Search This Blog

Search This Blog

Monday, December 10, 2018


Նորոգ Վախճանեալ Տ. Տիրան Աւագ Քհնյ. Փափազեանին կը պարտինք այս գեղեցիկ մաղթերգը, որ մրցանակ շահած է 1950-ական թուականներուն, Երջանկայիշատակ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Տ. Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանի հովապաւորութեամբ տեղի ունեցած մրցանքին: Այդ օրերուն Կիրակնօրեայ վարժարաններուն հիմնադիր տնօրէնն էր վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Տիար Լեւոն Զէնեան:
Կարապետ Փափազեանին յօրինած այս մաղթերգին լուսարձակումը կը պարտինք Տիար Արամ Սեփեթճեանին, որ մեզի կը յուշէ ոչ միայն յարգել Արժանաշնորհ Տիրան Աւագ Քահանային յիշատակը, այլ եւ վերակենդանացնել այս գեղեցիկ յօրինումը:
Այսօր՝ Հիւս. Ամերիկայի տարածքին գրեթէ ամէն եկեղեցի ունի Կիրակնօրեայ վարժարան մը: Արդեօք անոնցմէ քանիի՞ն ծանօթ է այս գեղեցիկ մաղթերգը, եւ կամ՝ կը սորվեցնեն ու երգել կու տան կիրակնօրեայ վարժարանններու սաներուն:   
*  *  *   * 
ՄԱՂԹԵՐԳ*

                             Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու

Արժ. Տ. Տիրան Աւագ  Քհնյ. Փափազեան
Աւազանի անունով՝ Կարապետ Փափազեան

Կիրակնօրեայ սուրբ յարկին
Մենք սաներն ենք լուսաբաղձ,
Կայծերու պէս լուսածին
Ցայտած սրտէն պերճ նախնեաց:
Ուստի քալենք անխըռով,
Ո՛վ հարազատ զարմ արի,
Լոյս –աղբիւրին ցանկալի:

Եկեղեցին սրբազգեաց՝
Ժառանգ անգին, հրաշափառ,
Մեր խոյանքին վերասլաց
Թափն է խիզախ, բոցավառ,
Հայ մըշկահոտ սրբութեան
Բոյրովն օծած մեր հոգին
Մեր երթին մէջ յաղթական
Թումբերն ամէն պիտ՛ փշրին:

Կեցցե՛ն յաւերժ անսասան
Հիմնադիր եւ բարերար,
Կիրակնօրեայ լուսոյ տան
Ջահակիրներ վեհափառ,
Հնչեցէք յար ծնծղաներ
Մեր սըրտերուն ցնծագին,
Որ վառ մնայ դարե՜ր դեռ
Սրբաճաճանչ Հայ Հոգին. . .:

        

No comments:

Post a Comment

Feb,28, 2024, A weekend, of, spiritual,renual, at, St, Sahag, St Mesrob,Zarmine, Boghosian

  ՀՈԳԵՒՈՐ   ՍՆՈՒՆԴ   ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՂ   ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ   ՄԸ ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ   Ս ․ Ս Ա ՀԱԿ-Ս ․ ՄԵՍՐՈ Պ   ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ   ՆԵՐՍ   Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան...