածողութեան զարգացման իրաւունքէն:

Իսկ հիմա՞:

Մասնաւոր ջանք կը տարուէ՞ր արդեօք դպրոցական տարիքի աշակերտներուն արեւմտահայ ու արեւելահայ գրականութիւնը որոշ չափով միասնաբար ծանօթացնելու: Խօսակցութիւնը հասաւ վերջերս մամուլի մէջ երեւցող վիճաբանութեան, Մեսրոպեան ուղղագրութեան եւլն.:

            -Դէ՛, լաւ էլի՛, ձեր մօտ ո՞վ է խօսում հայերէն: Ընդունէ՜ք, որ ի վերջոյ արեւմտահայերէնը ապագայ չունի: Շատ-շատ երեւի մի քսան-երեսուն տարուայ կեանք ունենայ: Աւելի լաւ չէ՞ միանգամից երեխաներին Մեր լեզուն սովորացնէք:

– Օ՜, ուրեմն՝ արդէն «Մեր» եւ «Ձեր»ի հասա՞ծ էինք:

Մեր լեզուն եւ Ձեր լեզուն է՞ր հիմա հարցը: Հապա ի՞նչ ընել Հայաստանի՛ մէջ հայերէ՛ն չգիտցող-չխօսող հայերը: Իր կողմէ հարցը մրցակցութեան եւ յաղթական-պարտական ելլելու մասին էր եւ ոչ թէ նոր ծլող-ծլարձակող աշակերտին հայերէն լեզուի անուշութեան տարբերակները համտեսել տալու մասին: Զարմիկս անյարմար զգաց, որ մեր խօսակցութեան նիւթը հոն հասած էր:

Մէկ խօսքով, ըստ այս հայերէն լեզուի դասատուին, արեւմտահայերէնը մահամերձ մըն էր՝ կից մը տալով հոգեհանգիստ կարդալու վիճակուած: Աշակերտին լեզուամտածողութեան ճկունութիւն տալու համար, իւրաքանչիւր հայ մանկավարժի պարտականութիւնն է լեզուի տարբերակները – ներառեալ գրաբարը – համտեսել տալ ու հայ աշակերտին փոքր տարիքէն ծանօթացնել մեր գրական աշխարհի մեծերուն գործերը: Եթէ մանկավարժները իրենք այդ ճկունութիւնը չունին, ինչպէ՞ս կարելի է սպասել, որ աշակերտը ինքնիրեն զարգացնէ զայն: Ինչպէ՞ս աստիճանաբար նոր հասակ առնող սերունդներ զիրար պիտի ճանչնան ու հասկնան: Ինչպէ՞ս հասուն հայը ժամանակի հոլովոյթին հետ պիտի կարենայ բնականօրէն ու գիտակցաբար կողմնորոշուիլ:

Եւ մի գուցէ. Միանգամ ընդմիշդ լուծէ լեզուային հարցը:

Բարեբախտաբար հայրենի այցելութիւնս միայն այս հանդիպումով պիտի չվերջանար: Մի քանի յաջորդական հանդիպումներ բոլորովին պիտի շրջէին տրամադրութիւնս: Արարատ մարզի երկու տասնամեայ դպրոցներ այցելելու առիթ ունեցայ: Մին՝ Այնթապի Բիւզանդ Մարգարեանի Թիւ 2 միջնակարգ դպրոցն էր՝ 850 աշակերտներով եւ 60 անդամի հասնող ուսուցչական կազմով:

Երկրորդը նոյն շրջանին մէջ Զօրավար Արամ Գարամանուկեանին եւ իր համեստափայլ տիկնոջ Յասմիկ Գարամանուկեանին անունով դպրոցն էր՝ 450 աշակերտներով ու 40-ի չափ ուսուցչական կազմով: Տեղաբնակներուն լեզուով՝ «պէյրութահայերուն դպրոցը» գացի:

Տնօրէնուհի Ալվարդ Սահակեանի եւ ուսմասվար պատմագէտ Տիգրան Պետրոսեանի հովանաւորութեամբ առիթ տրուեցաւ երկխօսութիւն ունենալու Մարգարեան դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ: Առանց ծրագրելու կազմակերպուած հանդիպումս՝ մէկ ժամէն աւելի տեւող հարց ու պատասխանով չնախատեսուած երկխօսութիւն մը եղաւ: Հարցերը բազմազան էին, սորվիլ չուզող աշակերտը խանդավառելու ձեւերէն մինչեւ ծնողները դաստիարակելու պարտականութիւնը ուսուցչին, եւ անշուշտ, բաղդատութիւնները Ամերիկայի ընդհանուր եւ հայ վարժարաններուն հետ: Մի քանի դասարաններէն ներս աշակերտներուն հետ ծանօթութիւնս բոլորովին ուրիշ տեսակ հոգեպարար ջերմութեամբ լեցուցին հոգիս:     

Հրաշքներ կրնան գործել մեր հայրենի մանկավարժները:

Այո՛, դասարաններուն մէջ Տէրեանի ու Չարենցի զուգահեռ՝ Դանիէլ Վարուժան ու Միսաք Մեծարենց կը դասաւանդուէր հո՛ն: Ազատօրէն հայոց պատմութիւն կը դասաւանդուէր: Ի՜նչ շռայլութիւն է այս մէկը սփիւռքահայ մանկավարժին համար: Հոկտեմբերի սկզբին, վերամուտէն միայն մէկ ամիս վերջ, վեց տարեկան առաջին դասարանցի Ռուբինային երկարաշունչ արտասանութիւնը (Թումանեանի «Շունն ու Կատուն» էր, անշուշտ արեւելահայերէն) ափիբերան թողուց զիս: Բարձրագոյն դասարանցիներէն հայոց պատմութեան, հայ դատի վերաբերող հարցերուն պատասխանները պարզապէս սքանչելի էին: Երբ մենք, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին, ոչ միայն կը չարչարուինք «խ» եւ «ղ» ձայները ճիշդ արտասանել տալու աշխատանքին մէջ, այլ հարկ կ’ըլլայ նաեւ ծնողներուն բացատրել, թէ գեղագիտական ճաշակ ու երեւակայութիւն կը զարգացնէ բանաստեղծութիւն սորվիլն ու արտասանելը:

Երբ Հայաստանի մէջ առաջին դասարանցիին բերնէն մայրենին հեզասահ առոգանութեամբ կը գլգլայ, Ամերիկայի մէջ տակաւին կը վիճին թէ (նոյնիսկ անգլերէնով) որոշելու համար, թէ ճի՞շդ է այդքան «ծանրաբեռնել» դպրոցական երախան:  

Ուրիշ երկու առիթներով բախտաւորութիւնը ունեցայ նաեւ «Սփիւռք» Գիտաուսումնական Կեդրոնը այցելելու: Հիացած էի այնտեղ կատարուող Սփիւռք[1]հայրենիք անջրպետը կամրջող երախտաշատ աշխատանքին՝ բանասիրական գիտութիւններու Դոկտոր, Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի տնօրէնութեամբ:

Այցերէս մին լսարանային դասախօսութեան ներկայ ըլլալն էր: Հոգեկան անբացատրելի բաւարարութեամբ, թէեւ մէկ դասապահով միայն, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի 5-րդ լսարանէն ներս երեք ժամով ուսանողուհի դարձայ:

Ունկնդրեցի դասախօս Փրոֆ. Ս. Դանիէլեանին (նիւթը Վահան Թէ[1]քէեանի 125-ամեակին նուիրուած շարքին երկրորդ մասն էր): Բառ առ բառ, միտք առ միտք Փրոֆ. Դանիէլեան տարաւ մեզ Թէքէեանի գործերուն: Խորաթափանց քննարկումով մէկ առ մէկ լուսաբանուեցան «Ահաւոր Բան մը Այն[1]տեղ»ը: «Պիտի Իյնաս»էն, անցանք «Սրբազան Ըմբոստութեան» ու «Յարութեան Ձայն»ին, հասնելու համար... «Մահուան Տաղեր»ով փիլիսոփայ երգիչին գործերուն ու ապրելու յամառութեան ու միամտութեան մէջ տուայտող «Հայու Հոգիին»:

Իրաւա՛մբ, Թէքէեանի բարձրագոչ յայտարարութեամբ եկանք համոզուելու թէ՝ «Ցե՜խն ալ, կ’ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար»:  

Դուրս ելայ լսարանէն՝ ականջներուս մէջ քիչ առաջուայ արեւելահայ երիտասարդ ուսանողին շրթներէն արտասանուած Թէքէեանի խօսքերը. «Ներէ որ քէն ըրի... ու դեռ տաք չեմ բոլորովին...»։

Ինչպէ՞ս թաղել այս բոլորը:

Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հրաւէրով ներկայ եղայ նաեւ Սեպտեմբեր 30, 2003-ին Երեւանի Հայաստանի Գրողներու Միութեան տան մեծ դահլիճին մէջ  տեղի ունեցած Շահան Շահնուրի նուիրուած գրական ձեռնարկին: Այդ օր, վաստակաւոր դասախօսներու շարքին, լսեցինք նաեւ երիտասարդութեան ձայնը՝ շնորհիւ Լուսինէ Մինասեանի «Շահնուրն այսպէս...» վերնագրով ելոյթին: Երիտասարդ ուսանողներու հետ հանդիպումով մը ուրախութեամբ իմացայ, թէ Փրոֆ. Դանիէլեանի աւարտական դասարանէն մէկ այլ փայլուն ուսանողուհի՝ Լուսինէ Տօնոյեանը իր աւարտական թեզը կը պատրաստէ Վազգէն Շուշանեանի գործերը ուսումնասիրելով՝ «Կանայք Վազգէն Շուշանեանի Ստեղծագործութիւններում» ընդհանուր խորագրի տակ:

Այո՛, մեծ շռայլութիւն էր ինծի համար երեք շաբաթ ազատ ըլլալ Ազատ, Անկախ Հայաստանիս մէջ ուզած տեղս երթալու: Իսկ ամէնէն կարեւորը հայրենի մեր քոյր – եղբայրներուն ազատ մտածողութեանց տարբերակներուն վերահասու ըլլալն էր:

Մահամերձ արեւմտահայու զգացողութենէն զիս դուրս հանողն ու խանդավառողը լայնախոհ հայրենի մանկավարժներու շունչին տակ հասակ առնող գիտակից երիտասարդութեան հոգի ջերմացնող ձա՛յնն էր, անկասկա՛ծ:

 

Նիւ Եորք, 30 Դեկտեմբեր, 2003

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...