Search This Blog

Search This Blog

Wednesday, December 5, 2018

FaceBook-Մեր Օրերու Կենցաղ


ՄԵՐ  ՕՐԵՐՈՒ ԿԵՆՑԱՂ

ԴԻՄԱՏԵՏՐ * * *  FACEBOOK



Կրթասիրցի Վաստակաւոր Ուուցիչ: Նուպար Յակոբեանին Յիշատակին

Գրեց՝ Զարմինէ Գ. Պօղոսեան

Առաջին անգամ լոյս տեսած է Յուլիս 2011-ին



          Ի՜նչ հրաշալի հաղորդակցութեան ցանց է այս դիմատետրը- Ֆէյսպուք-կոչուածը

            Համակարգիչին մէկ հպումով մի քանի հարիւր «ընկերներ» ակնթարթի արագութեամբ քեզի հետ կրնան ըլլալ: Այո՛, մի քանի հատ կամ տասնեակ մը չէ .. այլ՝ մի քանի հարիւր` առանց չափազանցութեան: Ես շատ ժամանակ չունիմ եւ բաւական խիստ եմ ընտրութիւններուս մէջ, այդպէս ըլլալով հանդերձ, արդէն իսկ մօտաւորապէս երեք հարիւր եւ աւելի «ընկեր» ունիմ,  որոնց ամենամտերիմ առօրեային յայտնութիւններուն, հին ու նոր նկարներուն, ծրագիրներուն կամ անցուցած առիթներուն, ճաշարանի եւ ճաշատեսակի նախընտրութիւններուն կը ծանօթանամ, տեղեակ կ՛ըլլամ երբ եւ ուր են .. էին: Ամէնէն մանրուք լուրերէն մինչեւ իրենց կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններն անգամ կ՛արձանագրուին հոն, եւ եթէ քիչ մըն ալ աւելի ժամանակ ունենաս, կամ «վատնես» ինչպէս կը սիրեն ըսել մեր պոլսահայ բարեկամները- բոլորին ալ տեղեակ կ՛ըլլաս:

            Անշուշտ եթէ ժամանակ ունիս:

            Բնաւ ալ պայման չէ որ այդ ընկերները նոյն քաղաքին մէջ ըլլան, կամ՝ Միացեալ Նահանգներու քաղաքներէն մէկուն մէջ: Եւրոպայէն Աւստրալիա, Միջին Արեւելքէն ափրիկէ, Պարսկաստան թէ Հայաստան- բոլորին ալ լուրերը հոն են, նոյն արագութեամբ, ուզած պահուդ, նոյնիսկ ափիդ մէջ պահուըտող հեռաձայն տուփիկին հետ քեզի հետ կրնայ քալել փողոցի մայթերուն վրայ, կամ՝ ինքնաշարժիդ մէջ քաղաքի ճամբաներու երկայնքին:

            Տարեդարձներ, շարժանկարի դերասաններու, երգիչներու նախասիրութիւններ, պաղառութիւն, գործի առօրեայէն տաղտկալի լուրեր, պտոյտներ, քաղաքական թէ քարոզչական բնոյթ ունեցող շեշտակի թելադրանքներ, սուրբ գրային համարներ, եւ ատենը մէկ ալ – իմ նախասիրածներէս անշուշտ շատ եզակիօրէն- գրական կտորներ, կամ նոր լոյս տեսած գիրքերու անուններ. . . հեղինակի ծանուցումներ հոն են ամէն օր, ամէն ժամ:

Եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Բոլորն ալ քու ժամանակիդ եւ մատի հպումիդ սպասող:

Դեռ անցեալ շաբաթ մայր մը օգնութեան կոչ տեղադրած էր: Վայրկեա՛ն մը, խնդրե՛մ- չըլլայ թէ ձեր սիրտը դող ելլէ: Հայերէն գիրքի կամ գրավաճառի մը հասցէն կամ կայքը չէր որ կը փնտռէր, այլ՝ շուարած էր թէ իր հինգ տարեկան աղջնակին տարեդարձը ո՞ւր կրնար տօնել: Քանի որ այս հինգ տարեկան աղջնակին տարեդարձը նախորդ տարիներուն արդէն իսկ տօնուած էր ձեզի ծանօթ զանազան վայրերու մէջ- Օրինակ՝ «Չագը Չիզ», My Gym յատուկ մարզարանի մէջ, կամ իշխանուհիներու պալատին մէջ:  Խնդրեմ.. տեղ մը՝ որ իսկապէս նորութիւն ըլլար այս աղջնակին համար եւ անպայման տպաւորիչ՝ հրաւիրեալներուն համար:

Հարց տուող մօր հասած պատասխանները արագօրէն սկսան զանազան զարմանազան վայրեր թուել՝ իւրաքանչիւրին առաւելութիւնները ընդգծելով:

Թանգարաններու տեսակաւորումը - Touch Me – կրնաս դպնալ, Unicorn-Միաեղջիւր թեմայով խաղավայր մը- Մէյքինկ Միւզիք ֆօր Թատլըրզ –Making Music for Toddlers – եւ այսպէս թելադրութիւններու շարք մըն է  որ ծայր տուաւ:

Անկախ ինձմէ- մտովին սկսայ հաշիւ մը ընել իւրաքանչիւր նշուած վայրին մէջ տօնուած այս տարեդարձներուն համար ծախսուելիք ընդհանուր գումար մը  աչքիս առաջ թիւերով պարզելու:

Թիւերը հոս գրելու պէտք չունիմ: Ձեզմէ շատ շատերը ինձմէ շատ աւելի լաւ գիտէ: Աներեւակայելի մեծ գուարներ են անոնք: Ոչ ալ կ՛ուզեմ ..մեծ մայրիկիս օրինակին հետեւելով դար մը առաջ երթալ ըսելու թէ՝

- Տարեդարձ տօնողը ո՜՜վ էր մեր օրերուն, կարկանդակ մը անգամ չէինք տեսներ: Մէկ 

     զոյգ գուլպայ կամ մի քանի խնձոր կամ նարինջ տոպրակի մը մէջ .. իշտէ ատիկա 

       էր մեր նուէրը. . .

            Այս օրերուն ծախսուած գումարները մտովին հաւաքելով հայկական գրախանութ մը երթալս եկաւ այս փոքրիկներուն յարմար հայերէն գիրքեր գնելով ձրի բաժնելու: Կամ՝ ընտանիքներուն հայերէն թերթի մը բաժանորդագրութիւնը ապահովելու. . .

Բայց ինչո՞ւ . . .

Այս օրերուն գիրք-գնող-կարդացողներուն թիւը այնքան նուազած է որ նոյնիսկ անուանի ամերիկեան գրախանութներ իրենց ամէն տեսակ վաճառականական հնարքներով մասնաճիւղեր կը փակեն:

Մտադրութիւնս փոխեցի:

Աւելի լաւ չէ՞ որ մեր հայ գրախանութները, թերթի խմբագրատուները, կամ թէկուզ եւ ՀԱՅ վարժարանները յատուկ բաժիններ բանան մանկական թէ պատանեկան տարեդարձներ տօնելու, Ճաշակ գոհացնող միջավայր ստեղծելու համար:

Ըսէ՛ք, խնդրեմ, մեր հէքեաթներու աշխարհը պակա՞ս հետաքրքրական է:  Մեր հերոսները, մեր թագաւորներն ու թագուհիները, իշխաններն ու իշխանուհիները շատ աւելի լաւ ու հետաքրքրական կրնան տողանցել եւ զուարճացնել միաժամանակ մեր փոքրիկներուն սորվեցնել- ինչու չէ նաեւ չափահասներուն- մեծին ու փոքրին պատմութեան էջերէն դրուագներ պատմելու, ինչ որ մոռացութեան գիրկը կը նետուի քիչ մը ամէն տեղ – օրը օրին:

Հապա մեր հերոսապատումներու կերպարնե՞րը, մեր մանկական երգերու կատարողները պակաս արժանիքներով օժտուած են կարգ մը ամերիկեան մանկական երգերու կատարողներէն:

Դէ, լաւ ուրեմն ինչո՞ւ աւելի երկար սպասել: Գաղափարը գործադրելու համար դրամագլուխ տրամադրողի պէտք ունինք:

Այս գաղափարով ճամբայ ելէք: Եթէ յաջողի եւ հասոյթը բարեբեր ըլլայ մի՛ մոռնաք բաժին մըն ալ հանելու Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանին-ՍՆԱՎ-HMADS-ին  Սաներու կրթաթոշակի ֆոնտին եւ կամ աշակերտին երթեւեկը ապահովող փոխադրողական Օթօպիւսի հաշւոյն գումար մը յատկացուցելու:

ՍՆԱՎ-ը Ամէնօրեայ Վարժարան մըն է, որ իր դռները բացած է 1967-ին Նիւ Եորքի Քուինզի-Պէյսատ շրջանին մէջ:  Այս տարի Սեպտ. 7-ին 45-րդ անգամ ըլլալով կը բանայ իր դռները- որ միակն է Նիւ Եորք Նահանգին մէջ եւ հպարտութիւնն ունի առաջինը ըլլալուն Միացեալ Նահանգներու աեւելեան ափին:

Յաջորդ անգամ երբ դիմատետրին առաջ անցնիք՝ խնդրեմ- մի՛ մոռնաք Հայ Դպրոցներուն առաւելութիւններուն մասին խօսելու եւ ձեր տարեդարձներուն հասոյթէն բաժին մըն ալ արտասահմանի մէջ հայապահպանման աշխատանք տանող հաստատութիւններուն մեծահոգաբար նուիրելու:



Նիւ Եորք- Յուլիս  2011

No comments:

Post a Comment

The Wonderful World of the Armenian Language-by Zarmine K. Boghosian

  The Wonderful World of the Armenian Language   Speech delivered by Zarminé Boghosian   In early 1989-1990 On the occasion of Armenia...