
Through the Orchards of Armenian Language & Poetry Presented by: Zarminé Boghosian
Search This Blog
Search This Blog
Wednesday, December 19, 2018
Thursday, December 13, 2018
Wednesday, December 12, 2018
Այս գրութիւնը Հալէպի միջ-դպրոցական շարադրութեան մրցումին
առաջնութիւն շահած էր այս գրութիւնը:
Հալէպ- Յունիս
1965
Ծանօթ. - Մրցոյթը կազմակերպուած էր Հալէպահայ Հայ Ուսանողական
Միութեան կողմէ, տեղի ունեցած էր Մարտիկեան Սրահին մէջ:
Մասնակից վարժարաններէն 25 երկսեռ ուսանողներ էին-Հետեւեալ վարժարաններէն-
ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.Գ. Կ. Վարժարան, Քառէն Եփփէ Ճեմարան,
Անարատ Յղութեան Քոյրերու, Հայկազեան, Զաւարեան, Բեթէլ, Ուսումնասիրաց եւ Կենաց
Վարժարաններ:
Դատական կազմի
անդամներն էին- Գեր. Յովսէփ Վրդ. Շատարեւեան,
Հայկ Պարիկեան եւ Պետրոս Հաճեան:
* * *
ՄԵՌԵԼՆԵՐՆ ԵՆ ՈՐ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ ՄԵԶ
Զարմինէ Գալայճեան
Զարմինէ Գալայճեան
Մահ: Վերջակէտ եւ կախման կէտ միեւնոյն ատեն: Վերջակէտ մը՝ թաղուելու
դատապարտուած մարմնին, կախման կէտ՝ մնացող մարդուն:
Կախման
կէտ՝ անոր համար որ մնացողներուս կը մնայ թարգմանել կախման կէտը նախորդող
նախադասութիւն մը այնպէս՝ ինչպէս կ՛ուզէինք տեսնել կամ պիտի ուզէինք յարմարցնել
մեր ըմբռնումին: Կը վերլուծենք, կը սրբագրենք, կը համաձայնինք կամ կը հակառակինք ի
վերջոյ եզրկացներլու այն՝ ինչ որ մեր նշանաբանը պիտի ուզէինք դարձնել:
Նշանաբան մը՝ առաջնորդը մեր կեանքին՝
Դագաղի մը ի տես՝ «Մահ կայ, ծօ՛, քալէ, դպրոցն ալ, գիրքն ալ, երթանք կեանքը վայելենք»
կամ՝ «է՜՜, դուն ալ, ինչքան այսքան
տարուելիք, մեռեր է եղե՜՜ր, երթանք «Պիթըլզ» մը մտիկ ընենք» կ՛ըսենք:
Բազմակէտ
բացատրող մտքեր են յամենայն դէպս: Առաջնորդ մը՝ ինչո՞ւ ոչ: Ուղղութիւն մըն է
տուածը՝ լաւ կամ գէշ. . .
Ուրեմն առաջնորդուելու տարբերութիւն
կայ՝ ձեւաւորուած մտքերու անհամարութեամբ:
Տարբերութիւններ՝ ամէն բանի մէջ:
Մեռնող անձին, զայն իբրեւ առաջնորդ
դարձնող անձին:
Մահը
վերջակէտ ընդունողներուն համար միայն մահ է, ու մեռնողի յատուկ. …
Իսկ
անմահութիւն՝ չամբողջացուած, շարունակելի
գործ համարողներուն:
Բարոյական
ըմբռնում մըն է մահուան հոմանիշ դարձնել անմահութիւնը:
«Մարդը գնում է,
գործն է մնում»:
Իսկ ինչ որ կը մնայ, մենք՝ կախման կէտ թարգմանողներս, կը կոչենք
անմահութիւն:
Անմահութիւն ուսուցանողները մեզի մեռելները իրե՛նք են, իրենց ապրած օրերուն արարքներովը:
Երբ գիտնականներու, բանաստեղծներու անուններ կը հոլովուին մեր բերնին մէջ
իրենց բացակայութեան ի՞նչպէս կարելի է զանոնք թաղուածներ համարել:
Ի՞նչպէս թաղուածներ համարել Զոհրապ մը, Վարուժան մը, երբ մեր հոգիները կը
կոփեն անոնց մահ չընդունող երկերը:
Միշտ նմանելու,- հակառակ ինքնուրոյնութիւններ ցուցադրողներու , - կնքելու
մարդոց նկարագիրը աւիշ կ՛առնէ այս կամ այն մարդուն, անձին օրինակով:
Յուսահատութիւնը ուժասպառ նաւավարին սրտին մէջ է այն ատեն, երբ դիմացէն փարոս
մը չի պլպլար: Իսկ եռանդով կը լեցուի երբ նոյնիսկ հիւանդ ու աղօտ թարթում մըն է
զինք կանչողը:
«Կեանքի փուշերը շատ
են», կ՛ըսեն փորձառու բերաններ: Այդ
փուշերը պիտի վիրաւորեն ու արիւնոտեն սակայն, զանոնք անտեսելու համար միշտ լոյս մը
պէտք է տեսնել մերթ ընթ մերթ, մեր ակնարկներուն դիմաց, անով աշխուժանալու:
Մեռելներն են ապրող մարդոց կեանքի ուղին լուսաւորող արկայծումները իրենց
կեանքերուն օրինակներովը: Մեր ոյժերը կը նորոգուին եթէ գիտնանք որ նման փուշեր մեռնողներուն
ալ վիրաւորած են: Բայց, չեն թաղուած
մնալով մեզի համար Պարոնեաններ, Սիամանթոներ,
Կոմիտասներ:
Զարմինէ Գալայճեան-Պօղօսեան
Monday, December 10, 2018
Նորոգ Վախճանեալ Տ. Տիրան Աւագ Քհնյ. Փափազեանին
կը պարտինք այս գեղեցիկ մաղթերգը, որ մրցանակ շահած է 1950-ական թուականներուն,
Երջանկայիշատակ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Տ. Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի հովապաւորութեամբ
տեղի ունեցած մրցանքին: Այդ օրերուն Կիրակնօրեայ վարժարաններուն հիմնադիր տնօրէնն
էր վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Տիար Լեւոն Զէնեան:
Կարապետ Փափազեանին յօրինած այս
մաղթերգին լուսարձակումը կը պարտինք Տիար Արամ Սեփեթճեանին, որ մեզի կը յուշէ ոչ
միայն յարգել Արժանաշնորհ Տիրան Աւագ Քահանային յիշատակը, այլ եւ վերակենդանացնել
այս գեղեցիկ յօրինումը:
Այսօր՝ Հիւս. Ամերիկայի
տարածքին գրեթէ ամէն եկեղեցի ունի Կիրակնօրեայ վարժարան մը: Արդեօք անոնցմէ քանիի՞ն
ծանօթ է այս գեղեցիկ մաղթերգը, եւ կամ՝ կը սորվեցնեն ու երգել կու տան կիրակնօրեայ
վարժարանններու սաներուն:
* * * *
ՄԱՂԹԵՐԳ*
Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
Արժ. Տ. Տիրան Աւագ Քհնյ. Փափազեան
Աւազանի անունով՝ Կարապետ
Փափազեան
Կիրակնօրեայ սուրբ յարկին
Մենք սաներն ենք լուսաբաղձ,
Կայծերու պէս լուսածին
Ցայտած սրտէն պերճ նախնեաց:
Ուստի քալենք անխըռով,
Ո՛վ հարազատ զարմ արի,
Լոյս –աղբիւրին ցանկալի:
Եկեղեցին սրբազգեաց՝
Ժառանգ անգին, հրաշափառ,
Մեր խոյանքին վերասլաց
Թափն է խիզախ, բոցավառ,
Հայ մըշկահոտ սրբութեան
Բոյրովն օծած մեր հոգին
Մեր երթին մէջ յաղթական
Թումբերն ամէն պիտ՛ փշրին:
Կեցցե՛ն յաւերժ անսասան
Հիմնադիր եւ բարերար,
Կիրակնօրեայ լուսոյ տան
Ջահակիրներ վեհափառ,
Հնչեցէք յար ծնծղաներ
Մեր սըրտերուն ցնծագին,
Որ վառ մնայ դարե՜ր դեռ
Սրբաճաճանչ Հայ Հոգին. . .:
Wednesday, December 5, 2018
FaceBook-Մեր Օրերու Կենցաղ
ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒ ԿԵՆՑԱՂ
ԴԻՄԱՏԵՏՐ * * * FACEBOOK
Կրթասիրցի Վաստակաւոր Ուուցիչ: Նուպար Յակոբեանին Յիշատակին
Գրեց՝ Զարմինէ Գ. Պօղոսեան
Առաջին անգամ լոյս
տեսած է Յուլիս 2011-ին
Ի՜նչ հրաշալի հաղորդակցութեան ցանց է այս դիմատետրը- Ֆէյսպուք-կոչուածը
Համակարգիչին
մէկ հպումով մի քանի հարիւր «ընկերներ» ակնթարթի արագութեամբ քեզի հետ կրնան
ըլլալ: Այո՛, մի քանի հատ կամ տասնեակ մը չէ .. այլ՝ մի քանի հարիւր` առանց չափազանցութեան:
Ես շատ ժամանակ չունիմ եւ բաւական խիստ եմ ընտրութիւններուս մէջ, այդպէս ըլլալով հանդերձ, արդէն իսկ մօտաւորապէս երեք հարիւր եւ աւելի «ընկեր» ունիմ, որոնց ամենամտերիմ առօրեային
յայտնութիւններուն, հին ու նոր նկարներուն, ծրագիրներուն կամ
անցուցած առիթներուն, ճաշարանի եւ ճաշատեսակի նախընտրութիւններուն կը ծանօթանամ,
տեղեակ կ՛ըլլամ երբ եւ ուր են .. էին: Ամէնէն մանրուք լուրերէն մինչեւ իրենց
կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններն անգամ կ՛արձանագրուին հոն, եւ եթէ քիչ մըն ալ
աւելի ժամանակ ունենաս, կամ «վատնես» ինչպէս կը սիրեն ըսել մեր պոլսահայ
բարեկամները- բոլորին ալ տեղեակ կ՛ըլլաս:
Անշուշտ
եթէ ժամանակ ունիս:
Բնաւ ալ պայման չէ որ այդ ընկերները
նոյն քաղաքին մէջ ըլլան, կամ՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքներէն մէկուն մէջ:
Եւրոպայէն Աւստրալիա, Միջին Արեւելքէն ափրիկէ, Պարսկաստան թէ Հայաստան- բոլորին ալ
լուրերը հոն են, նոյն արագութեամբ, ուզած պահուդ, նոյնիսկ ափիդ մէջ պահուըտող
հեռաձայն տուփիկին հետ քեզի հետ կրնայ քալել փողոցի մայթերուն վրայ, կամ՝
ինքնաշարժիդ մէջ քաղաքի ճամբաներու երկայնքին:
Տարեդարձներ, շարժանկարի դերասաններու,
երգիչներու նախասիրութիւններ, պաղառութիւն, գործի առօրեայէն տաղտկալի լուրեր,
պտոյտներ, քաղաքական թէ քարոզչական բնոյթ ունեցող շեշտակի թելադրանքներ, սուրբ
գրային համարներ, եւ ատենը մէկ ալ – իմ նախասիրածներէս անշուշտ շատ եզակիօրէն-
գրական կտորներ, կամ նոր լոյս տեսած գիրքերու անուններ. . . հեղինակի ծանուցումներ
հոն են ամէն օր, ամէն ժամ:
Եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր:
Բոլորն ալ քու ժամանակիդ եւ մատի հպումիդ սպասող:
Դեռ անցեալ շաբաթ մայր
մը օգնութեան կոչ տեղադրած էր: Վայրկեա՛ն մը, խնդրե՛մ- չըլլայ թէ ձեր սիրտը դող
ելլէ: Հայերէն գիրքի կամ գրավաճառի մը հասցէն կամ կայքը չէր որ կը փնտռէր, այլ՝
շուարած էր թէ իր հինգ տարեկան
աղջնակին տարեդարձը ո՞ւր կրնար տօնել: Քանի որ այս հինգ տարեկան աղջնակին տարեդարձը նախորդ տարիներուն արդէն իսկ տօնուած
էր ձեզի ծանօթ զանազան վայրերու մէջ- Օրինակ՝ «Չագը Չիզ», My Gym յատուկ մարզարանի մէջ, կամ իշխանուհիներու պալատին մէջ: Խնդրեմ.. տեղ մը՝ որ իսկապէս նորութիւն ըլլար
այս աղջնակին համար եւ անպայման տպաւորիչ՝ հրաւիրեալներուն համար:
Հարց տուող մօր հասած
պատասխանները արագօրէն սկսան զանազան զարմանազան վայրեր թուել՝ իւրաքանչիւրին
առաւելութիւնները ընդգծելով:
Թանգարաններու
տեսակաւորումը - Touch Me – կրնաս դպնալ, Unicorn-Միաեղջիւր թեմայով
խաղավայր մը- Մէյքինկ Միւզիք ֆօր Թատլըրզ –Making Music for Toddlers –
եւ այսպէս թելադրութիւններու շարք մըն է
որ ծայր տուաւ:
Անկախ ինձմէ- մտովին
սկսայ հաշիւ մը ընել իւրաքանչիւր նշուած վայրին մէջ տօնուած այս տարեդարձներուն
համար ծախսուելիք ընդհանուր գումար մը աչքիս
առաջ թիւերով պարզելու:
Թիւերը հոս գրելու պէտք
չունիմ: Ձեզմէ շատ շատերը ինձմէ շատ աւելի լաւ գիտէ: Աներեւակայելի մեծ գուարներ
են անոնք: Ոչ ալ կ՛ուզեմ ..մեծ մայրիկիս օրինակին հետեւելով դար մը առաջ երթալ
ըսելու թէ՝
- Տարեդարձ տօնողը ո՜՜վ էր մեր օրերուն, կարկանդակ մը
անգամ չէինք տեսներ: Մէկ
զոյգ
գուլպայ կամ մի քանի խնձոր կամ նարինջ տոպրակի մը մէջ .. իշտէ ատիկա
էր մեր նուէրը. . .
Այս օրերուն ծախսուած գումարները մտովին
հաւաքելով հայկական գրախանութ մը երթալս եկաւ այս փոքրիկներուն յարմար հայերէն
գիրքեր գնելով ձրի բաժնելու: Կամ՝ ընտանիքներուն հայերէն թերթի մը
բաժանորդագրութիւնը ապահովելու. . .
Բայց ինչո՞ւ . . .
