Search This Blog

Search This Blog

Sunday, January 11, 2026

Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian

 

 

 

 

Այս գրութիւնը լոյս տեսած է  Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը  Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մէջ։ 

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Նիւ Եորքի Պէյսայտ շրջանի Սրբոց Նահատակաց Ազգային (Ամէնօրեայ) Վարժարանը (ՍՆԱՎ-HMADS) վերջին քսանամեակին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափին իրար ետեւէ բացուող աւելի քան երկոտասնեակ մը հաշուող ամէնօրեայ վարժարաններէն մին է։

Դպրոցին նշանաբանն է լաւ քաղաքացիներ եւ գիտակից հայեր պատրաստել,  հայ դպրոցականը զինել ամերիկեան կեանքի պահանջքներուն համաձայն, անոր հոգիին ու սրտին մէջ սերմանել սէրը լաւին ու գեղեցիկին, ներշնչել պատկանելիութեան զգացումը եւ գիտակցութիւնը ինքզինք տեսնելու որպէս յաջորդականութիւն պահող կարեւոր օղակ մը դարաւոր անցեալէն  քսանմէկերորդ դարը դիմաւորող հարուստ Հայ Մշակոյթին։

Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ամէնօրեայ Վարժարանը Նիւ Եորք Նահանգի կրթական նախարարութենէն պաշտօնապէս վաւերացուած նախակրթարան մըն է – (3 տարեկանէն մինչեւ 11 տարեկան)- մանկամսուրէն մինչեւ վեցերորդ դասարան:

1987-88 ուուսումնական տարեշրջանը կ՛ընդգծուի մի քանի ողջունելի առիթներով։

- «Հայ Պարտէզ» անուամբ Մանկամսուրով սկսած այս նախակրթարանը այս տարի իր Քսանամեակը կը բոլորէ (1967-1987-88)։ Վարժարանին 1982-ի առաջին շրջանաւարտները այս տարի կ՛աւարտեն երկրորդականներ՝ մտնելու համար համալսարանական կեանքի ասպարէզ։

- Դպրոցի շրջանաւարտները այս տարի կը սկսին Շրջանաւարտից Միութիւն մը։ Աւելի քան 60 շրջանաւարտներու կոչ ուղղուցան, որ անոնք գան ու համախմբուին իրենց սիրելի կրթական հայ օճախին շուրջ։

Նուիրեալ անհատներու համախմբումը, յատկապէս հայ դպրոցին շուրջ, ամենագլխաւոր ազդակն է անոր յաջողութեան ու բարգաւաճման համար։

Այս տարի գլխաւոր պաշտօններով համագործակցաբար կ՛աշխատին Տիկին Սառա Տատուրեան՝ որպէս ընդհանուր վերատեսչուհի, Տիկին Զարմինէ Պօղոսեան՝ Տնօրէնուհի, եւ Տիկին Նատիա Իշկիւզար որպէս փոխ-տնօրէնուհի  եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութեանց պատասխանատու։

Դպրոցը կը գտնուի Նիւ Եորք քաղաքի Քուինզ- Պէյսայտ շրջանի մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց Առաքելական եկեղեցւոյ յարակից համալիրին մէջ։ Վարժարանը կը վայելէ մասնակի օժանդակութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան, եւ այլեւայլ բարեսիրական ու շրջանաւարտից միութեանց։

Վարժարանը  հիմնադրամ մը հաստատած է նաեւ Հայց Եկեղեցւոյ հիմնադրամէն ներս (ACEF-Armenian Church Endowment Fund), առաւել` կ՛օգտուի նաեւ մեր ծնողներուն ու հայ գաղութի առատաձեռն ազգայիններէն գոյացած նուիրատուութիւններէն։

 

ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐԻՑ ՄԷԿԸ՝

Տօքթ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան

 

Տօքթ Բերկրուհի Նաճարեան-Սվաճեան սփիւռքահայ մեր կեանքէն ներս իր ուրոյն տեղը գրաւած առանձնայատուկ այն անձնաւորութիւններէն մին է, որ ո՛չ միայն պարծանքն է իր սեռին ու պատկանած ժողովուրդին, այլեւ ներշնչման աղբիւր մը յարատեւ աշխատանքին ու բարձր նկրտումներու։ Ազնուազարմ հայ կնոջ այնպիսի տիպար մըն է ան, որ խուսափելով շռնդալից յայտարարութիւններէ իր մասնագիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ ամենուրեք հանդարտ ու խոր հունով ներթափանցելով իւրաքանչիւր հարցի բնոյթին։

            Ծնած է 1918-ին՝ Խարբերդ, պատմական Հայաստանի մէջ, ինչպէս կը սիրէ յայտարարել ինք՝  Տոքթոր Սվաճեան։ Ուսումնատենչ անհատի իր գիծերը յայտնաբերուած են շատ փոքր տարիքէն։ 1928-ին յետ-պատերազմեան օրերուն գաղթական իր ընտանիքը երբ կը վերահաստատուի Հալէպ, ան իր ուումը կը շարունակէ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ապա Հալէպի Ամերիկեան աղջկանց Գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, յաջորդաբար կը դառնան իր ուսման կայանները հասնելու համար Միացեալ Նահանգներ՝ ուր Քորնէլ Համալսարանէն կ՛արժանանայ Մագիստրոս Արուեստից եւ Տոքթորայի վկայականներուն (1952) մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղերուն մէջ։  

            Կ՛ամուսնանայ ատամնաբոյժ Տոքթոր Ստեփան Սվաճեանի հետ եւ բնակութիւն կը հաստատէ Պրուքլին- Նիւ Եորք։

            Ուսուցչական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը կը սկսին Հալէպի Ուսումնասիրաց Վարժարանէն,  յաջորդաբար շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան Գոլէճի, Ամերիկեան համալսարանի, մէջ, ուր կարճ ատենուայ մէջ մնայուն ամպիոնի վարիչի տիտղոսին արժանանալով կը հանդիսանայ երկրորդ կին դասախօսը, որ համալսարանի մօաւորապէս 150 տարուայ պատմութեան մէջ նման դիրքի կը տիրանար։

            Տօքթ Սվաճեանի կենսագրութիւնը մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի տասը ականաւոր կիներու նուիրուած գրքին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Փրոֆ Բերկրուհի Սվաճեան դասախօսած է  Գոլոմպիա համալսարանին մէջ։ 1968-էն սկասեալ կը դասախօսէ Պրուքլին Գօլէճի մանկավարժական հոգեբանութեան բաժնին մէջ, ուր կը հանդիսանայ մնայուն ամպիոնի տէր եւ վարիչ՝ ինը տարուայ շրջանով մը։

Ան մասնագիտական դասախօսութիւններով հանդէս ելած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան ափերու զանազան կարեւոր համալսարաններու մէջ։ 1984-87 եղած է մասնագէտ խորհրդական։

Փրօֆ Սվաճեանի մանկավարժական հոգեբանութեան հարցերով կատարած ուսումնասիրութիւնները հրատարակուած են գիտական բազմաթիւ պարբերաթերթերու մէջ։ Իսկ հոգեբան Ուէյն Տենիսի հետ կատարած ուսումնասիրութիւնը «ԻՆՖԸՆԹ ՏԻՎԵԼՕԲՄԸՆԴ  ԷՆՎԱՅՐԸՄԷՆԹԸԼ ՀԷՆԴԻՔԷՓ - INFANT DEVELOPMENT ENVIRONMENTAL HANDICAP » ՎԵՐՆԱԳՐՈՎ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է 1956-ին։


Monday, October 13, 2025

Armenian Cultural Month_Honoring Mesrob Mashdots_Holy Translators- ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍԸ` ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ 2020-ին

 




