Search This Blog

Search This Blog

Tuesday, September 7, 2021

1995- Radio Program-in Memory of Hagop Garabents_Jack Karapetian- Coordinated by: Zarmine Boghosian

 

Յակոբ Կարապենցի Նուիրուած Ռատիոյ Հաղորդում

Պատրաստեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան

Փետրուար 2, 1995

Jack Karapetian *August 9, 1925-Tabriz-Iran Oct. 20, 1994-Watertown-MA-USA 

Armenian Radio Hour- Seton Hall- 89.5 FM- ARHNJ

«Արուեստի որեւէ գործ արտացոլումն է իր ժամանակների –գրուած հեւ ի հեւ, մերթ զայրոյթով ու ցաւով, երբեմն սիրով ու երախտագիտութեամբ, սակայն միշտ այն հաստատ համոզումով, թէ ճշմարտութեան փնտռտուքը աւելի կարեւոր է քան յաղթանակի դափնին եւ որ մի կաթիլ գութը աւելի արժէ կան մի ամբողջ գրադարան»։

            Այս տողերով Սփիւռքի ամէնէն բեղուն գրիչներէն եւ փորձագրութեանց տաղանդաւոր վարպետներէն Յակոբ Կարապենց հարազատօրէն ինքզինք կը բնու-թագրէ։ Իր գործերու ծաղկաքաղով այսօր պիտի ջանանք Կարապենցի խօսքերուն ընդմէջէն քիչ մը աւելի ծանօթանալ, զինք ճանչնալու, յիշելու, յարգելու եւ մանաւանդ՝ պանծացնելու Սփիւռքահայ գրողին յիշատակը։

            Այսօրուայ այս յատագրով դուք պիտի լսէք մեր հաղորդումը նուիրուած Սփիւռքահայ արձակագիր՝ Յակոբ Կարապենցին։

            Սրտաբուխ խօսքերու հարազատ արտայայտութիւններով այս յայտագրին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը պիտի բերեն Կարապենցի գրչակիցներէն Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջաններէն Յակոբ Ասատուրեան, Ժիրայր Աթթարեան, Վեհանոյշ Թէքեան, Արիս Սեւակ եւ Թերէզ Ոսկերիչեան։

            Մասնաւոր շնորհակալութիւն Ռատիոժամի Տնօրէն՝ Վարդան Ապտօյին, մեր բոլորին մասնակցութիւնը այս եթերէն դիւրացնելուն համար եւ մանաւաբդ՝ խորին երախտագիտութիւն մեր սիրելի գրողներուն իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար։

            Պէտք է խոստովանիլ, որ որքան ալ գիրն ու գրականութիւնը սիրող եւ կամ ընթերցասէր ըլլանք, մեր առօրեան արգելք է նման վայելքի պահերուն, ի զուր չէ, որ այսօր շուկան սկսած է լեցուիլ սիրուած գիրքերու կամ դասական հատորներու ընթերցումը ձայներիզներով մատուցելու, մանաւանդ՝ առօրեային կարեւոր մէկ մասը երթեւեկով անցնողներուն համար։

            Մեր նպատակը այսօր Կարապենցի գործերէն ծաղկաքաղ մը ներկայացնել է, քիչ մը աւելի ճանչնալու, յարգելու, եւ պանծացնելու յիշատակը սփիւռքահայ գրականութեան աւելի քան տասնեակ մը հատորներ ժառանգ ձգած բազմաբեղուն գրողին, ինքնատիպ ոճով եւ նուրբ ճաշակի տէր այս հեղինակին։ 

            «Ես սփիւռքի ծնունդ եմ, աւելի սփիւռքահայ քան պարսկահայ կամ ամերիկահայ։ Սփիւռքից զատ այլ աշխարհ չգիտեմ, եւ իր բոլոր հակասութիւններով հանդերձ, ինձ հարազատ եմ զգում Սփիւռքի ճամբաներում, երբեմն նոյնիսկ ինձ զգալով աշխարհաքաղաքացի։ Այս լա՞ւ է թէ վատ, չգիտեմ։ Միայն այն գիտեմ, որ մենք կամուրջ ենք հանդիսանում Անապատի Սերունդի եւ՝ Նորագոյն Սփիւռքի միջեւ, մի ահագին առաքելութիւն, որ իրականութիւնը դրել է մեր ուսերին»։