Այս օրերուն
գիրք-գնող-կարդացողներուն թիւը այնքան նուազած է որ նոյնիսկ անուանի ամերիկեան
գրախանութներ իրենց ամէն տեսակ վաճառականական հնարքներով մասնաճիւղեր կը փակեն:
Մտադրութիւնս փոխեցի:
Աւելի լաւ չէ՞ որ մեր
հայ գրախանութները, թերթի խմբագրատուները, կամ թէկուզ եւ ՀԱՅ վարժարանները յատուկ
բաժիններ բանան մանկական թէ պատանեկան տարեդարձներ տօնելու, Ճաշակ գոհացնող
միջավայր ստեղծելու համար:
Ըսէ՛ք, խնդրեմ, մեր
հէքեաթներու աշխարհը պակա՞ս հետաքրքրական է:
Մեր հերոսները, մեր թագաւորներն ու թագուհիները, իշխաններն ու իշխանուհիները
շատ աւելի լաւ ու հետաքրքրական կրնան տողանցել եւ զուարճացնել միաժամանակ մեր փոքրիկներուն
սորվեցնել- ինչու չէ նաեւ չափահասներուն- մեծին ու փոքրին պատմութեան էջերէն
դրուագներ պատմելու, ինչ որ մոռացութեան գիրկը կը նետուի քիչ մը ամէն տեղ – օրը
օրին:
Հապա մեր
հերոսապատումներու կերպարնե՞րը, մեր մանկական երգերու կատարողները պակաս
արժանիքներով օժտուած են կարգ մը ամերիկեան մանկական երգերու կատարողներէն:
Դէ, լաւ ուրեմն ինչո՞ւ
աւելի երկար սպասել: Գաղափարը գործադրելու համար դրամագլուխ տրամադրողի պէտք ունինք:
Այս գաղափարով ճամբայ
ելէք: Եթէ յաջողի եւ հասոյթը բարեբեր ըլլայ մի՛ մոռնաք բաժին մըն ալ հանելու Նիւ
Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին-ՍՆԱՎ-HMADS-ին Սաներու կրթաթոշակի ֆոնտին եւ կամ աշակերտին
երթեւեկը ապահովող փոխադրողական Օթօպիւսի հաշւոյն գումար մը յատկացուցելու:
ՍՆԱՎ-ը Ամէնօրեայ
Վարժարան մըն է, որ իր դռները բացած է 1967-ին Նիւ Եորքի Քուինզի-Պէյսատ շրջանին
մէջ: Այս տարի Սեպտ. 7-ին 45-րդ անգամ ըլլալով կը բանայ իր դռները- որ միակն է Նիւ Եորք Նահանգին մէջ եւ հպարտութիւնն ունի
առաջինը ըլլալուն Միացեալ Նահանգներու աեւելեան ափին:
Յաջորդ անգամ երբ դիմատետրին առաջ անցնիք՝ խնդրեմ-
մի՛ մոռնաք Հայ Դպրոցներուն առաւելութիւններուն մասին խօսելու եւ ձեր
տարեդարձներուն հասոյթէն բաժին մըն ալ արտասահմանի մէջ հայապահպանման աշխատանք
տանող հաստատութիւններուն մեծահոգաբար նուիրելու:
Նիւ Եորք- Յուլիս 2011
Tuesday, December 4, 2018
Memories from my High School in Aleppo- Յուշեր մեր Հալէպի Երկրորդականէն
ՄԵՐ ԴԱՍԱՐԱՆԸ
Յուշեր - Հալէպի Լազար
Նաճարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեան
Երկրորդական Վարժարանէն
Զարմինէ
Պօղոսեան
Հալէպի
Լազար Նաճարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարանի (ԼՆԳԿ) հիմնադրութենէն տասնըմէկ
տարի ետք, չորրորդ հունձքն էինք, որ 1965-ի Յունիսին շրջանաւարտ
պիտի ըլլայինք: Երկրորդական Գ., ԺԲ կամ 12-րդ դասարանի աւարտական հանդէսին մեր դասարանին
վիճակուած էր- կամ առաջնութեան պատիւը տրուած էր հագնելու ճերմակ օձիքներով, սեւ
պաշտօնական երկար վերարկուները: Աւարտական հանդէսին այդպէս բեմին վրայ մանչ թէ
աղջիկ միագոյն տարազով երեւնալը եթէ նորութիւն մըն էր Հալէպի համար, աղջիկներուն
համար մանաւանդ մեծ յուսախաբութիւն էր, յատկապէս շրջանաւարտութեան համար յատուկ
կարուած աղուոր հագուստները չցուցադրելը:
Սակայն՝
տնօրէնութեան կողմէ հոգեբանական գովելի լուծում մըն էր, որպէսզի հագուստներուն
հասակին հետ հարցեր չունենային եւ թէ՛ ծախսալից դուռ մը փակած ըլլային, ծնողները