Զարմինէ Գ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Մարդ արարածը միշտ ալ պահանջք զգացած է իր զգացումները, յուզումները, վախն ու քաջագործութիւնը արտայայտելու խօսքով թէ գիրով։ Դարերէ ի վեր Հայ ժողովուրդն ալ ունեցած է բերնէ-բերան պատմուած բանահիւսութեան հրաշալի օրինակներու շարքը հերոսապատումներու, առասպելներու, առակներու եւ երգերու։

Պատմահայր Մովսէս Խորենացիին շնորհիւ այդ բանահիւսութիւններէն պատառիկներ փրկուած են կորուստէ եւ հասած են մեզի։ Խորենացին Պատմահայր կոչուելու արժանացած է շնորհիւ իր հետեւողկան պրպտումներուն։ Ան կրցած է վերակազմակերպել աւելի քան երկու հազար տարուան մեր ժողովուրդին մութ ու անծանօթ պատմութիւնը։ Այդ հերոսապատումները ժողովուրդին նկարագիրը բացայայտող, ներշնչող, դաստիարակող բնոյթ ունեցող պատումներ են։

Սերունդներ շարունակ Ազատասիրութեան, Խաղաղասիրութեան եւ Քաջութեան դասեր առած ենք «Հայկ եւ Բելի» առասպելէն։ Իսկ «Սասմայ Ծռեր» դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթը մեզի կը սորվեցնէ խորունկ Հայրենասիրութեան հետ Մարդասիրութիւն, Ասպետական ոգի՝ երբ կը սպասէ որ Մսրամելիքը քունէն արթննայ եւ վերջը հարուածելու սկսի։

Իսկ իր ընտանիքի հանդէպ ունեցած սէրը կը բացայայտուի՝ երբ ան կը հրաժարի իր վերջին մահացու հարուածը տալ՝ երբ Մսրամելիքին մայրն ու քոյրը կը պաղատին։

Այս բոլորը դարերու ընթացքին դիւրաւ կարելի պիտի ըլլար բոլորովին կորսնցնել եթէ չհասնէր ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻՆ հանճարը իր Գիրերու Գիւտով։ Ի զուր չէ որ ԱՅԲ ու ԲԵՆԻ տառերը կը համարուին ամէնէն ազդեցիկ ազգային ինքնապաշտպանութեան զէնքն ու վահանը։ Յիշենք թէ ինչպէս Սահակ Պարթեւի բարոյական քաջալերանքով եւՎռամշապուհ Թագաւորի նիւթական հովանաւորութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները ժրաջանութեամբ լծուեցան թարգմանական աշխատանքի, ստեղծելով մշակութային եռուն կեանք մը, որ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է «ՈՍԿԵԴԱՐ» անունով։ Անոնք տեսան թէ դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքին չափ կարեւոր է ինքնուրոյն գիր ու լեզու ունենալը։ Դարերու ընթացքին մանաւանդ քրիստւնեայ Երոպայի արեւելեան երկիրներու մէջ հայեր լուծուած ու կորսուած են մոռնալով լեզուն եւ դաւանելով այլ քրիստոնեայ ճիւղաւորումներ։

Ամէն տարի, մանաւանդ՝Հոկտեմբերին վերաքաղ ընելով մեր պատմութիւնը, վերյիշենք մեր Թարգմանիչներուն անուններն ու իրենց կատարած թարգմանաչական կոթողային աշքատանքը։ Անոնք են- ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ, ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ, ԿՈՐԻՒՆ, ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ, ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ, ՈՐՈՆՑ ԿԸ ՅԱՋՈՐԴԵՆ - ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ, ՂԱԶԱՐ ՓԱՐՊԵՑԻ, ՓԱՒՍՏՈՍ ԲԻՒԶԱՆԴ, ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ, ԵՂԻՇԷ, ԱՊԱ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ- ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ 5-ՐԴ-ԷՆ 7-ՐԴ ԴԱՐ։

Ի զուր չէ որ Ս Գիրքի Հայերէն թարգմանութիւնը հռչակուած է անջնջելիօրէն «Թագուհի Թարգմանութեանց» անունով։ Իսկ առաջին նախադասութեան թարգմանութեան իմաստը դարերէ ի վեր պատգամ մըն է մեր բոլորին համար- «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ: To know wisdom and instruction; to perceive the words of understanding.» Proverb 1:2

Ֆրանսացի փիլիսոփայ Տենիս Տիտերօն (Denis Diderot- Oct 5, 1713, Langres, France: July 31, 1784, Paris, France) ըսած է- “Ազգի մը վերելքին համար այդ ազգին մէջ գտնուող գէշ կողմերը ոչնչացնելը բաւարար չէ։ Ազգ մը վերելքի կը հասնի լաւ կրթուած անդամներով եւ մասնաւորաբար լաւ կրթուած մանուկներով»։

Իսկ Վիքթոր Համբարձումեանին պատգամով յիշենք որ- «Իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է սորվեցնել յաջորդին հայոց լեզուն։ Ամէն մէկը պէտք է իր պարտքը համարէ ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագէտ գիտնայ հայերէնը։ Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ՝ գաղափարներ, եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ Է»։

2020-ի համավարակի տարուան վերամուտի այս շրջանին, երբ ամէն ճիգ ի գործ կը դրուի մանուկներու դաստիարակութեան համար մեր ուսումնական հաստատութիւններուն դռները բաց պահելով, նորանոր ձեւեր որդեգրելով օգնենք որ բոլորին շրթներէն թող որ գլգլայ մեր Մեսրոպեանը Սուրբ։

Զարմինէ Գ Պօղոսեան - Հոկտ. 1, 2020 - Springfield, PA

Saturday, September 20, 2025

2025-Sept,19,20,21 ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ  ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ՝

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ

Ս․ ՍԱՀԱԿ - Ս․ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՑ․ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

2025 թուականի շարք մը դարադարձիկ տօնակատարութիւններու շարքին ծանօթանանք նաեւ Ֆիլատելֆիոյ հինգ եկեղեցիներէն Սբ Սահակ- Սբ Մեսրոպ Հայց Եկեղեցւոյ պատմութեան։

 

sign.jpgՎերջերս պրպտումներուս ընդմէջէն ընթերցողը եղայ հետեւեալ արժէքաւոր, արխիւային նամակին, որ կը կրէ Հայոց Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Սիոն Արք Մանուկեանի ստորագրութիւնը, Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի պաշտօնական թուղթով եւ թիւ 2004, Մարտ 23, 1961 թուակիրը, ուղղուած՝  Ֆիլատելֆիոյ Սբ Սահակ եւ Սբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ օրուան հովիւ Արժ Տ Լեւոն Քհնյ Առաքելեանին։

Միասին կարդանք այդ նամակին առաջին պարբերութիւնը-

«Ստացած ենք ձեր Մարտ 8 թուակիր պաշտօնագիրը, որով կը տեղեկացնէք թէ համայնքիդ Բացառիկ Ծխական Ժողովը, որուն ներկայ եղած են 449 տրատու անդամներէն 269 հոգի, եւ 29-ի դէմ 240 քուէով որոշուած է ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը ծախել, գնել Էկնըս Ըրուին դպրոցի կալուածը՝ 196,000 տոլար արժէքով եւ անոր վրայ կատարել հարկ եղած փոփոխութիւնը եւ նորոգութիւնը՝  եկեղեցիի եւ այլ յարակից պէտքերու ծառայեցնելու համար, եւ կը խնդրէք Ձեր Ծխական Ժողովի որոշման հաստատումը։»