            Յակոբ Կարապենց իր յիշած առաքելութիւնը գիտակցուած լրջութեամբ ընդունեց ու տարաւ մինչեւ իր վերջին շունչը։

            Նոր աշխարհի հին Սերմնացաններու տառապանքի կաթիլները իր ալ ճակատը խոր կնճիռներով ակօսեցին «արեւոտ առաւօտներու կարօտը՛ զգաց ու անհարազատ ճախճախուտները ինկած, երամէն կտրուած արագիլին ցաւովը տառապեցաւ»։

            Սփւռքահայ ընտանիքներու իրար յաջորդող երունդներու միջեւ բացուող աշխարհներու լայն խրամատը տեսաւ, եւ «Անարմադ Ծառին» նայող հօր ափսոսանքին հետ անոր ճիգերուն եւ աղերսին թարգմանը եղաւ։

            Հայութիւնը, ինքնութիւնը վառ պահելու մտահոգութեամբ տառապող հօր մը եւ իր զաւկին միջեւ տեղի ունեցած հետեւեալ խօսակցութիւնը կը պարզէ իր ներաշխարհի քարանձաւներուն մէջ թաքնուած ինքնութին պահանջող կերպարները-

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք եւ Զարմինէ Պօղոսեան

-         Հայրի՛կ, ինչ կ՛ուզես մեզմէ, ի՞նչ ընենք քեզի համար։

-         Ինծի համար չէ, այլ ազգի՛ն համար

-         Ազգին համար ալ ինչ կ՛ուզես որ ընենք

-         Կ՛ուզեմ, որ կամաւո՛ր գրուիք։

-         Կամաւո՞ր, Ինչպէ՞ս

-         Մէկ տարի ձեզի նուիրէք ազգին

-         Զինուո՞ր կ՛ուզես՛

-         Կ՛ուզեմ որ ձեր անձնական գործերը մէկ կողմ թողուք եւ ձեր ժամանակն ու դրամը յատկացնէք ազգին։

-         Կ՛ուզեմ որ Վաչագանը քաղաքի մերձակայ իր հարիւր էյքըր անտառը նուիրէ Ճեֆըրսընի հայութեան։ Կ՛ուզե՛մ, որ Վահրամը այդ հողին վրայ եկեղեցի մը կառուցանէ։ Կ՛ուզե՛մ,  որ  Վահանը եկեղեցիին կից՝ դպրոց մը շինէ։ Կ՛ուզե՛մ, որ Վահագնը այդ հողին վրայ սանկ աղուոր ընդարձակ մարզադաշտ մը պատրաստէ մեր տղոց համար, լողարանով, մարզարանով, սրահով, բեմով, ինչպէս նաեւ առանձնատուներով ու հանրակացարանով։ Կ՛ուզե՛մ, որ մեր ժողովուրդէն ստացածը տասնապատիկ չափով վերադարձնէք ժեղովուրդին․․․

-         Սակայն մենք բա՛ն մը չունինք ժողովուրդէն․․

-         Ամէ՛ն ինչ, դարձեալ բղաւեց Յովնանը։

-         Ի՞նչ, Ինչպէս թէ ամէն ինչ ---

-         Այո՛, Ամէ՛ն ինչ, ձեր անո՛ւնը, ձեր ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ․․․

*  * *

 

Յակոբ Կարապենցի գրչին ու անձին հանդէպ ունեցած մեր երախտիքին որպէս մէկ փոքրիկ արտայարտութիւն, այս յայտագիրը ծրագրած էինք հաղորդել իր կենդանութեան 70-ամեակի սեմին։

            Բոլորովին անգիտակ քաղցկեղին տուած մահավճիռին, թոյլ տուած էինք որ առօրեայի անյետաձգելի գործերը կլանեն մեզ, ու պատճառ դառնան աններելիօրէն ուշացնելու այն ինչ, որ օրին պէ՛տք էր կատարուեր։

