Through the Orchards of Armenian Language & Poetry Presented by: Zarminé Boghosian
Search This Blog
Search This Blog
Tuesday, September 7, 2021
1995- Radio Program-in Memory of Hagop Garabents_Jack Karapetian- Coordinated by: Zarmine Boghosian
Յակոբ Կարապենցի Նուիրուած Ռատիոյ Հաղորդում
Պատրաստեց՝
Զարմինէ Պօղոսեան
Փետրուար 2, 1995
Jack Karapetian *August 9, 1925-Tabriz-Iran –Oct. 20, 1994-Watertown-MA-USA
«Արուեստի որեւէ գործ
արտացոլումն է իր ժամանակների –գրուած հեւ ի հեւ, մերթ զայրոյթով ու ցաւով, երբեմն
սիրով ու երախտագիտութեամբ, սակայն միշտ այն հաստատ համոզումով, թէ ճշմարտութեան
փնտռտուքը աւելի կարեւոր է քան յաղթանակի դափնին եւ որ մի կաթիլ գութը աւելի արժէ
կան մի ամբողջ գրադարան»։
Այս տողերով Սփիւռքի ամէնէն
բեղուն գրիչներէն եւ փորձագրութեանց տաղանդաւոր վարպետներէն Յակոբ Կարապենց
հարազատօրէն ինքզինք կը բնու-թագրէ։ Իր գործերու ծաղկաքաղով այսօր պիտի ջանանք
Կարապենցի խօսքերուն ընդմէջէն քիչ մը աւելի ծանօթանալ, զինք ճանչնալու, յիշելու,
յարգելու եւ մանաւանդ՝ պանծացնելու Սփիւռքահայ գրողին յիշատակը։
Այսօրուայ
այս յատագրով դուք պիտի լսէք մեր հաղորդումը նուիրուած Սփիւռքահայ արձակագիր՝
Յակոբ Կարապենցին։
Սրտաբուխ խօսքերու հարազատ
արտայայտութիւններով այս յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն
Կարապենցի գրչակիցներէն Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջաններէն Յակոբ Ասատուրեան, Ժիրայր Աթթարեան, Վեհանոյշ Թէքեան, Արիս Սեւակ եւ Թերէզ
Ոսկերիչեան։
Մասնաւոր շնորհակալութիւն
Ռատիոժամի Տնօրէն՝ Վարդան Ապտօյին, մեր բոլորին մասնակցութիւնը այս եթերէն
դիւրացնելուն համար եւ մանաւաբդ՝ խորին երախտագիտութիւն մեր սիրելի գրողներուն
իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար։
Պէտք է խոստովանիլ, որ
որքան ալ գիրն ու գրականութիւնը սիրող եւ կամ ընթերցասէր ըլլանք, մեր առօրեան
արգելք է նման վայելքի պահերուն, ի զուր չէ, որ այսօր շուկան սկսած է լեցուիլ
սիրուած գիրքերու կամ դասական հատորներու ընթերցումը ձայներիզներով մատուցելու,
մանաւանդ՝ առօրեային կարեւոր մէկ մասը երթեւեկով անցնողներուն համար։
Մեր
նպատակը այսօր Կարապենցի գործերէն ծաղկաքաղ մը ներկայացնել է, քիչ մը աւելի
ճանչնալու, յարգելու, եւ պանծացնելու յիշատակը սփիւռքահայ գրականութեան աւելի քան
տասնեակ մը հատորներ ժառանգ ձգած բազմաբեղուն գրողին, ինքնատիպ ոճով եւ նուրբ
ճաշակի տէր այս հեղինակին։
«Ես սփիւռքի ծնունդ եմ, աւելի սփիւռքահայ քան
պարսկահայ կամ ամերիկահայ։ Սփիւռքից զատ այլ աշխարհ չգիտեմ, եւ իր բոլոր
հակասութիւններով հանդերձ, ինձ հարազատ եմ զգում Սփիւռքի ճամբաներում, երբեմն
նոյնիսկ ինձ զգալով աշխարհաքաղաքացի։ Այս լա՞ւ է թէ վատ, չգիտեմ։ Միայն այն գիտեմ,
որ մենք կամուրջ ենք հանդիսանում Անապատի Սերունդի եւ՝ Նորագոյն Սփիւռքի միջեւ, մի
ահագին առաքելութիւն, որ իրականութիւնը դրել է մեր ուսերին»։
Յակոբ Կարապենց իր յիշած
առաքելութիւնը գիտակցուած լրջութեամբ ընդունեց ու տարաւ մինչեւ իր վերջին շունչը։
Նոր
աշխարհի հին Սերմնացաններու տառապանքի կաթիլները իր ալ ճակատը խոր կնճիռներով
ակօսեցին․ «արեւոտ առաւօտներու կարօտը՛ զգաց ու անհարազատ ճախճախուտները ինկած,
երամէն կտրուած արագիլին ցաւովը տառապեցաւ»։
Սփւռքահայ ընտանիքներու
իրար յաջորդող երունդներու միջեւ բացուող աշխարհներու լայն խրամատը տեսաւ, եւ «Անարմադ Ծառին» նայող հօր ափսոսանքին հետ
անոր ճիգերուն եւ աղերսին թարգմանը եղաւ։
Հայութիւնը,
ինքնութիւնը վառ պահելու մտահոգութեամբ տառապող հօր մը եւ իր զաւկին միջեւ տեղի
ունեցած հետեւեալ խօսակցութիւնը կը պարզէ իր ներաշխարհի քարանձաւներուն մէջ
թաքնուած ինքնութին պահանջող կերպարները-
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք եւ Զարմինէ
Պօղոսեան
-
Հայրի՛կ,
ինչ կ՛ուզես մեզմէ, ի՞նչ ընենք քեզի համար։
-
Ինծի համար չէ, այլ ազգի՛ն համար
-
Ազգին համար ալ ինչ կ՛ուզես որ ընենք
-
Կ՛ուզեմ, որ կամաւո՛ր գրուիք։
-
Կամաւո՞ր, Ինչպէ՞ս
-
Մէկ տարի ձեզի նուիրէք ազգին
-
Զինուո՞ր կ՛ուզես՛
-
Կ՛ուզեմ որ ձեր անձնական գործերը մէկ կողմ
թողուք եւ ձեր ժամանակն ու դրամը յատկացնէք ազգին։
-
Կ՛ուզեմ որ Վաչագանը քաղաքի մերձակայ իր
հարիւր էյքըր անտառը նուիրէ Ճեֆըրսընի հայութեան։ Կ՛ուզե՛մ,
որ Վահրամը այդ հողին վրայ եկեղեցի մը կառուցանէ։ Կ՛ուզե՛մ, որ
Վահանը եկեղեցիին կից՝ դպրոց մը շինէ։ Կ՛ուզե՛մ, որ Վահագնը այդ հողին վրայ
սանկ աղուոր ընդարձակ մարզադաշտ մը պատրաստէ մեր տղոց համար, լողարանով,
մարզարանով, սրահով, բեմով, ինչպէս նաեւ առանձնատուներով ու հանրակացարանով։
Կ՛ուզե՛մ, որ մեր ժողովուրդէն ստացածը տասնապատիկ չափով վերադարձնէք ժեղովուրդին․․․
-
Սակայն մենք բա՛ն մը չունինք ժողովուրդէն․․
-
Ամէ՛ն ինչ, դարձեալ բղաւեց Յովնանը։
-
Ի՞նչ, Ինչպէս թէ ամէն ինչ ---
-
Այո՛, Ամէ՛ն ինչ, ձեր անո՛ւնը, ձեր
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ․․․