Անշուշտ իր կարգին օրուան Առաջնորդ հայրը հարկ եղած պաշտօնականութեամբ հարցը կը ներկայացնէ Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդին եւ անդամները միաձայնութեամբ  կ՛որոշեն «արտօնել» Սբ Սահակ եւ Սբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ պատուարժան Ծխական Խորհուրդին եւ գնահատելով անոնց նախանձախնդրութեամբ առնուած որոշումը, որուն համաձայն կարելի պիտի ըլլար Ֆիլատելֆիոյ աւելի յարմար թաղամասին մէջ ունենալ «համայնքային տուն մը, մեր բարեպաշտ ժողովուրդին հոգեւոր, կրթական ու մշակութային կեանքի յառաջդիմութեան եւ ծաղկումին ի խնդիր»։

Ֆիլատելֆիոյ մէջ հայ համայնքին կազմաւորումը սկսած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբին, նախա-եղեռնեան շրջանէն, երբ հայեր Օսմանեան կայսրութեան շրջանի հալածանքներէն խուսափելով կը հասնէին Միացեալ Նահանգներ։

Այդ շրջանին, ծուխը իր հոգեւոր սնունդը ստացած է կրօնական արարողութիւններ կատարելով բողոքական եկեղեցւոյ մը մէջ, մինչեւ 1913 թուական։ Ապա, նոր կազմաւորուած համայնքը գնած է նոր եկեղեցի 1917-ին, որ կը գտնուէր Փայն եւ Պրօտ փողոցներու խաչմերուկին։ 1925 Յուլիս 22-ին Արեւմտեան Ֆիլատելֆիայի հայ եկեղեցւոյ համայնքը կը հաստատուի Ուոլնաթ-Walnut փողոցի 6006 հասցով գտնուող մեծ տան մէջ, գնելով զայն իր յարակից հողամասով։

1951 Դեկտեմբերի 9-ին եկեղեցւոյ դահլիճը գրեթէ կ՛աւարտի, եւ Գերշ․ Տիրան ԵպսՆերսոյեանը կ՛օրհնէ անկիւնաքարը, որ նուէր էր Տէր եւ Տիկ Աւետիս Պուրնազեաններու կողմէ։ Օրհնութիւնը կը կատարուի կնքահայրութեամբը բժիշկ Վռամ Նետուրեանին: Հայկական ոճի խորանը կը նուիրուի տիկին Նուարդ Բագրատունիի եւ իր որդիներուն կողմէ՝ ի յիշատակ Հայկ Բագրատունիի:

Խորանը օրհնուած եւ օծուած է ԳերշՏիրան Եպս Ներսոյանի եւ Գերշ Տիրայր ԱրքՅովհաննէսեանի ձեռամբ՝ ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ՝ ՀոգշՏ Թորգոմ ՎրդՄանուկեանի, Տ․ Լեւոն ՔհնյԱռաքելեանի մի քանի այլ հոգեւորականներու ներկայութեամբ:

1963 թուականէն ի վեր Լէնքէսթըր պողոտայի գլխաւոր գիծին մօտ գտնուող Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ Հայց․Առաքելական եկեղեցին հիմնասիւնն է հայ համայնքին, եւ Ֆիլատելֆիոյ հայ համայնքի գործող հինգ հայ եկեղեցիներէն մին է։

Յաջորդող տասնամեակներու հոսանքին հետ յաջորդաբար ծխատէր քահանայի պաշտօնով նշանակուած են շարք մը հոգեւոր հայրեր՝ ծուխին  հովիւը դառնալու եւ բնական է, որ համայնքը ապրած է իւրաքանչիւր հոգեւորականին հետ նորանոր վերիվայրումներու շարան մը։

Կ՛արժէ հոս յիշատակել եւ վերյիշել բոլոր այն հոգեւոր հայրերը որոնք ստանձնած են ծխատէր քահանայի պաշտօնն ու անոր հետ կապուած բոլոր պարտականութիւնները սկսեալ 1912-էն մինչեւ 2025։

1912-1924- Տէր Պետրոս Վարդանեան

1924-1925- Տէր Եղիա Աշճեան

1925-1926- Տէր Եղիշէ Գալչինճեան

1926-1928- Հայր Խորէն Լազարեան

1928-1930- Հայր Արսէն Թորոսեան

1931-1937- Հայր Վահրամ Նազարէթեան

1938-1943- Հայր Մկրտիչ Մինասեան

1943-1944- Հայր Դերենիկ Փոլատեան

1944-1946- Հայր Ղեւոնդ Արապեան

1946-1950- Հայր Մեսրոպ Սեմերճեան

1950-1962- Տէր Լեւոն Առաքելեան

1962-1963- Հայր Վարդան Ասատուրեան

1963-1969- Տ Բաբգէն Եպս Վարժապետեան

1969-1975- Տ Եղիշէ ԵպսԿիզիրեան

1975-1983- Դոկտ Հայր Զաւէն Արզումանեան

1983-1985- Հայր Նուրհան Մանուկեան

1985-2001- Տէր Դոկտ Բարի Մեթճեան

2002-2007- Հայր Հայկազուն Նաճարեան

2008-2009- Հայր Մկրտիչ Պռոշեան

2009-2022- Հայր Օշական Կիւլկիւլեան

2023-էն  մինչեւ այսօր՝ Տէր Արմաշ ՔհնյՊաղտասարեան

 

Մի քանի կարեւոր դէպքերու պատումներ եկեղեցւոյ կեանքէն առնուած ոչ միայն շատ հետաքրքրական են ալ նաեւ շատ ուսանելի գտած եմ որ միաժամանակ խորհրդածել կու տայ ժամանակի մտայնութեան, եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած յարգանքին եւ հոգատարութեան շուրջ եւ․․․  կ՛արժէ վերյիշել զանոնք։

Առաջին պատումը որ զիս շատ զարմացուցած է, մտածելով որ, որքա՜՜ն համեստ հոգեւոր հովիւներ ունեցած ենք, որ յօժարած են նման պայմաններու տակ ծխատէր քահանայ ըլլալ։ Առաջին եկեղեցին աղօթատեղի ըլլալու համար յարմարցուած բնակարան մը եղած է, որուն ամէնէն վերի յակը մէկուկէս սենեականոց յարկաբաժնին մէջ բնակած է օրուան հոգեւոր հովիւ՝ Վարդապետը։

«Յարկաբաժինը» լոգնալու յարմարութեամբ բաղնիք չէ ունեցած եւ մեր համեստ հովիւը շաբաթը անգամ մը, կամ՝ թէ երկու շաբաթը անգամ եկեղեցիիէն երկու տուն վար ծխականի մը տան մէջ կը լոգնայ եւ կը վերադառնայ իր համեստ յարկաբաժինը։

Երկրորդ պատումը Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն համար օրինակ մըն է։ Եկեղեցին կեդրոնական ջեռուցումի յարմարութիւն չունենալուն աշակերտները համաձայն դասաւորումին իրենց կարգին համապատասխան օրին  փոքր տոպրակներով փայտ կը բերէին որպէսզի իրենց դասարանը տաքցընէին։

Երրրդ պատումը- որդեկորոյս Մայր մը- Տիկ Հոռմիկ Թեմօյեան Օգոստ 5, 1879-ին, Տիգրանակերտ ծնած որդիին վերջին բաղձանքը կատարած է 1919-ին մահացած ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Մ․ ԹԵՄՕՅԵԱՆԻ յիշատակին եւ նուիրած է  $3,000 –երեք հազար ամերիկեան տոլար, «եկեղեցւոյ մնացած պարտքը փակելու համար»։  Գումար մը՝ որ 2025-ի սակարանային արժէքով 54-էն 56 հազարի նուէր մըն այս եկեղեցիին։