            Պատահեցաւ անսպասելին։ Եօթանասունամեակը չտօնած՝ Հոկտ 25, 1994-ին

Հողին յանձնուեցաւ մարմինը ազնուական այս մարդուն, ՀԱՅ մտաւորականի տիպար ներկայացուցիչին։

            Թերթերով մէկ հայ մամուլի էջերը ողողուեցան ածականներու իրար հրմշտկող  տողանցքով, նկարագրելով թէ հայ-սփիւռքահայ գրականութիւնը կը կորսնցնէր վաստակաւոր մշակ մը, առատահունձք ու տաղանդաւոր, խոնարհամիտ, պայծառատես, բծախնդիր, գուրգուրոտ ու հոգածու մեծարժէք ՄԱՐԴԸ, լրագրողը, խմբագիրը, քննադատը, վիպասանը, փորձագրութեան տաղանդաշատ վարպետը, խստապահանջ ու բարձր ճաշակի տէր գրողը, մեր ժամանակներու սիրուած մարդն ու մտաւորականը։

            Այս բոլորին ի լուր, չենք կրնար չանդրադառնալ թէ որքան ժլատ ենք մենք մեր արժէքներուն նկատմամբ, երբ անոնք մեր գրչի նուիրեալներուն սիրտը իրենց ողջութեան բուռ մը անուշ խօսքին ու գնահատանքին տուած ծիածան ժպիտին կարօտով կը մխայ․․․ կը վարանինք, կը տատամսինք, կը սպասենք որ մահը ցնցէ մեզ, եւ յետ-մահու շռայլ համանուագով ու պատուանշաններով դագաղը զարդարելու կը փութանք։

            -Երաժշտութիւն․․․․

Վկայութիւն Սրտի խօսք՝  թիւ 1 –Հեռաձայնային կապով բարձրախօսի մօտ է Ժիրայր Աթթարեան։ Ժ Աթթարեան Նիւ Եորքահայ այս գրագէտը նախանձախնդիր այն աշակերտն է Մեսրոպին, որ անպայման ըսելիք ունի երբ թերացում կայ հայախօսութեան ու հայապահպանման հարցերով։ Երախտապարտ ենք որ այսօր կը միանայ մեզի իր սրտի խօսքով վկայութիւններ տալու իր գրչեղբայր՝ Յակոբ Կարապենցին մասին։

 

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաքը կը կարդայ Կարապենցի կենսագրական գիծերը ամփոփումով-

ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ- ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ- 1926-1994

            Ծնունդով եւ նախակրթութեամբ Իրանահայ, Միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումով արեւմուտքցի –Ֆրանսական եւ ամերիկեան- մասնագիտութեամբ ու ասպարէզով լրագրող, ընկերային իր կեցուածքով՝ Եւրոպացի, կեանքի ու գործունէութթեան մարզերով Ամերիկացի, ապրումներով եւ աշխարհայեացքով ՀԱՅ։

․․․ յապաւումներով․․․

            Երկար տարիներ վարած է «Ամերիկայի Ձայն» Միջազգային տեղեկատու սպասարկութեան հայկական բաժնի խմբագրութիւնը, միաժամանակ աշխատակցելով ամերիկեան թերթերուն, առանց անտեսելու մամլոյ հայկական ածուն։ 1970-էն մինչեւ 1994 Կարապենցի հրատարակած գործերն են- «ԱՆծանօթ Հոգիներ»-1970, «Կարթագէնի Դուստրը»-1972, «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները» 1975, «Միջնարար»-1981, «Ադամի Գիրքը»- 1983, «Ամերիկեան Շուրջպար»-1986, «Մի Մարդ ու Մի Երկիր»-1994»

Ընդմիջում – Երաժշտութիւն

            Զարմինէ-  Դժուար է եղած Հայ կնոջ - ի մասնաւորի տաղանդաւոր կնոջ -ճանապարհը մեր պայմաններուն մէջ։ Վեհանոյշ՝ մեր օրերու բանաստեղծուհին, իր ուրոյն խօսքն ունի միշտ եւ ըսելիք մը անպայման ամէն առիթով։ Իր բանաստեղծու-թիւններուն ընդմէջէն իր գրչին հեղինակաւոր ու յարգելի ձայնը լսելի դարձուցած է Պէյրութէն մինչեւ Ամերիկա ու Հայաստան։ Թեքեան այսօր ալ ըսելիք ունի – լսենք իր խօսքը Կարապենցին մասին։

