Search This Blog

Search This Blog

Showing posts with label Nostalgia. Show all posts
Showing posts with label Nostalgia. Show all posts

Saturday, November 13, 2021

Yerevan,Nostalgia.our visit to Armenia,2021

 https://hairenikweekly.com/2021/11/01/49013

Published on Nov, 1, 2021

ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ԿԱՐՕՏԱԽՏԻՍ  ՀԱՒԱՔԱՎԱՅՐԸ․ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՄԵՐ ԱՅՑԸ` 2021-Ի

Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Հոկտեմբեր 29, 2021

Սփրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա

Այս տարուայ հայրենիք մեր այցելութիւնը – Սեպտ․ 23-էն մինչեւ Հոկտ. 12- շա՜տ տարբեր բնոյթ ունէր։ Տխուր, միաժամանակ ե՛ւ սպասողակա՛ն։

Տխուր՝ որովհետեւ մեր ժամանումի թուականէն շաբաթ մը առաջ կորսնցուցած էինք համավարակի զոհ դարձած հարազատ մը։ Մեր ժամանելէն մէկ շաբաթ առաջ, արդէն իսկ հայրենի հողը գրկած՝ կը ննջէր հալէպահայերու համար յատկացուած  գերեզմանատան բարձունքին, այն աղջիկը, որ որքան սէր, կորով եւ փորձառութիւն ունէր Սուրիոյ մէջ բժշկական մարզի մէջ տասնամեակներ ծառայած էր ունեցած մասնագիտութեամբ, նոյնքան եւ աւելի սէր ունէր մանաւանդ՝ Հայրենիքին հանդէպ։

Սպասողական՝ որովհետեւ Յուլիս 31-ին վերջապէս լոյս տեսած եւ հրապարակ իջած էր տարիներու երազս՝ «ԱԶԷԶԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ» խորագիրը կրող հատորը։

Հատոր մը, որ 400 էջնոց հաւաքածոյ մըն է տասնամեակներու ընթացքին հայ մամուլի էջերուն մէջ ցրուած, լոյս տեսած եւ կամ կարգ մը անտիպ գրութիւններուս։

Հարցական էր թէ ի՞նչպէս պիտի դիմաւորուէր գիրքս, ինչպէս պիտի կարենայի զանոնք հետս բերել Միացեալ Նահանգներ ընտանիքիս անդամներուն, աշակերտներուս եւ կամ՝ ընթերցասէր բարեկամներուս նուէր տալու։

Վերջ ի վերջոյ շուրջիններուս անյաղորդ, աւելի ճիշդը ցաւակից նայուածքները ուրիշ բան չէին թարգմաներ քան՝ «Ո՞վ է հայերէն գիրք կարդացողը հիմա․․․․»

Եւ պատահեցաւ անսպասելին․․․․

Երեւանը դարձաւ իմ կարօտախտիս հաւաքավայրը։ Միսաքին եւ իմ տարիներու նուիրեալ աշխատանքը արտասահմանի մէջ, գնահատանքի արժանացնող հանդիսութեան մը վերածուեցաւ՝ Հալէպէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեր ազգային-մշակութային-կրթական-ընկերային կեանքէն ներս տարած աշխատանքը նկատի առնելով։

Արդարեւ, Դոկտ․ Փրօֆ․ Ռուբէն Միրզախանեանի հովանաւորութեամբ եւ իր բարձր ներկայութեամբը, Երեւանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնը իր դռները բացած էր Սեպտեմբերի 30-ին «ԱԶԷԶԷՆ ԱՄԵՐԻԿԱ» գիրքիս շնորհանդէսին համար, կազմակերպչական համագործակցութեամբը Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի Անուան Հայաստանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի ՍՓԻՒՌՔ Գիտա-ուսումնական Կեդրոնին։

Իսկ ինչո՞ւ կ՛ըսեմ «Երեւանը դարձաւ իմ կարօտախտիս հաւաքավայրը», որովհետեւ, 65 տարուայ բաժանումէ մը ետք հոն ներկայ էր Ազէզի Սահակեան Նախակրթարանի դասընկերուհիներէս՝ Վարդուհի Թօփճեանը։ Կրնա՞ք պատկերացնել 11 տարեկանին Ազէզէն բաժնուած, հազիւ թէ պատանութեան սեմին ոտնակոխած աղջիկներ հանդիպին Երեւանի մէջ, եւ զիրար տեսնեն սպիտակած մազերով մեծ մայր դարձած։

Հո՛ն էին նաեւ Հալէպի Բեթէլ Աւետարական վարժարանի աշակերտական օրերէս Ժոզէֆ Ապաճեան ընտանիքի անդամները, Երուսաղէմի Թարգմանչաց Վարժարանի երկրորդականէն Անի Յարութիւնեան- Չէքիճեանը, Հալէպի Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Լ․Ն․Գ․Կ-ի երկրորդականը յիշեցնող ողբացեալ դասընկերուհի Զարմինէ Պօղարեանին եղբայրը, նաեւ դասընկեր, ապա ուսուցիչ՝ Աբրահամ Քասիս-Երէցեանը։ Ներկայ էր նաեւ իմ երախտապարտ աշակերտններէս Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանի առաջին տարուայ ուսուցչութեան օրերէս ազգային բարերար՝ Գաբրիէլ Չէնպերճեանն ու Միութենական ընկեր՝ Կարպիս Վարդանեանը իր ազնիւ տիկնոջ Սեդային հետ։

Շնորհանդէսին իր օրհնաբեր ներկայութիւնը բերած էր Երուսաղէմի Միաբանութենէն Բարձրաշնորհ Արիս Արք․ Շիրվանեանը, որ իր բացման ու փակման օրհնութեան աղօթքներով կարծես վախճանեալ եղբօրս՝ Տ․ Վրթանէս Ա․ Քհնյ․ Գալայճեանին ներկայութիւնը կենդանացուց։ Սրբազանը գիտէր մեր ընտանիքին մասին եւ հարց տուաւ – «ընտանիքէդ ո՞վ կայ հոս» ըսի՝ ամէնէն փոքր եղբայրս, արուեստագէտ Վազգէն Գալայճեանը իր տիկնոջ՝ Ժագլինին հետ, նաեւ Միսաքին ընտանիքէն երեք քոյրերու զաւակները։

Պատուոյ սեղանին էին Պայքար Շաբաթաթերթի երախտաշատ գլխաւոր խմբագիր Տիար Երուանդ Ազատեանը, Սփիւռք Գիտա-ուսումնական Կեդրոնի Տնօրէն՝ Փրօֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը, Բանասիրական Գիտութիւններու Թեկնածու Դոցենտ՝ Դոկտ․ Քնարիկ Աբրահամեանը։ Առանձին ելոյթներով հանդէս եկան գիրքիս խմաբագիրը եւ օրուան հանդիսավար՝ Քնարիկ Աբրահամեանը, հատորին յառաջաբանին հեղինակ՝ Փրօֆ․ Սուրէն Դանիէլեանը, Մատենագէտ – Մանկավարժ Յովսէփ Նալպանտեանը, Խաչատուր Աբովեանի ՀՊՄՀ   Բանասիրա-կան բաժանմունքի մագիստրոսական 2րդ լսարանի ուսանողուհի՝ Աննա Դաւթեանը։

Գիրքէն նմոյշներու ընթերցումներ կատարեցին հանդիսավար Դոկտ․ Քնարիկ Աբրահամեանը, 24 ժամ առցանց սփռուող www.radioayk.com-ի հիմնադիր-Տնօրէն, Արեւմտահայերէնի անխոնջ պաշտպան, Ուիքիփիտիայի արեւմտահայերէնով կամաւոր նուիրեալ աշխատակից՝ Շաքէ Մանկասարեանը։

Իսկ Յակոբ Միքայէլեանի ԱԶԳ-ի մէջ երեւցած ակնարկը հատորին շուրջ, կարդաց՝ Շողեր Պիլէմճեան-Հեղինեանը- ընդգծելով Միքայէլեանին եւ իմ Հալէպի դպրոցական օրերէն գրասէր-ընթերցասէր աշակետներ ըլլալը։

Մանկավարժի ակնոցով դիտուած ամէնէն աւելի սիրտ ջերմացնող երեւոյթ էր ականջալուր ըլլալ մագիստրոսական բաժնի ուսանողուհի Աննա Դաւթեանին ելոյթին, որ Դոկտ․ Բերկրուհի Սվաճեանին նուիրուած հատուածէն քաղած էր անոր իմաստուն խօսքերէն մին-

«Եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջին–ները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»:

            Երազներուս իրականացումը գտայ հայրենիքին մէջ։ Ոչ միայն գիրքիս լոյս ընծայումին հետ շնորհանդէսին վայրը հայրենի հողին վրայ կը գտնուէր, այլ նաեւ շնորհանդէսի սրահը լեցնող գրասէրները յոյս ու հաւատք կը ներշնչէին, լեզուի կարեւորութեան հաւատացող հայերով։