նիւթականօրէն աւելորդ, պարտադրուած ծախսէ մը ձերբազատելու համար: Այլապէս՝
իւրաքանչիւր ծնողք անկասկած ամէն բան պիտի զոհէր որպէսզի այդ օր զաւակը փայլէր նոր
տարազով մը:
Թէեւ
հանդիսատեսին կամ խմբային նկարի մը համար բեմին վրայ միագոյն էինք ու տպաւորիչ,
սակայն՝ մեր վերարկուներուն տակ պահուած տարազներուն չափ տարբեր ու այլազան էինք
մեր երազներով:
Տասնամեակի
մը ընթացքին Հալէպի կեանքէն ներս «ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ- Մէրքէզիէ» կարճ անունով
ճանչցուող վարժարանը արդէն իսկ ամուր խարիսխ ձգած էր Հալէպի կրթական աշխարհէն
ներս, կը վայելէր յարգանքն ու վստահութիւնը հայ թէ արաբ համայնքներուն: Մանաւանդ
տեղական կրթական նախարարութեան անվերապահ վաւերացումին արժանացած էր մանաւանդ՝ մեր
դասարանին Պռովէէն (9-րդ դասարան) հարիւր
տոկոս յաջողութիւն արձանագրած համբաւով:
Երիտասարդ,
խանդավառ ու տեսիլք ունեցող Պրն. Երուանդ Ակիշեանի տնօրէնութեան օրով, ուսուցչական
կազմի ընտրանի մը մեծ խանդավառութեամբ փարած էր վարժարանը իր արժանի բարձունքին
մէջ պահպանելու: Ի զուր չէր որ մեր վարժարանին լրատուն ու աշակերտութեան գրական
փորձերը քաջալերող պարբերաթերթը մկրտուած էր ԲԱՐՁՈՒՆՔ
անունով- վարժարանին մակարդակը բարձր պահպանելու տեսլականով:
Դրական մթնոլորտի մը մէջ կը
վայելէինք գիտելիքներով հարուստ դասապահերէն ներս ջամբուածն ու նոյնքան կարեւոր
արտադասարանային ձեռնարկները, հայրենի թէ արտասահմանի ականաւոր հիւրերու
այցելութեանց թողած հարուստ ու անմոռանալի տպաւորութիւնները:
Անմոռանալի յուշերու երկար
շարան մը կը տողանցէ մտապաստառիս վրայ: Իւրաքանչիւր դասապահէն սկսեալ մինչեւ
դպրոցական մեր երգչախումբին ելոյթները, փորձերու ընթացքին մեր ապրած հաճելի
պահերը: Յետադարձ ակնարկով կարելի է անվարան վկայել թէ Հալէպի միջ-դպրոցական
կեանքի պատմութեան մէջ Պրն. Անդրանիկ Կիրակոսեանին համբերատար նուիրուածութիւնը
անկրկնելի կը մնայ ու իսկ իր ղեկավարած երգչախումբը՝ կոթողային:
Մինչեւ այսօր, արեւմտեան թէ հայկական դասական
երաժշտութիւն չեմ կրնար ունկնդրել առանց զինք յիշելու: Երկսեռ երգչախումբի
փորձերուն հետ առնչուող աշակերտական մեր չարաճճիութիւննրը իրենց թարմացած բոյրով,
մեր զուլալ երգերու մեղեդիներուն ռիթմով քայլ կը պահեն մեր առօրեային հետ, ու
գունագեղ մանրամանութեամբ կը կրկնուին ամէն անգամ որ մի քանիներ մեզմէ իրարու քով
կու գան:
Մեզմէ
իւրաքանչիւրը անխտիր, համով հոտով պատմուելիք յուշեր ունի ամէն մէկ տարիէն,
զանազան դասապահերէն: Ես միայն հինգ տարի վայելած եմ ՀԲԸՄ-ԼՆԳԿ-ի մթնոլորտը:
Պատանեկան յուշերս գրեթէ ամէն օր պատառիկներով այցի կու գան առօրեայիս ընդմէջէն: Ինչպէ՜ս մոռնալ Հայերէն լեզուի ուսուցիչ՝ Հայկ
Պարիկեանին հետ գրական անդասատանէն ներս այցերը: Գրական գոհարներու համտեսանքով
հո՛ն է, որ գրականութիւն ըմբոշխնել սորվեցանք ու վայելեցինք ծանօթութիւնը գրական
աշխարհի տիտաններուն հետ: Ինչպէս չյիշել Մեթր Ֆերուզ Խանզադեանին պատմական
հերոսներն ու դրուագները նոր տեսանկիւնէ մատուցող եւ վիճաբանութիւն ստեղծող
դասապահերը Հայոց եւ Ընդհ. Ազգաց պատմութեան դասերուն: Պրն Թիթիզեանին Մատենագրութեան դասերուն