Իսկ Չորրորդ պատումը- կեդրոնական Ֆիլատելֆիայէն ներկայի եկեղեցւոյ շէնքը գնելու առթիւ ծխական անդամներէն մին երբ կ՛անդրադառնան թէ բաւական մեծ գումարի մը պահանջք կայ, եւ ունեցած աղբիւրները ցամքած են․․․   ինք իր տունը գրաւի կը դնէ ( second mortgage- կ՛ըսեն հոս)  որպէսզի իր տան համարժէք մեծ գումարը կարենան ապահովել ներկայ եկեղեցին եւ հողամասը գնելու համար։

Այսօր եկեղեցոյ համայնքը ունի իր երգչախումբը իր նուիրեալ խմբավարով յանձինս Երէցկին Անժէլ Մէթճեանին, Կիրակնօրեայ դպրոցը, պատանեկան ու երիտասարդական խմբակցութիւնները, Տիկնանց Յանձնախումբը եւ Հայրերու-Տղամարդոց յանձնախումբերը որոնք իրենց կարգին ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընտանեկան մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն, միաժամանակ եկամտաբեր ձեռնարկներ կազմակերպելով ի նպաստ եկեղեցւոյ

Պատանեկան եւ Երիտասարդական  խմբակցութիւներ դարձեալ զանազան աշխատանքներով իրար քով կու գան, ձեռնարկեր կը կազմակերպեն ընկերային մթնոլորտ պարգեւելով մասնակիցներուն։

 

ՍՍահակ եւ Ս Մեսրոպի Խորանի Օծումը պիտի կատարուի Ուրբաթ՝ Սեպտ 18-ին ձեռամբ՝ Ամերիկայի Հայ Եկեղեցւոյ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ  Տ Մեսրոպ եպս Պարսամեանի, ներկայութեամբը նախկին հովիւներ՝ Գերշ Տ Հայկազուն Արք Նաճարեանի –Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայութեան նախկին առաջնորդ, եւ  Գերշ Տ Օշական Եպս Կիւլկիւլեանի- այժմ իրաքահայ համայնքի առաջնորդ, ինչպէս նաեւ շրջանի քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներն ու համայնքի հայոց ներկայացուցիչները։

Պատարագի երգեցողութեան պիտի մասնակցին նաեւ Կոմիտաս երգչախումբի անդամները խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեանի ղեկավարութեամբ։

Ներկայիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արմաշ ՔհնյՊաղտասարեանի եւ Ծխական խորհուրդի միասնաբար ջանքերով  2025, Սեպտեմբեր 21-ի շաբաթավերջը կը խոստանայ պարգեւել բացառիկ տօնախմբութիւն մը համայնքի հայութեան համար, միաժամանակ տօնելով Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 34-րդ տարեդարձը եւ  անշուշտ Ս Սահակ եւ Ս Մեսրոպ Հայց Եկեղեցւոյ ԴԱՐԱԴԱՐՁԸ։

Բարի երթ ՍՍահակ եւ Ս Մեսրոպի անունները կրող Հայց Առաքելական այս Եկեղեցիին իր Դարադարձին առթիւ։

  Զարմինէ Գ Պօղոսեան

Սեպտեմբեր 15, 2025

Springfield, PA










Friday, September 12, 2025

2017- September- ՈՂՋՈՅՆ ՔՍԱՆՎԵՑԱՄԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ-Zarmine Bogoisian

 

The Armenian Church of the Holy Martyrs- 2017 Narrec  page 8

ՈՂՋՈՅՆ ՔՍԱՆՎԵՑԱՄԵԱՅ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Այս տարի Հինգշաբթի՝ Սեպտեմբեր 21- ին կը նշենք ԱՆԿԱԽ Հայաստանի Հանրապետութեան 26-րդ տարեդարձը: Անկախութիւն մը՝ որ մեր հայրերն ու մեծ հայրերը կարօտը իրենց սրտերուն հեռացան այս աշխարհէն առանց տեսնելու իրենց երազին իրականանալը: Դարերու ընթացքին մեծ պետութիւններու տիրակալութեան դիմանալով, խուժաններու յարձակումներուն դէմ պայքարելով, անհամար զոհեր տալով Հայը իր ինքնութիւնը կրցած է պահպանել՝ կառչած մնալով իր հոգեւոր կեդրոններուն եւ Մեսրոպեանին:

            Մայիս 28-ի Սարտարապատեան ոգին անգամ մը եւս իր դերը կատարեց երբ Սովետական իշխանութեան փլուզումէն օգտուելով Հայաստանն ալ իր եօթանասունամեայ լուծէն ձերբազատուեցաւ Օգոստոս 23, 1990-ին:

1991 Սեպտեմբեր 21-ին Հայ ժողովուրդը միաբերան քուէարկելով Անկախութիւն հռչակեց: Այդ օրէն սկսեալ Եռագոյնը սկսաւ ծածանիլ մեր պաշտօնական շէնքերու գագաթներէն մինչեւ աշխարհասփիւռ հայերուն հոգիներէն ներս:

Յուլիս 5, 1995-ին հռչակուեցաւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութիւնը: Պատմական թուականներ են ասոնք որ իւրաքանչիւրս լրջօրէն մտածենք, արձանագրենք եւ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն, թէ ի՜՜նչ գինով ձեռք բերուած է անկախութիւնը:

Հայրենի հողը սուրբ է եւ շաղախուած է մեր նախահայրերու արիւնով, եւ կը շարունակուի պաշտպանուիլ նորանոր երիտասարդ զոհերու կարմիր արիւնով: Հոս կ’արժէ յիշել նաեւ պատմական եղելութիւն մը որ պատահած էր Սարտարապատի 1918-ի հերաոսամարտի օրերուն: Այդ օրերուն Էջմիածնի Ճեմարանի տեսուչ (ապա Կիլիկեան Աթոռի Գարեգին Ա. Կաթողիկոս) Շնորհազարդ Գարեգին Եպս. Յովսէփեանց Էջմիածնէն ուղղակի կ’երթայ Սարտարապատ եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին կը դիմէ սա խօսքերով-«Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել եւ միշտ էլ ելք է գտել ու փրկել իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը: Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ- հին դարերում, երբ հայոց զօրքը պատրաստւում էր գնալ թշնամու դէմ- նրա հրամանտարները գալիս էին Էջմիածին, կաթողիկոսի մօտ՝ նրա աջը համբուրելու եւ օրհնութիւն ստանալու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մեծ է եւ ահաւոր, որ ես ահա սուրբ Էջմիածնից եկել եմ ձեր բոլորի ձեռքը համբուրելու, որ փրկէք հայրենիքը... փրկէք ձեր պատիւը, հայի՛ պատիւը .....»   

Հայրենասէր հոգեւորականներու ներշնչումով մեր ժողովուրդը միշտ ալ- Ղեւոնդ Երէցէն սկսեալ - մեծ հաւատքով պայքարած է, միշտ ալ հաւատալով, որ երբ «ելք ու ճար» կը կարծուի որ չէ մնացած, միասնակամ ջանքերով յաղթական դուրս ելած ենք եւ գոյատեւած դարեր շարունակ: Երբ քսանվեցամեայ մեր հայրենիքին անկախութիւնը կը նշենք, յիշենք բոլոր անոնց՝ որոնց թափած արիւնին, նուիրումին, անձնազոհութեան շնորհիւ է որ մեր եռագոյնը այսօր կը ծածանի ոչ միայն Հայաստանի տարածքին, այլ նաեւ Միացեալ ազգերու դրօշներուն շարքին: Իսկ հայրենի հողին գոյութիւնը ապահովելու համար յիշենք նաեւ Վարդգէս Պետրոսեանին խօսքը թէ - “Երկիրը երկու հարեւանով տուն չէ, որ վատ հարեւանի պատճառով ծախես գնաս մի ուրիշ փողոց կամ քաղաք, նոր տուն առնես կպած ապրում ենք ու պիտի՛ ապրենք մինչեւ Ահեղ Դատաստան։”

Ողջոյն բոլոր անոնց՝ որոնք հաւատքով սկսան անկախութեան պայքարը:

Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց որոնք ջանք չեն խնայեր հայրենի հողին ծաղկման ու անկախութեան գոյատեւման:

Ազատ հայրենիքի քաղաքացի մեր քոյր եղբայրներուն միանալով կը մաղթենք որ սփիւռքի բոլոր տարածքներէն Սարտարապատի զանգակներուն հետ մեր հոգիներէն ներս ղօղանջեն լաւատեսութիւնն ու նուիրումի ոգին ապահովելու յաղթական երթը մեր ԱԶԱՏ ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ:

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

2017-September

Tuesday, September 9, 2025

Օրագրութիւն մը... Կաղանչէքի փոխարէն-2013- by Zarmine Bohgosian

 

Օրագրութիւն մը... Կաղանչէքի փոխարէն

Written- 2013

             «Կեանքի մեծագոյն յաղթանակը ոչ թէ բնաւ չձախողելուն մէջն է, այլ՝ իւրաքանչիւր ձախորդութենէն ետք ոտքի կարենալ բարձրանալն է:»  Նիլսըն Մանտելա 

            Տօնական օրերու առթիւ հեռու մօտիկ բարեկամներէ  սկսած են շնորահաւորական քարթեր հասնիլ արդէն: Տասնամեակ մը առաջ շատ աւելի թիւով   կը տեղային անոնք: Համակարգիչը – առաւելութիւն է թէ անպատեհութիւն- շատ նուազեցուց նամակագրական ջերմիկ այդ կապը, երբ մանաւանդ  հաճոյքով կը կարդայինք ենթակային ձեռագրով  գրուած մի քանի անձնական տողեր տպուած քարթին, մաշած-կրկնուած խօսքերուն կողքին:  Շաբաթ մը առաջ  համակարգիչի հասցէիս եկաւ հասաւ շատ հետաքրքրական ի-մակ մը՝ (ի-մէյլ) հեռաւոր ծանօթէ մը, մի քանի նկարներով: Կցուած նկարները ձեռագիր էջեր էին, օրագրութեան տետրակէ մը առնուած: Ղրկողը հայ չէ, իրեն համար անհասկնալի ու անընթեռնելի գրութիւններով լեցուն տետրակէ մը նկարած էր, որ իր կնոջ «նախահայրերուն» կը պատկանէր: Կը խնդրէր որ եթէ կարդալ կարենայի եւ մանաւանդ՝ թարգմանել,  իր կնոջ համար, որ հայկական ծագում ունէր եւ որուն «նախահայրերը» ովկիանոսին անդիէն Միացեալ Նահանգներ եկած էին... ջարդէն ետք ... ամէնէն մեծ անակնկալը եւ յարգի նուէրը պիտի ըլլար:

Օրագիրը կը սկսէր 1929 –ի Փետրուար ամիսէն: Մանակամարդուհի մըն էր որ կը պարծենար իր մեքենագրելու արագութեան վրայ, եւ տեղական թերթին մէջ լոյս տեսած կտրօնը ներառած էր, ուր իր անունը կը յիշուէր թէ առաջնութիւն շահած էր վայրկեանը 46 բառ տպելով. . . բոլոր օտար անուններու շարքին «եան»-ով վերջացող իր մականուն ալ ընդգծուած էր: Իւրաքանչիւր օրուան սիւնակին մէջ կարճ-կտրուկ զուլալ հայերէնով գրուած տողեր էին: Յայտնի էր որ ենթական ոչ միայն ուսեալ մէկն էր, այլ նաեւ՝ անսխալ հայերէն կը գրէր:

            Էջ առ էջ թերթատելով մասնակից դարձայ սիրոյ պատմութեան մը,  որուն նկարագրականը օրէ որ զարգանալով հասած էր ամուսնութեան: Օրիորդ Պերճուհին կը յիշէր հանրակառքին մէջ իր հանդիպումը մի ոմն Պարոն Արշամին հետ, Սիրանոյշ մօրաքոյրին քով երթալ-գալերը, պարտէզին մէջ հանդիպումները... եւլն:  Խտացուած բառերով արձանագրուած զգացումները, երկուքին միջեւ հետզհետէ զարգացող մտերմութիւնը, օրագրի հեղինակին ներքին մտածումները, մտերմիկ պահերուն ամփոփումը, կախման կէտերով վերջացող նախադասութիւններով... ընդհանուր գաղափար մը կու տային ենթակային անձնաւորութեան մասին: Պարոն Արշամին եւ Օրիորդ Պերճուհիին միջեւ Փետրուարին ծլարձակող մտերմութիւնը մինչեւ Յուլիս կը հասնէր ամուսնութեան եւ մեղրալուսնի:

        Մի քանի օր առաջ կրկին նոյն անձէն ի-մակ մը եկաւ յիշեցնելու թէ կարելի՞ է արդեօք Դեկտ. 25-էն առաջ ստանալ օրագիրին թարգմանութիւնը - Անգլերէն անշուշտ: 

«Ծննդեան տօներուն առթիւ ամէնէն յարգի նուէրը պիտի ըլլայ տիկնոջս համար...» կը շեշտէր երկտողը ... «Ան հայկական ծագում ունի, բայց երրորդ սերունդ ամերիկացի է եւ... բնականաբար Հայերէն չի կրնար կարդալ կամ խօսիլ, բայց գիտեմ թէ ամէնէն յարգի կաղանդի նուէրը տուած պիտի ըլլամ իրեն.....»

         Հայկական ծագում ունեցող այս տիկնոջ տրուելիք «Ամէնէն յարգի նուէրը» կրնայի՞ զլանալ....այն ալ տօնական այս օրերուն...

         Այս պարտականութեան տրուելիք ժամանակէն աւելի զիս մտածմունքներու մէջ թաղեց այդ «Ամէնէն յարգի նուէր» արտայայտութիւնը:

      Ուրեմն այս օրերուն կը գտնուի՛ն մարդիկ որ կրնան ուրախանալ առանց մեծաքանակ գումար պահանջող նուէրներ ստանալու: Ծնողներ կան, որ նուազագոյնը 200-էն 500  կամ նոյնիսկ աւելի տոլար կը տրամադրեն կաղանդի նուէրներով ուրախացնելու իրենց իւրաքանչիւր զաւակը:

    Կա՛ր ժամանակ  մը երբ մենք կ՛ուրախանայինք եւ մանաւանդ՝ գոհ կ՛ըլլայինք երբ մեծ հայրիկը, հօրեղբայրը եւ կամ մօրեղբայր մը մեզի այցելէր,  գրկէր մեզ եւ մեր ականջին փաղաքշական խօսքեր մրմնջելով 25 ղրուշ մը կամ շատ-շատ մէկ կամ երկու  դահեկան մը զետէղէր մեր ափին  մէջ: Արդէն դար մը ետին մնացած է զոյգ մը գուլպայով կամ մի քանի նարինջ, խնձոր, ընկոյզ ծրարելով պատանի մը իր անուան տօնին կամ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորելով ուրախացնելու շրջանը:

        Եթէ իմ մի քանի ժամուայ աշխատանքս յարգի նուէր մը փոխանցած ըլլալու պիտի ծառայէ, ուրեմն իւրաքանչիւրը մեզմէ քանի-քանի՜ անձեր կրնայ ուրախացնել իր մէկ արարքով, ժամանակ տրամադրելու պատրաստակամութեամբ եւ.. այդ մխսուելիք տոլարները խնայելով ա՛լ աւելի կարեւոր տեղեր յատկացնելու:

       Մէջս զօրաւոր փափաք մը արթնցաւ այդ «գլուխ-գովողներուն»  կաղանդչէքի համար տոլար մսխողներուն եւ իրենց նմաններուն հետ դէմ առ դէմ հանդիպելու,  այդ գումարները մէկ զաւակի համար ծախսելու փոխարէն ըսելու թէ այդ տոլարները ի՜նչ հրաշքներ կրնան գործել ... եթէ...աւելի կարեւոր տեղեր յատկացնելու գիտակցութիւնը ունենայինք ...

      Պահ մը շուարած մնացի: Բայց ո՞ր մէկ կարեւորութենէն սկսիլ:  Քաղաքացիական  թէ  ազգային պարտաւորութիւններով մեր նամակատուփերը կը խճողուին նուիրատուութիւն խնդրող ծրարներով: Ամերիկայի բնիկ հնդիկներու դպրոցականներուն օգնութեան ֆոնտ, ամերիկեան բանակին ծառայած եւ «տուն» վերադարձած վիրաւորներուն, հոգեկան թէ ֆիզիքական հաշմանդամներու ֆոնտին, սրտային հիւանդներու ֆոնտին, շաքարախտի, քաղցկեղի ուսումնասիրութեան ֆոնտին, քաղցկեղով տառապող մանուկներու հիւանդանոցի ֆոնտին......

          Հապա՞ հայ թերթերը, դպրոցները, հեղինակները, եկեղեցիները,  կազմակերպութիւնները, առանց մեկենասի անտիպ մնացած հայերէն գիրքերու շարանը .... մեր նոր օրերու կրկնակի ցա ՞ւը.......... Հայրենիքէն Հալէպ երկարող անյետաձգելի հարցերը՞՞................

          Հալէ ՞պ  ըսի: Հիւրասէր, գրկաբաց հիւրընկալող հալէպահայուն օգնութեան կանչերը երկինք կը հասնին այսօր... բաւարար լսող կա՞յ միթէ :

          Ո՛չ, երազ չէ՛ Երազային Հալէպէն եկող կանչը... անյապաղ օգնութիւն կը խնդրուի:

         Այն վարժարանը ուր ուսուցչական ասպարէզի իմ առաջին քայլերս սկսած էին ... ի հեճուկս երեք տարիէ տիրող անբացատրելիօրէն վայրագ պայմաններուն, այսօր ունի 500 աշակերտ, որոնց 300-ին ծնողքը ի վիճակի չէ կրթաթոշակ վճառելու: Ուսուցչական կազմ, տնօրէնութիւն թէ հոգաբարձութիւն հերոսաբար կը շարունակեն դպրոցը բաց պահել եւ մանուկ հոգիները ներշնչել գալիքին յոյսով գրեթէ երեք տարիէ  ի վեր: Եւ դեռ .. քանի-քանի՜ նման դպրոցներ կան հալէպահայութեան առօրեային վիճակուած մաշեցնող տառապանքով գոյատեւելու:

          Բայց … ո՞ւր են այս կամ այն տոլար  ունեցողները: Ինչո՞ւ չկարենանք մեր ազգին համար կարեւորագոյն պահանջքը զանազանել եւ օգնութեան հասնիլ:

          Ինչո՞ւ ցիրուցան ըլլան մեր հայակարօտ զաւակները.. մէկ կամ երկու սերունդ կորսնցնելէ ետք հայատառ գրութիւնները թարգմանող փնտռելո՞ւ համար աշխարհի չորս անկիւններէն...

          Դարերու ընթացքին մեր ազգին գլխուն միշտ ալ կրակ տեղացած է, մեզ ցրուելո՛ւ ու բաժնելու ջանքով: Ճանչնա՛նք մեր ազգին այսօրուա՛ն համար կարեւորն ու կարեւորագոյնը՝ ի հաշիւ առողջ գոյատեւման:

       Այս բոլորին մէջէն նորոգ հանգուցեալ Հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ Նիլսըն Մանտելային ըսածին պէս կարեւորը այս բոլոր ձախորդութիւններէն ետք «ոտքի  կարենալ բարձրանալն է...» ...ԱԶԳՈՎԻ՛Ն:

Մեր շուրջը բոլոր, ամէ՛ն կողմէ արդէն Ծննդեան տօներու մասին կը խօսին: Ձայնասփիւռէն թէ հեռատեսիլէն կը նուագուին ծննդեան տօներու վերաբերեալ երգերը ու կը խօսուին ճաշատեսակներու մասին:   Վաճառատուներու ցուցափեղկերէն մինչեւ փողոցներու լոյսերը տօնական շլացուցիչ գոյներով կը լուսաւորուին: Ամէն կողմէ կը սկսի լսուիլ «Հէփի Հալիտէյզ» մը, որ կամայ-ակամայ ընդունուած է՝ իբրեւ թէ ամէն տեսակի կրօնքներու հաւատացողներուն զգացումները յարգելու համար:  Մինչ ամենուրեք եսասիրութեան, կրօնամոլութեան, քաղաքականութեան ու շահամոլութեան խելագար արարքներու զոհ կ՛երթան հազարաւոր անմեղ հոգիներ:

        1929-ի հայատառ օրագիրը կաղանդչէքի վերածող գաղափարէն կու գամ կը հասնիմ 2014-ի սեմին....  85 տարի ետք՝ այսօրուա՛ն:  Թելադրելու եւ  խնդրելով   արթնութեան հրաւիրելու-  

             -Ձեր կաղանդչէքերը արժեւորե՛լ գիտցէք......  եւ  

         Ա՜՜՜խ, մի՛ թողուք, որ ծոռս կամ իր սերունդէն ոեւէ մէկը օր մը ըսէ թէ  միայն «Ծագումով Հայ  է» եւ հայերէն կարդացող մը կը փնտռէ այս գրութիւնը թարգմանելու համար......:

                                                                                                         Զարմինէ  Գ. Պօղոսեան

                                                                                Նիւ Եորք, Դեկտեմբեր 10, 2013

Thursday, August 14, 2025

ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ

 ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ 

 (Փետ րո ւար 23-24, 2024) 