Սիրտ ջերմացնող եւ ականջ շոյող խօսքերէն աւելին նոր սերունդի ներկայացուցիչներու, համալսարանի ուսանողուհիներու ներկայութիւնը կու գային զիս հաւատքով լեցնելու։  Ինչպէս որ ներկաներէն «Նոր Յառաջ»-ի աշխատակից եւ Եռրւանեան կեդրոնի պատասթանատու, տաղանդաւոր գրող Անի Բրդոյեան-Ղազարեանը կը յիշեցնէ Տիար Երուանդ Ազատեանի ելոյթէն հետեւեալ գնահատականը թէ՝   «Գրողներ կան, որ չեն գործեր եւ կան գրողներ որ չեն գրեր։ Զարմինէն երկուքն ալ կը համատեղէ եւ արդիւնքը կ՛երեւի անոր օգտապաշտական գրականութեան մէջ։ Զարմինէ Պօղոսեանը կրթական մշակ է՝ Մեսրոպաշունչ հաւատքով, իսկ գիրքին իւրաքանչիւր էջը՝ մեղրահամ քնքշութիւն ունի, ինչպէս իրենց բակի թթենիին պտուղը, որուն մասին յիշատակած է գիրքին մէջ»։

*    *    *

Այո՛,  Հալէպի երկրորդականի աւարտականէն ետք երազիս մաս կը կազմէր Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսում ստանալ, ինչպէս շարք մը դասընկեր-դասընկերուհիներս յաջողած էին օրին։ Հինգ տասնամեակ ետք Երեւանի մէջ Մեսրոպեանով գիրքիս լոյս ընծայումը եթէ համարժէք չէր այդ օրերուն ստանալիք հայրենի «դիպլոմ»ին, սակայն, լաւագոյն սփոփանքն էր երազներուս իրականացման ճամբուն վրայ։

Դոկտ․ Քնարիկ Աբրահամեան ո՛չ միայն բացառիկ բծախնդիր ու բանիմաց խմբագիրն դարձաւ – մօտաւորապէս երեք տարի տեւող համբերատար աշխատանքով այս հատորին լոյս ընծայման- այդ օր նաեւ փայլեցաւ հանդիսավարի իր շնորհերով։ Ան ներկայացուց գիրքը, գեղարուեստական յայտագրով հրամցուցուեցաւ գիրքէն հատուածներու ընթերցումներ, «Տափակ Անիւ», «Ազէզի Խոճան»։

Իսկ ձեռնարկին ամենամեծ անակնկալն էր, թէ՛ հանդիսատեսին, եւ թէ ինծի համար երբ Դոկտ․ Քնարիկ բարձրախօսին հրաւիրեց ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան Թատերախումբի անդամներէն -Միսաք  Պօղոսեանը, որ Օմար Խայեամի եւ Վահան Տէրեանի խօսքերու հիման վրայ գրուած իր եւ իմ սիրած երկու երգերը հրամցնէ ներկաներուն։

*    *    *

Երեւանի մի քան շաբթուայ մեր կեցութեան ընթացքին ամենադժուար, հոգիիս համար տանջալից պահն էր Եռաբլուր մեր այցը։ Անցնող Սեպտեմբերին Հայ ազգը վերապրեցաւ 1915-ի օրերուն տիրող խորշակը։ Սեւ խորշակ մը, որ դարձեալ հնձեց տարաւ մեր նոր սերունդէն անհաշուելի զոհեր։ Ապագայի խոստումներով լի սերունդ մը զոհուեցաւ, որ պիտի դառնար Մեր ԱՊԱԳԱՅ-ն ու մեր ՅՈՅՍ-ը։ Մեր աչքերէն հոսող արցունքի կաթիլներուն ըմբոստ ու անզսպելի հոսքը բաւարար չէ բնա՛ւ կորուստին կսկիծին հետ վիշտին խորութիւնը հաւասարակշռելու։

Սակայն, շուրջս երիտասարդութիւն, պայծառ դէմքեր ու խօսուն աչքեր տեսնելով վերստին կը յուսադրուիմ յիշելով Խրիմեան Հայրիկին խօսքերը ․․․

«Դուք մի՛ վհատիք, Աւետարանի հարուածեալ որդիքներ. յոյս ա՛ռ, ու քաջալերուէ՛, ժողովուրդ Հայոց, երկհազար ամ է (տարի)  որ միշտ ջախջախուիս ու չես մեռնիր։ Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ՝ (ապահով) անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՚ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր»։