Սրտի խօսք- թիւ 2 – Բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեան

                    

            Կարապենց իր ութը հատորներու կողքին հայ մամուլը հարստացուց անհամար փորձագրութիւններով, հիացմունք պատճառելով իր ընթերցողներուն, իր հարուստ պաշարով, եւ բազմազան նիւթերու զարգացումով։ Գրեթէ ամէն նիւթ շօշափած ու վերլուծած է, իր իւրայատուկ ոճով, ոչ միայն հատաքրքրական, այլ նաեւ՝ հաճելի ոճով մատուցելով զանոնք։

            ՀԱՅՐԵՆԻՔ ու ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ շաբաթաթերթերուն իր մնայուն սիւնակով ան իր ոճին սքանչելի պարզութեամբը, եւ նիւթերուն այլազանութեամբը կը կապէր իր ընթերցողները, որոնք անհամբերութեամբ կը սպասէին յաջորդ շաբթուայ մատուցուելիք նիւթին։  Եթէ զինք յուզած էր հեռաւոր լեռներու կանչը, զայն փոխանցած էր իր ընթերցողին։ Մտահո՞գ է Հայաստանի բանակին, միջավայրին սպառնացող վտանգին մասին, գրած է Ամերիկայի ապահովագրութեան մասին, հիւմորի վերածելով գրած է սեռի մասին, փորձած է բնորոշել գաղափարապաշտներն ու պատեհապաշտները, Հայն ու հայրենասիրութիւնը․․․

 

          Զարմինէ- Այս նիւթին շուրջ կ՛արժէ փոքրիկ մէջբերում մը եւս աւելցնել- զոր իր մահուընէն տարի մը առաջ գրուած է-

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք Պօղոսեան

ՀԱՅ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ- Նոր Կեանք-ԺԶ տարի-  Յնվ 13, 1994

            «Հայրենասիրութիւնը միայն բանաստեղծների երգերում չի ծաղկում, այլ նաեւ մարդկանց առօրեայ կեանքի ամենաչնչին երեւոյթներում։ Բարեկրթութեան հետ զուգընթաց՝ հայրենասիրութիւն է նաեւ յարգանքը տարեցների ու կանանց նկատմամբ։
            Հայրենասիրութիւն է նաեւ տուն շինելը
, երգ երգելն ու գիրք գրելը։ Ինչպէս նաեւ հայրենասիրութիւն է աշխատասիրութիւնը, արդարամտութիւնն ու այլասի-րութիւնը։ Հայրենիքը ուրիշները չեն կառուցում։ Մենք ենք մեր տան ու մեր հոգեւոր ժառանգութեան տէրը։ Եթէ մենք չանենք ուրիշները չեն անի։ Մենք ենք ու մեր Հայաստանը, մեր յոյսն ու հաւատքը, մեր այսօրն ու ապագան»։ Դեկտ 29, 1993  Բոստոն

 

          Զարմինէ- Կարապենցի լեզուն ե՛ւ պարզ է, եւ խորունկ, հարազատ ու յստակ ոճով, կոկիկ ու խնամուած - «Ինձ միշտ էլ հիասթափութիւն, նոյնիսկ զայրոյթ են պատճառել անփոյթ նախադասութիւնները, անպատասխանատու խօսքերը, իսկ սխալ գործածուած բառը այլեւս ուղղակի արգահատանք է առաջացնում գրողի հանդէպ» (Երկու Աշխարհ- էջ 271)

            Կարապենց ոչ միայն հեռու է -այսպէս ըսուած- սփիւռքի արդիականներու «լաբիւրինթոսային առեղծուածի մօտեցող խօսքերէն» այլ եւ գիտակից է թէ «ծանրաշունչ ածականներու անյարիր խորհրդածութիւններու գործածութենէն ո՛չ միայն գրողին տողերը կը կքին, այլ եւ ընթերցողին ֆիզիքական ցաւ կը պատճառեն»․․․