* * *
Յակոբ Կարապենցի գրչին ու անձին հանդէպ ունեցած մեր
երախտիքին որպէս մէկ փոքրիկ արտայարտութիւն, այս յայտագիրը ծրագրած էինք հաղորդել
իր կենդանութեան 70-ամեակի սեմին։
Բոլորովին
անգիտակ քաղցկեղին տուած մահավճիռին, թոյլ տուած էինք որ առօրեայի անյետաձգելի
գործերը կլանեն մեզ, ու պատճառ դառնան աններելիօրէն ուշացնելու այն ինչ, որ օրին
պէ՛տք էր կատարուեր։
Պատահեցաւ անսպասելին։
Եօթանասունամեակը չտօնած՝ Հոկտ․ 25,
1994-ին
Հողին յանձնուեցաւ մարմինը ազնուական այս մարդուն, ՀԱՅ մտաւորականի տիպար
ներկայացուցիչին։
Թերթերով մէկ հայ մամուլի
էջերը ողողուեցան ածականներու իրար հրմշտկող
տողանցքով, նկարագրելով թէ հայ-սփիւռքահայ գրականութիւնը կը կորսնցնէր
վաստակաւոր մշակ մը, առատահունձք ու տաղանդաւոր, խոնարհամիտ, պայծառատես,
բծախնդիր, գուրգուրոտ ու հոգածու մեծարժէք ՄԱՐԴԸ, լրագրողը, խմբագիրը, քննադատը,
վիպասանը, փորձագրութեան տաղանդաշատ վարպետը, խստապահանջ ու բարձր ճաշակի տէր
գրողը, մեր ժամանակներու սիրուած մարդն ու մտաւորականը։
Այս բոլորին ի լուր, չենք
կրնար չանդրադառնալ թէ որքան ժլատ ենք մենք մեր արժէքներուն նկատմամբ, երբ անոնք
մեր գրչի նուիրեալներուն սիրտը իրենց ողջութեան բուռ մը անուշ խօսքին ու
գնահատանքին տուած ծիածան ժպիտին կարօտով կը մխայ․․․ կը վարանինք, կը տատամսինք, կը սպասենք որ մահը ցնցէ մեզ, եւ
յետ-մահու շռայլ համանուագով ու պատուանշաններով դագաղը զարդարելու կը փութանք։
-Երաժշտութիւն․․․․
Վկայութիւն
Սրտի խօսք՝ թիւ 1 –Հեռաձայնային կապով բարձրախօսի
մօտ է Ժիրայր Աթթարեան։ Ժ․ Աթթարեան Նիւ Եորքահայ
այս գրագէտը նախանձախնդիր այն աշակերտն է Մեսրոպին, որ անպայման ըսելիք ունի երբ
թերացում կայ հայախօսութեան ու հայապահպանման հարցերով։ Երախտապարտ ենք որ այսօր
կը միանայ մեզի իր սրտի խօսքով վկայութիւններ տալու իր գրչեղբայր՝ Յակոբ
Կարապենցին մասին։
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաքը կը կարդայ Կարապենցի
կենսագրական գիծերը ամփոփումով-
ՅԱԿՈԲ
ԿԱՐԱՊԵՆՑ- ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ- 1926-1994
Ծնունդով
եւ նախակրթութեամբ Իրանահայ, Միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումով արեւմուտքցի
–Ֆրանսական եւ ամերիկեան- մասնագիտութեամբ ու ասպարէզով լրագրող, ընկերային իր
կեցուածքով՝ Եւրոպացի, կեանքի ու գործունէութթեան մարզերով Ամերիկացի, ապրումներով
եւ աշխարհայեացքով ՀԱՅ։
․․․ յապաւումներով․․․
Երկար
տարիներ վարած է «Ամերիկայի Ձայն» Միջազգային տեղեկատու սպասարկութեան հայկական
բաժնի խմբագրութիւնը, միաժամանակ աշխատակցելով ամերիկեան թերթերուն, առանց անտեսելու
մամլոյ հայկական ածուն։ 1970-էն մինչեւ 1994 Կարապենցի հրատարակած գործերն են- «ԱՆծանօթ Հոգիներ»-1970, «Կարթագէնի Դուստրը»-1972, «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները» 1975, «Միջնարար»-1981, «Ադամի
Գիրքը»- 1983, «Ամերիկեան Շուրջպար»-1986, «Մի Մարդ
ու Մի Երկիր»-1994»
Ընդմիջում
– Երաժշտութիւն
Զարմինէ- Դժուար է
եղած Հայ կնոջ - ի մասնաւորի տաղանդաւոր կնոջ -ճանապարհը մեր պայմաններուն մէջ։
Վեհանոյշ՝ մեր օրերու բանաստեղծուհին, իր ուրոյն խօսքն ունի միշտ եւ ըսելիք մը
անպայման ամէն առիթով։ Իր բանաստեղծու-թիւններուն ընդմէջէն իր գրչին հեղինակաւոր
ու յարգելի ձայնը լսելի դարձուցած է Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկա ու Հայաստան։ Թեքեան
այսօր ալ ըսելիք ունի – լսենք իր խօսքը Կարապենցին մասին։
Սրտի
խօսք- թիւ 2 – Բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեան
․ ․ ․
․
Կարապենց
իր ութը հատորներու կողքին հայ մամուլը հարստացուց անհամար փորձագրութիւններով,
հիացմունք պատճառելով իր ընթերցողներուն, իր հարուստ պաշարով, եւ բազմազան
նիւթերու զարգացումով։ Գրեթէ ամէն նիւթ շօշափած ու վերլուծած է, իր իւրայատուկ
ոճով, ոչ միայն հատաքրքրական, այլ նաեւ՝ հաճելի ոճով մատուցելով զանոնք։
ՀԱՅՐԵՆԻՔ ու ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերուն իր մնայուն սիւնակով ան իր
ոճին սքանչելի պարզութեամբը, եւ նիւթերուն այլազանութեամբը կը կապէր իր
ընթերցողները, որոնք անհամբերութեամբ կը սպասէին յաջորդ շաբթուայ մատուցուելիք
նիւթին։ Եթէ զինք յուզած էր հեռաւոր լեռներու
կանչը, զայն փոխանցած էր իր ընթերցողին։ Մտահո՞գ է Հայաստանի բանակին, միջավայրին
սպառնացող վտանգին մասին, գրած է Ամերիկայի ապահովագրութեան մասին, հիւմորի
վերածելով գրած է սեռի մասին, փորձած է բնորոշել գաղափարապաշտներն ու
պատեհապաշտները, Հայն ու հայրենասիրութիւնը․․․
Զարմինէ- Այս նիւթին շուրջ կ՛արժէ
փոքրիկ մէջբերում մը եւս աւելցնել- զոր իր մահուընէն տարի մը առաջ գրուած է-
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք Պօղոսեան
ՀԱՅ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ- Նոր Կեանք-ԺԶ տարի-
Յնվ․ 13,
1994
«Հայրենասիրութիւնը
միայն բանաստեղծների երգերում չի ծաղկում, այլ նաեւ մարդկանց առօրեայ կեանքի