*   *    *

Իւրայատուկ վայելքի պահ էր երբ մէկ դասապահի հանդիպումով առանձնաշնորհումը ունեցայ վայելելու ներկայութիւնը Խաչատուր Աբովեանի Անուան մանկավարաժական համալսարանի լսարաններէն մէկուն մէջ եւ սորվիլ փափաքող երեսուն զոյգ աչքերուն խորը նայելով։

Անխուսափելիօրէն Զահրատն էր որ եկաւ թարգմանելու իմ ներքին անբացատրելի զգացումներս- «Ձեր ու Սան կոչուած

          Այդ փայլուն աչքով դէմքերուն միջեւ

          Սիրոյ Կամուրջ մը կը շինուի տակաւ

          Սիրոյ կամուրջէն անցա՞ծ էք բնաւ․․․․»

Այո՛, ես այդ օր վերստին ապրեցայ դասարանի մէջ ըլլալու եւ սորվիլ ուզող աչքերուն նայելով հմայուելու։

Մէկ այլ վայելքի պահ ստեղծեց բանասիրական ֆակուլտետի, 4-րդ  կուրսի ուսանող- Աննա Կոստանեանը գիրքէն քաղուած իր իւրայատուկ ընտրութիւններով- այսպէս- «Կը  փնտռեմ» պատմուածքէն հատուածի մը մէջբերումովը իրենց բոյներուն կարօտը քաշող – Հալէպէն՝ Պէյրութ, Պաղտատ թէ Գահիրէէն ցիր ու ցան հայութեան։

          «Բոլորն ալ  կարօտը  ունին  իրենց  տունին,  անկողնին,  թէկուզ  ամէնէն աննշան համարուղ ամենամտերիմ իրենց բարձին, որուն վրայ ինչ բարձր տրամադրութեամբ հանգիստ տուած էին իրենց գլուխներուն եւ հրաշալի երազներ  տեսած  ժամանակին»։

Սակայն, Աննան կը գտնէ յուսատու տողեր ալ եւ մէկ այլ գրութենէն  կը մէջբերէ հետեւեալը-  «Այո՛, աշխարհի  մէջ  տակաւին  կա՛ն  լաւ  մարդիկ»։

Այո՛, ես ալ անուղղայ լաւատես մըն եմ, երբ հարցը մեր հայրենիքին գայ։ Կարծէք այդ տողերը ինծի կը վերադառնային ի՛ր բերնով, հայրենի երիտասարդու-թեան բերնով ընգծելու թէ-  Այո՛, հայրենիքի մէջ կան օրինակելի Նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, Աննաներուն պէս խելացի ու հաւասարակշռուած հայուհիներ, ապագայի մայրեր, դաստիարակներ, որոնք մեր հոգիները կը լիցքաւորեն ապագայի հանդէպ իրենց լուսատու օրինակներով։

Մէջբերելով 19-րդ դարու Ֆրանսացի գրող Սթանտալին սա խօսքը թէ՝ «Ժողովուրդի մը հանճարին առաջին գործիքը ԻՐ լեզուն է», Աննաներն ու Քնարիկը յոյսս կը բազմապատկեն, որովհետեւ կ՛ապացուցեն թէ Հայ ժողովուրդին հանճարի գործիքը այս նոր սերունդին ձեռքին է․․․․ Լեզուն կ՛ապրի այստեղ, եւ կարդացողներ կա՛ն անպայման։

Վստահ եմ ինծի համամիտ էք նաեւ դուք եւս, կրկնելու Խրիմեան Հայրիկին իմաստուն յորդորը՝ Հայրենիքէն հեռանալու ամէն տեսակի մտադրութիւն եւ մտածում հեռու վանելով – «Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ՝ անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՛ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր»։ …:

 

Thursday, January 31, 2019


                                 ԿԱՐՕՏ եւ ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ



Այսօր եղբօրս աղջիկը եկաւ մեր տուն

 - հայկական ճաշեր եփել սորվելու:

Շատ ուրախացայ:

Ինքզինքը կէս հայ նկատող

Ամերիկեան քաղաքացի եղբօրս զաւակը

          Հայկակա՛ն քիմք ունի:

Նախ սմբուկ, լոլիկ եւ պղպեղ զատեցինք կանաչեղէնի խանութէն

Այնտեղ մեծ մայրս է որ ողջնցաւ եւ խօսիլ սկսաւ...