            Կարապենց խիստ է իր գրչին նկատմամբ- «Գրել սկսել եմ վաղ պատանեկան տարիքից, սակայն այլոց կողմից գրոց ճանաչուելուց ամբողջ քսան տարի յետոյ միայն համարձակուեցի հրատարակութեան յանձնել իմ առաջին հատորը՝ «Անծանօթ Հոգիներ»ը, որը արդիւնքն էր մինչ այդ կուտակուած փորձարկումների»։

Ինքն իր մէջ գրողը կը նկարագրէ իր մշակած գրականութեան մասին ու անոր ճամբան կը քարտէսագրէ հետեւեալ ձեւով- -

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ Միսաք Պօղոսեան- ԳՐՈՂՒ եւ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ - հատուածներ

«Սկզբից էլ ես ինձ փորձնական ու, փորձնապաշտ գրող եմ համարել, մէկը որ ջանում է նախ գտնել իրեն, ապա փորձարկման ենթարկել իր արուեստը, միշտ ձգտելով յայտնաբերել իրեն եւ իր հետ նաեւ ձեւի ու բովանդակութեան չպեղուած արահետները»։․․․․   «Իմ մտասեւեռումը միշտ էլ եղել է մարդը եւ, նրա միջոցով հաւաքականը, միշտ մասնաւորը եւ նրա կեանքի ճիչը, որը եթէ համոզիչ է, ապա արձագանգն է ընդհանրութեան։ Ահա թէ ինչո՞ւ ինձ հմայում է ժամանակային պահը»։

Զարմինէ- Երկու խօսք՝ ներկայացնելու համար Նիւ Եորքաբնակ Թէրէզ Ոսկերիչեանը - Մեր համայնքէն Նիւ Եորքաբնակ ճշմարիտ գրասէր եւ բանաստեղծուհի Թերէզ Ոսկերիչեան բախտաւորութիւնը ունեցած է մօտէն աշխատելու Կարապենցի հետ, իր չորս գիրքերուն հրատարակութեան առթիւ։ Տիկին Ոսկերիչեան հեռախօսով մեզի կը միանայ պատմելու իր ապրուած օրերէն վկայութիններով-

Երաժշտական դադար ․․․

Զարմինէ․․ Կարապենցի ներաշխարհին ամենանուրբ թրթիռները արտայայտուած են իր «Մի Քիչ էլ Սիրոյ Մասին» փորձագրութեան մէջ որ գրուած է Փետրուար 1994-ին։ Այո՛, կը հաստատէ ան, սիրելը դիմացինին ներաշխարհը հասկնալուն եւ զայն յարգելուն ամբողջութիւնն իսկ է․․․

            Տողեր ու մտքեր՝ «Մի Քիչ էլ Սիրոյ Մասին» էջէն- կը կարդայ Միսաք Պօղոսեանը- յապաւումներով

«Ամէն ոք կարող է գրել սիրոյ մասին․․․որովհետեւ Սիրոյ չափ եւ խորութիւն գոյութիւն չունի։ Կայ լոկ սէր, որը տարբեր է մարդկանց մօտ, տարբեր յղացք է ստանում՝ ստեղծելով իր ուրոյն աշխարհը։ Առանց սիրոյ կանգ կ՛առնէր քաղաքակրթութիւնը, աւելի լայն առումով, կը ցամաքէր արուեստի ու մշակոյթի յուռթի պարտէզը։  ․․․․․ Սէրը ժամանակ ու տարիք չի ճանաչում։ Մէկ էլ տեսար գարունն ու աշունը հանդիպել են իրար եւ հրդեհել մօտաւոր ու հեռաւոր անտառները։ Դու գնա՛ հազար տրամաբանական վարկած բեր, հազարն էլ ջուրը կ՛ընկնեն Սիրոյ եւ Զգացմունքի քուրայի առջեւ։ Իսկ հասարակութի՞ւնը։ Հասարակութիւնը պիտի խօսի եթէ նոյնիսկ մի ամբողջ կեանք ապրես հրեշտակների թեւերի վրայ։» Փետր 18, 1994-Բոստոն

Զարմինէ- Սիրելի ունկընդիրներ – այս յայտագիրը գրական երեկոյ մը չէ, եւ․․․ բնաւ չենք յաւակնիր Կարապենցը իր ամբողջական գործերով ներկայացնել, եւ ոչ ալ իր գործերուն վերլուծումները տալ։