ամենաչնչին երեւոյթներում։ Բարեկրթութեան հետ զուգընթաց՝ հայրենասիրութիւն է նաեւ
յարգանքը տարեցների ու կանանց նկատմամբ։
Հայրենասիրութիւն
է նաեւ տուն շինելը, երգ երգելն
ու գիրք գրելը։ Ինչպէս նաեւ հայրենասիրութիւն է աշխատասիրութիւնը, արդարամտութիւնն
ու այլասի-րութիւնը։ Հայրենիքը ուրիշները չեն կառուցում։ Մենք ենք մեր տան ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան տէրը։ Եթէ մենք չանենք
ուրիշները չեն անի։ Մենք ենք ու մեր Հայաստանը, մեր յոյսն ու հաւատքը, մեր այսօրն
ու ապագան»։ Դեկտ ․29, 1993
Բոստոն
Զարմինէ- Կարապենցի լեզուն ե՛ւ պարզ
է, եւ խորունկ, հարազատ ու յստակ ոճով, կոկիկ ու խնամուած - «Ինձ միշտ էլ հիասթափութիւն, նոյնիսկ զայրոյթ են պատճառել
անփոյթ նախադասութիւնները, անպատասխանատու խօսքերը, իսկ սխալ գործածուած բառը
այլեւս ուղղակի արգահատանք է առաջացնում գրողի հանդէպ» (Երկու Աշխարհ-
էջ 271)
Կարապենց ոչ միայն հեռու է -այսպէս ըսուած- սփիւռքի
արդիականներու «լաբիւրինթոսային առեղծուածի մօտեցող խօսքերէն» այլ եւ գիտակից է
թէ «ծանրաշունչ
ածականներու անյարիր խորհրդածութիւններու գործածութենէն ո՛չ միայն գրողին տողերը
կը կքին, այլ եւ ընթերցողին ֆիզիքական ցաւ կը պատճառեն»․․․
Կարապենց խիստ է իր գրչին նկատմամբ-
«Գրել սկսել եմ վաղ պատանեկան տարիքից,
սակայն այլոց կողմից գրոց ճանաչուելուց ամբողջ քսան տարի յետոյ միայն
համարձակուեցի հրատարակութեան յանձնել իմ առաջին հատորը՝ «Անծանօթ Հոգիներ»ը, որը արդիւնքն էր մինչ այդ կուտակուած
փորձարկումների»։
Ինքն իր մէջ գրողը կը նկարագրէ իր մշակած
գրականութեան մասին ու անոր ճամբան կը քարտէսագրէ հետեւեալ ձեւով- -
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք Պօղոսեան- ԳՐՈՂՒ եւ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ - հատուածներ
«Սկզբից էլ ես ինձ
փորձնական ու, փորձնապաշտ գրող եմ համարել, մէկը որ ջանում է նախ գտնել իրեն, ապա
փորձարկման ենթարկել իր արուեստը, միշտ ձգտելով յայտնաբերել իրեն եւ իր հետ նաեւ
ձեւի ու բովանդակութեան չպեղուած արահետները»։․․․․ «Իմ մտասեւեռումը
միշտ էլ եղել է մարդը եւ, նրա միջոցով հաւաքականը, միշտ մասնաւորը եւ նրա կեանքի
ճիչը, որը եթէ համոզիչ է, ապա արձագանգն է ընդհանրութեան։ Ահա թէ ինչո՞ւ ինձ
հմայում է ժամանակային պահը»։
Զարմինէ- Երկու խօսք՝ ներկայացնելու համար Նիւ Եորքաբնակ Թէրէզ Ոսկերիչեանը - Մեր համայնքէն Նիւ Եորքաբնակ ճշմարիտ գրասէր եւ բանաստեղծուհի Թերէզ
Ոսկերիչեան բախտաւորութիւնը ունեցած է մօտէն աշխատելու Կարապենցի հետ, իր չորս
գիրքերուն հրատարակութեան առթիւ։ Տիկին Ոսկերիչեան հեռախօսով մեզի կը միանայ
պատմելու իր ապրուած օրերէն վկայութիններով-
Երաժշտական դադար ․․․
Զարմինէ․․․ Կարապենցի ներաշխարհին
ամենանուրբ թրթիռները արտայայտուած են իր «Մի
Քիչ էլ Սիրոյ Մասին» փորձագրութեան մէջ որ գրուած է Փետրուար 1994-ին։ Այո՛, կը
հաստատէ ան, սիրելը դիմացինին ներաշխարհը հասկնալուն եւ զայն յարգելուն
ամբողջութիւնն իսկ է․․․
Տողեր ու մտքեր՝ «Մի Քիչ էլ Սիրոյ Մասին» էջէն- կը կարդայ Միսաք Պօղոսեանը- յապաւումներով
«Ամէն ոք կարող է գրել
սիրոյ մասին․․․որովհետեւ Սիրոյ չափ եւ
խորութիւն գոյութիւն չունի։ Կայ լոկ սէր, որը տարբեր է մարդկանց մօտ, տարբեր յղացք
է ստանում՝ ստեղծելով իր ուրոյն աշխարհը։ Առանց սիրոյ կանգ կ՛առնէր
քաղաքակրթութիւնը, աւելի լայն առումով, կը ցամաքէր արուեստի ու մշակոյթի յուռթի
պարտէզը։ ․․․․․ Սէրը ժամանակ ու տարիք չի ճանաչում։ Մէկ էլ տեսար գարունն
ու աշունը հանդիպել են իրար եւ հրդեհել մօտաւոր ու հեռաւոր անտառները։ Դու գնա՛
հազար տրամաբանական վարկած բեր, հազարն էլ ջուրը կ՛ընկնեն Սիրոյ եւ Զգացմունքի
քուրայի առջեւ։ Իսկ հասարակութի՞ւնը։ Հասարակութիւնը պիտի խօսի եթէ նոյնիսկ մի
ամբողջ կեանք ապրես հրեշտակների թեւերի վրայ։» Փետր․ 18, 1994-Բոստոն
Զարմինէ- Սիրելի ունկընդիրներ –
այս յայտագիրը գրական երեկոյ մը չէ, եւ․․․
բնաւ չենք յաւակնիր Կարապենցը իր ամբողջական գործերով ներկայացնել, եւ ոչ ալ իր
գործերուն վերլուծումները տալ։
Այժ, կը հրաւիրեմ բարձրախօսի մօտ մեր օրերու գրասէր
դէմքերէն, երկլեզու Անգլերէն եւ հայերէն հմուտ գրողը, որ միշտ ալ ճիշդ բառը ունի
արտայայտուելու, եւ դիւրութեամբ մեկ
լեզուէն միւսին անցնելու հեզասահ ոճ մը ունի։ Այսօր անգլերէնով պիտի արտայայտուի, կը հրաւիրեմ Արիս
Սեւակը։
Հեռաձայնային կապով եթերին կը միանայ Արիս Սեւակը
Վարդան Ապտօ- երաժշտութիւն
* * *
Զարմինէ- Կարապենց իր նուրբ ու
փափկանկատ, ազնուական կեցուածքին զուգահեռ գիտէ նաեւ զգաստութեան հրաւիրել – ի՛ր
գրիչով- մեր մէջ արմատացած կոյր ազգայնականութեան ախտը ողջմտութեան ու
իրատեսութեան պայծառ տեսողութեամբ փոխարինելու ․․․ մեր ժողովուրդին զգացական տարրը չափազանցութիւններէն ու
ծայրայեղութիւններէն հեռու պահելու։
ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ - «ԱՅՍ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԸ» -էն ․․․ հատուածներ կը կարդայ Միսաք Պօղոսեան-