 Մեծ Պահքի շրջանի կիրակի նե րէն Ա նա ռակ որ դիին նո ւի րո ւած Կի րա կիին նա խորդ օ րե րը՝ Փետ րո ւար 23-24-ը, եր կար պի տի յի շո ւին մեր հա մայն քէն ներս՝ մա տու ցո ւած հա րուստ ու իւ րօ րի նակ յայ տա գիր նե րով։ Ինչ պէս որ հոս Հա յաս տա նեայց ե կե ղե ցի նե րէն ներս ա ւան դու թիւն դար ձած է, որ Մեծ Պահ քի իւ րա քան չիւր շա բա թա վեր ջը ի մաս տա ւո րել դա սա խօ սու թիւն նե րով կամ Սուրբ Գ րա յին սեր տո ղու թեամբ, այս ե կե ղե ցին ալ պատ րաս տո ւած է դի մա ւո րե լու հե տե ւեալ դա սա խօս նե րը յա ջոր դա բար՝ Դոկտ. Գա րօ լայն Մես րո պեան- Հիք մէն, Ար փի Նագ գա շեան, Ա լեքս եւ Դա լար Սա րա ֆեան ներ, Դոկտ. Ճէ սի Ար լէն, Սար կա ւագ Յով հան նէս Խոս տե ղեան եւ Դոկտ. Սիլ վի Մե րեան։ Փետ րո ւար 23-ի շա բա թա վեր ջը յատ կան շա կան դար ձաւ այն հան գա ման քով, որ ե րեք օր յա ջոր դա բար ա րա րո ղու թիւն տե ղի ու նե ցաւ, եւ եր կու օր յա ջոր դա բար վա յե լե ցինք Ար փի Նագ գա շեա նի բծախնդ րօ րէն պատ րաս տած ե լոյթ նե րը։ Ուր բաթ ե րե կո յեան տե ղի ու նե ցաւ Մեծ Պահ քի շրջա նին սպա սո ւած Խա ղա ղու թեան հսկու մի Ժա մե րու ի րիկ նա յին ժա մեր գու թիւ նը, ո րուն յա ջոր դեց Մեծ Պահ քի յա տուկ հա մեղ ընթ րիք։ Ուր բաթ գի շե րո ւայ ընթ րի քին յա ջոր դող դա սա խօ սու թիւ նը նո ւի րո ւած էր Ե րու սա ղէ մի հայ հա մայն քին՝ ի մաս նա ւո րի ներ կայ կա ցու թեան։ Օ րո ւան դա սա խօս Ար փի Նագ գա շեա նը, ծնած եւ մեծ ցած ըլ լա լով հին քա ղաք Ե րու սա ղէ մի մէջ, հան գա մա նօ րէն ծա նօ թա ցուց 76 մեզ Ս. քա ղա քի քար տէ սին եւ այն ան կիւ նը, որ կը կո չո ւի հայ կա կան հո ղա մաս։ Ան սա հիկ նե րու օգ նու թեամբ եւ գե ղե ցիկ նկար նե րով պատ րաս տած իր ե լոյ թով մեզ փո խադ րեց Ե րու սա ղէ մի շրջան նե րը, ծա նօ թա ցուց հայ կա կան բաժ նին պատ մա կան կա րե ւո րու թեան։ Հայ կա կան թա ղա մա սին մէջ ապ րած իր կեան քի փոր ձա ռու թիւն նե րով եւ անձ նա կան պատ կե րա ցում նե րով Ար փին միա ժա մա նակ մտեր մա ցուց մեզ սա ղի մա հայ կեան քին եւ ներ կա յիս դի մագ րա ւած դժո ւա րու թիւ նե րուն, ինչ պէս նաեւ հայ կա կան տա րած քը հայ կա կան պա հե լու շուրջ ծա գած մար տահ րա ւէր նե րուն: Ներ կա նե րէն մէ կուն ուղ ղո ւած հար ցին, թէ «Ինչ պէ՞ս Ս փիւռ քը կրնայ լա ւա գոյնս ա ջակ ցիլ հին քա ղաք Ե րու սա ղէ մի հայ հա մայն քին», ի պա տաս խան Ար փին շեշ տեց ը սե լով. « Ձե՛ր իսկ ներ կա յու թեամբ… Ուխ տագ նա ցու թիւն կազ մա կեր պե ցէք դէ պի Ե րու սա ղէմ, որ պէս զի աշ խարհ ի մա նայ թէ որ քան կա րե ւոր է այս ան կիւ նը հա յե րուս հա մար»: Հա յե րը հայ կա կան թա ղա մա սին մէջ 20 հա զա րէն ա ւե լի էին ժա մա նա կին, հի մա հա զիւ 1.000 կամ 1.500 հո գի կը հա շո ւը ւի։ « Մենք՝ հա յերս, պէտք է ցոյց տանք մեր հո գա տա րու թիւնն ու հա ւա տար մու թիւ նը այդ հո ղակ տո րին հան դէպ, քա նի որ այդ հո ղա մա սը ոչ միայն շատ ար ժէ քա ւոր է, այ լեւ դա րե րէ ի վեր մե՛ զի է եւ հա յե րո՛ւս կը պատ կա նի։ Բ նա կան է, որ այս օ րե րուն կան այլ խում բեր, ո րոնք կը ջա նան տի րա նալ յատ կա պէս այդ հո ղակ տո րին»,- ընդգ ծեց մեր սա ղի մա հայ դա սա խօ սը: Յա ջորդ օ րը, Շա բաթ, Փետ րո ւար 24-ին, Ս. Սա հակ եւ Ս. Մես րոպ ե կե ղեց ւոյ Տիկ նան ցը կազ մա կեր պած էր իւ րա յա տուկ ճաշ կե րոյթ-դա սա խօ սու թիւն՝ նո ւի րո ւած սրբա դա սո ւած հայ կի նե րու։ (Օ րո ւան հա սոյ թին ո րոշ տո կո սը ծրագ րո ւած է նո ւի րել CASP-ին՝ Հա յաս տա նի մա նուկ նե րու հո վա նա ւո րու թեան ծրագ րին, եւ Վա նա ձո րի ծե րա նո ցին)։ 77 Օ րո ւան յայ տա գի րը սկսաւ ե կե ղե ցա կան ա րա րո ղու թեամբ։ Ի րար քով ե կած էին հա մայն քիս չորս հայ կա կան ե կե ղե ցի նե րու հո գե ւոր հայ րե րը՝ Արժ. Տ. Ար մաշ Քհնյ. Պաղ տա սա րեա նի հրա ւէ րով՝ Սուրբ Եր րոր դու թիւն Հայց. Ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Արժ. Տ. Յա կոբ Քհնյ. Գէոր գեա նը, Ս. Մար կոս Հայ Կա թո ղի կէ ե կե ղեց ւոյ հովիւ Արժ. Տ. Ա սա տուր Քհնյ. Մի նա սեա նը եւ Ս. Նա հա տա կաց Հայ Ա ւե տա րա նա կան ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Պա տո ւե լի Հեթ հըր Օ հա նե սօ նը: Ե կե ղեց ւոյ ա րա րո ղու թե նէն ետք Ֆի լա տել ֆիոյ հայ կա կան բո լոր ե կե ղե ցի նե րը ներ կա յաց նող 100-ի մօտ հիւ րե րը հրա ւի րո ւե ցան գե ղեց կօ րէն ու օ րո ւան պատ շաճ յար դա րան քով պատ րաս տո ւած մեծ սրա հը։ Ս. Սա հակ ե կե ղեց ւոյ Ծ խա կան խոր հուր դի ա տե նա պե տու հի Տի կին Ժիւ լէթ Տէ յիր մէն ճիի եւ ե կե ղեց ւոյ ժրա ջան օգ նա կան տի կին նե րուն պատ րաս տած Մեծ Պահ քի յա տուկ ճա շա ցու ցա կով հա րուստ հա մա դամ ճա շե րը կը սպա սէին բո լո րին։ Պա տո ւե լի Հեթ հը րին օրհ նու թեան ա ղօթ քով ըն թացք ա ռաւ յայ տա գի րը։ Ա պա ե կե ղեց ւոյ հո վիւ Արժ. Տ. Ար մաշ Քհնյ. Պաղ տա սա րեա նը ող ջու նեց ներ կա նե րը՝ բա րի գա լուստ մաղ թե լով, ի մաս նա ւո րի օ րո ւան հրա ւէ րին ըն դա ռա ջած հո գե ւոր հայ րե րուն եւ ե րէց կին նե րուն։ Տի կին Է մի լի Թեր ճի մա նեա նը մտեր միկ ու քնքոյշ խօս քե րով ներ կա յա ցուց իր ըն կե րու հի եւ Ս. Ներ սէ սի դա սըն կե րու հի օ րո ւան պատ գա մա բեր Օրդ Ար փի Նագ գա շեա նը։ Ար փին ա ւար տած է Սուրբ Ներ սէս եւ Սուրբ Վ լա դի միր ուղ ղա փառ աս տո ւա ծա բա նա կան ճե մա րան նե րը, ստա ցած է նաեւ իր Պ սա կա ւոր եւ Մա գիստ րոս վկա յա կան նե րը եւ այժմ կ’աշ խա տի դոկ տո րա կա նի հա մար իր ա ւար տա կան թէ զին վրայ՝ նիւթ ու նե նա լով « Յո բի գիր քը հայ ա ւան դու թեան մէջ»։ 78 Ար փի Նագ գա շեա նի օ րո ւան նիւթն էր 8-րդ դա րու հայ կին բա նաս տեղծ, շա րա կա նա գիր, ե րա ժիշտ Խոս րո վի դուխ դը: Ար փին շեշ տը դրաւ, թէ ինչ պէս Խոս րո վի դուխ դը իր սի րե լի եղ բօ րը՝ Վա հա նին, կորսն ցու ցած ըլ լա լու ան սահ ման վիշ տը վե րա ծեց « Զար մա նա լի է ինձ» գե ղե ցիկ օրհ ներ գի եւ քա ջա լե րե լով թե լադ րեց, որ իր ունկն դիր ներն ալ ձեւ մը գտնեն ի րենց կեան քի վիշ տը փո խա րի նե լու ծա ռա յու թեամբ եւ սէր նո ւի րե լու շուր ջին նե րուն, ինչ պէս նաեւ օգ նե լու շուր ջին նե րուն, որ ա նոնք ալ ի րենց վիշ տը փո խա րի նե լու սե փա կան ճա նա պար հը կա րե նան գտնել: Ար փիին ե լոյ թէն ետք Տիկ նան ցի ա տե նա պե տո ւի Տի կին Բա մե լա Մա մու րեա նը մի քա նի տո ղով բա ցատ րեց յայ տագ րին յա ջորդ բա ժի նը եւ հրա ւի րեց ե կե ղեց ւոյ նախ կին հո վիւ նե րէն հո գե լոյս Արժ. Տ. Բա րի Քհնյ. Մեթ ճեա նի ե րէց կի նը՝ Տի կին Ան ժէլ Մեթ ճեա նը՝ որ պէս հա ղոր դա վար հրա ւի րե լու ներ կայ ե րէց կին նե րը։ Ան, սի րով ըն դա ռա ջե լով հրա ւէ րին, ներ կա յա ցուց Ֆի լա տել ֆիոյ շրջա նէն ներ կայ գտնո ւող ե րեք ե րէց կին ներ Ան նա Գէոր գեա նը՝ Սուրբ Եր րոր դու թիւն Հա յաս տա նեայց ե կե ղե ցիէն, Ար փի Մի նա սեա նը՝ Սուրբ Մար կոս Հայ Կա թո ղի կէ ե կե ղե ցիէն, ինչ պէս նաեւ հիւ րըն կալ ե կե ղե ցի Ս. Սա հակ - Ս. Մես րո պի ե րէց կին Տի կին Մա րան Պաղ տա սա րեա նը։ Ե րեք ե րի տա սարդ ե րէց կին նե րը, քով քո վի նստած, շար քով ներ կա յա ցու ցին ի րենք զի րենք։ Ի րենց տրո ւած կարճ հար ցա թեր թի կին պա տաս խա նե լով՝ ա նոնք պատ մե ցին, թէ ինչ պէս դար ձեր են ե րէց կին։ Անդ րա դար ձան նաեւ ի րենց պաշ տօ նի բե րու մով հա մայն քի ակն կա լու թիւն նե րուն, հա մայն քի անդ րա դար ձը ի րենց ան հա տա կան կեան քի ու րա խու թիւն նե րուն ու մար տահ րա ւէր նե րուն։ Իւ րա քան չիւ րին պատ մու թիւ նը ե զա կի էր եւ ար տա յայ տու թիւն նե րը մտա ծո ւած, ո րոնք կրցան ներ կա նե րուն ան կեղ ծօ րէն ծա նօ թաց նել ի րենց աշ խար հը: Զի րենք կա պող ու ներ կա յաց նող ընդ 79 հա նուր գի ծը ան խու սա փե լիօ րէն ի րենց ան սա կարկ նո ւի րումն է հա մայն քին ու ա ջակ ցու թիւ նը ի րենց ա մու սին նե րուն եւ ա նոնց քա հա նա յա կան կո չու մին: Վեր ջա պէս, շա բա թա վեր ջը հաս ցուց մեզ Ա նա ռակ որ դիին նո ւի րո ւած Կի րա կիին։ Տէր Ար մա շը իր ո գե ւո րիչ քա րո զով մե զի հասկ ցուց Աս տու ծոյ աչ քին ա ռաջ մեր ու նե ցած կամ գրա ւած ար ժէ քին մա սին։ Նոյ նիսկ այն պի սի հան գա մանք նե րուն, երբ մենք կը կորսնց նենք մեր ճամ բան Ա նա ռակ որ դիին պէս, եւ կրնանք մտա ծել, թէ Աս տո ւած ին չո՛ւ կը փնտռէ զիս, երբ ես կորսն ցու ցած եմ իմ ճամ բաս։ Ո՞րն է մեր ար ժէ քը Աս տու ծոյ ա ռաջ: Տէր Ար մա շը շա րու նա կեց. « Մենք իւ րա քան չիւրս Աս տու ծոյ հա մար ան գին գո հա րի մը պէս ենք։ Ան մեզ ստեղ ծեց ի՛ր պատ կե րով: Աս տո ւած իր շուն չը փչեց մեր մէջ: Մենք Աս տու ծոյ զա ւակ ներն ենք: Եւ հա կա ռակ ա նոր, որ մենք կա րող ենք մեղք գոր ծել, մեղ քը մեր իս կա կան բնոյ թը չէ. մենք կա րող ենք մաք րո ւիլ Աս տու ծոյ կող մէ: Աս տո ւած մեզ մէ իւ րա քան չիւ րին մէջ է: Ա սի կա ԻՐ մնա յուն նշանն է: «Ես քու մէջդ եմ, եւ դուն իմ մէջս ես»։ Տէր Ար մա շը եզ րա փա կեց՝ ան գամ մը եւս յի շեց նե լով, որ կա րե ւոր է, որ « Մենք մեր ժա մա նա կը օգ տա գոր ծենք Մեծ Պահ քի շրջա նին՝ Աս տու ծոյ ա ւե լի մօ տե նա լու հա մար»: Ա րա րո ղու թեան յա ջոր դող սուր ճի պա հուն ե կե ղեց ւոյ դպրո ցին 3-5-րդ դա սա րա նի կրտսեր ա շա կերտ նե րը օ րո ւան դա սէն ետք, որ պէս ի րենց ու սում նա կան ծրագ րի մաս, խո հա նոց գա ցին Տի կին Ժիւ լիէ թէն սոր վե լու հայ կա կան խո հա նո ցին մա սին: Ա շա կերտ նե րը նա խընտ րե ցին տի կին Ժիւ լիէ թին օգ նե լով սոր վիլ՝ ինչ պէս ձո ւա զեղ եւ ձա ւա րով փի լաւ կը պատ րաս տեն եւ ա պա ամ բողջ ու տե լի քը դա սա ւո րե լով հրամց նել ժա մո ւոր նե րուն։ Ինչպէս որ Առակը կ’ըսէ (22:6), «Մանուկը կրթէ իր ճամբան սկսած ատե նը, որ- պէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի», նոր սե րուն դի մատ ղաշ ձեռ քեր, կը սոր վին օ րի նա կով եւ գործ նա կան աշ խա տան քով։ Շատ ապ րիք դուք եւ շա րու նա կե ցէք Աստ ծոյ ա նու նով ծա ռա յու թիւն մա տու ցա նել ազ գին եւ ե կե ղեց ւոյ ըն տա նի քին։ 

 Փետ րո ւար 28, 2024 

 Սփրինկ ֆիլտ, Փենսիլվանիա 

 « Ժամանակ», Պոլիս, Մարտ 6, 2024

Armenian Schools in Diaspora- Appeared in Yerevan Armenian Language & Literature in schools-Zarmine Boghosian-Dr Pergrouhi Svajian

        Այս գրութիւնը լոյս տեսած է   Երեւան-Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող «Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւնը   Դպրոցում» Մարտ 2, 1990-ի թիւին մ...