Այժ, կը հրաւիրեմ բարձրախօսի մօտ մեր օրերու գրասէր դէմքերէն, երկլեզու Անգլերէն եւ հայերէն հմուտ գրողը, որ միշտ ալ ճիշդ բառը ունի արտայայտուելու, եւ  դիւրութեամբ մեկ լեզուէն միւսին անցնելու հեզասահ ոճ մը ունի։ Այսօր անգլերէնով պիտի արտայայտուի, կը հրաւիրեմ Արիս Սեւակը։

Հեռաձայնային կապով եթերին կը միանայ Արիս Սեւակը

            Վարդան Ապտօ- երաժշտութիւն

*    *   *

Զարմինէ- Կարապենց իր նուրբ ու փափկանկատ, ազնուական կեցուածքին զուգահեռ գիտէ նաեւ զգաստութեան հրաւիրել – ի՛ր գրիչով- մեր մէջ արմատացած կոյր ազգայնականութեան ախտը ողջմտութեան ու իրատեսութեան պայծառ տեսողութեամբ փոխարինելու ․․․ մեր ժողովուրդին զգացական տարրը չափազանցութիւններէն ու ծայրայեղութիւններէն հեռու պահելու։

ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ՝ - «ԱՅՍ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԸ» -էն ․․․ հատուածներ կը կարդայ Միսաք Պօղոսեան-

            «Հայը մէկին կամ սիրում է կամ ատում։ Միջին ճամբայ չկայ նրա համար։ Միշտ ծայրայեղութիւնների մէջ է։ Կամ բարեկամ է, կամ թշնամի։ 19-րդ դարի բրիտանացի քաղաքագէտ ու վարչապետ Լորտ Փամըրսթոնն էր, որ յայտարարեց՝  «Մենք յաւիտենական դաշնակիցներ չունենք, ոչ էլ մշտնջենական թշնամիներ։ Մեր (ազգային) շահերն են յաւիտենական ու մշտնջենական։ Մեր պարտականութիւնն է հետապնդել մեր (ազգային) շահերը»։ ․․․ «Մեզ մօտ ընդհանրապէս չի հանդուրժւում քննադատութիւնը։ Մեր բոլոր ղեկավարները անսխալական իմաստուններ են։ Փորձիր քննադատել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն․․․( անունը զանց առնուած է ) ու որդեգրած այս կամ այն քաղաքականութիւնը, կամ մեր կուսակցութիւնների ու ազգային մարմինների այս կամ այն գործիչի գործունէութիւնը եւ տես թէ ինչպիսի՜՜ գանակոծութեան կ՛ենթարկեն քեզ»։․․․ «մեծ մեծ խօսում ենք ծածկելու համար մեր անճարակութիւնը։ Հիմա էլ կպել ենք Ամերիկային, անգլերէն ենք սովորում եւ իւրացնում Ամերիկայի ամէնից յոռի երեւոյթները։ Ինչո՞ւ չէ։ Պէտք է սովորել անգլերէն։ Անգլերէնի հետ Ռուսերէն ու նաեւ՝ թուրքերէն։ Թրքագէտ քանի՞ հայ կայ Երեւանում։ Իսկ այս բոլորից առաջ՝ պետք է սովորել ՀԱՅԵՐԷՆ»։

․․․ « Այս բոլորը մեր զգայականութեան հետեւանքն են։ ․․․ ճրագն առած՝ բարեկամներ ու թշնամիներ ենք փնտռում, երբ խորքում մե՛նք ենք մեր բարեկամն ու թշնամին։ Մենք շարունակ արտաքին ուժերի մէջ ենք տեսնում մեր դժբախտութիւնը, երբ փաստօրէն ՄԵ՛ՆՔ ենք մեր ձախողանքների պատճառը»։

․․․ « Կարեւորը չափազանցութիւններից ու ծայրայեղութիւններից խուսափելն է։ Մե՛նք ենք ու մեր ժողովուրդը։ Մե՛նք ենք ու մեր հարեւանները։ Մե՛նք ենք ու մեր հողը։ Մե՛նք ենք ու մեր ճակատագիրը։ Մե՛նք ենք մեր ճակատագիրը։ Մե՛նք ենք մեր ճակատագիրը կերտողը։ Մե՛նք իսկ մեր ճակաագիրն ենք»։