Թելադրելու համար թէ՝  սմբուկը ողորկ եւ քիչ մըն ալ փափուկ

Պէտք է ըլլայ  որպէսզի թէ՛ քաղցր ըլլայ եւ թէ դիւրին փորուի:

Բրինձ կամ  ձաւար,  միսով թէ առանց միսի

Միեւնոյնն է աշխատանք է պէտք

              մինչեւ կաթսային յանձնելու ժամը հասնի

Գլուխը կտրել,  կափարիչ  պահել,  փորել,   

          Միջուկը հանել, քերթել, համեմել, լեցնել...

Եւ կամ տերեւ հաւաքել՝

Թարմ ու կանաչ, մետաքսի պէս մատերդ շոյող

Բակին մէջ աճած որթատունկին կանաչ տերեւները

Շարել համաչափ, երկուքի ծալլել

          եւ...եռացող ջուրին մէջ թորմեցնել..

-         «Հիմա կը հասկամ թէ հայ մայրերը

            ինչո՞ւ խումբով աշխատիլ կը սիրեն

  Ասիկա երկար ժամերով աշխատանք է

          կէս ժամուայ մէջ ուտել-կշտանալու  համար...»

Կը բացագանչէ նոր սերունդի ներկայացուցիչ

եղբօրս զաւակն իմ

                       Հայկական տոլմա եփելուն անգիտակից ...

Սմբուկը ձեռքիս՝ կը հեռանամ մտքով

Հօրքուր – ի՞նչ պատահեցաւ-

 «Ար եու հիր- հո՞ս ես» հարց կու տայ ան...

Կը պատմեմ իրեն թէ ուր հասեր էի

                             մտքիս թելերուն հետ ճամբորդելով

Երբ հազիւ տաս տարեկան աղջնակ՝ մօրս կ՛օգնէի

Վերմակ կարելու ասեղ-դերձանով

Իր եւ խումբ մը իր ընկերուհիներուն ձեռքերով

Պարկ մը լեցուն քիլօներով սմբուկներ

                                                փորուած-քերթուած 

Թելին անցնելով պարաններուն վրայ կապելու...

                   պատշգամէն կախ տալու

Ձմրան պաշարն ապահովելու..

Ամառնային մեր արարողութիւնը...

Ամէնէն լաւ մասը այս բոլորին՝  

Լարա՛, պատմեմ քեզի սիրելիս,

Սեպտեմբերին այդ չորցած սմբուկներուն նուագը

Աշնանային զեփիւռին հետ մեղմիկ օրօրուող

Հովին դէմ այդ համերգին

Բոյրը չորցած սմբուկներուն շարոցին

Կ՛աւետէր վերամուտը

Կ՛առաջնորդէր մեզ...

                             Դպրոցական առօրեային

Հայ դպրոցի ճամբուն երկայնքին

Մեր քայլերուն հետ քայլ պահող,

Յատուկ ռիթմով ընկերակից մըն էր

Հայկական մեր թաղին երկայնքով մէկ

                        պատշգամներէն կախուած թէ՝

                             բակերէն արձագանգող ա՛յդ մեղեդին...

    Այս պահուն ա՛յդ նուագն է ականջիս....

          «Տհէթ իզ սօ բօէթիք հօրքուր.......

                  շա՜տ բանաստեղծական է հօրքուր..»

                        զարմացած աչքերը կը յարէ ինծի

            կարծես զիս նոր տեսնել սկսած եղբօրս զաւակը....

Տասնամեակները ակնթարթ դարձած

                             արագ տողանցքով կը սահին կ՛երթան

Ձեռքիս՝ սմբուկը

       ականջիս է Լարային շարունակուող ձայնը-

«Եու րիլի միսս Ալէբբօ– Հօրքուր,տօնթ եու՞՞  իրաւ կարօտցած ես Հալէպը....այնպէս չէ՞»  լուռ կը նայինք իրարու.....

                       այո՛,  միեւնոյն տան մէջ ենք..  սակայն...                                     

                                       Լարան՝ Նիւ Եորք, ես Հալէպ....

Զարմինէ Գ. Պօղոսեան

20 Յուլիս,  2013- Նիւ Եորք

About HMADS Special Guests-Over the years-article and photos July 21, 2020

  «ՀՈԳՈՒ ՊԱՐՏՔՍ» ․․․ ՈՒՇԱՑՈՒՄՈՎ Զարմինէ Գ ․ Պօղոսեան Springfield , PA- July 21, 2020             Մարտի 8-ը պաշտօնապէս ճանչցուած տօ...