գարաբարի համտեսանքը, Օրդ Ճէմիլէ Նազարեանին հետ իգական սեռին յատուկ «Առտնին Տնտեսագիտութեան» դասապահերը,
ամերիկեան կարկանդակներու տեսակաւոր պատրաստութեան ընթացքին մեր ունեցած մտերմիկ
զրոյցները ու մանաւանդ , «օրիորդավայել
ԷԹԻՔԷԹԻ» իւրացման փորձերը, կամ՝ Շուէտական մարզանքի պահուն խորունկ շունչ առնել-
արտաշնչել տուող կորովի ու տարիներու բեռը անտեսող, աշխուժութեան համակ մարմնացում՝
մարզանքի ուսուցիչ՝ Պրն. Լեւոն Աբգարեանը:
Իւրայատուկ անուշ
յիշատակներով կը տողանցեն ընդհանուր հսկիչ, եւ անգլերէն գիտութիւն դասաւանդող –
մասնագիտութեամբ դեղագործ Պրն. Սամուէլ Մանուշակեանը, Մըսթըր Ժագ Մունպարաքին Անգլ. լեզուի դասապահերը: Ինչպէս մոռնալ Ուսթէզ
Գատէհը, Անթուան Թահանը, Ֆատէլ Տիան, Ուսթէզ Ալլոզին, Ուսթէզ Պէշիրը, Եուսէֆ
Պասթին: Ուրիշ երանգ ունէին պետութենէն պարտադրուած զինուորական կրթութեան
դասապահերը՝ Մուլազէմ Բութրոս Շաքարին հեղինակաւոր ցուցմունքներով: Կարգապահութիւն, զգաստութիւն եւ առանց
հակաճառելու օրէնքներուն հետեւելու կիրարկման «արուեստ»ն էր որ կը պարտադրուէր
մեզի զինուորական ոճով, միշտ ալ պարտաւոր էինք լռելեայն, հլու հնազանդ հետեւիլ,
խուսափելու համար մի քանի տասնեակ անգամ սալայատակին վրայ սողալով զինուորական
խիստ պատիժներէն:
Յատուկ ուշադրութեամբ կը
լսէինք Տնօրէն Պրն. Ակիշեանին հոգեբանութեան դասընթացքները: Իր հետ կը ճամբորդէինք
մարդոց հոգիներէն ներս զանազանելու համար գերակայութեան եւ ստորակայութեան
բարդոյթները, լաւատեսութեան եւ յոռետեսութեան տարբերութիւնները: Կեանքին «բարատոքսային-paradox» ճշնարտազանցութիւններէն մինչեւ մարդ արարածին
բարդ հոգիին ծալքերը պեղել, մեր բառամթերքին հետ կ՛ընդլայնէր նաեւ մեր տեսադաշտը:
Կը սորվէինք «տեսնել» սեղանին վրայ
դրուած բաժակին պարապ կէսին հետ լեցուն բաժինն ալ:
Մէկ խօսքով, իրենց
նիւթերուն եւ աշակերտութեան հանդէպ անսահաման սէր եւ գուրգուրանք
ցուցաբերող դաստիարակներու փաղանգին ուշադրութեան առարկան էինք: Ի զուր չէր, որ
տասնամեակի մը ընթացքին Լ.Ն.Գ.Կ. մի քանի տասնեակ հաշուող աշակերտութեան թիւը
հասած էր 986 աշակետրներու- (ծիլ- բողբոջ,
ծաղիկ դասարաններէն սկսեալ մինչեւ միջնակարգ- Պռովէ եւ երկրորդական Պաքալորիա 12-րդ
դասարան):
Խոստովանիմ որ, մեր
դասարանը շփացած, դժուար, սակայն եւ այնպէս՝ սիրուած դասարան էր: Ուսուցիչներուն եւ
տնօրէնութեան համար միշտ մարտահրաւէրներ ստեղծող դասարան մըն էր: Խելացի
չարութեամբ կատարուող մեր դասարանային խենթութիւնները շատ յաճախ ուսուցիչին խիստ,
սակայն ներողամիտ ժպիտով վերջ կը գտնէր: Մեր դասարանը համախմբումն էր փայլուն
աշակերտներու փունջի մը, որոնց ընդհանուր նիշի միջինները շատ չնչին տոկոսներով կը
մրցէին ու բարձր աստիճանաւորումով զիրար կը հրմշտկէին պատուոյ ցանկին վրայ:
Պռովէէն հարիւր տոկոս յաջողելով
վարժարանին ճակատը բարձրացնելը մեզ ինքնահաւան դարձուցած էր: Պատանիի յատուկ
գոռոզութեամբ մենք զմեզ ամենագէտներ կարծելով՝ մենք մեզի իրաւունք տուած էինք մեր
կարծիքները պարտադրել փորձել, մինչեւ իսկ տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս:
Ահա նման «հովերով» ԺԱ.
Դասարանին որոշած էինք «պօյքօթ» կազմակերպել մեր խնդրանքներուն ականջ չկախող
թուաբանութեան ուսուցիչին դէմ:
Ակնյայտօրէն