«Հայը
մէկին կամ սիրում է կամ ատում։ Միջին ճամբայ չկայ նրա համար։ Միշտ ծայրայեղութիւնների
մէջ է։ Կամ բարեկամ է, կամ թշնամի։ 19-րդ դարի բրիտանացի քաղաքագէտ ու վարչապետ
Լորտ Փամըրսթոնն էր, որ յայտարարեց՝ «Մենք
յաւիտենական դաշնակիցներ չունենք, ոչ էլ մշտնջենական թշնամիներ։ Մեր (ազգային) շահերն են յաւիտենական ու մշտնջենական։ Մեր
պարտականութիւնն է հետապնդել մեր (ազգային) շահերը»։ ․․․
«Մեզ մօտ ընդհանրապէս չի
հանդուրժւում քննադատութիւնը։ Մեր բոլոր ղեկավարները անսխալական իմաստուններ են։
Փորձիր քննադատել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն․․․( անունը զանց առնուած է ) ու որդեգրած այս կամ
այն քաղաքականութիւնը, կամ մեր կուսակցութիւնների
ու ազգային մարմինների այս կամ այն գործիչի գործունէութիւնը եւ տես թէ ինչպիսի՜՜
գանակոծութեան կ՛ենթարկեն քեզ»։․․․ «մեծ մեծ
խօսում ենք ծածկելու համար մեր անճարակութիւնը։ Հիմա էլ կպել ենք Ամերիկային,
անգլերէն ենք սովորում եւ իւրացնում Ամերիկայի ամէնից յոռի երեւոյթները։ Ինչո՞ւ
չէ։ Պէտք է սովորել անգլերէն։ Անգլերէնի հետ Ռուսերէն ու նաեւ՝ թուրքերէն։ Թրքագէտ
քանի՞ հայ կայ Երեւանում։ Իսկ այս բոլորից
առաջ՝ պետք է սովորել ՀԱՅԵՐԷՆ»։
․․․ « Այս
բոլորը մեր զգայականութեան հետեւանքն են։ ․․․ ճրագն առած՝ բարեկամներ ու թշնամիներ ենք փնտռում, երբ
խորքում մե՛նք ենք մեր բարեկամն ու թշնամին։ Մենք շարունակ արտաքին ուժերի մէջ ենք
տեսնում մեր դժբախտութիւնը, երբ փաստօրէն ՄԵ՛ՆՔ ենք մեր ձախողանքների պատճառը»։
․․․ «
Կարեւորը չափազանցութիւններից ու ծայրայեղութիւններից խուսափելն է։ Մե՛նք ենք ու
մեր ժողովուրդը։ Մե՛նք ենք ու մեր հարեւանները։ Մե՛նք ենք ու մեր հողը։ Մե՛նք ենք
ու մեր ճակատագիրը։ Մե՛նք ենք մեր ճակատագիրը։ Մե՛նք ենք մեր ճակատագիրը կերտողը։
Մե՛նք իսկ մեր ճակաագիրն ենք»։
Հիմա
խոր յարգանքով ու հիացումով կը հրաւիրեմ Սփիւռքահայ մեր երէց Գրողներէն, ճակատագրի մէկ խաղով ցեղասպանութենէն հրաշքով
ազատած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած երաժշտագէտն ու արձակագիրը, որ իր
հատորներով վկայակոչած է իր ոդիսականը Չոմախլուէն մինչեւ Նիւ Եորք –Նիւ Ճըրզի։
Յակոբ
Ասատուրեան Հին Սերունդի ամենայարգելի մեր գրողներէն կը միանայ մեզի իր գրչակիցին
յիշատակին ջերմ ու տաքուկ խօսքերով։ Սիրելի մեր գրագէտը միշտ պատնէշի վրայ է, իր
ստեղծագործութիւններով ու մշտահոս գրիչով – վկայ՝ իր քանի մը ամիս առաջ հրապարակ
իջած Կոմիտասի 125-ամեակին նուիրուած հատորը։
Սիրելի
Նահապետ՝ Յակոբ Ասատուրեան – այժմ պատրաստ ենք ձեր սրտի խօսքը լսելու․․․
․․․ Երաժշտական ընդմիջում եւ վերջաբան․․․
Զարմինէ․․․
Սիրելի
գրասէր ունկընդիրներ ․․․ այս յայտագիրը մի քանի փոփոխութիւններ կրեց, կը յուսանք որ համադրութիւնը կը
պատշաճի Յակոբ Կարապենցի անմար յիշատակին։ Բնաւ չենք յաւակնիր որ Կարապենցը իր ամբողջական գործերով եւ կամ գործերուն
վերլուծումովը պիտի կարենայինք ներկայանալ։
Յակոբ
Կարապենց իր տասնեակ մը հատորներով, բազմաթիւ փորձագրութիւն-ներով,
դասախօսութիւններով, ամբողջ կէս դար մը անբաժան մէկ մասնիկն էր մեր առօրեային,
ներկայութիւն մըն էր ամերիկեան մեր բոլոր համայնքներուն մէջ։
«1925-ի ծնուածները ո՞ւր
մնացին» իր մէկ գրութեան մէջ կը գրէ «1925-ին
շատերն են ծնուել, ոմանք անյայտ մեծութիւններ են եւ կամ՝ յայտնի ոչնչութիւններ, որովհետեւ այդ սերունդը․․․․»։
Այսօր, մենք ալ առանց հարց տալու թէ ո՞ւր մնացին
1925-ի ծնունդները, կրնանք հաստատել, որ այդ փնտռուած մեծութիւնը դո՛ւք էք, սիրելի
Կարապենց, 1925-էն ի վեր ամէն մէկ օրուան նայեցաք, նոր խօսք ու նոր գիրք ձգելու
առաջադրանքով, ու միշտ վստահ, որ վաղուան ձեր ասելիքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ «Պիտի լինի
աւելի լաւ, քան այն ինչ որ ասել էք»։
Ափսոս, որ վաղուայ էջը ձեր գրչով պիտի չծնի այլեւս։
Սակայն․ անկասկած հայ գրականութեան ձեր
ձգած ժառանգութիւնը, ձեր պատկառելի վաստակը որպէս «հրաշալի մի համանուագ»
պիտի մնայ անբաժան մասը մեր անցեալին, ներկային ու ապագային։
Շնորհակալութիւն՝
Նիւ Ճըրզիի Համալսարանի եթերէն ձայնասփռուող Հայ Ձայնասփիւռին (WSOU- 89.5 FM- Seton Hall University – Ամէն Կիրակի կ․ե․ ժամը 2-4) այս հիւրընկալ
առիթին համար։
Մասնաւոր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն Հայ Ձայնասփիւռի
Տնօրէն Փրօֆ․ Վարդան Ապտօյին տուած
քաջալերանքին եւ յայտագիրը երաժշտական բաժիններով հարստացնելուն համար։
Հաղորդումը վարեց՝ Զարմինէ
Պօղոսեան
Կայանի գրասենեակէն
Friday, August 6, 2021
Remembering Arch-Priest Der Vertanes-5th Anniversary- August 5, 2016_2021- Zarmine Boghosian
ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԶԱՒԱԿԸ, ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆ ու ԱԶԳԱՅԻՆԸ
Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի Վախճանումին առթիւ
12
August 1939 Aleppo - Syria - 5 August, 2016 Wayne.
«Երեւի ամէն մարդ թանկ մէկին պիտի կորցնի, որ յետոյ ամբողջ կեանքում որոնի, քանի ապրում է... » Վարդգէս Պետրոսեան
«Թանկ» բառը չեմ գիտեր թէ իսկապէս պիտի կարենա՞յ պարփակել մէ՛կ
անհատի մէջ ամփոփուած բոլոր այն առաքինի ծառայութիւնները, որ Արժ. Տ. Վրթանէս Ա.
Քհնյ. Գալայճեանը կը մարմնաւորէր իր ողջութեան: Հոգեւորական մը՝ որ իր ֆիզիքական երկրային
գոյութիւնը յանձնեց Նիւ Ճըրզիի Ճօրճ Ուաշինկթըն Յիշատակի Այգիին՝ միանալու համար
երկնային կապոյտին մէջ թեւածող իր հօր՝ Տիրահայր Գէորգին հոգիին:
Օգոստոս Հինգէն ի վեր իրար յաջորդող
ցաւակցական խօսքերն ու վշտակից գրութիւնները բոլորն ալ եկան ընգծելու մեր եղբօր
արժանիքները թէ ան հաւասարապէս ե՛ւ հայրենասէր էր եւ եկեղեցասէր, հայ լեզուի
ջատագովն էր եւ ընտանիքը սիրող զաւակ:
Գրեթէ անհաւատալի կը թուի թէ արդէն կէս
դարէն աւելի -63 տարի անցած է այն օրէն՝ երբ առաջին անգամ տասներեք տարեկան Զաւէն
եղբայրս յանձնուեցաւ Դերենիկ Սրբազանին, բարձրագոյն ուսում ստանալու երազով դառնար
Անթիլեաս Դպրեվանքի սան:
Երբ շրջանաւարտ ըլլալէն ետք տուն
դարձաւ եղբայրս հօրս յայտնեց թէ որոշած է ազգին ծառայել հոգեւորական դառնալով:
Հայրս մէկ պատասխան ունէր տալիք – «Ըրէ՛ այնպէս որ յետոյ չըսես թէ հայրս ապագայի
իմ ծրագիրներուս արգելք եղաւ»:
Ցեղասպանութենէն հազիւ փրկուած հօրս
համար, մանաւանդ՝ այդ օրերուն անդրանիկ մանչ զաւակը նիւթական մեծ ապահովութիւն կը
նշանակէր հ՛ոն Հալէպի – Ազէզի մէջ: ԱՆգիր օրէնք էր, կամ՝ սովորութիւն, որ
ընտանիքին անդրանիկ զաւակը նախակրթարան աւարտելէ ետք անմիջապէս «աղուոր»
արհեստ մը սորվելով շուտ եւ շատ դրամ շահելու (շինելու) ձեւը գտնէր: Հինգ զաւակի
տէր հայս այս բոլորը զգալով հանդերձ անձնասէր չեղաւ: Իր ընտանիքին յուսատու այդ
ապահովութիւնը, իր անդրանիկ զաւակը կը զիջէր Հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցիին:
Անկէ ետք մենք-քոյր եղբայրներով տարուէ
տարի զգացինք թէ մեր երէց եղբայրը մեզ հարստացուց իր հոգեւոր ազդեցութեամբ, իր
կեանքին օրինակով եւ իր երկու քոյրերուն եւ երկու եղբայրներուն հանդէպ ցուցաբերած
հոգատարութեամբ: Բնականաբար, աղբիւրը այդ հոգատարութեան կը բխէր ծնողքէս- հանգուցեալ
հօրս՝ Գէորգէն եւ 93-ամեայ մօրս՝ Տիրամայր Զապէլ Գալայճեանէն:
Հիմա ես ալ որպէս մայր եւ մեծ մայր կը
զգամ թէ ի՜՜նչ ըսել է տասնըերեք տարեկան անդրանիկ զաւակդ ընտանիքէն հեռու ուրիշ
երկիր, գիշերօթիկ ղրկել, յանուն՝
բարձրագոյն կրթութեան, հոգեւոր եւ մտային զարգացման, այն ալ տասնըերեք տարեկանին
եւ ... այսօրոայ հաղորդակցութեան կապերու
չգոյութեան:
Ուրբաթ՝ Օգոստոս 12-ին Տան Կարգի
արարողութիւնը Տէր Վրթանէսին 77-րդ տարեդարձը նշէր: Նիւ Ճըրզիի Ս. Ղեւոնդեանց
եկեղեցին լեցնող սգակիրները – երկու օրերուն ալ - եկան փաստելու, որ իր անմիջական
ընտանիքէն հեռու մնալով քահանայ եղբայրս այսքան մեծ թուով ընտանիքի մը
գուրգուրանքին եւ յարգանքին արժանի դարձած էր: Աշակերտներ, գործակիցներ,
ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր, նպաստընկալներ բոլորն ալ ըսելիք ունէին, թէ ինչպէս եւ
ինչ պայմաններու տակ Տէր Վրթանէսը իրենց կեանքէն ներս ներդրում մը ունեցած էր:
Տէր Հօր Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս.
Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովուական շրջանին կարճ ժամանակի մէջ եկեղեցիէն ներս տեղի
ունեցած բարելաւումները կը թուէին,
Հ.Ե.Ե.Կ.-ACYOA-ի ձեռնարկներէն «Հայ
Քլապ» երիտասարդացի, «Արարատ» երէցներու խումբի կազմութենէն մինչեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին Նոր
Շէնքի Սրահին շինութիւնը, Կիրակնօրեայ եւ Հայ Դպրոցներուն նոր դասարաններով
օժտուիլը: Իսկ Տէր Վրթանէսին հովուական
օրերուն ծխական խորհուրդի ատենապետը կը թելադրէր - Ի պահանջել հարկին Տէր Հօր
օգնութեան կարիքը ունեցող ծխականին, զայն փնտռել եւ գտնել- «եկեղեցիէն
ու տունէն ետք, հիւանդանոցներէն, գործի ապահովութեան եւ կամ «իմիկրէյշըն»ի գրասենեակներէն եւ կամ՝ շրջանի դատարաններէն-
ուր Տէր Հօր հոգատար գործունէութիւնը իր ծխականներուն համար կը տարածուէր իբրեւ
մխիթարիչ, խորհրդական ու թարգման, իր կոչումին եւ պաշտօնին հաւատարիմ անձը,
հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ ծառայող
հոգեւորականը, միշտ ալ իրեն գործակից ունենալով նոյնքան հաւատացեալ եւ ծառայասէր Երէցկին
Անահիտը»:
Այո, Գալայճեան Տիրահայր Գէորգին եւ
Տիրամայր Զապէլին անդրանիկ որդին տասներեք տարեկանէն սկսեալ (1953) Հայց. Եկեղեցւոյ
եւ իր ժողովուրդին նուիրեալ զաւակն էր: Աշխարհագրական
անուններով լեցուն լայնածաւալ քարտէս մըն է որ գծած է ան իր կեանքին շրջանին, ամենուրեք
իր հոգիէն ու սէրէն բաժին հանելով բոլոր անոնց որ իր օգնութիւնը փնտռած են այս կամ
այն պատճառով: Իր անմոռանալի յիշատակները տարածուած են- Լիբանանաի մէջ՝ Անթիլեաս,
Պէյթ Մէրի, Պիքֆայա, Յորդանանի մէջ՝ Երուսաղէմ, Ամման, Հրեշտակապետաց, Թարգմանչաց
Վարժարան, Սիոն Ամսագիր,Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ- Ս. Վարդան, Կիլիկեան Վարժարան, Միացեալ
Նահանգներու մէջ՝ Ուոքիկըն, Էլպէրոն, Եունեըն Սիթի, Ճամբար Նուպար, Ճամբար Վարդան,
եւ ապա վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ հովուական
ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ազգային, բարեսիրական գործունէութիւններու շարանով
մը՝ Հայրենիքէն ներս:
Ուաշինկթընի ծխականներէն Տօքթ.
Գումգուգումեանին վկայակոչումը շատ բան կ՛ըսէր Տէր Վրթանէսին անձին ու նուիրումին
հանդէպ հանդիսութեան մը ընթացքին- Տէր
Վրթանէսը- ըսաւ Գումգումեանը-« հաւատալով
թէ այսօրուան պատանին վաղուայ առաջնորդն է Հայ եկեղեցիին ու կազմակերպութիւններէն
ներս, զանազան հետաքրքրական ձեռնարկներով, պաշտօնի հարկադրանքէն անդին մինչեւ իսկ
անհատական զոհողութիւններով, փաստեց թէ տարիքային տարբերութիւն բնաւ գոյութուն
չունենար եթէ հասկացողութեամբ մօտեցում
ըլլայ», «ան մեզի համար –շարունակեց Գումգումեան – իրա՛ւ ուսուցիչն էր ամէն բանէ առաջ, որ մեզի ուսուցած է ո՛չ այնքան
քարոզչական խօսքերով այլ՝ իր անձին օրինակովը- ան մեզի սորվեցուց ինչպէս ներել
գիտնալ, ու հաւատալ՝ նոյնիսկ շարունակական, անվերջ թուացող յուսախաբութիւններէ ետք
իսկ»:
Այո՛, Տէր Վրթանէսն ալ իր հովուական
զանազան շրջաններուն իր կարգին շատ մը յուսախաբութիւններ ունեցած էր: Սակայն անոնք
բնաւ չկրցան արգելք հանդիսանալ իր առաքելութենէն շեղելու եւ իր հաւատացեալ
ժողովուրդէն հեռանալու:
Վերջին օծումի եւ թաղման
արարողութիւններուն կը նախագահէր Առաջնորդ Սրբազան հայր՝ Բարձ. Տ. Խաժակ Արք.
Պարսամեանը: Սրբազան հայրը իր դամբանականին մէջ ընդգծեց Տէր հօր բազամազան
բարոյական եւ մտաւորական արժանիքները, ի մասնաւորի Տէր Հօր երկլեզու (Անգլ եւ
Հայերէն) բարձր ոճով արտայայտուելու եւ գրելու շնորհքը:
Վկայութուններու շարանը երկար է, որ
պիտի ամփոփուի Տէր Հօր Քառասունքին նուիրուած գրքոյկին մէջ: Ամէնէն կարեւորը
հոգիներէն ներս թափանցող իր ցուցաբերած գուրգուրանքն ու հաւատքն էր իր ժողովուրդին
հանդէպ:
Ստորեւ անոնցմէ մի քանին- Լոս Անճելոսէն
հոգեւոր հայր՝ Տ. Ղեւոնդ Քահանան կը գրէր- «Կան Մարդիկ, որ աշխարհ գալով իրենց
հետ լոյս եւ ջերմութիւն կը բերեն: Անոնք կ՛ապրին իրենց կեանքը սերմանելով բարին,
գեղեցիկն ու ճշմարիտը: Ապա Անեղին հրամանով հրաժեշտ կու տան իրենց երկրաւոր
կեանքին, լուսաւոր յուշ եւ անսփոփ կարօտ թողնելով բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք
բախտը ունեցած են զինք ճանչնալու, տեսնելու եւ կամ լսելու: Ահա այդպիսին էր մեր
բոլորին սիրելի եւ բոլորիս յարգանքը վայելող հոգելոյս Տէր Վրթանէս Ա. քհնյ.
