Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label High School Level. Show all posts
Showing posts with label High School Level. Show all posts

Wednesday, December 12, 2018


Այս գրութիւնը Հալէպի միջ-դպրոցական շարադրութեան մրցումին առաջնութիւն շահած էր այս գրութիւնը:                                     
                               Հալէպ- Յունիս 1965

Ծանօթ. - Մրցոյթը կազմակերպուած էր Հալէպահայ Հայ Ուսանողական Միութեան կողմէ, տեղի ունեցած էր Մարտիկեան Սրահին մէջ: Մասնակից վարժարաններէն 25 երկսեռ ուսանողներ էին-Հետեւեալ վարժարաններէն-
 ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.Գ. Կ. Վարժարան, Քառէն Եփփէ Ճեմարան, Անարատ Յղութեան Քոյրերու, Հայկազեան, Զաւարեան, Բեթէլ, Ուսումնասիրաց եւ Կենաց Վարժարաններ:
Դատական կազմի անդամներն էին- Գեր. Յովսէփ Վրդ. Շատարեւեան,  Հայկ Պարիկեան եւ Պետրոս Հաճեան:
 * * * 
ՄԵՌԵԼՆԵՐՆ ԵՆ ՈՐ Կ՛ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ ՄԵԶ
                                                                              Զարմինէ Գալայճեան

            Մահ: Վերջակէտ եւ կախման կէտ միեւնոյն ատեն: Վերջակէտ մը՝ թաղուելու դատապարտուած մարմնին, կախման կէտ՝ մնացող մարդուն:
          Կախման կէտ՝ անոր համար որ մնացողներուս կը մնայ թարգմանել կախման կէտը նախորդող նախադասութիւն մը այնպէս՝ ինչպէս կ՛ուզէինք տեսնել կամ պիտի ուզէինք յարմարցնել մեր ըմբռնումին: Կը վերլուծենք, կը սրբագրենք, կը համաձայնինք կամ կը հակառակինք ի վերջոյ եզրկացներլու այն՝ ինչ որ մեր նշանաբանը պիտի ուզէինք դարձնել:
          Նշանաբան մը՝ առաջնորդը մեր կեանքին՝
          Դագաղի մը ի տես՝ «Մահ կայ, ծօ՛, քալէ, դպրոցն ալ, գիրքն ալ, երթանք կեանքը վայելենք» կամ՝ «է՜՜, դուն ալ, ինչքան այսքան տարուելիք, մեռեր է եղե՜՜ր, երթանք «Պիթըլզ» մը մտիկ ընենք» կ՛ըսենք:
          Բազմակէտ բացատրող մտքեր են յամենայն դէպս: Առաջնորդ մը՝ ինչո՞ւ ոչ: Ուղղութիւն մըն է տուածը՝ լաւ կամ գէշ. . .
          Ուրեմն առաջնորդուելու տարբերութիւն կայ՝  ձեւաւորուած մտքերու անհամարութեամբ: Տարբերութիւններ՝ ամէն բանի մէջ:
          Մեռնող անձին, զայն իբրեւ առաջնորդ դարձնող անձին:
          Մահը վերջակէտ ընդունողներուն համար միայն մահ է, ու մեռնողի յատուկ. …
          Իսկ անմահութիւն՝  չամբողջացուած, շարունակելի գործ համարողներուն:
          Բարոյական ըմբռնում մըն է մահուան հոմանիշ դարձնել անմահութիւնը:
«Մարդը գնում է, գործն է մնում»:  Իսկ ինչ որ կը մնայ, մենք՝ կախման կէտ թարգմանողներս, կը կոչենք անմահութիւն:
Անմահութիւն ուսուցանողները մեզի մեռելները իրե՛նք են, իրենց ապրած օրերուն արարքներովը:
Երբ գիտնականներու, բանաստեղծներու անուններ կը հոլովուին մեր բերնին մէջ իրենց բացակայութեան ի՞նչպէս կարելի է զանոնք թաղուածներ համարել:
Ի՞նչպէս թաղուածներ համարել Զոհրապ մը, Վարուժան մը, երբ մեր հոգիները կը կոփեն անոնց մահ չընդունող երկերը:
Միշտ նմանելու,- հակառակ ինքնուրոյնութիւններ ցուցադրողներու , - կնքելու մարդոց նկարագիրը աւիշ կ՛առնէ այս կամ այն մարդուն, անձին օրինակով:
Յուսահատութիւնը ուժասպառ նաւավարին սրտին մէջ է այն ատեն, երբ դիմացէն փարոս մը չի պլպլար: Իսկ եռանդով կը լեցուի երբ նոյնիսկ հիւանդ ու աղօտ թարթում մըն է զինք կանչողը:
«Կեանքի փուշերը շատ են», կ՛ըսեն փորձառու բերաններ: Այդ փուշերը պիտի վիրաւորեն ու արիւնոտեն սակայն, զանոնք անտեսելու համար միշտ լոյս մը պէտք է տեսնել մերթ ընթ մերթ, մեր ակնարկներուն դիմաց, անով աշխուժանալու:
Մեռելներն են ապրող մարդոց կեանքի ուղին լուսաւորող արկայծումները իրենց կեանքերուն օրինակներովը: Մեր ոյժերը կը նորոգուին եթէ գիտնանք որ նման փուշեր մեռնողներուն ալ վիրաւորած են: Բայց,  չեն թաղուած մնալով  մեզի համար Պարոնեաններ, Սիամանթոներ, Կոմիտասներ:
Զարմինէ Գալայճեան-Պօղօսեան 



About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...