նորաւարտ մըն էր, մանկավարժի հոգեբանութեան կողմէ տկար, ու նաեւ իր դասաւանդելիք
նիւթին մէջ ալ ոչ-շատ «զօրաւոր»: Մենք շատ
շուտ անդրադարձած էինք, որ մեր հարցումներուն միշտ ալ խուսափողական պատասխաններ
տալով կը ձգձգէր բացատրութիւնը, յաջորդ դասապահին աւելի պատրաստուած վերադառնալու
համար: Մեր կեդրոնացումը կորսուած՝ այլեւս բան չէինք կրնար սորվիլ իրմէ: Տնօրէնին ուղղուած
մեր գանգատներն ալ անպատասխան մնացած էին: Պրն. Ակիշեան մեզ հանդարտեցնելու ջանքեր
կ՛ընէր, անդրդուելի մնացած էր դասարանի պատուիրակութեան պատճառաբանութիւններուն եւ
խնդրանքին, վկայ բերելով թէ ուուցիչը «սենեակը լեցուն տիպլոմներ» ունէր: Փաստն այն
էր թէ միայն տիպլոմներու համրանքով չէր որ մարդ անհատը կրնայ լաւ ուսուցիչ դառնալ:
Մեր պահանջածը եռամսեակը
եզրափակող կարեւոր քննութիւնէ մը առաջ նիւթին շուրջ աւելի յստակ բացատրոււթիւն մը
տալն էր մեզի:
-
Քննութիւնը տուէք, արդիւնքները տեսնեմ՝ ըստ այնմ ե՛ս կը
խօսիմ ուսուցիչին հետ- եղաւ Տնօրէնին վճիռը:
Վարչական գործի մէջ եղողի մը համար հաւանական էր,
որ այս մէկը
տրամաբանական լուծում մըն էր՝ ուուցիչը փաստի առաջ դնելու եւ աշակերտներուն
քմահաճոյքին տեղի չտալու: Սակայն, միշտ բարձր նիշեր ապահովող մեր դասարանին
ուսուցչին կարողութեան հանդէպ ունեցած հաւատքը անվերադարձօրէն շոգիացած էր: Չար բախտէն քննութեան դասապահը ճաշէն ետք
առաջին պահն էր: Առաւօտեան բոլորս դպրոցն էինք: Ընդհատակեայ ըմբոստներու պէս
ծրագիր մշակուեցաւ, որ այդ յետմիջօրէին բոլոր դասարանը անխտիր պիտի բացակայէր
դպրոցէն, եւ այն ալ առանց ծնողներու գիտութեան: Որովհետեւ քաջ գիտէինք թէ մեր
ծնողները ուսուցիչին եւ տնօրէին համախոհներն էին:
Սակայն, ո՞ւր երթալ ամբողջ
կէսօրէ ետք մը: Փողոցները չէինք կրնար
թափառիլ: Պրն. Ակիշեան իր նշանաւոր «ՎԷՆՈՎ» այսօրուայ ամերիկայի պետութեան
նշանակած ոստիկանի դերն անգամ կը գերազանցէր, որպէսզի չըլլայ թէ մեր վարժարանի
աշակերտներէն մէկն ու մէկը դուրս մնար դպրոցէն, կամ՝ սինեմաներու մուտքին
«անվայել» թաղամասերու մէջ թափառէր. . .
Աղջիկները հաւաքուեցան
աղջիկներէն մէկուն տան մէջ, վստահ ըլլալով որ տնեցիները տունը պիտի չըլլային այդ
յետմիջօրէին: Իսկ տղաքը՝ տղոցմէ մէկուն տունը ապաստանեցան: Միշտ ալ իրարու հետ կապ
պահեցինք (այսօրուայ համակարգիչ, բջջայինի միջոցները չունենալով հանդերձ. . .)
վստահեցնելու մենք մեզ թէ դասարանէն «վախկոտներ» չսպրդէին ու ծրագիրը տապալէին
«մատնիչութիւն» ընելով:
Ճաշի դադարէն ետք երբ զանգը
կը հնչէ եւ աշակերտները շարքի կը կենան, ԺԱ դասարանին տեղը երկու շարք
ամբողջութեամբ պարապ կը մնայ: Հերթապահ ուսուցիչները շփոթած իրարու երես կը նային
անտեղեակ եղածէն, լուր կու տան տնօրէնութեան: Ոչ ո՛ք լուր ունէր թէ այս դասարանը ո՞ւր
կորսուած էր:
Յաջորդ առաւօտ կարծես թէ
բան չէր պատահած, ամբողջ դասարանով առաւօտեան աղօթքի շարուեցանք: Երբ դասարան մտանք Պրն. Տնօրէնը դասարան մտաւ-
ինք գիտէր թէ ինչու բացակած էինք մէկ օր առաջ:
Մենք արդէն Տնօրէնին մեզի
ուղղելիք հարցումներէն մէկը նախատեսելով պատշաճ պատասխան մը տալու որոշումը
առնուած էր արդէն մէկ օր առաջ եւ հաստատուած նոյն առաւօտուն: Եւ երբ հարցը ուղղուեցաւ դասարանին թէ՝
-
Ո՞վ յղացաւ այս գաղափարը. . .