Գալայճեանը: Ան եղաւ յոյսը, լոյսը եւ ճշգրիտ ուղեցոյցը ոչ միայն իր հարազատներուն,
այլեւ իր խնամքին յանձնուած հաւատաւոր հօտին»:
Իսկ Ֆիլատելֆիայէն Տ. Ներսէս Ա. Քահանան ցաւակցական նամակով կը փոխանցէր իր
ջերմ մխիթարական խօսքերը- «Հեռուէն
աղօթակից եղայ ձեր բոլորին հետ ի հանգիստ եկեղեցականի մը, որ իր ամբողջ կեանքի
տեւողութեան բացառիկ աշխուժութեամբ տքնեցաւ Աստուծոյ անդաստանին մէջ՝ իր լաւագոյնը
եւ ունեցածէն շատ աւելին տալու մարմաջով եւ պատրաստակամութեամբ, միշտ յիշեցնելով
շրջապատին՝ Քրիստոսի իտէալ ծառային պատկերը: ... Անցեալին մի քանի առիթներով
պատիւը ունեցած եմ երջանկայիշատակ եղբօրդ հետ զանազան եկեղեցիներու մէջ միասնաբար
խորհուրդներ կատարելու եւ մօտէն զգալու իր սիրահամբոյր նկարագիրը եւ մարդոց
մօտենալու անուշ նկարագիրը, ինչու չէ նաեւ իր Հայ եկեղեցւոյ ծէսին հանդէպ ունեցած
բացառիկ բծախնդրութիւնը: Այս բոլորին վրայ անշուշտ պէտք է աւելցնել իր մասնայատուկ
ժպիտը, որ կու գար ամբողջացնելու սիրալիր ու տաքուկ ընկերային պահ մը»:
Իսկ Տօքթ. Արտաշէս նշանեան կը վկայէր թէ- «Վերջին շրջանի եզակի հոգեւորական
ներկայացուցիչն էր ան՝ վախճանեալ Տէր Վրթանէսը, որ երկար տարիներու ծաւալուն ու
բազմաբեղուն համայնքային գործունէութեամբ վստահութիւնն ու յարգանքը կը վայելէր ողջ
հայ եկեղեցականութեան ու աշխարհական դասուն»:
Ընտանիքիս բոլոր
անդամներուն անունով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Առաջնորդ Սրբազան հօր, Նիւ
Ճըրզիի Սրբոց Ղեւոնդեաց Եկեղեցւոյ Հովիւ Տ. Տիրան Քհնյ. Պոհաճեանին եւ Ծխական
Խորհուրդին, ուր Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրուայ Տան Կարգի եւ Վերջին Օծումի
արարողութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր:
Շնորհակալութիւն՝ բոլոր ներկայ հոգեւորական դասուն, միութենական եւ ազգային
ներկայացուցիչներուն, մեր ընտանիքին վշտակից հեռու ու մօտիկ բոլոր սգակիրներուն:
Եթէ մի քանի բառով փորձէի բնորոշել եղբօրս ներդրումը ընտանեկան եւ ազգային կեանքէն ներս այդ պիտի ըլլար կրկնել սգակիրներէն քաղուած հետեւեալ
խօսքերը-
- Սիրուած ուսուցիչ, ցաւակից, անձնուէր, արդարամիտ, ազգասէր, բարեսէր, ազգանպաստ, առատաձեռն, անվախ ու քաջակորով՝ որ իր կաշին
փրկելու կամ՝ փառքի համար չէր զիջէր իր անկեղծութիւնը, ըսուելիքը կ՛ըսէր առ որ անկ է:
Ահա այդպիսին էր մեր հարազատ երէց եղբայր
Զաւէնը, ժողովուրդէն ճանչցուած եւ յարգուած Տէր Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեանը,
որուն բարեհամբոյր հոգին իր լուսաւոր ժպիտով տակաւ պիտի թեւածէ մեր առօրեայէն
ներս: Մշտնջենական լոյս իր անձնուէր
հոգիին:
Կրկին շնորհակալութիւն՝ եւ բիւր
երախտագիտութիւն բոլոր անոնց՝ որ վշտակից դարձան մեր կորուստին - Տիրամայր
Զապէլին, Երէցկին Անահիտին եւ Տէր Վրթանէսին երեք որդիներուն՝ Դոկտ. Զաւէնին, Պերճին,
կրտսեր որդւոյն՝ նորօծ Տէր Աւետիսին, քոյրը՝
Դոկտ. Անի եւ եղբայրները՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն:
Ընտանիքին անունով՝ երէց քոյրը ընտանիքին, Զարմինէ
Գալայճեան-Պօղոսեան,
Նիւ Եորք, Օգոստոս 28, 2016
ՅԳ- Տէր Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանին
վախճանման քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան արարողութլիւնը տեղի պիտի ունենայ
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ- Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 18,
2016-ին:
Monday, July 26, 2021
NARREC_Armenian Page by Zarmine Boghosian_June 1, 2021
ՅՈՒՆԻՍԸ ․․․ ԱՐԵՒ ՈՒ ԼՈՅՍԸ ՄԵՐ ՏԱՆ - ՀԱՅՐԵՐՈՒ
ՏՕՆ
Աստուած ըսաւ ․ «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց
Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Աստուած երկու մեծ
լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար(Արեւ) ու պզտիկ
լուսաւորը (Լուսին )գիշերուան
իշխելու համար։ Ծննդոց 1։4
Առաւօտ լուսոյ ․․․
Արեգակն արդար․․․․
Առ իս լոյս ծագեա․․․
Ներսէս
Շնորհալիի դասական, շատ իմաստալից եւ սքանչելի, այբենական կարգով գրուած վերոյիշեալ
բանաստեղծութեան առաջին վեց համարները երգելով կը բացուէր մեր դպրոցական օրերու իւրաքանչեիւր
առաւօտը։ Մեր ուսուցիչները կը բացատրէին, որ ամէն առաւօտ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ առաւօտեան
ԱՐԵԳԱԿ-ԱՐԵՒ-ին հետ լոյս ծագի մեր վրան։ Լոյսը՝ խորհրդանիշը գիտութեան եւ
իմաստութեան։
Արեւի
պաշտամունքը- կամ երկրպագութիւնը նախաքրիստոնէական
շրջաններէն սկսած՝ գրեթէ բոլոր մշակոյթներու մէջ ընգրկուած է որպէս մութը-չարը
վանող ուժ եւ զօրութիւն բաշխող։ Այդ ժամանակներուն գրեթէ բոլոր աստուածները ունէին
արեւի նման յատկութիւններ։
Հին
Հայկական դիցաբանութեան համաձայն Միհրը լոյսի եւ ներդաշնակութեան աստուածն էր, նաեւ ճշմարտութեան աստուածը որ Արամազդի
որդին կը համարուի։
Միհրի պաշտամունքը կեդրոնացած էր պատմական Հայաստանի Դերջան շրջանին մէջ։ Միհրին նուիրուած տաճարը վերափոխուած է Բագարիչ գիւղին մէջ,
(Սողոմոն Թէհլիրեանի ծննդավայրը), բայց՝ Տրդատ երրորդ արքան քրիստոնէութիւն ընդունելէն ետք քանդուած: Հայաստանի մէջ գտնուող Գառնիի տաճարը, որ վերջին կանգուն
հեթանոսական տաճարն է, նուիրուած էր Միհրին՝ նոր հեթանոսները զայն վերաօծեցին
Վահագնին։ Միհրը կը
կապեն նաեւ առասպելական Առիւծ Մհերին
հետ։
Բնիկ
ամերիկացի-հնդիկներէն սկսեալ, եգիպտական եւ հռոմէական մշակոյթներու մէջ բացայատ են
արեւի պաշտամունքի ծէսերը։ Հիւսիսային ամերիկայի բնիկները նշանաւոր են իրենց «Արեւի Պար»-ով։ Հռոմէացիներուն համար պատմութեան վերջին շրջաններուն արեւի երկրպագութիւնը
շատ կարեւոր դարձած էր, այն աստիճան որ շատ մը պատմաբաններ այդ շրջանը
բնութագրեցին որպէս «արեւի
միաստուածութիւն», կամ մէկ խօսքով՝ արեւի գրեթէ ամբողջական երկրպագութիւն:
Իսկ
քրիստոնէական շրջանէն սկսեալ հոս անպայման յիշենք - Մեծ Պահքի շրջանին ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ շարականներէն մին, որ ի՜նչ թովիչ, ներշնչող յատկութիւն ունի «Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյս»-
շարականին իւրաքանչիւր համարէն ետք կրկնուող տողը- «ի ծագել լուսոյ առաւօտուս, ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի»․․
Անկրկնելի
բանաստեղծ՝ Պարոյր Սեւակ, իր բանաստեղծութիւններու շարքով հատոր մը վերնագրած է՝ ԵՂԻՑԻ
ԼՈՅՍ – երբ կ՛երգէ ․․․ Լո՛յս, Լո՜յս զուարթ․․ Եւ ոչ թէ լոյս երեկոյի, Ի մտանել արեգական, - Այլ լոյս զուարթ
արդար գոյի՝ Շաղաւոտն առաւօտի․․․
Մեր աւանդական
շարք մը մաղթանքները, գնահատանքի խօսքերը- երբեմն ալ անէծքները- շատ յաճախ արեւի հետ կը կապուին։ «Արեւի պէս փայլուն դէմք ունի»։
Եթէ
ընտանիքէն մէկը մահանայ «մնացած արեւը քեզի»
կ՛ըսենք։ «Արեւիդ մատաղ ըլլամ» կ՛ըսեն
մեծ-մայրերը հասակ առնող իրենց թոռնիկներուն հասակին նայելով։ Երբ տան տղամարդը անժամանակ
մահանայ կ՛ըսեն «Տան արեւը խաւարեցաւ»։ Մէկը անիծելու համար կ՛ըսէին «արեւի երես չտեսնես»․․․ եւլն․
Եթէ
մէկը շուրջիններուն զարմացնելու համար վերամբարձ, բառարանային բառեր գործածէ
կ՛ըսեն «արեւ չտեսած բառեր կը գործածէ»։
Ժողովրդական
առածը կ՛ըսէ «Արեւ մտած տունը բժիշկը գործ
չունի»- այսինքն արեւը նաեւ բուժիչ յատկութիւն ունի։ Սակայն, այս օրերուն երբ
համավարակի պատճառով մարմնին դիմադրողականութիւնը զօրացնող կարեւոր կենսանիւթ կը
համարուի (Vitamin D) «Տի»ն, արեւին
ճառագայթները - միաժամանակ՝ մորթի
մասնագէտները կը թելադրեն չափաւորել ուղիղ արեւի ճառագայթներուն տակ մնալը-
մորթային քաղցկեղէն խուսափելու համար։
Հայրենասիրական
մեր երգերուն մէջ միշտ յիշուած է Արեւ-Արեգակը,
իսկ առաւօտեան արեւածագին հետ բացուող լոյսը՝ գործի անցնելու, պայքարելու որպէս
սկիզբ կը համարուի։ Կան Ժողովրդական այլ ասոյթներ
նաեւ, որ շատ հետաքրքրական են-յիշենք մի քանին-
«Արեւը աղբով չի պղծուիր։ Արեւը վատ տեղն է մար մտել։ Արեւուդ դերձանը կտրի։
Արեւը չծագած՝ ինչե՜ր կը կը ծագին։ Արեգակը չարըխը կը սխմէ, չարըխն ալ ոտքը»։
Հայրենասիրական
երգերէն կարելի է քայլերգի ռիթմով յիշել այն երգը որ քաջալերական եւ պայքարի հրաւիրող
խօսքեր ունի այսպէս- Զէյթունցիներու երգին
առաջին տողերը-
«Արեւ ելաւ Զէյթունցիներ․ դե՛հ ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր
գնանք յառաջ․․․»
Մաղթենք որ ԱՐԵՒԸ ՄԻՇՏ ՓԱՅԼԻ մեր ժողովուրդի
երկնակամարին վրայ եւ․․․
«Լո՜յս արարիչ լուսոյ առաջին լոյսը ծագի մեր վրայ ամէ՛ն օր․․ ծագեա ի հոգիս մեր զլոյս քո
իմանալի»․․
Այս Յունիս
ամսուն մեր բոլոր դպրոցներէն շրջանաւարտ եղող զաւակները ԱՐԵՒԻ ՊԷՍ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻՆ ամենուրեք, ինչ ասպարէզէն ներս որ մուտք
գործեն, յատկապէս մեր հայրենիքէն ներս։ Իսկ Հայրերու Տօնին առթիւ յարգանքով եւ
երախտագիտութամբ յիշենք եւ մաղթենք որ մեր հայրերուն ԱՐԵՒԸ անպակաս ըլլայ մեր
ընտանիքներուն երկնակամարին վրայ։
Հայ
ժողովուրդը իր ամէնէն մեծ տիտղոսը ՀԱՅՐԻԿ- բառով շնորհած է ազգանուէր, ժողովրդական
ու շատ սիրուած ու յարգուած կրօնապետին, յանձինս՝ Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Մկրտիչ
Խրիմեան Կաթողիկոսին։ Իսկ Մովսէս Խորենացին կը յիշուի որպէս ՊԱՏՄԱՀԱՅՐ։
Այս առթիւ
կը շնորհաւորենք բոլոր մեր հոգեւոր Հայրերը, որոնք Խրիմեան Հայրիկի օրինակով կը
հետեւին իրենց հօտին հոգեւոր կարիքներուն ու կը հոգան ՀԱՅՐԱԲԱՐ։
Իսկ
իւրաքանչիւրիս յարկէն ներս մեր հայրիկներուն Արեւը բնաւ թող չխաւարի, այլ՝ շարունակէ
պայծառացնէլ մեր հոգիները։
Դանիէլ Վարուժանի տողերէն փոխ առնելով ըսենք՝
Հա՛յր իմ, օրհնէ՛,
դողդոջ ձեռքերդ գլխուս դիր,
Թող մատներէդ կաթի
վար
Աղօթքդ՝ եկած հոգւոյդ պայծառ խորանէն։
Զարմինէ Պօղոսեան- Springfield, PA, Յունիս 1, 2021
About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...
-
ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ (Փետ րո ւար 23-24, 2024) Մեծ Պահքի շրջանի կի...
-
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...