            Հիմա խոր յարգանքով ու հիացումով կը հրաւիրեմ Սփիւռքահայ մեր երէց Գրողներէն,  ճակատագրի մէկ խաղով ցեղասպանութենէն հրաշքով ազատած եւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած երաժշտագէտն ու արձակագիրը, որ իր հատորներով վկայակոչած է իր ոդիսականը Չոմախլուէն մինչեւ Նիւ Եորք –Նիւ Ճըրզի։

            Յակոբ Ասատուրեան Հին Սերունդի ամենայարգելի մեր գրողներէն կը միանայ մեզի իր գրչակիցին յիշատակին ջերմ ու տաքուկ խօսքերով։ Սիրելի մեր գրագէտը միշտ պատնէշի վրայ է, իր ստեղծագործութիւններով ու մշտահոս գրիչով – վկայ՝ իր քանի մը ամիս առաջ հրապարակ իջած Կոմիտասի 125-ամեակին նուիրուած հատորը։

            Սիրելի Նահապետ՝ Յակոբ Ասատուրեան – այժմ պատրաստ ենք ձեր սրտի խօսքը լսելու․․․

․․․ Երաժշտական ընդմիջում եւ վերջաբան․․․

Զարմինէ․․

Սիրելի գրասէր ունկընդիրներ ․․այս յայտագիրը մի քանի փոփոխութիւններ կրեց, կը յուսանք որ համադրութիւնը կը պատշաճի Յակոբ Կարապենցի անմար յիշատակին։ Բնաւ չենք յաւակնիր որ Կարապենցը իր ամբողջական գործերով եւ կամ գործերուն վերլուծումովը պիտի կարենայինք ներկայանալ։
            Յակոբ Կարապենց իր տասնեակ մը հատորներով, բազմաթիւ փորձագրութիւն-ներով, դասախօսութիւններով, ամբողջ կէս դար մը անբաժան մէկ մասնիկն էր մեր առօրեային, ներկայութիւն մըն էր ամերիկեան մեր բոլոր համայնքներուն մէջ։

«1925-ի ծնուածները ո՞ւր մնացին» իր մէկ գրութեան մէջ կը գրէ «1925-ին շատերն են ծնուել, ոմանք անյայտ մեծութիւններ են եւ կամ՝  յայտնի ոչնչութիւններ, որովհետեւ այդ սերունդը․․․․»։  

Այսօր, մենք ալ առանց հարց տալու թէ ո՞ւր մնացին 1925-ի ծնունդները, կրնանք հաստատել, որ այդ փնտռուած մեծութիւնը դո՛ւք էք, սիրելի Կարապենց, 1925-էն ի վեր ամէն մէկ օրուան նայեցաք, նոր խօսք ու նոր գիրք ձգելու առաջադրանքով, ու միշտ վստահ, որ վաղուան ձեր ասելիքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ «Պիտի լինի աւելի լաւ, քան այն ինչ որ ասել էք»։

Ափսոս, որ վաղուայ էջը ձեր գրչով պիտի չծնի այլեւս։ Սակայն անկասկած հայ գրականութեան ձեր ձգած ժառանգութիւնը, ձեր պատկառելի վաստակը որպէս «հրաշալի մի համանուագ» պիտի մնայ անբաժան մասը մեր անցեալին, ներկային ու ապագային։

            Շնորհակալութիւն՝ Նիւ Ճըրզիի Համալսարանի եթերէն ձայնասփռուող Հայ Ձայնասփիւռին (WSOU- 89.5 FM- Seton Hall University – Ամէն Կիրակի կ․ե․ ժամը 2-4) այս հիւրընկալ առիթին համար։

Մասնաւոր շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն Հայ Ձայնասփիւռի Տնօրէն Փրօֆ Վարդան Ապտօյին տուած քաջալերանքին եւ յայտագիրը երաժշտական բաժիններով հարստացնելուն համար։

 

Հաղորդումը վարեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան

Կայանի գրասենեակէն

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...