Ի պատասախան հարցին՝ քար լռութեան մէջ մէկ հոգիի
պէս զսպանակուած
բոլորս միատեղ ոտքի կեցանք:
Մի քանի վայրկեան մեզ ոտքի
պահած, այդպէս լռելեայն մեր աչքերուն նայելով զննելէ ետք, առանց իր բարկութիւնը
ցոյց տալու, կաս կարմիր կտրած դէմքով, զսպուած, խիստ, հատ-հատ բառերը
շեշտելով ըսաւ-
-
Այսօր կէսօրէ ետք, նո՛յն պահուն, ձեր ուսուցչին պատրասստած
միեւնոյն
քննութիւնը պիտի տաք: Ըսաւ՝ ու մեզ ոտքի պահելով դուրս ելաւ դասարանէն:
Նո՛յն օրը կէսօրէ ետք՝ երկրորդ անգամ ըլլալով
ամբողջ դասարանով դարձեալ
դպրոց չգացինք: Հարցը ծանրակշիռ երեւոյթ սկսած էր դառնալ: Թէ՛ ծնողներէն եւ թէ
տնօրէնութենէն գալիք հաւանական պատիժին վախը մեր սրտերուն մէջ էր: Սակայն ետ դարձ
կարելի չէր այլեւս:
Գալիք հաւանական այլ
հարցաքննութիւններուն առաջքը առնելու համար մեր վարժարանի գրաւորներուն համար
սահմանուած պաշտօնական թուղթին վրայ իւրաքանչիւրս ի՛ր ձեռագրով գրեց թէ՝
«Մենք ԺԱ դասարանի աշակերտներս
պատասխանատու ենք 24 եւ 25 Մարտի պատահարին: Անհատներու համար սահմանուած
ոեւէ պատիժ անարդար կը նկատուի, որովհետեւ խնդրին պատասխանտուութիւնը կ՛իյնայ
բոլորիս վրայ առանց բացառութեան»:
Այս անգամ ամբողջ դասարանով –աղջիկ թէ տղայ- տղոցմէ
մէկուն տան մէջ հաւաքուեցանք: Ուխտադրութեան պահ էր կարծէք: Դասարանին
ներկայութեան տետրակին մէջ արձանագրուած այբենական շարքին հետեւելով բոլոր
դասարանը հերթով ստորագրեց՝ իւրաքանչիւրիս թուղթին վրայ: (առաջ կամ վերջ ստորագրած
ըլլալու վախէն ազատելու համար):
Այդպէս ալ, այդ միեւնոյն քննութիւնը տեղի չունեցաւ
այդ օր ալ: Արդէն Աւագ Շաբաթ էր եւ Մեծ Զատկի արձակուրդը կը սկսէր այդ
Չորեքշաբթիէն սկսեալ:
Արձակուրդէն վերադարձին թուաբանութեան նիշի
տետրակին մէջ երամսեակի ընդհանուր միջինը վար առնող պատկառելի զէրօներ շարուած էին
մեր անուններուն դիմաց: . . . (սակայն եւ այնպէս... այդ ուսուցիչը յաջորդ տարին ԼՆԳԿ-ի
ուսուցչական կազմէն դուրս մնացած էր):
Աշակերտութեան համար յանցանք էր կատարուածը, օրինազանց
ըլլալը: Այդ օրերուն, վարժարանին օրէնքն էր, երեք ազդարարութիւն ստացողը դպրոցէն
վտարուելու ենթակայ կրնար ըլլալ: Տնօրէնին ստորագրութեամբ մեր ծնողներուն
ղրկուեցաւ ազդարարութիւնը, ըսելու համար թէ՝ «Երեքշաբթի Մարտ 24-ին եւ Չորեքշաբթի՝ Մարտ 25,
1964-ին ձեր
զաւակը բացակայած էր:»
Միակ ու
անմոռանալի ազդարարութիւնն էր մեր դասարանէն շատ շատերուն համար:
Մեր
գրած նամակին ու տնօրէնին ղրկած ազդարարութեան էջերը- թէեւ գունաթափ- Միաց.
Նահանգներ հասած են հետս կարգ մը անձնական թուղթերուս հետ: Այսօր, տասնամեակներ
անցած են, մոռացութեան փոշիին տակ առնելով այդ զէրօյին պատճառաւ թուաբանութեան
դասէն ստացած մեր ցած նիշը:
Օրինազանցութեան ու արդար դատ պահանջելու միջեւ
տարուբերող մեր առած խիզախ քայլը դէմ դիմաց բերած էր մեզ կեանքի երեւոյթներէն
մէկուն – բաժակին պարապ եւ լեցուն կէսերը տեսնելու եւ զանազանելու հոգեբանութիւնը
լրիւ հասկնալուն. . .
Որքան ալ երազներով տարբեր,
սակայն նպատակի համար բռնցքուող խումբ մըն էինք: Կարօտով կը յիշեմ իւրաքանչիւրը իմ
դասընկերներուս, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն են հիմա: Մի քանիներ ալ դժբախտ
ճակատագրով հեռացած են արդէն այս աշխարհէն, իսկ մնացողներէն շատ-շատեր ալ իրենց
ապրած շրջաններուն մէջ դիրքերու տիրացած:
Ըմբոստութեան
գինը վճարելու պատրաստ քաջ դասարան մըն էր մերը: Նիշ կամ շօշափելոի վարձատրութիւն
անտեսելով, ընկերութեան մէջ միասնակամ ըլլալով արդար դատ պաշտպանելու ամուր
նկարագիրը մեր մէջ կերտուած էր ա՛յս վարժարանէն ներս:
Բիւր յարգանք մեր
նկարագրի կերտման սատարող դաստիարակներու հոյլին, ու բարի երթ մեր վարժարանին՝
մինչեւ դարադարձ:
Նիւ
Եորք - Յուլիս 31, 2004
ՅԳ- Հիմա որ կը կարդամ տասնըչորս տարի առաջ գրուած
այս յուշը – որո՜՜ւն մտքէն կ՛անցնէր այսօրուայ աշխարհի քաղաքական վերիվայրումները
– քիչ մը ամէն տեղ - եւ մեր Սիրելի Հալէպէն հարազատներուն այսքան ցիրուցանութիւնը:
Subscribe to:
Posts (Atom)
About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...
-
ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՄԸ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ Ս. ՍԱՀԱԿ - Ս.ՄԵՍՐՈՊ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՆԵՐՍ (Փետ րո ւար 23-24, 2024) Մեծ Պահքի շրջանի կի...
-
«ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020 Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...











